Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. [ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ]

/113/ Արտաշէս Յարութիւնեանի հետ իմ յարաբերութիւնները եղեր են մտերմական քան ուրիշ որեւէ գրողի հետ, բացի Գեղամ Բարսեղեանէն։

 

Երկու անգամ ուսուցչութեամբ ապրել եմ իրենց գիւղը, ինչպէս կը սիրէր որակել ան այդ քիչ մը մեծկակ գիւղաքաղաքը, որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ անուն մըն էր, իրմով պարտադրուած։ Երկու տարիներու ամենօրեայ սա մտերմութիւնը պիտի շարունակուէր Պոլիս ալ, ուր ապաստան էր գտած իրեններուն հետ, Պալքանեան պատերազմէն ետք, թուրքերու կողմէ վերագրաւուած Մալկարային մազապուր փախչելով, հոգիներնին միայն փրկելու յաջողած, ձգելով ամէն ինչ թուրքերու աւարառութեան։ Պոլիս, մինչեւ ապրիլեան ձերբակալութիւնները, դարձեալ ապրեր էինք գրեթէ քով քովի։ Իւսկիւտար էր իրենց տունը։ Գատը-գիւղ, Արամեանի մէջ իր դասերը զինքը կը ստիպէին շաբաթը չորս օր մնալ ինծի։ Կը խօսէինք ու կը խօսէինք։ Ու կը մտածէինք։ Պատերազմին հետզհետէ ստացած նկարագիրը մեզ ըրած էր լեցուն այն անճշդելի անձուկով, որ մահուան վտանգն է, դեռ շատ հեռուներէն, բայց որ չի խաբեր։ Չեմ պատմեր հոս մեր սարսափանքը, անկարող կատաղութիւնը։ Առանձին վէպ է ատիկա, գրուած մեր հոգիին խորը, նայուածքին տակ թրքուհիի մը, որ մեզի հանդիպակաց տան պատշգամը կը նստէր ամէն իրիկուն, այդ օրերուն գրեթէ անկարելի յանդգնութեամբ մը տարազի, առանց հաջաղի (լաչակ) եւ ծածկոյթի, եւ որ յետոյ, Պոլսոյ ոստիկանութեան մէջ մեր մասին երդում էր ըրած, մեզ տեսած ըլլալու պոմպաներ պատրաստելո՜վ…։

Ազնուական մարդ մըն էր, շատ ըսուելու չափ։ Իր ընտանիքը, «հօրէ մօրէ», անշուշտ ունէր դեր մը հոգեկան սա trampe–ին մէջ։ Կ՚ըլլամ աւելի պարկեշտ, երբ առաքինութեան սա ճարտարապետու/114/թիւնը կ՚առնեմ մասնաւոր տանիքի մը մենաշնորհէն, տարածելու համար իր գիւղին, որ, կը հաւատամ, եթէ չէր յօրինած Արտաշէս Յարութիւնեանը, բայց յօրինած էր անոր տունը, արիւնը, աւանդութիւնները։ Ու իմ կարծիքով, առաքինութիւնը ասոնցմէ դուրս քիչ բան է յաճախ։ Մալկարացիները ատեն մը հպարտ էին Արտաշէսով։ Ամէն պարագային, կը ճանչնամ զիրենք։ Պատուական հայեր էին, ամրակուռ փաթթուած այն զրահներուն մէջ, զորս բերել էին իրենց հեռու հայրենիքէն։ Ամո՛ւր։ Իրա՛ւ։ Չարքա՛շ։ Աշխատանքը պայմանն էր իրենց։ Առանց անոր կը տառապէին ամէնքը։ Իմ գիտցածներէս, անիկա այն գիւղաքաղաքն էր, ուր սրճարանը չունէր գոյութիւն։ Թղթախաղը անծանօթ։ Սնոտի ժամավաճառութիւնը ամօթ։ Ժուժկալութիւնը ուրիշ պարտք։ Հագուստի եւ կապուստի, ուտեստի եւ զուարճութեան հարցերը անծանօթ էին դարձեալ։ Ապրուստի դժուարութիւն մը չէր հեղինակը սա սեղմումներուն, այլ ներքնահաշտ հոգեկանութիւն մը, հասարակաց բոլորին։ Գրեթէ ամէն տուն ունէր իր խանութը, տակը կամ շուկայի երեսին, ու պարտէզը, մրգաստանը, բռնի մարդացած, ինչպէս կը պատկերէին իրենք այդ քիչ բերրի, անջրդի գետիններուն ծուլութիւնը, երբ կը սանձէին խնամքով, աղբ կրելով նիհար տունկերուն արմատին։ Եւ էին լուրջ, ինքնաբաւ, հպարտ, պատուախնդիր։ Իմ աչքին, Պրուսայի, իր գիւղերուն, Պոլիս եւ իր մերձաւոր հայ գիւղաքաղաքներուն ( Իզմիտ, Պարտիզակ ) մօտ պարզուած արձակութիւնը, անխելքութիւնը, ցուցամոլութիւնը ու մանաւանդ տիպարային յատկանիշներուն դալկացումը իրենց չարաշուք իմաստը հագան, երբ հաստատեցի իմ ժողովուրդին դիմադրական, պապենական, պահպանողական շնորհները այնքան արի կերպով մարմնացած ու արմատացած։ Յետոյ, Մալկարա գացող մը պարտէր անցնիլ Ռոտոսթոյէն, նաւահանգիստ, ուր նոյն այդ ժողովուրդին ուրիշ, այս անգամ ներհակ առաքինութիւնները դարձեալ կը դառնային ուշագրաւ։ Ուրկէ՞ ուր Պրոպոնտէսի այդ անհիւրընկալ, շատ–շատ պատմական ունայն անդաճմունքներու թելադիր ափերուն վրայ, հեռու Հայաստանէն գաղթող այդ գեղջուկները սորվեր, եղեր, հագեր էին ՔԱՂԱՔԸ ու կը տիրապետէին անոր կապուած բարդ, նուրբ, կնճռոտ ու վարպետորդի բոլոր գործառնութիւնները [1] ։ Ոչ միայն ար/115/հեստները, այլեւ վաճառականութիւնը վերածեր էին մենաշնորհի, թուրքերուն թողլով սնանիլ իրենց մակաբուծային վարչական մարմիններուն կողոպուտովը։ Թուրքերն ու յոյները մեր լեզուն կը խօսէին այս քաղաքին մէջ, մեզի չափ պարզ ու բնական։ Շուկային պաշտօնական բարբառն էր անիկա։ Եթէ ընթացք կու տամ քիչ մը շատ անձնական սա դիտողութիւններուն, ինքզինքս չեմ զգար մեղադրելի շեղումի, անտեղիի թերութիւններով։ Մեր գրականութիւնը այն միակ գետինն է, առ այժմ, ուր մեզի ըլլայ ներելի գտնել մեր ժողովուրդը ։ Մի՛ մոռնաք այս հաստատումը։

 

Այս պայմաններէն Արտաշէս Յարութիւնեան կը թուի ժառանգած ըլլալ իր լրջութիւնը, աշխատանքի աննահանջ կամքը։ Մալկարայէն բարեկամ մը ինծի տուաւ անոր առաջին նամակը, դրուած տասնեօթը տարեկանին։ Մխիթարական գիր մըն էր, ուղղուած իր կինը կորսնցուցած մէկու մը։ Ո՞ճ։ Որքան կրնար ըլլալ, Պոլիսի բոլոր հռետորութիւնը։ Չունէր տող մը, ուր հինգ հատ տառասխալ չվիրաւորէին նայուածքդ ու միտքդ։ Գիւղի վարժարան մըն էր, ուրկէ առած էր ան էլ այդ ճաշակը։ Բայց այդ ամօթէն դէպի գեղարուեստագէտ-քննադատի փառքը ան ճամբան կտրած էր անդադար աշխատելով։ Ինքն իրեն, միս–մինակը ան շիներ էր ոճը, միտքը, մարդը (այսինքն մշակոյթի բարձրագոյն իմացականութիւններուն նկրտանքը ընդունելու ատակ մեքենան)։ Իր մատենադարանը, իր ճակտին քրտինքովը կազմուած, կը խմբէր ժամանակակից սէմպոլիթներու լաւագոյն հատորները։ Կը խօսէր ու կը գրէր ֆրանսերէն մեծ դիւրութեամբ [2] ։ /116/ Դարձեալ այդ պայմաններուն անպարտական էր իր պարկեշտութիւնը, որ բարոյական տարազ մը չէ սա տողերուն վրայ։ Այո, գիւղացիները Սփիւռքէն քառորդ դար վերջն ալ չեն սորված տակաւին անպարկեշտ ըլլալ, տարագրութեան ամբողջ թարախը ըսես չէ անցեր իրենց մորթէն ներս ու մնացեր է միայն այդ պատեանին։

