Բ.
[«ԱՅՆ
ՍԵՒ
ՕՐԵՐՈՒՆ…»]
/255/
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը
գրեթէ
գրականօրէն
միակ
յաջող
վկայութիւնն
է
1915–ի
աղէտէն։
Ու
է
նոյն
ատեն
Անտոնեանի
գրական
դիմագծութեան
ամենէն
անառարկելի
փաստը։
Անշուշտ
իր
բազմաթիւ
վիպակներուն
մէջ
ու
մէկէ
աւելի
վէպերուն
ընթացքին,
Արամ
Անտոնեան
պարզած
է
որոշ
ընդունակութիւններ
սեռի
մը,
որ
իրապաշտ
մեծ
ճիգէն
ետք,
ենթարկուեր
էր
մեր
հրապարակին
նուաճումներուն,
տրտմութիւններուն։
Առանց
ծանր
պարտքերու,
ինչպէս
ծանր
փառասիրութիւններու,
ան
ստորագրած
է
շատ
ու
շատ
վիպակներ,
ոմանք
դասական
նորավէպին
ծաւալովը,
ուրիշներ՝
վէպի
մը
սահմանները
քերելու
չափ
ընդարձակ։
Անոնց
մէջ
քաղաքը,
գիւղը,
Պոլիսը,
իրենց
սեպհական
գոյներովը,
տեքորովը,
մասնայատուկ
կերպարանքներովը։
Անոնց
մէջ
մարդերը,
քիչ
մը
ամէն
խաւերէ,
բայց
առաւելապէս
ծիծաղելիին
ու
սատանորդիին
զոյգ
կնիքներովը
կնքաւոր։
Անոնց
մէջ
վիպական
գործողութիւն
մը,
որ
հնարքներով
հարուստ
քալուածք
մը
ունենալուն
հակառակ,
կը
մնայ
պարզ
ու
ընթացիկ։
Ու
ոմանց
մէջ
բարքերը
միշտ
կարգ
մը
մարդոց,
որոնք
կը
տարուին
արեւմտահայ
վէպին
շատ
ախորժած
մասնայատկութիւններէն
—
առաւ–փախաւ,
փախուկ,
թեթեւսոլիկ,
հաստ
փաթրոններ,
նրբին
էֆէնտիներ,
թափանցիկ
վարդապետներ։
Ու
այս
ամէնը,
մեզի
մատուցանելու
համար
աշխոյժ,
կենդանի
ոճ
մը,
որ
երբեք
չի
յոգնեցներ,
նոյնիսկ
այն
պարագային,
ուր
1905–ի
նկարագրութիւնը
կը
գործադրէ,
պահ
մը
ընդհատելով,
այս
ու
այն
դէմքերը,
տեղերը
մեզի
ներկայացնելու
համար։
Ու
այս
մէկը
դարձեալ
նոյն
անփութութեան,
անբաւականութեան
շունչի
մը
մէջէն,
որով
անցեր
էին
իր
խմբագրական
աշխատանքները,
թերթէ
թերթ
իր
փորձերը,
լուրջն
ու
թեթեւը
իրարու
խառնելու
եւ
գրելու
արարքին
հետ
հոմանիշ
եղած
ծանրատաղտուկ
հոտը
տիրապէս
հալածելու
ախորժակներով։
Այս
ամէնը
բա՞ւ՝
որպէսզի
անոր
անունին
հետ
մեր
մտքին
ներկայանար,
գաղափարներու
հասկնալի
զուգոր/256/դութեամբ
մը,
վիպողի
պատկեր
մը,
ինչպէս
կը
զգանք,
որ
կ՚ըլլայ
ասիկա
Արփիարեանի,
Բաշալեանի,
Կամսարականի,
Սիպիլի
հետ։
—
Գրեթէ։
Կ՚ըսեմ
գրեթէ,
վասնզի
իրապաշտ
վարպետներէն
իւրաքանչիւրը,
ունենալով
հանդերձ
վերը
աչքէ
անցած
յատկանիշները,
ունի
պզտիկ
առաւելութիւն
մըն
ալ,
զոր
թէեւ
ուղղակի
դրական
շնորհներու
պարտական
չենք
մենք,
բայց
որ
մեր
ըրածը
կը
հանդիսաւորէ,
կը
լրջացնէ
ու
մեր
վերբերումներուն
կը
հայթայթէ
ժամանակէն
անդին
նայող,
անկէ
աւելի
դիմացող
վաւերագրական
տարողութիւն
մը։
Իրապաշտ
վիպակը
անշուշտ
չէ
աւելի
լաւ
գրուած
(կը
հասկնամ՝
պատմումին
կենդանութիւնը,
ոճին
սահունութիւնը,
շէնքին
կանոնաւորութիւնը,
rendu–ին
(Կամսարականինն
է
բառը)
կատարելութիւնը)
քան
1900–ի
վիպակը,
բայց
է
անկէ
աւելի,
իր
մտադրութեան,
ցանկութեան,
հաւատքին
տարողութեամբը։
Այդ
1900–ը
կը
բանայ
մեզի
շարքը
նոր
անուններու,
բոլորն
ալ
ծփուն
ընդմէջ
բանաստեղծութեան
եւ
պատմելու
փառասիրութեանց։
Ահա՛
ձեզի
մատաղ
փառքերը
Տիկին
Եսայեանի,
Միքայէլ
Կիւրճեանի,
Միքիաս
Արապեանի
(Շ.
