Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. [ԳՈՐԾԸ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ]

/332/ Ի՛նչ դժբախտութիւն, որ քննադատը ըլլայ ստիպուած, գրագէտի մը տաղանդին անդրանիկ բխումը այսպէս սրտագին ողջունելէ ետք, հետեւելու այդ տաղանդին այլեւս շուքին, յաճախանքին մէջը միշտ անդրանիկ բխումին ու ծանրութեանը տակ ասոր փառքին։ Պատմած եմ, թէ ի՜նչ յուզիչ պահեր եմ ապրեր Տիգրան Կամսարականի հետ Փարիզ (1937)։ « Վարժապետին աղջիկը » մեծ բխումէն ետք, հետեւեր եմ անոր հեղինակին գրական ամբողջ շրջափոխութեան։ Եօթանասնամենի վիպասանը կը տառապէր ինծի անցընելու համար իր զգացումը, որ fini–ին մտալլկումն էր եղած իր մօտ։ Ու կը փռէր իմ առջեւ ուրուագիծները իր վիպակներուն, ոմանք չորս–հինգ էջի հասնող, իր խաղերուն, որոնցմէ լման տեսարաններ ուներ գործադրած, իր շատ կտրուկ թատերական զգայարանքին իբր փաստ անշուշտ, բայց նոյն ատեն փա՛ստ՝ ուրիշ ալ իրողութիւններէ։ Անոնցմէ մէկն է գործը ինք իսկ Կամսարականի, որ մնաց այդ մտալլկումին չարաշուք ստուերին ներքեւ։ Ու զայն պահեց, զրկեց մեծ արուեստին ազատ, յորդ բարիքէն։

Մ. Կիւրճեան մինչեւ այսօր չէ հրաժարած գրիչէն։ Մ. Կիւրճեան Անտոնեանը, Եղիան յիշեցնող առատութեամբ մը, արագութեամբ մը դիմակ է փոխած… իր անունին։ Մ. Կիւրճեան արեւմտահայ գրականութեան բոլոր սեռերուն երկարած է իր ձեռքը։ Մ. Կիւրճեան փառասիրած է գրականն ու հրապարակագրականը, քերթողականն ու երգիծականը, թատերականն ու քննադատականը, քրոնիկն ու յուշագրութիւնը, վէպն ու վիպակը, հաւասար անլրջութեամբ ու լրջութեամբ։ Վանեցէ՛ք սակայն ձեր մտքին առջեւ ուրուացող յիշատակը Եղիային։ Մ. Կիւրճեան ըրած է այս ամէնը քիչ անգամ հանդիպելի անզգածութեամբ մը, չըսելու համար անզգամութեամբ մը, իր ըրածին վրայ… ներսէն խնդալով, չեմ ըսեր՝ զայն արհամարհելով։ Ու այս պարագան բացառիկ կ՚ընէ իր դէմքը ո՛չ միայն իր սերունդին մէջ, որ առնուազն մռայլ, մաղձոտ հաւատքներ, հաւատալիքներ կը սնու/333/ցանէր, այլեւ արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր tonalité–ին մէջ։ Խօսեցայ « Մարտիկ Աղայ »էն։ Բայց « Սուտը իրաւ, խենթը՝ խելօք »ը մօտիկն է իրաւ նուաճման մը բախտին, առանց զայն ըլլալու ճակատագրով մը։ Ու ասիկա եղերապէս ճիշդ է իր բոլոր վիպակներուն համար։ « Քեաթիպին երազը » գրեթէ գլուխ–գործոց մըն է, քերթուածն ու հոգեբանական վերլուծումին կրկին բարիքներովն ու չարիքներովը հիւսուած, բայց չէ այդ գլուխ-գործոցը։ « Շիրակ »ի մէջ (1905) իր մէկ ուսումնասիրութիւնը քննադատութեան վրայ, յաջող յօրինում մըն է, զերծ վարդապետական յաւակնոտ չորութենէն, ինչպէս թացիկ վերլուծումին ճապաղանքէն, բայց անբաւարար զայն ստորագրողին մտքին վրայ վճռական վկայութեան մը։ Կրնաք առանց վախի կարդալ իր քերթուածները վախը՝ 1900–ի à rebours տաղաչափութեան բայց չէք կրնար անոնցմէ ձեր մէջ արձանագրել բանաստեղծի մը հետ ըլլալու հաճոյքը։ Կը սիրէք « Տուրքը » (մէկ արարով խաղ), տիպարային իր հարազատութեան, տիալոկի իր ապահով շնորհներուն, մտայնութեան իր տախտակներուն բարիքներովը տպաւորուած, բայց կը մնաք շուար, վիպա՞կ թէ թատերական կառոյց մը կարդալու ձեր տպաւորութիւնը անընդունակ ըլլալով ազատագրել այդ floս զգայնութիւններէն։ Ու ասիկա այսպէս՝ Մ. Կիւրճեանէն փորձուած բոլոր կտորներուն ալ համար։ Շփոթութեան սա զգացումը մենք չենք ունենար սակայն նոյնիսկ Եղիայի մօտ, որ այդ ամէնը փորձած է, այս անգամ ծայրայեղ լրջութեամբ, հասնելու համար Կիւրճեանէն աւելի նիհար արդիւնքներու։

Այս նկատողութիւնները անոր համար, վասնզի ստիպուած եմ Մ. Կիւրճեանէն մեզի եկած վաստակը դասաւորել, արժեւորել արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր cadro–ներէն ներս։ Անշուշտ ոչ մէկ բան ստեղծած է այդ մարդը ։ Բոլոր իր գործերը, իրենց լաւագոյն նմոյշներուն մօտիկը, ուրիշներէ իրագործուած, օտար չեն թուիր անոնց։ Կամսարական, Բաշալեան, Չօպանեան, Զօհրապ, Սիպիլ, Հրանդ նորավէպեր գրած են։ Բայց ինչպէս որ Եղիայի « Մակրինէ »ն կը զատուի իրապաշտներուն կաղապարէն, Կիւրճեանի « Նոր զգեստը »ն ալ կը զատուի Տիկին Եսայեանի, Երուխանի, Ռուբէն Սեւակի կաղապարներէն, միշտ նորավէպին մէջ։ « Կարօտներ » արձակ քերթուածը . Զարդարեան) գրուած է թեքնիքին մէջ « Արեւելապատում »ի . Կիւրճեան)։ Բայց առաջին կտորը արեւմտահայ գրականութեան մէջ աւելի է քան բառախտը։ Երկրորդ կտորը չի հասնիր Տիկին Եսայեանի « Աշուղը »ին։ Չեմ գիտեր, թե ինչ է եղած Մ. Կիւրճեանի բաժինը « Զարշըլը Արթին Աղա »յի մէջ։ Բայց այս զաւեշտին զմայլելի տիալո/334/կը, իր ահաւոր հարազատութեամբ, անբաւական է գործին խորքը պաշտպանելու նախնական, գրեթէ տարրական գործողութեան մը տկարութենէն։ Ու ասիկա այսպէս, անկէ ստորագրուած ամէն կտորի համար գրեթէ։ Այս անորոշութիւնը տաղանդին, ինչպէս անկէ մեզի հասած վաստակին վրայ, կ՚անդրադառնայ դատողին ալ վրայ։

