Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ

/489/ Այս գրքոյկը նոր էր աւարտած,

Երբ վարագոյրը իջաւ։

Չունէի պատրանք, ամրան վերջին տեսակցութենէ՛ս ասդին։ Կը քալէր իր գիրին. առանց վախի, ինչպէս առանց հերոսութեան։ Պարպեց գրպաններէն փշրանքները իր գանձերուն ոտանաւորներ, ոմանք թարգմանութիւն։ Կարդաց « Տաղարան »էն (որ ծրագիր մըն էր տակաւին) քանի մը քերթուած ու դատեց իմ լռութիւնը։ Չըսի իրեն իմ տպաւորութիւնը։ Ասիկա խնայել մը չէր սիրելիի մը, անխուսափելի դառնութիւն մը։ Հաւատք ունէի իր թափանցամտութենէն ու կը սպասէի, որ անդրադարձը [1] գար իրմէն։ Չեկաւ այս բարի զգուշաւորութիւնը, որպէսզի մեր մաքուր հիացումին խնայուէր դժնդակ կորանքը « Տաղարան »ին։ Բայց այս իսկ բեկումը կը ստանայ իմ մէջ մարդկային, գրեթէ խորհրդանշանական իմաստ մը։ Տկարութիւնն ալ /490/ մեր ճակատագրին մաս կը կազմէ։ Ու գլուխ–գործոցներուն փառքը աւելի կ՚անուշնայ, երբ իրենց կ՚ընկերանան աւելի համեստ իրագործումներ։ Յետոյ, մեր իրաւ բանաստեղծները կ՚արժեն իրենց գեղեցկութիւններովը։ Անոնց վրիպանքները, կեանքին խաղերը իբրեւ, չեն կրնար մեր դատաստանին վրայ ազդել։

Վարագոյրը իջած է, ու,

Վահան Թէքէեան ազատագրուած է, թերեւս վերջնականապէս:

Կ՚ըսեմ՝ թերեւս, վասնզի իր վարկը, մահուան մերձ տարիներուն հասած էր հակադիր աճումին, թելադրելու չափ գրական նորոյթի մը պատրանաւոր քմայքները։ Հակազդեցութիւնները, կործանումները երբեմն կու գան անհակակշիռ հիացումներէ։

Տեղը չեմ նկատեր յարմար՝ հաշուեյարդար ին, որ իմ գործը ըլլալու չէ, ո՛չ ալ անոնցը, որոնք բուրվառէն դուրս ուրիշ դեր չեն ըմբռներ մեր գրական հրապարակին վրայ։ « Հայերգութիւն »ը երեք տարի առաջ բերանը բացաւ պատուելիներուն, սարկաւագներուն, ճերմակ–կտուցներուն, ստեղծելու չափ դառնութիւն Թէքէեանը իրապէս սիրող մարդոց հոգիէն ներս։ Ինծի կը մնայ, շատ արագ, հոս ընել քանի մը թելադրանքներ։ Հարիւր տարի ետք, երբ հետքն իսկ ըլլայ ջնջուած մեր հիացումներուն, յիմարութիւններուն, հայոց գրականութեան հանդարտ պատմիչները պիտի հպարտանան այն փաստերուն առջեւ, որոնք Վահան Թէքէեանէն կտակ են ինկած հայոց հաւաքական հարստութեան թանգարանին։ Կ՚ըսեմ այսպէս, փորձառութեան մը գնով, կէս հարիւր տարիներու երկայնքի մը վրայ։ Միսաք Մեծարենցի հարիւրը անցնող տաղերէն քսանեակ մը կը պատկանի, վճռապէս ու անվերադարձ, հայ ժողովուրդի սրբութեանց թանգարանին։ Մնացա՞ծը, գուցէ պիտի փութանք հարցնելու։ Բայց՝ ժամանակի՜ն, այսինքն անզուգական դշխոյ, քերթողուհի Սիպիլին, եզական գրագէտ իմաստասէ՛ր Տիրան Չրաքեանին եւ 1900–ի ադամանդակուռ տաղաչափներու թշուառունակ ուրուականներուն։ Դանիէլ Վարուժանի կրկին հարիւրը անցնող քերթուածներէն աւելի քան կէս հարիւրը դարձեալ կը կազմէ պահեստ մը հայ հոգիին հարստութենէն։ Պետրոս Դուրեանի տաղերէն երեք չորրորդը նոյն բարիքով կ՚երախտաւորէ մեզ։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն տասնեակ մը քերթուածներ կ՚ապրին մեր լեզուին հետ, իբրեւ սրտայոյզ պահերու վկայութիւն, միշտ իմ ժողովուրդիս հոգիէն։ Վահան Թէքէեանէ՞ն.

Առնուազն Վարուժանի, Մեծարենցի, Դուրեանի, Պէշիկթաշլեանի չափ։

/491/ Այսինքն՝ բոլոր իրաւ բանաստեղծներուն մօտ դիտուած համեմատութեամբ մը, թեթեւ առաւելութեամբ մըն ալ իր հաշւոյն։

Մնացա՞ծը։

Մի՛ նեղուիք ու մանաւանդ մի՛ տաք հաւարի։ Բանաստեղծութիւնը հայրենասիրութիւն չէ, որպէսզի խեղճ ու պատառ կտորներ, այդ զգացումին գնովը արտօնուիք արժէքի բարձրացնելու։ Այդպէս կազմակերպուած արժէքներու դիմաց է, որ մօտ կէս դարէ ի վեր կը պայքարիմ։ Իմ պատանիի հիացումիս առաջարկուած միակտուր փառքե՜րը Ալիշաններուն, Նար–Պէյներուն, Թերզեաններուն, Սէթեաններուն, Պէրպէրեաններուն, Սիպիլներուն, մարդեր ասոնք, այլապէս շքեղ, երախտառատ, բայց որոնց քերթուածները… ո՛չ ոք կը կարդայ այսօր, թերեւս կշտացած անոնց շուրջը դիզուած գովքէն ու խունկէն։

Մի՛ նեղուիք, վասնզի, Վահան Թէքէեանի մը գրիչէն տասը քերթուած բաւ է անթառամ պահելու անոր անունը մեր լեզուն սիրող ոեւէ մտացի երիտասարդին սրտին ու մտքին մէջ։ Արժեւորեցէ՛ք այս յաջողուած բները հպարտութեամբ ու փառքով, ու մոռցէք խաղաղութեամբ մնացածը։ « Տաղարան »ը, տպուած 1945–ին, բեռ [2] մըն է Վահան Թէքէեանի յիշատակին։ Ըսել ասիկա իր երեսին, պիտի նշա/492/նակէր իր պատռտած սիրտը աւելորդ որքան անտեղի կերպով մը արիւնոտել։ Խօսեցայ իր դիւրազգածութենէն, որ հիւանդագին չափերու էր հասած, երկար լռութեան, սպասումին ակօսներէն։ Մեղքը՝ մոլորեցնողին ճիտին։ « Հայերգութիւն »ը, տպուած 1943–ին, ծաղկաքաղ մըն է, թերեւս յաւելումներով, բայց ինչպէս դիտել տուի վերը, Վ. Թէքէեանի արժեց ծանր տառապանք։ Հատորին շուրջը գովեստը գտաւ ծիծաղելիին record-ը, մինչ այդ գովեստին ներքին արժէքը [3] աւելի քան ծանծաղ էր, չըսելու համար ջրոտ։ Յաւելեալը, այդ հատորին մէջ, անբաւակա՛ն՝ զգայնութեան նոր երակ մը պարզելու, մեր հիացումին։ « Սէր »ը, տպուած 1933–ին, ինծի կը թուի անցման գործ մը, ժամանակին՝ լայն տուրքով մը, Սփիւռքէն ծնած իր մեծ մասին մէջ, բայց պարունակող քանի մը շքեղ գագաթներ, որոնց պակասը պակաս մը պիտի կազմէր Վահան Թէքէեանի ինչպէս մեր բանաստեղծութեան համար։ « Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս »ը, տպուած 1918–ին, կու գայ իրաւ բանաստեղծ Թէքէեանէն, որ այդ հատորին մէջ դրած է մեր լեզուին քանի մը քաղցրագոյն, խորագոյն, գեղեցկագոյն յաջողուածքները, ինչպէս մեր զգայնութեան գագաթները։ « Հրաշալի յարութիւն »ը, տպուած 1914–ին, յաղթանակ մըն է ու փառք մը։ Կրնաք մոռնալ « Հոգեր »ը, տպուած 1901–ին, ինչպէս լաւ կ՚ընէք չմտածելով « Սարսուռներ »ուն . Վարուժան)։

Միտք–բանի՞ն, սա թուումին։

Ա՛ն որ Վահան Թէքէեանի քերթողական ստեղծագործութիւնը մարդկային երեւոյթ մըն է, ըլլալէ առաջ բանաստեղծական յաջողուածք մը, կեանքին վաղածանօթ օրէնքները արդարացնող, բնախօսական ճշգրտութեամբ մը։ Անոր քերթուածները շատ քիչ բան, /493/ չըսելու համար ոչինչ են պարտական բանաստեղծ մը պայմանող զօրաւորագոյն ազդակին երեւակայութեան։ Այս հաւաստումին չուշանար հետեւութիւնը։ Չգալով երեւակայութենէն, այդ քերթուածները հարկադրաբար պիտի գային կեանքէն, ասոր ասղնտուքէն, կիզումէն, պիտի պատմէին տարիքը ու յարակից տագնապանքը մեր մարմինին, գերութիւնը, կործանումները մեր հոգիին, շատ վարէն, շատ ներսէն։ Պիտի յանգէին, անխուսափելի կերպով մը, բնախօսական քայքայումին, որուն անունը չեմ տար, այնքան ամէնքդ ալ մօտ էք անոր մտատեսումին։ Վերածեցէ՛ք սա վարկածները իրենց պարզագոյն, մարդկայնական տարողութեան ու դուք կ՚ունենաք մտատեսիլ իրականութիւնը այդ գործը պաշտպանող։ Տառապեցաւ անշուշտ իր երկարատեւ մռայլութեան ներսը։ Բայց այդ տառապանքը ան չփոխեց անաթեմայի ։ Կեանքին տուածը այնքան դառն, այնքան ծանր էր, որ պէտքը չզգաց ա՛լ արուեստին նպաստին ու գրեց լուրջ, խոր, զգաստ, բարձր հոգիովը, որ ո՛չ իմաստունինն է, ոչ ալ ճախրաթռիչ երեւակայողինը։ Պարզ մարդու, ցաւէն կոտտացող գլխու, կարօտէն մաշող սիրտի ձայներ են այդ քերթուածները։ Զուր տեղը չէ, որ ամենէն աւելի սիրեց Պոտլէռը, որ իր կարգին ապրեցաւ, աւելի ծանր չափերու մէջ, ողբերգութիւնը Վ. Թէքէեանի։

Իրաւ է անշուշտ, սա թելադրանքներուն ընդմէջէն, մեզի հասած լուրջ քերթողութիւնը Վ. Թէքէեանի։ Իրաւի մօտ, անոր գարունքին վկայութիւնը՝ « Հոգեր »ը։ Տարիքը յաճախ խոտոր կը համեմատի ստեղծումին, որ հոս կը նշանակէ երեւակայութիւն։ Վահան Թէքէեան ծանր կերպով կը կրէ սակայն կշիռը իր չափահասութեան։ Ինչ որ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան պիտի սպառէ իր գարունքին, երիտասարդութեան շրջաններուն, չի համեմատուիր Թէքէեանի ալեւոյթին մեղքին՝ « Տաղարան »ին։ Հայոց սրբազան եղերերգակը մահուան մէջ մտնելէ ետք միայն պիտի գտնէր իր լիութիւնը, լրջութիւնը, հրայրքը։ Այս շրջումները օրէնքներու չեղան ենթակայ։ Մահուան համար հասուննալը երիտասարդութեան մէջ իմաստ մըն է անշուշտ։ Դուրեան, Մեծարենց, Զարիֆեան, Տէրեան։ Այո՛։ Ու թերեւս Վարուժանի, Սիամանթոյի, Սեւակի քաղցրութիւնները կը հաւաքուին մահուան անդաստաններէն։ Վահան Թէքէեան չաճապարեց, այսինքն զարգացում մը չպարզեց՝ մեզ շփոթութեան մատնող։ Կանոնաւոր, բնական երեւոյթ մըն է ուղիղ իր բուխքը, պատանութեան խակութիւններէն («Հոգեր»), որպէսզի շատրուանուի « Հրաշալի յարութիւն »ը։ Ու այսպէս դիտուած, անոր գործերը գիրքեր ըլլալու տեղ, ըլլալէ առաջ, խառնուածքներ են, բարեխառնութիւններ, իրմէ ու /394/ շրջապատէն։ Ո՛չ ոք ունէր գաղտնիքը, իրեն չափ, ամբոխներ յուզող զգացումները պարզագոյն կաթողիկէներու նման տասնհինգ-քսան տողի վրայ փառապսակ ճարտարապետելու։ Ու ասիկա այսպէս, տարիքին բոլոր մայր հրուանդաններուն, եղանակային ներդաշնակութեամբ, կանոնաւորութեամբ։ Շրջա՛նը, ու ինքզինք։ Այս է պատճառը, որպէսզի իր հատորները չըլլան գիրքեր, այսինքն թղթեղէն, այլ անգայտացած, պայծառակերպուած կեանքեր։ Ուրիշ հատորի մը մէջ ես տուեր եմ բաւարար վերլուծում այս հարցերուն։ Չեմ կրկներ ինքզինքս։ Երբ մեր քերթողները հատորը հատորին կը կապեն, «շոգեպինդ», Վահան Թէքէեան կը մնայ հպատակ կեանքին օրէնքներուն։ Դիտեցէ՛ք անոր մատեանները, ժամանակի նկատումներով։ Գրեթէ անոնք իրարմէ բաժնուած են տասնամեակներով, ինչ որ հաւասար կու գայ ապրելու, միշտ ապրելու, որուն գինն են ըլլալու մեր գիրքերը եւ ոչ թե մեր միտքին շնորհներուն։ Մինչեւ քաւարանեան դալկութի՞ւնը « Տաղարան »ին։ Անշո՛ւշտ։ « Տաղարան »ը վրէպ մըն էր։ Ու չեմ բանար վարագոյրին ծալքը։ Տրտում այդ պատմութի՜ւնը, որուն մէջ պակսող խելքին բաժինը չէ գրաւուած զոհուող սրտին հզօր իրաւունքովը։ Սիրելը ո՛չ տառապիլ է, ո՛չ ալ բանաստեղծութեան համար զգայութիւններ հաւաքել։ Անիկա կ՚ապրուի: Զայն վերլուծել՝ կեանքը մեռցնելուն կը նմանի։ Դիակ մը ողջէն ամէն բան ունի, բացի էականէն, կենդանութեան տկլոր բարիքէն ։ Սիրոյ վրայ քերթուած մը, մանաւանդ շարք մը (ինչպէս կոչած է հեղինակը այդ տաղերու շարքը, « Տաղարան »ը), բաւ էր մեզ յուզել իր իրաւութեամբը ։ Ու ճակատագիրը կ՚ուզէ, որ իրաւ չկարենանք ըլլալ, հազար ու մէկ նկատումներէ ընդքարշուած։ Թող ազատագրուէր այդ դէմքը իր պարտադիր տժգունութենէն, ըսել կ՚ուզեմ՝ թող Վահան Թէքէեան տար այդ դէմքին թէկուզ սովորական, գետնաքարշ իր իրականութիւնը մեր պատրանքն է, որ կը միջամտէ, որպէսզի մենք իր մատները մեր մազերուն մէջ խաղցնող ձեռք մը վերածենք հեքիաթի, հրայրքի, անասելի անուշութիւններու նուագարանի մը - մենք կ՚ունենայինք առնուազն իրաւ զգայութիւններու նպաստ մը։ Գերեզմանին այնքան մօտիկ, սա այնքան քօղածածուկ վկայութի՜ւնը։

Մեր իրաւ բանաստեղծներէն իւրաքանչիւրին հետ իմ ժողովուրդին մէկ ներքին հարստութիւնը կերպարանք կը դառնայ։ Ըսեր եմ ասիկա, վաղ երիտասարդութեան իսկ օրերէն։ « Համապատկեր »ը լայն չափերու վրայ կը ձգտի այդ համադրումին։ Վահան Թէքէեան բանաստեղծի՞ն հետ։ Էջեր կան նուիրուած այդ հարստութեան արտահանումին։ Հիմա, որ մահը կ՚առնէ զայն իր պաշտպանութեանը տակ, /495/ Վ. Թէքէեանէն մեզի ժառանգ լաւագոյն քերթուածները այդ հարստութեան մասին վճռական վկայութիւններ են։ Այս ժողովուրդը տառապած է (լոյս իջնէ Լաբալիսին գերեզմանը անշուշտ, բա՜յց) առանց հարցնելու իր քերթողներուն, որոնք դարէ ի դար իր հոգիին վրայ կրկնասարուած փռեր են չարիքին կտաւները։ Բայց մահուան տաղերը կը զատուին ընդհանուր մռայլամած յոռետեսութենէն, ներքին այն պարկեշտութեամբ, յստակութեամբ, որոնցմով դառնութիւնը, տրտմութիւնը, նոյնիսկ մահը կ՚ըլլան դարձեալ մարդկային բխում, իրականութիւն, ճակատագիր։ Տառապանքը արուեստի ազդա՞կ։ Չեմ երթար առաջ այդքան էսթէթ տեսութիւն մը պաշտպանելու։ Գիտեմ, սակայն, որ ցաւէն անցած բացատրութիւնը մեր ժողովուրդին ամենէն ազնուական մէկ փորձառութիւնը կը խտացնէ։ Այսպիսով է, որ մենք լացել ենք բայց դիմացեր, տեսեր մեր շուրջը կործանիլը մեր ամենէն նուիրական սրբութիւններուն, բայց սկսեր վերակազմումը մեր քանդուած հոգիին, գրեթէ ամէն աղէտէ ետք, երբեմն նոյնիսկ աղէտին ծոցը։ Քանի մը հարիւր տարի վերջ, մեր ժողովուրդը իր պատմութիւնը ոչ միայն պիտի ըլլայ վերագտած, այլ մանաւանդ զայն պիտի հասկնայ, բոլորովին տարբեր ԺԹ., Ի. դարու մեր բանասէրներէն։ Պիտի երեւան գայ ծածկուած խորհուրդը ժողովուրդի մը, զգաստ, խոր, իրաւ, քամբախտ, միշտ ցաւին սլաքներուն տակ, բայց միշտ զայն վերածելու չափ իմաստուն նորոգեալ կենuականութեան մը, ուժականութեան մը: Քերթողներուն բաժի՞նը այս խելամտումին մէջ։ Այն ատեն, մեր թոռներուն թոռան որդիները պիտի զգան, թէ ի՛նչ շնորհներու կը պարտին իրենց կեանքը, ասոնք գտնելով մեր մշակոյթին մեծ միութիւններուն ծոցը, ծրարուած բայց անմեռ։ Վահան Թէքէեան պիտի ըլլայ ամենէն յատկանշական դէմքերէն մէկը հայ խորհուրդին։ Եւրոպան, այսինքն արեւմտեան մշակոյթը, Արեւելքը, այսինքն մեր արեան անդաստանը այդ բանաստեղծութեան մէջ պիտի ըլլան իրարու վերածուած, երբ այլեւս չեն գործեր ներկայի զառածումները։ Ֆրանսացիք 1850–ին գտան իրենց Ռոնսարը։ Քուչակ, Սայեաթ-Նովա, Նարեկացի մեր գրականութեան դարձան ԺԹ. դարուն։ Վահան Թէքէեան մեր իրաւ բանաստեղծներու խումբին հետ ու մէջ, կանչուած է մեր ժողովուրդէն վկայելու ապագայ դարերու դռներուն։ Ուրիշ տեղեր, այս ամէնը, կը կրկնեմ, վերլուծուած են առատ փաստերով։

