Բ.
ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ
ՍԵՐՈՒՆԴԸ
/369/
Եթէ
ստոյգ
է,
որ
գրական
սերունդի
մը
մէջ
բանաստեղծները
ամենէն
քիչ
թիւը
կը
ներկայացնեն
ու
ասոնց
ալ
գործերէն
շատ
փոքր
մաս
մը
միայն
իրական
ստեղծումին
եւ
հետեւաբար
տեւական
կեանքին
կնիքը
կը
կրէ,
պէտք
է
ընդունել,
որ
Միսաք
Մեծարենց
բանաստեղծն
է
իր
սերունդին։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
ամենէն
ցայտուն
օրինակը
կը
բերէ
այս
օրէնքին։
Մօտաւորապէս
չորս
սերունդի
կեանքը
ունի
ան
իր
ետին.
բայց,
քանի՞
անուն,
որ
ամբառնար
մոռացումին
մեծ
ծովէն
ու
արժէքին
յարգանքը
հարկադրէր
ուրիշ
սերունդի
մը,
կամ
բաւական
նոր
կարենար
մնալ՝
օտար
չգալու
համար
տարբեր
զգայնութեանց։
Պէտք
է
հանդարտ
թողուլ
անշուշտ
տաղաչափներու
երանելի
ու
խայտաբղետ
ամբոխը։
Ամէն
սերունդ
պարտաւորուած
է
հանդուրժելու
անմեղուկ,
բայց
խեղճ
մարդերու
այդ
կարաւանը,
որ
կը
պաշտպանի
օրուան
ճաշակները
եւ
ուժ
կու
տայ
անոր
պահանջներուն,
որ
կը
տիրէ
հրապարակին
ու
երջանիկ՝
կը
մարսէ
իր
միջակութեան
գոհունակութիւնը։
Ու
պէտք
է
ներել
գիտնալ
անոնց,
որոնք
իրենց
տգիտութիւնը
կամ
անբաւարարութիւնը
հասկնալու
անգամ
անընդունակ
են
ծնած։
Անոնք,
որ
Մեծարենցը
ուրացան,
աւելի
քան
անկեղծ
էին։
Մեր
գրականութեան
այդ
շրջանը,
մա՛նաւանդ
բանաստեղծութեան
տեսակէտէն,
ամենէն
անբախտ
ածականները
կը
դիմաւորէ
առանց
նեղուելու։
Եթէ
անմիջապէս
կանխող
սերունդը
չունեցաւ
իր
յայտարար
դէմքը
ոտանաւորի
արուեստին
մէջ,
մեղադրանքէն
կ՚ազատի,
դրած
ըլլալով
իր
կնիքը
ստեղծման
ուրիշ
մէկ
ձեւին,
վէպին,
աւելի
ճիշդը
վիպակին
վրայ։
Իրապաշտները
ներողամիտ
անտարբերութեամբ
մը
նայեցան
հետեւակ
տաղաչափներու
այս
երանեալ
երամին։
Անոնք
իրենց
իրաւունք
տուին
արհամարհելու
նոյնիսկ
Եղիան,
որ
քիչ
անգամ
բանաստեղծ
եղաւ
ու
արդար
մոռացումով
մը
չտեսան
օրաթերթերու
սիւնակներուն
ապաստանող
չափաբերեալ
գրուածքները։
Ու
եթէ
հանդուրժեցին
Սիպիլը,
ատիկա
զոհողութենէ
տարբեր
զիջում
մըն
էր։
Տիկինը
վէպը
կը
տաղաչափէր։
/370/
Ու
գրեթէ
բոլոր
ուրիշները,
հիմա
ողջ
կամ
մեռած,
որոնք
անոնցմէ
ետքը
կամ
աւելի
մօտ
օրերուն
ոտանաւոր
գրեցին,
սովորութեան
մը
հնազանդելու
համար
ըրին
ատիկա։
Ըրին
ատիկա
աժան
փառասիրութեանց
համար,
հանդէսներու
մէջ
անպակաս
ընելով
այդպէս
դիւրին
ու
հաճելի
մարզանքը
ոճին։
Ըրին
ատիկա
իրարու
ճանաչելով,
գովեստին
պզտիկ
հաճոյքէն
կամ
ունայնամտութեան
այլապէս
բռնակալ
թելադրանքէն։
Բայց
անոնք
բազմութիւնն
են։
Ու
կազմուեցաւ
դպրոցը
ուր,
անարիւն
ու
անյոյզ
կիներ,
ու
անյոյզ
ու
անարիւն,
գրեթէ
ներքինի
երիտասարդներ,
իրենց
սէրերը
եւ
«տարփագրգիռ»
սրտերը
պատմեցին
մեզի,
առանց
իրական
տեղէ
մը
անցած
ըլլալու։
Այդպիսով
պարտադրուեցաւ
այդ
ուռուցիկ
ու
կեղծ,
բառերու
նրբութեան
ու
անոնց
սնոտիքին