Մ. Կիւրճեանի վիպակները առանձին իրականութիւններ են, արեւմտահայ վիպակին լայն ձգտումներէն գրեթէ անկախ ձգտումով մը մարմին առած։ Դաժան, մաղձոտ, ժանտ քաշքշուքով մը իր հոգին պերեւեթող (ներեցէք այս բառը, որ հարազատ զգեստ մըն է հոս) այս արուեստագէտը միակ տիտղոսը, զոր կը գործածեմ իրեն համար բացարձակ ազատութեամբ ունէր բոլոր շնորհքները մեր գրականութեան մէջ կատարելու Պարթեւեանի սկսած դերը։ Ազնուական արուեստի մը իր շատ նրբախոյզ ախորժակներուն փաստովը ծանրաբեռն ըլլալուն հակառակ, իր վիպակներուն բոլոր անձնաւորութիւնները գրեթէ այդ Պոլիսի պարզագոյն, չըսելու համար խոնարհագոյն խաւերէն ընտրուած կը ներկայանան։ Ժողովուրդի իրաւ զաւակներ, անոր սրտին անհուն բարութեամբը, անոր խելքին նախնական սրութեամբը, ողջմտութեամբը, այդ անձնաւորութիւնները անկեղծ են իբր յօրինում։ Կիւրճեանի գերագոյն առաքինութիւնը այդ ապահով զարկերն են գիծի, գոյնի (տեղականն ալ, բացառիկն ալ), որոնցմով բառերը կը յաջողին մեր աչքերուն առջեւ մարդեր նետել ոտքի։ Տարազ, մասնակի երանգներ, tare–եր նօթուած են զմայլելի բնականութեամբ մը, հարազատութեամբ մը։ Թեք էր. բարբառի բրդուճներ, որոնք միսի, ոսկորի չափ յատկանշական կարծրութիւններ ունին, անդադար կը նետուին տողերուն ցանցին, որպէսզի կեանքին պատրանքը թանձրանայ։ Էջը կ՚աւարտի։ Դուք չափազանց գոհ էք այդ կենդանագիրէն: Ու կը սպասէք։ Այսինքն այսպէս յօրինուած մարդերը կ՚ուզէք տեսնել գործողութեան մէջ, որ այս անգամ այդ շատ վաւերական մարդերը պիտի բարձրացնէր տիպարային արժանիքի։ Վիպակին մէջ դիտողութիւնը նկարագիրներ միայն կը բաւէ յօրինելու։ Ասկէ անդին է, որ սկիզբ կ՚առնէ գրական հարազատ ստեղծագործութիւնը։ Մեր մարդերը պատին փակցուելիք նկարներ չեն վիպակին մէջ, այլ իրենք զիրենք ամբողջովին իրագործելու սահմանուած խորհրդանշաններ։ Գրեթէ ամէն վիպակի մէջ, ստորագրուած Մ. Կիւրճեանէն, քիչ, շատ քիչ բան կը պատահի ։ Դատապարտութիւն մը չէ, որ կ՚ընեմ։ Ժողովուրդի զաւակները ունին անշուշտ, առատութեամբ ալ, ներքին ապրումներ։ Բայց Մ. Կիւրճեան միշտ զգոյշ է այդ ներքինին հետ լրջութեամբ զբաղելէ։ Այն ատե՞ն։ /335/ Այսինքն ի՞նչ ունին ընելիք այդ շատ իրաւ մարդերը։ Ու ստիպուած եմ ընթերցողները ղրկելու « Մարտիկ Աղա »յին, ուր մարդոց շքախումբը կ՚երեւայ ու կ՚անցնի։ …։ Ահա՛ իմ առաջին վերապահումը Կիւրճեանի վիպակներէն։ Հոն կայ տխուր, դժբախտ հեղինակ մը, որ կը մնայ շուար իր ստեղծած մարդոց դիմաց, զանոնք իր ուղեղէն այդպէս գեղակերտ դուրս արձակելէ ետք, լարելու իրենց ճակատագիրներու իրագործումին։ Կը հետեւի, թէ որքա՛ն դժուարութիւններ կը ներկայանան ինծի, երբ կը փորձեմ այդ վիպակները ընտելացնել արեւմտահայ վիպակին ընդհանրութեանցը ներսը։ Երուխանի նոյն խաւերէն հանած մարդերը առնուազն ունին տրամաթիք մը, որով փաթթուած, այդ խեղճ խլեակները կը յաջողին իրենց սրտաշարժ կործանումը, գէթ ասոր յոյզը փոխանցել մեզի։ Մ. Կիւրճեան կ՚արհամարհէ՞ գործողութիւնը, թէ անընդունակ է ծնած զայն ղեկավարելու։ Ակադեմական հարցում մը չէ ասիկա։ Երբ արուեստագէտի մը մօտ, զանազան սեռերէ իրագործմանց մէջ դուք գրեթէ կ՚ընէք մերձաւոր զգայութեանց հաստատումը, հեռու չէք տաղանդի նկարագիրներ ընդզգալէ։ « Մարտիկ Աղա »ն թեւաբեկ ձգող թերութիւնը թերութիւնն էր գործողութեան զգայարանքի մը խօթութեան, չըսելու համար պակասին։ Ու գործողութեան զգացումը, զայն նուաճելու կամքը կէսէն աւելին է գործի մը արժանիքներուն։ Գիտէ՞ք արդեօք, թէ մանրամասնութեանց, ճիշդ, յատկանշական գիծերու (trait) տեղական համի եւ գոյնի մեծ վարպետները յաճախ ակամայ թուլացումը, մեղքը կը ներեն իրենց, այդ իրողութեանց փաստովն իսկ գոհանալու, մեղկանալու։ Ազատագրեցէ՛ք Երուխանը դժբախտ պայմաններէն, որոնք կ՚իշխէին անոր տաղանդին վրայ, երբ կ՚երկնէր անդին « Մերժուած սէր »ը (աւելի ծանօթ յորջորջումով՝ « Ամիրային աղջիկը »), ու դրէ՛ք այդ տաղանդը իր իսկական տարողութեանը ծոցը, դուք կ՚ունենայիք թերեւս արեւմտահայ վէպին ամենէն անխորտակելի փառքը։ Երուխան ինքզինք հաճեցուցած է իր տուածին առաւելութիւններովը եւ մամուլին յանձնած իր վէպին ուրուագիրը։ Նոյնն էր պարագան « Մարտիկ Աղա »յի ու նոյնն է պարագան Կիւրճեանի բոլոր վիպակներուն։ Ի՜նչ շքեղ կենդանագիրներ են « Տրդատ եւ Տաճատ »ի մէջ երկու մարդերը։ Որքա՜ն իրականութիւն ու որչափով ալ ոճաւորուած։ Մ. Կիւրճեան կենդանագիրներ ուրուագրելու մէջ իր նմանը չունի գրեթէ արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Բայց շքեղ այդ տուրքը մնացած է առանց աւարտի ։

Վիպական գործի մը մէջ գործողութեան համազոր առաքինութիւն մըն է բարուական մթերքը, գաղիացիներուն mæurs-ը։ Ունինք /336/ « Մարտիկ Աղա »ն, « Բիւզանդիոն »ի մէջ լոյս տեսած ժողովրդական բարքերէ ընդարձակ շերտեր, գրեթէ բոլոր վիպակները, մէկ կարեւոր մասը « Արեւելապատում » ին, թատերական փորձերը բոլորն ալ ամրօրէն պաշտպանուած բարքերու շատ մանրակրկիտ դիտողութիւններով։ Այս խօսքերը յստակ են, չափազանց, երկդիմութիւն ստեղծելու համար կարդացողին մտքին մէջ։ Բայց մի՛ աճապարէք։ Մ. Կիւրճեանի սքանչելի անձնաւորութիւնները չես գիտեր ո՛ր չար սատանային կարգադրութեամբը, տարիներու երկար շարքի մը վրայ կը նոյնանան գրեթէ սկզբնական տիպարի մը վերացական յղացքին հետ: Ըսել կ՚ուզեմ՝ ընտրուած են անոնք դասակարգի մը խաւերէն։ Ա՛րդ։ Պոլիսի կինտօնե՞րը։ Չեմ երթար առաջ։ Մ. Կիւրճեան մեր բարուական վէպին քանի մը գեղեցկագոյն էջերը ստորագրած է « Մարտիկ Աղա »յի մէջ (խօսած եմ, թէ ո՛ր մասերն են անոնք)։ Ու անոր վէպին Աղեքսանդրեան մասը կը մնայ դարձեալ ծփուն, անխարիսխ, թերեւս անոր համար, որ այդ ընկերութիւնը դեռ բաւարար ժամանակ չէր ունեցած իրեն թանձրութիւն մը, ամրութիւն մը, բարքերու որոշ, հաստատ հատակ մը ճարելու։ « Մարտիկ Աղա »ն 1896–ի գաղթականութենէն առաջ Եգիպտոս հաստատուած հայութեան մը վրայ քիչ նշմարներ կը պարունակէ։ Կամաւոր թէ ակամայ, այս զանցումը շատ յատկանշական բարքերու օգտագործման, դարձեալ ես կ՚ընդունիմ տաղանդին թաքուն ու լուռ ցուցմունքներէն մէկը։ Եղեր եմ Եգիպտոս։ Անցեր եմ տուներէ, ուր դէմքերը երկու սերունդի մէջ գտեր էին եգիպտական կաղապարին հիմնական պատերը։ Ասիկա զիս չի զարմացներ։ Նեղոսի եզերքին ողբերգութիւն էր կերպարանքը մեր գոմէշներուն, որոնք հոդ կա՛մ կը զառածին դէպի ծաղրանկարային նիհարութիւնը, կա՛մ կը թանձրանան անորակելի տգեղութիւններու իբրեւ համադրում։ Բայց դէմքերը իր կնիքին տակ ձգող աներեւոյթ ուժը ազդած էր մանաւանդ հոգիներուն վրայ, որոնց փշրանքներովը կը գոյաւորուին բարքերը։ « Մարտիկ Աղա »յի մէջ պոլսեցիները զուրկ են Պոլսէն, ինչպէս չեն խարսխուած տեղականին մէջ։ Մ. Կիւրճեանի վիպակներուն աշխարհը, այսինքն բարքերու մթերքը կու գայ Պոլսէն։ Բայց ո՛րն ալ աւարտէք այդ վիպակներուն, ձեր միտքին մէջ պիտի յստակին մարդերը, մեծն ու պզտիկը, վիպակին հերոսները, ինչպէս երկրորդական մարդերը, անառարկելի գծագրութեամբ մը։ Պիտի մտնէք նաեւ քանի մը միջավայրերէ, մտայնութիւններէ, ընդհանրապէս իրարու խնամի, իրար թելադրող։ Թո՛ղ գրուէին անոնք Պոլիս, 1900–էն ետք, պահելով այդ Պոլիսին մէջ իրապաշտ վարպետները, անոնց արուեստն ու հանգանակները։ Միքայէլ Կիւրճեան, կը հաւատամ, /337/ փոխանակ այդ կտորներուն վրայ exotique (Եգիպտոսը կը թելադրէ այս երանգը) այդ կատարելութեան տիպարային յօրինման, միջավայրերու ուրուագրումին տեսակէտներէն պիտի տեւէր, ինչպէս մեծ վիպողը կը յատկանշէ, քանի մը հիմնական գիծերու բարիքը, որոնք այնքան դիւրութեամբ ձեր մտքին մէջ կ՚ընդարձակուին։ « Վարժապետին աղջիկը », « Անհետացած սերունդ մը », նոյնիսկ մէկ մասը « Աղջկան մը սիրտը »ին, « Կարմիր ժամուց »ն ու « Ոսկի ապարանջան »ը, « Տէրտէրին ուխտը », « Սիւզէնիի վարպետը », « Նոր զգեստը », « Բոստալը » ահա այդ բարիքը կը բերեն մեզի ու անոնց մէջը Միքայէլ Կիւրճեանի մանրակրկիտ, ամէն գիծ կշռող ու ամէն գոյն չափող խղճամիտ փոյթին տեղ մարդկայինին լայն զարկը կը մնայ տիրական։ Ահա թէ ինչո՛ւ Մ. Կիւրճեանի վաստակը, տալով հանդերձ ընկերութեան մը մէկ քանի որոշ խաւերուն վերարտադրութիւնը, անզօր կը մնայ մեր 1890–ը մեզի թելադրելու ։ Այս ալ յստակ եզրակացութիւն մըն է դարձեալ, որ պէտք չէ շփոթութիւն ստեղծէ կարդացողին մտքին մէջ։

 

