Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. [ԳՐՈՂԻ ՀԱՄԱԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ]

/100/ Ըսի իմ մտածումը հատորի չմտած իր գործին մասին։

Կը մնայ համադրել Ռ. Որբերեանը իբր քերթող, վիպող, տպաւորապաշտ:

 

ա. Կործանած «Ծփանքներ»ու մասին իմ դաոաստանը չեմ կարծեր, որ ըլլայ սրբագրելի, նոյնիսկ այն պարագային, երբ քերթուածը լոյս տեսնէ իր ամբողջական ձեւին մէջ։ Անիկա ո՛չ հետեւողութիւն մըն է, ո՛չ ալ վկայութիւն մը։ Անով հայ հոգիին ո՛չ մէկ երեսը չէ ինկած ձեւի։ Քնարական միւս կտորներուն համար դժուար է բաժնել ժամանակին վճիռը։ Անոնք կը պատկանին շրջանի մը, երբ բանաստեղծական զգացումը, ասոր հասկացողութիւնն իսկ ենթարկուած էին որոշ խաւարման։ Մեծարենցի փառքը կը սկսի 1906–ին, երբ արդէն կարծրախտաւոր է Որբերեանի զգայնութիւնը։ Կու տամ այս կտորներուն ճիշդ ու ճիշդ այն դերը, արժէքը, զոր ունին մեր քերթողներուն տաղարանները, քիչ վերը թուումի անցած եւ որոնք պիտի կարդացուին գրականութեան պատմութիւնը գրողներու կողմէն։ Կը հաւատամ, թէ առանց նման ստիպման տակ ըլլալու, ո՛չ մէկը պիտի բանար մեր ռոմանթիքներուն, իրապաշտներուն դիւանները (գիտէք, թե որոնք կը կազմեն բացառութիւնը)։ Այդ քերթուածները մեզի չեն տար մարդ մը, ժամանակ մը, հոգեբանութիւն մը։ Անոնց մօտ երբեմն զգալի երաժշտականութիւնը կը նոյնանայ ռոմանթիքներու մօտ տիրական հռետորութեան, պատկերին փայլին ու… տրտմութեան։ Հայոց բանաստեղծութիւնը կրնայ, սրտի մեծ հանդարտութեամբ, մոռնալ բանաստեղծ Որբերեանը։ Ուրիշ ալ չէ արդէն իրականութիւնը։ 1920–ին մենք զարմացանք «Ովասիս»էն, ըսել կ՚ուզեմ՝ անոր քերթողական բաժինէն. այնքան անակնկալ էին անոնք «Ցեղին սիրտը»էն, «Հրաշալի յարութիւն»էն ետք։ Անոնք թերեւս օր մը արժեն, մեր գրականութեան պատմութեան մէջ, ինչ որ /101/ կ՚արժեն այսօր «Քնար պանդխտին»ը, «Վարդ եւ շուշան»ը (Տիգրան Շալճեան), իր իսկ «Յիշատակաց ծաղիկները։

 

բ. Համակրանք միայն ունիմ վիպող Որբերեանէն։ Ու ցաւ՝ որ այդ արժանաւոր կտորը մուտք չըլլայ ունեցած «Ովասիս»ի մէջ։ «Ֆանին ու ես»ը յաջողակ իրագործում մըն է, չըլլալով հանդերձ առաջնակարգ գործ մը։ Թոյլ, թեթեւ, բայց իրականութեան անփոխարինելի բոյրովը, համովը լեցուած այդ հովուերգութիւնը նոյն ատեն գաւառիկ կեանքէ յստակ սեւեռում մըն է։ Դպրոցէն անոր ուղեղին բեռցած մենագար յաւակնութիւններուն հակառակ լալկան տրամադրութիւնը հոն պահուած է տանելի չափերու վրայ։ Թող պակսէին անոր ընդոծին թացիկութիւնը, բռնի յուզելու ցանկութիւնը, իր պայրընիզմը արդարացնելու այնքան ոչ-տեղին սա կեցուածքը, այդ վիպակը պիտի շահէր մեր հիացումը, եթէ երբեք քիչ մը աւելի լրջութեամբ, պարկեշտութեամբ ըլլային մեզի մատուցուած բարքերը, շրջավայրը, տիպերը, որոնք վէպերուն կու տան այնքան հաստատունութիւն, հակակշռելու չափ արուեստի մեծ տկարութիւններ։ Վկայ՝ Շիրվանզատէի, Պռօշեանցի վէպերը։ Այնպէս ինչպէս որ է, «Ֆանին ու ես»ը ստուերի մէջ չի մնար, եթէ դրուի մօտիկը «Աղջկան մը սիրտը»ին (Սիպիլ), իրապաշտ վիպողներուն միջին ստեղծումներուն (Արփիարեանի «Խնդամոլիկ աղջիկը», «Հոգու զաւակը», Երուխանի «Կեանքին մէջը» եւ այլն)։ Այս տողերը բա՞ւ են թելադրելու պակասը, որով այդ վէպը չի հաւասարիր «Վարժապետին աղջիկը»ին, «Կարմիր ժամուց»ին։ Կ՚ենթադրեմ։

 

գ. Իր գործին մէջ արձակ իր տպաւորութիւնները կը կազմեն մեռեալ տարրը, անխուսափելի դերը՝ բոլոր մեր ստեղծումներուն համար։ Բայց տարբերութեամբ մը։ Եղիայէն հատոր մը խառն ապրում, թերի մտածում, փայլակնատիպ գաղափարներ կը փրկեն իր անունը։ Նոյնիսկ անկարելի Մամուրեանին քրոնիկները, նամականիները բեռ մը չեն մեր գրականութեան, քանի որ կը նպաստեն մեր ժողովուրդին մէկ որոշ շրջանին ճանաչման, թափանցումին։ Ա՛լ չեմ յիշեր Զօհրապի, Արփիարեանի, Բաշալեանի, Հ. Ասատուրի, Հրանդի, իրապաշտ փաղանգին արու եւ տեւական նուաճումները, նոյն այդ մարդէն։ Ու կը հարցնեմ . Ո՞ր ժողովուրդին կը պատկանին «Ովասիս»ը լեցնող տպաւորութիւնները։

* * *

/102/ Եւ սակայն, առանց տարակոյսի, կրնամ գրել, թէ Ռ. Որբերեան տաղանդ ունէր։

Ու նոյն վստահութեամբ հոս կ՚արձանագրեմ իմ ցաւը այդ տաղանդին զուր, հիները պիտի ըսէին՝ յումպէտս վատնումին։

Երկու մարդ բնակած են անոր մէջը մէկը արուեստագէտը, որոշ շնորհներով, զգայնութեամբ։ Միւսը վաճառականը՝ որ անոր ներշնչումները հալածած է աննահանջ յարատեւութեամբ։ Սիրող գրագէտի (amateur) պատուական հայրենիքը Պոլիսն էր նոյն ատեն։ Յիսուն տարի ետք, երբ հաշուեյարդարի ենթարկուի արեւմտահայ գրականութիւնը, շատ բաներ պիտի գրուին մեր գրագէտներուն արժէքներէն ու տկարութենէն։ Որբերեան թերեւս մոռացումէ ազատուի սա երկաբնակ տիպարը իր լիութեան մէջ կերպադրած ըլլալուն։

Արեւմտահայ գրականութիւնը կրնայ մոռնալ անոր գործը, բայց պիտի յիշէ կորանքը անոր, թերեւս իբր օրինակ բոլոր անոնց համար, որոնք գրիչ բռնեցին մեր մէջ, երբ չունէին ատոր արժանաւոր ներքին տրամադրութիւնը, հին բառով մը՝ կոչումը։ Որբերեանի տեղը մաղազան էր, այնքան իրեն սիրելի գործի սեղանը։