 

Այդ պայմաններուն կը պարտի, իմ կարծիքով, Յարութիւնեան իր անինքնութիւնը, աղօտութիւնը, սուր կողմերէ յարաբերական զերծութիւնը [3] ։ Այդ քաղաքը կը սիրէր ուրիշներէ զատուիլ, բայց ինք իր մէջ նման մնալու խորունկ հաճոյքով։ Հոն ամէն մարդ կը նմանէր միւսին ընկեր, դրացի, ազգական, բարեկամ։ Ու կը հասկնաք, թէ որչափով դժուար հանդուրժելի էին բարքերու հանդէպ զանցառութիւնները։ Արտաշէս Յարութիւնեան նախամեծար է համարած սրտի տրամա մը հանդուրժել, քան վիրաւորել թեթեւակի իսկ աւանդութիւնը պապենական կարգերում։ Այդ տունին հարսները սովորութիւն էր Պոլսէն ճարել։ Արտաշէս Յարութիւնեան իտէացուցած է զգացական տագնապ մը (վարժուհի մը սիրած ըլլալու) ու չէ վիրաւորած իր ընտանիքին դարաւոր ոգին։ Իր քերթողութեան մէջ terne սա հոգեկանութիւնը գրական չէ երբեք։ Ուրիշ խնդիր՝ այդ վիճակներուն մէջ սպասելի ինքնատիպութեան գոյութիւնը, կամ պակասը այդ քերթողութենէն։ Ահա, թէ ինչո՛ւ հոգեկան, ըներային սա մասնայատկութեանց վերլուծումը անօգուտ չեմ նկատեր, հասկնալի ընելու համար Արտաշէս Յարութիւնեանի բանաստեղծութեանց սա ձախող ու յաջող (կան յաջող քերթուածներ անոնց մէջ) երեսները։ Միւս /117/ կողմէն, միշտ ալ չեմ նեղուած այդ քերթողութեան ընդհանուր վրիպանքը զոհել մարդուն յաջողութեան, որ առանձին դժուարութիւններու կապուած հազուադէպ բան մըն էր այդ օրերուն, բայց բան մը վերջապէս։ Քառորդ դար յետոյ յաջող (հոգեբանօրէն) մարդը ըմբռնելի չէ այլեւս։ Կան մարդեր, որոնք պզտիկ են իրենց գործուն։ Գրողներու աշխարհին մէջ անոնք ուզածէդ աւելի շատ։ Կան ուրիշներ, որոնք մեծ են իրենց գործէն։ Գրողներու մէջ որքան քիչ անոնցմէ։ Ուրախ եմ հոս կարենալ գրելու, որ Արտաշէս Յարութիւնեան կը պատկանէր այդ վերջին խումբին։

Ու հիմա կարդալ.

 

«Գաւառի մը խորը երկրի մ՚աննըշան,
Աւանի մը հին փողոցին անկեան մօտ,
Խանութ մ՚ունի փերեզակը մըտաշփոթ,
Կըրպակ մը՝ զոր իր պապէն է ժառանգած:

Այդ կըրպակը սահմանել է իր գոյութեան,
Շըրջագիծը անյեղլի՝
Իր աննըշան ու անշըշուկ կենցաղին.
Այդ կըրպակը իր խոհերուն թանկագին
Նըւիրական սուրբ բագին։

 

Հոն՝ աշխարհի հաճոյքին,
Հոն, աշխարհի պէտքին համար,
Փերեզակը՝ մունջ ու խոնարհ,
Կը վաճառէ կըտաւ, կերպաս, տըպածոյ,
Եազմա, գուլպայ, պէս, անկուածոյ
Եւ՝ այսեղէն իրեր չնչին անհամար»։

«Խանութպան մը» («ՆՈՐ ՔՆԱՐ»)

 