Մ. Կիւրճեան՝ երգիծագի՞ր։ Ի՛նչ գիտնամ։ Պարոնեանն իսկ չունի սրութիւնը, կոկիկութիւնը, տիպարային կատարելութիւնը « Մարտիկ Աղա »ն peupler ընող կարաւանին։ Այս վերագրումն ալ յստակ է ինքնին ու անատակ՝ մտքերու մէջ շփոթութիւն ստեղծելու։ Այն ատե՞ն։ Միշտ մի՛ աճապարէք։ Կ՚ընդունիմ ձեզի հետ, որ գեղօր մը արժէք մըն է, երբեմն շատ թանկ։ Բայց ներեցէ՛ք ինծի, որ այդ փշրանքը, սպրիկ առարկան ես կշռեմ ոսկերչական կշիռներով ու անցնիմ իմ հիացումներուս, այս անգամ լայն ու ընդարձակ իրերէ, իրողութիւններէ, քաղաքներէ ու քաղաքակրթութիւններէ։ Ան, որ ամբողջ ընկերութեան մը մեղքերուն ու առաքինութեանց համադրումն է ձգած մեզի իբրեւ ժառանգութիւն, թէկուզ նախնական, թեկուզ գեղջուկ արուեստաւոր մը, նոյնիսկ գրելու նրբութիւններէն բան չհասկցող մը ու Յ. Պարոնեանն է աս միշտ իմ նկատառմանս մէջ ունի անառարկելի արժանիքը մեծ բարերարի մը, քան այն միւսը, որ մեր գրականութեան կատարելութեան շրջանին կազմած է իր գրելու ընդունակութիւնները, սորված ճարտար, արտայայտիչ, նկարող գիծերուն գաղտնիքը, տիրապետած քանի մը բառով մարդ մը թուղթին սեւեռելու վարժութիւնները ու Մ. Կիւրճեանն է աս ու չես գիտեր ո՛ր չար բախտին մատովը զառածած է դէպի ընթացիկ, աշխարհիկ հետաքրքրութիւններ, իր կարողութիւնները տրամադրելով փոքր, գրեթէ ճիղճ գոհացումներու, այս ու այն սանկ /338/ խայթելու, քաշքշելու, հաշիւներ յարդարողի հոգեբանութիւն մը կասկածիլ տալու աստիճան, երբ այդ տաղանդին առջեւ բաց էին անդաստանները հայոց ժողովուրդի բարքերուն։ Երուանդ Օտեան, իր զառածումին մէջ դէպի թերթօնը, տպուած խոտը ինծի համար յստակ իմացական պարագայ մըն է։ Արփիարեանն ալ կրնամ ըմբռնել, որ իր բազմազան ու այլատարած հետաքրքրութիւններուն, պարտքերուն կարկինովը տրամադրէ իր տաղանդը երգիծականին, որ, ամէն ժամանակի մէջ, յարմարագոյն դաշտն է բարքերուն։ Կեցէ՛ք Պարոնեանի առջեւ, ամենախոր յարգանքով, վասնզի այդ էտիրնեցին ալ կը գրէր մեր աշխարհաբարը Արփիարեանի, Երուանդ Օտեանի յստակութեամբը, համովը, բայց չէ զառածած։ Ու անոր նկատումները առնուազն ցամաք հացին, տունին մէջ ածուխին, ամսական վարձքին ահաւոր ողբերգութիւններովը կը սնանէին։ Ո՞վ, ի՞նչ բան կ՚արգիլէր Մ. Կիւրճեան երիտասարդը, իր տաղանդը յարգելու ամենանուիրական իր պարտքէն։ Ո՞վ, ի՞նչ բան մղեց զայն, որպէսզի այդ շքեղ իրականութիւնը տաղա՜նդը ան գործածէր սանկ ու նանկ մարդերէ, կիներէ, կազմակերպութիւններէ թեթեւ հաճոյքներ ճարելու ու մարդոց ետեւէն, գաղտնի, քիթին տակովը խնդալու։ Ի՜նչ կանգուն, անխորտակելի բան մըն է Աբիսողոմ Աղան, իր բոլոր անբաւարարութեամբը, խմպլութեամբը: Ու ի՜նչ դժուար ընդունելի յիմարութիւն մըն է Մարտիկ Աղան, որուն յօրինման մէջ իրաւ տաղանդ մը վատնած է երիտասարդական խօլ աւիշը, արիւնը։ Ժամանակը կը ծանրանայ երկու աղաներուն ալ վրայ։ Մարտիկ Աղա, իրականին վրայ calqué, ժամանակէ մը վերցուած խորհրդանիշ անձնաւորութիւն, Կիւրճեանի անփութութիւնը ստիպուած է քաւել, անփութութի՛ւն, ո՛չ անշուշտ յօրինման մէջ, այլ տիպարը տիրապետելու աստուածային պարտականութեան դէմ ։ Աբիսողոմ Աղան տիպար իսկ չէ։ Պարոնեան զայն չէ ենթարկած վաւերագրական ստուգումներու, ազգաբանական վկայութիւններու։ Նայած է կուշտին ու հոն էր ան։ Իջած է քաղաք։ Ու հոն էր ան։ Մտած է նպարավաճառին, ու հոն էր ան։ Գացած է շուկայ, ու հոն են անոնք բոլորը, անսրբագրելի, յաւիտենական Աբիսողոմները, փաթրոնի, ծառայի, պաշտօնեայի բազմատեսակ կերպարանքներուն տակ։ Ա՛լ ի՞նչ հարկ, Կիւրճեանի նման, այդ Աբիսողոմները խղճամիտ, նրբամաղ արուեստով մը սեւեռելու։ Պարոնեան գոհացած է մարդուն յիմարութիւնները պահելով իր սահմաններուն ու այդ սահմանները մեր ամէնունն են ահա։ Տաղանդը, ըսեր եմ շատ մը տեղեր, անհրաժեշտ էատարր մըն է, բայց չէ ամէն բան: Տաղանդաւոր մարդ մըն է Սուրէն Պարթեւեան ու գիտէք, թէ ի՛նչ /339/ քիչ է այդ շքեղ տաղանդէն մեր ժառանգածը։ Տաղանդաւոր մարդ մըն էր Ռ. Որբերեան, բայց ունայնամիտ մը։ Ու դուք գիտեք, թե որքան քիչ բան կը մնայ այդ օժտուած մարդէն։ Տաղանդաւոր մարդ մըն է Մ. Կիւրճեան։ Ու « Մարտիկ Աղա »ն, գէթ այն կերպարանքին մէջ, որով դարձած է հանրութեան սեպհականութիւն, կը մնայ անբաւարար։

Ունիմ աւելի ծանր առարկութիւն։ Կէս դարի մօտ ժամանակ մը ունեցաւ Մ. Կիւրճեան իր տրամադրութեան տակ։ Բա՞ւ, սա միջոցը՝ որպէսզի այդ անունը ըլլար ինքզինք իր գործած անառարկելի վկայութիւններու վրայ։ Ան չէ ապրած անորակելի այն ողբերգութիւնը, որ իրապաշտ մեծ դէմքերուն գիրը եղաւ 1890–էն ետք, Արեւմուտքի գռիհներէն ներս, հացին ու արիւնին բոլոր տագնապներովը խարանահար։ Բայց այդ սերունդը տուաւ դարձեալ իր տաղանդին վայելող արդիւնք։ Մ. Կիւրճեան, Եգիպտոսի մէջ, ապահով պաշտօնեայի անկնճիռ հոգեբանութիւն մը ունեցաւ իր տաղանդին տրամադրութեան։ Տուէ՛ք սա պայմանները Պարոնեանին ու դուք պիտի ըլլայիք տէր մեր մարդկային կատակերգութեան, Պալզաքեան ծաւալով, քանի մը դարու համար մեր ժողովուրդին բարքերուն անսպառ շտեմարանովը։ Շատ աւելի քիչ ապահով Րաֆֆի մը լայնօրէն վճարեց Արծրունիի աղայութիւնը։ Նոյնիսկ գնչու Շիրվանզատէն վարձատրեց մեզ, իր հաճոյքները, շողոքորթութիւնները, ուրիշներու հացը ուտելու դառնութիւնը շրջելով տաղանդի հարկի մը, պարտքի մը, ու ձգեց գործ մը, որ կը գնէ իր բոլոր մեղքերը։ Այս բոլոր նկատումները, մերձեցումները կը ձգտին տիրական քանի մը ապացուցումին ատիկա անառարկելի տաղանդն է Մ. Կիւրճեանի, ինչպէս այդ տաղանդին, ինչպէս այդ տաղանդէն մեզի եկածին անառարկելի անբավարարութիւնը։ Ու հոս կը լրջանամ։ Հասկնալի էր իր պարագան, եթէ երբեք, ինչպէս պատահած է Կամսարականին, Բաշալեանին, ան սանկ ու նանկ, քիթով պոչով միայն սարսուռ մը ընծայէր գրելու կիրքին ։ Միքայէլ Կիւրճեան ո՛չ միայն հանդէսները հետապնդած է սխրալի յարատեւութեամբ մը, այլեւ, ըլլալու համար աւելի ազատ իր պաշտամունքին մէջ, հիմնած է սեպհական պարբերաթերթ, այլեւ հասցուցած է իր ստորագրութիւնը արեւմտահայ կարեւոր օրաթերթերուն Պոլիս, Եգիպտոս, Ամերիկա: Ու երբ այս տողերը կը թելադրուին, ան, ալեփառ բայց կայտառ, չի տառապիր իր ստորագրութիւնը կենդանի պահելու պարտքի մը ծանրութենէն։

Հազիւ քանի մը պատկեր Արեւելապատում »), ուր երգիծական սա բարեխառնութիւնը ըլլար հակակշռուած ուրիշ ձգտումներով, ընդհանրապէս ժամանակին ճնշումովը գոյաւոր, դէպի արձակ քեր/340/թուածը ու չափուած քերթուածը լայն դարպասի մը ձեւին տակ։ Մնացեալը, նոյնիսկ գրական քրոնիկները, Մ. Կիւրճեան երկնած է այդ բարեխառնութեան ընդմէջէն։ Իր բոլոր վիպակները, քրոնիկները կու գան այդ գօտիէն։ Եւ որովհետեւ մօտ յիսուն տարի այդ տաղանդին տրամադրութեան տակ են մեր կեանքին այնքան այլազան պատկերանքները, մեր բոլոր իրաւունքին մէջն ենք այդպէս մեզի հասած գործի մը մէջ հաստատելու վճռական նուաճումներ ։ Արդ, ափյափոյ, հալածագին հոգեբանութեան մը մէջ գիրի ինկած « Ամիրային աղջիկը » յաջողած է սեւեռել մաս մը բան 1880–ի Պոլիսէն։ « Մարտիկ Աղա »ն եւ յարակից վիպակները, օգտուած ըլլալով հանդերձ նման փառասիրութեան մը սլաքին ներքեւ . Կիւրճեան մինչեւ խոր չափահասութիւն, չըսելու համար ծերութիւն, յաճախանքին տակն է այդ Պոլիսին ու իր գրական բոլոր ստեղծումները անկէ կառնեն իրենց էատարր սնունդը), կը տառապին անորոշութենէ մը, գիծերու տարտղնումով մը (բարքերէ), որոնց չեմ գիտեր ո՞վ է պատասխանատուն, տաղանդին նկարագի՞րը, թէ գաղթաշխարհի հոգեվիճակ մը։ Հոս կը յիշեմ իր հիացումը, պաշտամունքի հասնող, Չրաքեանի գրականութեան վրայ, կերպով մը բացատրել կարենալու համար սա անորոշութիւնը։ Հաստ, զմայլելի արձակը « Չարշըլը »ին, որո՞ւն կը մնանք պարտական, Օտեանի՞ն թէ Կիւրճեանին։ Ըսել կ՚ուզեմ, ոճի հարցին մէջ, իր նախասիրութիւնները, մոլութիւնները կատաղօրէն պաշտպանող գրագէտ մը ո՞ր ձախորդ ներշնչումին տակ իր տաղանդին լաւագոյնը ըլլայ սահմանած աշխարհի մը պարագրկումին, ուր այդ առաքինութիւնները կը մնային առնուազն երկրորդական։ Շատ–շատ առողջ, հաստատ գրուածք մը (écriture–ը Կուրմոնի) բաւ էր ոեւէ միջակ գրագէտ բարձրացնելու տաղանդային փառքերու, եթէ երբեք այդ գրուածքը նպատակ ընտրէր իր ժամանակը պատկերելու։ Բոլոր ժամանակներու մեծ երգիծողները ոճի վարպետներ են անշուշտ, բայց ի պարզութեան, ողջմտութեան։ Անունները աւելորդ են հոս։ Դասական քրոնիկներն իսկ Մոլիէռներու, Պուալօներու, ուրիշ առաքինութիւններու չեղան հետամուտ։ Ի՞նչն էր Կիւրճեանի հիացածը « Ներաշխարհ »էն։ Անշուշտ այդ գիրքին մէջ պակսած զգայնութիւնը չէր կրնար թելադրել այդ պաշտամունքը։ Անշուշտ Մ. Կիւրճեան այդ գիրքին մէջ թխածոյ գաղափարագրութիւնը շատ կանուխէն վերածած էր իր ճշմարիտ տարողութեան։ Անշուշտ այդ խառնամանուտ ոճին զեղծումները, կամաւոր, քրտնաթորեալ խաղարկութիւնները չէին կրնար խանդավառել իր առողջ բնազդը գիրէ։ Ա՞յն ատեն։ Իր հիացումը հաւանաբար կը սնանէր այդ մարդուն տա/341/րակարգ զգայարանքէն բառերու հետ խաղալու, գոյներու թրթռումները նուաճելու, արտայայտութեան հեւացող տագնապներէն։ Ու այս վիճակին մէկ աղօտ անդրադարձն է, որ ահա կը միջամտէ, որպէսզի իր վիպակները, վէպը, երգիծական գործը, կարճ խօսքով՝ փոխնիփոխ տատանի ընդմէջ ծաղկեալ ոճին եւ պարզ նիւթին ։ Ըրէ՛ք սա տարօրինակ զոհողութիւնը անգամ մըն ալ կարդալու, ինչ որ « Բիւզանդիոն »ի, « Մասիս »ի, « Նոր կեանք »ի, « Շիրակ »ի (երկու անգամ 1905 եւ 1909, այս վերջինը Պոլիս), « Ծաղիկ »ի (Շամտանճեանի խմբագրութեամբը), « Արեւելեան մամուլ »ի, « Դաշինք »ի, « Լուսաբեր–Արեւ »ի, « Հայրենիք »ի (1909–ին Պոլիս), « Հոսանք »ի (1912 Եգիպտոս), « Արեւ »ի, « Կոչնակ »ի ու հաւանաբար ուրիշ թերթերու մէջ (զորս չեմ տեսած, « Փարոս », « Ազատ խօսք », « Ազատ բեմ »), զանազան ու զարմանազան անուններով ստորագրած էր ան, հասնելու համար գրագէտի մը ձեր մտքին մէջ տիրական պարտադրանքին։ Պետրոս Ագաթան, Արմէն Զարպապեան, Պարոյր, Զարմայր Սահակեան, Պուէտ, Արմէն Մոլար, Մէն Կէն, Համշիրակ Ս., Ե. Մ. Կիւրոս, եւ կ՚ենթադրեմ՝ ուրիշ ինձմէ վրիպած դիմակներ ծառայած են սա մարդուն քմայքները փոխադրելու երեք աշխարհներու հայերուն։ Արդ, կեղծանուններու սա առատութիւնը մենք դիտած ենք Եղիայի մօտ, որ ո՛չ միայն ցաւագար մըն էր, կէս խենթ մը, այլ նոյն ատեն գրականութեամբ ախտաւորեալ անորակելի միտք մը, որուն համար այդ ծպտումները հաւանաբար անհրաժեշտութիւն մը կը կազմէին։ Ունինք դարձեալ Արամ Անտոնեանը, որ երկոտասնեակ մը կեղծանուններ գործածեց, զորական ուրիշ կարգէ հետաքրքրութիւններու հպատակ։ Ու գիտենք, դարձեալ, որ Յակոբ Պարոնեան չունեցաւ դիմակ։ Այս յիշատակութեանց միտք բանին ա՛յն՝ որ Մ. Կիւրճեան ծառայած է արեւմտահայ գրականութեան բազմերակ հետաքրքրութեանց սլաքներուն տակ։ Օրը, օրուան կեանքը, գաղիացիներուն այժմէութիւնը (actualité) գլխաւոր ազդակները եղան այդ գրականութեան ու ինչպէս բնական է խորհիլ՝ այդ ծպտումներուն։ Տիգրան Կամսարական տասնէ աւելի դիմակներ գործածած է իր քրոնիկներուն համար, ու մենք գիտենք, որ որքա՜ն քիչ է այդ քրոնիկներուն մէջ կեանքին բաժինը, եւ որքա՞ն շատ՝ ձեւին ճնշումը։ Ու ինչպէս որ Եղիայէն, Արամ Անտոնեանէն, Տիգրան Կամսարականէն մեզի չի գար բարիքը լայն, վճռական նուաճումներու մասնակիներուն երբեմն շքեղ փառքին ընդմէջէն), նոյն կերպով մեզի չի գար բարիքը գրագէտի մը, այս անգամ Մ. Կիւրճեան անունին տակ, որ ըլլար յաղթահարած շրջան մը, հասարակութեան մը որոշ մէկ քանի խաւերը, մեր յար/342/գանքին պարտադրած քանի մը տիպարներ: Այս պահանջները օտար, ձրի պահանջներ չեն։ Ես ասոնք երբեք չեմ արտօներ ինքզինքիս դնելու Սիպիլի մը, նոյնիսկ Տիկին Եսայանի մը հետ, որոնցմէ վերջինը մեծ, շատ մեծ գրագէտ մըն է, բայց իր հաշւոյն, այսինքն շատ անձնական ու ատով՝ քիչ ընդհանրական ապրումներու հանդէսով մը իր գործը պաշտպանած), վասնզի իբր կին, այս անունները մեզի պէս հասարակութեան մը մէջ, կնիքին տակն էին շատ ծանր ճնշումներու, մեր բարքերէն, միջավայրէն, առնուազն արեւմտահայ գրականութեան ծանր ճակատագրէն, որ գրաքննութեան մը ձեւին տակ, մօտ երեսուն տարի մեր տաղանդները վախկոտ ըրաւ մեր կեանքին հանդէպ։ Մ. Կիւրճեան, Եգիպտոս, պաշտպանուած էր նման դժբախտութեանց հանդէպ։ Ահա թէ ինչո՞ւ, իր տաղանդին ստոյգ փաստին առջեւ ես ունենամ ցաւեր, ափսոսանք, ճիշդ այն ձեւով, որ այս վիճակները իմն են եղեր Ռուբէն Որբերեանի հետ։

Միքայէլ Կիւրճեանի գործին վրայ իբրեւ տիրական բարեխառնութիւն երբ կը ծանրանամ երգիծականին տարողութեան, ինքնաբերաբար դրած կ՚ըլլամ հարցը բարքերու գրականութեան մը, այն գլխաւոր իրողութեան փաստովը, որ երգիծանքն է, ամէն ժամանակներու համար։ Եթէ երբեք մեր մեծութիւնները, հզոր առաքինութիւնները մենք կիրագործենք ընդդէմ բարքերու մեր անկախութեամբը, երբեմն ընդվզումովը [1] ու մեր հարազատ, պարկեշտ, ան/343/յաւակնոտ իրագործումներուն համար, պատրաստ ենք յարգել մեր բարքերը, այսինքն մեր գործը բարձրացնել այդ յատակին վրայ։ Ահա թե ինչո՞ւ նման ըմբռնումի մը ծնունդ վաստակ մը միշտ պիտի պաշտպանուի ժամանակն ի վար Մ. Կիւրճեան ընդարձակ աշխատանք ունի կատարած։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց չունի վաւերական վկայութիւն մը, որուն ճնշումովը ես կատարէի իր գրագէտի դէմքին նկարագիրը ։ Սրբապղծութիւն մը պիտի ըլլար Կիւրճեանի գործը զուգակշռել Պարոնեանի գործին հետ։ Ու պատրաստ եմ բացատրել իմ վերապահութիւնը։ Կ՚ընդունիմ, որ Կիւրճեանի դէմքերը ըլլան աւելի սուր, կարկառուն, արտայայտիչ։ Այս զիջումը կ՚արդարացնեն այդ մարդուն գրչէն ելած բոլոր դիմակները։ Կ՚ընդունիմ, որ կարգ մը միջավայրեր (ուշադրութիւն սեղմումին), կարգ մը մտայնութիւններ ըլլան իրմով սեւեռուած երբեմն վաւերագրական ալ տարողութեամբ։ Բայց փորձեցէ՛ք անգամ մը ազատել այդ կտորները իրենց ժամանակէն, միջավայրէն, մտայնութիւններու հանդէսէն ու տեսնել ասոնցմէ անկախ, որով եւ աւելի ընդարձակ իրողութիւններ իբրեւ, ձեր կարդացածը պիտի ըլլայ տարօրէն աղօտ, չըսելու համար հետեւակ ։ Մ. Կիւրճեան լրագրող մը ծնած է։ Վկայ՝ իր հարիւրաւոր յօդուածները օրուան հրատապ հարցերուն շուրջը։ Բայց չէ կրցած ըլլալ արի, բաւարար չափով, որպէսզի հպատակի իր կոչումին, ինչպէս ըրած են այդ հերոսութիւնը իր ընկերներէն շատերը, Պարթեւեան, Թէքէեան, Անտոնեան, նոյնիսկ շատ զգուշաւոր Շամտանճեան, երբեք լրագրող ծնած Տիկին Եսայեանը։ Այս ողջամիտ, չըսելու համար քաղքենի աշխարհահայեացքն է, որ զայն պահած է ասպարէզին անապահովութենէն, ասոր վտանգներէն զերծ, բայց նոյն ատեն զլացած է անոր միակ պատեհութիւնը իր տաղանդը որ ծնունդին ձայնը կը նշանակէ հոս իր ճակատագրին տանելու։ Պոլիս ունէինք իր մէկ վարիանտը, որ ատեն մը մեր լրագրութեան մէջ աւելի եղաւ քան անուն մը։ Յովհաննէս Ասպետն էր ան, հռչակաւոր Օննիկ Չիֆթէ–Սարաֆը, իր գեղակերտ, վիմագրեալ ստորագրութիւններովը չքաւորելով իր յօդուածները։ Տաղանդին պակասը այս մարդուն մօտ անզգալի մնաց երկար ատեն։ Մ. Կիւրճեան ահա պատասխանատու է իր տաղանդին հանդէպ մատնութեամբ մը։ Իր գործը չունի հատորի մը վճռական փորձը իր հաշւոյն:

Մ. Կիւրճեան գրած է քերթուածներ ։ Չեմ զարմանար, չեմ ալ զայրանար։ Բայց դիտել կու տամ, որ 1900–ին Պէրպէրեանէն կամ աւելի համեստ ծագումով ամէն երիտասարդ ի վիճակի էր իր քերթուած/344/ները տաղաչափելու։ Կու տամ անունները Չրաքեանի եւ Արսէն Երկաթի, որոնք համահաւասար անբաւականութեամբ մը կը տառապին բանաստեղծականէն, եւ որոնց ընդմէջ կը զետեղեմ բանաստեղծ Մ. Կիւրճեան մը։ Չրաքեանի յաւակնութի՛ւնը՝ տաղը նուաճելու, Ա. Երկաթի միամտութիւնը՝ տողը չափաբերեալ կաղապարելու, զգալի են Կիւրճեանի քերթուածներուն մէջ։ Յետոյ, այդ 1900–ը կայսրութիւնն է բանաստեղծներու, որոնք նորոգեալ լեզուով, badigeonné ածականներով ու մանաւանդ աշխարհի աւելի անխոստովանելի փոփոխութիւններով պիտի ջանան իրենց անունները դափնեզարդել։ Մեր բանաստեղծութեան շնորհաբաշխ իշխանուհի՞ն։ Որուն բառերը եւ նիւթերը ամբողջ լեգէոն մը պիտի խանդավառեն։ Եւտէրպէ, Պերճուհի, Գօլանճեան, Էսաճանեան, Մերուժան Պարսամեան, Գ. Խանճեան, Վարդգէս, Մ. Ուղուրլեան, Լ. Քիրիշճեան (աւելի ետք՝ Լ. Լարենց ), Ա. Նաւարեան, Մ. Իսպիրեան, Ժ. Սայապալեան (աւելի ետք՝ Փայլակ ), Հ. Նազարեան, Չէօկիւրեան, Ռ. Չիլինկիրեան (աւելի ետք՝ Սեւակ ), Մ. Մեծատուրեան (աւելի ետք՝ Միսաք Մեծարենց ), Յ. Ճ. Սիրունի, յիշելու համար այդ օրերու աւելի կամ նուազ հռչակաւոր քերթողները, մէկ կողմէ Տիկին Սիպիլի, միւս կողմէ Արտաշէս Յարութիւնեանի քերթողականներուն ուշադիր։ Միքայէլ Կիւրճեան ո՛չ աւելի է ո՛չ ալ պակաս այս դպրոցին իր յարումին մէջ պարզած անբանաստեղծութեան որքան յաւակնութեան մէջ։ «ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ»ը չ՚ախորժիր մարդոց մեղքերովը փառաւորուիլ։

Դարձեալ տրտում տրամադրութիւն ունիմ իր արձակ քերթուածներուն համար։ Անոնք դպրոցին բոլոր տկարութիւնները արձանացնող տխրահռչակ փառքեր են։ Բայց ինչ որ Մ. Կիւրճեանը կ՚ընէ աւելի պատասխանատու, ատիկա՝ իր յամառութիւնն է կեղծ սեռի մը սպասին մէջ։ Արտաւազդ Հանըմեան, Յովհաննէս Սէթեան, Վահան Մալէզեան, Վահան Թէքէեան, Սուրէն Պարթեւեան (որ վիպակին մէջ փորձեց յագուրդ տալ իր այդ ախորժակներուն) ու փրոֆէսէօր Գայայեան Եգիպտոսի մէջ շարունակեցին աւանդութիւնը։ 1920–էն ասդին միայն Մ. Կիւրճեանն է, որ պիտի ափ առնէ Ամերիկա, « Կոչնակ Հայաստանի »ի հիւրընկալ դռները, հոն լոյսին արժանացնելու համար անորակելի էջերը, արձակ քերթուածին սեռովը ու անկանգնելի բառակոյտովը։ Իրապաշտ դասուելու չափ՝ իրաւին զգայութիւնը, զգայարանքը պարզող այս մարդուն մէջ ճաշակի զառածման սա փա՞ստը։ Բայց պէտք է անդրադառնալ ամաթէօր գրագէտի փառասիրութիւններուն։ Ո՛չ մէկ պատճառ կար, որպէսզի գրուէին եգիպտական այդ դպրոցին արձակ քերթուածները, եթէ երբեք գրա/345/գէտի փառասիրութիւնները ուզէ ինք անգիտանալ։ Մ. Կիւրճեանէն ոչ մէկ արձակ քերթուած կ՚ազատի։ Բայց այդ եղանակին շատ մօտիկ ան ունի ուրիշ էջեր Քեաթիպին երգը », օրինակի համար), ուր իրաւ ապրումի, իրաւ մարդերու քիչիկ մը տեսլացած կերպարանքներով, կը յաջողի այդ բառամարտը կենսաւորել։ Այդ գետինին վրայ Մ. Կիւրճեան ստորագրած է ապրելու սահմանուած էջեր։