Թերեւս դիտեցիք, որ չեմ գործածած մեծ բանաստեղծի աժան պիտակը։ Բանաստեղծները իրաւ են միայն։ Մեծութիւնը միտքի երեւոյթ, քիչ հարազատ է քերթողներու համար։ Արեւմտահայ գրա/496/կանութիւնը մեծութեան կշիռներով չէ որ պիտի մօտենար Պէշիկթաշլեանի, Դուրեանի, Վարուժանի, Մեծարենցի, Թէքէեանի ժառանգութիւններուն։ Պիտի մօտենայ իւրաքանչիւրին, անոնցմէ զատելու համար երեսակներ, շերտեր, ուր մեր ժողովուրդին մէկ շնորհը, մէկ զանակը, մէկ գեղեցկութիւնը մասնաւոր փարթամութեամբ մը ինկած ըլլայ աճումի ու գտած կատարելութեան աւելի բարձր աստիճան մը։ Արդ, կրնաք վստահ ըլլալ, որ Վահան Թէքէեան, համադրական դէմք մը ըլլալէ հեռու, մեր շնորհներուն ամենէն ազնուականներու մէկ քանիներուն ճառագայթումն է երկու դարերու միջեւ։ Անոր մէջ ապագա՞ն։ Բայց ինչո՞ւ փնտռել ինչ որ զլացուեցաւ անոր ներկային։ « Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ » («ՍԷՐ») իր արագ գնացքին մէջ չի՞ թելադրեր երազը, որ վառեց մեր միտքին առաջապահները, հարիւր տարի առաջ՝ դարերով մեզի զլացուած փառքերու հաշւոյն, երէկ՝ ուրուագծուող աշխարհի մը հիմնական կարգախօսներուն դիմաց։ Ու մեր սպասումը։ Մեր ոգորումը։ Մեր կսկծանքը։ Մեր յուսահատութիւնը։ Մեր անթառամ հաւատքը մեր ճակատագրէն։ Մեր անթառամ բարութիւնը ու մեր սրտառուչ միամտութիւնը, բացսրտութիւնը։ Ասոնք կը հոսին իմ գրչէն, անդիմադրելի թափով մը ու ասոնք հայ–հոգի ըսուած մտապատկերին բաղադրիչները չե՞ն արդեօք։ Քառորդ դար ետք վարագոյրին իջնելէն, սա զգայութիւնները Վահան Թէքէեանի բանաստեղծական արդիւնքէն, կը հաւատամ, թէ ինքնագիր իրենց հաւասարակշռութիւնը կը գտնեն, ուզենք կամ չուզենք։ Արեւելահայերը կէս դար հերքեցին արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը։ Այսօ՞ր։ Խաղաղութիւնը չի կրնար չգալ, մեր իրաւ բանաստեղծներուն ուրուականները գոնէ սփոփելու, երբ մեր տուածը իրենց ողջութեան այնքան դժնդակ դառնութիւններու մրցանք մըն էր…:

Իր փոխումը ներեցէք այս հնոտի բառին։ Վահան Թէքէեանի ախորժակներուն մէջն եմ սակայն, զայն երբ կը գործածեմ հին իր առումով պատճառ մըն է իմ ներսը ուրիշ կարգէ զգայութիւններու, մտածումներու։ Երկար տարիներ իր զգաստութիւնը, իմ անզգաստութիւնը կերպով մը կը հաւասարակշռէին զիրար, մանաւանդ գրական հարցերու մէջ, որոնց լայն գիտակցութիւնն ունէր ասպարէզէն դատողի մը չափ, քիչիկ մըն ալ աւելի, քանի որ այդ գիտակցութիւնը չէր հաճոյք զգար ցոյցէն, շուրջառէն, ու համեմուած ալ էր որոշ սրամտութեամբ։ Իր հիացումները ու իմ ուրացումները յաճախ իրարու բախեցան, բայց մենք իրարու չինկանք։ Կը հաւատար խառնուածքին, կիրքին, ու կ՚ընէր ասոնց անհրաժեշտ զիջումը։ Կը /497/ հասկնայի իրաւ բանաստեղծութիւնը ու այս իմաստութիւնը բաւ էր իրեն։ Ահա՛ մեր յարաբերութեանց հանգոյցը։ Վահան Թէքէեան իր սերունդին բոլոր աշխատաւորներուն հետ անցուց ծանր, մութ ժամեր։ Բայց եղաւ զգաստ այդ մթութիւնը էսթեթիքայի բարձրացնելու։ Չեմ ներկայացներ ինքզինքս։ Գիտէք, թէ որքա՛ն քիչ են իմ հիացումները, եւ որքան շատ՝ իմ դառնութիւնները, արդիւնք մեր հրապարակին սա քաղաքական գրականութիւնն ալ քաղաքականութիւն մը ունի մեղքերուն։

Ազատ եմ, սա տողերուն վրայ, դատողը զգուշաւոր կամ զեղուն հանդերձող ամէն նկատողութենէ, ոչ անշուշտ անոր համար, որ մեռելներէն ոչինչ կը սպասենք, այլ անոր համար, որ ողջերուն հանդէպ անկեղծութիւն մը մարդոց կողմէ կ՚ողջունուի յաճախ հակադիր իմաստով։ Վարուժանը գոված ըլլալուս համար, 1914–ին, ենթարկուեցայ ամենէն տրտում, չըսելու համար անարգ որակականներու փշապսակին, մէկու մը բերանով, որ պաշտօնական, զգեստաւոր, պատմուճանեալ դատաւորն էր արեւմտահայ գրականութեան։ Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ Վարուժան իրաւ բանաստեղծ մըն էր։ Ու լաւ է չմտածել ասկէ անդիին։ Աւելի քան երեսուն տարի Վահան Թէքէեան պէտք կա՞յ, յիշեցնելու, որ Թէքէեանի լաւագոյն գործը կը կանխէ այս երեսնամեակը մռայլ, գաղիացիք ունին obscur-ը, բանաստեղծ մըն էր, այսինքն շքեղ, տիրական անծանօթ մը։ Աւելի քան երեսուն տարի իմ յամառ, աննկուն առաքելութիւնը պիտի ըլլար բեկանել այդ անողորմ վճիռը։ Կազմակերպուած գապալ մը չէր անշուշտ հեղինակը սա դժբախտութեան։ Ծնած էր գէշ աստղի տակ։ Չունէր զգացումը հզօր անբանաստեղծութեան, որ մեր ժամանակները պիտի յատկանշէ, քանի մը հարիւր տարի ետքը (զի՝ կան անբանաստեղծ դարեր ու անբանաստեղծ ժողովուրդներ)։ Ու կը տառապէր ո՛չ անշուշտ ուրիշներուն փառքէն, այլ իր փառքի անատակութենէն։ Պսակը ճակատներ կը փնտռէ։ Վահան Թէքէեան մասնագէտն էր մարդերը իր դէմը հանելու: Ու մարդոց գերագոյն պատիժը, գիրքի ասպարէզին վրայ, առանձնացնելն է. գարանթին ը գաղիացիներուն։ Այս է ահա գրական ողբերգութիւնը, որուն քանի մը տեղ ըրի ակնարկութիւն սա փորձի ընթացքին։ Ունեցա՞ւ սա բացառիկ հանգամանքը դեր մը իր ստեղծագործութեան վրայ։ Ճիշդ չէ արագ վճիռը։ Իր յոռետեսութիւնը, տրտմութիւնը, մահաբաղձութիւնը փոքրել պիտի նշանակէր զանոնք վերագրել գրական ցաւի մը։ Միւս կողմէն, կը ճշդեմ հոս, իր հասցէին գործադրուած խորամանկ, անդուլ, սողոսկուն հալածանքը։ 1922-ին, իր թերթին մէջ (Պոլիս, /498/ « Ժողովուրդի ձայն »ը) իրեն դէմ կը գործէին իր խմբագիր ընկերները։ Տարածեցէ՛ք սա ճակատագիրը Սփիւռքի լման հասակին, ու դուք պիտի ունենաք պատկերը տրամային։ Մեր իմացականութեան, գրականութեան սպասը պաշտօնապէս, փողով թմբուկով ստանձնած ըլլալնին յայտարարող մարմիններ թողուցին, որ Փարիզի սրճարաններուն մէջ անոր հիւանդ մարմինը պառկի անպաշտպան. ու երիտասարդ ուսանողներ իրենց ուսերով զայն փոխադրեցին հանրային հիւանդանոց մը։ Յիշեցէ՛ք Պոտլէռը ու կուլ տուէք ձեր արցունքը:

Հազիւ կայ քանի մը տարի, որ երիտասարդութիւնը, յուզուած վերջապէ՛ս սա անորակելի առանձնացումէն, թերեւս Սփիւռքի հոգեբանութենէն ներս մուտք ըրած ուրիշ ալ զգացումներու իբրեւ անդրադարձում, կը գիտակցէր իրաւ բանաստեղծի անոր փառքին ։ Վահան Թէքէեան այդ փառքը ապրեցաւ, սուղ շրջանի մը համար, որ կերպով մը կարծես տնօրինուած էր փոխարինելու կիսադարեան հասակով լռութիւնը իր արժէքին շուրջ։ Իմ ինչո՜ւն պէտք, որ ինք ունենար լայն բաժին այդ լռութիւնը դարբնելու մէջ։ Կամ միշտ իմ ինչո՜ւն պէտք՝ նախանձը, կիրքը, որոնք մարդկային են։ Բայց մանաւանդ իմ ինչո՜ւն պէտք մեր անհասկացողութիւնը եւ կամ դերը Վահան Թէքէեանի խառնուածքին։ Փաստը մէջտեղն է, իր ահաւոր պարզութեամբ։ Թող օրհնուին անոնք, որոնք իր վերջին տարիները քաղցրացուցին։

Զգաստ էր ու հպարտ: Դիւրազգած էր ու կրքոտ։ Իմաստուն էր ու հայեցող։ Համադրեցէ՛ք այսպէս զատուած սա որակումները, որպէսզի հասկնաք իր տրաման, որ չի նմանիր ո՛չ Պէշիկթաշլեանին, ո՛չ Դուրեանին, ո՛չ ալ Մեծարենցին, երեքն ալ պարզ ու պայծառ ողբերգութիւններ, հիւանդութեամբ մը ամպհովանուած։ Կան մարդեր, որոնց գործը խորանարդեալ աղմուկով մը իրմէն, դուրսէն ու հեռուէն կը պարտադրէ ինքզինք։ « Ներաշխարհ »ը մէկն է այն գործերէն, որուն շուրջը սարքուած գապալը թերեւս Չրաքեանի մէղապարտ խառնուածքին նուէրն էր մեզի։ Կան ուրիշներ, որոնց գործին շուրջը լռութիւնը, ինքնահրաւէր ու ինքնասարաս, իր ոսկի պատանքը կը հիւսէ։ « Ամիրային աղջիկը » նմոյշ մըն է այս գիծէ գործերէ։ Ուշադրութիւն։ Արժէքի հարց չեմ յուզեր։ Գիրքերն ալ կը ծնին իրենց բախտովը։ Ու մեր բոլոր իմաստութիւնը, զարգացումը անբաւական պիտի գան, որպէսզի հասարակ պոռնկագրութիւն մը (օրինակ « Միամիտի մը արկածները ») չողջունուի իբրեւ շքեղ ստեղծագործութիւն, կամ հասարակին հազիւ մօտեցող վէպ մը, պոէմա մը, չյայտարարուին « աննման », շէյքսփիրեան ։

/499/ Վահան Թէքէեանի մահը, այսինքն ասով ստեղծուած ընդարձակ խռովքը, գործի՞ն թէ գործաւորին կը մատուցանէ մարդկային կարելի արդարութեան պարտք մը, որուն զգացումը յաղթանակն է բոլոր տկարներուն մօտ։ Թաղեցինք, կը թաղենք արքավայել շուքերով մեր մեռելները, զանոնք ապրեցնելէ ետք ամենէն անզգամ, անաստուած զրկանքին մէջ։ Պետրոս Դուրեան մը խորտակած է իր գերեզմանը ու աւելի քան կենդանի, մեր մէջը։ Թաղեցինք նոյն շուքով Ռեթէոս Պէրպէրեանը։ Բայց « մեծապայծառ իմացականութեան » չեմ ըսեր pléonasme–ը, այլ կ՚ըսեմ իրաւ բարիքն ալ արդէն կը հանգչի իր մոխիրին տակ փառքն ալ կ՚ապրի իր մոխիրին համար սա մեր աշխարհին։ Սփիւռքը, այսօր, ամէն անկիւնէ զգալի կ՚ընէ խռովքը, Վ. Թէքէեանի մահով առաջացած։ Շռնդալից, արտասուայեղց բանախօսութիւններ, բերանովը մարդոց, որ անդադար դաւեցին ետեւէն։ Սգահանդէս՝ հո՛ն ուր այդ բանաստեղծին անունը միշտ շքեղ անծանօթ մըն է։ Քառասունքի հոգեհանգիստ։ Մանաւանդ անոր յիշատակին նուիրուած, « ձօնուած » անտանելի, ողբերգական քերթուածները։ Ասոնք բոլորը կը թուին վրդովել մաքուր շէջքը բանաստեղծին, հաշիւներու շրջուած հանդէս մը թելադրելով, կարծես գնելու համար ուրացման լայն կէս դարը։ Կրնամ սխալած ըլլալ, այս ամէնը երբ կ՚արժեւորեմ, կը ձգտիմ արժեւորել մօտիկ, բայց անհերքելի անցեալին շուքերովը։ Ու կու տամ, վախկոտ, հարցականը.

Կա՞յ արդեօք բան մը փոխուած, մեր ընկալչութեան մէջ։ Ուրիշ բառերով՝ Սփիւռքը կը գտնէ՞ վերջապէս զգայարանք մը իրաւ բանաստեղծութեան։

Չեմ տար ընթացք սա կասկածանքին, յոյսերուն։ Կ՚արձանագրեմ եղելութիւնը։ Կը գորովիմ, մարդկօրէն, երեւոյթին դիմաց ու կ՚աւելցնեմ.

Արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը իր հարազատ, լիարժան մշակներուն այլեւս ազատագրուած փաղանգին մէջ կ՚ընդունի անունն ու յաղթական փառքը Վահան Թէքէեան իրաւ բանաստեղծին, այս անգամ առանց վերապահութեան։ Ու թերեւս առանց վերաքննութեան կարիքի մը, քանի որ կէս դարը, զայն ակօսող հակամարտ հոսանքները, զայն խռովող նոյնքան իրերամարտ բարեխառնութիւնները կը թուին դաշնուիլ իրարու։ Մահուան բարի՞քը։ Մարդոց հոգիին, մանաւանդ մտքին մէջ փոխուած բանի մը շե՞շտը։ Սփիւռքի յոգնութի՞ւնը՝ վսեմ բայց չարաշուք տրամայէն, իր իսկ մատուըներովը գործադրուած իր ամենէն արժանաւոր զաւակներէն մէկուն վրայ։ Ո՛րն ալ ըլլար աւագ ճարտարապետը սա յաղթանակին թուեալ ազ/500/դակներէն, զիս կը շահագրգռէ փաստը, ինք իր հաշւոյն։ Յուզիչ էին իր բարեկամներուն, զինք սիրողներուն, իրեն հիացողներուն, իր պայքարի ցանցառ ընկերներուն ու իր ձեռնասուններուն վկայութիւնները այդ մահուան հանդէպ։ Բայց յուզիչ ըլլալէ աւելի բան մըն էր, սրտառուչ ըսելս կու գայ, այդ մահուան առիթով թերթէ մը կէս սիւնակ վկայութիւն մը, որ կը փակէր երեսնամի մը հասնող հակամարտութիւն մը, յարգանքի, ինչպէս գնահատման արդար տուրքով մը։

Չեմ մեկներ, մեկնաբաներ, իր հող իջնելուն առիթով ստեղծուած միւս ապրումներն ալ, որոնք անկեղծ որքան մեծատարած զգացման մը ձեւը առին։ Ըսի, թէ մասնագէտներն էինք շքեղ թաղումներուն։ Մտքիս կ՚արթննան ընդարձակ հանդիսանքներ, սուգը, ողբը Ալիշանով, Ռ. Պէրպէրեանով, Ս. Զաւարեանով երեւան եկած, այս աշխատաւորները յետ-կեանքի փառքով մը վարձատրող։ Կը զեղչեմ ուրիշ ալ նկատումներ։ Վահան Թէքէեանի անցումը, լուսաւոր ու միակտուր փառքը չեմ հակադրեր իր ապրումը սեւցնող միակտուր ողբերգութեան։ Սփիւռքը ուրանալը պիտի նշանակէր իրեն նմանիլ։ Որքա՞ն պիտի ուզէի առիթներ, անով, այդ Սփիւռքով, հպարտանալու՝

Մահուան, մանաւանդ կեանքի մէջ։

 


 



[1]     «Տաղարան»ին հրատարակութիւնը թերեւս միակ մեղքն է Վահան Թէքէեանի՝ Հոգւոյն Սրբոյ դէմ։ Իր մտերիմներուն բաժի՞նը այս վրիպանքին մէջ։ Կ՚ենթադրեմ, թէ շատ է ասիկա: Այդ անիմաստ հիացումն էր, որ Դուրեան Պատրիարքը մղեց նմանօրինակ մեղքի մը, երբ տպագրութեան յանձնեց «Յիսուս Մանուկ»ը, ո՛վ գիտէ ո՛ր ողորմելի շողոմողին խելապատակէն թելադրուած գովեստի մը սիրոյն: «Հայերգութիւն»ին կողքը կու տայ խոստում մը «Ձօն եւ լալօն» հատորէ մը։ Իր յիշատակը յարգողները կը հրաւիրուին լրջութեան։ Յետմահու հրատարակութեանց մեղքը մեզմէ է եւ ոչ թէ հեղինակէն, որ գէշ աղէկ կերպը կը գտնէ իր աւարտած գործերը մամուլին յանձնելու եւ անաւարտները… պահելու՝ լաւագոյն օրերուն, որոնք կրնան գալ կամ չգալ։ Վահան Թէքէեան ինծի կարդաց տակաւին Շէյքսփիրէն թարգմանուած հնչեակներ։ Բոլոր այս հրիտակները արժեւորելու ատեն անհրաժեշտ է խելք, դատողութիւն գործադրել եւ ոչ թէ զգացումներու հպատակիլ։ Խանդավառ եմ իր անունին կապուած ամէն նշխար կորուստէ փրկելու գաղափարով, բայց վերապահ եմ այդ ամենը հանրութեան սեպհականութիւնը դարձնելու անիմաստ հիացումին հանդէպ։

[2]     Վերը ըսի իմ մտածումը։ Քերթուածները, գրուած 1940-1941–ին, կը տառապին հոգեբանական որքան գրական անբաւարարութեամբ: Խորունկ յուզում մըն է անոնց յատակը բաբախողը, բայց անբաւական` ինքզինք պարտադրելու մեզի։ Մենք կը համակրինք այդ յուզումին, իր հաշւոյն, քանի որ մեր ամէնուն մէջ ան իր կայլակները հոսող աղբիւր մըն է, բայց կը մնանք անտարբեր, երբ զայն չենք տեսներ մեզմէ տարբեր կերպարանքներու մէջ։ Սրտառուչ է ինքնին, այդ զգացումը, առանց տարիքին հակակշռին։ Վահան Թէքէեան անմահ գլուխ–գործոցներուն մէջ սեւեռած էր այդ զգացումին քանի մը տիրական մարմնառութիւնները Հրաշալի յարութիւն », «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս», մասամբ՝ « Սէր » հատորներուն մէջ), չուզիչ որքան գեղեցիկ։ «ՏԱՂԱՐԱՆ»ը ո՛չ միայն չի նորոգեր զգացումը, այլեւ չ՚ազատագրեր զայն, ըսել կ՚ուզենք կը վարանի պատմելու մեր ամենէն իրաւ տրտմութիւնները։ Վահան Թէքէեան չէ գրած իրականութիւնը, թերեւս անոր համար, որ չէր գրուեր։ Խորքի այս կորանքը ահա կը ծանրանայ արտայայտութեան ալ վրայ։ Հակառակ իր աւարտուն թեքնիքին, Վահան Թէքէեան անյաջող է դուրս եկած այդ հնչեակները ազատելու տաղաչափական մարզանքին տրտմութենէն։ Ու հոս ալ ունիմ իմ դիտողութիւնը: Վահան Թէքէեան, խորքի բանաստեղծ, առանց ատոր, կը դառնայ հասարակ տաղաչափ մը։ Նոյնն է պարագան Լամարթինի, որ առանց ներշնչման երբ կը գրէ, կ՚ըլլայ անհանդուրժելի։

[3]     Իր յոբելեանին առիթով Փարիզի յանձնախումբին կազմած գրքոյկը առիթ մըն էր նման տառապանքի։ Թէքէեան կը գանգատէր իր կրել ստիպուած այլակերպումէն, քանի որ մեր փառասիրութիւնները այնքան լաւ գիտեն շահագործել պարագաները յոբելեան մը, յուղարկաւորութիւն մը սրբազան պատեհութիւն՝ որպէսզի բուսնէին քննադատները, ատենախօսները՝ քերթողները փառաբանելու արարքը վերածելու համար հարազատ չարչարանքի։ Վ. Թէքէեան պարտաւորուած էր տեղի տալ ու ընդունիլ մեր մամուլին բարձր գնահատանքը, բերանովը մարդոց, որոնք ուրիշին վրայ խօսելու պարտքն իսկ կը վարէին իրենց հաշւոյն շահելով։ Կարդացէ՛ք Վ. Թէքէեանին նուիրուած յօդուածները, քերթուածները, մահէն ասդին ու ըսէ՛ք ինծի, թէ ո՞ւր է այդ ամէնուն մէջ Վահան Թէքէեան իրաւ բանաստեղծը (քանի մը թանկ վկայութիւններ, այս խաժամուժին մէջ, կը դառնան յուզիչ: Կը խնայեմ անունները, գոված ըլլալու վախէ մը հալածուած)։