Շաւարշ),
Ալեքսանդր
Շաքլեանի,
Օննիկ
Չիֆթէ–Սարաֆի,
Թէոդիկ
Լապչինճեանի,
Զարուհի
Գալէմքեարեանի,
տէր
եւ
տիկին
Սայապալեաններու,
Մուշեղ
վարդապետի,
Գրիգոր
Շահինեանի,
Գեղամ
Բարսեղեանի,
Արամ
Անտոնեանի
(
Մերսետէս,
Այբ
այբ,
Մարա,
Էտըլվայիս,
Արգամ,
շարունակելը
ձեզմէ։
Ինք
տեղ
մը
խոստովանած
է,
որ
քսանը
կ՚անցնի
թիւը
իր
ծածկանուններուն),
Գեղամ
Տէր
Կարապետեանի,
Թլկատինցիի,
Ռուբէն
Զարդարեանի,
յիշելու
համար
առաջին
բերումով
ստորագրութիւնները,
որոնք
թերթերն
ու
հանդէսները
կը
շքազարդէին։
Այդ
խումբէն
ոմանք
պիտի
դառնան,
միշտ
պատմումի
ճամբուն
վրայ,
ամենէն
անառարկելի
յաղթանակները
արեւմտահայ
արձակին։
Ուրիշները
պիտի
ճանչնան
ընդարձակ
ժողովրդականութիւն
ու
պիտի
ստեղծեն
հաւասար
պատրանք։
Այդ
անուններով
մեզի
հասած
վիպային
վաստակը
«
Համապատկեր
»ի
մէջ
ինկած
է
վերլուծման,
յատկանշական
անձնաւորութեանց
առիթով։
Հոգեբանական,
բարուական
վէպը
այդ
դպրոցին
յաղթանակը
կրնանք
ընդունիլ։
Տիկին
Եսայեան
եւ
Ռուբէն
Զարդարեան
չեն
կրնար
մոռցուիլ
մեր
գրականութեան
մէջ,
ո՛չ
անշուշտ
իրենց
ուժերուն
շքեղանքին
ու
փայլին
սիրոյն,
այլ
մեր
հոգիէն
ու
բարքերէն
իրենց
կատարած
աւելի
կամ
նուազ
ընդարձակ
սեւեռումներուն
սիրոյն։
Ու
հարցումը։—
Որո՞նք
են
նկարագիրները
1900–ի
վիպակին։
Ո՞ւր
փնտռել
անոր
տիրական
կերպարանքը։
Արդարեւ,
մեր
չորս-հինգ
/257/
հանդէսները,
ինչպէս
նոյն
թիւով
օրաթերթերը,
տարի
չ՚անցնիր,
որ
մէկէ
աւել
պատմողներու
անուններ
չնետեն
հրապարակ։
Ու
գաւառէն
այդ
Պոլիսին
պիտի
հասնին
երբեմն
վաւերական,
երբեմն
փոխառիկ
ստորագրումներով
պատկերներ,
ոմանք
իրենց
կրկնութիւնը
չունեցող,
ուրիշներ
ցանցառակի,
տակաւ
ամրանալու
ճակատագրով
մը։
Գաւառէն
թէ
Պոլսէն,
1900–ի
վիպակը
կենդանի
յեղում
մըն
է,
1890–ի
վիպակին
կենդանութեամբը,
բայց
կը
տառապի
ճարտարապետական
մեղքերէ։
Արձակ
քերթուածին
նանրանքը
կը
կոտրտէ
մանաւանդ
պոլսականին
spontané
առուգութիւնը։
Մանաւանդ
կիներու
գրիչին
տակ
կեանքը
—
որուն
ամենէն
աւելի
անխարդախ
ձեւը
ըլլալու
կանչուած
է
fiction-ը,
կը
ծանրաբեռնուի
այն
նրբութիւններով,
փնտռտուքներով,
իբր
թէ
հոգեկան
նուաճումներու
առաջադրող
խոյզերով
ու
կ՚ըլլայ
շտկուած
նկարագրութիւն։
Նոյնիսկ
Տիկին
Եսայեանի
այնքան
փորձ
ճաշակը,
ապահով
զգայնութիւնը
անբաւական
պիտի
գան
«
Շնորհքով
մարդիկ
»
վէպին
ճարելու
հարազատ
շնորհ։
Քնարաշունչ
պատմումներ,
վերջալուսային
ապրումներ։
Յետոյ՝
լքումի,
այսինքն
հակադիր
ճակատ
մը
պաշտպանելու
շուարանքը։
Տիկին
Եսայեանի
նորավէպերը
հազիւ
թէ
կը
կարդացուին։
Կայ,
ուրիշ
ախորժակներու
փաստ
մը
վիպակին
մէջը
1.
Չիֆթէ–Սարաֆի,
որ
1900–էն
ետք,
մինչեւ
1908,
մեծանուն,
սքանչացուած,
խնկարկուած
(եւ
որո՞նց
կողմ
է)
վիպասան
մըն
է։
Իր
«
Միամիտի
մը
արկածները
»,
հատոր
չմտած
պատմուածքները,
իրենց
վազքին
ու
ժողովրդականութեան
մէջ,
հակակշռուած
են
միայն
Յ.
Ալփիարի
յիմարութիւններէն,
որոնք
ամենէն
փնտռուած
էջերը
եղան
այդ
1900–ին։
Չիֆթէ–Սարաֆի
վէպը,
տարաշխարհիկ,
խակ,
հում,
միայն
ու
միայն
գայթակղականին
ուշադիր
իր
ձգտումներովը,
կը
վայելէր
համակրանքը
ընթերցող
հասարակութեան
մը,
որ
հազիւ
կը
յիշէր
իրապաշտ
վիպակին
առողջ
հայեցիութիւնը
(Զօհրապ
տարին
հեղ
մը
կը
զիջի
երեւալ)
ու
դժուար
կը
հանդուրժէր
Թլկատինցիի,
Մշոյ
Գեղամի
հում
վերարտադրութիւնները։
Ինչ
որ
Մերուժան
Պարսամեան
մը
համբաւի
տարաւ,
սեռային
լարին
վրայ
այդ
որձեւէգ
անունին
փորձած
յանդգնութիւնները
եղան,
ինչպէս
«
Միամիտի
մը
արկածները
»ին
մէջ
նոյն
այդ
լարին
մանրախոյզ,
ուշադիր
չափագործումը
պիտի
ըլլար
ղօղանջը
յայդ
գիրքին
վարկին։
Կը
կարդացուէին
այդ
պատմումները։
Ու
կը
պատմէին
անոնք
Արեւմուտքէն։
Անոր
հիւրանոցներէն։
Անոր
կիսաշխարհիկ
կիներէն։
Անոր
բոզանոցներէն։
Անոր
ընդերքէն։
Անտոնեանի
վիպակը
աւելի
պարկեշտ
չէ
անշուշտ։
Բայց
կը
սնանի
drôle,
peuple,
տարօրինակ
բարքերէ։
Ու
ասիկա
մի՛
մոռնաք։
Կիւրճեանի
(Միքայէլ)
/258/
վիպակը
նոյն
ախորժակները
կը
պարզէ։
Ուրեմն,
կենալու
համար
ամենէն
յատկանշական
անուններու
միջոցով
իրագործուած
արդիւնքին
դիմաց,
բաւ
է
յիշել
թերթերու,
հանդէսներու
բացառիկները,
ուր
ամէն
բանի
հետ,
մէկէ
աւելի
պատմումներ
կը
պարտադրեն
իրենց
տարօրինակութիւնը,
երբեմն
գռեհկութիւնը,
աւելի
յաճախ
բռնազբօսութիւնը,
երբեմն
պարզութիւնը,
ու
այս
հաւաստումին
տրամագծօրէն
հակադրուող
զարդամոլ,
ուռուցիկ,
նկարագրութեան
տակ
խղդուելու
չափ
ծանրաբեռն
յօրինումները։
Կը
սկսիք
ձեր
ընթերցումը,
օրինակի
համար,
Ենովք
Արմէնի
մը
վիպակէն,
որ
շէնք-շնորհք
պատկեր
մըն
է,
յաճախ
իրաւ
ալ
գոյներով,
բայց
որուն
ճակտին
գրուած
է
կարծես,
անպայմանօրէն,
քիչ-քիչ
տկարանալ,
զառածիլ։
Պատմուածքը
իր
վախճանին
մօտերը
արդէն
կատարեալ
վրիպանք
մըն
է։
1900–ի
վիպակին
կը
պատկանին,
նմուշային
հանգամանքներով
Յակոբ
Տէր
Յակոբեանի
պատմումները
(«
Ուր
խեցիներ
ժողվեցի
»),
Տիգրան
Սիւրմէյեանի
«
Էրթողրուլ
»ը,
աւելի
ուշ
Տիգրան
Չէօկիւրեանի
«
Հայրենի
ձայներ
»ը,
Միսաք
Մեծարենցի,
Գեղամ
Բարսեղեանի
քնարական
վիպակները։
Այս
ամէնուն
մէջ
Արամ
Անտոնեա՞նը։
Անշո՞ւշտ։
Ան,
բերանացի
խոստովանութեան
մը
գնով,
պիտի
անցնի
սեղանին
առջեւ
ու
թերթին
կամ
հանդէսին
պակսած
քանի
մը
սիւնակը,
խմբագրականի
մը
դիւրութեամբը,
պիտի
մրոտէ,
առանց
նիւթի,
միայն
ու
միայն
մտքին
առջեւ
ունենալով
տեղեր
մը,
մարդեր
մը։
Ու
եթէ
երբեք
Ռուբէն
Զարդարեան,
Թլկատինցի
պիտի
աշխատին
իրենց
անուններուն
նայելու
համար
դժուար
զիջուած
վարկի
մը
նուազում
կամ
տուրք,
Արամ
Անտոնեան
ատիկա
պիտի
վերագրէ
անոնց
գաւառացիութեան
ու
պիտի
շարունակէ
իր
էջերը
սեւցնել։
Այս
ամէնը
անոր
համար,
վասնզի
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը
նուաճող,
անառարկելի
յաջողութիւն
մը
չի
ներկայանար,
Անտոնեանի
դէմքը
մեր
գրականութեան
պարտադրող։
Չէ
անիկա
նոյնիսկ
«
Խղճմտանքի
ձայներ
»ը,
հակառակ
անոր
որ
աշխարհի
ամենէն
աղեխարշ
տրամայէն
պաշտպանուած
ալ
է։
Դուք
կը
համակուիք
այդ
ներքին
բարեխառնութեամբը,
առաջին
իսկ
էջերէն։
Այդ
մասին
ոչ
մէկ
առարկութիւն։
Բայց,
ըսի
վերը,
թէ
1900–ի
վիպակին
համար
այս
յաջող
սկիզբը
մենք
կը
հաստատենք
ամենէն
անյաջող
կտորներուն
ալ
վրայ։
Դուք
կը
լրջանանք
քանի
մը
էջ
կարդալէ
ետք,
ո՛չ
թէ
անոր
համար
որ
պատմումին
նիւթը
շատ
դժնդակ
ապրումներու,
շատ
սպաննող
կորանքներու
շարայարութիւն
մըն
է,
այլ՝
վասնզի
ձեզի
համար
նորութիւն
է
պատմողին
իսկ
անձը,
զոր
կը
ճանչնաք
իր
քսանի
մօտե/259/ցող
տարիներու
գրական
գործունէութեամբը,
ամենէն
յուզիչ
դրուագներն
ալ
ծաղրանկարային
ընդլայնումներու
պատրուակ
ընդունող։
Արամ
Անտոնեան
մարդ
մըն
է,
հայ
մըն
է,
տարագիր
մըն
է,
մարդոց
մէջ,
որոնք
այդ
տիպարէն
գրեթէ
ամէն
ինչ
կը
թուին
կորսնցուցած
ըլլալ,
հայերու
հետ,
որոնք
կսկծագին
իրենց
հարազատութիւնը
այդ
ամայքներուն
վրայ
ահաւոր
եռանդով
մը,
խորութեամբ
մը
դարձեալ
կը
թուին
պաշտպանել։
Ան
հազարներու
շարքին,
իր
սատանորդի
հնարիմացութեամբը
գտած
է
կերպը
ինքզինք
դիտող
աչքերէ
սրբելու
ու
այս
արարքին
իր
մէջ
արթնցուցած
սրտմութիւնը,
անկումը,
դառնութիւնը
լեղի
դեղահատներու
նման,
հոգիին
խորը
ամէն
րոպէ
ծամելու։
Ամէն
ինչ,
այդ
գետինին
վրայ,
նպաստ
մըն
էր,
իր
գրագէտի
շնորհները,
նոյնիսկ
համեստ,
փարթամօրէն
աճման
տանելու։
Բայց։
Ու…
1900–ը,
որ
այլեւս
իմ
մտքին
մէջ
գրականութեան
մէկ
դարձակէտը
կամ
նոր
ոգիի
մը
սկիզբը
չէ,
այլ
մեր
գրականութեան
վրայ
գործադրուած
վայրագ
բռնութեան
մը
խորհրդանշանը։
Ինչ
որ
1930–ի
դռներուն
պատահեցաւ
այդ
գրականութեան
մէջ,
այսինքն՝
գրագէտին
նահանջը,
ընթերցողին
ճնշումը,
թերթերուն
այդ
ճնշումին
ենթարկուիլը,
ու
մեր
գրականութեան
դադրելը
մեր
ցեղին
պատկանելէ,
անոր
ձայնը
ըլլալէ,
ըլալու
համար
այս
ու
այն
պոռնկագրին,
այս
ու
այն
հոսհոսին
քմայաստանը
—
այդ
1900–ին
ունեցաւ
իր
աւելի
տկար
մէկ
նմանութիւնը։
Բուսան,
Յովնանի
դդումներուն
արագութեամբը,
բանաստեղծներ,
վիպողներ։
Զեռունի
առատութեան
մը
հասան
դատողները,
լուսանկարողները,
վայրկենականները,
կէս–երկվայրկենականը։
Ու
այս
առատ
ու
արագ
ուռճացումին
արդիւնքը՝
մեր
վէպին
զառածումն
էր
կեանքէն։
1904–ին
«
Մասիս
»ին
մէջ
Շ.
Շաւարշ,
շնչատ
բայց
յամառ,
ի
զուր
կը
ճգնի
իրապաշտ
աւանդութիւնը
վերագտնել։
Մարդիկ
կարդացին
այդ
Անգլիա
ապաստանած
պոլսեցին,
սիրեցին
անոր
peuplé
աշխարհը
ու
աւելի
իրաւ
տիպարները,
բայց
անցան
անդին
հեշտագին
ըմբոշխնելու
համար
կիներու,
որձեւիգներու,
գոռոզ
քրմապետներու
գիշերաջան
երկունքները։
Արամ
Անտոնեան,
որ
«Սուրհանդակ»ի
մէջ
թերթօնած
է
«
Դդումի
քօղին
տակ
»ը,
անշուշտ
Քասիմի
հետ
մրցում
մը
չունէր
նկատի,
այն
Քասիմին,
որ
1900–ին
մեծատաղանդ
ու
մեծափառ
վիպասանն
էր,
ինչպէս
էր
այդ
փառքը,
տասը
տարի
ետք,
Սմբատ
Բիւրատը։
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը
իբրեւ
թեքնիք
կու
գայ
1900–էն,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
գէջ,
տղմուտ,
տրտում,
lugubre,
macabre
բաներու
շուրջ
այն
հեշտագին
ախորժանքէն,
որ
տարօրինակին,
փտածին,
faisandé–ին,
ախտավարակին
ու
ժան/260/տաջրուած
տառապանքին,
ինչպէս
վայելքին
ստորոգելիները
տուաւ։
Ասկէ
Օննիկ
Չիֆթէ–Սարաֆի
«
Միամիտի
մը
արկածներ
ը»ին
անըմբռնելի
փառքը։
Արամ
Անտոնեան
հալածած
է
անշուշտ
այդ
գիրքը,
բայց
չէ
կրցած
ինքզինք
ազատագրել
անոր
ոգիէն,
որ
մեր
գրականութեան
մթնոլորտն
է։
Դուք
պիտի
տառապիք
«
Այն
սեւ
օրերուն
»
հատորը
երբ
կը
կարդաք,
շատ
մը
տկարութիւններու
հաշւոյն։
Ատոնցմէ
ամենէն
կարեւորը
գիրքին
իսկ
յղացքն
է,
որ,
տարիներ
առաջ
անգամ
մը
վերածուեր
էր
գործի,
Ս.
Պարթեւեանի
«
Հայուհին
»
հատորին
մէջ։
Պարթեւեանի
երեւակայութիւնը,
սառնասիրտ
լրբութիւնը,
փետրաւոր
հռետորութիւնը
«
Հայուհին
»
կը
վտանգէին
իբրեւ
արուեստի
գործ
անշուշտ:
Բայց
կ՚ընէին
ատկէ
աւելին,
իր
ժողովուրդը
ամբաստանող
գրագէտի
մը
ելոյթը,
որ
կերպարանքը
կ՚առնէր
տեսակ
մը
ձրի
կշտամբանքի։
Պարթեւեանի
«
Հայուհին
»
կ՚արթնցնէ
շատ
յստակ,
ո՛չ
թէ
կարեկցութեան
զգացում
մը,
ընթերցողին
ներսը,
այլ
զայրոյթ…
հեղինակին
իսկ
դէմ։
Արամ
Անտոնեան
մօտիկն
է
մեղադրանքին։
Հատորը
կազմող
վեց
պատմուածքներուն
ալ
աշխարհը
տարագրութիւնն
է,
ասոր
մէկ
կայանը,
Եփրատի
եզերքը։
Այդ
աշխարհին
մարդերը,
առաւելապէս
կիներ,
պզտիկներ,
այդ
իսկ
պայմաններով,
ելած
են
մարդկայինին
հանգամանքներէն։
Ամիսներ,
տարի
տեւող
թափառում
մը,
թուրք
կայսրութեան
այնքան
անհրապոյր,
վայրագ
գօտիներէն
դէպի
մահուան
մեծ
հովիտը.
այդ
կիներէն
առած
է
ո՛չ
միայն
սեռը
յիշեցնող
ամէն
մանրամասնութիւն,
այլեւ
փոխած
է
անոնց
հոգին։
Հոն,
ուր
մեր
թերութիւնները,
վայրագութիւնները,
նոյնիսկ
ոճրագիծ
ախորժակները
եղել
էին
այնքան
աղաղակող,
տիրական,
Արամ
Անտոնեան
գտած
է
անառարկելի
յաջողութեամբ
համապատասխան
վկայութիւններ,
տախտակներ։
Մենք
կը
համակուինք
ամօթի
զգացումներով,
որոնք
պատմուածքին
ամէն
մէկ
էջը
կը
վերածեն
դատապարտութեան
հրովարտակի
մը։
Չեմ
ըսեր,
որ
վկայաբանութիւն
մը
ունէր
մեզի
ձգելիք
Արամ
Անտոնեան։
Չեմ
ալ
կասկածի
տակ
ձգեր
այդ
ամօթանքին
ահաւոր
ստուգութիւնը։
Մեթոտը
—
իրապաշտ
արուեստը
—
այդ
անկումներուն
գնովը
կը
ձգտի
մեր
մէջ
յուզում,
արգահատանք
արթնցնելու։
Բարեբախտութիւն
է,
որ
իր
տաղանդին
հիմնական
գիծը
—
իր
անլրջութիւնը,
ցատկոտելու
վարժութիւնը
միջամտեն
ու
մեզի
խնայեն
չարաշուք,
հաստ
գայթակղութիւնը,
որմէ
կը
տառապինք,
օրինակի
համար,
«
Հայուհին
»
հատորին
մէջ։
Ի՞նչ
ունէր
մեզի
պատմելիք
այդ
աշխարհէն
Արամ
Անտոնեան,
այս
անգամ,
ոչ
1900–ի
գրող,
այլ
իրապաշտ
վիպասան,
որ
/261/
խնամքով
կրթանքն
էր
ըրած
շարժումին,
«
Նանա
»յի
եւ
կամ
La
terre–ի
մէջ,
բայց
կարդացել
էր
Միռպօն,
Անաթոլ
Ֆրանսը,
Քուրթըլինը,
Ժիւլ
Ռընարը։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
բաւ
էր
իրեն
տառապանքը
պատկերել,
անսրբագրելի
որքան
անողոք,
որուն
մէջն
էր
խորասոյզ
ամբողջ
այդ
եղկելիներու
խաժամուժը։
Souvenirs
d՛une
maison
de
mort-ը
շատ
ծանր,
շատ
դժնդակ
գիրք
մըն
է.
գիտէ՞ք
ինչու.
—
Վասնզի
մարդկային
անասնութիւնը
կը
ձգտի
սեւեռել
երկու
երեսներուն
ալ
վրայ,
հոգիին
ինչպէս
մարմինին։
Եւ
սակայն
այդ
աշխարհը
տակաւին
կը
պատկանէր
մարդկայինին։
Դեռ
այդ
թիապարտները
իրենց
գլխուն
վերեւ
տանիք
մը,
իրենց
տակը
քար
կամ
տախտակ,
իրենց
փորին
համար
գէշ
աղէկ
հաց
մը
ունէին։
Եփրատի
եզերքը,
Աստուծոյ
կրակին
վրայ
ձգուած,
ու
թուղթի
պէս
անապահով
վրաններու
ներքեւ
պահիկ
մը
իրենց
ամօթը
պատսպարելու
համար
իսկ
հնարաւորութիւն
չունեցող
մարդեր,
մեծ
մասը
կին,
տղայ,
մի՛
մոռնաք
այս
մանրամասնութիւնը,
ո՛չ
միայն
զուրկ
էին
այդ
ամէնէն,
այլեւ
սարսափին
մէջն
էին
ամենէն
անողոք
ցաւին
—
մահուան
ցաւին,
որ
ինչպէս
շուք
մը
կը
հետեւէր
ամէն
մէկուն։
Այս
մէկ
հատիկ
երանգը
կ՚ազատագրէ
ամէն
վախէ,
վարանքէ։
Չեմ
ըսեր,
որ
քոտաք
մը
առնէր
ձեռքը
ու
թուղթին
պառկեցնէր
ի՛նչ
պատկերներ
որ
կը
թաւալէին
իր
աչքերուն։
Վտանգը,
մահուան
ցաւը
իր
ալ
շուքը
կը
հալածէր։
Մոռցած
է
իր
վիպակներուն
ու
վէպին
նախասիրութիւնները
(քանի
մը
տեղեր,
երբ
աւերակ,
բայց
տարիքին
չկոխած
կնոջ
պատկերներ
կը
յօրինէ,
պոլսական
նկարագրութիւնները
կը
բռնանան
իր
գրիչին
վրայ։
Ուրիշ
անգամ,
սարսափի
զգայութիւնները
դասաւորելու
մէջ,
կ՚ազդուի
1900–ի
մարդոց
նրբերանգներու
մոլութենէն։
Բայց
ասոնք
պատահականն
են,
կը
հալին
ընդհանուր
մռայլութեանը
մէջ
պատկերաւորումին)
ու
իր
զգայութիւնները
ջանացած
է
սեւեռել,
կարելի
պարկեշտութեամբ։
Արդ,
տպաւորապաշտ
այս
թեքնիքը
մեզ
կը
յոգնեցնէ
շատ
արագ
կերպով
մը։
Մարդերը
տարօրէն
նման
են
իրարու,
իրենց
մեղքերուն
ու
թշուառութեանց
մէջ։
Նման
են
իրարու
դարձեալ
իրենց
արտաքինին
անսեւեռելի,
աղեխարշ
գծագրութեանը
մէջ։
Մէկ
կամ
երկու
պատկերում
կը
սպառեն
այդ
եղերականին
ո՛չ
միայն
ուժը,
այլ
կ՚ընեն
աւելի
վատթար
բան
մը,
կը
ստեղծեն
անխուսափելի
միօրինակութիւնը,
երբ
կը
կրկնուին,
ու
հետեւանք՝
յոգնութիւնը։
Վիպող
տաղանդը
անբաւական
է
նման
նուաճումներու
համար,
քանի
որ
վէպին
հիմնական
հանգոյցը
իր
նորոգումն
է
եւ
մենք
կանխապէս
գիտենք,
թէ
ժանտարմայի
մը
թափթփուք
հեղինակութեան
ներքեւ
ինկած
մարդկային
այդ
խժուքը,
խժխժուքը,
խաժա/262/մուժը
շատոնց
դադրած
են
մարդկութեան
պատկանելէ
եւ
այդ
իսկ
ճակատագրով՝
անընդունակ
մեր
շահագրգռութիւնը
իրենց
վրայ
պահելու։
Արամ
Անտոնեան
խորունկ
դիտողութիւններ
ունի
արձանագրած
այդ
խառնուրդէն։
Յաճախ
կիները
կը
գտնեն,
այդքան
աւերակներուն,
աւերին
ներքեւէն
գիծեր,
որոնք
մեր
հոգիներունն
են
—
գութ,
արգահատանք,
վախ,
նախանձ,
եսակեդրոն
բնազդներ,
յուսահատութեան
ընդարձակ
փաստեր։
Այս
գիծերը
իրենց
արագ
ու
կարճ
տարազումով,
երբեմն
կը
մեղմեն
պատկերացումին
չարութիւնը,
չորութիւնը։
Երբեմն
բարքերու
հեռաւոր
փշրանքներ,
վերյիշումներու
կերպարանքով,
այդ
խառնուրդին
ընդմէջէն
կը
զատուին
ու
կ՚ըլլան
առանձին
հաստատումներ,
մանաւանդ
երբ
կը
յօրինուին
հեղինակին
երեւակայութեամբը,
որ
հնարքներով
հարուստ,
ստեղծող
զօրութիւնն
էր
այդ
խմբագրին։
Արամ
Անտոնեանին
պակսած
է
բանաստեղծականին
զգայարանքը,
այս
անգամ
այս
տարազին
ետին
ընդունելով
ո՛չ
անշուշտ
քերթուած
մը
լաստակերտելու
կարողութիւնը,
այլ
այն
միւս
հոգեվիճակը,
որ
մեզմէ
քիչերուն
է
շնորհուած։
Իրողութիւնը,
իրականութիւնը
զգալու
մասնաւոր
կերպ
մը
ասիկա,
որուն
ընդմէջէն
մենք
կը
մշուշենք
կամ
կը
բոցավառենք
արտաքին
աշխարհէն
մեզի
ասած
ամէն
տպաւորութիւն։
Ամէնուդ
ալ
պատահած
է
աչքի
առջեւ
ունենալ
դաշտանկար
մը
(ազատ
էք
բառին
ետին
տեսնելու
անով
թելադրելի
բոլոր
մանրամասնութիւնները),
կէսօրին,
իրիկուան
վրայ։
Բայց
չէք
կրնար
ուրանալ,
որ
առտուան
լոյսերուն
կամ
իրիկուան
կրակներուն
ու
մոխիրին
ընդմէջէն,
այդ
դաշտանկարը
կը
զգենու
կերպարանք
մը,
որ
չհերքելով
հանդերձ
իր
յօրինուածութեան
հիմնաւոր
հէնքը,
ձեր
հոգին
կը
տպաւորէ
բոլորովին
ուրիշ
ապրումներու
հանդէս
մը
ինչպէս։
Այս
վիճակը
ահա
իրականութիւնը
խեղաթիւրել
չի
նշանակեր,
ոչ
ալ
զայն
հռետորել։
Անիկա
իրաւ
է
միւսներուն
չափ։
Այդ
զգայարանքով
օժտուած
գրողը
արձանագրիչ
մը
չէ
զգայութիւններու։
Ան
այդ
զգայութիւնները
նոր
դրութիւններու
առաջնորդող
կախարդ
մըն
է։
Մեծ
գրագէտները
իրենց
մանկութեան
յիշատակներուն
մէջ
յաճախ
կը
պաշտպանուին
այդ
հրաշալիով։
Արամ
Անտոնեան
մինչեւ
տարագրութիւն
իր
վիպական
գործին
մէջ