Միքայէլ Կիւրճեան տարիներով փառասիրած է քրոնիկը ։ Գիրքեր, դէմքեր, շարժումներ, հանդէսներ, մտայնութիւններ, քրոնիկին rayon–ին ինկող բոլոր երեւոյթները շահագրգռած են զինք։ 1890–ին, Պոլիս, այդ հետաքրքրութիւնը իրեն պիտի արժէր թերեւս իրապաշտներուն անվերապահ համակրանքը, հանդէսի կամ օրաթերթի մէջ իր քանի մը սիւնակներուն վրայ ամբարձիկ համբաւովը։ 1900–ին Եգիպտոս ան այս ու այն բախտախնդիրին տրամադրութեան տակ կը դնէ իր գրիչը։ Աւելի՛ն. 1905–ին ան կ՚ընէ հերոսական ալ քայլը Վ. Թէքէեանի հետ « Շիրակ »ը հրատարակելու։ Ինչ որ անառարկելի իրողութիւն մըն է, այդ ալ քրոնիկի իր ախորժակին տիրական գոյութիւնն է։ 1944–ին ան դեռ մեծ հաճոյքով կը սպասարկէ իր երիտասարդութեան կիրքերուն։ Եւ որովհետեւ առանձին մարդ մըն է, այսինքն հսկայ համակրութիւններու եւ հակակրութիւններու խառնուրդ մը, եւ նոյն ատեն երգիծական շատ թթու խառնուածքի մըն ալ տէրը, կը հասկցուի, որ մեր իրականութեան հանդէպ իր կեցուածքը (չըսելու համար ակնոցները) շեշտօրէն տպաւորուի։ Մ. Կիւրճեան չէ դատած իր ժամանակը, զայն խորունկ արհամարհանքի մը տակ պահելուն։ Չէ դիտած իր շրջապատը, ատոր հանդէպ իր մենաւորի դիւրազգածութեան մէջ անտրամադիր ըլլալուն չափ, զայն բարիքելու (améliorer) ամէն ձեռնարկ, մտածում կանխապէս անօգուտ դատելուն։ Այս կեցուածքը հեգնողինը չէ սակայն։ Հեգնողները խորունկ հաւատացողներ են ու քիչ մը շատ լուրջի կ՚առնեն իրենց դիւրութիւնը ուրիշներու հաշւոյն խնդալու, կամ ուրիշներ խնդացնելու։ Տիգրան Կամսարական ամէն քրոնիկի մէջ զօրաւոր կիրք մը, դառնութիւն մը, հիացք մը դրած է, կամայ կամ ակամայ, իրողութիւնը չի փոխուիր։ Բացի գիրքերէն, Մ. Կիւրճեան ուրիշ ամէն իրողութեան դէմ իր blasé մարդու խուլ արհամարհանքը չէ խնայած։ Ու ան, որ մեր գրականութեան մէջ իր մուտքն էր ըրած դիմակաւոր քրոնիկներու շարքով մը (ուրիշ բան չէր « Մարտիկ Աղա »ն), 1944–ին ալ տակաւին չէ կորսնցուցած այդ կանաչ, ժահրոտ, թթու արհամարհանքը։ Այդ համակրանքը քրոնիկին ներքին հոգին է, սրբութիւ/346/նը։ Արփիարեանի ամենէն կծու քրոնիկին ներսը կը զգաս այդ համակրանքին համն ու քաղցրութիւնը։ Մ. Կիւրճեանի քրոնիկը պակասաւո՜ր։ Բերէ՛ք քով քովի ինչ որ ելած է անոր գրիչէն, քառասունէ աւելի տարիներու վրայ, առօրեային կրկէսէն։ Դուք պիտի զգաք, թէ որքա՜ն քիչ է այդ ընդարձակ թղթեղէնին մէջ կեանքին քանակը։ Էջ մը Արփիարեան քանի մը մարդերու հոգին կը բերէ մեզի։ Գիրք մը, լման, Կիւրճեանէն, հազիւ թէ նուաճէր քանի մը մարդոց, coterie–ներու հոգեբանութիւն մը։ Այդ քրոնիկները գրուած են կանոնաւոր, կծու, սրամիտ արձակի մը պաշտպանութեանը մէջն ալ։ Ու գրուած են լաւ գրուելու փառասիրութեամբ։ Մենք այսօր պիտի ուզէինք, որ այդ լաւ գրուած քրոնիկներուն տակը խիտ–խիտ ըլլային տրուած կեանքին դասերը, կիրքերը, մարդոց ու միտքերու կերպարանքները։ Մ. Կիւրճեանի քրոնիկը կողմնակալային ալ հանգամանքներ կը պարզէ երբեմն։ 1900–էն մինչեւ 1945 իր ակնոցը մեր հասարակութիւնը բաժնած է քանի մը հիմնական մասերու, զանոնք աւելի դիւրաւ եւ իրաւ տեսնելու համար անշուշտ։ Միւս կողմէ, մոռնալու չենք, որ վէպը այս մարդուն պատանութիւնը խանդավառող գեղեցիկ սկիզբ մըն է, անգամ մըն ալ զայն փորձելու չսահմանուած սակայն։ Վիպակը զայն տաք կը պահէ շատ–շատ տասնամեակի մը վրայ։ 1910–էն ասդին ինծի անծանօթ են Մ. Կիւրճեանէ ստորագրուած պատկերներ, իրապաշտ թեքնիքով ու երգիծական բարեխառնութեամբ։ Քերթուածը ՝ պահ մը թերեւս, « Շիրակ »ի, « Բանբեր »ի մէջ ո՜վ գիտէ ի՛նչ տրտում փառասիրութեանց անդրադարձ: Թատերական ախորժակները հազիւ հազ նկարագրի բարձրացած։ Բայց քրոնիկը անոր տիրական փառասիրութիւնը մնաց։ Ա՛րդ, քառասունէ աւելի տարիներու վրայ իր սրութիւնը պահող սա ախորժակը որչափով պիտի նպաստէ, Մ. Կիւրճեանի դէմքին յօրինման մէջ հիմնական փաստեր, տարրեր ապահովելով։ Այսօր Արփիարեանի քրոնիկը անոր դէմքին լրացուցիչ փառքը կը կազմէ։ Նոյնն է պարագան Մելքոն Կիւրճեանի, Տիգրան Կամսարականի (որ վէպէն իր նահանջը կարծած է արդարացնել այդ թռուցիկ սեռէն չյոգնող սպասով մը)։ Հաւաքեցէ՛ք Տիգրան Արփիարեանի, Արշակ Չօպանեանի գրական քրոնիկները։ Դուք ծառայած կ՚ըլլաք հայ հոգիին յեղաշրջման վրայ համադրական ձեռնարկներ փորձողներուն։ Ըրէ՛ք նոյն փորձը Միքայէլ Կիւրճեանի քրոնիկներուն համար։ Հատորները, այդպէս կազմուած, պիտի ըլլային նման « Հայկական նամականի »ին, « Ուղեւորութիւն ի Կ. Պոլիս »ին գիրքեր ասոնք, որոնց վրայ ոչինչ կայ աւարտուն, վճռական։ Որոնք կը կարդացուին շրջանի մը ամենէն ամուլներէն /347/ լրագրական ախորժակներուն վրայ իրենց արձանագրած քիչ մը աւելի ով, լրջութիւն, կիրք, կեցուածք՝ այս աւելին եւ ո՛չ թէ գրագէտի մը խորունկ ապրումներուն անդրադարձը։ Մ. Կիւրճեանի քրոնիկները, ըսի անգամ մը, ժխտական իրողութիւններ են, օրը, մարդերը, մտայնութիւնները կամաւոր գունաւորման մը մէջէն զգացող, տեսնող։ Խոշոր ու խորունկ չարութիւն՝ երբ այդ քրոնիկը կը հեռանայ շրջանային տկարութեանց ցուցադրումէն [2] ու մեր կորանքները ոսկեզօծելուն մէջ կը դնէ իր շեշտը։ Ի վերջոյ մեզի ծանօթ է, որ բարձր, մեծ գրագէտի գործ մը անսովոր չէ ճանչնալ քրոնիկագիրներու կարաւանէն, երբեմն նոյնիսկ աւելի հաստատ, վաւերագրօրէն աւելի արդիւնաւոր առաքինութիւններով։ Ընդարձակ քրոնիկ մըն է Մէն–Սիմոնի «Յիշատակներ»ը, այնքան թանկ՝ Արեւ արքային շրջանը նիւթացնող տարրերու մթերքով մը։ Միակ գետինը, ուր Մ. Կիւրճեանի քրոնիկը կը գտնէ տիրական շեշտ, անիկա կալուածն է գիրքերուն։ 1900–ի ոգին այնքան լաւ դատող այս մարդը ինչո՞ւ սակայն /348/ չէ յաջողած իր սեպհական գործը պահել զերծ այդ ոգիին տրտմութիւններէն։ Իր դատումները, դատաստանները 1900–ի բանաստեղծական փաղանգին վրայ թէեւ չեն հասած վճռական յստակութեան, բայց մօտիկն են իրաւ բանաստեղծութեան յղացքին։ Ու մարդ չի կրնար, այս հաւաստումը ըրած պահուն, չազդուիլ իրմէ ստորագրուած ոտանաւորին հիմնական անբանաստեղծութեան վրայ։ Ուրիշ տկարութիւն՝ Չրաքեանի « Ներաշխարհ »ին իր emballement-ը։ Եւ սակայն, ըսի անգամ մը, անոր մէկ նշմարը, քննադատութեան վրայ, « Շիրակ »ի մէջ, անոր բազմաթիւ հայեացքները գրական քրոնիկներու մէջ առատօրէն ու անփութօրէն նետուած, որոշ ապահովութիւն կ՚ընձեռեն հիմնական ընթերցումներէ։ Ան աւելի լաւ ու մեթոտով, ինչպէս օգուտով կարդացած է քան 1900–ի Պոլսոյ մեծխօսիկ գեղարուեստագէտ-քննադատները (Արտաշէս Յարութիւնեան, Գրիգոր Մալխաս, Ենովք Արմէն, Ա. Նաւարեան, Հրանդ Նազարեանց, Ե. Գօլանճեան եւ ընկերք, բոլորն ալ իրենց վայրկենականներով, կէս–վայրկենա/349/կաններով, դիմանկարներով, պատգամաձեւ վիճաբանութիւններով մեր հրապարակին վրայ իրենց աքաղաղութիւնը պտըտցնող։ Չդատողը չկայ։ Օննիկ Չիֆթէ–Սարաֆ ըսուած անուղեղ ընթերցող մը գրական աստիճանի կրատ մը պիտի փառասիրէր դեռ այդ օրերէն), բայց չէ ազատագրած սեպհական ճաշակը։ Ու ասիկա այսպէս էր քրոնիկին երկրորդ ամուր կալուածին համար ալ։ Ասիկա՝ կուսակցական կիրքին հանդէպ ինքզինք ախտազերծ ընելու անկարող հոգեբանութիւնն է, անոր ստորագրել տուող իր յաջող կենդանագիրները անշուշտ (գլխաւորաբար « Մարտիկ Աղա » վէպին մէջ), բայց զինք արգիլող նոյն ատեն արձակ հայեացքէն։ Մ. Կիւրճեանի քրոնիկները en bloc, մեր գրականութեան մէջ շահ մը նկատելը զիջում մը չէ դիւրաւ կատարելի։

Կը մնայ խօսիլ թատերագիրէն ։ « Տուրքը » Շիրակ ») տիալոկի քրոնիկ մըն է։ Տեղական գոյն, տիպարային հարազատութիւն, մանաւանդ բարբառային կատարելութիւն բացարձակ յաջողուածքնե/350/րը կը կազմեն այդ միարար պատկերին։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց այդ բոլոր առաքինութիւնները չեն բաւեր գրուածք մը թատերականին, օտար բառով մը՝ tragique–ին հանելու։ 1900–ին, գաղիացիները, սէմպոլիստներէն ետք, շատ յաջողութեամբ գործածեցին վերի առաքինութիւնները տիալոկէ կառուցումներու մէջ. բայց ամուր թատերական տագնապ մը մօտէն, սեղմող, հետապնդող ալ բարիքով մը։ Կիւրճեանի պատկերը կը տառապի թրաժիքին պակասովը։ Ու կու գամ « Փրկանք »ին, որուն ներկայացումը տեսեր եմ Պոլիս։ Որուն բնագիրը, Կամսարականի բարեհաճ արտօնութեամբը, ունեցեր եմ աչքի առաջ։ Ինչպէս որ « Տուրք »ը 1900–ի գաղիական միարար խաղերուն թեքնիքն ու փառասիրութիւնները կը հետապնդէր, « Փրկանք »ն ալ կը հետապնդէ թեքնիքն ու փառասիրութիւնը պիեսա յին, երեք արարնոց կառոյցի մը, ուր ընկերային տեսակէտ մը կ՚առնուի իբր մեկնումի կէտ ու կը վերլուծուի բարքերու շատ ամուր ուսումնասիրութեան մը գահաւորակովը։ « Փրկանք »ը մեր բարքերը ունի յատակ։ Բայց անոր հեղինակները հեռու են այդ բարքերուն մայր գիծերէն։ Ու ի՛նչ որ պաշտպանել էր « Վարժապետին աղջիկը » ու հովանաւորեր այգը « Մարտիկ Աղա »յին, այսինքն այդ բարքերուն մէջ իր խոփը աշխատցնող գործաւորի հոգեբանութիւն մը, « Փրկանք »ին մէջ կը մնայ բաւական հեռու։ Բարքերու վրայ բարձրացող խաղ մը, իր հաւասարակշռութիւնը պարտաւոր է իրագործել լայն ջուրերու վերեւ։ Չեմ արտօնուած « Փրկանք »ը արժեւորել, նոյնիսկ այն տկար բարիքով, որ իրականութիւն է դանդաղակոյտ ու սուտ ու փուտ ալաֆրանկա յին համար։ Կարօտաբաղձ մայրեր, « Փրկանք »ին հեղինակները, բայց բաւական ալ միամիտ այդ զգացումին վստահելու աստիճան դրական գործի մը ճակատագիրը։ Ռոմանթիք պոէմա մը, սանկ յուշերով romancé վիպակ մը պիտի ըլլային յարմար գետին մը, նման զգացումներ օգտագործելու։ Թատերական կառոյց մը առանձին իրողութիւն մըն է ու կը մնայ ենթակայ շատ աւելի բարդ պահանջքներու, չըսելու համար օրէնքներու։ Անոնք, որ այս օրերէն յիսուն մը տարի ետքը պիտի հետաքրքրուին 1880–ի մեր բարքերով, « Փրկանք »էն ոչինչ պիտի գտնեն պահուելիք, շահարկելիք։ Բախտախաղը, որ յատակը կու տայ « Փրկանք »ին, վիճակ մըն էր բաւական տարածուն, բայց ո՛չ այն չափով, որչափով որ պէտք ունի անոր թատերական կառոյցը։ 1920–ին, Պոլսոյ բեմերուն վրայ, այդ յատակը (բախտախաղային հոգեբանութիւն) տարօրէն հին կը թուէր։ Հանդիսականները հազիւ հազ կը հետեւէին տիպարները իր վրայ քաշքշելու սահմանուած այդ գործողութեան, որ բարեբախտաբար լայնօրէն /351/ պաշտպանուած էր մարդոց անառարկելի կատաղութեամբ, անոնց խօսած լեզուին կենդանի իրականութեամբ, ուրիշ խօսքով՝ տիալոկի զգայարանքով մը։ Այս երկու վերագրումները ահա կարօտ չեն լայն բացատրականի մը։ Անոնք երկուքն ալ կ՚իյնան ընդունակութեանց ծիրին ներսը երկու հեղինակներուն։ Երկուքն ալ մարդերը ոտքի նետելու աստուածային շնորհէն անմասն չեն ծնած։ Վկայ՝ այս հաստատումին, իրենց վիպական արդիւնքը։ Ու այդպէս յօրինուած մարդերը խօսքի վրայ ողջ, շահեկան, երբեմն նոյնիսկ յուզիչ պատերու գաղտնիքն ալ դարձեալ պարզ է մեզի, քանի որ իրապաշտ հանգանակին հիմնական պահանջքը անոնք ո՛չ միայն յարգեցին, իրենց տիպարներուն բերանը դնելով իրենց լեզու ն, այլ, արուեստագէտի խղճմտութեամբ մը, անցան քիչ մը անդին նոյնիսկ լեզուական սահմաններէն։ « Վարժապետին աղջիկը » վէպին ամենէն համով tirade–ները ու Կիւրճեանի վիպակներուն ամենէն շլացուցիչ յաջողուածքները կու գան այդ գետինէն։ Ուրեմն տիպարներու արտայայտութեան հարցը կը վկայէ երկու հեղինակներուն արժանիքներէն։ Այս մասին կարճ կ՚ըլլամ։ Անդի՞ն։ Այսինքն թատերական գործի մը ոչ նուազ կարեւոր միւս առաքինութիւնը գործողութեան գնացքը, ուրիշ խօսքով՝ կառուցո՞ւմը։

Կամսարականի հետ ունեցեր եմ պզտիկ փորձառութիւն մը։ Փարիզ, իրեն ըրած մէկ այցելութեանս ընթացքին, ան ինծի առաջարկեց տրամա մը, 1890–ական հոգեբանութենէն։ Պատուական ծերունին վառ կը պահէր իր զգայնութիւնները այդ օրերէն, ուր յեղափոխական, ասոր զուգորդ ահաւոր վտանգներուն սարսափը, հայրենակցական միութիւնը, մարդկութիւնը, սէրը, զոհողութիւնը, մահուան nostalgie, հոգեբանութիւն մը, իրարու մէջէն դժուարութիւն չունեցաւ ինծի փոխանցելու։ Իմ զգայնութիւնը անհաղորդ չէր այդ ամէնուն։ Կամսարական վրան առաւ արարներուն բաժանումը, տեսարաններուն յարդարանքը, բայց խաղը monter ընելու վճռական պատասխանատուութիւնը մերժեց։ Կը խոստանար տեսարաններ գրել։ 1937–ին, իր խօսքերուն ետեւէն, ես կը վերակազմէի Գահիրէն, քառորդ դար առաջուան անշուշտ, ուր նոյն այս մարդը այն ատեն իր լիութեան մէջ վիճաբաներ էր Միքայէլ Կիւրճեան երիտասարդին հետ, « Փրկանք »ը monter ընելու համար։ Ըմբռնելի délicatesse մը մտքի, զիս պահեց զգոյշ, Կիւրճեանի հետ աշխատակցութեան հարցին մասին քիչ մը աւելի լայն տուեալներու պահանջէ մը։ Հիմա կը զղջամ։ Ի՞նչ է եղած Մ. Կիւրճեանի բաժինը « Փրկանք »ին մէջ։ 1938–ին Կամսարական Փարիզէն ինծի հետ ունեցաւ երկար թղթակ/352/ցութիւն, իր խաղին շուրջը։ Ղրկեց մէկէ աւելի տեսարաններ, որոնցմէ ոմանք աւարտուն էին իբր խորք ու կիրք։ Քառորդ դար առաջ « Փրկանք »ին կառուցումը ո՞վ էր գործադրողը։ Խաղին ամենէն հաստատ արժէքները լեզու եւ տիպարային հարազատութիւն հասարակաց են երկու գրողներուն համար։ Խաղին տժգոյն շահեկանութիւնը, գործողութեան տեսակէտէն, առաւելապէս տկար է « Մարտիկ Աղա »յի մէջ, քանի որ « Վարժապետին աղջիկը » կը կարդացուի մանաւանդ իր յուզական բարեխառնութեան սիրոյն։ Ինչ որ զիս կ՚ընէ վերապահ, անտիպի մը վրայ դատաստանին յաճախ անտեղիութիւնն է։ Մ. Կիւրճեանին կ՚իյնայ լուծել տագնապը, քաջութեամբ ստանձնելով հայրութիւնը « Փրկանք »ին, այնպէս ինչպէս էր անիկա, այդ հեռու օրերուն։

Միքայէլ Կիւրճեանէն ունինք « Չարշըլը Արթին Աղա »ն։ Հոս ալ լեզու եւ տիպարներ լիովին կը գոհացնեն ամենէն խստապահանջ դատողը։ Հոս ալ գործողութիւնը կը մնայ պարտական, պակասաւոր, քմահաճ։ Զաւեշտ մը անշուշտ չէ ենթակայ լուրջ խաղի մը օրէնքներուն։ Մոլիէռ իր տեսարաններով միայն եղած է մտահոգ, զանցելով արարուածներուն մեքենական բիրտ օրէնքները։ Ամէն պարագայի, « Մեծապատիւ մուրացկաններ »ուն հետ « Չաշըլը Արթին Աղա »ն (այլ անուամբ՝ « Ֆրանքօ-թրքական պատերազմ ») կը մնայ մեր բեմերուն վրայ ամենէն յաճախ ներկայացուած խաղը։ Որքա՞նը՝ այս յաջողութեան մենք կը մնանք պարտական Օտեանին։ Գիտենք միայն, որ ասոր « 67–րդ յօդուածը » միարար խաղը անբաւական սաթիր մըն է, թատերական ո՛չ մէկ կշիռով։ Բայց չմոռնալ, որ Կիւրճեանի ալ « Տուրքը » ուրիշ ձախողանք մըն է, միշտ թատերական։ Արդ, զաւեշտականին մէջ այսքան բախտաւոր խաղին պակսա՞ծը։ Անշուշտ, ա՛ն, որ պակսեցաւ հաւասարապէս Երուանդ Օտեանին, անոր բացարձակ գործին զլանալով անառարկելի բարերարութիւն մը, ժամանակ, շրջան մը, հոգեբանութիւններ ազատագրելու (մոռացումէն, մահէն) միակ իրական փառքը, որով գրագէտը կը զատուի օրուան կուռքերէն, ըլլալու համար ցեղին խոր ու խուլ արժանիքներուն անմահ մէկ վկայութիւնը։ Քանի մը տասնեակ հատորներու վրայ լայնօրէն փռուող վաստակին Երուանդ Օտեանի, դար մը ետքը ի՞նչն է ազատագրուածը: Տրտում հարցում ու կասկած։ Նոյնն է պարագան Միքայէլ Կիւրճեանի։ Անոր ալ ընդարձակ գործին պակսածը գրական խղճմտութիւնը ու ասոր հետեւանք խնամուած գործերուն բարիքը չէ ապահովաբար։ Բայց « Փրկանք »ը, « Չարշըլը »ն կը մնան ինքնաբաւ հոգեբանութեան մը հպատակ գործեր։ Չարշըլըն տիպար մը չէ, ինչ/353/պէս չեն այդ կերպարանքին համար բաւ հանգամանքներով Փանջունին, Մարտիկ Աղան: Ու տիպարներ են, կասկած չկայ, « Մեծապատիւ մուրացկաններ »ուն գրեթէ բոլոր անձնաւորութիւնները, Մանուկ Աղային կնիկէն մինչեւ ազգային սափրիչը, լուսանկարիչէն մինչեւ բանաստեղծը։ Այս անուանումները անոր համար, վասնզի Պարոնեան—Օտեան–Արփիարեան–Կիւրճեան տարազներուն ետեւ մենք դրած ենք ծանր շփոթութիւններ։ Սրամիտը, կծուն, հաճելին, նոյնիսկ գաղիացիներուն épataոt-ը մենք կրնանք իրագործել լրագրական տաղանդով, ընթացիկ տուրքերով։ Մեծ, հաստ, իրաւ, որով եւ դիմացկուն ծաղրը, ան՝ որ սարքեր կը խանձարուրէ, ժողովուրդ մը կը կերպադրէ եւ հանճարային աստիճանի մը մէջ կը շփոթուի անիկա այդ անուններէն միայն Պարոնեանին սեպհականութիւնը մնաց։ Կը խնդանք « Չարշըլը »ին մէջ։ « Մեծապատիւ մուրացկաններ »ը դարաշրջան մը կը թելադրէ։ Այս երկու հաւասարումներուն մէջտեղը կ՚իյնան ուրիշ գործեր, որոնք մեր կամքով, աշխատանքով մեր միտքին այս ու այն հետաքրքրութիւններով նուաճելի արարքներ եղան։ Թատրոն, վէպ, վիպակ, քրոնիկ, քերթուած, քննադատական սուր նշմարներ, հրապարակագրական ջերմ, կրքոտ ելոյթներ, այսինքն արեւմտահայ գրականութեան բոլոր կրթանքները։ Միքայէլ Կիւրճեան այս ամէնը փորձած է հաւասար կամ գրեթէ հաւասար յաջողութիւններով, ձախողելու համար հիմնականին մէջ, որ իր տաղանդին մէկ կամ մի քանի կողմերուն բարձրաքանդակ արձանագրումը պիտի կազմէր վճռական գործերու վրայ։ « Չարշըլը »ն Օտեանի, ինչպէս Կիւրճեանի անուններուն անարժան վաստակ մը չէ։ Ու այսքան։

 


 



[1]     Այս է պատճառը թերեւս, որ գեղարուեստ որակուած կրթանքները մենք հանդուրժենք մեր անմիջականէն դուրս պայմաններու վրայ ալ։ Մտնենք թատերական սրահ մը, մոռնալու համար կեանքը, անմիջականը երբեմն ու հաւատալու մեզմէ վեր, դուրս յոյզերու: Բանաստեղծութիւն մը, վէպ մը կրնան մեր բարքերը անտեսել, անշուշտ զանոնք չհերքելու պարկեշտութեամբ մը ու մեզի առաջարկել բոլորովին անտիպ ապրումներ։ Երգիծա՞նքը։ Նոյնիսկ այն պարագային, ուր անիկա բոլորովին կը թուի լքել իրողութեանց դաշտերը եւ ընկղմիլ քմայքին ջուրէն ներս, դարձեալ պարտքին տակն է այդ իրողութիւնները չարհամարհելու։ Սերվանթէս, Մոլիէռ, հիներուն Արիստոֆանը իրենց տաղանդները կը լծեն քմայքի աշխարհներուն յօրինման աշխատանքին, միշտ կը մեկնին իրենց շրջապատէն, զայն գոյաւորող բարքերէն: Այս հանգամանքը երգիծանքին ուժն ու տկարութիւնն է նոյն ատեն։ Ու մենք այսօր հազիւ թէ կը զբաղինք Քոռնէյլի, Շէյքսփիրի կատակերգութիւններով։ Երկու անուններն ալ մեծագոյններէն են ազգերու գրականութեանց ու ձգած են իրենց մայր գործին կողքին կատակերգութիւններ ալ։ Միքայէլ Կիւրճեան ի՞նչ ունի դուրս այն բարեխառնութենէն, որուն ապացոյցը տուած է այնքան տիրաբար «Մարտիկ Աղա» վէպին մէջ։

[2]     Թէեւ Մ. Կիւրճեան Պոլիս իր իմացականութիւնը յօրինող գրագէտ մըն է, բայց այդ իմացականութիւնը իր հաւասարակշռութիւնը պիտի պահէ 1900–էն անդին, այսինքն պիտի սնանի բոլոր այն կիրքերով, խռովքներով, յոյզերով, որոնք մեր ժողովուրդինն էին աշխարհի չորս մասերուն: Անոր Գահիրէն մեր յեղափոխական հակամարտութեանց (գլխաւորաբար Պոլսոյ ջարդերէն ետք), եղբայրասպան կիրքերուն, մեր գրական փառասիրութեանց ու սոփեստութեանց, մեր դասակարգային նանիր հպարտութիւններուն տարօրինակ մէկ հանդիսարանն է, մանաւանդ մինչեւ առաջին մեծ պատերազմը երկարաձգուող քսանամեակին։ Պոլիսէն հոն խուժող՝ մեր մտաւորական սնամտութիւնը, պարտուած յեղափոխութեան մը ներքին անդոհը: Պետական սպասի մէջ իր փառասիրութիւնները արդիւնաւորապէս արժեւորող պաշտօնէութիւն մը, ազատական ասպարէզներու ոսկեդարը, երկարատար ճնշումէ մը ինքզինքը ազատ գիտցող, տաճկէն չվախցող հոգեկան բարեխառնութիւն մը այս դարու սկիզբը Եգիպտոս ապաստանած հայութիւնը ըրին բացառիկ կերպարանք մը։ Այդ հայութիւնը մօտիկն էր Պոլիսի, անկէ իր կապը չկտրած։ Ու ըլլալով հանդերձ գաղթային հոգեխառնութիւն, էր նոյն ատեն շղթայէն ազատուած ուժերու մրցարան մը։ Մարդիկ, իրենց առհաւութեան խուլ մղումներուն անձնատուր, գտան նիւթական եւ իմացական հաւասարակշռութիւն մը։ Բարեգործականի հոն խանձարուրուիլը աժան պատահար մը չէ։ Փարիզի կամ Պոսթոնի մէջ, անիկա պիտի չըլլար այն ամրախարիսխ, ամբարտաւան, իր վրայ նորահաւատ կազմակերպութիւնը, զոր անոր առաջին դայեակները այնքան դժուարութեանց ընդմէջէն յաջողեցան համահայկական փառասիրութեան մը բարձրացնել։ Զայն յղացող միտքերը դուրս են իմ հետաքրքրութենէն: Բայց կը հաւատամ, որ տեղական հակազդեցութեանց կը մնային ենթակայ։ Ու ինչպէս որ քսան տարի առաջ մեր յեղափոխութիւնը իր իմացական sélection–ը ըրաւ, իր uպաuին կապելով մեր պոլսական մտաւորականներուն ամենէն երիտասարդ, ամէնէն հաւատաւոր տարրերը, Բարեգործականն ալ իր կարգին իր uպաuին կապեց, իր ներքին հոգեխառնութեան հետ հաշտ տարրեր: Վահան Մալէզեան, Վահան Թէքէեան, Լեւոն Մկրտիչեան, Անտոնեան, Միքայէլ Կիւրճեան, երբ կը ձեռնարկեն ռամկավար կուսակցութիւն մը հիմնաւորելու, կ՚ընեն ատիկա, անշուշտ գոյութիւն ունեցող ու գործող յեղափոխական խմբակցութիւնները հակակշռելու ձգտող հոգեբանութեամբ մը, բայց նոյն ատեն, առանց գիտնալու թերեւս, կը կերպարանեն ժողովրդական մէկ պատկերը փաշաներու, հարուստներու ծանր ճնշումին տակ քիչ մը շատ ազնուապետական երեւցող Բարեգործականին: Միքայէլ Կիւրճեան այս թեւին, այս մտաւորականութեան մէջ ո՛չ միայն ամուր հաւատք մըն է, այլեւ գործունէութիւն մը։ Գրագէ՞տը՝ այս մարդուն մէջ։ Կար ան, 1900–ին։ Կար 1920–ին։ Կար 1930–ին, ու կը մաղթեմ, որ կենայ 1950–ին։ Բայց փոքր դիտողութիւն մը։ Այս գրագէտին աշխարհը կու գար համեստներու, խոնարհներու դասակարգէն։ Ու « Մարտիկ Աղա »ն չունեցաւ իր շարունակութիւնը: Եգիպտոսի մեր կարգերը, հարուստ մեր մեղքերուն, տկարութիւններուն, արժանիքներուն ամբողջ մթերքովը, Միքայէլ Կիւրճեանին հայթայթելու տկլոր իր քրոնիկները, անշուշտ գրական ծանր մեղքերով։ Իր թերթին մէջ Շիրակ ») Մ. Կիւրճեան ընդարձակ հետաքրքրութիւններ պարզող ուժ մըն է։ Դարձեալ, գիրքերու շուրջ, դատելու արարքին շուրջ, ժամանակակից համաշխարհիկ հարցերու վրայ անոր քրոնիկները մինչեւ այսօր կը պահեն որոշ շահեկանութիւն, խածան շեշտ, կորովի հակազդեցութիւններ։ Պէ՞տք է գոհանալ այսքանով։ Ուզենք չուզենք։ Բայց «ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ»ը արձանագրութեանց տոմար մը չէ։ Ատոր համար է, որ հոս ընթացք կու տամ իմ ցաւիս։ Այս մարդէն մեր գրականութիւնը իրաւունք ունէր ընդարձակ ժառանգութիւններու։ Մեզի փշրանքներ միայն ձգող ազդա՞կը: Լրագրական փառասիրութիւնը: Ինչպէս որ տաղ չափելու փառասիրութիւն մը մեզի արժեց դժբախտ անուններ (Թերզեան, Սէթեան, Պէրպէրեան, Նար–Պէյ), նոյնպէս ալ օրուան հարցերու վրայ իր չար կսմիթէն փառասիրող միտք մը, ինքզինք զրկեց արդար պատեհութենէն համադրումի գործաւոր մը ըլլալու։ Պարթեւեան մը չէր ինք, այսինքն հացի հարկին տակ իր գրիչը ծախելու դատապարտուած թշուառական մը։ Ինչո՞ւ չզգաց, որ Բիւզանդ Քէչեանի մը փառասիրութիւնները կ՚արժէին օրը, ասոր թերթերը, ասոր կիրքերն ու վայելքները, մինչ շատ լաւ գիտէր, թէ գրագէտը օրէն անդին նայող տիպարն էր։ Ու ահա՛ դժուարութիւնը՝ ծնունդ անոր զարմանազան ստորագրութիւններով մեզի հասած գործը դասաւորելու: Յիսուն տարի ետք, այս տողերէն, գրականութեան ուրիշ համադրող պատմիչ մը պիտի զգայ նոյն գորովը, այդ վաստակին դէմ, ինչ որ ես ունիմ այսօր իր ըրածին շատ մօտիկ, բայց անկէ տարբեր ոգիով մը մեզի հասած վաստակին համար Արփիարեանի։ Ու մի՛ զարմանաք երբ ըսեմ, որ այդ տարբերութիւնը արդիւնքը չէ տաղանդի նուազման մը։ Մ. Կիւրճեանի երգիծական տաղանդը առնուազն հաւասար է Արփիարեանի երգիծական տաղանդին: Բայց մէկը իբր քաղքենի, մեր կեանքին վրայ վերէն նայեցաւ։ Միւսը, Արփիարեան, այդ կեանքէն դուրս, ուրիշ փառասիրութիւն չարժեւորեց։ Ու գործերը կը մնան ենթակայ միշտ ու միշտ հոգեղէն իսկութեան: