Բ.
[ԱՐՈՒԵՍՏԸ]
/40/
Եւ
սակայն,
բան
մը
ստոյգ
է
ինծի
համար։
Ատիկա՝
արուեստին
մէջ
զգայութիւնն
է
միջակութեան:
Երբ
Սեւակի
արձակը
անբաւարար
կու
գայ
անոր
տաղանդը
կորուստէ
փրկելու,
անոր
քերթողութիւնը
պարտքին
տակն
է,
առանձին,
այդ
անունը
ազատագրելու։
1940–ի
հայ
երիտասարդին
համար
մեր
վաւերական
քերթողները
աւելի
են
քան
յատուկ
անուն
մը։
Ոգեկոչեցէ՛ք
Սիամանթօն։
Բառին
հետ
աշխարհ
մը
իսկոյն
կը
յառնէ
ձեր
մտքին
ներսը։
Իր
բոլոր
տկարութիւններովը,
Սիամանթօ
մեր
զգայնութեան
մէկ
պահը,
մէկ
պատկերը
իր
հետ
առած
կամ
կնքադրած
իջեր
է
գերեզման։
Ու
այդ
զգայնութիւնը
զուգորդ
է
բանաստեղծութեան
մասնաւոր
երանգի
մը,
կերպի
մը։
Սեւակ
անորոշ
բառ
մը
չէ
այդ
երիտասարդութեան
շատ–շատին
համար։
Ամենէն
մտացիները,
նոյնիսկ
տարփաւորները
(մեր
արժէքներուն)
հազիւ
պիտի
մտաբերեն
անկէ
«
Երնե՜կ
ջուր
»ը,
կամ
«
Տրտունջք
»ը
(Պ.
Դուրեան)
կարդացած
պահուն
թուլօրէն
պիտի
փնտռեն,
իրենց
յիշողութեան
ծալքերուն
ետեւ,
տարտամ
ակօս
մը
քերթուածի
մը,
որուն
մէջ
հոգեկան
նոյն
վիճակը
պարզուած
է
—
երթա՛լ…:
Եթէ
այս
իրողութիւնը
բան
մը
կ՚ապացուցանէ,
անիկա
անշուշտ
տաղանդի
մը
ճակատագիրը
չէ։
Կան
որ
շատ
պիտի
սիրուին,
առանց
կարդացուելու,
կան
որ
շատ
պիտի
կարդացուին,
առանց
սիրուելու։
Գրագէտի
մը
տեսակարար
արժէքը
արդար
է,
որ
դուրս
մնայ
այդ
հրապարակի
քմայքներէն։
Այն
ատե՞ն։
Հարկ
կ՚ըլլայ
փնտռել
Սեւակի
քերթողութեան
մէջ
իրագործումներ,
որոնք
մեզ
նուաճեն՝
նախ՝
իբրեւ
հրիտակը
կեանքի
մը,
յետոյ՝
իբրեւ
փառք,
ցեղային
ժառանգութեան
վրայ
յաւելում,
ու
աւելի
ետք՝
մարդկային
խոր
ապրումին
ցոլք
կամ
արձագանգ։
Այս
պահանջները
ո՛չ
արտակարգ
են,
ո՛չ
ալ
մասնաւոր։
Ասոնցմէ
մէկուն
իսկ
ներկայութիւնը
մեզ
պիտի
ընէր
զինաթափ
մեր
չկամութեան
մէջ։
Թերեւս
հեռուէ
հեռու
ձեզի
հասած
ըլլայ
անունը,
որ
1900–ի
հանդէսներուն
մէջ
Կ.
/41/
Ոսկեան
ստորագրութեան
տակ
քերթուածներ
տուաւ։
Դժբախտ
տղան
ատեն
չունեցաւ
իր
արտայայտութիւնը
ազատագրելու,
ու
իր
խառնուածքը
(քնարական՝
ինչպէս
էին
խառնուածքները
մեր
վաւերական
քերթողներուն)
անցաւ
անօգուտ,
չգտնելով
իր
պատկերը
կաղապարուած
գոնէ
քանի
մը
քերթուածներու
մէջ։
Սեւակ
աւելի
է,
քան
այդ
անիրաւ
տեղը
հետախուզող
ջնջուած
տղան։
Ու
փոխանակ
խօսելու
կը
կարդամ.
«
ՍԷՐԸ
Քընարիս
եօթն
աղիքներէն
(կանացի)
Եօթը
(որբուկ)
հառաչանքներ
հանեցի.
(Եւ
մի՛շտ
ժպտիլ
կը
կարծէի,
մի՛շտ
լացի
…։)
(Սէրն
հեթանոս
երջանկութի՛ւնն
է
խաչուա՜ծ,
)
(Սէրն
ա՛յն
կուռքն
է
որուն
առջեւ
ծնրադրած)
(Որբի
մը
պէս
պիտի
ողբար
ինքն
Աստուած.: :
)
(Սէրը
ճերմակ
անհունին
մէջ
կոյր
ա՛չն
է:
)
(Սէրը՝
սիրոյ
ովսաննան
չէ,
իր
խա՛չն
է :
)
(Իր
ցաւերուն
ընդդիմացող
ո՞ր
քաջն
է…:
)
(Սէրը
սէր
չէ,
մահը
մահ
չէ,
սէրն
է
մահ.
)
(Սէրն
անդունդին
մէջ
ընկլուզումն
է
անվա՜խ:
)
(Սէրն
աչքը
գոց
ցայգաշրջի՞կն
է
անահ
…:
)
(Երջանկութեան
սեղանին
վրայ
խըրախճան՝)
(Բեհեզ,
կարմիր
ծածկոյթին
տակ
պատմուճան՝)
(Սէրը
կըմա՛խք
կոչնականն
է
դաւաճան
…:
)
(Սիրե՜լ,
սիրուիլ
—
ոսկեղինիկ
սուտ
աղւոր :
)
(Սիրե՜լ
առանց
սիրուելու.
—
սուգ
ահաւոր.
)
(Սակայն
աւա՜ղ
անսէր
կեանքին
—
կեա՞նք
է
որ…:
)
(Կը
տեսնե՞ս
սա
վիհին
վըրայ
Սէր–ակը.
)
(Հազարնե՛ր
կուլ
է
տուեր
այդ
սե՛ւ
ակը:
)
(Իր
ջուրէն
օր
մը
խենթեցաւ
ՍԵՒԱԿԸ»։)
/42/
Այս
քերթուածը
լոյս
է
տեսած
1913–ին,
Մ.
Պարսամեանի
«
Շանթ
»
կիսամսեային
մէջ։
Շեղագրումն
ու
փակագիծերը
իմն
են։
Քսան
եւ
մէկ
տող
քերթուածք
մը,
երբ
մէկ
ու
կէս
տող
միայն
մեզ
չեն
վիրաւորեր
(միւսները
աւելի
քան
ծիծաղելի,
ունայն,
բառախաղային
բարբաջանքներ
են),
անշուշտ
անիմաստ
պիտի
ըլլար
մտածել
վաւերական
բանաստեղծի
մը
վրայ։
Իր
մահէն
երեք
տարիով
միայն
հեռու,
իր
երիտասարդութեան
բոլոր
կրակին
մէջ,
իր
խորքերէն
հանուած
(քերթուած
մը
ուրիշ
տեղի
չի
գար)
սա
բառակոյտը
դժուար
է
արժեւորել
նոյնիսկ
ի
թերութեան,
ինչպէս
կ՚ըսեն։
Կրնայ
պատահիլ,
որ
հնգետասանամեայ
տղու
մը
խազխզուքն
է
ան,
եւ
իբր
այդ
արժանի
եօթը
հնոցներու
եօթնապատիկ
բոցերուն։
Սեւակը
երբ
անոր
տակ
իր
հասուն
մարդու
անունը
չէ
խղճահարած
պառկեցնելու,
անարժան
կու
գայ
նոյնիսկ
գաղջ
հետաքրքրութեան
մը,
բայց
ահա՛
նոյն
հանդէսին
նոյն
թիւին
մէջ
կայ
նաեւ
սա
քերթուածը,
«ԵՐԹԱԼ
…
Երթա՜լ,
երթա՞լ,
երթա՛լ,
անձայն,
անհանդէս,
Երթա՜լ,
առուի՛ն
պէս՝
մարգերու
տակ
անտես,
Կապոյտին
մէջ՝
հեզ,
հողմնավար
ամպին
պէս…
Երթա՜լ՝
առանց
գիտնալու
թէ
դէպի
ո՞ւր.
Երթա՜լ՝
հեռու
ոստաններէն
այս
տըխուր։
Երթա՜լ՝
խաւար
գիշերին
մէջ
թաքթաքուր…
Երթա՜լ,
երթա՜լ,
երթա՜լ
առանց
ճըրագի
-
Երթա՜լ՝
առանց
սուգի,
լացի,
փափաքի։
Երթա՜լ՝
առանց
սովի,
առանց
պապակի…
Երթա՜լ՝
մարդոց
կոյտին
մէջէն
լըռելեայն
-
Օտար
մընալ
իրենց
ցաւին,
Գերութեան:
Երթա՜լ՝
տըգէ՛տ,
խո՛ւլ,
յա՛մըր,
կոյր
յաւիտեան
…
Աննիւթանա՜լ,
անրջանա՜լ,
վըսեմ,
վէ՜ս.