պարզած
է
դիտողութիւն,
բարքերու
հանդէպ
սուր
հետաքրքրութիւն,
մարդերու
նանրամտութիւնները,
թանձրութիւնը,
իր
բառով՝
աւանակութիւնը,
ցայտեցնելու
յորդ
ընդունակութիւն,
առաւել՝
գործողութիւն
մը
վարելու
որոշ
տկարութիւն։
Այդ
բոլոր
վերագրումները,
աւելի
պարկեշտ,
ուշադիր,
խղճաբար
գրողի
մը
համար
բաւ
էին
ո՛չ
միայն
արժանիքներ
ապահովելու,
այլեւ
դրա/263/կան
գործերու
մէջ
իրենք
զիրենք
արարքի,
իրականութեան
վերածելու:
Անտոնեանի
վիպակները
կը
կարդացուին։
Ըսի
ասիկա։
Բայց
կը
կարդացուին
1900–ի
բոլոր
պատմողները,
նոյնիսկ
անտանելի
Թէոդիկը
ու
ահաւոր
Ալփիարը։
Արամ
Անտոնեան
իր
վիպակին
գործին
մէջ
փաստը
չէ
տուած
բանաստեղծականին,
աւելի
պարզ
ու
արդար
բառով
մը՝
ստեղծականին,
որով
միայն
կեանքը
կ՚արտօնուի
բարձրանալ
արուեստին։
Տարագրութիւնը
դիւցազներգակ
շունչով
մարդու
մը
գրիչին
տակ,
գէթ
իր
այն
երեսին
վրայ,
որ
նիւթն
է
կազմած
Անտոնեանի
գիրքին,
պիտի
կրնար
ազատագրուիլ
իր
անխուսափելի
տկարութիւններէն
ու
իբր
արիւնոտ
քերթուած
մը,
միայն
յուզումէն,
խորունկ
կսկիծէն,
մարդկայինէն,
տառապանքէ,
անգթութենէ,
անասնութենէ
ահաւոր
իր
վերբերումներուն
սիրոյն։
Ինչ
տրտում
փաստ՝
դիւցազներգութիւններուն
վարկը,
որ
երկար
ատեն
անկնճիռ
տիրապետած
է
միտքերու
վրայ։
Միլտոն
մը,
երբ
երկինքին
խորքերը
ճակատամարտեր
կը
սարքէ,
արարքին
անկանգնելի
կեղծիքը
կը
յաջողի
վարագուրել։
Արամ
Անտոնեան
կարիք
չունէր
ինքզինք
պաշտպանելու
քմայքէն,
հռետորութենէն,
սուտուփուտէն
(որոնք
կը
վիրաւորեն
«
Հայուհին
»),
բայց
պարտքին
տակն
էր
իր
ապրումները
տաքցնելու
այդ
ոգեղէն
հեղանուտով,
որ
մարդկայինին
պայմանն
է
ո՛չ
միայն
մեր
շուրջը,
այլեւ
մեր
վրան,
այսինքն
մեր
գիրքերուն
մէջ,
որոնք
միշտ
այդ
կեանքին
արձագանգն
են
շատ
մը
բաներ
ըլլալէ
առաջ։
Համակրութի՞ւն։
Ունէր
ան
այդ
մարդկային
խլեակներուն
վրայ։
Ու
համակրութիւնը
արուեստի
գործին
կէսն
է
ապահովաբար։
Արամ
Անտոնեան,
հակառակ
իր
վարժութիւններուն,
կը
ձգձգէ,
կը
տնտնայ,
կը
կրկնէ
թերեւս
առանց
ուզելու
եւ
գիտնալու,
կերպով
մը
տարուած
իր
աչքերուն
առջեւ
փռուող
պատկերաշարքին
ահաւոր
ընդարձակութենէն։
Արամ
Անտոնեան
չի
յիշեր
իր
ճարտար
գործաւորի,
արագ
գործող
խմբագրի
առաքինութիւնները՝
դարձեալ,
առանց
ուզելու
եւ
գիտնալու,
քանի
որ
Եփրատի
եզերքին
ան
ուրիշ
արարած
մըն
է,
այդ
հեռու
Պոլիսին
հիմնովին
օտարացած։
Իր
տեսածները,
այնքան
անժուժելի,
բնական
կեանքի
եզրերուն,
նոր
կը
դառնան
անտարազելի,
անզետեղելի
մղձաւանջներ։
Այս
դժբախտութիւնն
է
ահա,
որ
միջամտած
է
ինքնին
աշխատանքի
եւ
համ
չառնող
իր
գրողի
խղճմտանքը
քնացնելու։
Ու
արագ-արագ
թուղթին
է
նետած
իրար
հալածող
բիւրաւոր
զգայութիւններ,
չմտածելով
ասոնց
կարգ
մը
պարտադրել,
կերպարանք
մը
տալ,
տեղ
մը
երթալու
նպատակի
մը
մէջ
զանոնք
խնամել։
Ինչ
որ
մեր
ժողովուրդին
տկարութիւնները
եղան
եւ
այդ
/264/
դժոխքի
սեմին
իբրեւ
անդիմադրելի
դեւեր
մեղմ
է
դուրս
խուժեցին,
Արամ
Անտոնեան
սատիք
տաղանդով
մը
կրցած
է
սեւեռել։
Ըսել,
թէ
այդ
պայմաններուն
մէջ,
մեր
առաքինութիւնները
շատոնց
ցամքած
էին
մեր
հոգիէն,
կը
նշանակէ
մարդկային
հողին
պարզել
չափազանց։
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը
գրուած
է
անշուշտ
այդ
սեւութիւնը
հեղինակող
ոգիին
ընդդէմ։
Ու
ատիկա,
հարկ
չկայ
ըսելու,
թուրքն
է։
Եւ
սակայն
որքա՛ն
քիչ
է
այդ
երկու
հարիւր
էջնոց
տրամային
մէջ
թուրքին
տեղն
ու
բաժինը։
Քանի
մը
ժանտարմա
(«Բան
չկայ»),
արաբներ
(«Ջո՜ւր…
ջո՜ւր»…),
միւտիրը
(«Ջո՛ւր…
ջո՜ւր»…)
եւ
ընդհանուր
բարեխառնութիւնը,
մթնոլորտը
պարմանիներուն։
Ասոնք,
միւս
կողմէն,
տրուած
կարելի
ժլատութեամբ
մը,
հաւանաբար
յաճախանքին
մէջը
ջարդերգակ
գրականութեան,
որմէ
խորունկ
էր
իր
նողկանքը։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց,
ինչպէս
ըսի,
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը,
աւելի
ճիշդ
այդ
սեւ
օրերը
երկինքէն
չինկան
մեր
վրայ,
անոնք
գործն
էին
այդ
թուրքերուն։
Ու
ասոնց
պակասը
առաջին
իսկ
էջերէն,
ո՛չ
միայն
կ՚ըլլայ
զգալի,
այլեւ
կը
բռնանայ
մեր
վրայ։
Չտեսա՞ւ
ան
աւելի
անդին,
քան
այդ
կցկտուր
մարդերը։
Եւ
կամ՝
միւտիրի
մը
վրայ
դժուարութի՞ւն՝
զետեղելու
ամբողջ
թրքութիւնը,
երբ
այդպէս
կը
կողոպտէ,
կը
բռնաբարէ,
կը
սպաննէ,
ըրածէն
աստուածային
այլուրութեամբ
մը։
Այս
տարտամութեան
դէմ
սեւ
օրերուն
վաւերական
հերոսներուն,
ի՛նչ
հաստ,
իրաւ,
անջնջելի
կերպով
կենդանի,
գծուած
են
մերինները։
Աչքէդ
չեն
հեռանար
ո՛չ
միայն
մղձաւանջային
կերպարանքները
գրեթէ
մերկ,
մարդկայինէն
հիմնովին
պարպուած
կիներուն,
այլեւ
այն
միւսները,
գիշերապատ,
մեռելակիր,
վրանի
մը
տէր,
սանկ
ու
նանկ
լուղորդ,
որոնք
գծագրուած
են
ահաւոր
կարկառով
մը։
Այս
կերպարանքներուն
տակ
Արամ
Անտոնեան
կը
թուի
յագուրդ
տուած
ըլլալ
իր
macabre
բնազդներուն։
Խորունկ
տրտմութիւն,
բեկում,
կործանում
են
այդ
մարդերէն
մեզի
հասած
զգայութիւնները։
Կ՚ամչնանք
անոնց
հաշւոյն
ու
ատիկա
գրողի
մը
իրական
յաջողուածքն
է։
Դարձեալ
Անտոնեան
անհաւասարելի
կենդանութեամբ
տուած
է
մեզի
կիները,
իրենց
մայրական,
կնոջական
կերպարանքներուն
մէջ
փոխնիփոխ։
Ուշագրաւ
է,
որ
պատկերներուն
կէսը
գայ
մայրերու
տրամայէն,
մեր
գրականութեան
մէջ
pontif
դարձած
նիւթ
(Ահարոնեան,
Միքայէլ
Կիւրճեան,
Տիկին
Եսայեան,
որմէ
անտիպ
խաղ
մը,
«
Մայրերը
»,
կը
պատկանի
դարձեալ
նոյն
աշխարհին),
ու
այդ
մայրերը,
նոյնիսկ
հոն,
ուր
դադարն
է
պարտադիր՝
բոլոր
զգայական
իրողութիւններուն,
գտնեն
իրենց
տիրական,
սիրտ
բզկտող
իմաստը,
ցեղային
իրենց
խորհուրդը։
Անտոնեանի
մայրերը
/265/
աւելի
են
քան
վերը
յիշուած
աւելի
կարկառաւոր
հեղինակներէն
մեզի
հասած,
քիչիկ
մը
նոյնիսկ
պայմանադրական
կերպարանքները
եւ
կը
պահեն
ո՛չ
միայն
տիպարային
իրենց
հէնքը,
յօրինուածքը,
այլեւ
կը
բարձրանան
խորհրդանշական
կշիռի
մը։
Ի՛նչ
ողբերգութիւն
որ
մարդերու
արդէն
ամենէն
քաղցր,
խորունկ
զգացումն
իսկ,
այդ
ափունքներուն
վրայ
չիրագործէ
ինքզինք։
Մայրութիւնը
խնամքն
է,
գուրգուրանքն
է,
զաւկով
փառաւորուող,
անոր
մէջ
ինքզինք
ընկղմող
սրբազան
հպարտութիւնն
է,
զարդն
ու
համբոյրը,
սէրն
ու
երանութիւնը,
տալու
համար
վիճակին
քանի
մը
կարկառուն
ստորոգելիները
մարդոց
աշխարհին։
Եփրատի
ափունքի՞ն։
—
Այդ
կերպարանքը
հերքումն
իսկ
է
այդ
ամէնուն,
ըլլալու
համար
անտարազելի
ողբերգութիւն
մը։
Այնքան
սեւ
բաներ
է
անցած
ու
այնքան
բզկտուած
այդ
սիրտերը,
ո՞ր
հրաշքին
գնովը,
դարձեալ
վճռական
պահերու
կը
ճարեն
իրենց
աչքերէն,
անխորաչափ
իրենց
անդունդներէն
այն
արտայայտութիւնները,
որոնք
կը
նուաճեն։
Ան
ի՞նչ
յուզիչ
սպասում
է
«
Մայրերը
»
պատմուածքին
մէջ,
ջուրի
ափին
սպասող
կիներուն
մայրութեամբը
բարձրացած
իսկական
թրաժիքի,
երբ
հեռուէն
հանուելիք
դիակին
(երկուքին
ալ
զաւակները
կորսուած
են
Եփրատի
մէջ
ու
դիակ
մը
պիտի
վճռէ
ճակատագրին
վճիռը
անոնցմէ
մէկուն)
ակնկառոյց,
ամէն
մէկը
իր
հոգիին
ամենէն
խոր
դուռնէն
կը
հանէ
իր
մտքի
դաշտէն
անասելի
ապրումներու
շարք
մը։
Այդ
կիները
մեր
գրականութեան
մէջ
իրենց
նմանը
չունին
այդ
զգացական
խորութիւններէն
պատմող։
Բայց
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը
թանկագին
գիրք
մըն
է,
արեւմտահայ
գրականութեան
գրեթէ
հիմնովին
պակսող
տղու
հոգեբանութենէն
։
Այս
անզգած,
գրեթէ
ամբարիշտ,
սկեպտիկ,
մանաւանդ
հասարակաց
տառապանքէն
անբանացած
ըսուելու
չափ
կարծրացած,
հաստցած
մարդը
ո՛ր
տարօրինակութեան
գնովը
կը
յաջողի
մեզի
տալ
անմոռանալի,
անթերի,
խորունկ,
իրաւ,
տարօրէն
կենդանի
մանուկներ:
«
Բան
չկայ
»
պատմուածքը
այդ
հոգեբանութեան
գլուխ—
գործոց
մըն
է։
Փախչող
տղեկ
մըն
է,
որ
բլուրի
մը
ետին
կծկտած
կը
սպասէ
…
թուրքին։
Անտոնեան
իր
բոլոր
մեղքերը
քաշելու
բանող
յուզումով
մը
տուած
է
այդ
սպասումին
անսուտ
սարսափը։
Կը
կարդաք
ու
տղուն
սարսուռը
կ՚անցնի
թուղթին
վրայէն,
ձեր
ամենէն
կարծր
ջիղերուն
իսկ
ցանցէն
ու
կ՚իյնայ
ձեր
հոգիին
մէջ,
այլեւս
մինչեւ
գերեզման
անկէ
չհեռանալու,
չբաժնուելու,
չջնջուելու
չարաշուք
ճակատագրով
մը։
Այս
մանկային
զարհուրանքը
հարիւր
անգամ
աւելի
տպաւորիչ
է
արդէն
կեանքին
ալ
վրայ։
Բայց
զայն
պէտք
է
կարդալ
«
Պատգարակը
»
կտորին
մէջը։
Անտոնեան,
յայտնի
հակա/266/կրանքով
մը,
վրիժառու
զգացումներով
տուած
է
մեզի
մեռել
թաղողները։
Կը
հասկնամ
զինք։
Բայց
իրն
է
բացառիկ,
այս
անգամ
անհասկնալի
յաջողուածքը
մանուկի
մը
յօրինման,
որ
իր
մայրը
կը
փնտռէ,
ու
զայն
տեսնելով
մեռել
կրող
պատգարակի
մը
վրայ,
կը
նետուի
անոր
ծոցը։
Անդիմադրելի
յուզումով
մը,
զոր
1900–ի
բոլոր
մեղքերը
անբաւական
կու
գան
տկարացնելու,
մենք
կը
հետեւինք
այդ
մանուկին
ու
դիակ
մօրը
տրամային,
իրարու
ծոց,
մինչեւ
որ
մեռել
կրողները,
իրենց
ժամանակին
համար
նեղը
մնացած
—
այնքան
թաղելիքներ
կը
սպասեն
այդ
պատգարակին
—
ողջ
տղեկն
ալ
մեռելներուն
հետ
կը
հանդերձուին
տանիլ։
Սիրտ
կը
դիմանա՞ր
այս
սիրոյն
ահաւոր
պարզութեան,
խորութեան
ու
անաստուածութեան
առջեւ։
Պզտիկ
սրբագրութիւն
մը
այս
կտորը
կը
վերածէր
բոլոր
լեզուներուն
թարգմանելի
անխորտակելի
վկայութեան
մը
։
Մայրեր,
մանուկներ,
/267/
կիներ
Անտոնեանի
հատորին
ամենէն
յաջող
իրագործումներն
են,
թերեւս
անոր
համար,
որ
այնքան
անպաշտպան
են
անոնք
աղէտին
դէմ։
Անտոնեան
անոնց
վրայով
շահած
է
իրաւ
գրագէտի
իր
անվիճելի
արժանիքը։
Մենք
կը
յուզուինք
մէկէ
աւելի
անգամներ
։
Ու
հարկ
կա՞յ,
շեշտելու
տարողութիւնը
այս
փաստին,
երբ
ծանօթ
ենք
գիրքին
թաքուն
բարեխառնութեան,
որ
աժան
սանթիմանթալիզմը
չէ
անշուշտ
comédie
larmoyante–ին,
այլ
իրաւ,
ապերասան,
անգութ
պարսաւը,
լախտահարումը
մարդոց
յիմարութիւններուն,
կիրքերուն,
անկանգնելի
անկումներուն։
Մենք
կը
սարսռանք
միշտ
այդ
էջերուն
վրայ,
դարձեալ
մէկէ
աւելի
անգամներ
։
Անշուշտ
աղէտէն
հեռու,
խուլ
ապահովութեանը
մէջ
թղթեղէն
աշխարհին,
Արամ
Անտոնեան
երբեմն
կը
յաջողի
մեզի
մոռցնել
տալ
մեր
այդ
ապահովութիւնը։
Կը
/268/
ջնջուին
մեր
սենեակին
հագստաւէտ
պայմաններուն
զրահանքը
ու
կը
շինուի
անապատը,
առանց
որ
զգայինք
ատիկա։
Կը
շարժին
այդ
աւազներուն
վրայ
ստուերները
թուղթէն
յառնող
ուրուականներուն
տրոփումովը։
Կը
լարուի
տրաման,
այնքան
անաստուած
պարզութեամբ
մը,
այնքան
անոք
ձգուած
մարդերու
մարմիններուն
վրայ,
այնքան
անյոյս
հոգիներու
պուտ–պուտ
շիջումովը
պայմանաւոր։
Ասիկա
ջնջելն
է
տարբերութիւնը
գրուածին
ու
կեանքին,
գրողին
ու
կարդացողին
մէջտեղ։
Ու,
ըսեր
եմ
ուրիշ
տեղ
ալ,
չունիմ
աւելի
սուղ
արժեչափ
մը
որեւէ
գործ
գնահատելու
ատենս։
Արամ
Անտոնեան
այս
պահերը
կրնար,
պարտքին
տակն
էր
վերածելու
ամբողջութեան
։
Այսինքն
մեզի
ի
վիճակի
էր
տալու
այդ
ամէնը
այդ
պրկումին,
յուզումին,
սարսուռին
համատարր
մղձաւանջին
մէջէն։
Բայց
գրականութիւնը
կը
մօտենայ
կարելիութեանց
ու
չի
կրնար
հերքել
իրողութեանց
ծանրութիւնը։
Իրմէ
աւելի
թեթեւ,
աւելի
որոշ
բայց
տարբեր
խառնուածք
մը
կրող
Երուանդ
Օտեանը
(«
Անիծեալ
տարիներ
»)
ահաւոր
հրաման
անշուշտ
չէ
վերածած
զաւեշտախաղի
մը։
Ան
պատմած
է
Ոդիսականը
ու
այդ
պատմումի
ընթացքին
տեղտեղ
գրած
ալ
է
որոշ
փաթեթիք:
Անոր
միւս
գործերը
չեն
հասած
արուեստին։
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը
մեր
գրականութեան
մէջ
ո՛չ
միայն
ինքզինք
կը
փրկէ,
այլեւ
կ՚անցնի
անոր
յաղթանակներու
շարքին։
Չեմ
գիտեր,
շահ
մը
կա՞յ
ափսոսանքին
մէջ,
պակսածին
հաշւոյն։
Հարիւր
տարի
ետք,
անոնք
որ
ձեռք
կ՚առնեն
այդ
հատորը,
պիտի
տառապին
հոն
պարզուող
պատկերէն,
իրենց
ժողովուրդին
մէկ
պատը
այդպէս
անջինջ
սեւեռող,
թէ
ըլլան
երախտապարտ
փրկուածէն:
Իմ
մասիս,
մեր
հին
մատենագրութեան
բաւիղներէն
թափառումներում
ընթացքին,
գրեթէ
միշտ
յաճախուեր
եմ
նման
տագնապներէ։
Ի՞նչ
ահաւոր
էր
կեանքին
համապատկերը
մեր
երկրին
վրայ,
ո՛չ
միայն
ամէն
դարու,
այլեւ
ամէն
քառորդ
դարու
իսկ։
Կը
մտապատկերէի
իմ
պապերը,
իրենց
տուներուն
ու
երդերուն
վրայ
փշուր–փշուր
խորտակուած,
իրենց
ամենէն
խորունկ
յուզումները
իրենց
ներսը
սառեցուցած
ու
փոշիացած։
Ի՞նչ
էր
իմ
գտածը
այդ
ամէնէն,
եթէ
ոչ
քանի
մը
էջ
կցկտուր
քրոնիկ։
Մեր
կեանքին
ամենէն
խորունկ
մաuերուն
մեզի
պակսիլը,
մեր
դիրքերուն
մէջ,
կազմած
է
իմ
խորագոյն
ցաւը։
Արամ
Անտոնեանի
գիրքը,
հարիւր
տարի
ետքը,
շարքին
է
Լաստիվերտացիին,
Ասողիկին,
Ղեւոնդ
Երէցին,
Դարանաղեցիին,
Դաւրիժեցիին
—
գիրքեր
ասոնք,
որոնք
քիչիկ
մը
շեղիլ
են
սիրած
դասական
կարճառօտ
/269/
պատմումէն
ու
տրաման
համարձակուած
են,
միշտ
վախնիվախ,
հեռուէ
հեռու,
թելադրել
մեզի։
Այդ
անունները
լրագրութեան
մէջ
մոռցուածներ
չէին
անշուշտ։
Բայց
արեւմտահայ
գրականութիւնը
այս
ժողովուրդին
զարթօնքին,
գիտակցութեան,
գեղեցիկ
շնորհներուն
բարգավաճման,
ազգային
գաղափարին
բացուելուն
ամենէն
պայծառ
փաստերուն
շտեմարանն
է,
կը
հաւատամ,
եւ
ոչ
թէ
այս
ու
այն
պոռնկագրին,
լուսներգակին,
զեփիւռավաճառին
կամ
ժանեկաւոր
քրմուհիին
կրկէսն
ու
զարդախուցը։
Իր
բոլոր
անբաւարարութեամբը,
«
Այն
սեւ
օրերուն
»ը
բարիք
մըն
է։