Բ.
ԳՐԱԿԱՆ
ՀՈԳԵԽԱՌՆՈՒԹԻՒՆ
/438/
Կա՞յ,
Վահան
Թէքէեան
անունին
հետ
շաղախուած,
գաղիացիք
կ՚ըսեն
connexe
յղացք
մը,
հասկացողութիւն
մը,
անմիջական՝
այսինքն
ուղղակի
թափանցուն
խորհուրդի
մը,
տարածուն՝
այսինքն
զանգուածներուն
իջած
իմաստի
մը,
զգայութեանց
անառարկելի
հանդէսի
մը
վերածուող
ապրումներու
գումար
մը,
որոնք
բխին,
աւելի
կամ՝
նուազ
բայց
միշտ
իրաւ
խռովքէ
մը
ջղային
դրութեան,
խառնուածքի,
բիւրեղացած
ու
ասով
վերջնական,
խօսէին
լրջութեամբ
ընդառաջուած,
կրուած,
ու
իր
աւարտին
տարուած
գործօնութենէ
մը,
միտքերը
իրարու
հանգուցող,
ըլլային
թելադիր
լման
կեանքի
մը
ակօսովը
քալած,
զարգացած
պայքարներէ,
մանաւանդ
տառապահար,
կիզուած,
իրենք
իրենցմէ
այլացած
զգայարանքներու
ծորումները
իբրեւ,
ըլլային
ստացած
իրենց
ա՛լ
անվերածելի
կերպարանքը,
դրութիւնը
ու
իրենց
կարգին,
սա
օրերուն
ալ
դառնային
ընդունակ
նորոգելու,
թարմացնելու,
խռովելու
ընդարձակ
զգայնութիւններ,
ինչպէս
իրականութիւն
էր
ատիկա,
Վահան
Թէքէեանի
երիտասարդութեան
օրերուն։
Վահան
Թէքէեան
խորհրդանշական
քերթո՞ղ
մը,
«
Հայերգութենէն
»
ետք,
կամ
հասա՞ծ՝
հաւասարակշիռ
ո՛չ
թէ
փառքի,
այլ
գոյութեան
մը,
Սփիւռքի
վերեւ,
ինչպէս
այդ
հաւասարակշռութիւնը
իրականութիւն
էր
մեր
պատանութեան,
օրինակի
համար
Պէշիկթաշլեանի
համար։
Ահա՛,
պարզագոյն
ձեւի
մը
տակ,
այս
ուսումնասիրութեան
թելադիր
մտածումը։
Գիտնալու
էք
հարկաւ,
որ
մաշումը
մարդկային
է,
ամէն
երեսի
համար։
Ու
կը
մաշին
քերթուածները
երբեմն
մարդերէն
ալ
արագ։
Ան,
որ
այսօր
կը
կարդայ
«
Գեղօն
Սօսեաց
անտառին
»ը,
գրուած
շրջանի
մը,
ուր
մեր
օրերէն
հիմնովին
տարբեր
հոգեբանութիւն
մը
կը
համակէր
մեր
ժողովուրդին
զաւակները՝
ո՛ւր
ալ
ըլլային,
ի՛նչ
զգացման
ու
զարգացման
ալ
տիրացած,
կը
համակուի՞,
իր
կարգին,
չեմ
ըսեր
մեր,
այդ
քերթուածով
մեզի
մատուցուած
զգայնութեամբ,
թէ
ինքզինք
կը
գտնէ
գրական
հոգեխառնութեան
մը
մէջ,
շատ
մօ/439/տիկը
այն
մտավիճակին,
որով
տոգորուած
էին
այս
դարուն
սկիզբը
1870–ի
ուսուցիչները
երբ
կ՚ոգեկոչէին
Հիւրմիւզներու,
Բագրատունիներու
գրաբար
քերթողութեան
հեշտանքները,
առանց
անդրադառնալու,
որ
այդ
հիացումները
չէին
անցներ
զիրենք
մտիկ
ընող
տղոց…։
Բայց
իրականութիւն
է,
որ
յիշուած
բանաստեղծութիւնը
չի
գար
ո՛չ
«
Հայկ
Դիւցազն
»էն,
ո՛չ
«
Բուրաստանք
Վրուրի
Որմզդանայ
»
կոչուած
մեծափառ
գիրքէ
մը,
այլ
մեր
անմիջական,
բացարձակ
ապրումէն։
Հիմա
տարտղնուած
երազ,
որով
գուցէ
անընդունակ՝
ծանր
յոյզերը
թելադրելու
զինք
սեւեռողին,
այդ
քերթուածը,
մօտ
յիսուն
տարի
առաջ
ծնունդ
մըն
էր
այս
ժողովուրդին
սիրտէն,
որուն
բոլոր
զաւակները
սպասեր
են
հոն
խորհրդաշնչուած
«իշխան»ին,
անունէն
ու
կերպարանքէն
անյայտ,
բայց
խորքով
այնքան
մեզամօտ,
ընտանի,
իրաւ։
Դարասկիզբի
սա
կրակը,
սա
բարձրորակ
տագնապը
մեր
արեան
ու
իմացականութեան,
մեր
բոլոր
յուսախաբութիւններուն
չոր
մոխիրովը
պսակաւո՜ր,
այդ
քերթուածին
այլեւս
չեն
ընծայեր
առօրեայ,
ընթացիկ,
այժմէական
շահեկանութիւն
մը։
Համաձայն
եմ,
որ
օտար
կրթութենէ
անցնող
մը
համակրի
այդ
քերթուածը
յօրինող
թեքնիքին,
բայց
չհասնի
զայն
լեցնող
խորհուրդին։
Եւ
սակայն,
պարզ
ընթերցող
մը
եթէ
հասարակ
փղշտացի
մը
չէ,
այնքան
առատ
ապրանք
մեր
օրերուն,
կը
խորհիմ,
թէ
պիտի
տարուի
դարձեալ,
այս
անգամ
տարբեր
մղումով
մը
ընդքարշուած,
դէպի
անբացատրելի
այն
խռովքները,
որոնք
չեն
կրնար
իբրեւ
հայ,
իրը
չըլլալ,
Սփիւռքի
որեւէ
անկիւնին,
խռովքներ՝
նուրբ
կամ
թանձր,
փոքր
կամ
ծաւալուն,
որոնք
կը
բուսնին
իր
ներսը,
երբեմն
բոլորովին
անկախ,
կանչուած
կարծես
ծանր,
մթին
ձայներէ,
երբ
կը
կենայ,
մտամոլոր,
նեղսիրտ՝
ամայքի
մը
տառապանքին
դիմաց,
որ
կ՚աստղանայ
կործանած
քաղաքի
մը
մտատեսիլ
աւերակին
վրայ,
կամ
կը
հետեւի
քալուածքին
պարմանի
մը,
անհոգ,
անգիտակ
իր
քայլերէն
ծորող
նոյնքան
ծանր,
մթին
յոյզերու
ուրուածածան
պատանքի
մը։
Բանաստեղծական
ապրումը
բարեբախտաբար
կը
խուսափի
գրագիտական
կանոններուն
սնոտիքէն։
«
Գեղօն
Սօսեաց
անտառին
»ը
պատմութիւն
ալ
չէ։
Ի՞նչ
ուրեմն։
Այսինքն
ինչպէ՞ս
է
ճարուած
այդ
քսան-երեսուն
տողերուն
ներսը
պահունի,
սրտառուչ
համը,
որ
ահա
կը
դիմանայ
խորքին,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
ասոր
վատասերումէն
շատ
աւելի
անդին։
Պէտք
չկայ
օտար
միջնակարգ
կրթութենէ
մը
ըլլալ
անցած
այդ
պահունին
վայելել
կարենալու
համար։
Իրաւ
բանաստեղծութիւնը,
իրաւ
յուզումը
հաղորդական
է
առանց
միջնորդի,
որ
հոս
կը
թարգմանուի
տաղաչափութիւն
եւ
իր
կշիռը։
Իրաւ
բանաստեղ/440/ծութեան
մը
խորքին
կորանքը
յաճախ
անբաւական
մնաց
զայն
կործանելու։
Ինչ
որ,
նիւթի
կարգին
(ordre
matériel)
անհնար
է
իրագործել,
ոգեկանի
կարգին
(ordre
spirituel)
կը
մնայ
նուաճելի։
Ո՛չ
մէկ
միջոց`
երիտասարդ
աղջիկէ
մը,
պահել
կրնալու
իր
շէնքին
փարթամ,
սրտառուչ
քերթուածը։
Դրէ՛ք
այդ
քերթուածին
վրայ
անգայտ
շամանդաղը
քառորդ
մը
դարու,
դուք
ունիք
ձեր
աչքերուն
անորակելի
կորանքը,
որով
կը
սկսինք
մեր
փտութիւնը,
մահուան
կառքով
միայն
մաքրուելու
ճակատագրուած։
Բայց
քերթուա՞ծ
մը։
Անիկա
առնուազն
քանի
մը
տասնեակ
քառորդ
դարեր
կ՚արհամարհէ,
երբ
առողջ
է
ծնած,
գէշ
բառով
մը՝
ազնուազգի։
Ու
հետեւելով
մտածման
սա
զուգորդութեանց,
կը
հարցնեմ.