Երկու էջերու վրայ երկարող սա մռայլ խոսոտովանութիւնը, ուր ամէն մէկ բառ նուազագոյն քսան տարիներու (ու ի՞նչ քսան» անոնց, որոնք կը փռուին ընդմէջ պարմանութեան եւ չափու հասածներուն տրտմութեան եւ են ամէն մէկը կրակէ շամփուր մեր սիրտը պսակող) անձուկը, երազանքը, ասոր մոխիրը, ու կարելի ուրիշ տարիներու անխուսափելի մոխիրին սարսափը ունի խտացուցած։ Ի՞նչ փոյթ այդ  /118/ տողերուն տժգունութիւնը։ Մեր ժողովուրդը իր երգերուն մէջ, այդ բնականութեամբ ու պարկեշտութեամբ է, որ ըսեր է իր անհուն կսկիծը մեր աշխարհէն։ Անոնց համար սակայն, որ չեն տեսած հեղինակը այդ տողերուն խորը այդ խանութին, գէջ հոտին մէջ, դժուար է քիչ մը իր բոլոր ուժգնութեան, տրտմութեան մէջ զգալ հոգեկան սա ծիւրախտը, որ մտքին աշխատաւորը կը շարժէ այդքան կանուխ, այդպէս անծանօթ, իր մտածումներուն խորանը (սորվելու համար, թէ յիսուն տարին զուր չէ անցած մեր ժողովուրդին տաղանդաւոր զաւակներուն գլուխէն) միայն ունենալով, ուր ամէն օր պիտի ընէ պատարագը իր օրին, իր սիրական հեղինակներուն հետ դաժան մտերմութեան մը հասած, մտամոլոր, համեստ, աներազ, դէպի իմաստին անտուն արձակութիւնները…։ Այդ ամենը պարզ են սակայն իմ աչքերուն, որոնք իրեն չափ ամուր կսկիծով մը կը չափէին այդ նահատակութիւնը։ Օր, շաբաթ, ամիս, տարինե՜ր։ Դիւրին է զանոնք թուղթին պառկեցնելը։ Նայեցէ՛ք ձեր ետին ու տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ աւերած էք ձգած այն շքեղ ոստանը, որ պարմանութիւն, երիտասարդութիւն կը կոչուի։ Անուն օրերը մեր կանաչ երազներուն, մեր ազնուագոյն զգացումներուն, մեր յոյզերուն թէկուզ արցունքին բայց երիտասա՛րդ…։ Ամէն օր, Արտաշէս Յարութիւնեան նոյն կանգունով, նոյն մկրատով, նոյն կտաւէն ձեռած է իր քառորդ դարը։ Աշնան մուտքերուն, բռնի կը զատէի զայն իր բագին էն, իր « ոստայն »էն, Պոտլէռի քերթուածը նետելով իր տրտմութեան վրայ, ու կը հանէի գիւղին բացերը, ասոնք ալ եղերօրէն նման իրարու, բայց գոնէ կամարակապ։ Տժգոյն հողերուն բլուրներն ի վար խոնարհումը, մինչեւ հեռակայ գօտիին փէշերը, այդպէս միակերպ, անծուփ, անկանաչ, նման մեր հոգիները գրկող ամայքներուն։ Մեր առջեւէն զոյգը եզներուն, իրենց ճիտին իրենց մեղքը, կեանքին լուծը, ժում մը փորի համար քառորդ դար տեւող աշխատանքը, ուրիշներու ամբարին…։ Բայց եզները կը նայէին մեզի ու կ՚անցնէին, իրենց պոչին ղեկովը փչելով դանդաղ նաւը իրենց մարմիններուն, մեր լացին ընդմէջէն…։ Համեստ կենդանի մը, որ կը թուէր խանդավառուիլ իր կրած երկու կողով խաղողին փառքովը, թերեւս մտապատկերելով տեսարանը զինք աչուկներէն համբուրող, իր փէշին փաթթուող փոքրիկներուն, ձգած իրենց գզուըտուքը ու վազած խաղողին։ Տունդարձի սա զգայնութիւնները մեզ կը յուզէին խորապէս, առանց անշուշտ ռոմանթիզմի, մեզ, որ կը փախչէինք այդ տունէն, այդ ոստայնէն։ Նման տեսարաններ, անոնց լաւագոյն զգայութիւնները կը կազմէին մեր երկուքին ալ նիւթեղէն ու հոգեղէն շէն/119/քը։ Կրակ կ՚առնէին ամպերը ու սեւ կը մաղուէր լեռներու լանջքերուն։ Մարդեր, ամէն հասակէ ու երկու սեռէ, որոնք, առանց հասկընալու մեր տագնապը, իրենց բարեւը կը մատուցանէին մեզի, տաքուկ, սրտագին, փուռէն նոր ելած հացի մը պէս քաղցրագին ու յուզիչ։ Աշխատանքին շափիւղան ու սնդուսը, այնքան շատ ձեւերով, ուսի, կռնակի, սայլակի, կենդանիներու վրայէն, իր տեսակներուն շամանդաղովը, որ կը դպէր մեր զգայարանքներուն, պտուղի, բանջարի, աղի ու քրտինքի անտես բիւրեղներով, գրքի մարդու մը մեծամտութիւնը վիրաւորելով բարերար կերպով մը։ Մայրամուտ, որ կը ճարատարապետէր ինքզինք, սանկ հորիզոններուն վերերը, տպաւորիչ բայց տրտում, պալատներ կախելով ու հաւաքելով, ոսկին թափելով, բայց մոխրելով նոյն ակնթարթին մէջ։ Ու գէջ տրտմութիւնները վերէն ու վարէն, ուր մահը կը յօրինուէր այնքան իրաւ, այնքան մանր արուեստով մը ու կը մատուցուէր մեր զգայարանքներուն, ամենէն շատ գետնէն սողոսկող թեթեւ պաղի մը ձեւով, որ կը գտնէր մեր սիրտը իբրեւ քսքսուքը մահուան շրթունքներուն, մեր մատաղ գերեզմաններուն այսպէս նախահամ մը իբրեւ…։ Արուեստէն առաջ ու անոր մէջ մենք կ՚ըլլայինք բեկ, խորունկ, խորհրդաւոր։ Կը ծռէին մեր ծունկերը կարծես բեռանը տակ մեր մտածումներուն, լեռնակոհակ ցաւերուն, զորս հեռու չենք աւելորդ ռոմանթիզմով մը աճեցնելէ։ Այդ վայրանկարներուն առջեւ մեր հոգին կ՚ողողուէր բնազանցական սարսափովը գիրքերուն, որոնց ոգին մեզ չէր լքեր ու թերեւս կը հեղինակէր սա տրաման, իրենց հպարտ ներքնաշխարհին վրայ խորահաւատ, բայց անկշիռ, անհաղորդ նոյնիսկ ընթացիկ պարզ, ամէնուն շրթներուն մատչելի համերուն։ Մեր ցաւերը մեզմէ, մեր գիրքերուն մեզի առթած բեկումներէն, մեր ժողովուրդին ճակատագրէն (Ատանայի աղէտը դեռ կանգուն հրաբուխ մըն էր մեր հոգեդաշտին վերեւ մեզ տոչորող, խենթեցնող, անասնութեան սա աստիճանովը, մարդոց կողմէ, որոնք կը խօսէին մեզի, կը բարեւէին եւ որոնց մէջ ունէինք ոչ մեզի մօտ մեղքեր) ու կը մնայինք սպասուն, մենք ալ որոշ չգիտնալով ի՛նչ բանի…։ Քանի՜-քանի անգամներ բաժակ–բաժակ չափեցինք կեանքը, մութին մէջ թափելով ինչ որ ուրիշներ երջանկութիւն կ՚անուանեն։ Քանի՜-քանի անգամներ մեզի համար գարշ հակ մը ապրանք է եղել տարին, իր այնքան օրերով, բոլորն ալ պատանքուած նոյն ձանձրոյթին քուրջովը։ Օ՜, մեր ցաւը, մեր յուսահատութիւնը։ Որոնք մեզի յատուկ mal du siècle մը չեն սակայն։

/120/ Բեկումի ու լքումի սա սուղ րոպէներէն վերջ մենք ստիպուած էինք ամոքել մեր այդպէս խոշորցուած սուգը պատկերին դէմ անանուն, ազնիւ բայց մանաւանդ երջանիկ մարդոց, որոնց արու, լուրջ դէմքերը քաղցր հայելիներ էին ներսէն խաղալ վիճակներու եւ որոնք կ՚անցնէին մեր առջեւէն, անպայման Աստուծոյ եւ օրուան կարելի բարիքը կայցելով մեզի, իրաւ, անկեղծ, սրտանց, տեսակ մը գորովի շեշտ կամ երանգ փոխադրած իրենց բառերուն, չափելով անշուշտ իրենց կերպով գիրքի մարդու մեր միամտութիւնները, իրենք միայն գիտէին ի՛նչ գնով։ Բայց վստահ էինք, առանց կասկածելու, թէ ի՛նչ մթին լարերու կը հետեւին իրենց այդ տրտմանուշ ձայները…։ Սա մէկը աղջնակ մըն էր, հիմնովին գեղեցիկ, ճերմակ եազմային աղեղէն իր մատղշուկ դէմքը ծանրացուցած, չես գիտեր ինչո՛ւ, որ կը դառնար արտէն, հիւղակի մը խորը պառկեցնելու իր մինակ գիշերը, առտուն վերսկսելու համար աշխատանքը, խոտ մաքրելու, ծառ յօտելու, պտուղ հաւաքելու…։ Կ՚անցնէր, հեռուներէն, չկրնալով ետ չդարձնել անգամ մըն ալ գլխիկը…։ Ան միւսը, արդէն ճերմկած, իր մատուըներուն ծայրովը գրած իր կէս դարը, պարպելով իր հողերուն արգանդին իր արիւնին անտեսանելի հոսանուտը, ահա կը դառնար իր բնակը, ով գիտէ քանի հազարերորդ անգամը ըլլալով։ Մտքով կը քալէինք ետեւէն… պիտի հասնէր դռնակը իր բոյնին, նստէր թօթուելու փոշին իր տրեխներուն, խաչակնքէր ու մոռցած օրուան տաժանքը, համբուրէր մէկիկ-մէկիկ թոռները լուրջ ու անուշ, օրհնէր մանչերն ու աղջիկները, ամէն մէկը գործի, գիւղին այս ու այն կողմերը: առնէր հարսին ձեռքէն կուժը ջուրին, լուալու աղն ու աղտը օրուան խոնջէնքին։ Ես իրաւ գիւղացի մըն էի ու Արտաշէսը հպարտ էր զինքը յօրինող զգայութեանց հանդէսով, բոլորն ալ գիւղէն մատակարարուած իր ջիղերուն։ Բայց մեր միտքը չէր կենար։ Ու հոս էր մեր դժբախտութիւնը։ Չէինք ձգեր ծերունին իր զաւկըներուն ու թոռներուն քաղցր վայելքին մէջ։ Կը հետեւէինք անոր ներս մուտքին, բազմոց նետուելուն, ուր պիտի փնտռէր չորուկ ձեռքը լուսահոգի Պայծառին, պիտի ընէր իր երեկոյեան աղօթքը անոր երկնային հանգիստին, պիտի օրհնէր սեղանը, չունեցած ակռաներով պիտի ծամծմէր պատճառը ու պիտի դնէր գլխիկը բարձին, « անսկիզբն եւ անվախճան », առտու մըն ալ, արթննալով նորէն արտ երթալու տեղ, չորս հոգիի շալակը բարձրացած, վերջնապէս իր արտը, իր փոսը լեցնելու…։ Ու կը հարցնէինք իրարու. Ի՞նչ էր իմաստը սա անհուն թիապարտութեան…։ Բայց դառնութեամբ կը հաստատէինք, որ մեր երկուքին տարիներուն գումարը վար կը մնար անոր /121/ տարիներէն։ Ու կը քալէր մեզմէ իրաւ։ Ո՛ր մէկը պատմել սակայն։ Գիւղի մը ճամբուն սա փշրանքներն իսկ մեզ կը յագեցնէին լեղիովը այս աշխարհին։ Եւ սակայն միամիտ չէինք սա մարդոց ճակատագիրը, կարելի տառապանքը կամ երանութիւնը հովուերգելու, մեր իմացական ողբերգութիւնը արժեւորելու համար։ Թոլսթոյի մահուան օրերն էին։ Այդ տարօրինակ «վախճանը» անգամ մըն ալ նորոգեր էր հոգին, գիւղը, բարիքը, չարիքը, բնութիւնը, Աւետարանը, Աստուածը, անհուն սէրը, որոնք այդ մարդուն գրական տուրքերովը պահ մը ազատագրուած էին կանխող դիապաշտ ոգիին չինական, յաւակնոտ հեգնութենէն։ Մարդիկ ա՛լ չէին ամչնար այդ բառերէն, խուլ ու խոր արհամարհանքով մը դեղնաւորուած, սա դարուն սկիզբը։ Կը խօսէինք, կը խօսէինք, քիչ-քիչ բեկուած, համակերպած ու մեր կարգին քաղցրացած։ Մութը սեւ ձիւնի անհուն սաւանի մը նման կը պատնէր հեռուի անդաստանները, բլրատակերը, կողերը» ու ծառերուն մէջ կը հիւսուէր կամաց, շրշիւնոտ, դպող, որպէս թէ ըլլար անձայն լացը, մեր բոլորին տառապանքը օրօրելու բաղձացող…: Աստղեր։ Որոնց «սանդուխովը» երկինքը։ Ու կը վախնամ գրելու, լուսինն ալ, երբեմն ապուշ ըսուելու չափ իրաւ, երբեմն աղուոր ալ, լերան երիզէն երբ իր կալը կ՚ազատէր, կը մտնէր կէս մութ ջուրերուն դաշտը, « կալ մը կտակ մը »…։ Կը դառնայինք մեր տուները, աւելի ամոքուած, որքան չէինք, երբ կը զատուէինք « ոստայն »էն…։

Այս տողերէն ետք.

 

«Ո՛վ իմ օրըս, անփայլ, ոսին, անշըշուկ,
Եղերական՝ պարզութեամբըդ կեղակարծ,
Միօրինակ ո՜վ իմ օրըս մահաշուք,
Խաչելութեանս խորհուրդովը բեռնաբարձ:

Կը ճաշակեմ՝ մուխփոր ու լի հեշտանքով՝
Անկիւնին մէջ՝ ողբերգութիւնդ մըտերիմ,
Եւ իրիկուան, անվերջ ճամբուն երկայնքով
Կ՚երթայք փնտռել իմաստն օրուան մ՚իմ կեանքին։

Հոն՝ կը ծըծեմ լըրջութիւնը խորհուրդիդ,
Աննըշա՛ն օր, ո՛չ մէկ դէպքով յոգնատանջ:
Մարդիկ կ՚անցնին քովէս համըր, անժըպիտ,
Անել ուխտին դաժան ճամբէք աննահանջ:

/122/ Ու կ՚ապրի՞մ քեզ թէ չեմ ապրիր, օ՛ր նըսեմ,
Ես ինքս իր մ՚եմ այլեւս անյայտ ու մըթին.
Եւ մոռցըւած խաչելութեան այս վըսեմ՝
Գաղտածածուկ խընկոտ խորանն մըտերիմ»։

«Օրս» («ՆՈՐ ՔՆԱՐ»)

Կը խորհիմ, սա գեղեցիկ ողբերգութիւնը կը բաւէ հասկնալու համար, թէ ինչ քիչ են մեր միջոցները, մեզ տրորող տառապանքը նոյնիսկ փոքրիկ մէկ երեսին վրայ նուաճելու։ Ձեւի նուազումները մեղքն են Արտաշէս Յարութիւնեանի, բայց չեն կործաներ սա խորքին եղերական անկեղծութիւնը։

* * *

Արտաշէս Յարութիւնեանը ճանչցայ, սխալ չէ ըսել, իր բոլոր երեսներուն վրայ։

Ուշագրաւ էր, իր վրայ, ամենէն առաջ իր խելքը, յաւակնոտ բառով մը՝ իր իմացականութիւնը։ Բաց էին ասոր ճամբաները մէկէ աւելի հետաքրքրութիւններու [4] ։ Անոր փառասիրութիւնն էր քիչ բայց լաւ կարդալ։ Ու այդ հանգամանքին կը պարտէր ան իր ամուր միտքը: Կարդացածը ամրօրէն տիրապետող սա ուղեղը էր նոյն ատեն ստեղծագործ։ Իմացական կամ ընկերային հարցերը թափանցելու, շրջագծելու, առանձնացնելու իր տուրքերը մշտական էին յամառ, յա/123/րատեւ մարզանքներով։ Իր խանութը եթէ իրեն զգացական իր ողբերգութիւնն էր լաստակերտած, բայց օգներ էր իրեն իրականութիւնը չարհամարհել։ Իրեն հետ հինգ վայրկեանի շփում մը բաւ էր զգալու համար գործնականին սա կշիռը սա մարդուն մտածելու կերպին իսկ վրայ։ Մեր խանդոտ, տաքգլուխ գրողներուն մէջ սխալ չըլլար զինք նկատել հանդարտ, նստուկ, կարգապահ միտք մը։ Կը տառապէր երեւակայութեան պակասէ մը, որ թերեւս իր գրականութիւնը տկարացնող ճակատագրական ազդակը կազմեց, անոր չարտօնելով առնուազն ձեւական (formel) նորոգում մը։ Այս պակասը կրկնապէս անդրադարձ է անոր գրական արդիւնքին վրայ։ Անոր քերթուածները, հակառակ իրենց ամուր, իրաւ, ապրուած խորքին, չեն գտած ձեւին համապատասխան բարիքը ու պիտի չանցնին ցեղային հարստութեան գանձարանին։ Քիչ վերը արտագրուած բանաստեղծութիւնը («Օրս») մեզ չի նուաճել, ձեւական իր թերացումներուն, նուազումներուն պատճառով։ Նոյն այդ պակասն է դարձեալ, որ անոր իմացական յօրինումները կապած է առօրեային, լրագրին ։ Մէկն էր, որ կը վախնար բաց ծովէն։ Ու տուաւ մեզի իր մտածումները իմացական քրոնիկներու նման, այս ու այն իրողութենէն թելադրուած, ասով պայմանաւոր։ Երեւակայութեան սա պակասը, իր վտանգներուն հետ, անոր բերած էր սակայն ո՛չ նուազ մեծ բարիք մը։ Ան՝ ռոմանթիզմը, հռետորութիւնը, կրկներեւութային պատրանամոլութենէ իր զերծութիւնն էր, զոր սխալ է միայն ժամանակին վերագրել։ Վարուժան, Սեւակ իրմէ ետք մտան Տիրոջը այգին: Ու մտան եւրոպական պատրաստութեան մը բարիքով։ Երկուքին ալ ռոմանթիզմը զգալի է առաջին իսկ քերթուածով։ Անշուշտ չունէր զուտ ուղեղային (pur cérébral) մարդու մը այդ թուականներուն (կ՚ակնարկեմ 1890–ի շրջաններուն) ընթացիկ կազմութիւնը։ Կը սիրէր Նիցչէն, ո՛չ թէ սնոպութեամբ, այլ իմաստի հանդէպ իր շատ յարդարուն ընկալչութեամբը։ Կը սիրէր իմաստը ինք իրեն համար։ Իր հատորները արդիւնքն էին այդ սիրոյն թելադրութեան։ Ու թե՜րեւս այս է, որ քառորդ դար ետք իր մահէն, երբ իր բանաստեղծութիւնը պարզած է հիմնովին ու թանգարանեալ (եթէ կը ներուի բառը), իր դատաստանները, գիրքերէ, գրական, նոյնիսկ ընկերային երեւոյթներէ իր տպաւորութիւնները կը պահեն, հակառակ օրէնքին, որոշ շահեկանութիւն, ջերմութիւն, թարմութիւն նոյնիսկ։ Մոռնալու չենք այս պարագան, երբ կը փորձենք դատել իր իմացականութեան տարողութիւնը։ Անոր պատանութիւնը կը զուգադիպի բռնապետութեան առաջին խստութիւններուն, որոնք մեր մամուլին չափ /124/ մեր դպրոցները պատեցին, չթոյլատրելով մանաւանդ ազգային, պատմական հետաքրքրութիւններ։ Այս է պատճառը թերեւս, որ ընկալուչ պատանութեան օրերուն մեզի զլացուածը դժուարանանք ճարել կեանքին տագնապներուն, անդոհներուն ընդմէջէն։ Գիտնալու էք սա բացառիկ ալ հանգամանքը։ Ան աչքի ընկնող երիտասարդ մըն էր իր քաղաքին մէջ, մնայուն հսկողութեան մը ենթակայ թուրքերու կասկածէն։ Անոր թղթակցութիւնը քանի՜-քանի անգամներ առիթ է եղած նուրբ, նենգ պրպտումներու թուրքերու մօտ։ Քննութեան տակ էին իրեն հասնող գիրքերը, մանաւանդ Եւրոպայէն։ Խօսեցայ իր պատանութեան մէկ նշխար-նամակէն։ Ուսուցչի, խնամքի, հորիզոնի սա պակասները, այդ մատաղութեան օրերուն, անդարմանելի են մանաւանդ անոնց համար, որոնք իմացական ընդունակութիւններ պիտի ախորժին արժեւորել։ Կնութ Համսուն մը, Կորքի մը կրնան ուշ գալ գրականութեան։ Իրենց գործը թերեւս կը շահի ալ սա յապաղանքէն, քանի որ զգայութիւններու, ջիղերու, զգայարանքներու հանդէս մըն է ամէն բանէ առաջ։ Իմաստին հանդէպ մեր անընկալչութիւնը կը մնայ անդարմանելի։ Արտաշէս Յարութիւնեանի զարգացումը կամքի գեղեցիկ հանդէս մըն է։ Ու այս մէկ հատիկ ստուգութիւնը պիտի բաւէր, որպէսզի արդարանար իր տեղը մեր գրականութեան մէջ, սա տողերը իրենց քիչ մը ուռած պարունակութեամբ նոյնիսկ։ Ան ամէն ծանօթութիւն տաժանքով է հայթայթած։ Իր երեւակայութեան պակասը կ՚երկրորդուէր յիշողութեան ալ տկարութեամբ մը, անբաւարարութեամբ մը։ Ան դարմանած է այս երկրորդ թերութիւնը կարգապահ, արի, յամառ աշխատանքով։ Բայց մեր ուժերը սահման մը ունին ու մանաւանդ կը մնան ենթակայ մեր կեանքին ճնշումներուն։ Հացը (իբր հոգ), վարկը (փոքր քաղաքին ամենէն յարգի տունն էր իրենցը), վախը։ (Թուրքերը այնքան խիստ եղան, որ Պոլսոյ մէջ 1915–ին ո՛չ մէկ գրագէտի վրայ գործադրեցին իրենց բարբարոսութիւնը այն խստութեամբ, որով վարուեցան իրեն հետ։ Ան կերաւ թուրքին սպաննող ծեծը, Պոլիս, այնքան որ պարտաւորուեցաւ կամուրջը քալել, լաթով փաթթուած ոտքերով մինչեւ շոգենաւ, Հայտար–փաշայի թրէնը առնելու եւ անկէ Իզմիտ, իր մահուան երթալու համար)։ Խեղճ, աննշան քաղաքիկը (ուր մտածելը գինն է խոշոր զոհողութիւններու, պատճառ՝ ծանր հալածանքներու, առիթ՝ նախանձի որքան ստորին դաւերու) կը միանայ Արտաշէսի զարգացման դէմ, որ եղած է ափափոյ, կցկտուր, աննկարագիր։ Խոշոր խրամատներ (միտքի) կը տառապեցնէին իր մտածումը։ Չարիք մըն էր կեանքը, այս ձեւով բաշխուած այդ երիտասարդին ուղեղին։ Ան/125/շուշտ տիրական թերութիւն մը չէր անոր անհմտութիւնը ո՛չ միայն օտար, այլեւ իր ցեղին պատմութենէն նիւթ, որուն հանդէպ թուրքերու գրաքննութիւնը դրած էր իր այնքան եղերական խստութիւնը: Աւելի ուշ, 1909-1915–ին, ան յուսահատած էր այդ նիւթէն, տրուած ըլլալով յիշողութեան ողբերգութիւնը իր մօտ։ Այս է պատճառը, որ անգիտանար գրականութիւնները իբրեւ պատմական հոլովոյթներ, դրութիւն, յառաջատու գնացք եւայլն։ Մշակոյթին զգայարանքը թերեւս սխալ կ՚ընենք պատմութեան մենաշնորհ մը նկատելով։ Կ՚անգիտանար իմաստասիրութիւնները, միշտ իրենց պատմական կեանքին ու յաջորդականութեանը թեմաներով։ Բայց իր ամենէն սիրած գիրքերը կու գային այդ կալուածէն։ Մասնագիտական չէին անոնք։ Բայց չէին ալ այն անկնիք, կէս հռետորութիւն, կէս լրագրութիւն, կէս գրականութիւն եւ պտիկ մըն ալ իմաստ եղող խառնուրդները, որոնցմէ այնքան առատ վնասուած էին մեր գրագէտները սկսեալ Չերազէն, Եղիայէն, Պէրպէրեանէն մինչեւ Չրաքեան։ Mélanges philosophiques et littéraires-ը գրական այն սեռն էր, որուն սպասը պիտի ընէին մեր ռոմանթիքները, Գ. Օտեան, Մ. Մամուրեան, Ե. Դուրեան։ Ա. Յարութիւնեան չարհամարհեց անշուշտ Վ. Քուզէնը ։ Բայց Պերկսոնն ալ չկրցաւ կարդալ (ունէի, իր իսկ թելադրութեամբը, Matière et mémoire–ը)։ Թարտ, Ժ. տը Կոթիէ, Բոլեան, Կիւսթավ լը Պոն, Ռ. տը Կուրմոն մինակ հեղինակներ չեն թերեւս, այլեւ ձգտումներ։ Արտաշէս կարդացած էր ասոնցմէ հատորներ։ Ու դուք թերեւս չէք զգար դառնութիւնը սա հաստատումին։ Մենք, այսինքն արեւմտահայ գրողներու այն ստուար խումբը, որ Եւրոպա չէ եղած, կ՚անգիտանանք բարիքը, որ ամբողջական գործ է ոեւէ արժէքաւոր մտածողէ։ Հասկաքաղի հոգեբանութիւն մը մեր գրողներուն մէջէն անդրադարձած է մեր ալ գրականութեան վրայ։ Արտաշէս Յարութիւնեան պատմականօրէն չէր ճանչնար եւրոպական միտքը (կրնաք ատիկա փոքրագոյն չարիք մը նկատել, երբ նկատի ունենաք անկանգնելի աղքատութիւնը, տափակութիւնը մեր այն մտաւորականներուն, որոնք գերմանական կամ ֆրանսական համալսարաններուն սեպհականութիւնը եղան, մեզ ընելու չափ կասկածոտ այդ բարիքէն)։ Ոչ Թէն, ո՛չ Ռընան։ Ո՛չ Սէնթ–Պէօվ։ Ո՛չ իսկ նաթիւրալիսթները։ Չեմ զարմանար։ Այս մարդիկը բարիքի տեղ չարիք միայն պիտի բերէին իր մտքին, քանի որ նիւթական անկարելիութիւն ունէր զանոնք մատենադարանելու։ Բայց շատ լաւ կը ճանչնար ֆրանսացիներուն սէմպոլիսթ դպրոցը, քերթողները ինչպէս դատողները, գիրքերէն ու հանդէսներէն, որոնց բաժանորդ ալ էր։ Ասիկա կը նշանակէ անշուշտ /126/ ըլլալ ժամանակին հետ ու մէջ, ինչպէս կը նշանակէ, նոյն ատեն, ըլլալ լրագրող։ Ու տակաւին կը նշանակէ հայ գրագէտ ըլլալ, Պոլսէն հեռու ու Փարիզը Մալկարա փոխադրել երազել։ Իրմով ճանչցայ սէմպոլիսթները։ Բայց մանաւանդ մտայ Ռ. տը Կուրմոնի ընդարձակ աշխարհին մէջ։ Ոճը, գրելու արուեստին մոգութիւնը, հաստ ու հաստատ դիտողութեանց, հարթող, հաւասարող տրամաբանութեան տեղ նուրբին, նորին, փայլունին, ինքնատիպին համար խենթ, խանդոտ Կուրմոնը կը խորհիմք, թէ իմ մէջ ունեցաւ շատ խորունկ արձագանգ։ Չեմ կրնար ճշդել բարի՞ք մըն էր թէ չարիք մը, իմ մտքին համար, այդ մարդուն հետ իմ սա աղերսը։ Բայց Արտաշէսի վրայ անոր ազդեցութիւնը որոշ է որքան վճռական։ Կուրմոնի արժանիքները ֆրանսացիներուն մօտ լայն ասպարէզ ունէին շահարկուելու։ Զարտուղիները, ինքնատիպները մարսելի, նոյնիսկ պիտանի են։ Այն մշակոյթներուն մէջ, ուր կանոնաւորը, բնականը լայնօրէն ներկայացուած են, բայց պարագան կը փոխուի մեծ չափով մեր գրականութեան համար, ուր ամենէն առաջ տկար, անբաւական ձեւով մը կատարուած է գրական ամէն շրջափոխում։ Օտարին հետեւելու հարցը չէ, որ կը ներկայանայ իմ մտքին սա տողերուն հետ։ Այլ շատ աւելի դառն, դժուար գիտակցութիւնը իմ իսկ ժողովուրդին մեզի ընծայած կարելիութիւններուն։ Գրել Կուրմոնի բծախնդրութեամբ, խստապահանջ հանգանակներով, 1900–ին, Պոլսոյ մէջ, կը նշանակէր ա) նկատուիլ օտար, անընդունելի հերձուածող մը, բ) անգոյ բաներու վրայ աշխատիլ ։ Ռ. տը Կուրմոն զերծ էր այս վտանգներէն։ Զինքը լիովին ճաշակող առնուազն հազարներ կային աշխարհի երեսին։ Ու ան մարդն էր, այսինքն ուզած էր ըլլալ՝ dissociationներու, այսինքն տարանջատման, որ համազօր տարազ մըն է վերագնահատման ենթարկելու իր օրերու քաղաքակրթութեան բիւրեղացած, ինք պիտի ըսէր՝ քլիշէ յղացքները։ Ժխտումի, նոր տախտակներու ետեւէն սա եռանդը, անշուշտ միս-մինակը անբաւական էր ինքզինք պարտադրելու։ Այս խաչակրութիւնը արդէն կը գործէր ամբողջ տասնիններորդ դարու երկայնքին։ Բոլոր ժխտողները հոն ուրացողներ ալ են նոյն ատեն։ 1880–ին, 1890–ին աշխարհի առաջարկուած նոր պատգամները անզօր եղան սակայն 1914–ը սանձելու, ինչպէս եղած էին անտարբեր, կեղծ անկարողութեամբ մը իրենք զիրենք չքմեղող, երբ այդ դարու մշակոյթին դէմ անդրանիկ ու մեծածաւալ ոճիրը գործեցին թուրքերը 1895-1896–ի կազմակերպուած ջարդերով, մեզի դէմ։ 1914–ին Կուրմոն Mercure de France–ի մէջ épilogue–ներ ստորագրած է, որոնց ընթերցումը այնքան տկար ու /127/ տխուր կը տպաւորէ մեզ։ Ամբողջ խումբը այն մտաւորականներուն, որոնք մարդկութիւնը գտնել աշխատեցան, այդ թուականներուն ու քիչ մը առաջ, ինծի կը թուի անիրական, եթէ ոչ կեղծ։ Վեր առնէր Կուրմոն իր գլուխը գերեզմանէն ու տեսնէր իր սիրական Ֆրանսան, բայց մանաւանդ հպարտ ֆրանսացին, որ ահա նահանջէ նահանջ հասած է այսօրուան անըմբռնելի պատկերին։

 

Արտաշէս Յարութիւնեանի միտքը վերլուծել պիտի նշանակէր ամբողջ սերունդի մը իմացական հաշուեկշիռը իրագործել։ Այս գլուխին մէջ իմ նպատակը եղած է սակայն մարդը ներկայացնել։ Կու տամ քանի մը տարբեր իրողութիւններ, որոնք կը լրացնեն, պարզուկ իրենց վկայութեամբը, այդ թերին։ Դժուար է զինքը արժեւորել իբրեւ յատկանշական կամ արդար գրագէտ մը։ Մեզի ձգած արդիւնքը կը բողոքէ նման գնահատման մը դէմ։ Բայց կան դրուագներ, ուր ան արդար, նոյնիսկ մեծ մարդ մը եղաւ, գէթ իմ փորձառութեանս մէջէն երբ կը խօսիմ։ Արտաշէս Յարութիւնեան կը սիրէր իր ժողովուրդը։ Կրնամ այդ սէրը տարածել դէպի ամբողջ մարդկութիւնը, քանի որ տառապանքի եղբայրութեան կը հաւատար։ Բայց ան պատրանք չունէր այդ կենդանիին անդրագոյն, առհասական ալ բնազդներէն։ Չէր արհամարհեր մարքսիզմը, բայց կը գուշակէր անոր խակութիւնը, տկարութիւնը վերջոյ իմացականութեան յաղթանակը կը նշանակէ այդ շարժումը արեան ուժերուն վրայ), փխրուն ու տկլոր ապագան, որ շրջապատուած էր այնքան վտանգներով։ Իր անհատապաշտութիւնը, որ կուռ մահէն կու գար, իմացական իր նկարագիրով զինք կոյր չըրաւ թուրքէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն, որոնց եսապաշտութիւնն էր մեզ ահաբեկողը։ Հարիւր տարի առաջ կարգ մը բառեր փառք էին, առնուազն ուժ։ Իմացականութիւնը յարգելի։ 1870–ին սկիզբ առնող հակազդեցութիւնը մեղքին դէմ, ուժին տարփողը ուղղակի վտանգներ էին մասնաւորաբար մեր ժողովուրդին համար, որուն բախտը զայն դրած էր ամենէն նախնական մարդոց հասողութեան տակ։ Առանց Նիցչէ կարդացած ըլլալու, մալկարացի գայմագամը, նման ամէն թուրքի, ինքզինք հեռու չէր գերմարդ դաւանելէ ու թուրք ժողովուրդը աշխարհին տիրապետելու կոչուած ազգ մը։ Մենք չէինք զարմանար։ Ու չէինք ալ խնդար, կրնային գալ օրեր, ուր այդ հոսանքը ինքզինք զգար արտօնուած կրկէս իջնելու։ Ու մենք անոր առաջին զոհերն է ինք։ 1910–ի շրջանը միայն թուրքերը չըրաւ իմաստասէր (գերման դպրոցներու մէջ ուսում առած զինուորականներու սերունդը երդում կ՚ընէր Նիցչէով), այլ ըրաւ մանա/128/ւանդ մեզ յիմար, կառչելու համար 1850–ի, 1860–ի օրակարգերուն։ Չէինք հանդուրժեր կուսակցութիւնները, ո՛չ թէ իմացական անհատապաշտութեան մը սնոտիքէն թելադրուած, այլ այդ շարժումներուն ետեւը ծուարած իմաստներուն մեզի համար ներկայացուցած ճիղճ արժէքէն տառապելով։ Խենթեր ալ հանդիպելու բախտ մը մեզ հարուածեր էր հաւասարապէս։ 1910–ին լեգէոն էին այդ մարդերը, որոնց նկարագիրներուն մէկ կարեւոր մասը ինկած է սեւեռումի Օտեանի Փանջունիին մէջ, բայց որոնց ահաւոր իրականութիւնը վրիպած է Օտեանէն։ Ու դէպքերը քալած էին։ Պալքանեան պատերազմի առաջին շաբաթներուն լրջութիւնը, տագնապը, վախը ինքնաբերաբար պարտադրեցին իրենք զիրենք։ Մեզմէ հիւսիս կռիւը անակնկալ արդիւնքներով մեզ ըրաւ ապշահար։ Թուրքերուն փախուստը Մալկարայէն։ Վերադարձը։ Չեմ պատմեր այդ դէպքին հետ ստեղծուած մղձաւանջը։ Ճակատամարտը, որ կը մղուէր քաղաքին շուրջ թուրքերու եւ ուժ ստացող պուլկարներու միջեւ։ Ամէն մարդ իր տունին ներսը, փակ վարագոյրներուն ետին, զէնքը ձեռքը։ Աւելորդ է ըսել, որ միասին էինք իրենց տունը։ Գիշերը կոխած։ Բայց ճակատամարտը տակաւ կը գտնէր իր զայրագնումը։ Պատրանք չունէինք, պարտութեան մը պարագային, մեզի սպասող ճակատագրին։ Ու իրար կը հասկնայինք։ Ու տարօրինակը այն էր, որ գրագէտներուն չափ հասկնային այդ ճակատագիրը քանի մը կիներ, Արտաշէսի մայրը եւ քոյրը։ Ու հասկնա՜ր ատիկա մանաւանդ Արտաշէսի հայրը, դարաւոր իմաստութեամբ մը իմաստնացած։ Պիրկ, լուրջ, տարօրէն իմաստուն, ան ըսաւ իր քանի մը խօսքերը։ Հաւանաբար մտքէն ալ օրհնեց մեր երիտասարդ բազուկները։ Ու տեսայ, որ անոր դողդոջ ձեռքերը բացին հինաւուրց Աստուածաշունչը։ Նուաղ լոյսին մէջ, ան կը ջանար ամրացնել իր ակնոցները, առանց յաջողելու։ Կրակը կը սաստկանար «անհնարին կատաղութեամբ մը», ինչպէս պիտի ըսէր Մխիթարեան բանաստեղծ մը։ Հրացանաձգութեան ընդմիջեալ տարափին հիմա կը խառնուէին լայն, խորունկ, ահաւոր պայթիւններ, հաւանաբար թնդանօթներունը։ Կը խառնուէին մանաւանդ ջիղերը կտրտող խորտընկէցին անորակելի հարուածները։ Գնդակները կը զարնուէին բարձրկեկ տուներու պատերուն (որոնցմէ մէկն էր իրենց տունը) ու կը թափէին վար։ Կը կարծէինք որոշել աղաղակը մարդոց, շփոթ սակայն կրակէ գործիքներուն ստեղծած անհուն ժխորին պատճառով։ Գնդակ մը ինկաւ բակը։ Երկարեցանք բազմոցներուն։ Պատուական ծերունին աւելի նեղեց լոյսը։ Տանջանք էր իրեն համար այդ նուազումին մէջ կարդալը։ Եւ սակայն ժխորին պահիկ մը դադարէն /129/ օգտուելով, ան փակեց գիրքը եւ բացաւ պատահակի էջ մը։ Ու անոր աչքերը կրցան կարդալ։

  Ընդ երեկոյս հանգիցեն լալիք, առաւօտու եղիցի ուրախութիւն…։

Առաւ վար ակնոցը։ Գիրքը հանդարտ տեղաւորեց դարակին խորը, իր պապենական անկիւնը ու դարձաւ մեզի։

Առտուն բարի է…։

Ետքէն պիտի իմանայի, որ հօրենական աւանդութիւն մըն էր, որ թելադրած էր սա տեսարանը, վտանգի պատերուն հարցնել, հարցաքննել Ս. Գիրքը։ Իր լաւատեսութիւնը մեղմացուց ճնշումը սենեակին մէջ, բայց հերքուեցաւ իր խստութեան բարձրակէտը հրացանաձգութեան որոտովը։ Մենք, երիտասարդներս, սուինները անցուցած մաւզէրներուն, իջանք բակ, դուռին ետին առնելու մեր գիրքերը։ Ու տեսայ, որ Արտաշէսի քոյրը կը պատրաստուէր… հաւաքելով զգեստին արգելիչ մասերը, պատուհանը բացած, վար բակի սալերուն վրայ նետելու ինքզինք։ Վահանը, փոքր եղբայրը Արտաշէսի, որսորդ մըն էր ու նշանառու մը։ Ան անցաւ տունին այն անկիւնը, ուրկէ իր կրակին տակ կը պահէր փողոցը։ Սպասեցինք, այդ վիճակին մէջ։ Նիցչէն, Կուրմոնը իբր զարդ չէր կարդացած։ Մեր քիչ բառերուն մէջ այդ անունները քանի մը անգամ եկան ու զօրացուցին մեզ։ Ասիկա մահուան մէջ մահուան մարզանքն էր: Զէնքը ձեռքը մեռնելու ռոմանթիզմը հիմա կը հասկնայինք իբրեւ գերագոյն բարիքը մեր ընթերցումներուն։ Ո՞րքան տեւեց մեր սպասումը։ Դժուար է պատասխանը։ Ժամանակը պարապութիւն մըն է մեղմով լեցուող։ Ու այդ կէս գիշերին մենք լեցուն էինք… խզտուելու աստիճան։ Լուսցաւ։ Առտուն բարի էր։ Թուրքերը փախեր էին։ Ու քաղաքին մէջ կը սկսէին ջարդը, թալանը, հրդեհը, ինչպէս կը ճշդէին թուրքերու թաղէն բարձրացող ծուխերը, չարաշուք բոցերէ հալածական, ու գուլ ճիչերը հրացաններուն, մարդու միսին մէջէն երբ կ՚անցնին գնդակները։ Ու գոռում-գոչումը դժոխքի տեսարաններուն։

Մի՛ երթայ, կը պնդէր Արտաշէս։ Զգայութիւնները ամէն բան չեն։ Այդ պատկերները կը վնասեն ամենէն առաջ արուեստին։ Իրապաշտութիւնը մեղք մըն է…։

Անշուշտ չէի կրնար մտիկ ընել զինք։ Դուրս նետուեցայ։

Մութը հազիւ ճեղքուած։ Տունին փողոցը անկիւն կազմելուն, կեդրոն մըն էր չորս ճամբաներու խաչաձեւումին։ Վերէն իջնող ճամբան զօրաւոր զառիվայր մըն էր, ու կը շարունակուէր նոր թափով դէպի վար։ Ու տունը առջեւէն եղերող ճամբան կը հանէր եկեղեցին։ /130/ Կանգ առի։ Ցուրտ ու խոնաւ կիսամութին մէջ, մաս մը, պատերու շուքին խտացած, ձայներ։ Արագ, հատկտուն։ Հրացանի որոտներ։ Յետոյ աւելի յստակ։ Կը զանազանէի զինուորներուն հաստ մոյկերուն հարուածները եւ ուրիշներ ալ, թեթեւ ու նապաստակի սիրտին պէս արագ։ Մէկը գլխաբաց կը վազէր։ Լոյսը քառուղիի բացուածքէն ճանաչելի ըրաւ զայն։ Բարեկամ թուրք մըն էր, թոքախտաւոր փերեզակը, որ քերթուած ալ կը գրէր։ …։ Աչքով կը թուէր չափել ամենէն «բարի» ուղղութիւնը ու կը վարանէր։ Ան չտեսաւ, որ Արտաշէսը բացեր էր դուռը։ Հակառակ հրաւէրին, փերեզակը ընտրեց զառիվարը, իր սպառած շնչառութեան ցուցմունքովը հաւանաբար։ Զինուորները հասան ու սուզուեցան ետեւէն։ Հրացան։ Լսեցի մարմինի մը իյնալը, բութ, չոր, հակառակ աշնան խոնաւ առտուան։ Տեսայ պառկողը, որ փաթթուած էր դէմը ելլող հայու մը։ Երկուքն ալ անշունչ ինկեր էին, գիրկ գիրկի, նոյն գնդակէն։ Գոցեցին անոնց բաց աչքերը տուներէն դուրս վազող կիներ։ Դրան մէջ Արտաշէսը՝

Մե՞ղք է իրապաշտութիւնը…

 

Այսքան եղերական պայմաններու մէջ անոր մտքին սա կորովը պիտի չունենայի։ 1915–ին, Ապրիլէն առաջ, ան կը մնար շաբաթը չորս գիշեր ինծի։ Խօսեցայ թրքուհիէն ու իր վկայութենէն։ Զարհուրանքով բաբախուն գիշերին մէջ, մենք կը յիշէինք Մալկարան, Կուրմոնը, իրապաշտութեան մեղքը։ Տրտում էր սպանդէն։ Կը վախնար գալիքէն։ Ապրիլի ձերբակալութիւնները զինքը ըրին աւելի մռայլ։ Դպրոցը հսկողութեան տակ էր։ Ու մեր թրքուհին հիմա պատշգամ չէր ելեր նստելու։ Բայց վարագոյրին ետեւէն կը տեսնէի անոր գոհունակ մնալը դրան ճեղքէն, զոր թողած էր կիսաբաց։ Գարնան գիշեր մը մենք ողջունեցինք արշալոյսը ։ Մեր նիւթը մահն էր։ Զմայլելի էր իր իմաստութիւնը։ Ո՛չ մէկ տկարացում, թուլացում։ Արուե՞ստը։ Բայց անիկա « պարապ վախտի խաղալիք »։ Երկի՞նքը։ Կրնար պակսիլ։ Երկի՞րը։ Կը տեսնէինք զայն։ Անոր պատգամն էր պահել ինքզինք ։ Հիփնոթիզմը ունեցեր էր անոր վրայ սա բարերար ազդեցութիւնը։ Կրնայինք ազատիլ։ Բայց պիտի ապրէինք սա օրերուն ամբողջ մղձավանջը, մեր մնացած օրերուն ամէն մէկ մասնիկին մէջ։ Այսպէս խօսեցաւ Արտաշէս Յարութիւնեան այն գիշերը, երբ Պոլսոյ վրայ Մայիսը կը հեշտանար…։

Մեռաւ։ Անպատմելի է եղերականութիւնը մեր գրողներուն մահուան։ Կը սիրեմ յուսալ, որ ուրիշ սերունդ մը պիտի կատարէ այդ պարտքը։ Արտաշէս Յարութիւնեանի հետ իմ վերջին տեսակցու/131/թիւնս շարունակեց ապրիլ իմ մէջ։ Անաստուած քաղաքին բոլոր գռիհներուն ես յամառեցայ ազատել իմ գլուխը, քանի՜-քանի անգամ բռնուելէ ետք… միշտ խոյս տալով։ Բայց լման չորս տարի, ամէն գիշեր, ես ապրեցայ այդ եղերականութիւնը, թուրքին դանակին բարձրանալը վրաս։ Տեսեր էի։ Փորձեր էի թուրքերը ազատել այդ դանակէն, Մալկարայի մէջ, ջարդի օրերուն։ Ու չէի կասկածած, որ իմ խաչելութիւնը կը պատրաստէի այդքան կանուխէն։ Իրապաշտութիւնը իրաւ որ մեղք մըն էր…։

 

Պատմուած է իր պայծառութիւնը, երբ կը կանչուէր գնդակահարուելու։ Գնաց, Իզմիտի ժամուն բակէն, գիշերը կէսին։ Իր ետեւէն հայրը, նոյն գնդակին մատաղցու։ Կը խորհիմ, թէ իր աչքին պարզուեցաւ Նոյեմբերի առտուն, երբ զարհուրագին փախչող թուրքին ապաստան մը տալու համար բացաւ իր դուռը, ինչպէս իմ աչքիս կու գան երկու թուրք, որոնք ազատեցի մահէն, նոյն այդ օրը, մէկը ծածկելով ջարդարարներու աչքէն, միւսին պարպելով գրպաններուս բովանդակութիւնը։ Իրապաշտութիւնը երբեմն մե՞ղք չէր…։ Թուրքերը գիտէի՞ն այս ամէնը, երբ սպաննելէ առաջ զինք, անոր հոգիին առջեւ բերին իրենց անհուն անիմաստութիւնը։ Աւելի ետք պիտի կարդայի Օ. Վայլտի « Բարերար »ը։ Իրլանտացի մեղաւորը մեզմէ աւելի կը ճանչնար մարդերը:


 



[1]     Բայց կը պահէին, պարզագույն երկաթագործէն մինչեւ փարթամ պալատաբնակ վաճառականները (որոնք նաւով, կառաշարներով կ՚ընդունէին կամ կ՚առաքէին արմտիքը, արջառը), անվթար, իրենց հոգիին խորը իրենց գիւղը, չնմանելով Պոլիսին, ուր այս հանգամանքը ուրանալ կը կազմէր սկիզբը իմաստութեան։ Իրենց ապարանքի նման բնակարաններուն առջեւ քաղցր հակադրութիւն էր նկատել նախնական կառքեր, նոյնքան նախնական կենդանիներէ քաշուած։ Հաճոյքէն աւելի հեշտանք մըն էր դիտել անոնց կիները, արեւէն առնուած, բայց շալը վրան իրենց դէմքերուն, լրջութիւնը, իրաւութիւնը ամէնէն աւելի աճումի հանած, իրենց ճիտերէն կախ ոսկիներու ծանրածանր մանեակները լոյսի պէս ցաթելով ակօսներուն վրայ, երբ գարնան մուտքերուն, այդպէս, կ՚ընէին քաղհանը, մեծով պզտիկով, անխտիր, հողին ու իր բարիքներուն հանդէպ սա սրտաբուխ յարգանքին մէջ յարատեւելով մնալ խորապէս հայ, ինչպէս էին եղեր արդէն իրենց պապերը, հոս գալէ առաջ, այնքան դարեր, այնքան աւերածներու դէմ կուրծք տուող, ու շատ քաղցր առաքինութիւններով։

[2]     Ուշագրաւ եղեր էին իր տեղեկագիրները, մատուցուած Union ընկերութեան տնօրէնութեան ո՛չ միայն իրենց գործնական, գործառնական թելադրանքներովը, դիտողութիւններովը (ուր թափանցող ու դասաւորող իմացականութիւն մը տեսեր էին իր պետերը), այլեւ իր լեզուին ալ կատարելութեամբը։ Ֆրանսերէն խմբագրուած այդ տեղեկագիրները ամփոփ համադրումներ էին բարքերու։ Մնաց որ ֆրանսերէն հանդէսներու մէջ մէկէ աւելի անգամներ յօդուածներ ունի ստորագրած։

[3]     Յարութիւնեանի քննադատական յօդուածներուն երբեմն երեւցող խստութիւնները խառնուածքէ չեն գար, ըլլալով աւելի շատ արդիւնք լրագրական բարքերու, քան թէ ներքին բխման մը պատկեր։ Conformiste մէկը չէր ան, իրաւ է, բայց խոր յարգանք ունէր հաստատուած կարգերու, նուիրականացած բարքերու հանդէպ։ Առաքինութեան էր բարձրացած իր մէջ ամրութիւնը, հաւանաբար տունէն ժառանգուած մթերում մը։ «Ծանր գլուխ»ը, զոր լսած եմ իր մասին, ժողովուրդին գնահատման մէջ ձրի տարազ մը չէր։ Լայն իր ճակատը կ՚այցուէր այդ ծանրութեամբ, երբ զգացական յորդ վիճակներ ծաւալէին իրմէ ներս: Գիտէր ներքին այդ աշխարհը կառավարել ու պահել, եթէ ոչ պաղարիւն, գէթ տպաւորիչ հանդարտութեամբ: Վիշտը կրելու սա կերպը քիչեր միայն չեն ըներ ծիծաղելի։

[4]     Հոս կը յիշեմ իր ԿԻՐՔԸ գրալուծութեան կամ գրաճանաչութեան (graphologie)։ Կ՚ընէր իփնոթիզմի յաջող փորձեր։ Կը հաւատար ձեռնահմայութեան։ Այս հետաքրքրութիւնները կու գային մարդկային ճանաչողութեան իբր նպաստ: Որքան ալ խնդրական իրենց արդիւնքներուն արժէքով, այդ գաղտ, մթին ուսումները մէկ-մէկ լուսամուտներ էին դէպի անդունդները մարդոց հոգիներուն, նկարագրին։ Ընդհանուր ցուցմունքներէն կը սիրէր անցնիլ անդին ու կը հաւատար իր պատգամներուն, գիրէ, ձեռքէ։ Ատոնց մասին իր հաւատքը չեմ ենթարկեր հոս քննադատութեան։ Իրողութիւն էր, որ Թլկատինցիի նամակը երբ կը փորձէր գրալուծել, կ՚ըսէր ինչ որ այդ մարդուն գրականութենէն կը մնար կառչած անոր ուղեղին ցանցակերպին։ Բազմաթիւ գիրքեր, երեք այդ գիտութիւններէն, առած էին իրմէ ամէնքը, քանի որ շատ դանդաղ կարդացող մըն էր ու յամառ իւրացնող մը, չարտօնելով էջի մը ո՛չ իսկ ծուէն մը կորուստ: