Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԳՈՐԾԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ

/365/ Երկու նիհար հատորիկներ, որոնք կը բովանդակեն մեծ մասը իր երգերուն։ Հանդէսներու մէջ կորսուած քանի մը քերթուածներ [1] ։ Արձակներ, պատահական ու շատ քիչ քննադատութիւն կամ անչափ բանաստեղծութիւն։ Ահա՛, թէ ինչ կը մնայ իրմէն։

Այս արդիւնքը այնքան բարձրօրէն օժտուած իմացականութեան մը համար հետեւանքն է շարք մը պատճառներու, որոնց գլխաւորները կը մնան ստեղծման իր երակին նկարագիրը, կեանքին արիւնոտ տրամը ու մանաւանդ ահաւոր ազդեցութիւնը իր շրջանին։

Մեծարենց խորհրդաւոր երեւոյթ մըն է մեր բանաստեղծութեան մէջ։ Այսինքն մէկը այն շատ հազուադէպ հոգիներէն, որոնք իրերն ու զգայնութիւնները ոսկի գիծերու պէս կը հիւրընկալեն իրենց հոգիէն ներս։ Պիտի սիրէի անոնց յօրինուածքը նմանցնել ազնուական բայց տարօրինակ խմորով ջահերու, ուր կարելի չէ երկու անգամ լոյս վառել, բո՜ց մը։ Ու մոմն ու աշտանակը կ՚այրին ու կ՚երթան։

Ան ունեցաւ իրերուն աշխարհէն խուսափուկ ու հազուագիւտ զգայութիւններ։ Ու պատմեց զանոնք, առանց գտնելու շատ անգամ հարազատ ու յուզումին արժանաւոր կաղապարը, որ դիմանար դարերու ճնշումին։ Ու սպառեցաւ անոր ազնուական իսկութիւնը քերթուածներու շատ թիւի մը վրայ, որոնք իրենց մեկնումի կէտին մէջ այնքան կը նմանին իրարու եւ կը մատնեն մայր տառապանքը՝ զգայութիւնը մտապատկերին հարազատութեամբը մարմին դարձնելու: Բնական է, որ շատ չըլլային արուեստին բիւրեղացման մօտեցողները։ Բայց բանաստեղծը բնազդաբար զգաց իր տպաւորութեանց թանկագին այս նկարագիրը ու բազմապատկեց տողերը ։ Բախտ մըն է նորէն, որ տողերէն դուրս մէկէ աւելի քերթուածներ գտած ըլլան հա/366/րազատ կաղապարը ու շքեղ, աւարտած նկարներու պէս իրենց փառքին պատուանդանը ունենան մեր ոտանաւորին պատմութեանը մէջ։ Իր տաղանդին գիծերէն էր ձեւով ու խորքով վերջնական քանի մը քերթուածներու վրայ սպառիլ ու իյնալ։

Ժամանակը, որ տրամադրուեցաւ իրեն այդ երկունքին համար, բանաստեղծը վատնած է մանաւանդ ինքզինք գտնելու։ Ան մօտաւորապէս հինգ տարի տառապեցաւ վանել կարենալու համար իր ջիղերուն վրայէն ու աչքերուն դաշտերէն՝ ամբողջ սնոտիքը եւ ազազուն նրբութիւնները, որոնք այդ օրերուն այնքան ու դիւրին հոսանքով մը կ՚երկարէին քիչ մը ամէն դի։ Ու տառապեցաւ ան կիներուն փափուկ ու փխրուն ոտանաւորէն։ Ու տառապեցաւ ան ներքինիներուն պոռոտ, կեղծ, փրփրուն ու ներկուած ոտանաւորէն։

Պէտք չէ մոռնալ, որ գիտակցութիւնը մէկէն չէ եկած իրեն։ Իր քերթուածները աստիճանական ելքով մը կը ցուցադրեն այս զտումին պատկերը ու քննադատը կրնայ հետեւիլ այն հսկայ աշխատանքին, որ բանաստեղծը կը սպառէ պաշտպանելու համար իր գիւտերը շրջապատին աղկաղկ ու սնապարծ պերճանքէն։ Ու սրտագին կը համակրի այս սրբազան վաստակին։

Ի՞նչ դժուար է եկած յաջողութիւնը։ Գրեթէ ամբողջ հատոր մը, « Ծիածան »ը, կը մեղանչէ արուեստին, այդ ողորմելի ազդեցութեան ներքեւ, որ ճնշած է մանաւանդ բանաստեղծին արտայայտութեանը վրայ, որ մոլորեցուցած է անոր բնազդներուն ազնուական կարողութիւնը ու ինքնատպութիւնը ու պարտադրած՝ անոր զգայութեանց ինքնաբուխ սլացքին՝ «ժանեակ»ներուն ու «դիւթանք»ին, չզգացուած «տարփանք»ին ու դիւրին «ցնորք»ներուն բառերո՜վ ընդելուզուած պատմուճանը։

Ու մեծ չէ թիւը այն քերթուածներուն (նկատի առնելով նոյնիսկ « Նոր տաղեր »ը), ուր Մեծարենց թօթափած ըլլայ ամբողջութեամբ աւելորդ ածականներու, գլխագիր ու օդէ բառերու սնոտի նրբութիւնները, որոնցմով այնքան առատ եղաւ մեր ոտանաւորը իր օրերուն։

Դժբախտ վկայ մը ատոր դարձեալ իր արձակը, որ հակառակ իր կամքին, չկարողացաւ ազատիլ օրուան ողորմելի ճաշակէն։ Սիրուն ու ցոլացիկ պարբերութիւններ, սիրուն ու ցոլացիկ պարբերութիւններու վրայ, որոնց տակ հազիւ կը համարձակինք այսօր ճանչնալ մէկը մեր մեծ բանաստեղծներէն։

Իր շրջանին այս բացասական ազդեցութենէն դուրս, ան տառապեցաւ իր զգայնութեան կրակէն, որ մնաց պզտիկ ու սահմանափակ, /367/ քանի որ բանաստեղծը ատեն չունեցաւ ապրելու։ Կեանքը հազիւ պատեհութիւն տուաւ անոր մարմին մը ճարելու, ճիշդ է որ հեռաւոր, գրեթէ տարակայ (exotique) յոյզերու մէջ հիւսելով անոր ջիղերուն մետաքսէ ցանցը։ Բայց անդադար քալեցուց զայն քաղաքէ քաղաք։ Անոր զլացաւ խոր, նկարուն ու երկարող շրջանակը այն տպաւորութիւններուն, որոնք տղոց հոգիներէն ներս, ոսկի գմբէթներու նման կը շարուին իրարու ետեւէ։ Տարիները կը թաղեն անոնց կատարներուն կամարները արտաքին աշխարհէն փոխադրուած ու ի պահ դրուած խորհուրդի սրբազան կաթողիկէներ։ Բայց տաղանդին լոյսը դիւրաւ կը փարատէ անոնց վրայ գոռացող մշուշները։ Ու կը փայլեցնէ անոնց ոսկի մաքրութիւնները, ձեւին կոր ու սահուն կախարդանքը ու հազուագիւտ հարստութիւնը անոնց տակ սքօղուած գանձերուն։

Անոր պատմութիւնը, թափառկոտ ու մռայլ, կանչուեցաւ առաւելապէս գոյներուն ու ձեւերուն աշխարհէն։ Ու անոր հոգիին խնայուեցաւ թաքուն, լռիկ ու տրոփումին մէջ նուաղուն տպաւորութեանց խռովքը, որ տղոց սիրտերը թունդ կը հանէ, երբ անոնք շփումի կու գան կեանքի առաջին ցնցումներուն հետ։ Ու դարձեալ անոր հոգիին խնայուեցաւ վազքը յոյզերու ետեւէն, որոնք մանկութեան դռներէն կը քալեն մեզի հետ, բայց կը խորանան, բայց երկրորդ աշխարհ մը կը ձեւեն մենէ ներս, երբ կը գոցենք առաջին պատուհանները կեանքին նորածագ խորհուրդին։

Երբ ան ընդունակ եղաւ զգալու երիտասարդ սարսուռը, որ կիներուն մատներէն, բերնէն ու աչքերէն կը հոսի, անտես բայց ապահով անձրեւի մը նման, ու պարմանները կ՚արձակէ իրենց ժանեկազարդ, մանկունակ պատեանէն, ան հաստատեց միւս, չարաշուք սարսուռը, որ անվրէպ ու եղերական կը բարձրանար օր օրի խեղդելու համար անոր կանաչ արեւը։

Ու դրուեցաւ ան մահուան դիմաց, բիւրեղէ գաւաթի մը պէս մաքուր։ Ու դրուեցաւ ան մահուան դիմաց, նոր բացուող շուշանին պէս մաքուր։ Ու ան տեսաւ ամէն օր, թէ ինչպէս կաթիլ–կաթիլ մահը սեւցուց իր կեանքին բաժակը ու սեւցուց նորէն «ձիւնը» անոր սրտի շուշանին։

Այս հանգամանքը մինակը պիտի բաւէր, որպէսզի բանաստեղծը նուիրուէր ամբողջութեամբ իր ներքնաշխարհի հրդեհին ու խորանար անոր աւերակներէն անդին ու ըսէր մեզի թել-թել նուազող աւիշին եղերական ծարաւը օրին ու լոյսին, արեւին ու վայելքին ետեւէն։ Ատիկա ըրած էր իրմէ առաջ բախտակից միւս պատանին։ Բայց Պետ/368/րոս Դուրեան թօթափած էր արդէն կեանքին պատրանքը ու կը հաւատար մահուան, ու միակ ու վերջնական գիրկին, որ գերեզմանն է եղած։

Ու բոլոր ինքնախաբներուն նման, Մեծարենց աչքէ հեռու պահած է իր ցաւը, կորովով մը վարագուրած անոր պատկերը, ինչպէս կ՚ընեն Մեծ Պահքի օրերուն խորաններու երեսին. ու սպասած Զատիկին։ Այս մոռացումը միւս կողմէն չէ արտօնած անոր՝ վերադարձ մը դէպի կեանքը։ Ու չէ կրցած ապրիլ։ Այսինքն՝ ինքզինք լքել երեւոյթներու անճառօրէն քաղցր ու փայփայող հոսանքին։ Կամ, յանձնուիլ յուզումներու գուցէ քայքայող բայց առինքնող, բայց կախարդ թրթռումներուն։ Խորունկ, կսկծագին մատով թանկագին զգայութեանց հովիտը փնտռել։ Ու խուզարկել բոլոր ալքերը վայելքին ու ցաւին, տարփանքին ու գինովութեան։ Ու ապրիլ։ Ապրիլ թեւագալար, պրկուած, մահը ընդունող ախորժով մը։ Ապրիլ ու միւս կողմէն չափել մահուան շուքը, որ կը մեծնայ երբ իր ուժերը կը նուազին։ Մէկ խօսքով՝ մահուան ապրիլը տեսնել։

Իր գործէն քիչ է այն մասը, որ լոյս տար մեզի այդ տրամին վրայ։

Միւս կողմէն, երիտասարդ տղու իր սիրտը ան պահպանած է դարձեալ իրականութեան արշաւանքէն։ Ու անկէ, սրտէն ներս կեցուցած է երազի մը արձանը։ Բայց երազ մը երազ է ի վերջոյ։

Եթէ նայած է իրերուն ու կարծած է ապրիլ, հոդ ալ ինքզինք խաբած է նորէն։

Ահա՛, թէ ինչո՛ւ իր երկը երկու հատորներուն մէջ ալ կը մնայ մէկ ու գրեթէ միօրինակ։

Բայց, այդ երկը քնարական տարրերուն ամենէն մաքուր ծիածանովը կրցաւ կամարել։ Բայց ծիածաններուն կեանքը գիտենք։ Անոնք կը մեռնին երբ անձրեւը կը դիմանայ ու լոյսը կը տեւէ։

Ու ան իր գոյները այդպէս կամարելէ ու իր խունկը այդպէս ծխելէ ետք, սպառած է նոր տեսիլքին ու նոր բռնկումին համար։

Ահա՛, թէ ինչո՛ւ իր գործին մէջ շատ չըլլան յաջողակ քերթուածները։ Բայց՝ վերջնական ու անխորտակելի գեղեցկութեամբ։ Բայց, բաւակա՛ն, որպէսզի անոնց հեղինակը մեր ամենէն մեծ բանաստեղծներէն մէկը դառնայ ու մէկը մեր փառքերէն։

 


 



[1]     Պր. Թորոս Ազատեան Մեծարենցի կեանքին նուիրած պզտիկ հատորի մը մէջ հաւաքած է ընտրանօք կարեւոր մասը այն քերթուածներէն, որ «Նոր տաղեր»էն ետքը լոյս տեսած են զանազան պարբերականներու մէջ։