—
Ա՛ն,
որ
կը
կարդայ
ձերբազատ,
հեռու,
աննկատ
ինչպէս
աննախապաշար
ոգիով
«
Հանըմը
»,
«
Կռուի
երթ
»ը,
«
Մանկութեան
պարտէզին
մէջ
»ը,
«
Յարութեան
շունչն
է
ահա
»ն,
յիշելու
համար
քանի
մը
տիպարային
տաղեր,
այսօր
պիտի
յաջողի՞
վերակազմել
իր
մէջ
այն
վիճակները,
որոնք,
ձեւը
հագնելէ
առաջ
այդ
քերթուածներուն,
ծանրացեր,
բռնադրուեր
էին
բանաստեղծին
միտքին,
ջիղերուն
ամենէն
ազնուական
հանգոյցներուն
ու
ճակտի
գիրին։
Ահա՛
Սփիւռքի
համար
էականը։
Իրաւ
բանաստեղծութիւնը
միայն
տաղանդով
չէ
պայմանաւոր։
Տաղանդը
հասարակաց
ապրումներուն
ընդունարանն
է,
շատ
մը
բաներ
ըլլալով
հանդերձ,
բայց
ասոնցմէ
առաջ,
իմ
խեղճ
ու
համեստ
կարծիքով,
որ
չի
վայելեր
պաշտպանութիւնը
ո՛չ
մէկ
իմաստասիրութեան,
էսթէթիքայի՝
ինչպէս
կըսեն
արեւելահայերը,
այդ
ապրումներուն
կերպարանք
դնող
խեղճ
ու
պատառ
աշխատաւորն
է,
ու
քիչ
ուրիշ
բան։
Այսօր
«
Հանըմը
»
ներդաշնակ,
առաձիգ,
բայց
թելադրական
ալ
կառոյց
մըն
է,
գեղօր
մը
եթէ
կ՚ուզէք
ու
նոյնիսկ
տարաշխարհիկ
(exotique)
ընդունուելու
չափ,
մեր
զգայնութեան
ծիրէն
ու
խառնունքէն
դուրս
է
հեռու,
երբ
զայն
կը
կարդաք
ամերիկեան
մէկէզըն
ներով
ծանրաբեռն
ձեր
աշխատասեղանին
առջեւ
եւ
կամ՝
եւրոպական
ոճով
հիւրանոցի
մը
սրահին
մէջ,
մինչ
ձեր
ուշացրիւ
նայուածքը
կը
թափառի
կերպարանքէ
կերպարանք,
իւրաքանչիւրին
վրայ՝
ծուէն
մը
բան
այդ
քերթուածէն,
բաց,
գոց,
նուրբ,
յարդարուն,
արձակ,
սեղմ
կամ
ընկալուչ,
ու
կը
ջանաք,
ձեր
հաշւոյն,
վերագտնել
անկազմելի
ուրուաշխարհը,
որ
կնոջ
մը
մարմինն
է,
հոգիէն
շատ
առաջ,
այնքան
խօսուն
ու
ընդարձակ,
այնքան
կուղպ
ու
սաւառնող,
մթին
ինչպէս
սփինքսը,
ու
միամիտ,
ինչպէս
պարտէզին
վարդը։
Սա
փորձը
—
քերթուածէ
մը
իրաւ
աշխարհ
մը
վերակազմելու
—
փոխադրեցէ՛ք
ձեր
/441/
ուզած
տեղը։
Ձեր
գտա՞ծը։
—
Չէ
անշուշտ
ա՛լ
անվերադարձ
հոգեպահը,
որ
իրաւ
էր
բանաստեղծին
զգայնութեանը
իբրեւ
ոստայն,
ու
տագնապ
էր,
առաւել
քան
իրաւ
ու
կսկծագին՝
անոր
զգայարանքներուն։
Դուք
շուքին
մէջն
էք
միայն
այդ
ամէնուն։
Բա՞ւ,
այսքա՛նը՝
որպէսզի
տարուիք
այն
տարիներուն,
երբ
մեր
ժողովուրդի
հոգեգրութիւնը
ողողուած
էր
«
Հանըմը
»
կազմող
հազարաւոր
ծորումներով,
հսկայ
հոսանքներու
չափ
զօրաւոր,
մեր
ներսը
բացող
անհուն
բերաններ
ու
անհուն
ճամբաներ։
Արիւն
կը
հոտէին
գոյները
այդ
հանըմին,
երբ
իր
բաց
կառքին
խորունկէն,
վառը
թեթեւ
մը
հաւաքած,
կը
նայէր
ճամբու
եզրին
պատկառ
պատանիներու,
ինծի
պէս
ծարաւ
այդ
գոյներուն
կամ
Պետրոս
Դուրեանին
պէս
միամիտ,
այդ
շղարշին
տակ
սրտի
մեղուներ
ենթադրելու։
Իրական
էր
այդ
կինը։
Ու
աւելին,
այն
օրերուն
ես
կրնայի
մտածել,
որ
անոր
միսերուն
նաշիհը
գինն
էր
իմ
պապերուն,
հարիւրներու,
հազարներու
քրտինքին,
ոչ
միայն
սերունդի
մը
ակօսովը,
այլ
դարերու
ջաղացներուն
թեւերովը,
քանի
որ
ամէն
հանըմ
հանգոյց
մըն
էր
իրարմէ
հզօր
զրկանքներու։
Թուրքը
այդ
միսերը
ճարած
էր
դարաւոր
ընտրութեամբ
մը,
Արեւելքի
ամենէն
նուրբ
բխումներէն։
Չեմ
մանրամասներ։
Այդ
«
Հանըմը
»ին
ձգողութիւնը
նոյնն
էր
մեր
բոլորին
ալ
ջիղերուն
ցանցին։
Պոլիս,
1900–ին,
անիկա
մահուան
խորհրդանիշ
պողոտայ
մըն
էր։
Պրուսա,
միշտ
1900–ին,
անիկա
մահն
իսկ
էր։
Բայց
չեղան
պակաս
տղաքը,
որոնք
մտան
այդ
պողոտաներէն,
ո՛չ
միայն
հեքիաթին
պատանիներուն
նման
մահը
աչք
առած,
այլ
այդ
մատն
իսկ
փնտռելու
տագնապով։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
դուք
հազիւ
կը
հեռազգաք
այս
ամէնը։
Բայց
կ՚ըսեմ
ձեզի,
թէ
այդ
գրականութեան
ամէն
մեծ
միութեան
մէջ,
այս
ընդերկրեայ
յոյզերը
կ՚ապրին։
Բացէ՛ք
Դուրեան
մը,
Պէշիկթաշլեան
մը,
Տիկին
Եսայեան
մը,
Մեծարենց
մը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
այդ
անուններով
մեզի
հասած
իրաւ
էջ
մը
ենթարկեցէք
հոգեխօսական
սա
վերլուծումին,
դուք
կը
մտնէք
այդ
թաքուն
ծորումներուն
ո՛չ
միայն
ալքերը,
այլեւ
երակները
(filet),
որոնք
այնքան
հեշտագին
կ՚ապրին
այդ
աւերակներուն
ներքեւ,
էլի
էսօր։
Ու
կը
հարցնեմ,
«
Հանըմը
»
կ՚ըսէ՞
այս
ամենէն
պատառ
զգայութիւններ։
Վերը
յիշուած
քերթուածներէն
կը
վերցնեմ,
վերջացնելու
համար,
«
Կռուի
երթ
»ը,
որ
մտածական,
հռետորեալ,
խորհրդանիշ
մարզանք
մը
կը
թուի,
հիմա,
ձեր
միտքին
մատուցուած,
բառերու
յարդարանք,
կտոր
մը
պատկեր,
շատ-շատ՝
ճի՜չ
մը
վայելքի
ծարաւ
թշուառականի
բերնին։
Ապրումը
վարագուրել,
կոճկել,
խտացնել
Վ.
Թէքէեանի
թեքնիքին
նկարագիրները
չեն
յօրիներ
միայն,
այլեւ
անոր
զգայնութեան
/442/
ընտանի
իրագործումներ։
Բացէ՛ք
տողերը,
բառերը,
պարկեշտ
ու
համբերատար
հոգիով
մը։
Դուք
պիտի
ունենաք
ո՛չ
միայն
իրաւ
բանաստեղծութեան
սրբազան
նմոյշ
մը,
այլեւ
եղերական
ճակատագիրը
մեր
այն
սերունդին,
որ
ըրաւ
իր
օրին
սա
ներկայ
Սփիւռքը,
շատ
աւելի
սրտառուչ,
տրամաթիք
պայմաններու
մէջ։
Կարդալ
«
Կռուի
երթ»
ը,
ինչպէս
կը
կարդանք
«
Առ
լուսին
»ը,
օրինակ
Սիպիլի,
պիտի
նշանակէր
հարազատ
ոսկիով
թերթը
արժեւորել
ներկուած
թիթեղեայ
թերթով։
Այս
փորձը
կատարել
եմ,
դասարաններու
մէջ,
մէկէ
աւելի
անգամներ։
Տղաքը
անհաղորդ,
անտրամադիր,
տակաւ
կը
մեղմանային,
կը
լրջանային։
Ու
ամէն
անգամ
անոնց
աչքերը
կը
լեցուէին,
անշուշտ
սերունդի
մը
մասնաւոր
ապրումներէն
վերը,
անդինը,
աւելին
զգալով
ու
գտնելով
այդ
պարզ,
ցամաք,
անփայլ
բառերուն
խորը
թաքնուած։
Բոլորն
ալ
ճամբորդներն
էին
այդ
ճակատագրին։
Ուրուացուա՞ծը։
Անշո՛ւշտ։
Ո՞վ,
մեր
մէջ,
որ
չի
վախնալ,
կեանքէն…։
Ու
տարօրինակը
այն
է,
որ
Վահան
Թէքէեանի
դիւանները
ըլլան
լեցուն
նման
տագնապներով,
հասարակաց՝
իրեն
որքան
իր
ժամանակին։
Իրարմէ
տարբեր
թուող
սա
վերագրումները
խորքը
կու
տան
իրաւ
բանաստեղծութեան
խորհրդաւոր
հարցին։
Սփիւռքը,
մեր
օրերունը,
երբ
լրջութեամբ
(անլուրջները
մոռցէք)
իր
զգայութիւնները
կը
ջանայ
քերթուածի
վերածել,
անշուշտ
նուազ
քամբախտ
չէ
քան
1900–ի
սերունդը
(որ,
Պոլսոյ
մէջ
հոգեկան
կործանում
մը
կը
ջանայ
ոսկեզօծել։
Պոլսէն
դուրս,
ան
կը
տառապի
հզօր
տառապանքը
հոգեկան
աղեխարշ
անկարողութեան
մը,
ոճիրին
դիմաց,
խելացնոր
ինչպէս
արգահատելի)։
Ան
ալ
ունի,
հիներուն
նման,
աշխարհի
պերճաղիճ,
նենգ
ոստաններուն
քառուղիները,
որոնք
յարդարուա՛ծ
են
իր
վայելումին
(միայն
Փարիզի
մէջ
Հայ
գրողներու
միութիւն
մը
վաթսունհինգ
անդամներ
կը
համրէր
ու
դուրսը
մնացածներուն
թիւը
մօտ
էր
կազմակերպուածներուն),
բոլոր
դժոխքները,
մեր
կիրքերով,
մեղքերով,
արցունքով
ու
կարօտով
յօրինուած՝
հեռանիստ
բայց
անվանելի
հորիզոններ։
Ու
նուրբ,
տժգոյն,
դալկահա՜
ր
տառապանքները,
որոնց
մօտ
Դուրեանի
եւ
Մեծարենցի
ցաւերը
քաղցր
զրկանքներ
կը
թուին,
երբ
Հրաչ
Զարդարեանի,
Շահնուրի,
Փայլակ
Միքայէլեանի,
Որբունիի
էջերը
ուզենք
կարդալ
ոչ
իբր
գրականութիւն,
այլ
իբր
ներքին
վկայութիւն։
Սփիւռքի
վէպը
մօտ
է
Սփիւռքին։
Բայց
անոր
բանաստեղծութիւնը
չգտաւ
միջոց
ու
կարողութիւն
ոչ
միայն
այդ
ոստանային
ապրումները
ազատագրելու
օրէն,
տեղէն,
պայմանէն
—
արուեստի
ամէն
գործ
կու
գայ
ասոնցմէ
ու
կ՚անցնի
անդին,
/443/
ասով
միայն
իրագործելով
իր
ճակատագիրը
—
այլեւ
պակաս
է
նոյնիսկ
այս
ամէնը
իբր
ապրում
մեզի
արժեւորելու
իր
պարտքէն։
Սիամանթօ
կը
պոռար,
թէ
իր
երիտասարդութիւնը
«
Հոգեվարքի
եւ
յոյսի
ջահեր
»
կը
կրէր։
Սխալ
կամ
սուտ
չէր
իր
պոռացածը։
Ուրիշ
խնդիր՝
այդ
պոռչտուքին
մէջ
պարզ,
հաստատ,
իրաւ
արուեստին
բաժինը։
Ի՞նչն
է,
որ
կը
պոռայ
«
Մակընթացութիւն
»
կոչուած
տաղարանին
ներսը։
Ու
դժբախտ
բան
է,
որ
մենք
մնանք
անկարող
այդ
տաղարանը
վերածելու
իրական
ձայնի
մը
պարկեշտ
վկայութեան։
Անշուշտ
ընթերցողը
պիտի
անդրադառնայ,
որ
քերթողական
այս
ու
այն
արժանիքներ
չեն
զսպանակը
սա
մտածողութեան։
Չեմ
բաղդատեր։
Բայց
«
Հոգեվարքի
եւ
յոյսի
ջահեր
»ը
գիրք
մըն
է,
հակառակ
իր
ահագին
ժխորին,
ներքնապէս
պարկեշտ։
Ու
հակառակ
իր
ցուրտ,
մերկ,
ցամաք
անկեղծութեան՝
«
Մակընթացութիւն
»ը
անպարկեշտ
է
ներքնապէս։
Չեմ
աճապարեր,
ընդհանրացնելու
համար
այս
հաւաստումները
Սփիւռքի
հոգեկան
բարեխառնութեան,
բայց
կը
փնտռեմ
մտովի
հատորը,
որ
ինծի
բերէր
վկայութիւն
մը,
այնքան
ամբողջ
ու
արմատական,
որքան
են
Սիամանթոյի,
Վարուժանի,
Թէքէեանի
տաղարանները,
միշտ
տաղանդի,
բանաստեղծական
թեքնիքի
հարցերէն
անկախ,
որոնց
հետ
ներկայ
ուսումնասիրութիւնը
մտադրած
է
վարուիլ
մեծ
վերապահութեամբ։
Ի
վերջոյ,
ամէն
սերունդի
չէ
գրուած
բախտը
ծանր,
մեծ,
փարթամ
շնորհներու
բառէ,
պատկերէ,
կիրքէ,
յոյզէ,
որպէսզի
հանդիպող
տաղաչափը
քաշէի
Վարուժանի
շուքին
ու
կործանէի։
Սփիւռքը
իր
զգայնութիւնը
չէ
ազատագրած,
իր
դիւաններուն
մէջ։
Ու
ճիշդ
այս
անբաւականութենէն
կը
մեկնի
ներկայ
փորձին
թելադիր
պարագան։
Վահան
Թէքէեանի
սերունդին,
գործին,
զգայնութեան
ու
արուեստին
ես
տուեր
եմ
հատոր
մը,
տասը
տարի
առաջ,
երբ
այդ
անունով
մեզի
հասած
արդիւնքը
կը
վայելէր
կենդանի
պաշտպանութիւնը
զինքը
երկնողին։
Գրագէտէ
մը,
խորհողէ
մը,
բանաստեղծէ
մը
նուաճուած,
դժնդակ
զրկանքներու,
պայքարներու
արգասիք
վկայութիւն
մը։
Անոր
զգայնութիւնը
ուսումնասիրեր
էի
միշտ
ջերմութեան,
խոնաւութեան,
սառոյցին
ու
դիրտին
մէջը
իր
ժամանակին։
Այդ
թուականէն
ասդին
(1934),
«
Հայերգութիւն
»ը՝
ծաղկաքաղ
ու
ճարտարանք,
մեզի
բերաւ,
այս
հանգամանքէն
դուրս,
քանի
մը
իրաւ
բայց
քիչ
վիճակներ։
Գիտեմ,
թէ
իր
ամբաւ
գրպաններուն
խորը
տարիներով
բանտուած
ոտանաւորներ
կը
սպասեն
հատորի
լոյսին։
Բայց
ստիպված
եմ
ըսելու,
որ
Վահան
Թէքէեանի
քերթողական
վաստակը
դադրած
է
գրականութեան
պաշտպանութիւնը
վայելելէն,
ինչ/444/պէս
ըսի
արդէն,
ու
ձգուած
է
ինք
իրեն։
Դուրեան
եւ
Մեծարենց,
Վարուժան
եւ
Սիամանթօ
այդ
տխուր
բարիքը
մահուան
մնացին
պարտական։
Ապրողին
պարտքն
է
ինքզինք
պաշտպանել
։
Ինքզինք
պարտադրել:
Չենք
դատեր,
քննադատեր
բաներ,
որոնք
դուրս
կը
մնան
մեր
զգայնութեան
պարունակէն։
Ու
իրաւ
բանաստեղծը
այս
հրաշքը
մեզի
ընդունելի
ընող
կախարդն
է
ահա։
Անցնիլ,
ամէն
գնով,
ժամանակէն
անդին,
ոչ
անշուշտ
ապառնիներուն
լարուած
խորհրդաւոր
ժամացոյց
մը
ինչպէս,
այլ
իր
թեւերը
ունենալ
երկարած
իրմէ
վար,
դէպի
ետ,
անցեալը,
ու
իրմէ
վեր,
դէպի
գալիք
հորիզոնները:
Այս
նմանութիւնները
շատ
մի՛
ճշգրտէք։
Ո՛չ
մէկ
քերթող
ապագան
կրնայ
ապրիլ։
Բայց
իր
ներկան
ազատագրելը
արդէն
ապառնի
սկսիլ
կը
նշանակէ
յաճախ։
Այս
քանի
մը
էջերը
ուրեմն
նպատակ
ունին,
իրաւ
բանաստեղծի
մը
ակօսովը,
գործ
մը,
զգայնութիւն
մը
ոչ
թէ
վերակազմել,
այլ
այդ
գործին
ու
զգայնութեան
ետին
փնտռել
երկուքէն
ալ
վեր
տարրեր։
Ոչ
յաւակնութիւն,
ո՛չ
ալ
պահպանողական
մտավախութիւն։
Փշրանքներով
շէնք
մը
չեմ
կառուցաներ,
ո՛չ
ալ
բառերով
մշակոյթի
մը
իմաստասիրութիւնը
փառախնդրեր։
Կը
հաւատամ,
որ
ամէն
իրաւ
բանաստեղծի
հետ
իմ
ժողովուրդին
այս
ու
այն
մասը
ելեր
է
ստեղծագործ
սարսուռի,
ըրեր
է
այդ
բանաստեղծին
մէջ
իր
երեսներէն
այս
ու
այն՝
աւելի
յստակ,
յատկանշեալ
ու
տպաւորիչ։
Ասիկա
ձրի
վարդապետամոլութիւն
մըն
ալ
չեմ
ուզեր
որ
մկրտէք։
Կամ
պարտաւոր
էք
կործանել
Դուրեանը,
Պէշիկթաշլեանը,
Մեծարենցը,
Վարուժանը,
Թէքէեանը,
կամ՝
ատոնց
ընդմէջէն
կարդալ
էջերը
ձեր
ժողովուրդի
հոգիին։
Ամէն
իրաւ
բանաստեղծ
իր
մեղքերը
պարտկան
է
իր
ժամանակին,
ըսեր
եմ
Պ.
Դուրեանի
համար,
ու
իր
արժանիքները՝
իր
ցեղին,
որ
հոս
համայնական
բառ
մը
չէ,
այլ
բնախօսական
արտայայտութիւն։
Հասա՞ծ
են
մեզի,
հայ
հոգիին
կերպարանքներէն,
արեւմտահայ
քնարականութեան
ճամբով,
որոշ
վկայութիւն,
բիւրեղացում,
երեսակներ։
Ահա՛
էականը
ինծի
համար,
զոր
կը
հաստատեմ
Պետրոս
Դուրեանի
այնքան
աղաղակող
ռոմանթիզմին
ալ
ետին,
բայց
զոր
չգտնելս
կը
գրեմ
«
Նոճաստան
»ի
մէջ։
Յստակ
են
այս
տողերը,
որեւէ
երկդիմութիւն
թելադրելու
անկարող։
Կա՞յ
հայ
հոգին
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ի
մէջ։
Ու
կ՚ըսեմ,
թէ
կա՛յ։
Այսօր,
Վահան
Թէքէեան,
մշուշներու
ճամբուն
մէջ
խորասոյզ,
հետակորոյս
ըսուելու
չափ
հեռու
ճամբորդ
մըն
է,
գրեթէ
տարակայ
տարագիր
հեքիաթ
մը,
եթէ
չէք
գտներ
բառը
քիչ
մը
շատ
1900:
Բայց
իրողութիւն
է,
որ
այդ
գործին
բանուորը
մէկն
է,
որ
աւարտած
մարդու,
իր
ըսելիքները
ամ/445/բողջացուցած
քարոզի
մը
այլուրութիւնը
կ՚ապրի,
կամաւոր
հեռացմամբ
մը
մեր
կիրքերէն,
հետաքրքրութիւններէն։
Չեմ
գիտեր,
հաշտուա՞ծ
է
սա
հեռացումին։
Իմ
կարծիքով
մարդկային,
նոյնիսկ
քիչիկ
մը
մխիթարական
է,
որ`
քիչ
կամ
բնաւ
տառապիք
սա
աղօտացման
դիմաց։
Խորհրդանիշն
ալ
կեա՜նք
ունի։
Հասարակութիւնը
միշտ
կը
կարդայ
իր
առօրեան,
ինչպէս
կը
հանդերձէ
իր
ախորժակները,
ասոնց
գոհացումը
գործադրելով
իր
ուզած,
սիրած
ձեւերով։
Համբաւին
պաշտպանեալները
ուշ
հասկնան
պիտի
այս
ճշմարտութիւնը։
Հազիւ
թէ
մասնաւոր
խուզարկուներ
ծանօթ
են
տարօրինակութեան,
որ
կարդալը
քիչ
անգամ
համազօր
կը
նկատէ
ապրելուն:
Գիտեմ,
թէ
այսօր
ալ
կարելի
է
կարդալ
Թերզեանը,
բայց
մնալ
1880–ի
հոգեխառնութեան
հաւատարիմ։
Ու
իրաւ
քերթողներուն
ճամբով,
հետ
է
որ
մարդիկ
պիտի
յաջողին
ապրիլ
ինչ
որ
վեր
է,
էր՝
այդ
առօրեայէն։
Վերադառնալ
«
Պլպուլն
Աւարայրի
»ին,
«
Հիմի
է՞լ
լռենք
»ին,
մեզմէ
շատերուն
համար
ոչ
միայն
ապրիլ
չի
նշանակեր,
այլ
կը
թելադրէ
ճշգրիտ
տառապանք։
Թող
անցնի
«
Մայր
Արաքսի
»ին
վրայէն
ուրիշ
դար
մը,
թերեւս
քերթուածը
փոշիանայ
ամբողջովին,
ինչպէս
են
արդէն
յիշուած
երկու
մեծահռչակ
բանաստեղծութիւննե/446/րը,
կամ
ճիշդ
հակառակը՝
ամբողջովին
բիւրեղանալ,
ինչպէս
է
«
Նորահրաշ
պսակաւոր
»ը։
Ու
մի՛
հարցնէք
թէ
ինչո՞ւ
այդքան
արագ
կը
հիննան
Թերզեանները,
Ալիշանները,
Նար–Պէյները.
ո՛չ
անշուշտ
միայն
անոր
համար,
որ
սպասարկեցին
առօրեային,
այլ
աւելի
պարզ
այն
միւս
պատճառով,
որ
այդ
առօրեան
անոնց
զգայարանքները
այցելող
անցորդ
մըն
էր։
Բայց
կ՚ապրուին,
երբ
կը
կարդացուին
Վարուժանները,
Մեծարենցները,
Դուրեանները,
վասնզի
ասոնց
զգայնութիւնները
առօրեայէն
բխող,
նոյնիսկ
յագեցուած,
չեն
նուաճուած
անկէ։
Ու
տեղն
է
ըսել,
առանց
հռետորութեան,
թէ
իրաւ
բանաստեղծութիւնը
չի
կրնար
մահանալ։
Ահա՛
հարցը,
իր
բախտորոշ
պարզութեան
մէջ։
Ու
հիմա՛,
հիմնականը։
Քիչեր,
տափակներ,
պատուելիներ,
ունայնամիտներ
միայն,
այսօր,
պիտի
առարկեն
իրաւ
բանաստեղծ
պիտակին,
երբ
զայն
գործածեմ՝
Պետրոս
Դուրեանի,
Միսաք
Մեծարենցի,
Դանիէլ
Վարուժանի
անուններուն
հետ։
Պիտի
ըլլան,
ասոնցմէ
զատ
սոփեստներ,
գրոցբրոց
ալ,
անկանգնելի
յաւակնոտներ,
որոնք
պիտի
քրթմնջեն
տարազին
նեղութեանը
վրայ,
ուզելով
զայն
Թերզեաններու,
Ալիշաններու,
Սիպիլներու,
Որբերեաններու,
Եղիշէ
Դուրեաններու
գործին
համար
ալ
օգտագործելի։
Այս
ուսումնասիրութեան
մուտքին
ես
տուի
/447/
բաւարար
ընդլայնում
տարազը
լուսաւորող։
Այնպէս
որ
այդ
շատգիտցուկ
կաչաղակներն
ալ
կը
ղրկեմ
իրենց
վայելումին։
Կը
մնայ
ուրիշ
խումբ
մը
մարդոց,
որոնք,
ընդունելով
հանդերձ
որոշ
արժէք,
բանաստեղծական
հարազատ
որակ
Վ.
Թէքէեանի
գործին
ներսը,
կը
դժկամին
այդ
գործը
բերել
իրաւ
բանաստեղծներուն
անառարկելի
տեղին
ու
փառքին։
Այս
քիչերուն
համար
է,
որ
կը
գրուին
սա
տողերը։
Իրենց
փոխարէն
ես
ինծի
կը
գրեմ
հարցականը։
—
Վահան
Թէքէեանի
համար
սա
տարազը
–
միշտ՝
իրաւ
բանաստեղծի
—
n՛ր
չափով
կ՚իյնայ
հարազատ։
Պատասխանը
պարտաւոր
եմ
պաշտպանել։
Այսինքն՝
օգտագործել
մեր
կեանքին
հակազդեցութիւնները
մեր
քերթողներուն
զգայնութեան
ու
տաղանդին
ընդմէջէն
հասած
մեզի։
Ունինք
մեր
ետին
լման
կէս
դար
(1860-1915),
որու
ընթացքին
մեր
քնարերգութիւնը
անցել
է
զանազան
խտութեամբ
ոլորտներէ,
բարեխառնութիւններէ,
իր
գրական
հասկացողութիւնը,
ճաշակը,
ախորժակները
այս
ու
այն
խորհրդանիշ
անձնաւորութեանց
վրայ
կերպադրելով,
կերպարանելով։
Տկարութիւն,
առաւելութիւն,
նեղմտութիւն,
սանձարձակ
հիացում,
վարպետներ
ու
կուռքեր,
ամբոխ
ու
տարագրում՝
բառեր
չեն
միայն,
այլ
մեր
գրողները
եւ
հասարակութիւնը,
այս
կէս
դարու
շրջանին,
իրարու
ընծայող
հոգեվիճակներ։
Դուք
իր
բաւարար
իմաստին
մէջ
հազիւ
կը
յաջողիք
դնել
անկարելի
փաստեր,
այսօր,
երբ
ուզէք
գիտնալ,
թէ
«
Մարգարիտ
Ար
/448/
քայութեան
Երկնից
»
անունով
հասարակ
խօսքերու
փունջ
մը
ո՞ր
բախտին
համար
կ՚արժանանայ
չորս–հինգ
անգամ
լոյս
տեսնելու։
Խրիմեան
կրնար
իր
քարոզները
սիրել,
հաւատալ
անոնց,
բայց
չէր
կրնար
զանոնք…
վաճառքի
նիւթ
դարձնել։
Կար
ուրեմն
հասարակութիւն
մը,
որուն
ըմբռնողութիւնը
այդ
մարգարիտներուն
շուրջ
ամրակուռ
էր
ու
փորձէ
անցած։
1890–ին
ո՛չ
ոք՝
որ
հարցնէր
բախտորոշ
հարցումը
—
իրաւ
բանաստեղծին
—
թարմ,
խոստմնայեղց,
շլացուցիչ
փառքին
հանդէպ,
որ
Սիպիլն
էր,
իր
ցօղաթուրմ,
ժանեկափայլ
ոտանաւորներով,
որոնք
ոչ
միայն
նորութիւնն
էին,
այլեւ
մեր
իրապաշտներուն
նախասիրութիւնները
պսակող՝
յաղթանակներ։
«
Հայրենիք
»
(1891—1896),
երբ
կը
հրամցնէր
զանոնք
իր
հասարակութեան,
լռին
արհամարհանք
մըն
ալ
կ՚ըլլար
արձանագրած
ընդդէմ
ռոմանթիքներուն,
որոնցմէ
աստուածային
տղուն
կշիռը
—
Պ.
Դուրեանը
—
շատ
յստակ
է
Արփիարեանի
հաշուեցոյցին
մէջ,
ընդդէմ
մանաւանդ
կրտսեր
ռոմանթիքներուն։
Այդ
թուականէն
տասը
տարի
ետքը
«
Ժանյակները
»
պատմումին
տաղաչափուհին
պսակաւոր
քերթողն
էր
ո՛չ
միայն
մեր
իրապաշտներուն,
այլեւ
արուեստագէտ
սերունդին,
որ
զայն
(Թէքէեան
պիտի
ըսէր
«լորձնաշուրթն»)
պատուեց
իբր
անզուգական
քերթողուհի
մը,
գրել
եմ
այնքան
անգամներ,
ու
անհուպ
սրբութիւն
մը։
Իրողութիւնը
իրողութիւն
է,
մեր
կամքէն
յաճախ
անկախ։
«
Ամենայնի
վախճանն
է
գովելի
»,
—
պատգամեր
էր
հեքիաթը
շատ
դարեր
առաջ։
1910–ին՝
այդ
փառքը,
այդ
աստուածութիւնը՝
ողջ–մեռել
մըն
էր,
արգահատելի
որքան
անփրկելի։
Ո՛չ
տարիքը,
ո՛չ
գրական
բարեխառնութեան
փոփոխութիւնը,
ո՛չ
ալ
բանաստեղծութեան
մէջ
թեքնիքին
եւ
զգայնութեան
նորոգումը
չեն
հեղինակը
սա
սրտառուչ
տրամին։
Վարուժանի,
Սիամանթոյի
յայտնումը
Պոլսոյ
հրապարակին
վրայ,
ոմանք
պատասխանատու
կը
յայտարարեն
սա
չքացումին։
Ես
կը
թելադրեմ,
որ
խորհիք
աւելի
բնական,
պարզ
ազդակի
մը,
որ
կերպարանքը
կը
հագնի
գրական
նորոյթին,
այնքան
իրաւ,
որքան
կիներուն
զգեստները,
վերը
յիշուած
անխուսափելի
առօրեային:
1900–ի
մարդերը
—
Պոլիս
—
վարժապետ,
եկեղեցական,
ոսկերիչ,
առեւտրական,
խմբագիր,
պաշտօնեայ
ու
ազատ
ասպարէզներու
ասպետներ,
սխալի
մէջ
չէին
երբ
սիրեցին
այդ
պաղ,
կոկ,
փայլուն,
անարիւն,
մանաւանդ
անբանաստեղծական
ոտանաւորները,
որոնք
իրենց
մռայլ,
տրտում,
անհորիզոն
առօրեան
այդպէս
կայլակերպէին,
անհրաժեշտ
պատրանքը
ստեղծելու
համար։
Բայց
այդ
1900–ի
մարդերը
հազիւ
թէ
կարդացին
այն
քերթուածները,
որոնք
1914–ին
պիտի
խմբուէին
«Հ
րաշալի
յարութիւն
»
ծածքին
ներ/449/քեւ։
Պէտք
կա՞յ,
յիշեցնել,
թէ
դիւանը
անցաւ
աննշմար,
շքեղ
փառքերէն
ստուերացած
Վարուժաններուն,
Սիամանթօներուն։
Բայց
ահա՛
ուրիշ
ալ
փաստեր։
Մեր
յարափոփոխ,
բռնութեան
նշաւակ
ճաշակին
մէջ
(առտուն
կանուխ
ելլելը
մեր
մէջ
լեզու
կը
հնարէ,
դպրոցը
դեռ
նոր
ձգած
տղան
մեր
գրականութեան
մէջ
խաչակիր
ասպետի
մը
հովը
կու
տայ
իրեն։
Ինչպէ՛ս
չզարմանալ,
որ
լման
տասը
տարի
մեր
բանաստեղծութիւնը
ապրեցաւ
օրէնքներուն
տակ
ամենէն
անբանաստեղծ
մարդոց,
1900–ի
մեր
քննադատներուն։
Մեռցուցին
Մեծարենցը
ու
ճաթեցան
իրենց
մէջտեղէն
Սիպիլին
փառքը
երգելու
համար
անհրաժեշտ
թոքը
չունենալնուն)
Մեծարենցի
փառքը
կ՚ուրուանայ,
կը
սկսի
1910–ին,
Վարուժանինը՝
դարձեալ
նոյն
շրջանին։
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը
շերտ
առ
շերտ
կու
գայ
այն
ապրումներէն,
որոնք
եղած
էին
ապրումները
արեւմտահայ
զոյգ
վաղամեռ
քերթողներուն։
Մեծարենցի
արտաքին
աշխարհը
ու
Վարուժանի
հոգեկան
աշխարհը
յստակ
նկարներ
են
ո՛չ
միայն
այդ
սերունդէն,
այլեւ
Վահան
Թէքէեանի
գործէն։
Ըսի
վերերը,
թէ
մահը
հաշտեցուց
կարգ
մը
զանցումներ։
Այսօր
կը
գծենք
շինծուին,
պոլսականին,
սիպիլականին
բաժինը
Մեծարենցի
մէջ,
բայց
կը
փութանք
հիանալ
անոր
սեպհական,
շքեղ
շնորհներուն։
Նոյնն
է
պարագան
Վարուժանի
համար,
որ
կը
խորհիմ,
թէ
քաւած
է
իր
հռետորութիւնը։
Առաջին
մեծ
պատերազմէն
ետք
Վահան
Թէքէեան
պիտի
հրատարակէ
ուրիշ
ալ
դիւաններ,
գրեթէ
«յար
եւ
նման»
ճակատագրով
մը,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
քանի
որ
այդ
հատորներն
ալ
անբաւական
դուրս
եկան
հեղինակը
պաշտպանող,
պաշարող
շքեղ
լռութիւնը
պղտորելու։
Ուրե՞մն։
Բայց
յստակ
են
իմ
տողերը։
Իրաւ
բանաստեղծ
մը
չի
կրնար
աննշմար
անցնիլ
։
Չեմ
միամիտ
վտանգը
անգիտելու,
երբ
ճակատագրական
տարազ
մը
կը
գործածեմ
գրեթէ
անծանօթ
մնացած
քնարակիրի
մը
գործին
համար։
Ու
կու
տամ
ուրիշ
պարզուկ
ալ
նկատողութիւններ։
Հազիւ
կը
կասկածիք
անշուշտ,
թէ
ի՛նչ
էր
հոգեվիճակը
Պետրոս
Դուրեանի,
իր
ոգեվարքի
մահիճին
մէջ,
երբ
իր
եղբօրը
խնամքին
կը
յանձնէր
«քանի
մը
կտոր»
բաները
—
այսինքն
անոնք,
որ
տասը,
քսան
տարի
ետքը
արեւմտահայ
/450/
բանաստեղծութեան
ամենէն
շքեղ,
անգնահատելի
հարստութիւնները
պիտի
յորջորջուէին
ու
պահէին
իրենց
այդ
արժէքը
երեք
սերունդի
ճաշակներուն
ալ
ներսը
—
լոյսին
արժանացնելու
համար
զանոնք։
Աւելի՛ն.
մարդիկ
այնքան
գէշ,
քիչ
կը
հասկնային
այդ
տղան,
որ
արգահատանքի
իրենց
զգացումին
մէջ
ծիծաղելիէն
իրենց
վախուն,
բռնեցին
այդ
տղուն
քերթուածները
հայերէնի
վարժապետի
մը
սրբագրութեան
յանձնեցին։
Կ՚ըմբռնէք
փաստին
ահաւոր
փառքը։
«
Նոր
տաղերը
»,
1908–ին
«կոյանոցի
ծաղիկ»
մկրտուեցաւ
մեր
քննադատութենէն։
Ու
1945–ին,
գիտնալ
ենք
ստիպուած,
որ
կան
տակաւին
քննադատներ,
գրողներ,
որոշ
խաւ
մը
նոյնիսկ՝
բանիմաց
ընթերցողներու
ու
իրենց
ցեղին
վրայ
հպարտանալ
սիրողները,
որոնք
կը
դժկամին
իրաւ
բանաստեղծներու
երամէն
ներս
ընդունելու
Վահան
Թէքէեանը
ու
կը
զարմանան
իմ
չափերէն,
ընդհանրապէս
նեղ,
խիստ,
բիրտ
նկատուած,
որոնք
սակայն
ահա
երեսուն
տարիէ
ի
վեր
կը
յամառին
այդ
անունին
ետին
տեսնել
իրաւ,
հարազատ
բանաստեղծ
մը,
ցեղային
խորունկ
տարողութեամբ,
որքան
ներելի
է
մեզի
նման
ընդհանրացումներ
գործածել
մեր
օրերու
ոտանաւորի
բանուորի
մը
համար,
առանց
չափազանցութեան
կամ
լրբութեան
մէջ
իյնալու։
Ինչո՞ւ
այս
հակասութիւնը
սակայն,
երբ
բանաստեղծութիւնը
փրոփականտ
չէ,
ոչ
ալ
մենաշնորհ
մը
այս
ու
այն
կուսակցութեան։
Եւ
սակայն
իմ
փաստը
կը
մնայ
փաստերուն
ամենէն
պարզը,
անհերքելին։
Կայ
վերապահութիւն
Վահան
Թէքէեանի
քերթողութեան
դէմ։
Պիտի
չզբաղէի
անշուշտ
իրողութեամբ,
եթէ
երբեք
այդ
վերապահութիւնը
գար
անհասկացողութենէ,
իմացական
անբաւարարութենէ,
ինչպէս
էին
պարագաները
Դուրեանի,
Մեծարենցի
հանդէպ։
Երեք
սերունդ
արեւելահայ
դատողներու
եւ
ընթերցողներու՝
ուրացան
արեւմտահայ
բանաստեղծութիւնը։
Այս
վանտալութիւնը
կը
դատենք
իբր
այդ
ու
կ՚անցնինք
մեր
գործին։
Բայց
կը
հարցնեմ.
չէ՞
որ
Միսաք
Մեծարենցը
սիրել
կը
նշանակէ
Վահան
Տէրեանը
հասկնալ
(ինչպէս
է
եղած
արդէն
իրականութիւնը
արեւելահայ
մէկ
հատիկ
իրաւ
քնարերգակին
համար),
ինչպէս
ատոր
ապացոյցը
տուին
աւելի
նուազ
փղշտացի
նոր
արեւելահայ
մտաւորականները,
երբ
խմբեցին
Մեծարենցի
գործը
Պետհրատի
պաշտպանութեամբ։
Չէ՞
որ
Վարուժանը
գնահատել
կը
բանայ
ճանապարհ՝
դէպի
ապրումները
իր
ընկերներուն,
որոնցմէ
մէկուն
անունն
է
Վահան
Թէքէեան,
քանի
որ
ըսի,
թէ
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը
կու
գար
նեարդ
առ
նեարդ
այն
աշխարհէն,
ուրկէ
եկած
էր
«
Ցեղին
սիրտը
»։
Ասոնք,
կը
կարծեմ,
փաստուելու
կարօտ
դժուարութիւններ
չեն
սակայն։
Միւս
կողմէն,
պէտք
կը
զգամ,
զգուշութեամբ,
թելա/451/դրելու
կշիռը
ուրիշ
ալ
իրողութեանց,
որուն
համեմատ
մեր
համակրանքները
ինչպէս
հակակրութիւնները,
տրամաբանութեամբ
տնօրինեալ,
կարգաւորեալ
վիճակներ
չեն
մեր
ներսը։
Անոնք
մեզմէ
անկախ
յօրինումներ
են։
Զանոնք
կը
կազմենք
յաճախ
թերի,
սխալ,
առնուազն
օգտապաշտ,
եսակեդրոն
տպաւորութիւններու
ներքեւ։
Ժխտում
կամ
հիացում
բան
մը
չեն
աւելցներ
հաւաքական
արդիւնքին
մէջ։
Տակաւին
երէկ
«աննման»
կ՚որակուէր
հեղինակը
վէպի
մը,
ուր
ոճէն
դուրս
ամէն
ինչ
հայհոյութիւն
է
արուեստին
դէմ։
Ասոնք
աղէտներ
չեն
անշուշտ։
Բայց
ասոնք
նոյն
ատեն
մեր
ընկալչութեան
տարօրինակ
գործառնութիւնները
լուսաւորող
դէպքեր
են։
Մնաց
որ
Վահան
Թէքէեանի
անձը
—
այն
զոր
կը
յարդարենք
մեզմէ
դուրս,
ուրիշներու
օգուտին,
վայելումին
կամ
քարկոծումին
համար
—
իր
կարգին
կնճռոտ,
եղերական
իսկ
դէպքերու
հանգոյց
(անոր
անունը,
գործը,
դերը
ամենէն
վիճելի,
ամենէն
հակընդդէմ
տպաւորութիւններու
հանդէս
մը
մնաց,
կէս
դարու
մեր
կեանքին
ամենէն
մթին
բախումներուն
արահետն
ի
վեր),
քիչ
տեղ
չէ
ունեցած
սա
կարգի
բիւրեղացումներուն
կազմաւորման,
կազմակերպումին
ալ
մէջը
(մեր
զգացումները
մեր
ներսը
իրենց
հանգիստը
կը
յարդարեն
մեզմէ
ճնշուած։
Պիտի
ասենք
այս
կամ
այն
գրողը,
յաճախ
տող
մը
բան
իսկ
չկարդացած
անկէ,
մեր
զգայարանական
կամ
ընկալուչ
եսին
ցուցմունքներովը։
Իմ
կաշիին
վրայ
տասնեակներով
ունիմ
հաստատումը
այս
տարօրինակ
օրէնքին
։
Կ՚ատեն
Օշականը,
առանց
անկէ
էջ
մը
բացած
ըլլալու)։
Յետոյ
զգայնութեան
այն
սփիւռը
(sphère),
որուն
մէջ
հասակ
առին
ու
անձնացան
Վահան
Թէքէեանի
ապրումները,
անոր
արուեստին
մթին
խմորումները,
անոր
մտածողութեան
հազուադէպ
տագնապները,
քիչերու
հաղորդական,
նոյնիսկ
որոշ
չափով
ալ
hermétique,
ոչ
նուազ
կշռաւոր
ազդակ
մըն
է,
որպէսզի
մարդիկ
տարուին
արագ,
անիրաւ
դատումներու։
Ուրիշ
տեղ
ես
զբաղեր
եմ
մարդուն
եւ
իր
հեքիաթին
ողբերգութեամբը։
Վահան
Թէքէեան
հեքիաթ
մը
չունեցաւ
անշուշտ,
զինքը
գլխովին
հերքող,
ինչպէս
եղած
է
պարագան
Եղիայի,
Չրաքեանի,
Օշականի
համար,
անուններ
ասոնք,
որոնց
իւրաքանչիւրին
գործը
եւ
ասոր
անդրադարձ
հեքիաթները
տրամաթիք
ըսուելու
չափ
չափազանց
հանդիսացան։
Չեմ
գիտեր,
առանց
մահուան
պաշտպանութեան,
Միսաք
Մեծարենց
պիտի
յաջողէ՞ր
իր
տաղանդը
ազատագրել
ստորին
խաչակրութեան
հետեւանքներէն,
որուն
մասին
վերը
ըրի
ակնարկութիւն։
Վահան
Թէքէեան,
իր
գէշ
կամ
լաւ
բախտէն,
կրկէսի
մարտիկ
մըն
է,
որով
եւ
ինքնամատոյց
թիրախ
մը։
Ու
կրկէսին
մէջ
մարդ
վարդեր
չունի
ընծայելու
կամ
/452/
ընդունելու։
Չեմ
օգտագործեր
մեր
կեանքին
խռովայոյզ
հանգամանքները,
քանի
որ
Վահան
Թէքէեանի
կէս
դարը
կէս
դարն
է
դարձեալ
Վարուժաններուն,
Սիամանթօներուն,
Եղիշէ
Դուրեաններուն,
Որբերեաններուն,
Սիպիլներուն
—
ասոնք
ալ
անուններ,
որոնց
հասցէին
առտուն
կանուխ
արթնցողը
հայհոյանք
մը
չարձակեց։
Որոնք
գրողի
իրենց
բախտը
այլապէս
չսեւցուցին
իրենց
գեղեցի՛կ
բախտին
զարդարանքներովը։
Ստոյգ
է,
որ
Վահան
Թէքէեանի
զգայնութեան
շատ
մօտէն
ընկեր,
Վարուժանն
ու
Սիամանթօն
չեն
ճանչցած
Թէքէեանի
դառնութիւնները,
լքումէ,
ուրացումէ,
զանգուածներուն
ինչպէս
հասկցողներուն
համակրանքին,
հիացման,
շփացման
մէջ
նոյնիսկ,
արժեւորուելով,
վարձատրուելով
«
բարւոք
ու
լիառատ
»։
Բայց
պէտք
կա՞յ
դիտել
տալու,
որ
առաջինը
քաղցր
ուսուցիչ
մը
իբրեւ
ապրեցաւ,
ու
իր
քերթողութիւնը
զերծ
էր
պարտքէն
անձին
ու
միջոցներուն,
այնքան
անխառն
կերպով
մը
իր
տաղանդէն
զատ
ուրիշ
կողմ
չպարզող։
Մարդը
եղաւ
ան,
որ
իրմէն
հայերէն
սորվողներուն
արհամարհանքը
ժպտելով
ու
բարութեամբ
դիմաւորեց
(«
Մեհեան
»՝
հանդէսէն
իր
բաժանումը)։
Երկրորդը,
թէեւ
կուսակցութեան
մը
ասպետներէն,
անընդունակ
էր
իր
դերէն
դուրս
—
պսակաւոր,
տօնական,
անխուսափելի
քերթողի
բախտաւոր
դեր
մը
—
նոյնիսկ
կիրք
կամ
յուզում
ստեղծելու,
իր
վախը
ծածկելով
մռայլ
անտարբերութեան
մը
ետին
ու
իր
քէները,
պատրանքները
կրելով
վսեմ
այլուրութեամբ
մը
անոնցմէ։
1900–էն
մինչեւ
1915
մեր
բանաստեղծութեան
մեծ
դէմքերը
կ՚իյնան
ուրեմն
կա՛մ
դէպքերուն
ծանրոցին,
կա՛մ
իրենց
անձնաւորութեանց
մագնիսին
տակ։
Ու
իբր
այդ
կը
տպաւորեն
իրենց
շրջապատը։
Ահա՛
թէ
ինչո՛ւ
իրար
հասկնալու,
գնահատելու,
չըսելու
համար
սիրելու
արարքները,
հոգեղէն
մէկ
բարեխառնութենէն
միւսը
անցած
պահուն,
բեկման
ու
այլայլումի
դժբախտ
օրէնքներով
կը
վերածուին
իրար
հերքելու,
ուրանալու,
ատելու
արարքներուն։
Դէպքերը
չեմ
վերլուծեր։
Իբրեւ
քերթող
ապրելէ
աւելի,
Վահան
Թէքէեան
իբրեւ
գրագէտ,
գործիչ,
խմբագիր
հասած
է
զանգուածին,
որ
անոր
ետին
տեսած
է
թիրախ
մը
կամ
պսակ
մը,
համաձայն
ակնոցին՝
մատուցուած
իր
զգացումներուն։
Ու
այս
հանգամանքն
էր,
որ
շարժման
մէջ
դրաւ
իր
ազդեցութիւնը
մեր
հրապարակին
վրայ։
Զայն
ուրանալը
գրական
հասկացողութենէ
մը
չէր
բխեր,
այլ
կարծես
պարտք
մըն
էր
վերերէն,
հեռուներէն
դրուած,
ինչպէս
զայն
մենաշնորհի
մը
վերածելու
միամտութիւնը
չէր
բխեր
գրական
ճաշակէ,
հասկացողութենէ,
իրաւ
բանաստեղծութեան
զգայարանքէն,
այլ՝
միշտ
ու
միշտ
պարտքերէ,
կարծիքներէ,
կիրքերէ։
/453/
«
Հայերգութիւն
»էն
ետք,
որ
կը
խմբէ
տարտղնուած
հոգեխառնութիւններ,
ինչպէս
գուշակելի
խմորներ,
որոնցմէ
մեզի
կը
տրուի
երբեմն
նորին
փառքը,
կատարուա՞ծ
է
ազատագրութիւնը։
—
Չեմ
կարծեր։
Ո՛չ
անշուշտ
անոր
համար
է,
որ
«
Հայերգութիւն
»ը
կրկնութիւն
մըն
է
ու
հոն
ուրուացող
նոր
քերթուածները
երիտասարդ
չեն,
այլ
այն
միւս
փաստին
համար,
որուն
անունն
է
Սփիւռքը։
Հոս,
այս
բառը
տարածեցէ՛ք
իր
լայնքին
ու
փորձեցէ՛ք
դէպի
իր
խորքերը։
Հոս,
այս
բառը
կը
դնեմ
իբր
խորհրդանիշ,
ուր
ըլլային
խտացած
արեւմտահայ
գրականութեան
կարելի
մեղքերը
ու
հալած,
անգայտացած
անոր
չքնաղ
ու
սուղ
առաքինութիւնները։
Հոս,
այս
բառը
կը
թելադրէ
ո՛չ
միայն
իմացական
մեր
նոր
չտեսութիւնը,
այլեւ
ծիւրախտը
հայ
հոգիին:
Զանազան
տեղեր,
զանազան
առիթներով
ես
վերլուծեր
եմ
այդ
քաւարանեան
վիճակը։
Աւելի
անդին
ես
կու
տամ
քանի
մը
նիշեր։
Վահան
Թէքէեան
չէ
ազատագրուած,
եթէ
երբեք
տարազին
ետին
ուզէք
հասկնալ
ինքզինք
աւարտած,
իր
շրջանը
իւրացուցած,
իր
ժողովուրդի
հաւաքական
հարստութեան
վրայ
իր
յաւելումներով
անոր
երախտագէտ
զգացումներուն
արժանացած
աշխատաւորը
։
Իրմէ
դուրս
չէ
կատարուած
այս
զիջումը
իր
դերին։
Յետոյ,
քերթողներուն
պարագան
ունի
իրեն
յատուկ
ալ
քմայքներ։
Տեղեակ
էք,
թէ
ի՛նչ
անգթութեամբ
երբեմն
կը
պատժենք
ծանրակուռ
համբաւները։
Բայց
ատկէ
առաջ
մոռնալու
չենք,
որ
քերթողները
կը
նուիրագործուին
ո՛չ
թէ
ժամանակին
հետ,
մէջը,
այլ
անկէ
վեր
։
1914–ին
իբր
բանաստեղծ
մռայլ,
անծանօթ
Վահան
Թէքէեանը
այդ
թուականէն
երեսուն
տարի
ետքը
տակաւին՝
ուրի՛շ
տրտմութիւն։
Ան
կը
նմանի
մէկուն,
որ
կորսնցուցած
է
ո՛չ
միայն
իր
երազները,
իր
սիրելիները,
այլ,
աւա՜ղ,
այն
ամբողջ
ուժականութիւնը,
որով
կենդանի
գիրք
մը
կ՚ըլլար
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը,
ընդդէմ
աշխարհ
մը
կորանքներու,
լիահաւատ
ինք
իրմէ,
նկուն
բայց
երբեք
յուսաբեկ։
Ու
դառնութիւն
է
մտածել,
որ
մեր
բոլոր
խանդավառութիւնները,
կրակներն
ու
կիրքերը
զորս
դրեր
ենք
մեր
բառերուն
ներսը,
ետ
կը
դարձուին
մեզի,
իբր
անպէտ,
մաշած,
անարձագանգ
եղանակներու
փշրանք։
Ո՛չ
միայն
լայն
խաւերու
դասական
անընկալչութիւնն
է
հեղինակը
այս
տրամային,
այլեւ
մեղապարտ
աճապարանքը
դէպի
փառք
բոլոր
անոնց,
որոնց
վրայ
դրեր
էինք
մեր
երիտասարդութեան
շքեղ
պատրանքները,
անոնց
մատաղ
ուսերուն
վստահելու
չափ
միամիտ,
ինչ
որ
առեր
էինք
մեզ
կանխողներէն։
Վահան
Թէքէեան
անշուշտ
մասնակի
տառապանքի
մը
պատճառ
չի
նկատեր
սա
վիճակը,
քանի
որ
ապրեր
էր
արդէն
լռութեան,
լքումին
ոսկի
բարիքները։
Ան
քաւարան
չունի,
/454/
տրուած
ըլլալով
իր
բանաստեղծութեան
քիչիկ
մը
ազնուապետական
նկարագիրը։
Բայց
երկինքէն
ու
դժոխքէն
առաջ,
երկի՛րը։
Եթէ
երբեք
ան
տպաւորութիւնը
կու
տայ
ինքնակորոյս
ասպետին,
որ
հանդարտութեամբ
ատամունքը
սեղմ
կը
քալէ
դէպի
ճակտին
գիրը,
գէթ
ունի
այդ
ճամբորդութեան
մէջ
քնի
մը
քաղցր
սփոփանքներ,
որոնց
վրայ
անխելք,
սնափառ
շահարկութիւնն
է,
որ
չներեց
իրեն։
Քերթողները
տարօրէն
միամիտ
ասպետներ
են,
այս
ալ
մի՛
մոռնաք։
Վահան
Թէքէեան,
Վարուժան,
Մեծարենց,
Դուրեան
կը
հաւատային
իրենց
ըրածին։
Ի՜նչ
խնամք
էր
Վարուժանը
իր
տողերուն
երկնումին
հետ
ու
ատեն։
Ի՜նչ
խանդ՝
երբ
կը
կարդար՝
մտերմիկ
ու
ճառագայթուն
քերթուածը,
որ
գտեր
էր
իր
վերջնական
կերպարանքը։
Խօսեցայ,
թէ
այդ
խնամքը
ո՛ւր,
ո՛ր
աստիճան
բծախնդիր,
հիւանդագին
չափերու
հասցուցած
էր
Վահան
Թէքէեան։
Ասկէ
դէպի
սնափառութիւն,
ստերջ
փառասիրութիւն
կայ
անշուշտ
զառիթափը։
Վահան
Թէքէեան
չէ
ըրած
զիջումը
ու
քալած
իր
ճակտին
գիրովը։
Այսօր
թերեւս
անոր
մէջ
անուշութիւն
է,
չըսելու
համար
սփոփանք,
որ
մեր
քերթողութեան
սպասին
նուիրեալներ,
թարմ,
հեռու,
պղտոր,
իր
ճամբուն
դարձուածքներէն,
իյնան
իր
աչքերուն,
սիրեն
յամենալ
իր
յոյզերուն
ու
վայրերուն,
զգան
արուեստը
իրեն
նման,
լուրջ,
խոր,
մարդկային,
երբե՛ք
սնապարծութեան
մարզանք։
Կ՚ակնարկեմ
այն
տղոց,
որոնց
քերթուածները
կը
կարդանք,
կամաց–կամաց
այցուելով
Վահան
Թէքէեանի
ուրուականէն,
բայց
չենք
տառապիր,
վասնզի
մենաշնորհ
մը
չենք
զիջած
Վահան
Թէքէեանի
անունով
այն
ամէն
նիւթերուն
վրայ,
ուր
ցամաքութիւնը,
պարզութիւնը,
խորութիւնը,
իրաւութիւնը,
անլրումին
անկեղծութիւնն
ու
ազնուականութիւնը
կը
կազմեն
քերթուածի
մը
ամենէն
առաջաւոր,
անկապտելի
արժէքները։
Անշուշտ
այս
վերջին
տողերուն
հետ
չէք
արտօնուած
խորհիլ
ո՛չ
Պետրոս
Դուրեանին,
որուն
չի
ներուիր
աշկերտիլ
ոեւէ
բանաստեղծի,
ո՛չ
ալ
Վարուժանին,
որուն
արուեստը
ճիշդ
հակադիր
տարրերով
է
պայմանաւոր։
Կու
տամ
անունը
Վահան
Թէքէեանի։
Ու
պիտի
գտնէք,
որ
անոր
աշկերտիլը
հետեւողութիւն
չէ,
քանի
որ
ամէն
ինքզինք
յարգող
երիտասարդ
այդ
արժանիքներուն
գինը
գտած
է
թուղթերէն
առաջ
իր
կեանքին
ճամբովը։
Ասոր
համար
է
թերեւս,
որ
Սփիւռքը,
երբ
բանաստեղծութեան
մոթիֆներ
կը
փորձէ,
բնազդաբար
կը
դառնայ
Վահան
Թէքէեանին։
Ասիկա
վարդապետութեան
տափակ
տուրքը
մի՛
դաւանիք։
Սփիւռքի
քերթողներուն
մէջ
կան,
որ
Մեծարենց,
Վարուժան,
Սիամանթօ
կը
փառասիրեն։
Այս
վերջիններէն
(Վարուժան,
Մեծարենց,
Սիաման/455/թօ)
ամէն
թելադրանք
կը
նկատեմ
ապարդիւն,
նոյնիսկ
վնասակար
ո՛չ
միայն
անոր
համար,
որ
ամէն
ազդեցութիւն,
աշկերտութիւն
աղիտաւոր
է
մատաղ
զգայնութիւններու
կազմաւորման,
ինքնացման,
այլեւ
այն
գլխաւոր
փաստին
մէջէն,
որ
այդ
երիտասարդներուն
անձնականութիւնն
է,
ստիպուած
՝
ինքզինք
զեղծելու,
հարկադիր
յարմարեցման
մը
մէջ
ապրումները,
որոնք
Սփիւռքէն
չեն
ծնած։
Մեր
օրերուն
Սիամանթօն
շատ–շատ
արեւելահայ
ռազմերգակ
տաղաչափները
պիտի
կրնար
բարիքով
զգաստացնել։
Յետոյ՝
այն
բանաստեղծները,
որոնց
տիրական
արժէքը
բառերով
է
կնքաւոր,
վտանգաւոր
առաջնորդներ
են։
Կրնան,
իրենց
օրերուն,
պարտադրել
իրենք
զիրենք։
Բայց
բառը
փոշի
է
եւ
կը
թռի,
մեզ
մինակ
ձգելով
մեր
խորքին
հետ,
որուն
կը
մնանք
պարտական
ամէն
բան։
Անոնք,
որոնց
արուեստը
ներքին
է,
չըսելու
համար՝
ներսէն,
անշուշտ
նուազ
վտանգաւոր
են,
քանի
որ
ամէն
երիտասարդ,
անոնց
ճամբով,
կը
մղուի
ինքզինք
ըլալու,
իր
ներսը
գտնելու,
առնուազն՝
բառերէն
մատնութիւն
մը
դարմանելու
կարիքի
մը
տակ,
աւելի
խորունկ
պեղելու
իր
ներքին,
միայն
իրեն
սեպհական
հանքերը
—
ինչ
որ
մեծ
բարիք
է
դարձեալ,
երբ
բաղդատուի
«արձագանգային»
մնալու
թշուառութեան։
Թո՛ղ
Միսաք
Մեծարենց
իր
հիացումը
սանձահարէր
քիչ
մը
մելանուշ
ու
փափկանուշ
կամ
նրբահիւս
ու
«ծիծղուն»,
«ցնծուն»
բառերէն
—
nրոնք
Չրաքեանի
մը
կամ
Սիպիլի
մը
սկզբնատառերով
կնքաւոր
վաճառքի
ապրանք
էին
այս
դարու
սկիզբը
—
ան
պիտի
ըլլար
ստիպուած
աւելի
նորերը
իջնելու
իր
ներքին
գանձարանին,
ուր
լոյսին
կը
սպասեն
մեր
հոգիին
թեւերը,
արուեստի
գործ
ըլլալու
սափմանուած։
Բայց
այդ
անուններուն
փառքը
այնքան
շլացիկ
էր,
որ
գաւառացիի
միամտութեամբ
այդ
տղան
միտքէ
չանցուց
ինքնապաշտպանութիւն
մը
ընդդէմ
նուրբին
ու
փնտռուածին։
Ապագան
դառնութեամբ
կը
յիշէ
սա
մեղանքը։
Ու
կ՚ըսէ
իր
խօսքը,
որ
լուսաւէտ
է
դարձեալ
շքեղ
փառքին
մէջը
տասնհինգ-քսան
այն
քերթուածներուն,
որոնք
կը
մնան
գեղեցկագոյններէն
մեր
լեզուով
գրուած
բանաստեղծութեանց
մէջ։
Անոնք
ահա
այդ
հրաշքը
կ՚իրագործեն
ներսի
բխումներու:
Սփիւռքի
քերթողները
թերեւս
սա
փորձառութիւնը
կը
կարծեն
բնազդաբար
արժեւորել,
երբ
կը
զանցեն
ծանօթ
կաղապարներ
ու
կը
գերադասեն
ինքնատիպ
խցութիւնը
հետեւակ
ներդաշնակութենէն
(Գլըճեան,
Սարաֆեան,
Շաքլեան)։
Եղան
մարդեր,
որ
դատապարտեցին
Ալ.
Գլըճեանի
«
Երգեր
ուրացման
եւ
զղջումի
»ն,
զայն
գտնելով
բոլորովին
անդաշն
ու
անարուեստ,
իրականին
մէջ՝
անոր
համար
միայն,
որ
այդ
ճիչերուն
մէջ
այնքան
քիչ
կային
Մեծարենց,
Վարուժան,
Թէքէեան։
/456/
Անճանաչելի
դարձուցին
Եղիվարդի
երկու
գիրքերը,
իրենց
հասկացողութեան
ու
չափերուն
փաստովը,
երբ
այս
մէկը
անոր
մէջ
փնտռեց
Եղիշէ
Դուրեան,
եւ
կամ
…
Յոբ
Երանելին,
այն
միւսը՝
անոր
մէջ
տեսնել
կարծեց
աշխարհիկ
մարմներգութիւն։
Ու
ընդունած
եմ
զարմացական,
գայթակղուած
միտքէ
եկող
նամակներ,
ուր
զարմանք
կը
յայտնուի
իմ
կշիռներուն,
Բիւզանդ
Թօփալեանի
մը
երգերուն
մասին,
ու
կը
բողոքեն,
որ
այդ
գրեթէ
արձակ
փշրանքներուն
մէջ
ես
գտեր
էի
իրաւ,
հարազատ
բանաստեղծութեան
տարրեր։
Ու
հակառակ
հոգեբանութեամբ
ինծի
հասան
նկատողութիւններ,
ուր
«
Արեւ–անձրեւ
»ին,
«
Կրակը
»ին
համար
իմ
գաղջութիւնը,
սպասողականութիւնը
վերածուած
էին
հակադիր
իմաստութեան։
Այս
հակասութիւնները,
պղտորումները
բացատրելի
են
սակայն։
Գլըճեան
բանաստեղծ
մըն
է,
որ
Պոլսէն
ոչինչ
ունի,
ու
այդ
զանցառութիւնը
դժուար
է
հանդուրժել
մեր
բանիմաց
դասակարգին
համար,
ամբողջութեամբ
Պոլսէն
իր
ճաշակը
յօրինած։
Եղիվարդ
մը
Վարուժանէն
չգալու
եւ
Թէքէեան
չմտատիպարելու
իր
անկախութիւնը
պարտաւոր
է
քաւել։
Թօփալեան
եւ
Սարաֆեան
դարձեալ
այդ
անկախութիւնը
սիրեցին,
ճաշակներ
ու
հասարակաց
կարծիքներ
իրենց
դէմ
հանելու
աստիճան,
անշուշտ
անգիտակցաբար։
Բոլոր
այս
նկատողութիւններուն
չեմ
ուրախնար
գոյութեան
իրաւունք
մը։
Անոնք
արդիւնք
են,
ինչպէս
ըսի,
Պոլիսին,
անբանաստեղծ
Սփիւռքին,
որ
իր
դատաւորները
կը
հանդերձէ
համաձայն
իր
կարիքներուն։
«
Անջրպետի
մը
գրաւումը
»,
«
Եւողեան
տաւիղ
»,
«
Ձորավանք
»,
«
Տուներու
երգը
»,
«
Առագաստներ
»՝
ուրի՛շ
դիւաններ,
որոնց
ետին
այս
ու
այն
վարպետին
բուքը
չարախինդ
ծիծաղով
մը
չէ
որ
կը
խորանարդեմ,
այլ
կ՚ուզեմ
հասկնալ
փարատոքսալ
իրականութիւնը,
որ,
հակառակ
այդ
տաղարաններու
թելադրած
տաղանդի
փաստերուն,
Սփիւռքը
դարձեալ
կը
մնայ
առանց
բանաստեղծութեան
։
Կը
յիշեմ,
որ
մէկը
այս
տրտմութիւնը
վերածեց
տեսակ
մը
մրցումի,
երբ
գրեց,
որ
կը
սպառնայինք
իրենց
մեր
Վարուժաններով,
Մեծարենցներով,
Թէքէեաններով։
«
Դուք
Վարուժան
չունի՜ք
»ին
(իբր
թէ
Վարուժանը
գնչուներունը
ըլլար)
մանկամտութիւնը
կը
վերագրէին
մեզի,
երբ
իրենցմէ
մեր
ուզածը
միայն
զիրենք
էր
եւ
ոչ
ուրիշ
բան։
Վահան
Թէքէեան
դպրոց
մը
չէ
կազմած
(բոլոր
դպրոցները
մեղքեր
են)
բանաստեղծականին
մէջ
մասնաւորմամբ
մը։
Ասիկա
հոս
հաստատում
մըն
է
միայն
եւ
չի
հետապնդեր
իր
փաստէն
տարբեր
ուրիշ
որեւէ
թելադրանք։
Վարպետը
գրականութեան
մէջ
աշկերտ
մըն
է,
ամէնէն
առաջ
ինք
իրեն։
Ո՛չ
ոք
Դուրեանի
մը,
իրաւ
բանաստեղծի
/457/
մը
հետքերէն
պիտի
յաջողի
հասնիլ
Տիրոջը
այգին,
եթէ
երբեք
այգիի
մը
իրաւունքովը
չէ
ծնած։
Բայց
Վահան
Թէքէեան
Սփիւռքի
բանաստեղծութեան
մատուցած
է
լայն
բարիք
մը,
արժանի
կեցնելու
չափ
զինք
շատերու
երախտագիտութեան։
Ատիկա
համարձակութիւն
թելադրելն
է
ամէն
երիտասարդի,
որպէսզի
ըսէ
իր
ըսելիքը,
եթէ
ունի,
առանց
գրականութեան:
Լաւ
հասկցէք
ասիկա։
Քառորդ
դարէ
ի
վեր
կ՚ըսեմ
ու
նորէն
կ՚ըսեմ,
թէ
ոտանաւոր
գրելը,
նոյնիսկ
ամենէն
գեղակերտ
բառերով,
անթերի
յանգերով
եւ
աննուաղ
կշռոյթով,
մարզանք
մըն
է
մատչելի,
արգասաւոր,
ամէն
երիտասարդի,
որ
իր
լեզուին
քերականութիւնը
սորված
է
պարտ
ու
պատշաճ
չափով։
Յիշեցէ՛ք,
որ
հայ
մատենագրութեան
այլապէս
երախտաւոր
բայց
ամենէն
անբանաստեղծ
երկու
համբաւները,
Մատաթիա
Գարագաշ
եւ
Մաղաքիա
Օրմանեան
(ասոնց
ետին
ամենայն
դիւրութեամբ
ու
բնականութեամբ
դուք
արտօնուած
էք
դնելու
Վիեննայի
եւ
Վենետիկի
Մխիթարեաններուն
տաղաչափութիւնը։
Ունինք
Վիեննայէն
բանաստեղծութիւն
ուսուցանող
գիրք
մըն
ալ,
անշուշտ
«
ի
պէտս
եւ
ի
վայելումն
մերազնէից
»)
ոտանաւորներ
գրած
են
սքանչելի,
անգնահատելի
լրջութեամբ։
Ու
չարի՛քը
սա
խժդուժ
փառասիրութեանց։
Չեմ
առաջարկեր
սակայն
օրինազանց,
«ապօրէն»
բանաստեղծութեան
մը
փառասիրումը
(այնքան
դիւրին
մեղք՝
բոլոր
նանրամիտները
պատմուճանող),
ո՛չ
ալ
ստորագնահատեր
միւս
խուժ
տխրութիւնը,
որ
յանուն
պարզութեան,
ցամաքութեան,
անգրականութեան,
անդարման
աղքատութիւնը,
անանձն
տափակութիւնը
կը
յաւակնի
հարսնեւորել
բոլորովին
նորափետուր
տղոց
աչքին
։
Այս
պատրանքին
ընդմէջէն
է,
որ
/458/
արեւելահայերը
մեծ
բանաստեղծ
պսակեցին
գրեթէ
հետեւակ
տաղաչափ
մը,
մունետիկ
մը
(կը
խնայեմ
անունը),
որ
ժողովրդական
մոթիֆները
ընդօրինակելը
վերածեց
արհեստի։
Ու
մտածման
նոյն
զուգորդութեամբ
կը
յիշեմ
միւս
կորանքն
ալ,
որ,
ամերիկեան
նորութիւն,
1930–էն
ասդին
ինքնին
դժուար
մեծցող
մեր
պատմումը
ենթարկեց
իր
դիւրին
չարիքին։
Ակնարկութիւնը
թափանցի՞կ
է
բաւական,
այն
տրտում
վկայութիւններէն
ետք
մեր
պատմումը
անմտած,
անոճ,
հետեւակ
ներկայացման
մը
փոխակերպող,
երբ,
երիտասարդ
գրիչներու
բերնով
կը
կարդանք
շքեղ
պահանջը
ամենաբոյժ
Սարոյեաններու։
Ու
այս
տղաքը
չեն
կասկածիր,
թէ
իրենց
պահանջը
ուրիշ
բան
չէր,
եթէ
ոչ
պահանջը
որեւէ՜
բան
գրելու,
ճիշդ
ու
ճիշդ
նման
տաղարաններուն,
որոնք
Սուրիայէն,
Եգիպտոսէն,
Ամերիկայէն
եկած
են
մեզի։
Այսօր
ունինք
դիւաններ։
Եւ
ունինք
անուններ,
որոնց
ետին
տաղանդի
փաստ
տեսնելը
սրբապղծութիւն
պիտի
չըլլար,
ըսեր
եմ
տեղ
մը։
Ասոնցմէ
մէկն
է,
օրինակներ
տալու
համար,
Ժագ
Յակոբեան։
Այս
համակրելի
տաղաչափը
մուսաներու
բարբառին
տասնամեակ
մը
տեւող
իր
աշկերտութեամբը
ուրիշ
բան
չապացուցաներ,
եթէ
ոչ
հին
ճշմարտութիւնը,
թէ
մենք
Մեծարենցի,
այսինքն
ոեւէ
վարպետի
ճամբով,
շատ
շատ՝
կը
հասնինք
բառական
(verbal)
դաշնակութեան,
որ
բան
մըն
է
անշուշտ,
բայց
չէ
իրաւ
բանաստեղծութիւն,
հակառակ
այս
իրողութիւնը
հերքող
մագաղաթեայ
վկայութեանց։
Հրանդ
Նազարեանց
1910–ին,
իտալական
մամուլին
մէջ,
Մերուժան
Պարսամեան,
հինգ
տարի
ետքը
ֆրանսական
մամուլին
մէջ
(շարունակելը
ձեզմէ՝
Ամերիկա,
Եգիպտոս,
ուր
այնքան
առատ
են
մեծ
բանաստեղծները
օտարներու
իսկ
հիացումով)
հռչակուեցան
մեծ
բանաստեղծներ։
Ու
հանգիտօրէն
աննման
հոյակապ
վարպետները
որքան
առատ
ու
դիւրին
կը
բուսնին
մեր
խեղճ
ու
պատառ
մամուլին
մէջ։
Ժագ
Յակոբեան
չեմ
կարծեր,
որ
ունայնամիտ
մըն
է
իրեն
բաշխուած
շնորհները
արժեւորելու
վերի
մարդոց
թեթեւսիրտ
երանութեամբը։
Գրական
ամէն
սեռի
մէջ
ազդեցութիւնը
անշուշտ
տրտում
տկարութիւն
մըն
է
կրողին
ուսերուն,
բայց
մանաւանդ
բանաստեղծութեան
մէջ
ուղղակի
աղէտ
է
անիկա։
Տաղանդաւոր
երիտասարդներ
էին
Թերզեանը,
Չերազը,
Սէթեանը,
Պէրպէրեանը,
որոնց
մօտ
որոշ
ալ
խառնուածք
մը
անտեղի
չէ
հաստատել,
բայց
որոնց
քերթողութիւնը
բեռ
է
արեւմտահայ
գրականութեան,
ճիշդ
ու
ճիշդ
Ալիշանի
կամ
Բագրատունիի
ազդեցութիւններուն
պատճառով։
Յետոյ,
Սփիւռքի
տիրական
գիծերէն
մէկը
բանաստեղծութեան
մէջ
հռետորութենէ
սարսափն
է,
ամէն
գնով։
Մեծարենց
հռետոր
մը
չէ։
/459/
Բայց
Վարուժա՞ն։
Անոր
ազդեցութիւնը
մեր
տղաքը
շատ
դիւրաւ
կրնայ
զառածել
դէպի
հանդէսը
հռետորեան
զգայութիւններու,
այսինքն
դէպի
վիճակներ,
որոնք
գլխովին
օտար
են
մեզի,
գէթ
երկու
պատերազմներու
մէջտեղը։
Կարօտանք,
երազանք
ներուած
չեն
կարծես
մեր
տղոց,
որոնց
տաղանդին
ու
զգայնութեան՝
ամէն
ճամբաներէ
աղէտը
իր
հարուածները
կը
փորձէ
ահա
քառորդ
դարէ
ասդին։
Չեմ
առաջարկեր
ձեզի
վերակազմել
ձեր
տպաւորութիւնները
Սփիւռքի
որեւէ
տաղարանէն,
ճառագայթման
ընդմէջէն
Վարուժանի
գործին,
բայց
կը
վստահիմ
ձեր
ինքնամփոփման
պահերուն
անկեղծութեան։
«
Ցեղին
սիրտը
»
փշրանք
մը
բան
չէ
կորսնցուցած
իր
ջերմութենէն։
«
Հեթանոս
երգեր
»ը,
ըսի,
օրուան
կեանքինն
են,
կեանքինը,
աւելի
տարածումով
մը։
Դուք
պիտի
չտառապիք
Սիամանթոյի
պակասէն
—
թէեւ
ներկայ
պատերազմին
մէկ
նուէրը
անտեղի
չէ
զգալ
մեր
տղոց
ձախ
թեւի
տաղաչափութեանց
ներսը
–
բայց
պիտի
պղտորուիք
թեթեւակի,
որ
Վարուժանի
ստուերը
անցնի
մեր
ամենէն
լաւ
գրուած
բանաստեղծութեանց
վրայէն։
Չարի՞ք։
Դուք
գտէք
բառը։
Երբ
մէկը
Վարուժանէն
փոխ
կ՚առնէ
անոր
ձգտումները
—
որոնք
հասարակաց
ապրանք
են
ու
չեն
պաշտպանելի
քոփիրայթով
մը
—
ու
ատոնք
յատակ
կը
յարդարէ
Աճէմեանական
տաղաչափութեան,
«նովին
իսկ
հրաշիւք»
ամերիկահայ
մեծահռչակ
քերթող
մը
կ՚ըլլայ,
օրինակի
համար,
Կ.
Սիտալ
անունով
մէկը,
որուն
դիւցազնավէպերուն
աղերսը
իրաւ
բանաստեղծութեան
հետ
համեմատական
է
հասկացողութեանը…
Մաղաքիա
Օրմանեանի,
երբ
երախտառատ
այդ
եկեղեցականը
Աղեքսանդր
Փանոսեանը
իբրեւ
քերթող
կ՚ընծայէր
մեր
բանաստեղծութեան։
Ծրագրէս
դուրս
էր
զբաղիլ
մասնաւորումներով։
Բայց
լուսաւորութեան
պա՞րտքը։
Կու
տամ
ուրեմն
ուրիշ
ալ
անուններ։
Մ.
Իշխան,
Ա.
Ծառուկեան,
Ն.
Սարաֆեան,
Վ.
Սօֆեան,
Արմէն
Անուշ,
Ա.
Յակոբեան,
Գ.
Սեմա,
Վահէ–Վահեան,
նոր
մեռնող
Մանուկեանը
(այս
անուանումները,
արա՛գ,
պատահակի,
տաղանդի
կամ
անտաղանդութեան
կշիռով
մը
չեն
գար
սա
տողերուն,
որպէսզի
յիշուողները
տառապին,
ընդվզին,
պոռան
իրենց
ալ
գոյութիւնը,
անշուշտ
չեն
բխիր
Դանիէլ
Վարուժանէն,
բայց
իրենց
ոգիին,
թեքնիքին
մէջ
Վարուժան,
Թէքէեան,
Մեծարենց,
աւելի
պարկեշտ
դիտողութեամբ
մը
այս
մարդոցմէ
մեր
ներսը
բիւրեղացած
տպաւորութեան
մօտիկ
երանգ
մը,
ընտանութիւն
մը
կը
թելադրեն,
ոմանք
քիչ
մը
շեշտակի,
ուրիշներ՝
հեռուէ
հեռու։
Մի՛
ըսէք,
թէ
աւելորդ
է
մատի
փաթթել
անխուսափելին։
Բանաստեղծութիւնը
հիմնական
անկախութիւնն
է,
գրականութեան
բոլոր
միւս
սեռերէն
այս
հանգամանքով
ինքզինք
զա/460/տող։
Վէպ
մը,
թատերական
երկ
մը
հասարակաց
խմորի
մը
վրայ
անձնական
կնիքով
մը
կրնան
բաւարարուիլ։
Քերթուածը
ինքզինք
է,
ու
միայն
ինքզինք
։
Անոր
մէջ
անհերքելի
շրջանային
ապրումին
ճնշումը։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց
այդ
ապրումը
նախանիւթ
մըն
է,
որուն
տրուած
կերպարանքն
է,
որ
կ՚ազատագրէ
քերթուածին
ճակատագիրը:
Նոյնքան
ստոյգ
է,
որ
շամանդաղային
սա
զգայնութիւնը,
այդ
տղոց
գործերէն,
անբաւարար
է
խորտակելու
այդ
տղոց
խառնուածքը,
մեր
նկատառման
մէջ,
խառնուածք՝
հարուստ
կամ
աղքատ,
կեղծ
կամ
իրաւ,
խոր
կամ
ծանծաղ,
բայց
խառնուածք
մը
վերջապէս
։
Չունի՞,
սակայն,
այդ
սերունդը
կարողութիւնը
անձնանալու:
Մարդիկ
զիս
կը
մեղադրեն
չկամութեամբ,
անտեղի
խստութեամբ։
Կ՚ընդունիմ,
բայց
կ՚առաջարկեմ
որ
վերագրումները
փոխադրուին
իրենց
իսկական
մարզին։
Օշական
ոչինչ
ունի
շահելիք
Պետրոս
Դուրեանի
փառքէն
կամ
Չերազի
ցուցամոլ
հռչակէն։
Անցեալին
վրայ
այս
խստութիւնը
պահ
մը
կը
զիջիմ
սակայն
Սփիւռքի
ու
անոր
բազմաթիւ
ներկայացուցիչներուն
մօտ,
գրելու
շնորհ
մը
կը
վերածեմ
նոյնիսկ
սուղ
կշիռին,
տաղանդին:
Բայց,
մի՛
մոռնաք,
տաղանդը
—
հին
բառով
մը
խառնուածքը
—
վտանգ
մըն
է
միայն
երբ
չի
նուաճուիր:
Ճիշդ
այս
պարագային
է,
որ
մեր
անգիտակցութեան
մէջ
մթերուած
յուշքերը,
տպաւորութիւնները
կը
դառնան
բռնաւոր,
մեզ
պատրելով։
Թող
գրուէր
«
Կաշտի
քաջերը
»
անկախ,
հարազատ
արուեստով
մը
եւ
ոչ
թէ
հեռուէ
հեռու
/461/
արձագանգ
ճարելու
համար
Վարուժանեան
դիւցազնավէպին
եւ
դարպասելու
համար
Հայաստանեան
թեքնիքն
ու
փրոփականտի
թաքուն
ցանկութիւնները,
թերեւս
ըլլային
խնայուած
մեզի
անբանաստեղծ
այդ
վիպումները,
որոնց
կարելիութիւնը,
սա
օրերուն,
մեզ
կը
լեցնէ
տրտում,
դառն
զարմանքով։
Կը
հասկնամ,
որ
Կ.
Սիտալ
արհամարհէ
Պոլիսը։
Բայց
չեմ
հասկնար,
որ
ինչո՞ւ
չարհամարհեր
ինքզինք,
երբ
կը
զիջի
տաղաչափութեան
անհետացած
փառքը
վերականգնել։
Ու
հակառակ
բանակէն
եկող
«
Անջրպետի
մը
գրաւումը
»
ու
ասոր
շարունակութիւն
«
Մակընթացութիւն
»ը
թուղթի
չիյնային
ինքնատպութեան
ճնշումէ
մը
ու
լսէին
մեզի
Սփիւռքի
ամենէն
նրբին
տրտմութիւնները,
անկումները,
առանց
մեզ
զարմացնելու
թաքուն,
անխոստովան
փառասիրութեամբ,
մենք
կ՚ունենայինք
սերունդի
մը
հոգեյատակը,
ուր
մեր
պատմութեան
տիղմը
ու
նոր
ոստաններու
մէջ
մեր
հանդուրժել
հարկադրուած
բարոյական
գայռը
իրարու
կը
ճակատին
ահաւոր
անասնութեամբ
մը,
մեզ
ընելով
անվաւեր
երամակ,
մեր
ցեղին
դէմ
խորունկ
դառնութեամբ
ու
մեր
հոգւոյն
վրայ
կանաչ-կանաչ
նստող
օտար
թոյներէն
խենթեցած։
Մեր
տառապանքը
կրկին
է
հոս,
քանի
որ,
ըսի
անգամ
մը,
մերձաւոր
պայմաններէն
Վահան
Թէքէեան
հաներ
էր
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը,
իրական
գլուխ
գործոց
մը,
եւ
«
Սէր
»ը,
որ
իրաւ
գիրք
մըն
է
դարձեալ։
Թող
«
Արեւ-Անձրեւ
»ը
փոխանակ
փափուկ
բառերու,
սովորական
գոյներու,
մանաւանդ
քիչ
հարազատ
ապրումներու
հանդէս
մը
ըլլալու,
փառասիրէր
տագնապները,
կիրքերը,
մոլուցքը
արիւնէն
բուսնող
մեր
երիտասարդութեան
(կեցուա՛ծք՝
որուն
հեռահայեաց
ցանկութիւններովը
գիրի
ինկած
են
«
Արեւագալ
»ը,
«
Առագաստներ
»ը,
«
Գարուն
»ը,
«
Ձորավանք
»ը,
«Երգեր
ուրացման»ը,
«
Խորտակման
գիշերներ
»ը,
նոյնիսկ
աւելի
խոնարհ
յաւակնութիւններով
«
Միջինք
»ը,
«
Աստղերուն
տակ
»ը,
«
Խաչբուռ
»ը,
ու
նորագոյն
«
Սէր
եւ
վիշտ
»ը
առաւել
կամ
նուազ
հարազատութեամբ,
բայց
իրաւ
ըլլալու
վճռական
կիրքով
մը),
մենք
կ՚ունենայինք
վկայութիւնը,
որ
դէմք
մը
կը
ճշդէ,
նախ
այդ
դէմքին
հաշւոյն,
ապա՝
սե/462/րունդին
հաշւոյն։
Այս
նկատողութիւններուն
մէջ
չեմ
ծանրանար
«
Մագաղաթներ
»
հատորին,
որուն
հեղինակը
նախասփիւռքի
տաղաչափ
մը,
կը
յամառի
մեր
1900–ը
յաւերժել,
հպարտ
ինչպէս
առանձին,
ուրիշ
մը
պիտի
ըսէր
անոպայ
ու
անարձագանգ։
Բայց
1924–ին
«
Լոյս
զուարթ
»ը
(այսինքն
այն
կազմող
քերթուածներուն
յատակն
ու
թեքնիքը
)
լման
հասակովը
Սփիւռքն
էր,
հակառակ
անոր,
որ
այդ
հոգեվիճակը
նոր
էր
սկիզբ
առած,
մօտիկ
էր
այն
անցեալին,
շատ
մօտիկ,
որ
գերեզմանն
էր
արուեստագէտ
սերունդին,
ու
հաղորդ
ալ
կը
մնար
թեքնիքին,
որ
արեւմտահայ
քնարականութեան
ամենէն
բարձր
ձայներուն
կը
հպատակէր։
Ու
«
Տրտմութեան
եւ
խաղաղութեան
երգեր
»ը,
որոնք
կ՚եղբայրանան
«
Լոյս
զուարթ
»ի
հոգեխառնութեան
ու
մօտիկը
կը
կենան
իրաւ
բանաստեղծութեան։
«
Եւողեան
տաւիղ
»ը,
«
Օրերի
պսակ
»ը,
«
Բիւրեղներ
»ը
դարձեալ
Սփիւռք
չեն։
Առաջինը
աւելի
յաջող
1900
մըն
է,
ըսել
կ՚ուզեմ
երկրորդ
գիծէ
քերթուածներու
արու
փունջ
մը։
«
Օրերի
պսակ
»ը,
իր
յաջողակ
քանի
մը
քերթուածներուն
մէջ
(գլխաւորաբար
«
Ասացուած
»ները)
յաւելում
մըն
է,
Սփիւռքին
անծանօթ
ապրումներու
անդրադարձ։
«
Բիւրեղներ
»ը
պիտի
կրնայինք
փոխանակել
«
Ցոլքեր
»ով։
Պէտք
կը
զգամ
աւելցնելու,
որ
սա
ճշդումները
անդրադարձումներ
են
միայն։
Իմ
նպատակն
էր
Վ.
Թէքէեանի
ստուերը
ճանչնալ
Սփիւռքի
տաղարաններուն
մէջ
եւ
ո՛չ
թէ
Սփիւռքի
քնարական
վաստակը
դնել
սեղանի։
Այս
պարտքն
ու
պատիւը
լաւ
է,
որ
ձգեմ
իրենց։
Զիրենք
կը
հասկնամ,
երբ
իրենց
կիրքերը,
քէները,
պահանջները
կ՚աճեցնեն,
բայց
անկարող
են
զիս
խռովելու,
երբ
այդ
կիրքերուն
շուքերովը
սպառնալիքի
տակ
կը
հաւատան,
թէ
կը
պահեն
արեւմտահայ
գրականութիւնը,
որ
վեր
է,
բարեբախտաբար,
մեր
բոլորին։
1900–էն
վերջ
մենք
ճակատ
բացինք
մեզ
կանխողներուն
դէմ,
բայց
չդադրեցանք
անոնց
մեզի
ձգածը
մեր
ուսերուն
պահելէ։
Կ՚արհամարհէինք
Սիպիլը,
բայց
կը
կարդայինք
զայն,
առնուազն
մեր
լեզուէն
իբրեւ
գողտր
իրագործումներու
փաստ։
1930–ին
Սփիւռքը,
ճլտորած,
ապերասան
ու
թշուառ,
կը
յարդարէր
նոյն
ճակատը,
բայց
տարբերութեամբ
մը
—
ատիկա
աճապարանքն
էր
մեռելները
թաղելու
։
Թեթեւ
սիրտով։
Նոյնիսկ
առանց
կարդալու: