Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

/73/ « Ծփանքներ » հատորին վարկը պաշտպանութիւնն է այս գլուխին [1] ։

«Ովասիս»ի մէջ աւելցած են, ինչպէս կը խոստովանի վարի ծանօթութիւնը, «Մեր ցեղը» (երկրորդ երգէն հատուած մը) եւ «Առ Ովկիան» (չորրորդ երգին վերջին հատուածը)։ Իր այն կերպարանքին տակ, զոր քերթուածը ունի «Ովասիս»ի մէջ, քննադատին չի կրնար թելադրել վճռական հաստատումներ։ Չեմ քններ հեղինակին զայն ամբողջութեամբ հրատարակելէ վերապահումին տրուած պատճառաբանութիւնը։ Կենթադրեմ, որ օր մը լոյս տեսնելու պարտքը /74/ ունեցող այդ քերթուածը պիտի չըսէր աւելին քան այն, զոր կը թելադրէ իր թերի ձեւին տակ։

 

« Ծփանքներ »ը անորակելի քերթուած մըն է։ Ճիշդ պիտի չըլլար Արեւմուտքի մէջ 1930–ին ու անկէ ընդհանրացած poème–ին կաղապարը տեսնել, զայն ոտքի հանող ճարտարապետութեան մէջ։ Չեմ տար անուններ օտարներէ։ Ամենէն առաջ կը մերժեմ Պայրընի ուղղակի կնքահայրութիւնը « Ծփանքներ »ուն վրայ, թէեւ ատոր փառասիրութեամբը ըլլայ տառապած մալաթիացի գեղջուկ բանաստեղծը։ Ռոմանթիքներէն ետք, սա յապաղած ռոմանթի՜զմը քսաներորդ դարուն։ Մեր գրականութեան համար անցողակի կը յիշեմ Շահազիզի «Լեւոնի վիշտը», որ աւելի հարազատ է Պայրընեան մտադրութեանց, քանի որ ընկերային որոշ տարողութեամբ քարոզ մըն է (Պայրընի poème–ները քարոզին պարսաւի ձեւն են, նետուած իր ժամանակին քիթին ու բերնին)։ Սխալ պիտի ըլլար Թումանեան, Ալիշան, Լեւոն Սեղբոսեան, Վարուժան յիշել դարձեալ։ Այս անուններով մեզի կտակուած poème–ները պատմողական (narratif) քերթուածներ են, վիպային կառուցուածքով ու նկարագրով։ Այն կտորներուն մէջ, որոնք լոյս են տեսած « Ծփանքներ »էն, կը պակսի պատմումին հիմնական գիծը, յառաջատու գործողութիւնը, որ Վինյիի, Լամարթինի, Հիւկոյի, Սթոքի յօրինումները կը յատկանշէ։ « Ծփանքներ »ուն մէջ մարդ մը կայ, որ կը ճամբորդէ մտքով։ Առ այժմ մեր գտածը այդ ճամբորդութեան պատկերաշարքէն Պաղեստինն է, Հին ու Նոր Կտակարաններուն հանրածանօթ décorationները, գէթ « Դէպի անդունդ » առաջին երդին համար։ Ի՞նչ է տեսածը այդ մարդուն։ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ։ Աւելի՛ն։ Դուք կրնաք կարդալ քերթուածը աւելի մեծ ուշադրութեամբ մը, գտնելու համար աւելին։ Կը խորհիմք, թէ իրականութիւնը ուրիշ պիտի չըլլար քան այն, զոր ամէն մտովի ճամբորդութիւն կ՚արտօնէ։ Առանց Պաղեստինը տեսած ըլլալու, զայն նկարագրելու սա հիւանդութիւնը գրական ներելի կեղծիք մըն էր, ո՛չ միայն ներելի է, այլեւ սիրելի… բոլոր ռոմանթիքներուն։ Բայց քսաներորդ դարո՞ւն։ Կը հետեւի, թէ քերթուածին գոյութիւնը արտայայտող աւագ իրողութիւնը ականատեսի վկայութիւն դժնդակ կերպով մը պիտի պակսի այդ տողերուն։ Ահա նմոյշ մը այդ մտապատկերացման եղանակէն,

 

«…Լուսինը դեռ կը նայի դաշտերուն վրայ Մովաբու,
Ուր քարաշէն քաղաքներ աւազին տակ կը նիրհեն.
/75/Լըռութիւնը կ՚ընդհատեն վայրի չագալ, յովազ, բու,
Մեռած ծովուն ալեակներուն կը խուսափին ափերէն.
Սոդոմ, Գոմոր կը ծածկեն անիծապարտ իրենց բախտ,
Խաւի մը տակ ծըծումբէ, որմէ ելած գոլորշին՝
Կը ծաւալի թունաւոր ու ճիչով մը յուսահատ,
Մայրիներու թռչնակներն անկէ հեռու կը փախչին» ։

 

(«Դէպի անդունդ», ԻԱ., «ԾՓԱՆՔՆԵՐ»)։

Ռ . Որբերեան չէր կրնար կասկածիլ, թէ մտապատկերը որքա՛ն անհարազատ էր իրականութեան։ Այդ վայրերուն այցելութիւն մը, զբօսաշրջիկի աչքերով, անբաւական է հեռաւոր թափացում մը իսկ արտօնելու որեւէ օտարականի։ Մովաբեան paysage–ը առանձին ողբերգութիւն է, ոսկրակոյտ ու դժոխք, զորս կը զգանք դանդաղ վերծանումով մը, տեղին վրայ գործադրուած լմումով մը։ Վերի ութեակը իրականութեան ստուերն իսկ չէ։ Ի՞նչ է, այն ատեն, ինքնաբերաբար կը հարցնենք, քանի որ ուրիշ ոչի՛նչ կ՚արթննայ մեր մէջ անոր ընթերցումէն։ Ու ասիկա այսպէս բոլոր նկարագրական տարրին համար, որ վատնուած է « Ծփանքներ »ու յօրինումին։ 1900–ին, սակայն, չտեսնուած տեղեր նկարագրելուն անհեթեթութիւնը դատուած էր անդառնալի կերպով։

Ու ահա ուրիշ ութեակ մը, այս անգամ գործողութեան, անձնաւորութեանց պարունակէն.

 

«…Մեռաւ Աստուած ու յարեաւ: Անոնք որ շատ սիրեցին
Զինք, զայն տեսան վերստին, ի յանապատն, ի ծովափ,
Ուր կը գընար դեգերիլ ու երազել առանձին.
Լիբանանի զեփիւռին դարձած ճակատն հըրատապ։
Օրհնեց զանոնք ու ներեց զինք ուրացող Պետրոսին,
Սրբագործեց իր սիրով՝ Մատլէնին հետ կինն ինկած,
Ճակտին մըռայլ չբերաւ ալ մահացու կեանքը սին,
Մինչեւ հրաժեշտն իր վերջին, անմահ լեռնէն Ձիթենեաց»։

 

  («Դէպի անդունդ», ԼԹ., «ԾՓԱՆՔՆԵՐ»)։

Սրբազան պատմութիւն, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս, ինչպէս կը սորվէինք մեր տղայութեանը պատկերազարդ գրքոյկներէ։ Եթէ երբեք Որբերեան ըլլար տեսած թշուառական բլուրը, զոր ինք կ՚որակէ ան/76/մահ լեռ, վստահաբար պիտի զգուշանար իր շռայլ վերադիրներուն վատնումէն։ Այսպէս չէ, որ կը նորոգուին հին դարերը, կ՚ոգեկոչուին անոնց խորհուրդները։ Այսպէս չէ, որ քերթող մը կ՚արտօնուի վաղնջաւոր քաղաքակրթութեանց mythe–երը կենագործել։ Ու մարդոց ապրումները սղագրելու սա եղանակը տրտմութիւն է քերթողութիւն որակել։

 

Կը վերջացնեմ սա արտագրումները հետեւեալ յատկանշական ութեակով.

 

«Գընա՛նք, Հարոլտ, անդունդի՛ն, նե՛ղ է աշխարհն ու տըխուր…
Թըռիչ առնենք դէպի քեզ ծանօթ Պարապն ամայի.
Սուրանք, մինչեւ հողագունտն՝ իբրեւ ցաւի մը փրփուր,
Արտասուքով մեր պղտոր նայուածքներէն անհետի…
Դէպի անդո՛ւնդ, եւ ա՛լ ետ չը դառնայինք, ա՜խ, երբե՛ք.
Եւ կամ գայինք փոխ առած Յաւիտեանէն իր շանթեր,
Ու ներո՛ւմը գերագոյն, իմ սըրտաբե՛կ Հայրենիք,
Զոր հայցեցիր դարերով, որուն համար կու լաս դեռ …»։

 

(«Դէպի անդունդ», Կ., «ԾՓԱՆՔՆԵՐ»)։

 

Չեմ գիտեր, սա պատեպատ ու թշուառական փախուստը դէպի պարապը հարկ կա՞յ ոսկեզօծել փոխառիկ հայրենասիրութեամբ մը։

 

Անամբողջ գործի մը դատումը աժան հերոսութիւն մըն է անշուշտ։ Բայց միայն բնական գիտութիւններուն չէ արտօնուած ընդհանրացումը։ « Ծփանքներ »էն մեզի մատուցուած նմոյշները բաւ են կազմելու որոշ գաղափար մը գործին ձգտումէն, ծիրէն, ընդհանուր տարողութենէն, գործադրութեան թեքնիքէն, ոլորտէն ու նուաճելի շնորհներէ։ Այս տարրերը զատ–զատ չեմ քններ հոս։ Անցողակի կ՚ըսեմ, որ Ռ. Որբերեան զոհն է այն հսկայ պատրանքին, որ երբեմն կը, հալածէ բոլոր աշխատաւորները, չըսելու համար բախտախնդիրները։ Այդ պատրանքը զանազան ձեւեր ու անուններ ունի։ Երբեմն անիկա ինքնավստահութիւն մըն է, համբաւէ կամ գովեստէ մեր մէջ մթերուած։ Ու անոր անսալով է, որ Վիքթոր Հիւկօ պիտի բեմադրէ իր տաղաչափեալ ողբերգութիւնները, առանց կասկածելու, որ թատերական գործ մը ո՛չ գեղեցիկ ոտանաւորին, ո՛չ հզօր տեսիլներու, ո՛չ ալ համեւրոպական հռչակի մը կը հպատակի։ Անոր անսալով է, որ /77/ Հ. Արսէն Բագրատունի պիտի չվարանի դիւցազներգութիւն գրել, դասական ու օտար նման գործերու թարգմանութեանց մէջ իւրացուցած թեքնիքը կիրարկելով մեր պատմութեան mythe–ին վրայ։ Ալիշան պիտի շարէ դիւանները դիւաններու ետեւէն ու պիտի կարծէ ըլլալ Հայոց նորագոյն մեծ քերթողը, երբ պարկեշտ տաղարանի մը միայն կ՚արտօնէին իր ուժերը, շնորհները, կեանքը։ Ու ասիկա այսպէս արեւմտահայ գրականութեան բոլոր սրտառուչ վրիպանքներուն համար։ Պատրանքը, որուն զոհ է գացած Ռ. Որբերեան, մեղքն է բոլոր տաղաչափներուն։ Ռ. Որբերեան « Ծփանքներ »էն առաջ ներդաշնակ տաղաչափ մըն է։ Անոր ոտանաւորը հրապարակին անարձագանգ, երբեմն խուժ ու բութ տողէն կը զատուի որոշ դաշնութեամբ մը, երբեմն զգացական թեթեւ գոլով մը, միշտ՝ հովուերգական որոշ միամտութեամբ մը։ Մարդիկ սխալ ականջ կու տան գրեթէ ոչինչով կազմուած մեղեդիին, որ կը կրէ « Գիւղին ճամբան », « Տնակս » անունները, հոգ չէ, թէ երկու ոտանաւորներն ալ ըլլան մշշային, անիրական, ձեւազեղծ, չըսելու համար սուտ։ Ու պատկերի մը, տեսարանի մը, յիշատակի մը համար բաւարար այդ մեղեդայնութիւնը Ռ. Որբերեան պիտի համարի ընդունակ, փրկելու համար ձեռնարկներ, ուր մարդ ամենէն քիչ կամ վերջը պիտի անդրադառնար անոր գոյութեան կամ պակասին։ Կը կարդաք « Ծփանքներ »ը։ Առաջին իսկ տողերէն, այդ դաշնաւոր կշռոյթը գեղեցիկ պաշտպանութեամբ մը կը պաշարէ ձեզ։ Բառերը կը տանին այդ մեղեդին քաղցր ու տրտում ալիքներուն ընդմէջէն։ Ու տեղի կ՚ունենայ անխուսափելին կրկներեւոյթ աշխարհը արուեստին, որ արդիւնքն է այդ ձայնական զգայնութեանց հակազդեցութեան։ Ուրախ էք, որ մեծ քերթուածի մը մէջ կը մտնէք… մինչեւ որ իյնայ կախարդ մշուշը ձեր մտքին աչքերէն ու տեսնէք ձեզի տրուածը այնպէս, ինչպէս էր անիկա իր խորագոյն իրականութեան մէջ։ Այն ատեն է, որ պիտի դառնաք ետ ու անգամ մըն ալ աչքէ անցընէք ձեր կտրած ճամբան, գտնելու համար, թէ ի՛նչ էին ձեզի մատուցուած տեղերը, մարդերը, ապրումները։ Ու պիտի տառապիք, որ այդ ամէնը, այսինքն արուեստի գործին յաւիտենական հիմնատարրերը ինչ որ խորք կը կոչենք ըլլան այդքան թերի, թեթեւ, տարտամ, հասարակ ու անկանգնելի կերպով տափակ։ Քիչ վերը կատարուած արտագրումները կարդացե՛ք անգամ մըն ալ ու հարցուցէք ձեզի, թէ ինչո՞ւ պիտի գրուին նման տափակութիւններ։ Անշուշտ պիտի չնեղուիք, եթէ երբեք ձեր աչքին բերէք այդ մարդուն սպասելի գերագոյն խտութեամբ այն քանդակները, որոնք իր ժողովուրդին հոգեղէն դատողութիւնը պատգամեցին, քանի որ չտեսնուած /78/ Ֆուճի-Եամա մը տարփողելէն աւելի պարկեշտ բան մըն էր իր ցեղին ձայնը արտածել իրմէ։ Ահա՛ ութեակ մը ձեզի, « Մեր ցեղը » տիտղոսուած գլխէն Ծփանքներ »ու երկրորդ երգէն).

«Ու նո՛յնն ես դուն յաւիտեան, բախտահալա՛ծ հայութիւն,

Աստուածախօս քու լեզուով ու հոգիով բոցակէզ,

Ջահ միգամած Իրանին, խանդն ի Կովկաս եւ աւիւն,

Որ ափունքէն Վոսփորի եռանդագին կը կրկնես

Ու կը գոռա՛ս երգը զոր դուն Երկինքէ՛ն ըստացար.

«Բռնութիւնը մեռնի՛ թող, ու Ազատութիւն թանկագին,

Եղբայրությո՛ւն մոռցըւած ու Հաշտութեան լուսավառ

Այս աշխարհի վըրայ թող արշալոյսնե՛րը ծագին…»։

(«Մեր ցեղը», ԻԷ., «ԾՓԱՆՔՆԵՐ»)։

 

Դժնդակ է այս տողերուն ընթերցումը 1940–ին, ո՛չ անոր համար, որ անոնց խորագոյն տարողութիւնը ոսկեզօծ ռոմանթիզմն է եւ ո՛չ ալ մեր բազմաչարչար իմաստութեան ահաւոր դասերուն փաստովը, այլ այն փցուն, անիրական, պատրալիր հոգեբանութեան իսկ պատճառով, որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ արուեստի մոթիֆ էր եղած մեր ցեղային արժէքներուն մոգական լապտերներու վստահումն էր ատիկա, երբ մոռցած իրաւ գեղեցկութիւնները այդ ցեղին, փորձեցինք անոր հագցնել օտարոտի փետուրները։ Ո՛չ մարտիրոսագրութիւնը, ո՛չ արեւելեան ջահակրութիւնը, ո՛չ ալ աստուածախօս, քրիստոնեայ մեր լեզուն են, որ մեզ կ՚ընեն շահեկան, այլ բուն ինքը, մեր ժողովուրդը, որուն դիմանալու, վերածնելու ընդունակութիւնները մեզ կ՚ընեն աւելի քան խանդավառ։ Որբերեան, 1900–ի մարդ, Չօպանեանով ընդհանրացած արմենիզմ ին տաղաչափն է այդ գլուխին մէջ։ Ու այդքան։ Ինչ որ «Լեւոնի վիշտը» կը ներկայացնէ «Հիւսիսափայլ»ի սերունդին իմացական ախորժակներէն, «Ծփանքներ»ը զայն կ՚ընէ 1900–ի այն սերունդին, որ մեր յեղափոխութեան համար մեծ, արդար զսպանակներ երազեց, պատրաստներէն (մեր գերութիւնը, թուրք լուծը, եւրոպական դիւանագիտութիւնը) չըլլալով գոհ ու տուաւ քանի մը բառերու (հայ հոգի, հայ արուեստ, հայ հանճար) ներուածէն աւելի արժէք ու տարողութիւն։

 

Այն օրը, ուր Որբերեանի ժառանգորդները ազնուութիւնն ունենան իրենց հօրը քիչ մը շատ գործնական բնազդները սրբագրելու եւ հրապարակ հանեն «Ծփանքներ»ը իբր ամբողջութիւն, սերունդը, որ /79/ զայն պիտի դատէ, թերեւս աննշմար թողու սա Արմենիզմ ին ալ մաշած թեման ու դատապարտէ գիրքը այն ահաւոր պարապին համար, որով լեցուն են այդ երգերը ծայրէ ծայր։ Ատիկա պարապն է մարդկայնութենէ, ապրուած տառապանքէ խորացուած մտածումէ, տեսնուած պատկերներէ, արդար, պարզ վկայութիւններէ, որոնցմով մարդիկ իրենց ցեղին դէմքը կը յօրինեն։ Ու պիտի ժպտի հեղինակին բարուրանքին, որով ան իր անցումը պայման կը դնէր իր տողերուն լոյս տեսնելուն եւ Լոյս տեսած այդ տողերուն ամբողջութիւնը միշտ պիտի արժէր ինչ որ կ՚արժեն այսօր անոր հատուածները։ Յուսահատութիւն, սեւամաղձութիւն, ռոմանթիզմ, անձնապաշտութիւն մեզ չեն կրնար անակնկալի բերել։

Գիրքին գերագոյն արժանիքը իր երաժշտականութիւնը չեմ խորանարդեր։ Ատիկա ըրին Ա. Բագրատունիի, Ղ. Ալիշանի տողերուն (գրաբար) համար։ 1900–ին կրնային գտնուիլ մարդիկ, որոնք հեշտագին յուզումով մը արտասանէին «Հայկ դիւցազն»էն սինֆոնիի մը պէս ներդաշնակ նկարագրականներ եւ կամ բերնի ջուր վազցնելու չափ քաղցր ընէին Հիւրմիւզի «Բուրաստաններ»ը։ Քառասուն տարի վերջ, միշտ աւելի է զգայականին չափ ձայնական ալ ռոմանթիզմը։ Որբերեան գեղեցիկ գիրք մը զոհած է երաժշտութեան։

***

Կը մնայ զբաղիլ այն քերթուածներով, որոնք «Ովասիս»ի մէջ արձակներու հետ խնամքով ընդելուզուած, միշտ կը ջանան հեղինակին վրայ վառ պահել քերթողին լուսապսակը։

Կարեւոր թիւ մը անոնցմէ կը պատկանի պարագայական, տօնական, հանդիսական քնարերգութեան (poésie de parade)։ Այդ իսկ հանգամանքով այսօր կը թուին մեզի տարօրէն հինցած։ «Յարութիւն», «Հայաստանը Պելճիգային», «Բուալիւն», «կոչնակ», «Մենելիք», «Հէրպէրթ Սբէնսէր», «Քնարին» (Համաստեղութիւն), «Հովիւը», «Աղօթքը», «Մեկնումդ», «Գնա երթաք բարո՜վ», «Նիքոլա թագաւորն առ Աստուած» միայն քերթուածներու վերնագիրներ չեն, այլեւ մեր պատմութեան վերջին աղէտէն կամ այդ օրերուն յաջորդ մտայնութեան փաստեր կազմող չափաբերեալ խօսքեր, ճիշդ ու ճիշդ նման այն հազարաւորներուն, որոնք սկիզբ կառնեն ԺԹ. դարուն, մասնաւորաբար կ՚ըլլան անհրաժեշտութիւն «Բազմավէպ» /80/ հանդէսի հիմնարկումէն ետք ու կ՚այցելեն մեր պարբերաթերթերը, ու տեղը նեղ գտնելով կը յարձակին օրաթերթերուն ալ վրայ։ Զարթօնքի սերունդը եւ ռոմանթիքները զայն գործածած են հաւասար խանդավառութեամբ, որքան ճշմարիտ քերթողական յոյզէ անմասնութեամբ։ Ասիկա այն տարօրինակ ախտաւորութիւնն է, որմէ չեն կրցած զերծ մնալ մարդեր, որոնք կ՚անուանուին Մ. Պէշիկթաշլեան, Պ. Դուրեան, այսինքն մեր քնարերգութեան ամենէն վաւերական ուժերը, արժէքները։ Որմէ չեն ազատած Թերզեանի, Սէթեանի, Պէրպէրեանի, Եղիայի, Չերազի ոտանաւորները։ Դրէ՛ք այս տաղանդաւոր մարդոց կոյտին տակաւին հարիւրներ, որոնք դպրոցական, ազգային, Սահմանադրութեան տարեդարձային հանդէսներուն հերոսներն են, իրենց հեղինակած երգերով։ Ու դուք կ՚ունենաք դժբախտ պատկերը այդ օրերու բանաստեղծութեան։ Կէս դար յետոյ Որբերեան տրտում շարունակող մըն է այդ չարագուշակ կարաւանին։ Ու «Հայաստանը Պելճիգային» քերթուածը նոյն ուժգնութեամբ անընթեռնելի է, որքան Ալիշանի «Շաթօպրիանի շիրիմին վրայ» տաղաչափած բառերու մթերքը։ Որբերեանի քերթողութեան սա մասը պարզ ու թեթեւ վրիպանք մը չէ սակայն։ Այդ քերթուածները յայտնութիւններ են աւելի ընդարձակ վիճակի մը, որ այս անգամ բանաստեղծին ընդհանուր բարեխառնութիւնն է, նոր բառով մը՝ զգայնութիւնը։ Կեանքը կարգ մը մարդոց համար խորունկ ողբերգութիւն է։ Ուրիշներու համար հանդէս, կրկէս իրարմէ յորդ կիրքերու, ախորժակներու։ Երբեմն ալ, ինչպէս է պարագան Որբերեանի, անորակելի ծանրութիւն, եռ, նանրանք եթէ կ՚ուզէք։ Այս վերջին գիծէն են անոնք, որ պիտի հաւատան իրենց տեսութեան, բայց պիտի չհաւատան ատիկա ընդունելու պարկեշտութեան արժէքին, պիտի ապրին այս վերջին հոգեբանութեամբ ու ամէն առիթ պիտի ձգտին շահագործել այդ կեանքը ողբալու, զայն ապրելու ԶԻՋՈՒՄ ՄԸ ՈՍԿԵԶՕԾԵԼՈՎ։ Չէ՞ որ գրականութեանց պատմութիւնը մասնաւոր յիշատակութեամբ մը կը պատուէ յոռետես, պարսաւագիր քերթողները։ Լէոփարտի, Պայրըն Որբերեանէն փառաբանուած անուններ չեն միայն, այլ մարդեր, ըսել կ՚ուզեմ իրենց տրտմութիւնը չափազանց սուղ գնած ու այս դժբախտ առեւտուրին մէջ կործանած մեծութիւններ։ Ու Որբերեան գրականութենէն գտաւ ամէն բարիք։ Ոտանաւորին ճամբան էր, որ զինք պիտի տանէր հարուստ գերդաստաններու հետ մտերմիկ յարաբերութեանց։ Դարձեալ այդ ճամբով էր, որ ան պիտի ազատէր իր սայլակը հայ գրողներուն ճակատագրական ճախճախուտին մէջ խրումէն ու պիտի բանար անոր առջեւ ազատ, չըսելու համար հա/81/րուստ կեանքին իրականութիւնը։ Ու միշտ այդ ճամբով է, որ ան պիտի յանդգնէր թագաւորներու, թագուհիներու քերթուածներ նուիրել։ Կեանքին սա իրադարձութիւնները ու Որբերեանի երգին ընդհանուր mélodie–ն աններդաշնակ պատկերներ են քով քովի։ Այնպէս որ հանդիսական, ցուցանողական քերթուածներու սա առատութիւնը տրտմօրէն կը ճնշէ միւսներուն ալ վրայ։

Այդ միւսները, այսինքն «Ովասիս»ի մէջ մտած մնացեալ քերթուածները կը կազմեն Որբերեանի բանաստեղծական խառնուածքին միակ կարելի վկայութիւնները (մէկ է իմ դատումը պարագայական քերթողութեան համար։ Շատ քիչեր են, որ պիտի պաշտպանեն իրենց տաղանդը անոր աժան սոսինձէն։ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Թէքէեանի ազգայնական քերթողութեան մէջ կայ որոշ մթերք իրական բանաստեղծութեան)։ Հոս ալ քննադատը դժուարութիւն կը զգայ վճռական, ամուր գիծերով այդ խառնուածքը բնորոշելու։ Նախ կասկած ունիմ այդ ոտանաւորները գրելու մղող ոգիին իսկ տարողութենէն։ Կ՚ընդունիմ, որ Ափրիկէի դժոխքին մէջ «տաշուած քարէ ճամբուն» վրայ շնչելու տեղ հեւալ միայն կրցող գիւղացին յիշէր ու ի՞նչ յուզումով, իր գիւղին ճամբան, այն անպատմելի անուշութիւնը, որ հողի այդ երիզներունն է, երբ մեր ոտքերը կ՚ուղղէ դէպի մեր հիւղակը, խեղճ բայց տաք, ուր բացեր ենք մեր հոգիին առաջին աչքերը, մարմինին աչքերէն վերջը ու առեր կեանք ըսուած բանին համը։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ քերթուածը, որ այդ զգայութիւնները պիտի առարկայացնէ, մէկ շունչով գտնէ մեր սիրտը։ «Գիւղին ճամբան» քերթուած մը չէ, այլ այդ ապրումներուն բիւրեղացեալ վանդակը: Չեմ կրնար նոյն պարզսիրտ համակրանքով դատել «Տնակը», վասնզի զայն յօրինող միտքը poseur մըն է հոս։ Ան, որ գիւղացի եղած է, գիտէ, թէ հոն վատնուած գոյները չափազանցեալ են ու գիծերը անուղիղ։ Թէ հիւղակները այդքան աժան նուաճելի խռովքներ չեն, թէ անոնց ամենէն թշուառ բեկորներուն մէջ անգամ պատառ մը մարդկային սիրտ կը թրթռայ…։ «Տնակը» քերթուածը, հակառակ իր անբաւարարութեան, յաջողուածք մըն է նորէն այն երրորդին քով, որ վերնագրուած է, օրինակի համար, «Վարդենին»։ Կը ղրկեմ քերթուածին, որպէսզի հասկնաք, թէ ի՛նչ ըսել է բառերով քերթուած յօրինել։ Ու տարիներ վերջը, կազմուած ու ամբողջ արուեստագէտ, ան պարտքին տակն էր այդ մասով ստեղծելու իր աշխարհը։ Ամէն արուեստագէտ ուրիշ բան չէ, որ կ՚ընէ, երբ, հասուն տարիքին, կը վերակազմէ իր աշխարհը։ Անոնք կը մեկնին տղու զգայութիւններէ, հասնելու /82/ համար իրենց վերջալոյսին։ «Ովասիս»ի մէջ այդ գիւղական զգայնութեան հետքն իսկ չկայ դժբախտաբար։ Ա՞յն ատեն։ Պատրաստ եմ փնտռել Ռ. Որբերեանը, պատանութենէն ելած, մեր կեանքին ընկերային ու քաղաքական վերջին խռովքներուն մէջ նետուած կտոր մը սիրտ իբրեւ։ Տեսաք այդ սիրտին հակազդեցութիւնները իր ժողովուրդը խանդավառող կամ հարուածող խռովքներուն հետ ու մէջ։ Ե. «Ովասիս»ը անբաւարար, չըսելու համար դժբախտ, վկայութիւն մը կը բերէ մտաւորականէն, քերթողէն, որոշ դիրքի ու համբաւի հասած դէմքէն, քանի որ ամենէն անտանելի արտայայտութիւնները սա խառնուածքին ճիշդ ու ճիշդ այն կտորներն են, որոնք իր ժողովուրդին տագնապը կը ջանան սեւեռել ու կը վերածուին տխուր բառակոյտի։ Հայրենասիրութիւնը ո՛չ մեղք է, ո՛չ ալ տաղանդի վկայական։ Ան ալ վիճակ մըն է, ուրիշ շատերու կարգին։ Անհեթեթութիւն պիտի ըլլար, սակայն, այդ զգացումը հոգեյատակ ունենալէ ետք (ուրիշ փառասիրութիւն չունէր «Ծփանքներ»ը, որ «Հրաւիրակ»-ներէն (Խրիմեան) շատ վերջը գրուած, կը հպատակէր, հպատակելու էր Որբերեանի սերունդին տիրական մտահոգութեան), հասնիլ այն ջրոտ հռետորութեան, որ սպաննած է անոր ազգայնաշունչ քերթուածները։

« Ովասիս »ի մէջ քնարական տարրին սա նիհարութիւնը, տժգունութիւնը պէտք չունիմ չափազանցելու։ Հոն անկարելի էր գիւղացի մը գտնել։ Բայց դիւրին ալ չէ հանել այդ ոտանաւորներուն ետեւէն բանաստեղծի որեւէ դիմագիծ, եթէ այս տարազը չի գոհանար բառերու յարդարիչի մը, չափաբերող մարդու շատ ընթացիկ շնորհներով ու կը պահանջէ առնուազն ինքնութիւն, ինքնատպութիւն, զգալու եւ տեսնելու իւրայատուկ դրութիւն, ջիղեր, որոնք սուտ չըսեն, ու ճակատագիր մը, որ իբր գնացք ու իրագործում չհակասէր մեր վաւերական, ներքին իրականութեան։ Ու դժբախտութիւն է ինծի հոս ստիպուած ըլլալ այս բոլորին պակասը հաստատել Որբերեան բանաստեղծին մէջ։ Բարի եղէք որեւէ քերթուած սկսելու իրմէ։ Առաջին տունէն իսկ պիտի վարակուիք անխուսափելի անվստահութեամբ մը սա մարդուն ըսածներէն։ Որեւէ քերթուած անպայման վարշամակուած է մելամաղձոտութեան տարտամ շղարշով մը, որ գրական կեղծիք մը ըլլալէ աւելին էր սակայն Որբերեանի մէջ։ Մեր այն քերթողները, որոնք այդ մելամաղձութիւնը ապրեցան (գիտենք իրենց կեանքերը Պէշիկթաշլեան, Դուրեան, Մեծարենց, Զարիֆեան) հազիւ ըրին զգալի ատոր բեռը իրենց տողերուն ընդհանուր բարեխառ/83/նութեան մէջ։ Այն քերթողներն ալ, որոնք իմացական տրտմութեան մեծ խորհրդանշաններ եղան (զի իրենց սերունդը սահմանուած էր ամենէն անարգ անկումներուն, իրենց ժողովուրդին բնաջնջման անկարող հանդիսատեսի դերին, ինչպէս են ճակատագիրները Վարուժանի, Սիամանթոյի, Թէքէեանի, Պարթեւեանի), ամչցան իրենց արցունքէն։ Որբերեան սխալ հասցէով մը իրեն շնորհուած վերադիր մը, պայրընականութիւնը արժեւորելու միամտութեան մէջ չտեսաւ վտանգը ու լացաւ գրեթէ ամէն քերթուածի մէջ, իբր թէ Չայլտ Հարոլտի երգիչը արցունքներու իշխան մը ըլլար եւ անոր կապարճակիրը, Ռ. Որբերեանը, կեանքը սեւ տեսնելու իրաւունքը ժառանգած իր patron ասպետէն։ Յուսահատութեան երգիչ մը չէ Պայրըն, որպէսզի մալաթիացի վաճառականը, ի Ճիպութի, հաւատարիմ մնալու համար իր ասպետին, կեանքէն իրեն պարտադրուած անապատական սեւամաղձութեան վրայ սոիպուէր բարդել գրականն ալ։ «Յիշատակաց ծաղիկներ»ուն սկզբնածագ որտմութիւնը պատանեկան է, չըսելու համար երախայական։ Ամէն տղայ այդպէս պիտի գայ արուեստին։ «Ֆանին ու ես»ը դաժան ու իրաւ դիտողութիւններու առատ մթերքով մը խառնուածքէ բխող տրտմութիւնը լայնօրէն կը հակակշռէ։ Արձակները, որոնք «Ովասիս»ի ստուար մասը կը կազմեն, գրուած են ցոյցի, դիրքի բերումներով, քան թէ գրագէտի լուրջ, խոր մղումներու իբր արդիւնք։ Այս տողերը անոր համար, վասնզի առանց իրաւ, հարազատ խառնուածքի բանաստեղծ չունի գոյութիւն։ Չեմ չափեր Որբերեանը անկումին գնովը մեր մեծահամբաւ քերթողներուն (Ալիշան, Նար–Պէյ, Թերզեան, Պէրպէրեան, Սէթեան, Սիպիլ, Չօպանեան, Աճէմեան եւ տակաւին քանի մը ուրիշ աւելի կամ նուազ ճարտար յանգահաններ)։ Բայց կը կենամ իրմէ մեզի կտակուած դիւանին առջեւ ու կը հարցնեմ. Ինչո՞ւ գրուած են «Ադամին անէծքը», «Յիշատակ», «Առ Աստուած», «Մեր դատը Աստուծոյ առջեւ», «Կցկտուր խօսքեր», «Սգաւոր մայր», «Նոր կինը» քերթուածները, որոնցմէ ոմանց փառքը հազիւ թէ կը շիջի քառասուն տարի վերջը իրենց ծնունդէն։ Կը յիշեմ նկատումը, որով դիմաւորուեցաւ, օրինակի համար, «Ադամին անէծքը»։ Կարդացէ՛ք կրկին ու ըսէ՛ք ինծի, ի՞նչ կայ այդ մեծաշռինդ եղջերուաքաղին մէջ, որուն նմանները կէս դար առաջ կրնային պատրել մեր վարժապետները։ Ինչո՞վ կը տարբերին «Եւայի հարսանիքը» (Ալիշան) եւ «Ադամին անէծքը», երբ դրուին բանաստեղծութեան արդար նժարին մէջ։ Որբերեան միայն չէ լացած, այլեւ բողոքած, հեծկլտագին սպառնացած։ Այսինքն որոշ դառնութեամբ յարձակած է իր դարուն զգայնութեանը վրայ, հաւատարմութեան /84/ սուր պարտքով մը Պայրընի հանդէպ, որուն համար ոտանաւորը ամենէն ամուր եւ սուր միջոցն էր յարձակման։ Արդի՞ւնքը։ Որբերեանի տաղաչափուած պարսաւները կը թացիկնան իր դժբախտ աչքերէն։ Լալկանն ու մարգարէն նոյն մարդերը չեն։ Ու երբ մեր սրտին դառնութիւնը կրակէ տողերու վրայով տալու տեղ (ամէն պարսաւագիր հրաբուխ մըն է), կը պարպենք բացագանչութիւններ, հռետորական արցունքներով, վտանգած կ՚ըլլանք մեր յարձակումին լրջութիւնը։

 

Աժան ասպետութիւն չէ անշուշտ երեսուն տարի մեծատաղանդ բանաստեղծի համբաւ մը, քառորդ դար վերջը իր շիջումէն, դնել արժէքներու նժարին ու ըսել անխուսափելին։ Բայց չմոռնաք պարագայ մը։ Այդ համբաւին հեղինակները յաճախ արուեստէն չէ որ կ՚առնեն իրենց փաստերը։ 1800–ին քիչ մարդ գլուխ–գործոց մը չգտաւ « Անցնելու մօտ » (Սիպիլ) բառակոյտին մէջ։ Գրող, լրագրող, դատող, ընթերցող իրարու մեղսակից էին այս պատրանքին ստեղծումին մէջ։ Եւ սակայն կային ուրիշներ ալ, որոնք չխաբուեցան։ Այսօր այդ չխաբուողները կը մնան լաւ տեսնողներ։ 1900–ին Ռ. Որբերեան փնտռուած քերթող մըն է Արտաշէս Յարութիւնեանի, Եղիշէ Դուրեանի, Գ. Խանճեանի, Մ  Ուղուրլեանի, Ե. Գօլանճեանի, Մերուժան Պարսամեանի, Ժագ Սայապալեանի եւ շատ մը Անայիսներու, Զարուհիներու հետ։ Եթէ շրջանէն Մեծարենց կը զատուի, կը զատուի ո՛չ իր ողբալի քառակոյտովը, Սիպիլեան սեթեւեթովը, այլ խառնուածքին դաժան, դժուար պաշտպանութեամբ պաշտպանութիւն՝ որ պակսեցաւ 1900–ի քերթողներու այդ փունջին ու ամենէն շատ գուցէ Որբերեանին։ Կարդացէ՛ք կրկին բոլոր ոտանաւորները, գտնելու համար իրաւ զգացումներու այն մթերքը, որ մարդու մը հոգին կը յօրինէ։ Ի՞նչ կ՚ապացուցանեն « Երկրագունտ », « Ժամացոյցս », « Դեղձանիկս », « Ծաղկանոցի նոճին » քերթուածները։ Ի՞նչ՝ հինին կեղծիքէն ետք « Նոր տնակ »ին չափաբերեալ տողերը։ Ու փակելէ առաջ այս տրտում, ակամայ հարկադրեալ ամբաստանագիրը, կ՚արտագրեմ սա քերթուածիկը, զոր իբր թէ պատահմամբ ըլլայ հեղինակը գտած պատառուած թուղթերէն ազատուած բեկոր, «որուն վրայի գիրերը դալկահարել են» բանաստեղծին ճակտին նման, ինչպէս կը վկայէ վերջին էջը « Ովասիս »ին.

 

  « Տարիներ առա՛ջ գրեր եմ տապանագիրս, եթէ բախտը որոշէր որ այս հեռաւոր մինակութեան մէջ փակէի աչքերս »։

/85/ Ահա՛ այդ տապանագիրը.

«ԱՍՏ ՀԱՆԳՉԻ

 

Մի՛ հաւատաք, հանգիստ չունին

Իր աճիւններն աւազին տակ։

Մի՛ մօտենաք այս դամբանին

Երջանկութիւն ու յիշատակ։

 

Սոխակն անուշ կ՚որոնէ իր վարդենին,

Ամպեր ծովի՛ն կը սըլանան հողմավար,

Ու երազն էր վըտարանդի քերթողին

Զովացընել մի օր ճակատն հըրավառ

Ջուրերուն մէջ Եփրատին:

 

Վասն հայրենեաց պատնէշին վրայ չինկա՛ւ ան,

Այլ կարօտով ու աչքերը կիսաբաց։

Սպասումո՛վը շողերուն տուընջեան,

Հատաւ ինչպէս ասուպները երկնասլաց,

Զենիթէն վա՛ր կը սուրան։

 

Մի՛ հաւատաք, հանգիստ չունի՛ն

Իր աճիւններն աւազին տակ:

Մի՛ մօտենաք այս դամբանին

Երջանկութիւն ու յիշատակ»։

(«ՈՎԱՍԻՍ»)

 

Գերեզմանին մէջ ալ սա պչրանքը, սեթեւեթը, նանրամտութիւնը ու տաղաչափութիւնը դժուար թէ ներուին մեզի։

Չխօսեցայ իր ոտանաւորին երաժշտական արժէքէն, որ գլխաւոր զսպանակը կազմեց իր վարկին, համբաւին ու ամբոխէն զատ զինք /86/ ալ ձգեց իր պատրանքին տակ։ Կ՚ընդունիմ, թէ մեծ բան է անիկա, առնուազն փաստ մը։ Բայց երբ հոս գրուածին նման միս-մինակ է բոլորովին (ինչպէս տեղին է յիշել իր առիթով, իրեն չափ մեղաւոր ուրիշ անուն մը, Աւետիք Իսահակեանը), կամ կը խղդուի տափակութեան, կեղծիքին, լալկանութեան, հռետորութեան, անլրջութեան, թացիկութեան դժնդակ համանուագին մէջ, այն ատեն կը դադրի իր դերէն։

Ահա՛ թէ ինչո՛ւ «Գիւղիս ճամբան» քերթուածը մինակ ըլլայ մնացած Որբերեանի քերթողական դիւանին մէջ։ Մէկ ծաղիկով գարո՞ւն։

Երբեմն։

 


 



[1]     Ահա ծանօթութիւնը, զոր զետեղուած է «Ծփանքներ»ուն մասին «Ովասիս»ի 112–րդ էջին.

       «Ծփանքներ»ուս առաջին երգին՝ «Դէպի անդունդ»ին հրատարակութիւնը՝ սրտի պէտք մըն էր ինծի համար։ Պայրընի Չայլտ Հարոլտին անկոխ թողած աշխարհները թափառիլ ճակատագրուած էր ինձ բախտէն. Պաղեստինով կը սկսիմ։ Նոր երգիչը՝ անբաղդատապէս աւելի տկար Հարոլտէն՝ այլ աւելի տառապած անկէ՝ մտադիր է շարունակել իր ուխտագնացութիւնը, դէպի Արեւելք, մինչեւ նորածագ Արեգական երկիրը, մեծ Կրօնքներու դամբաններուն ընդմէջէն, եթէ միայն առիթ ունենայ մտածելու՝ թէ համակիր այլ խռոված հոգիներու ծոց, կրցաւ հայ տառապանքին մէկ հեւքը արթնցունել։

       «Երկրորդ եւ չորրորդ երգերէն մէյ–մէկ հատուած միայն կը յանձնեմ այսօր տպագրութեան։ Ամբողջութիւնը կը փափաքիմ որ հրատարակուի իմ անցումէս վերջ։ Այնչափ տխուր ու յուսահատ շեշտեր կան հոն՝ որ նոր սերունդին հոգին չեմ ուզեր հաղորդակից ընել իմ վիշտերուն։ Ժամանակը կ՚անցնի, եւ օր կու գայ որ անոնք արժէք կրնան ունենալ իբր գեղագիտական երեւոյթ » (ստորագծումը ինձմէ)։

       Այս տողերուն ծանրակշիռ դատողութեան մասին իմ ըսելիքը քիչ անդին։ Հոս կ՚ուզեմ հրաւիրել ուշադրութիւնը սա՛ փաստին, թէ «Ծփանքներ»ը թերի հրատարակութիւն մըն է. թէ բնագիրը կը մնայ. թէ զայն տպել պարտին անոնք, որ այդ հօրը անունը կը կրեն։