Երթա՜լ
անցա՜յգ,
անա՜յգ,
երթա՛լ
վերջապէս
Աչքերը
գոց՝
ցայգաշրջիկ
խեղճին
պէս…
/43/
Չըգիտնա՛լ
որ
հոս
Իտէա՛լըդ
չըկայ ::
Ուխտագընա՜ց
երթալ
ափերն
հեռակայ,
Դէպի
ուղին
երջանկութեան
մշտակայ…
Երթա՜լ,
երթա՜լ
չըճանչնալ
մա՛րդ
ու
Աստուա՛ծ,
Զո՜յգ
երթալ
ձե՛ռքըդ
քո՛յր
ձեռքի
մը
դըրած
Անըրջանքի՜ն
ու
Սիրոյն
պէս
—
Աքսորուա՜ծ…»։
որուն
տեղը
մեր
քնարերգութեան
ամենէն
յաջող
ու
բարձրորակ
բանաստեղծութեանց
մէջ
է
ապահովաբար։
Զեղչեցէ՛ք
քանի
մը
աժան
ընդհանրացումներ
(
գերութեան
արհամարհանք,
իտէալի
տագնապ,
երջանկութեան
ուղի
եւայլն),
մնացածը
անխառն
բանաստեղծութիւն
է,
ձայնի,
զգայութեան,
խորհուրդի
եւ
մտածման
անսովոր
մերկութեամբ,
ցամաքութեամբ։
Ու
ինքնաբերաբար
հա՛րցը
—
Ո՞ւր
է
գաղտնիքը
այս
կործանումին
ու
յուզող
երկու
ծայրագոյն
վիճակներու
հանդէպ
(
սէր
եւ
մահ
)
ճակատում
էին,
ներքին
փորձառութեան
սա
փաստերը
ի՞նչպէս
արժեւորել։
Կը
հրաժարիմ
առեղծուածը
լուծելու
ամէն
ձեռնարկէ։
Սեւակի
քերթուածները
երբ
մտնեն
հատորի,
պիտի
տան
մեզի
սա
անկարելի
երկուութեան
տրտմութիւնը,
գրեթէ
ամէն
էջի։
Կ՚անգիտանամ
անոր
գրչէն
փախած
բոլոր
փախուկութիւնները,
որոնք
վաւերական
խենթերու
մենաշնորհը
չեն
միայն,
այլեւ
վաւերական
իմաստուններու
սնափառութիւնը,
ծանրանալու
համար
այն
իրաւ,
խոր,
շնորհալի
քանի
մը
քերթուածներուն,
որոնց
պակասը
զրկանք
մը
կրնար
կազմել
արեւմտահայ
քնարերգութեան։
Այս
աշխատանքէն
առաջ,
Սեւակի
գործին
(քերթողական)
եօթը
ութերորդը
ես
կը
նետեմ
այն
արդար
փոսը
մոռացութեան,
ուր
իջած
են
այնքան
ուրիշ
շքեղ
անուններով
պաշտպանուած
կորանքներ։
Միսաք
Մեծարենց։
Սիամանթօ։
Որբերեան։
Սիպիլ։
Չօպանեան։
Թերզեան:
Սէթեան։
Պէրպէրեան։
Ալիշան։
Ինը
տասներորդը
Պէշիկթաշլեանի
տաղերուն։
Այս
անուններէն
ինչ
որ
կը
հանգչի
փոսին
խորը,
պէտք
է
ընդմիշտ
հանդարտ
ձգել,
անոնց
իսկ
բարիքին
համար։
Այդ
անուններէն
ինչ
որ
այսօր
կը
խօսի
մեզի,
թէեւ
քիչ,
բայց
դա
է
զանոնք
մոռացումէ
փրկելու։
Սեւակը
բացառութիւն
կազմելու
չէր։
Իր
ժամանակին,
ասոր
ունայնամտութեան,
դժբախտութեան
կը
բեռցնեմ
Սեւակի
գործին
ձախողանքը
ու
կը
կանչեմ
ձեր
ուշադրութիւնը
այն
քանի
մը
արժանիքներուն,
որոնք
վաւերական
բանաստեղծ
մը
կը
պայմանաւորեն։
/44/
ա.
—
Նորութիւն,
որ
1900–ի
մարդոց
ամէն
գնով
ինքնատիպութիւնը
պէտք
չէ
թելադրէ։
Անիկա
գոյնն
է
մեզի
սեպհական,
մեր
մոյնքին
հաւասար,
մեր
զգալու,
մտածելու
ու
այս
գործողութիւնները
արտայայտելու
կերպին
մէջ։
Կ՚աւելցնեմ
անմիջապէս,
որ
վաւերական
տաղանդը
բնորոշող
առաջին
առաքինութիւնն
է
ան։
Ան
իր
բոլոր
կարեւորութեամբը
կը
դառնայ
ակնբախ,
երբ
տրուած
քերթող
մը
կը
դնեն
իր
անմիջական
շրջապատին
մէջ։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
անշուշտ
որ
բան
մը
կը
բերէ
1860–ի
մարդոց
հասկցած
ու
գործադրած
արուեստին
մէջ։
Թէեւ
քիչ,
այդ
նորն
է,
որ
ահա
այսօր
կը
պաշտպանէ
անոր
անունը։
Նոյնն
է
պարագան
Դուրեանի,
որ
անըմբռնելի
ըլլալու
աստիճան
նոր
է,
իր
ժամանակին
համար։
Այս
անուններուն
փոխարէն,
առէք
Նար–Պէյի
մը,
Թերզեանի
մը,
Աճէմեանի
մը
ուր
գործը
որ
կ՚ուզէք։
Զանոնք
այսօր
անընթեռնելի
ընողը
ո՛չ
անոնց
ռոմանթիզմն
է,
ո՛չ
լեզուական
խաղարկութիւնները,
ո՛չ
ալ
գրքունակութիւնը,
այլ
այն
հասարակաց
կատարելութիւնը,
տաղաչափական
ուղղափառութիւնը,
տիրող
ճաշակին
վրայ
ինքզինք
ձեւած
ու
գոհ
մարդու
տափակութիւնը,
որոնք
բոլորը
մէկ
կը
վերածուին
ընդհանուր
յայտարարի
ու
կ՚ըլլան
նկարագիր,
նախ
շրջանէն,
յետոյ
իրենցմէ։
Սեւակի
առաջին
երիտասարդութիւնը
գիտենք,
թէ
գրական
ինչ
պաշտամունքներու
մէջ
կազմուեցաւ։
1900–ի
բոլոր
պոռնկագրութիւնը,
մարմներգութիւնը,
նկարագրելու
ախտը,
ժպրհութիւնը
դառն
իրենց
հոտը
ունին
անոր
քերթուածներուն
ներսը,
տուն–տեղ
եղած,
ընտանեցած
ու
երջանիկ։
Եւրոպան,
անոր
առաջացեալ
տարրերուն
մօտ
հաւանական
յաճախանք
մը,
թէեւ
ուշ,
բայց
վերջապէս
բերին
կարելի
ազատագրումը։
1908–էն
ետք
մեր
քերթողութեան
նորոգումը
գործն
է
այդ
սերունդի
այն
թեւին,
որ
կու
գար
այդ
Երոպայէն
(Վ.
Թէքէեան,
Վարուժան,
Սիամանթօ)։
Չեմ
կրկներ,
ինչ
որ
ըսեր
եմ
1900–ի
քերթողութեան
մասին,
այնքան
անգամներ։
Առէ՛ք,
այդ
օրերու
պսակաւոր
քերթող
Արտաշէս
Յարութիւնեանի
ամենէն
յաջող
քերթուածը
ու
փորձեցէք
կարդալ։
Ձեր
տառապանքը
գինն
է
այն
մտայնութեան,
ոգիին,
որ
Սիպիլեան
վարկէն
կու
գայ
ու
եղած
է
բռնութիւն։
Սեւակի
նորութիւնը
բազմերես
է։
Չեմ
ծանրանար
արտայայտութեան
ինքնութիւններուն,
յանդգնութիւններուն,
զանցումներուն,
որոնք
հանդիպելի,
հաստատելի
երեւոյթներ
են
քիչ
մը
ամէն
քերթողի
մօտ,
այդ
օրերէն։
Կը
կենամ
ուշադիր
խորքի
նորոգման
ճիգին,
որ
թերեւս
եւրոպական
հոգեբանութեան
մը
անդրադարձն
է
անոր
մատաղ
զգայնութեան
վրայ։
«
Հեթանոս
երգեր
»
հատորին
մէջ
այդ
նորոգեալ
նիւթը
տուած
է
շքեղ
բիւրեղացում։
Սե/45/ւակ,
աւելի
անկախ
միտք
բայց
նուազ
կիրթ,
ընկերային
հարցերը
երբ
նիւթ
կ՚ընէ
իր
ստեղծագործութեան,
միայն
նորութիւն
մը
չի
հետապնդեր,
այլ
յագուրդ
կը
փնտռէ
իր
հոգին
կրծող
ծանր
ախորժակներու։
Պատահաբար
չէ,
որ
այդ
օրերու
մեր
իրաւ
բանաստեղծները
նոյն
ատեն
պայքարի
մարդեր
են։
Ու
պայքարը
սոսկ
ազգային
ազատագրութեան
երազներով
չի
սնանիր
անոնց
մէջ,
այլ
համամարդկային
ազատագրութեան
բարձր
իտէալները
ունի
իրեն
զօրավիգ։
Ես
չեմ,
որ
բանաստեղծութիւնը
պիտի
սահմանափակէի
եսի
մը
փոքր,
ներքին
տագնապանքին
կամ
արտաքին
աշխարհի
մը
քնքուշ
բայց
չէզոք
թելադրանքներուն
նուաճումին։
Արուեստին
յաւիտենական
կալուածը
մարդն
է։
Մեր
օրերուն
մարդը
կը
բիւրապատկուի,
երբ
զայն
տեսնէք
իրեն
պարտադրուած
համայնական
զրկանքներուն
մուրճերուն
ներքեւ։
Մեծ
քաղաք
մը,
ամէն
տարի,
իր
ներքին
մոլութեանց
սնունդին
համար
հազարով,
հարիւր
հազարով
մարդկութիւն
կը
զոհէ։
Տարին
80
000
աղջիկ
կը
զոհուին
միայն
Փարիզ
քաղաքին
հեշտանքներուն
մէջը։
Տարածեցէ՛ք
տառապանքին
ծալքերը.
