Բ.
[ՏԵՂԸ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԷՋ]
/354/
Ո՞ւր
է,
տեղը,
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ,
Միքայէլ
Կիւրճեանի։
Ժամանակագրականօրէն
Կիւրճեան
կ՚իյնայ
երկու
սերունդներու
(
Արուեստագէտները
եւ
Սփիւռք
)
ամբողջ
հասակովը,
բայց
հարցը
իմ
մտքին
մէջ
ժամանակէն
անդին
հակող
տագնապի
մը
կը
վերածուի։
Յետպատերազմը
տուաւ
Շահնուրեան
քրոնիկը,
Զարեանի
սպաննող
սարքազմը
(գլխաւորաբար
«
Անցորդը
եւ
իր
ճամբան
»
տպաւորապաշտ
գործին
մէջ),
Համաստեղի
«
Խոնարհներ
»ը։
Նախապատերազմը
(1896-1915)՝
Թլկատինցիին
երգիծական
գործը,
Զարդարեանի
արձակ
քերթուածը,
Տիկին
Եսայեանի
եւ
Երուխանի
վէպն
ու
վիպակը,
Վարուժանի,
Մեծարենցի,
Թէքէեանի
քերթուածները,
Չրաքեանի
â
rebours
քրոնիկը։
Պահ
մը
զանցելով
յետպատերազմեան
կերպարանքին
մէջ,
Մ.
Կիւրճեան
մը
արժեւորելու
պատեհութիւն
մը,
կը
կենամ
նախապատերազմեան
բարեխառնութեան,
այսինքն
արուեստագէտ
սերունդին
հիմնական
կերպարանքին
առջեւ։
Ո՞ւր
է
տեղը
Միքայէլ
Կիւրճեանի։
Անո՞նց
մէջ,
որոնք
կ՚անուանուին
Մերուժան
Պարսամեան,
Ենովք
Արմէն,
Անայիս,
Զարուհի
Գալէմքեարեան,
Ե.
Գօլանճեան,
Օննիկ
Չիֆթէ-Սարաֆ,
Թէոդիկ,
Լեւոն
Ճերեճեան։
Եւ
կամ
անո՞նց
մէջ,
որոնք
կ՚անուանուին
Տիրան
Չրաքեան,
Վահան
Թէքէեան,
Սուրէն
Պարթեւեան,
Դանիէլ
Վարուժան,
Միսաք
Մեծարենց,
Զապէլ
Եսայեան,
Երուխան
։
Այս
երկու
ցանկերը
պերճախօս
են
իրենք
իրենց
մէջ
ու
կը
բացատրեն
իմ
ճշգրտաչափին
(critérium)
վարանքը։
Եւ
որպէսզի
այդ
վարանքը
ըլլայ
ամբողջութեամբ
հասկնալի,
կը
տողեմ
երրորդ
ցանկ
մը,
անուններովը
Ռ.
Որբերեանի,
Վահան
Մալէզեանի,
Գեղամ
Բարսեղեանի,
Արտաշէս
Յարութիւնեանի,
Եղիշէ
Դուրեանի,
Ռուբէն
Սեւակի,
Չէօկիւրեանի,
որոնք
իրենց
տաղանդները
կրեցին
ո՛րը
սեթեւեթով,
ո՛րը
ծանրութեամբ,
որն
ալ
անբաւական
պարզմտութեամբ։
Դնել
Միքայէլ
Կիւրճեանը
առաջին
ցանկին
մէջ,
պիտի
նշանակէր
ուրանալ
անոր
գործին
առնուազն
գրական
տարողութիւն
մը,
քանի
/355/
որ
ստոյգ
է,
թէ
Մ.
Կիւրճեանի
վիպային
վաստակը
շահ
մըն
է
արեւմտահայ
գրականութեան
ընդհանուր
արդիւնքներուն
գումարին։
Անոր
պակասը
պիտի
նշանակէր
պակաս
մը
Պոլիսի
բարեխառնութենէն,
գաղթային
հոգեբանութեան
քանի
մը
խաւերէն։
Արդ,
մենք
առանց
տոյժի
մոռցած
ենք
Ենովք
Արմէնի
«
Կինը
»,
Մերուժան
Պարսամեանի
«
Անդրանիկը
»
եւ
առաջին
ցանկէն
մեզի
բռնի
կտակուած
բոլոր
մեծադղորդ
փառքերը։
Բայց
չենք
կրնար
աննշմար
թողուլ
ո՛չ
«
Մարտիկ
Աղա
»ն,
ո՛չ
«
Սուտը
իրաւ,
խենթը՝
խելօք
»ը,
ու
նման
վիպակներէ
կազմուելիք
հատորի
մը
արժէքը։
Իր
արձակին
կարգ
մը
փնտռտուքները
(մանաւանդ
տպաւորապաշտ
էջերու
վրայ),
իր
արտայայտութեան
յանդգնութիւնները
(զուր
տեղը
չէ,
որ
մէկը
կը
համակրի
«
Ներաշխարհ»
ին),
իր
մշտական
ճիգը
պատկերուն
(imagé),
փոխաբերեալ
ոճը
գործածելու՝
իրողութիւններ
են,
անշուշտ
անհերքելի,
վտանգի
տակ
ձգելու
աստիճան
Կիւրճեանի
հմուտ
խորքին
բարիքը,
շփոթութիւն
ստեղծելով
այդ
իրողութեանց
իսկ
շուրջը
եւ
ծաղկեալ
ոճի
անիրաւ
մեղադրանքով
մը
դատապարտելու
մղող
այդ
գործին
դրական,
իրաւ
արժանիքները։
Միքայէլ
Կիւրճեան
տաղանդաւոր
գրագէտ
մըն
է,
ամէն
բանէ
առաջ։
Ու
այդ
տաղանդաւոր
գրագէտը
չեն,
առանց
տարակոյսի,
Զարուհի
Գալէմքեարեանը
եւ
կամ
Հրանդ
Նազարեանցը,
այսինքն
առաջին
ցանկին
պատուակալ
հերոսները։
Բայց
Միքայէլ
Կիւրճեանի
գործը
չի
կրնար
մեզի
թելադրել
այն
խորունկ,
անփոխարինելի
խռովքները,
որոնք
միշտ
կ՚ըլլան,
ամէն
անգամ,
որ
բանանք
Թլկատինցին,
Զարդարեանը,
Տիկին
Եսայեանը,
Վարուժանն
ու
Մեծարենցը,
Չրաքեանն
ու
Թէքէեանը։
Արդ,
վստահութեամբ
կը
յայտարարեմ,
որ
Միքայէլ
Կիւրճեան
անունին
ներսը
այս
մարդոց
քանքարին
շատ
մօտիկ,
եթէ
ոչ
հաւասար
տաղանդի
քանակ
մը
եւ
որակ
մը
ունին
գոյութիւն։
Նոյնիսկ
գրելու
հարցին
մէջ,
այսինքն
ոճային
արժանիքներու
տեսակէտով,
Կիւրճեան
գերազանց
ալ
է
Թլկատինցիէն,
որուն
համար
հայերէն
ոճ
մը,
այսինքն
գիրքերով
ուսանելի
յղկուն
շնորհներ
անգոյ
նանրութիւններու
տեղը
ունին,
Տիկին
Եսայեանէն,
որ
իր
ամենէն
միջակ
էջերը
կը
մնայ
պարտական,
երբ
կը
յիշէ
գրելու
օրէնքները,
ոճի
խաղերը,
ծաղկեալ
ոճին
համաճարակը,
1876–էն
մինչեւ
1915,
ու
ըստ
այնմ
կը
կերպարանէ
իր
զգայութիւնները։
Այս
ալ
հաստատ
իրողութիւն
մըն
է։
Աւելորդ
է
վերադառնալ
կանխող
էջերու
նկատողութեանց,
գտնելու
համար
այն
տիրական
տկարութիւնը,
որով
զարնուած
եղաւ
Միքայէլ
Կիւրճեանի
գրական
ստեղծումը,
«
անդստին
ի
տղայ
տիոց
»։
Ատիկա
իմացական
արդարանք
մըն
է
իր
մօտ,
բացի
Չրաքեանէն,
որ
գրեց
աշխարհը
/356/
զարմացնելու
տղայական
փառասիրութեամբ
ու
իր
ոճի
բնազդին
վստահեցաւ
անկէ
գրեթէ
անկախ՝
կեանք
ին
նուաճումին
սրբազան
իր
պարտքը։
Միւսները
մարդեր
են,
որ
գրեցին
դրական,
գրեթէ
օգտապաշտ
առաջադրութիւններով։
Այդ
անունները,
այդ
իսկ
ձգտումները
–
իրենց
կրցածին
սահմանին
մէջ
սպասն
էր
ասիկա
իրենց
ժողովուրդին
—
կը
ստանան
մեր
նկատառման
մէջ
լրջութեան,
յարգանքի,
երախտագիտութեան
որոշ
զեղումներ։
Գրեթէ
բոլորն
ալ
չեն
պատկանիր
սա
Սփիւռքի
դժոխքին,
բայց
ամէն
բան
արհամարհող
մեր
յոռետեսութիւնը
անկարող
է
այդ
փաղանգին
յիշատակը
ոգեկոչել
առանց
ծանր,
խորունկ
յուզումի
։
Ու
ասիկա
անոր
համար,
վասնզի
այդ
անուններուն
մեզի
կտակածը
շատ
սրբազան
աւանդ
մըն
է,
իրենցմէ
հարիւր
անգամ
մեծ,
մեր
ժողովուրդին
հոգիին
կերպարանքը։
Անհաւասար
գիրք
մըն
է
«
Ցայգալոյս
»ը,
կ՚ընդունիմ։
Բայց
իմ
ինչո՛ւն
պէտք
զայն
լեցնող
բանաստեղծական
արձակներուն
թխածոյ
բեռը։
Ես
կը
կարդամ
այդ
էջերը
(«
Եօթը
երգիչներ
»,
«
Ով
որ
սուլթան
մը
ունի
իր
հոգիին
մէջ
»,
«
Գամփռը
»,
յեղափոխաշունչ
խմբագրականները,
հանդիսականները),
զետեղելով
անոնց
հեղինակը
իր
սերունդին
տրտմութեանց
մէջ
ու
կ՚անցնիմ
իմ
հիացումը,
անսահման
երախտագիտութիւնը
հասուն
պտուղի
մը
պէս
իմ
ներսս
ապրեցնելու
այն
ուրիշ
կտորներու
սիրոյն,
որոնք
այդ
գիրքին
մէջն
են
նորէն
եւ
կը
կոչուին
«
Վա՜խ,
ես
մեռնէի
»,
«
Տան
սէրը
»,
«
Տղու
մը
պատմութիւնը
»,
«
Սեւ
հաւը
կանչեց
»։
Վերցուցէ՛ք
այս
կտորները
արեւմտահայ
գրականութենէն,
դուք
վերցուցած
կըլլաք
մէկ
երեսը
հայ
հոգիին։
Վերցուցէ՛ք
վերը
յիշուած
կտորները,
միշտ
արեւմտահայ
գրականութենէն,
դուք
հաճելի
արձակներ
միայն
տուած
կ՚ըլլաք
կրակին
եւ
ոչ
թէ
իմ
ժողովուրդի
հոգիէն
վկայութիւններ։
Այս
փորձը
կիրարկելի
է
Մ.
Կիւրճեանի
սերունդի
մեծերուն
բոլորին
համար
ալ։
Այսինքն
այդ
երէցները
իրենց
տկարութիւնները
լայնօրէն
կը
/357/
գնեն
իրենց
շքեղ
իրագործումներուն
բարիքովը։
Ու
հիմա
հարցը
մասնաւորեցէ՛ք
Կիւրճեանի
վաստակին
վրայ։
Տիրական
անբաւականութիւն
մը
«
Մարտիկ
Աղա
»ն
կը
պահէ
մինչեւ
այսօր
իր
կնիքին
տակ
(վէպին
ամբողջական
հրատարակութիւնը
բան
մը
պիտի
փոխէ՞ր
այս
վճիռէն։
Յետպատերազմի
վերահրատարակեալ
«
Ամիրային
աղջիկը
»,
«
Վարժապետին
աղջիկը
»
ու
այս
գիրքերը
պաշտպանեցին
իրենց
վարկը։
Կու
տային
մեր
բարքերը,
շրջան
մը,
բարեխառնութիւն
մը)։
Հազուադէպ
տիպարներ
էին
իր
վիպակներուն
անձնաւորութիւնները,
այսօր
հիմնովին
անհետացած
Սփիւռքի
հոգեդաշտէն։
Հաւաքեցէ՛ք
այդ
մարդերը
հատորի
մը
տակ։
Թերեւս
դուք
կունենաք
հաճելի
ընթերցումի
ընթացիկ
առիթներ
նման
հատորէ
մը,
բայց
երբե՛ք՝
փառքն
ու
բարիքը
«
Գիւղը
»,
«
Անձրեւ
»ը
գիրքերուն։
Ի՞նչն
է
հեղինակը
սա
տարօրինակութեան։
Ապահովաբար
ո՛չ
տաղանդը
կամ
գրական
ընդունակութիւնները
(Մ.
Կիւրճեան
աւելի
լաւ
պատրաստուած
գրագէտ
մըն
է
քան
Համաստեղը),
այլ
Կիւրճեանի
իսկ
հոգեխառնութիւնը։
Անոր
հոգեկան
դրութիւնը
լայն
չափով
կազմուած
է
հրապարակային
փառասիրութենէ
մը։
Սնամիտ
մը
չէր
անշուշտ
«
Մարտիկ
Աղա
»յի
ծաղրանկարիչը,
բայց
ծաղրանկարիչ
մըն
էր։
Ու
կեանքը
խեղաթիւրելը
մենք
չենք
կրնար
գործադրել
անպատիժ։
«
Ազգային
ջոջեր
»ը,
«
Մեծապատիւ
մուրացկաններ
»ը,
«
Փանջունին
»
ծաղրանկար
էին
սակայն։
Միքայէլ
Կիւրճեան
խնդացած
է
մեր
կեանքին
վրայ,
գրեթէ
չարութեամբ,
եթէ
ներուի
այս
երանգը
մտածելու։
Ու
համակրանքը,
ըսի
վերը,
գրագէտը
պաշտպանող
սրբազան
աւիշ
մըն
է։
Անցեր
է
կէս
դար,
«
Մարտիկ
Աղա
»յի
յիմարները
կը
մնան
յիմարներ,
իրենց
շրջանային,
տիպարային
մանրամասնութեանց
հանդէսը
կրելով,
բայց
վարարած,
առանց
կեանքի:
Այդ
տիպարներուն
երկարաձգումները
կը
կազմեն
իր
վիպակներուն
անձնաւորութիւնները,
անշուշտ
աւելի
տաքուկ,
աւելի
պարզ
—
տարբեր
հոգիով
մը
տոգորուն։
Բայց
դարձեալ
կը
կրեն
զիրենք
հեղինակողին
չարութիւնը,
ուրիշի
հաշւոյն
խնդացող
մարդու
քիչ
ազնուութիւնները։
Յետոյ,
այդ
մարդերը,
ըսի
անգամ
մը,
հատուածական
կողմերու
վրայ
կը
բացուին
ու
մշակուած
են
այդ
կողմերուն
հաշւոյն։
Իր
որեւէ
մէկ
կտորին
համար
Մ.
Կիւրճեան
ինքզինք
չէ
լրջացուցած,
իր
խորագոյն
անձնաւորութեան
անարժան
համարելով
նման
հանդերձում
մը։
Նոյնիսկ
այն
պարագային,
երբ
հանդէս
մը
ունէր
վարելիք,
ան
չէ
հրաժարած
իր
սկեպտութենէն,
չըսելու
համար
ծաղրածու
ու
խայթող,
խածան
հոգեխառնութենէն։
Այս
նկատողութիւնները՝
որպէսզի
մօտենան
այս
մարդուն
ընթացիկ
վաստակը
եւ
իրաւ
տաղանդը
մեր
/358/
պայմաններուն։
Դժուար
պիտի
համոզուինք,
որ
տաղանդ
ու
աշխատանք
քով
քովի
ապրին
մօտ
յիսուն
տարի
եւ
մնան
անկարող
մեզի
պարտադրելու
գրագէտի
պայծառ
վարկ
մը,
դէմք
մը։
Բայց
աւելի
քան
իրաւ
է,
որ
իր
սերունդին
մեծերուն
մօտ
իր
անունը
պիտի
ստեղծէր
տհաճութիւններ։
Պիտի
չբողոքէին
անշուշտ
այդ
իրաւ
մարդերը
իր
ներկայութեան,
բայց
պիտի
ըլլային
քիչիկ
մը
շուարուն
երբ
ինքզինք,
իր
գործը,
իր
ընկերութիւնը
լայնօրէն
ու
որոշ
անգթութեամբ
ծաղրող,
ծաղրանկարող
այս
գրագէտին
վաստակը
դրուէր
մօտիկը
իրենց
վաստակին.
երբե՜ք,
գրեթէ
իրենց
ազնուագոյնը
տրամադրած
իրենց
երկերուն,
իրենց
լաւ
գործը
վատնած
անոնց
բարւոք
տնտեսումին
ու
մանաւանդ
հաւատացա՜ծ
իրենց
ըրածին,
նոյնիսկ
ծիծաղելի
ըլլալու
գնով։
Չէ՛։
Միքայէլ
Կիւրճեան
չի
կրնար
առանց
նեղելու
եւ
նեղուելու
իր
տեղը
ունենալ
մեծերու
փաղանգին
մէջ։
Կը
մնայ
զայն
արժեւորել
երրորդ
ցանկին
վրայ։
Հոս
ալ
իր
տաղանդը,
իր
արուեստը,
իր
գրագէտի
պատրաստութիւնը
կ՚առաւելուն
քան
Որբերեանինը,
Մալէզեանինը,
Սեւակինը,
յիշելու
համար
քանի
մը
իրաւ
անուններ։
Երրորդ
ցանկէն
արեւմտահայ
գրականութիւնը
թէ՛
անուն,
թէ
գործ
ունի
ժառանգած։
Բայց
ահա՛
տարօրինակը։
Մալէզեանի
մը
«
Տարագրի
մը
յուշատետրը
»
գրեթէ
կեղծ
գիրք
մըն
է,
հակառակ
խորքին
բոլոր
արժանաւորութեան։
Ասիկա
անոր
համար,
որ
Վահան
Մալէզեան,
Կիւրճեանի
նման,
փոխադրեալ
մըն
է
Եգիպտոս,
ու
ստիպուած
իր
անձէն
ճարելու
գործ
մը,
որուն
տնկարանը
անհարազատ
էր
Նեղոսի
ափերուն։
Ուրիշ
վրիպանք՝
«
Ծփանքներ
»ը,
գրուած
աւելի
ծանր
արեւներու
ներքեւ
(Ճիպութի)։
Այսինքն
Որբերեանն
ալ
ստիպուած
էր
իր
անձէն
ճարելու
անանձն
գործ
մը։
Միքայէլ
Կիւրճեան
երկուքէն
ալ
բախտաւոր
է
իր
գործին
այն
մասին
մէջ,
ուր
յուշերը,
կարօտները,
պատանութեան
խոր
ապրումները
երբեմն
կը
բաւեն
հաստատ
յատակ
մը
հայթայթելու,
բայց
չեն
բաւեր
շէնք
մը
վեր
բռնելու։
Ինչ
որ
կը
պակսի
այդ
գործին
տիրական
նկարագրին,
ատիկա
այն
կնիքն
է,
զոր
մեր
տաղանդէն
անկախաբար
մեր
բարեկամեցողութիւնը,
երբեմն
համեստութիւնը,
աւելի
յաճախ
հաւատքը
կը
հայթայթեն
անոր։
Մ.
Կիւրճեան
չի
հաւատար
իր
ըրածին։
Ու
որքան
ալ
հարուստ
ըլլան
մեր
միջոցները,
անոնք
չեն
կրնար
հաւատքի
պակաս
մը
չէզոքացնել։
Քաջութիւն,
յարատեւութիւն,
ինքնազոհութիւն,
բառեր
են,
որոնք
կրնան
վերածուիլ
միակ
տարազի
մը
—
ՆԿԱՐԱԳԻՐ:
Մ.
Կիւրճեան
աննահանջ
պայքարող
մըն
էր
ու
մնաց
այդպէս,
քաղաքական
հոսանքներու
դիմաց,
պահելով
անողոք
արհամարհանք
մը։
Պատիւ
իրեն,
ո՛չ
անշուշտ
այդ
արհամարհանքին
/359/
համար,
այլ
կեցուածք
մը
որդեգրել
կրնալու
արարքին
համար։
Իր
քաջութիւնը
անցած
է
բազմաթիւ
վտանգաւոր
փորձերէ,
փորձանքներէ
(իր
կեղծանունները
առժամեայ
զրահներ
չե՞ն
արդէն,
այդ
վտանգները
չէզոքացնելու
ձգտող),
բայց
չէ
վերածուած
այն
պայծառ
ու
հանդարտ
կորովին,
որուն
հաստատումը
կ՚ընեմ
իր
սերունդին
բոլոր
մեծերուն
վրայ,
ձախ
թէ
աջ,
նոյնն
է
պարագան։
Յիսունի
կը
մօտենան
տարիները,
որոնց
մէջ
ան
չէ
հրաժարած
իր
գրիչէն։
Յարատեւութեան
աւելի
յստակ
փա՞ստ։
Չեմ
գիտեր,
թէ
բացի
«
Շիրակ
»ի
խմբագրումին
տարապարհակէն,
Մ.
Կիւրճեան
եղա՞ծ
է
հոգեբանութեան
մը
մէջ,
որ
իրեն
ընէր
եթէ
ոչ
սիրելի,
գէթ
տանելի՝
այս
ու
այն
թերթին
մէջ,
այս
ու
այն
հարցին
շուրջ,
իր
քանի
մը
գիշերները
սպառող
գործօնութիւն
մը։
Ատիկա
պիտի
նշանակէր
իր
հանգիստէն
բան
մը
զոհել
յօժարիլ։
Կուսակցական
աշխատանքը,
ազգային
կեանքին
պատուակալ
պաշտօնավարութիւնը
չունիմ
նկատի,
երբ
հանրային
խորունկ
սպասի
մը
ջերմութիւնը,
խուլ
գրգիռը
կը
փնտռեմ
անոր
գործին
ներսերը։
Մ.
Կիւրճեան
իր
տաղանդին
զոհն
է
ամէն
պարագայի։
Ու
դեռ
չեմ
ալ
կարող
արժեւորել
ինք
իրեն
համար։
Կան
մարդեր,
իրաւ
ու
մեծ
տաղանդ,
որոնք
իրենց
շրջանը
կը
դիտեն
անզգամ
պայծառատեսութեամբ
մը,
զայն
կը
չափեն
անվրէպ
հաշիւներով,
ու
կը
քաշուին
իրենց
առանձնարանը,
չըսելու
համար
փղոսկրեայ
աշտարակը,
ու
իրենց
գոհացումին,
թերեւս
քիչիկ
մըն
ալ
ապագային
վրայ
շահադիտելու
սիրոյն,
կ՚երկնեն
գործ
մը,
որ
կ՚անցնի
իրենց
ժամանակը։
Այսպէս
է
ըրած
մեր
մէջ
Տիրան
Չրաքեան,
իր
«
Ներաշխարհ
»ին
համար։
Բայց
այդ
գիրքին
հեղինակն
ալ
վարակուած
էր
լրագրականէն:
Ու
Չրաքեանի
վաստակը
տառապած
է
այդ
հետաքրքրութիւններով։
Հաւաքեցէ՛ք
Մ.
Կիւրճեանի
արձակ
քերթուածները:
Զանոնք
կարդալ,
1950–ին,
հաւասար
տառապանք
մը
պիտի
ըլլար
անոր,
զոր
կը
զգանք
այսօր
առհասարակ
1900–ի
դպրոցէն
մեզի
հասած
նոյն
սեռէ
կտորներու
ընթերցման
մէջ։
Հաւաքեցէ՛ք
բոլոր
քրոնիկները,
յաւակնոտներն
ու
պարզերը,
բառակուտային
յարդարանքով
(«Թնդա…նօթ»
վերտառութեամբ
«
Հոսանք
»ի
մէջ
բազմաթիւ
էջեր)
եւ
կամ
կուսակցական
զայրոյթէ
բխած
կծու,
չար
խորքով,
դուք
պիտի
ունենաք
գիրք
մը,
ուր
ամէն
էջի
շփումի
մէջ
էք
տաղանդին
հետ,
բայց
ամէն
էջի
չէք
տոգորուիր
հաստատ
հաճոյքովը
գրական
ապրումին,
որ
գիրէն
անդին
է։
Լաւ
գրուա՞ծ
։—
Այո՛։
Աշխոյժ
ո՞ճ։
—
Այո՛։
Որոշ
սրամտութեա՞մբ։
—
Անտարակոյս։
Որոշ
ջերմութեա՞մբ։
—
Այո՛։
Բայց
երբ
աւարտէք
այդ
քրոնիկներուն
ընթերցումը,
ուրիշ
խօսքով՝
երբ
գոցէք
գիրքը
եւ
ուզէք
վերակազ/360/մել
հոն
բիւրեղացած
կեանքին
տիրական
գիծերը,
պիտի
նեղուիք
անոր
անկարելիութենէն։
Արդ,
ձեզի
կ՚առաջարկեմ
նման
փորձ
մը
Արփիարեանի,
Հրանդի,
Սարգիս
Մինասեանի,
Տիգրան
Արփիարեանի,
Զօհրապի,
նոյնիսկ
Արամ
Անտոնեանի
լրագրական
յօդուածներուն
համար
(քրոնիկի
սեռէն)։
Դուք
պիտի
չփնտռէք
աւելին։
Այն
ատեն
կը
ծագի
հիմնական
տարակոյսը։
—
Ինչո՞ւ
այնքան
օժտուած
գրողէ
մը,
ինչպէս
է
առանց
տարակոյսի
Մ.
Կիւրճեանը,
մեր
գրականութիւնը
չըլլայ
ժառանգած
հաւասար
տարողութեամբ
վկայութիւններու
շարք
մը
(քրոնիկ
մը
ժամանակէ
մը
վկայութիւն
մըն
է։
Առանց
յաւակնութեան
երբ
գրուի,
կ՚ըլլայ
մարդկային
դոկումենտ
մը)։
Միքայէլ
Կիւրճեան,
Լեւոն
Բաշալեանի
նման,
ի
վիճակի
էր
իր
էջերէն
հատորներ
կազմելու։
Ան
շատ
լաւ
գիտէր,
որ
ազգային
բարերարները
գիրք
մեկենասելու
համար
տրտում
վկայականներ
կը
փնտռեն։
Ան
շատ
լաւ
գիտէր,
որ
մեծ
Արփիարեանի
քրոնիկները
դաշտի
երեսին
անթաղ
դիակներու
նման
պիտի
սպասեն
բարեպաշտ
ձեռքի
մը
ու
խելացի
հոգիի
մը,
արժանանալու
համար
շիրիմի
մը
հանգիստին։
Մ.
Կիւրճեան,
կ՚ենթադրեմ,
տրտում
ու
յոգնած,
իր
աշխատանոցին
առանձնութեան
մէջ,
երբեմն
կ՚իջնէ
իր
երիտասարդութեան
հերոսական
օրերուն,
կ՚ոգեկոչէ
այդ
շրջանը
ոգեւորող
քրոնիկները,
այդ
մարդերը
լեցնող
խռովքները,
յիմար–իմաստուն
փաղանգը
իր
ընկերներուն,
գրող,
ուսուցիչ,
հանրային
գործիչ,
յեղափոխական,
կարճ՝
իր
ժողովուրդը,
որ
պատրանքէ
պատրանք,
կսկիծէ
կսկիծ,
կիրքէ
կիրք,
պիտի
ընէ
իր
ճամբան,
հազար
ու
մէկ
արգելքներու
ընդմէջէն։
Մ.
Կիւրճեան,
միշտ
կ՚ենթադրեմ,
իր
քրոնիկները,
վիպակներուն
եւ
վէպին
անձնաւորութիւնները
պիտի
վերածէ
իրենց
իրական
կերպարանքներուն,
պիտի
վերագտնէ
ամբողջ
յոյզերը,
որոնք
թուղթին
անցան
ու
կը
մնան
այնքան
քիչ,
այնքան
անբաւական՝
իր
այդ
օրերը
թելադրելու
իրեն,
ու
հանգիտօրէն
նաեւ՝
մեզի։
Ու
պիտի
ափսոսայ։
Պիտի
ափսոսայ,
վասնզի
սա
տժգունութիւնը,
կեանքի
նիհարութիւնը,
համակրանքէ
ժլատ
կեցուածքը,
դարձեալ
կ՚ենթադրեմ,
իր
ուղեղովը,
իր
թաքուն
մեղսակցութեամբը
ճարտարապետած
է
ան։
Տիգրան
Կամսարական,
1938–ին,
այսինքն
եօթանասունէն
անդին
ինծի
գրած
է
այս
վիճակէն
շատ
յատկանշական
խոստովանութիւն
մը։
Ասոր
ու
անոր
պնդումներուն
վրայ,
ան
յօժարած
է
իր
գործը
վերհրատարակել՝
ընտրովի
հատուածներէ
ծաղկաքաղի
ձեւին
տակ։
Նման
փորձ
մը
այդ
մարդուն
ողջ–ողջ
կործանումը
պիտի
նշանակէր։
Թելադրեցի
իրեն
ամբողջական
հրատարա
/361/
կութիւն
մը
։
Կամսարական
խնամքով
պատած
էր
իր
գրիչէն
ինկած
ամէն
փշրանք,
իր
զանազան
կերպարանքներուն
տակ
(յիշեցի
«
Ջրհանի
մը
պատմութիւնը
»)։
Ան,
ընթացք
տալու
համար
իմ
պահանջին,
խոստացաւ
վերադարձին
աչքէ
անցընել
յիսուն
տարիներու
վրայ
տարտղնուած
իր
գործը։
Ու
ինծի
գրեց,
որ
կը
ցաւէր
որ
պիտի
չկրնար
գոհացում
տալ
իմ
խնդրանքիս։
Կը
ցաւէր,
որ
իր
ակօսը
քիչ
մը
աւելի
խորունկ
չէր
քաշած
մեր
կեանքի
դաշտերէն:
Արդ,
տարբե՞ր՝
պարագան
Մ.
Կիւրճեանի։
Չեմ
ճանչնար
զինքը։
Ունի՞
այս
ամէն
բանի
վրայ
խնդացող
ու
ինքզինք
կիրքէ
զերծ
նկատող
գրագէտը
միտքի
սա
համեստ
պայծառութիւնը,
որ
պիտի
ափսոսայ
իր
յիշատակներուն
տժգունութեանը
վրայ։
«ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ»ի
հեղինակը
շատ
քիչ
գրողի
համար
ունեցած
է
սա
վարանքը։
Վարանքը՝
ինքզինք
չիրագործած
տաղանդ
մը
արժեւորելու
վայելչօրէն
(duement),
ինչպէս
կ՚ըսեն
պարտ
ու
պատշաճին
նախանձախնդիր
մարդեր։
Հասած
եմ
այս
ուսումնասիրութեան
վախճանին
ու
ինքզինքս
կը
զգամ
մուտքի
տագնապին
մէջ։
Ինչո՞ւ
ինծի
չի
տրուիր
գեղեցիկ
պատեհութիւնը
իրաւ,
եթէ
ոչ
մեծ
վէպ
մը,
իրաւ,
եթէ
ոչ
մեծ
թատրերգութիւն
մը
ողջունելու
Մ.
Կիւրճեանի
մեզի
ձգած
ստեղծագործութեանց
մէջ։
Ինչո՞ւ
իր
քրոնիկները
չըլլային
տիրական
վկայութիւններ
իր
կէս
դարէն։
Ինչո՞ւ
իր
դատումները
մնային
այնքան
chiche,
կծծի,
քաշքշուքի
մօտիկ
կսմիթներ։
Ինչո՞ւ
իր
գրագէտի
դէմքը
ես
դժուարանայի
մօտիկը
դնել
իր
տաղանդին
համազօր
ուրիշներու։
Ու
դուք
գիտէք
այդ
անունները։
Ինչո՞ւ։
Ինչո՞ւ։