վստահուած
արուեստը,
որ
շուտով
ընդհանուր
բարեխառնութիւն
պիտի
դառնար,
մեր
հրապարակին
վրայ։
Ան
հրապուրեց
մանաւանդ
պատանիները
դիւրութեամբը
թեթնիքին
եւ
գոհ
ձգեց
երէցները,
որոնք
միշտ
կը
վախնան
ճիգէն
ու
պրկումէն։
Ան
վարակեց
արձակն
ալ,
ծնունդ
տալով
որձեւէգ
սեռի
մը,
որ
բառերու
հրթիռ
մըն
է
ու
երբեք
բանաստեղծութիւն։
Երկու
հեքիաթ,
այդ
օրերու
ոճովը,
ու
երկու
արձակ
քերթուած,
այդ
օրերուն
ոգիովը,
պիտի
բաւեն
պատկերը
դուրս
բերելու
այդ
շրջանին։
Ապահովաբար
այդպիսի
ձեռքերու
մէջ
արուեստը
դատապարտուած
էր
անխուսափելի
դատարկութեան։
Բայց
ինչպէս
միշտ,
այդ
օրերուն
ալ,
այդ
երջանիկ
արարածներուն
քովիկէն,
կամ
անոնց
կռնակ
դարձուցած
մարդերու
ուրիշ
խումբ
մը,
թիւով
քիչ,
գործքով
ու
տեսութիւնով
պաշտպանութիւնը
եւ
փորձը
կ՚ընէ
ուրիշ
արուեստի
մը։
Քաղաքական
պայմաններու
դժոխքէն
ու
գրաքննութեան
կպչուն
ցանցերէն,
անոնք
կը
գտնեն
պատշաճ
բարբառը,
ուր
կարելի
կ՚ըլլայ
հաստատել
պայծառ
կորով
մը,
ուժգին
վերադարձի
պահանջը
դէպի
ինքնատիպ,
որով
եւ
ազգային
ներշնչումները։
Անշուշտ
գիտակցուած
հակազդեցութիւն
մը
ըլլալէ
աւելի
դժգոհութեան
մասնաւոր
ձայն
մըն
է,
որ
սեպհական
աղմուկովը
կ՚իյնայ
հրապարակ
ու
արձագանգ
կը
գտնէ
ընդունակ
հոգիներէն
ներս։
Այդ
սերունդը
կազմակերպուած
փաղանգի
մը
ձեւը
չառաւ։
Ան
համախումբ
մըն
է
մարդերէ
աւելի
ըմբռնումներու.
հանգիտութիւն
մը՝
բացայայտ
առաջադրութիւններէ
աւելի
ընդզգացուող
ձգտումներու։
Անոնք
իրենց
համակրութիւնները
իրարու
կը
բերեն
ընդհանուր
զզուանքի
մը
վրայ,
որ
յառաջ
կու
գայ
ճարտարանքովը
շպարուած
ներքինի
այդ
արուեստէն,
անոր
յուսահատօրէն
հետեւակ
ու
/371/
անսրբագրելի
ունայնութենէն։
Մի՛
մոռնաք,
թէ
մեծ
գրագէտ
անուանուեցան
մարդեր,
որոնք
խմբագիր
անգամ
ծնած
չէին։
Ու
հռչակի
հասան
անուններ,
որոնք
միսեր
ու
դիակներ,
երեւակայական
կիրքեր
ու
գլխագրեալ
սէրեր
նկարագրելէ
անդին
չանցան։
Մեր
իրականութենէն
բխող
այս
մասնակի
հանգամանքին
պէտք
է
աւելցնել
ուրիշ
կարգէ
մտահոգութիւններ։
Արեւմտեան
զգայնութեան
մարզուած
ու
անոր
մտածումին
հաղորդագիծ
որոնող
այդ
սերունդը
ազդուած
է
նաեւ
իրապաշտութեան
դէմ
հոն
բարձրացող
ընդհանուր
ձանձրոյթէն։
Մեր
մէջ,
մանաւանդ
Պոլիս,
եթէ
գրական
այդ
վարպետութիւնը
մեծ
յաւակնութիւններ
չպատգամեց,
երէցներու
տեղը
գրաւող
միջակութիւններու
ձեռքին՝
իջաւ
տխուր
ու
անպատմելի
դատարկութեան
մը։
Ու
Զօհրապի
տեղը
գրիչ
շարժեցին
այնպիսի
մարդեր,
որոնք
արկածներ
պատմելու
տաղանդովը
հպարտ
եղած
էին։
Հակազդեցութեան
գրողները,
իրենց
արտայայտութեան
բոլոր
անմտութեանց
մէջ,
հասարակաց
պատմումով
մը
ներդաշնակ
մնացին
իրարու։
Անոնք
փնտռեցին
Արուեստը
(գլխագրեցէք,
եթէ
կ՚ուզէք)։
Ու
իրենց
նախասիրութիւնները
տարածուեցան
ներքին
աշխարհի
մթամած
ծալքերուն,
հոգիի
չյայտարարուած
տագնապանքին։
Եթէ
անոնց
պակսեցաւ
գործիքին,
այսինքն
բացատրութեան
գործիքին,
ոճին
կորովը,
եթէ
անոնք
իրենց
պրպտումներէն
միշտ
հետ
չբերին
երազուած
նորութիւնները
եւ
զգացումի
գիւտերը,
բայց
պատճառ
եղան
մարզի
եւ
ուշադրութեան
ընդհանուր
փոփոխութեան
մը,
որ
առաջին
պղտորումը
բերաւ
հանգիստին
խորը
մրափող
պանդոյրներուն։
Եթէ
անոնց
պակսեցաւ
խորացման
ընդունակութիւն,
հոգեբանութեան
անվարժ
զանգուածներէ
ներս
իրենց
խուզարկութեանց
պահերուն,
ու
եթէ
անոնց
պակսեցաւ
դարձեալ
նայուածքի
ամենազօր
թափանցում,
որ
ձեւերը
կը
հալեցնէ
իր
անցքին
վրայ
եւ
զանոնք
դուրս
կը
բերէ
եսին
անդունդներէն,
ոգեղինելով,
բայց
իրենց
կրցածին
չափ
մօտեցան
հոգիներու
պայքարին։
Բայց
իրենց
հասածին
չափ
տեսան
ձեւերուն
մեծ
հրդեհը,
որ
պայծառ
իր
կամարը
կը
կապէ
մեր
ներսէն
դէպի
դուրս,
դէպի
հեռանկեալ,
ամբոխներէն
չկասկածուած
գեղեցկութիւնները։
Հիմա
մենք
կրնանք
քով
քովի
դնել
անուններ,
որոնք
ծնունդ
առին
Պոլիս,
գաւառները
կամ
արտասահման,
բայց
կը
կրեն
այս
տագնապին
յայտարար
նշանները։
Ու
պատկեր,
ու
վէպ,
ու
հեքիաթ
ու
դաշտանկար
ու
քերթուածներ
եկան
մեզի
զանազան
տեղերէ։
Բոլոր
այս
ստեղծումները
իրարու
կրնան
կապուիլ
հասարակաց
գիծով
մը,
/372/
որ
ուրացումէն
աւելի
անտարբերութիւնն
է
հանդէպ
իրապաշտ
արուեստին։
Մեր
մէջ
համեստ
այս
երեւոյթը
արդէն
շատոնց
պատմութեան
կ՚անցնէր
արեւմտեան
արուեստին
համար։
Լայն,
մանրակրկիտ
ու
վիճակագրօրէն
ստուգապատում
թեքնիքը,
որով
զրահուած
էր
եւրոպական
բնապաշտութիւնը,
կը
վիրաւորուէր
ու
կը
տապալուէր
գրելու
ձեւի
մը
կողմէ,
որ
ամենէն
քիչը
պիտի
յարգէր
արտաքին
աշխարհի
հանդէպ
միւսին
յայտարարած
գրեթէ
ստրկական
հաւատարմութիւնը։
Միսաք
Մեծարենց
բանաստեղծն
է
սերունդի
մը,
որ
Պոլսոյ
մէջ,
անկարող
ընդգրկելու
ցեղին
մռայլ
մարտիրոսագրութիւնը,
անկարող՝
գրականութիւնը
կեանքէն
վեր
պահող
ուժերու
սպառումը
հանդուրժելու
(քաղաքական
պայմանները
արգելք
եղան
հոդ),
իր
կորովն
ու
կարելիութիւնները
նուիրեց
խորհուրդով
ու
մշուշով
վարագուրուած
զգացումներու
եւ
յուզումներու
արտայայտումին։
Ան
բանաստեղծն
է
սերունդի
մը,
որ
ամենէն
շքեղ
խոստումներով
սկսաւ
ու
իրարու
աննման
շատ
մը
տաղանդներ
երեւան
բերաւ
ստեղծման
բոլոր
մարզերուն
վրայ։
Բայց
ան
ճակատագրին
տակն
է
իր
ցեղին։
Քիչեր
պիտի
կրնային
իրենց
կարողութիւնները
առաջնորդել
կարելի
խորութիւններու։
Բայց
Տիկին
Եսայեանի,
Թլկատինցիի,
Զարդարեանի
եւ
ուրիշ
մէկ–երկու
ընտրեալներու
գործերուն
մէջ
ազնուական
այս
ձգտումը
կը
բաւէ,
որպէսզի
այդ
անունները
իրենց
մաքուր
փառքը
ազատուած
տեսնեն
միջակութեանց
եւ
իգութեանց
ողբալի
հանդէսէն։
Չափուած
բարբառին
վրայ
այս
փրկարար
կնիքը
դնող
առաջին
բանաստեղծը,
հակառակ
իր
բոլոր
թերութիւններուն,
Միսաք
Մեծարենցն
է
մեր
մէջ։