անգործութիւն,
անօթութիւն,
հիւանդութիւնները
իրենց
բազմազան
տրամաներովը,
հոգեկան
գիրութիւնը,
դրամին
լրբութիւնը
ու
ահաւոր
անարդարութիւնը,
որ
երջանիկ
է
ինք
իր
մէջ։
Ու
պիտի
չզարմանաք,
որ
գրուին
քերթուածներ
մեր
մէջ,
որոնք
«
Գողգոթայի
ծաղիկներ
»
(«ՀԵԹԱՆՈՍ
ԵՐԳԵՐ»էն)
պիտակին
ներքեւ
յուզեն
ծանր,
բարդ
հարցեր։
Սեւակ
գրած
է,
այս
մարզին
վրայ,
«
Արգասաւորումը
»,
«
Արեւելքը
»,
«
Պոռնիկը
Պոլսոյ
որովայնին
մէջ
»,
«
Շան
հոգի
»,
«
Այս
դանակը
»,
«
Մարդերգութիւն
»
(«ԿԱՐՄԻՐ
ԳԻՐՔԸ»),
բոլորն
ալ
արդի
կարգերուն
ընդդէմ
լայն
ու
խիզախ
յարձակողականի
մը
գնացքով,
կատաղութեամբ։
Ինչ
փոյթ,
որ
քերթողը
չէ
հասած
ձեւի
կատարելութեան
(այդ
քերթուածները
իրենց
անխնամութեան
իսկ
թերեւս
կը
պարտին
իրենց
նորութիւնը,
ինքնեկութիւնը),
ինչպէս
է
ասոր
իրականութիւնը
Վարուժանի
գործին
մէջ։
Սեւակի
արժանիքն
է
այդ
նիւթերուն
հումութիւնը
պահել
կրնալը։
Ենթարկեցէ՛ք
զանոնք
կանոնաւոր
մշակման,
դուք
պիտի
ունենայիք
Աճէմեանի,
Լեւոն
Սեղբոսեանի
տենդենցիոզ
էջերը:
«Վաղ
առաւօտէն
մինչ
ուշ
երեկոյ
Անդուլ
բահ
բրիչ
անէ
խեղճ
Մկօ»։
1890–ի
մարդոց
համար
այնքան
հաճելի,
իրական,
իրապաշտ,
բայց
որոնց
տարողութիւնը
այնքան
նիհար
է
արուեստին
արժանա/46/նալու։
Անշուշտ,
Սեւակի
մօտ
աշխատանքի
երգիչը,
բողոքողը,
խարանողը
չեն
գտած
վերջնական
կաղապար,
կերպարանք։
Դժուար
է
անոր
համար
այդ
կարգի
ոտանաւորներէն
բարքերու
մեծ
տախտակներ,
շրջան
համադրող
համապատկերներ
առանձնացնել։
Բայց
ինչ
որ
տուած
է,
6-7
տարիներու
ներուժ
(intense)
ստեղծագործման
շրջանին,
թաթխուած
է
սա
զգայնութեան
մէջ։
Նիւթին
նորութեան
հետ,
Սեւակ
գտած
է
սէնֆոնիք
ալ
նորութիւններ։
Նուրբ
ու
զօրաւոր
չեն
կշռոյթի
իր
զգայարանքները։
Բայց
ինքն
է,
որ
առաջին
անգամ
մտածած
է
մեր
մէջ
սէմպոլիսթ
տարտամը,
կտրուկը,
արձագանգունը
օգտագործել
ի
հաշիւ
նոր
դաշնաւորմանց։
Իր
բոլոր
բռնազբօսութեանը
հակառակ,
«
Վերջին
կոչը
»
տպաւորիչ
քերթուած
մըն
է,
ձայնական
յորդորանքին
մեծ
չափով
պարտական։
Նմանապէս
«Ինչո՞ւ»
քերթուածը
կը
տարբերի
մեր
ոտանաւորին
ընթացիկ
ծանրութենէն,
պատկառուն
սեթեւեթէն
պարզութեամբ
մը,
չորութեամբ
մը,
որ
կը
տպաւորեն
դարձեալ։
Բարի
եղեք
կարդալու,
ՀԻՆ
ԵՂԱՆԱԿ
Այս
գիշեր
երգ
մը
հոգեցունց
Հովին
մէջէն՝
հեռուէ
հեռու՝
Ձիւնոտ
տրտում
ճամբաներու
Խոր
անըրջանքը
արթնցուց։
Ես
մենաւոր
ու
տրտմունակ,
Քեզ
կ՚ունկնդրեմ
պատուհանէս
Որ
աղօթքի
մ՚ոլորքին
պէս
Կ՚արձագանգես,
հի՜ն
եղանակ։
Արուեստ
չունիս,
իմաստ
չունիս,
Կը
կըրկնըւիս
դուն
անդադրում,
Ու
ձիւնին
հետ
դանդա՜ղ,
տրտո՜ւմ,
Դուն
տարուբեր
կը
տատանիս:
Շնչհատ
մարմինդ
կը
դողդոջէ:
Վանկերուդ
մէջ
տժգոյն,
վըտիտ,
Ու
յանկերգիդ
մէջ
միամիտ՝
Ապրելուն
խուլ
մահերգը
չէ՞…,
Կը
կրկնէ
հովն
աննըպատակ
Աղաղակներդ
ծառին,
սարին.
Ի՞նչ
կը
պատմես
դուն
գիշերին
Որ
կու
լայ
մա՛յթը
հեւքիդ
տակ։
Այս
իրիկուն,
ձի՜ւն
իրիկուն,
Հին
եղանակ
մը
հոգեցունց,
Ծոյլ
երազա՛նքը
արթնցուց
Մո՜ւթ,
ամայի
ճամբաներուն։
Երգը
մեռա՜ւ
հեռուն
անհետ,
Բայց
ա՛յդ
չափով,
այդ
յանկերգով
Պատուհանիս
գիշերին
քով
Կու
լայ
հոգիս
դեռ
երգին
հետ…»։
առանց
աճապարանքի,
ատեն
տալով
որ
տողերը
տեղաւորուին
ձեր
ներսը
այնպէս
մը,
որ
ձեր
մտքին
մէջ
շինուին
քանի
մը
ծանր,
տիրական
վիճակներ,
ձիւնով
իրիկուան
խուլ
խորհուրդին
ընդմէջէն,
հինաւուրց
մեղեդիի
մը
տրտում
թեւերուն
վրայ
սրսռուն
վիճակներ,
ու
դուք
զգաք
շատ
շատ
բան,
բայց
չըլաք
կարող
անոնց
հագցնելու
ձեր
ձեւը,
իմաստը,
ինչպէս
է
արդէն
այնքան
յաճախ
իրականութիւնը
սա
մեր
աշխարհին
վրայ,
մեզմէ
դուրս
կեանքին
անթափանց
գաղտնիքին
դէմ
զմեզ
հանելու
մեր
յիմարութեան
երբ
չենք
անձնատուր։
Քերթուածին
տարտամը
նոյնութեամբ
կրկնած
է
հոս
կեանքին
ալ
տարտամը։
Խորքի
ու
ձեւի
սա
ներդաշնակ
նորութիւնը
մեր
քնարերգութեան
մէջ
դուք
կը
հանդիպիք
ամէն
վաւերական
բանաստեղծի
մօտ։
Նման
էջեր
են
«
Առ
զեփիւռն
Ալեմտաղիի
»ն,
ուր
հին
եղանակը
կու
գայ
հովին
անտուն
շրթներէն,
«
Լճակ
»ը,
ուր
ջուրի
հայելի
մը
մեծ
դաշնակն
է
նոյն
ու
մէկ
եղանակին,
«
Անանունը
»
(Մեծարենց),
ուր
հովն
ու
աղջիկը,
մահն
ու
սարսուռը
իրարու
վերածող
անորակելի
եղանակն
է,
մեր
ամէնուն
մէջ
օր
մը
բացուելու
ճակատագրուած,
որ
պիտի
կանչէ
մեզի
ամայի
կամ
ամբոխեալ
ճամբաներու
վրայ,
երբեմն
յանկարծակի,
մեզ
կեցնելու
համար
մեր
մարդութեան
մէջ,
ու
րոպէ
մը
ետք
մեզի
առնելու
իր
ալիքներուն
վրայ
ու
տանելու
անվերադարձ։
Սեւակի
քերթուածին
մէջ
բառերը,
չափը,
նախադասութեանց
coupe–ը
ոչինչ
ունին
անսովոր,
բայց
քերթուածը
ինքը
նոր
դէմք
մըն
է,
մարդ
մը,
հոգի
մը,
որ
այդպէս
ինքզինք
կերպադրած
է։
Այս
նորութիւնը,
հին
ու
սովորական
բա/48/ներուն
ընդմէջէն,
գրագէտ
մը
բնորոշող
մայր
արժանիք
մըն
է։
Ատեն
չունիմ
զբաղուելու
տարազին
զուգորդ
ուրիշ
ալ
թելադրանքներով։
Շատ
էին
Սեւակի
մեղքերը։
Չեմ
թարմացներ
զանոնք
կրկին։
Բայց
մի՛
մոռնաք
(պէտք
է
յաճախ
կրկնել
հեքիաթը)
Եհովայի
բարութիւնը՝
բիւրերու
յանցանքը
հի՛նգ
արդարով
քաւել
յօժարելուն։
բ.
—
Ջերմութիւն,
որ
համազօր
է
խառնուածքի։
Միտքով,
վարժութեամբ,
կրթանքով,
ունայնամտութեամբ
բանաստեղծ
շատ
ունի
մեր
նոր
գրականութիւնը։
Հարցուցէ՛ք
Թերզեանի
ուրուականին,
թէ
ինչո՞ւ
գրած
է
իր
քերթուածները։
Հաւանաբար
թեթեւ
յանդիմանութեան
մը
հետ,
երանելի
բանաստեղծին
հոգին
ձեզի
պիտի
խօսի
այն
հիացական
քաջալերանքէն,
որով
ողջունուեցան
իր
շարադրական
մարզանքները,
մուսաներու
բարբառով,
դպրոցին
իսկ
գրասեղաններէն։
Ինք
ուրիշ
բան
չուզեց
ընել,
եթէ
ոչ
այդ
գովեստներուն
իր
արժանաւորութիւնը
ապացուցանել
կեանքին
մէջ
ալ,
երբ
Պոլիս
դարձած
(Իտալիայէն)
իր
երիտասարդի
զգայնութիւնը
փորձեց
արձակել
տպաւորութեանց
ու
օրերու
ծովուն
մէջ…
Կրնաք
գոհ
ըլլալ
այսքանով
ալ
ու
ետ
ղրկել
սիրելի
ուրուականը
դէպի
դալար
հանգստոցները
Եղիւսեան
դաշտերուն,
ու
մտածել,
թէ
որքա՛ն
սխալներ
կը
միջամտեն
երբեմն
մեր
կործանումին,
մեզի
չափ
օտարներէ,
մեր
վրայ
թափուած,
մեր
գաղջ
փառասիրութեան
գոհացում
ճարելու
մեր
միամտութիւնը
մշուշելով,
ոսկեզօծ
քանի
մը
պատրանքներու
հովանիին
տակ։
Հարցուցէ՛ք
Պէշիկթաշլեանի
«
մահուամբ
գեղեցկացած,
տարփալի
»
ուրուականին,
թէ
ինչո՞ւ
գրեց
իր
տղայական
(այսօր)
երգերը,
երբ
գիտէր
գրել
իր
հրաշալի
եղերերգները։
Պատասխանը
տարբեր
պիտի
չըլլար։
Ու
ասիկա
այսպէս,
աւելի
պզտիկ
չափով
ճիշդ
պիտի
ըլլար
Պ.
Դուրեանի,
աւելի
ստուար
չափով
Միսաք
Մեծարենցի
համար։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
Սեւակի
խառնուածքը
ես
չեմ
վախնար
մoտիկը
դնելու
մեր
վաւերական
քերթողներուն,
վասնզի
1910–ին,
այնքան
իրաւ
ու
մեծ
խառնուածքներուն
մէջէն
(Վարուժան,
Սիամանթօ,
Թէքէեան,
Եղիշէ
Դուրեան)
ու
ճնշումին
տակը
նոր
աչքերը
գոցող
եղերաբախտ
ու
մեծ
խառնուածքին
Մեծարենցի,
Սեւակ
պիտի
գրէ
մէկ–երկու
իսկապէս
արդար,
յուզիչ
վկայութիւններ,
որոնք
կ՚ապրին
Հայոց
լեզուին
կեանքովը։
Առանց
խառնուածքի
ըսի,
թէ
շատ
ունինք
քերթողներ։
Կ՚աւելցնեմ,
որ
միս—մինակը
խառնուածքը
կրնայ
դիմակալել
աշխարհ
մը
չարիք,
զոր
չենք
վարանիր
երբեմն
գործել
մենք
մեզի,
մեր
տաղանդին
ու
մեր
կարելիութեանց
դէմ։
Այսպէս
հասկցուած,
խառնուածքը
կը
վերածուի
քերթողի
մը
էատարրին,
«հոգիին
հոգիին»,
ինչպէս
կ՚ըսեն
գաղիացիք։
Ժամանա/49/կը
պիտի
տարածէ
իր
անգայտ
մոխիրը
Սեւակի
քերթողութեան
շատ
մեծ
մասին
վրայ,
ինչպէս
ըրած
է
այդ
անփոխարինելի
տարիքը
Ալիշանի,
Պէշիկթաշլեանի,
Սիպիլի,
Չօպանեանի
քերթողական
վաստակին
մեծագոյն
մասերուն
վրայ,
բայց
նոյն
այդ
ժամանակը
պիտի
մնայ
անզօր
ծածկելու
իր
ներքեւ
այն
փոքրիկ,
ջերմ
անկիւնները,
որոնց
տակ
կրակ
կար,
երբ
կ՚ապրէին
այդ
մարդերը,
եւ
որոնք
չեն
ծածկուիր
դարերու
ձիւնովը,
ինչպէս
կը
տրուի
մեզի
հանդիպիլ
ձիւները
հալող
տաք
աղբիւրներու
պատկերներուն,
շրջապատին
միատարած
ծածքին
մէջէն
յաւէտ
առանձին,
շոգեմշուշ
ու
կենդանի։
Պատմեցի,
թէ
տաք
էր
իր
անձնաւորութիւնը,
քիչիկ
մը
աւելի,
որքան
սպասելի
էր
այդ
սերունդին
պատրանայեղց
ներկայացուցիչներէն։
Վարուժան
մելամաղձոտ
էր
ու
հայեցողապաշտ։
Իր
մօտ,
յուզումը
խորունկ
աչքերու
մէջ
խնամքով
պահպանուած
գանձարանի
մը
պէտք
կար
հանելու։
Թէքէեան
մինչեւ
իր
պաղիլը
(տարիքէն)
պիտի
մնար
հանդարտ,
եթէ
ոչ
անհաղորդ։
Սեւակ
համակ
խանդ
էր
ու
զեղում։
Այս
հաստատումը
թերեւս,
առաջին
ակնարկով,
կը
բացատրէ
անոր
քերթողական
վաստակին
անհաւասարութիւնը,
խնամքի
հանդէպ
երբեմն
անփոյթ,
երբեմն
ալ
ունայնամիտ
իր
պահերը
ու
ասոնց
արդիւնք
իր
ոտանաւորներուն
մէջ
գրեթէ
միշտ
իրական
վրիպանքները։
Բայց
ուրիշ
աղբիւր
ալ
չունիմ
խառնուածքին
սա
յստակ
խանդէն
դուրս,
բացատրելու
համար
իր
«
Կարմիր
գիրք
»ը
լեցնող
երիտասարդ
կրակը,
չարին
դէմ
դասական
բողոքէն
դուրս
հզօր,
զարհուրագին
ալ
կեցուածքը,
որ
հռետորութեան
հետ
երանգի
նոյնութեանը
հակառակ,
բոլորովին
տարբեր,
առանձին
բան
մը
կ՚ըլլայ։
Տեսէ՛ք,
ի՛նչ
կ՚ըսէ
ջարդարարներուն։
«…Ու
ինչո՞ւ
թողուլ
որ
որբերն
ապրին,
Այդ
որդեգրեալներն
արեա՛ն,
խաւարին,
Օր
մը
տարիքով
փոքրիկ,
հոգով
մե՜ծ,
Այդ
մանուկներու
խումբեր
դառնահեծ,
Որ
ոչինչ
չունին
այլեւս,
ոչ
ծընո՛ղ,
Ո՛չ
Աստուած,
ո՛չ
ափ
մը
հայրենի
հող…
Եւ
որ
կը
մուրան
պատառիկ
մը
հաց՝
Հեռուէն
պժգանքով
իրենց
կարկառուած…
Եւ
որոնք
մարդուն
մէջը
սրբազան
Ոչի՛նչ
գըտան
այլ
վայրագ
մի
գազան…
Զգո՛յշ,
այդ
նոյն
հսկայ
մանուկներ
մի
օր
Նեխած
ոսկրերու
վըրայ
բիւրաւոր,
/50/Կարմիր–Դատաստա՛նը
պիտի
կանգնեն
…
Ու
չորս
հովերուն
նո՛ր
կամք,
նո՛ր
օրէն
Պիտի
շեփորեն
…
Ու
այն
ատեն,
վա՜յ,
Վա՜յ
բոլոր
շնչող
էակներուն,
վա՜յ…»։
(«Ջարդին
խենթը»,
«ԿԱՐՄԻՐ
ԳԻՐՔԸ»)։
որոնք
1910–ին
այնքան
մօտ,
իրաւ
մարդեր
էին
մեր
բոլորին
համար,
եւ
որոնց
դէմ
մեր
գրականութիւնը
ըսած
է
անշուշտ
շատ
աւելի
զօրաւոր
բաներ,
իր
մեծ
մշակներուն
բերնով։
Բայց
արարքին
վայրագութիւնը,
անասնութիւնը
այսքան
բնականութեամբ,
այսքան
տենդով
մեզի
չէ
տրուած
հաստատել
ո՛չ
Վարուժանի,
ո՛չ
ալ
մենաշնորհեալ
Սիամանթոյի,
ո՛չ
տրտմաթախիծ
Թէքէեանի
քերթողութեանց
մէջ։
Երիտասարդ
սա
պոռթկումը,
հեռու
ամէն
նրբախոյզ
հնարքներու
նպաստէն,
ճաշակի,
չափի
դէմ
իր
զանցումները
թերեւս
կը
պարտի
սա
հուրքին։
գ
—
Մատաղութիւնը,
որուն
խակ
հանգամանքը
կը
բացատրէ,
եթէ
իր
առաջին
մեծ
մոթիֆին
մէջ
(սիրոյ
երգը)
իր
վրիպանքը,
բայց
որուն
երկար
տեւողութիւնը
գրեթէ
բացառիկ
իրողութիւն
մըն
էր
մեր
քնարերգութեան
համար,
ուր
կանխականութիւնը
գրեթէ
մահուան
կնիք
մըն
է,
ու
տղայութիւնը
(ասոր
երկարաձգումը)
անտաղանդութեան
ուրիշ
կնիք
մը։
Կան
այդ
տղաքը
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ,
որոնք
երեսունէ
աւելի
տարիներէ
ի
վեր
կը
մնան
նոյն
ու
մէկ
ողորմելիները։
Դանիէլ
Վարուժան
քանի
մը
տարուան
ընթացքին
ազատագրած
է
ինքզինք։
Անոր
«
Սարսուռներ
»ը
արդէն
այդ
տղայութեան
վերջին
հետքերը
կը
ջանան
անյայտ
ընել։
«
Հոգեր
»էն
մինչեւ
«
Հրաշալի
յարութիւն
»
տասնէն
աւելի
տարիներ
կը
թաւալին
բանաստեղծին
անհուն
փորձարկութեանցը
մէջէն,
ճարելու
համար
շքեղ
այդ
դիւանին
վերջնական
հոգի
մը։
Արդ,
«
Հին
եղանակ
»ը
(Ռ .
Սեւակ)
գրուած
է
1908–ին։
«
Երթա՛լ
»ը՝
1912–ին։
Դարձեալ
1912–ին՝
«Սէր»ը։
Այս
երեք
յիշատակումներին
առաջին
անխառն
գլուխ–գործոց
մըն
է,
երկրորդը՝
նոյնպէս
մեծ
յաջողութիւն
է
ու
երրորդը՝
աններելի
ձաթռտուք,
ինչպէս
կը
պատկերեն
պոլսեցիները
բերնին
եկածը
թող
տալու
վարժանքը։
Բնական
յառաջատուութիւնը,
որ
տաղանդին
այնքան
նկարագիր
մը
կու
տայ
(երբեմն
ալ
տեղատուութիւնը
կը
հաստատենք,
Չրաքեան,
Ռէմպօ
ատոր
վաւերական
նմոյշներն
են),
Սեւակի
մօտ
չէ
իրականացած։
Սեւակի
բաղդատաբար
յաջող
քերթուածները
երեւցած
են
1909–ին
«
Ազդակ
»
հանդէսին
մէջ։
1910–ին
/
51
/
Տարեցոյցի
մը
մէջ
(Թէոդիկ)
իրմէ
ստորագրուած
ուրիշ
քերթուածներ
(«
Վերջին
օրօր
»,
«
Հայ
որբը
»
եւայլն)
հասարակ
տաղաչափութիւններ
են։
1910–ին
լոյս
տեսած
իր
«
Կարմիր
գիրք
»ը
կը
տառապի
հզօր
անհաւասարութենէ
մը։
1911–ին
«
Թրուպատուրներ
»ը
շունչ
ու
թարմութիւն
կ՚արտայայտեն
լայն
չափի
վրայ։
Այս
բոլոր
յիշատակութիւններուն
միտք
բանի՞ն։
—
Ան՝
թէ
Սեւակ
զօրաւոր
իր
զգայնութիւնը
ամբողջութեամբ
չէ
կրցած
իրագործել։
Թէ՝
բանաստեղծական
աւիւնը
անոր
մէջ
չէ
ենթարկուած
նուազման։
«
Կռունկ
»ը,
արձակ
էջ
մը,
քերթուածի
մը
տարողութիւնը
կը
պարզէ
ու
գրուած
է
մահէն
տարի
մը
առաջ)։
8–10
տարի
ան
իրեն
պաշտպան
ունի
իր
թարմութիւնը,
որ
անոր
ոտանաւորին
համար
տիրական
նօթ
մըն
է։
Ու
թերեւս
հոս
է
գաղտնիքը
դժուարութեան,
զոր
կը
զգայ
քննադատը,
երբ
կը
փորձէ
անոր
գործէն
հաստատ
ու
վերջնական
գիշեր
սեւեռել։
Մշտական
պատանութիւն
մը
անոր
բոլոր
քերթուածները
(յաջողածներէն
աւելի
ձախողածները)
կ՚ողողէ
իր
քաղցրութեամբը,
աշխոյժովը,
անփութութեամբ
ու
թռիչքով։
Գարնան
բանաստեղծ
մը,
եթէ
քիչ
մը
բռնազբօս
չէք
գտներ
տարազը,
որ
չհասաւ,
հոգնեցաւ
տարիքէն,
ապրեցաւ
իր
մահը
երիտասարդ,
թարմ,
արի
ու
արու,
ինչպէս
երգեր
էր
անոր
խորհուրդը
ոստոստուն,
տրտում,
զուարթ,
համակ
շող
ու
թարմութիւն
քերթուածի
մը
մէջ,
«
Ցնծուն
մահ
»,
լոյս
տեսած
1913–ին,
«
Հայ
գրականութիւն
»
հանդէսին
մէջ
(Իզմիր)։
Յետոյ,
այս
նկարագիրն
է
մանաւանդ,
որ
անոր
վրիպանքը
կ՚ընէ
նուազ
եղերական,
միշտ
յոյսի
բաժին
մը
հանելով
մեր
դժգոհութեան
դէմ։
Առաջին
իր
էջերէն
մինչեւ
յիսնամենի
իր
թափթփուքները
նոյն
անկատարութիւնը,
չըսելու
համար
անկարողութիւնը,
ցնցոտիի
մը
նման
իր
ետեւէն
պտըտցուց
Լեւոն
Էսաճանեան
անունով
բանաստեղծութենէն
խենթութեան
ինկած
քնարահար
մը,
ինչպէս
կ՚ուզէր
որակուիլ։
Ինչ
թեթեւութիւն,
որ
արգիլեց
Եդուարդ
Գօլանճեանը
մեր
քերթողութեան
մէջ
անուն
մը
դառնալէ,
չէ
փոխուած
ահա
քառասուն
տարի
կայ։
Այս
վրիպանքներէն
եթէ
ուզենք
հեռանալ
ու
վաւերական
տաղանդի
մը
գործին
մէջ
հետապնդել
երեւոյթը,
պէտք
է
կենանք
Եղիայի
քերթուածներուն
առջեւ,
որոնք
անկանգնելի
կերպով
կործանած
գեղեցկութիւններ
են,
մեր
մէջ
ի
սպառ
կործանելով
նաեւ
յոյսը
օր
մը
իրանալի
կառոյցին։
Սեւակի
համար
տարբեր
է
պարագան։
Ան
միշտ
անակնկալին
մարդը
մնաց։
Ու
ասիկա
շնորհն
է
իր
մատաղութեան,
երիտասարդութեան։
Չեմ
հերքեր
դժբախտ
իրականութիւնը,
որուն
համեմատ
այդ
թարմութիւնը
շատ
քիչ
անգամ
ինքզինք
պիտի
գիտնայ
պարտադրել,
մեզի
տալով
անա/52/ղարտ
մարմնով
ու
խանդոտ
հոգիով
քերթուածներ։
Կ՚արձանագրեմ
հոս
նաեւ
սա
վկայութիւնս։
«
Նոր
տաղեր
»ը,
«
Հեթանոս
երգեր
»ը,
«
Ս.
Մեսրոպ
»ը
վերջնական
գիրքեր
են,
որոնք
իրենց
հեղինակներուն
կարելի
պատկերը
կը
պահեն,
վճռական
ու
անվերադարձ
եղանակով
մը։
Համոզուած
եմ,
որ
անոնք
իրենք
զիրենք
ամբողջովին
տուած
են
իրենց
գործերուն
մէջ։
Սեւակի
համար
նման
վկայութիւն
խնդրական
կրնայ
ըլլալ։
Մահուան
տարին
իսկ
ինքզինք
նորոգող
ծերունին
չէ
ան։
«
Բժիշկին
գիրքէն
փրցուած
էջեր
»ը
նոր
մարդ
մը
կը
յայտնաբերեն,
բոլորովին
թարմ,
կայծկլտուն
ու
գեղանի։
Պիտի
ներէ՞ք
ինծի
ռոմանթիզմը՝
թարմութիւնը,
զայն
մնալու
հրաշքը
ինքնին
բանաստեղծականութիւն
դաւանելու։
Այս
պարագային
ես
պիտի
չափսոսայի
մեզի
պակսած
խոստումներուն
ողբերգութիւնը,
ու
պիտի
մնայի
գոհ
ոեւէ
տաղանդաւոր
գրողէ՝
քանի
մը
անխառն
վկայութիւններով։
Դուք
տեսա՛ք
ատոնք
կանխող
էջերուն
մէջ։
***
Այս
քանի
մը
ցուցմունքներէն
դուրս,
Սեւակի
քերթողութիւնը
ունի
հասարակաց
բազմաթիւ
կողմեր
իր
սերունդին
բանաստեղծական
ախորժանքներուն
հետ։
Դժուար
է
ինծի
զբաղիլ
իր
մէջ
սիրոյ
բանաստեղծով
մը։
Այդ
լարը
անոր
մէջ
տրտմօրէն
կ՚անդրադարձէ
1900–ի
տռփերգութեան
անտանելի,
գէջ
ու
գաղջ
մեղեդին,
երբ
աւելի
բաց,
աւելի
մերկ,
աւելի
այլանդակ
ըլլալու
մրցանքի
վերածուած
էր
ոտանաւորին
մայր
արժանիքը։
Սեւակ
ո՛չ
աւելի
է
ո՛չ
ալ
պակաս։
Իրեն
թեր
է
իր
մատաղութիւնը,
որ
այդ
զգայապաշտ
պատկերներուն
վրայ
տեսակ
մը
սրտառուչ
պարզութեան
չեմ
ըսեր
վարագոյր,
այլ
անուշիկ
շոր
մը
կը
թուի
ճարել,
մշուշին
գոլուտ
աղօտանքը։
Դարձեալ,
այդ
զգացումը
գրեթէ
միշտ
հիւսուած
կը
ներկայանայ
մեզի
այն
մասին
հետ,
որ
տակաւին
Սողոմոնի
օրերէն
ինկած
էր
բանաձեւի։
Մահուան
չափ
ու
մահէն
ալ
զօրաւոր
։
Իր
«
Երգ
երգոց
»ը
պարզ
անցելապաշտութեան
ձայն
մը
չէ
Սեւակի
մէջ։
Ամէն
ժամանակներու
համար
մարդիկ
այդպէս
են
ապրեր
այդ
զգացումը։
1911–ի
«
Արագած
»
հանդէսին
մէջ
Սեւակ
ունի
մեծ
վերնագիր
մը,
«
Սիրոյ
գերին
»,
որմէ
իբր
նախաճաշակ
տուած
է
երկու
ալ
քերթուած
(«
Ասպետին
երգը
»,
«
Գողցող
մարդը
»),
երկուքն
ալ
ծիրին
մէջը
մարմներգութեան
եւ
կնիքովը
դպրոցին։
Սեւակ
գիտակից
է
վտանգին,
որ
կը
մնայ
ծուարած
ամէն
ցանկայարոյց
քերթուածի
խորը։
Անկէ
խուսափելու
համար
ան
կ՚օգտագործէ
արտայայտութեան
իր
լայն,
բազ/53/մազան
միջոցները
—
գոյնի,
ձայնի,
շարժումի
իր
խաղերը,
երբեմն
ընելով
իր
տողերը
փարթամ,
ծանրաբեռն,
նեղելու
ու
խեղդելու
չափ
զգայութիւնները,
երբեմն
անոնց
չափով
հարցումին,
տարակոյսին,
կարօտին
ու
տարտամին
թելադրական
խորհուրդը։
Այս
ճարտարանքին
գինն
է
կարդացուիլ
։
Զզուագին
մենք
կը
ներենք
Մերուժան
Պարսամեանի
մը
քերթուածները,
Օննիկ
Չիֆթէ–Սարաֆի
մը
պատմուածքները,
ահռելի
Տոմինոյի
սրամտութիւնները
ու
ահաբեկ
տրտմութեամբ
մը
կը
մտաբերենք
վարկը
Յ.
Ալփիարի
—
բոլորն
ալ
մէկ
ու
նոյն
կալուածէն,
բայց
կ՚աւարտենք
Սեւակի
նոյնիսկ
ամենէն
անյաջող
սիրային
քերթուածը,
վասնզի
համոզուած
ենք,
որ
հարազատ
բանաստեղծի
մը
հետն
ենք
միշտ։
Անշուշտ
մեր
բանաստեղծութիւնը
չունի
իրմէ
«
Սպառում
»,
«
Քու
յիշատակդ
այս
գիշեր
»,
«
Ներա
հետ
»
վերնագիրներով
բիւրեղացած
գոհարներ։
Բայց
«
Սիրոյ
գիրք
»ը
(կը
խորհիմ,
թէ
ասոր
մեծ
մասը
կազմուէր
պիտի
արդէն
լոյս
տեսած
քերթուածներէ)
օր
մը
երբ
դառնայ
հրատարակութիւն
մը
(հատոր),
պիտի
կարդացուի
որոշ
շահեկանութեամբ
մը։
Ասիկա
դարձեալ
գինն
է
գրագէտին
տուրքերուն,
որոնք
առատ
եղան
իր
մօտ,
բայց
պարագաներու
ճնշումին
տակ,
չգործածուեցան
տեղին
ու
օրին։
Ալպեաններու
խորշերուն
մէջ
ան
կրնայ
հանդիպած
ըլլալ
ստուերներու,
«…
Իրար
ձուլուած,
անքակտելի՛,
տենդագին,
Բերան
բերնի,
հուժկու
բազո՛ւկը
մէջքին,
Ու
մազերու
ծովը
որ
լա՛յն
կը
դողայ
…»։
բայց
չխորհիլ,
թէ
այդ
գրկուուքը
պատմելու
համար
հնարուած
բան
մը
չէր։
Ահա՛
քերթուածին
վերջաբանը:
«…
Երկա՜ր,
երկա՜ր
քարացած
Այդ
դիրքին
մէջ,
բերան
բերնի,
անձնուէ՛ր,
Իրենց
շունչերն
կարծես
իրար
յանձնուեր,
Այնքան
սէր
կար
այդ
պաշտումին
մէջ
անձայն։
Ու
ես
լըռիկ,
ու
ես
անշարժ,
երկիւղա՜ծ,
Կը
նայէի
իրենց
երկա՜ր
ու
վաղուան`
Կը
խորհէի,
յաջորդ
վաղուան
ու
մահուա՜ն
…
Երբ
ըզգացի
որ
էութի՛ւնըս
դողաց
…»։
(«Համբոյրը»,
«ԼՈՅՍ»
հանդէս,
1908,
էջ
851)։
/54/
Չեմ
կասկածիր
այդ
տողին
իրականութեան,
բայց
կը
մտածեմ
անոր
արժէքին
ու
օգուտին
արուեստի
գործի
մը
մէջ,
երբ
այս
վերջինը
այնքան
տժգոյն
պիտի
տար
այդ
տողը։
«
Երգ
երգոց
»ը
նոյն
հանդէսին
559–րդ
էջին
վրայ
աւելի
տրտում
հիւսք
մըն
է
ոսկեղենիկ,
փնջուած,
բիւրեղատիպ
բառերու,
Եղիայի
եւ
Մեծարենցի,
Սիպիլի
ու
Հրանդ
Նազարեանցի
մենագար
փափկութիւններովը
ու
Մերուժան
Պարսամեանի
գէջ
յանդգնութիւններով
քրտնագին
ու
եթերային
նոյն
ատեն։
Դժուար
է
ինծի
այդ
քերթուածը
կործանել,
զայն
որակելով
բառախաղացութիւն
(որուն
կասկածը
այնքան
զօրաւոր
է
իմ
ներսը),
քանի
որ
զմայլելի
տողեր,
ոսկի
երիզներու
նման,
կ՚անջատուին
հոն
ամբողջին
տմոյն,
լպրծուն
բռնազբօսութիւնը
պահ
մը
հակակշռելու
աստիճան։
Պէտք
է
յիշեմ
«
Ինչո՞ւ
»
քերթուածն
ալ
իբր
յաջողուածք
մը,
ուր
ձեւին
ցամաքութիւնը,
կտրուածքին
սրութիւնը
ու
ներքին
կշռոյթը
կը
միախառնուին,
փրկելու
համար
խորքին
ծանծաղութիւնը,
անբաւարարութիւնը,
անբնականութիւնը։
Այսօր
մեզի
գոհացում
չտուող
սիրերգութիւնը
Սեւակի
թերեւս
պիտի
շահի
ժամանակին
մէջ,
որ
դարով
կշռուելու
է
սակայն։
Կ՚ըսեմ
այսպէս,
վասնզի
հիներէն
մեզի
հասնող
նման
կտորներու
մէջ
ալ
գոյ
են
սա
վրիպանքները,
հաւասար
աստիճանով։
Բայց
մեզ
չեն
վիրաւորեր,
քանի
որ
կնիքն
են
անոնք
շրջանին։
Անգամ
մը,
որ
մեր
ներկայ
դրական,
խորունկին
հակող,
արտաքինէն
յոգնած
ու
յաւիտենականին
լարուած
ճաշակը
իր
կարգին
ենթարկուի
փոփոխութեան,
կը
կարծեմ,
թէ
Սեւակի
սիրային
քերթուածները
պիտի
գտնեն
վարկ
մը
այդ
ճաշակին
առջեւ,
առնուազն
վաւերագրական
տեսակէ։
1890–ին
ո՛չ
ոք
մտքէն
կ՚անցընէր
Թաղիադեանցի
մը
քերթուածները
արժեւորելու։
Կէս
դար
ետք,
եթէ
ոչ
դրական,
գէթ
ժամանակը
լուսաւորելու
բնոյթով
մը,
այդ
քերթուածները
արժանի
են
ընթերցման։
Նոյնն
է
պարագան
մեր
ազգային
եւ
յեղափոխական
երգերուն։
2000–ին
անոնք
պիտի
ստանան
վաւերագրական
արժէք։
Սեւակ
առնուազն
իր
թարմ
երիտասարդութիւնը
յաւակնած
էր
դնել
«
Սիրոյ
գիրքը
»ին
մէջ։
*
*
*
Սեւակի
քերթողութեան
մէջ
առանձնակի
ուշագրաւ
է
Տառապանքին
երգը,
զոր
ազատ
էք
ուզածնուդ
չափ
շեղագրելու
եւ
գլխագրելու։
Բնութեան
պատկերներ,
անձնական
յուզման
պահեր,
հեշտագին
երազանք
ու
տարփաւոր
մրմունջներ,
բաւական
յաճախուած,
կարող
են
անոր
բանաստեղծի
դէմքին
մէկ
լայն
մասը
յօրինել։
Ու
/55/
աւելորդ
է
սակարկել
այս
մասին
արժէքէն,
քանի
որ
տիրական
քերթուածներ
եկած
են
մեզի
այդ
աշխարհէն։
Բայց
նոյնքան
իրաւ
է,
որ
անձնականին
չափ,
եթէ
ոչ
աւելի՝
անոր
քնարը
զարկած
է
ցաւին
լարը,
մեր
օրերուն
ընդհանուր
ողբերգութիւնը,
որուն
նկարագիրը
տրամագծօրէն
հակառակն
է
անձնական
քնարերգութեան:
Հաւաքական,
հասարակաց,
համամարդկային
որակումներ
են
այդ
ցաւը
կերպադրող։
Գիրք
մը
ամբողջ,
«
Կարմիր
գիրքը
»,
բազմաթիւ
քերթուածներ
(հատորի
չմտած),
իրենց
սնունդը
կ՚առնեն
սա
հոգեվիճակէն։
Սեւակի
Եւրոպան,
մանաւանդ
բժշկական
կլինիքներու
մէջ
անոր
stage-ը
(հատոր
մը
արձակ
կու
գայ
այդ
փորձառութենէն)
մասամբ
կ՚ընեն
բացատրելի
սա
տառապանքին
յաճախանքը
անոր
չափաբերեալ
ալ
գործին
մէջ,
այս
դարու
սկիզբներուն,
երբ
մէկ
կողմէն
անհուն
վայելքը,
ասոր
պաշտամունքը,
այդ
վայելքին
թունաւորման
գինը
կազմող
մեր
նորանոր
մոլութիւններն
ու
մոլորանքները,
ոսկիին
դեղնախտը
ու
հեշտանքին
պապակը
իրար
կը
հալածեն՝
անասնացնելու
համար
ունեւոր
դասակարգը,
ու
զարհուրագին
ռումբի
մը
պէս
լարելու
չունեւորը։
Տպաւորիչ
նախադասութեան
մը
մէջ
Սեւակ
սեւեռած
է
սա
մղձաւանջային
պատկերը,
երբ
կը
գրէ
«
Աշխատանքը
կը
մուրայ
»։
Ահաւոր
իրականութիւնը
չունէր
ուրիշ
կերպարանք։
Որքա՛ն
հեռի
էին
մարդոց
հոգիներուն
համար
այն
քնքշանքը,
լուսնափայլ
դալկութիւնները,
սիրահառաչ
երգերը,
նրբախտաւոր
երազանքը,
որոնք
ԺԹ.
դարու
բանաստեղծութեան
մայր
նիւթերը
կազմեր
էին,
բոլորը՝
տաղանդաւոր
բանաստեղծի
մը
թշուառութեան,
ցասումին,
մենագար
մեծամտութեան
կամ
թուլիկ,
զգայնոտ,
հեշտանուշ
տրտմութեանցը
ընդմէջէն։
1900–ին,
Տառապանքը,
միլիոններու
զրկանքին
իբր
դրօշ,
կը
ծեծէր
Եւրոպան։
Ու
ընկերային
հարցը
գերագոյն
մտահոգութիւնն
էր
երիտասարդութեան,
զոր
մարդկօրէն
լուծելու
դժնդակ
պայքարին
մէջ
ան
եղեր
էր
յանձնառու
կարելի
բոլոր
զոհողութեանց,
անձին
ալ
զոհին։
Կը
բաւէ
յուզիչ
շարանը
ընկերային
յեղափոխութեան
նահատակներուն։
Քանի
մը
յեղափոխութիւն,
երեք
քառորդ
դարերու
վրայ
երկարող
հալածանքը
(ռուսերուն
ցարերը
կը
փոխանորդէին
հոս
հռոմէական
կեսարները),
աշխարհաջինջ
պատերազմ
մը,
ասոր
կրկնութիւնը
քառորդ
դար
յետոյ,
մեր
յիմարութեան
միայն
փաստերը
չէին,
այլեւ
սրտառուչ
վկայութիւններ
մեր
աննուաճ
կարօտէն
այն
օրուան
համար,
որ
պիտի
գայ,
զոր
երազեցին
բոլոր
լուրերը,
որմէ
մնացին
սակայն
տարագիր
/56/
սկսեալ
Եսայիի
օրերէն,
գառներն
ու
գայլերը
միասին
ճարակելու
արտօնող
օ՜րը։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
իր
ուժերուն
չափով՝
հետեւակ
ու
հաղորդ
եւրոպական
սա
մտահոգութեանց
ռոմանթիք
մասերուն,
մնաց
անտարբեր
այդ
մտահոգութեանց
ընկերային
կողմերուն։
Լամարթին
ու
Դուրեան
մօտիկ
են
իրարու
իրենց
հոգեդաշտին
շատ
մը
սահմաններուն
վրայ։
Բայց1850–ի
ընկերային
ձգտումները
(սկիզբը)
շատ
տարտամ
անդրադարձ
մը
ունենային
պիտի
մեր
իմացական
ընտրանիին
վրայ։
Ստիպուած
ենք
Զարթօնքի
սերունդին
ընկերա–քաղաքական
իրագործումները
արժեւորել
այդ
ուղղութեամբ
ու
հաստատել
փաստը
գրականին
պակասին։
Մեր
իրապաշտները
անշուշտ
սխալը
չգործեցին
ընկերային
հարցը
անգիտելու,
ինչպէս
ըրեր
էին
այնքան
ծիրանեփառ
շքեղութեամբ
մը
ռոմանթիքները,
որոնց
համար
բաւ
կու
գան
անձին
իւրայատուկ
կսկիծը,
ասոր
տարփողն
ու
դիւցազանցումը,
անդրերկրեայ
սուզումներ,
գարնանագեղ
երազանք
կամ
մեր
անցեալն
ի
վար
մտամոլոր
թափառանք։
Իրապաշտները
բանաստեղծական
զգայնութեան
երակէ
իրենց
ընդոծին
տկարութեանը
մէջ,
տառապանքը
վերածեցին
խուլ
փրոփականտի։
Ու
մեր
վէպէն
մէջ
երեսակներ,
տախտակներ,
փշրանքներ
միայն
հասած
են
մեզի
այն
ամէնէն,
որոնք
1850–էն
ասդին
մինչեւ
1914
մեր
կեանքը
կազմեցին
աշխարհի
ամենէն
անընմբռնելի
մէկ
երկրամասին
մէջ,
աշխարհի
ամենէն
անագորոյն
մէկ
ժողովուրդին
նիզակին
տակ,
մինչ
մեր
հոգին
լայնօրէն
բացուած
էր
մեղքի
բոլոր
գեղեցկութեանց,
իմաստի
կարելի
նրբութեանց,
արագ-արագ
արեւմտացող
մեր
ժողովուրդին
համար
այնքան
պատուաբեր
որքան
կորստառիթ։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
ուրեմն
շատ
քիչ
չափի
վրայ
կը
գտնենք
զբաղած
մարդկային
տառապանքին
համապատկերովը
։
/57/
Զարթօնքի
սերունդը,
իրապաշտ
ու
գործնական
իր
ազատականութեամբը
(մարդիկ
ասոր
հիմա
կու
տան
եւրոպական
բառ
մը,
libéralisme),
իր
ժողովուրդին
անմիջական
կարիքները
միայն
սպասարկեց
ու
սոփեստանալու
վախովը,
իր
հետաքրքրութիւնները
կեդրոնացուց
իր
սեպհական
մտահոգութեանց
լուծումին։
Ստեփան
Ոսկան
մը,
որ
1848–ի
յեղափոխութեան
մարտադաշտ
սկզբունքները
որդեգրեր
էր
անվերադարձ
արիութեամբ
մը,
պիտի
ստիպուի,
զինք
անդուլ
կրկնող
հալածանքէն
շունչ
առնելու
համար,
օտար
ժողովուրդի
սպասին
ապաստանիլ։
Կէս
դար
պիտի
գրէ
ու
գործէ
իր
ժողովուրդէն
ինքզինք
տարագրած։
Գալուստ
Կոստանդեանի
թարգմանած
«
Մեթոտի
վրայ
»
գիրքը
էնտէքսի
ենթարկող
ոգիին
ու
Նահապետ
Ռուսինեանի
Տարեցոյցները
հրապարակէն
հաւաքող
ու
նոյն
հեղինակին
«
Ուղղախօսութիւն
»ը
գործածում
է
արգիլող
միտքի
կերպը,
մտայնութիւնը
կը
բխին
նոյն
ակէն։
Ընկերային
տարողութեամբ
արուեստ
մը,
1880–էն
ետք,
անկարելի՝
գրաքննութեան
պատճառով,
1903–էն
ետք
դարձեալ
տժգոյն
հարկադրուած
է
ըլլալ,
քանի
որ
ամէն
սկիզբ
գրեթէ
պղտոր,
օտար
տարրերով
ծանրաբեռն
աշխատանք
մըն
է
ամէն
մարզի
վրայ։
Գրականութիւնը
չի
կրնար
տարբերիլ։
Չեմ
վերլուծեր
«
Կարմիր
գիրքը
»։
Երեք
պոէմա
ներէն,
որոնք
հատորիկը
կը
կազմեն,
«
Ջարդի
խենթը
»
եւ
«
Թրքուհին
»
կը
պատկանին
ազգային
տառապանքին,
որոշ
զարտուղումներով։
Սիամանթօ,
Վարուժան,
Թէքէեան
զարկած
էին
այդ
լարը,
հասած
որոշ
կաղապար/58/ներու։
Սեւակ,
զուրկ
վերջին
երկուքին
չափի
եւ
վայելչութեան
ճաշակէն,
իր
երգին
մէջ
գործադրած
է
խակութիւն,
յանդգնութիւն,
ամբարտաւանութիւն,
որոնք
երբեմն
միայն
կը
պաշտպանուին
իրական
արդիւնքով։
Աւելի
յաճախ
այդ
երգերը
կ՚ընկղմին
սեռին
հասարակաց
truc–ներուն
մէջը։
Ասոնցմէ
«
Թրքուհին
»
մտքի
ձրի,
զուտ
յերիւրանք
մըն
է,
երեւակայուած
Լեմանի
ափերուն
վրայ,
հեռու
տեղէն,
պահէն,
ոգիէն,
որոնք
այնքան
տիրական
նպաստ
մը
կը
բերեն,
երբ
մեր
խառնուածքը
մաս
չէ
առած
մեր
գործին
ոստայնումին
մէջը
եւ
մեր
երեւակայութիւնն
է
ստանձնած
իր
տարողութենէն
աւելին
—
ամէն
ինչ
յօրինելու
պարտքը։
«
Մարդերգութիւն
»ը
(երրորդը
պոէմաներուն
),
ինչպէս
բառը
կը
թելադրէ,
Մարդուն
նուիրուած
երգ
մըն
է
ու
անշուշտ
աւելի
կ՚արժէ,
քան
միւս
երկուքը։
Լայն
պատկերացում
մը
կը
փորձուի
հոն
այն
հսկայ
թշուառութեան,
որ
աշխատաւորութեանն
էր
այս
դարուն
սկիզբը։
Բանուորին
ողբերգութի՛ւնը,
զոր
ժամանակակից
մեծ
գրականութիւնները
(ամերիկեան,
անգլիական,
գերմանական,
ռուսական,
ֆրանսական)
ջանացած
են
նուաճել,
որոշ
յաջողութիւններով
եւ
որ
1917–էն
ետք
աշխարհի
վեցերորդ
մասին
մէջ
պիտի
ըլլար
այլամերժ
մոթիֆ
գրականութեան
—
բանուորին
ողբերգութիւնը
պրոշիւրի
մը
ֆորմաներով
յաղթահարուելիք
յաղթանակ
մը
չէր։
Եղերականին
զգայնութիւնը
մենաշնորհ
մը
չէ
անշուշտ
այս
ու
այն
գրողին։
Բայց
լեգէոն
են
անոնք,
որ
ամէն
ինչ
կը
տեսնեն
առանց
այդ
զգայնութեան
եւ
Սեւակ
կարդացած,
լսած
է
իր
նիւթը,
«
Մարդուն
երգը
»։
Կ՚ընդունիմ,
որ
քանի
մը
անգամ
ալ
լացած
է
բանուորին
տառապանքին
հետ
ու
մէջը։
Բայց
այդ
լացը
մեզ
կը
նուաճէ
նոյնիսկ
մարմար
պալատներէն
ներս,
նոյնիսկ
հոն,
ուր
կաթն
ու
մեղրը
առու
եւ
լճակ
կը
կազմեն։
Այն
ատե՞ն։
Ուրիշ
բան
է
սանկ
երկրորդ
անօթի
մանկութենէ
մը
իջնել
կեանքին
կրկէսը,
առաջին
պատանութիւնը
անցուցած
ըլլալ
հացին,
պակասող
զգեստին,
կօշիկին
սարսափին
մէջ,
երիտասարդութիւնը
սկսիլ
օրուան
պարէնին
քրտինքովը
—
վաւերական
բանուորի
հոգին
հոս
էր,
որ
պիտի
յօրինուէր։
Դուրսէն
դիտուած,
տեսական
սա
արգահատանքը
գրականութեան
մոթիֆ
կու
տայ,
բայց
քիչ
անգամ
վաւերական
կեանքը։
Սեւակին
ալ
պատահածը
ուրիշ
բան
չէ։
Յետոյ,
երիտասարդական
գաղափարներ,
որոնք
անոր
տաք
ու
արագ
խառնուածքին
մէջ
կ՚իյնան,
կը
բորբոքին,
կը
խռովեն
զայն,
բայց
չեն
նստիր,
խորանար
արուեստի
բիւրեղացումը
արտօնելու
աստիճան
։
«Մարդերգութիւն»ը
ծնունդն
է
սա
գաղափարական
խռովքին
ու
դիւրագրգիռ
զգայնութեան,
խառնուածքին
փոխյարաբերութեանց,
ինչ/59/պէս
կ՚ըսեն։
Հեղինակին
կը
դարձնեմ
իր
բացականչական
յարձակումները
արդի
կարգերուն
վրայ,
որոնք
բառերու
ռմբակոծումով
չէ,
որ
պիտի
կործանին,
նորէն
ստեղծելու
առիթ
տալով
միամիտ
գործաւորին։
Դարձեալ
հեղինակին
կը
ձգեմ
գաղափարական
հայեցողութիւնները,
շահադիտումները,
որոնք
անպէտ
են
քերթուածի
մը
մէջ,
եթէ
երբեք
դեռ
ալ
չեն,
ու
կը
կենամ
այն
խոր
ու
իրաւ
համակրանքին,
չըսելու
համար
գութի,
արգահատանքի
զգացումին
առջեւ,
որով
մշուշուած
է
ամբողջ
պոէման,
ինչ
փոյթ,
որ
այդ
գոլուտ
բանը
աղօտէ
մասերը,
տարտամ
է
վիճակները,
սրբէ
պատկերներուն
սրութիւնը,
կարկառները։
«
Մարդերգութիւն
»ը,
համեմատական
առաւելութեամբ
մը,
կը
գերազանցէ
հատորիկին
միւս
քերթուածները։
Զգացիք
թերեւս,
թէ
չխօսեցայ
կտորին
բանաստեղծական
կարելի
արժանիքներէն։
Չկան
ասոնք,
վասնզի
Սեւակ
ինք
չէ
մտածած
նման
բանի
մը։
«
Շան
հոգի
»,
«
Պոռնիկը
»,
«
Արգասաւորում
»,
«
Այս
դանակը
»,
«
Պոլսոյ
որովայնին
մէջ
»
քնարական
յօրինմամբ,
բայց
համամարդկային
խորքով
քերթուածներ
են,
որոնք
կարճ,
սուր,
bien
tourné,
ինչպէս
կ՚ըսեն
գաղիացիք,
մարդկային
մեծ
տառապանքին
վրայ
արագ
պալարներու
կը
նմանին,
ցաւառիթ,
իրաւ
բայց
միշտ
անբաւական
այդ
տառապանքը
մասնաւորելու
(spécifier),
քիչիկ
մը
բժշկական
առումով)։
Ու
ահա
եզրակացութիւնը
—
ինչպէս
որ
իր
արձակ
հատորը
մեծ
գիրքէ
մը
փրցուած
էջերու
թելադրանքն
էր
եղած,
բայց
ոչ
այդ
մեծ
գիրքը,
իր
քերթողական
սա
իրական
ալ
փշրանքներու
ձեւով
մեզի
կը
թելադրէ
զանազան
պահեր,
զանազան
զգայութիւններ,
բայց
հեռու
է
այդ
տառապանքը
նուաճելէ։
Սեւակի
ազգային
լարը
տարբեր
գնահատման
մը
պիտի
չարժանանար։
Չեմ
ըսեր,
թէ
անոնք,
այդ
լարէն
մեզի
հասած
երգերը
ըլլան
տափակ,
գրքունակ,
անտանելի։
Սեւակի
տաղանդը
միշտ
պիտի
ընծայէ
փոքր
պաշտպանութիւն
մը
իր
ստորագրած
ամէն
մէկ
կտորին։
Բայց
ասիկա
չի
նշանակեր,
թէ
պիտի
փրկէ
զանոնք։
Ազգային
զզացման
ծնունդ
անոր
տաղերը
տմոյն
ոտանաւորներ
են,
երբ
մօտիկը
դրուին
Վարուժանի,
Թէքէեանի
պայծառ,
ինքնայած,
կատարեալ
քանդակներուն։
Եթէ
երբեք
կը
խօսիմ
անոնց
յարաբերական
արժէքէն,
պատճառը
այն
է,
որ
կը
պարզեն
Սեւակի
խառնուածքին
քանի
մը
տարրերը
—
ցասում,
արգահատանք,
ռոմանթիզմ,
տրտմութեան
մէջ
հեշտախոյզ
ջիղերու
դրութիւն,
ու
մասամբ
այն
անորակելի
տանը,
որով
ժողովուրդ
մը
կը
զատուի
ուրիշէ
մը։