Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. [ԳՈՐԾԸ]

/27/ Ռ. Սեւակի գործը կը բաղկանայ արձակ եւ ոտանաւոր մասերէ [1] ։

Անոր արձակին ցարդ խմբուած մասը հաւաքածոյ մըն է տասնհինգ պատմուածքներում։ Ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ արդէն, բոլորն ալ կու գան բժիշկի իր ապրումներէն։ Բացի «Նաբոլէոնի մահը» անունով կէս պատմական, կէս պարսաւական պատմումէն, միւսներուն մէջ որոշ հիւանդութեան մը պատկերը կը գծէ ան, անշուշտ ախտաբանութեան մասնագիտութիւնը կարելի եղածին չափ անհետ ընելով իր էջերուն վրայ ու ծանրանալով մանաւանդ ախտով պարզուած ֆիզիք եւ բարոյական քայքայուն, սարսռազդեցիկ տեսարանին, ներշնչելով զօրաւոր արգահատանք, յուզումի մը հասնելու աստիճան։

Այդ պատմուածքներուն աշխարհը Սեւակ առած է մեծ մասով Եւրոպայէն, իր տիպարները պահելով հանդերձ մեծ մասով հայ։ /28/ « Կէս խենթը » ունի իբր տիպար պոլսեցի մը, որ Մոնթէ Մառլօ է ինկած, սկսելու համար վախճանը իր անողոք մահուան, այն աննահանջ քայքայումին, որուն անունն է ընդհանուր անդամալուծութիւն, ֆրանսացիներուն մեծ P. ն (Paralysie générale), հետեւանք երիտասարդութեան օրերուն շահուած հիւանդութեան մը, իրական իր անունով սիֆիլիզին, որուն երրորդ շրջանին արտայայտութիւնն է ան։ « Մանչերուն գերեզմանը », « Տէր ողորմեա »ն, « Կռունկը », « Փոխան հարսանիքի »ն, « Ահաւոր տարակոյսը », « Անիծուած գանձը », « Ստամոքսին զոհը » իրենց հերոսները ունին դարձեալ իր ժողովուրդէն, ոմանք վիպողին երազանքին մէջ, ոմանք Զուիցերիա։ «Հարսներուն գաղտնիքը», «Գինովին աղջիկը», «Ցաւի Միսը», «Մեռցնելու իրաւունքը», «Տէլիրիում թրէմէնս»ը, «Նաբոլէոնի մահը» կու գան արեւմտեան քաղաքակրթութեան պողոտաներէն։ Այս ճշդումը իր արձակ արտադրութեան մէջ, դժուար չէ մօտեցնել իր քերթողական ալ վաստակին մէջ դիտուած սա երկուութեան։ « Կարմիր գիրքը » (գիտէք, թէ ուրկէ՛ է ներշնչուած ) կը պարունակէ համամարդկային թեմա։ Ռ. Սեւակ արեւմտահայ գրականութեան մէջ, թէ՛ իր արձակներովը թէ՛ իր քերթողութեամբ ամենէն աւելի արեւմտացած գրագէտը կը հանդիսանայ (Դանիէլ Վարուժանի « Հեթանոս երգեր »ը անշուշտ կը յիշեցնեն սա թեման, բայց օտարոտի սա հովէն ալ զերծ է)։

Այս ճշդումին ծանրակշիռ է սակայն հետեւանքը։ Ռ. Սեւակ հարազատ, ուղղակի զաւակն է մեր 1900–ին, որ իրմով զբաղողներուն չի թելադրել միայն զառածումը, այլասերումը մեր քերթողութեան։ Այդ օրերուն, պատահմամբ չէ, որ կը զուգադիպի մեր նորավէպին ալ ախտագին սպառումը [2] ։ Ընդունելով մեր իրապաշտութեան երկա/29/րաձգումը դէպի իր հոգեվարքը, այսինքն մինչեւ 1905, ընդունած կ՚ըլլանք ծնունդը վիպելի ձեւին, որ որակելի չէ դժբախտաբար։ « Տան սէրը » . Զարդարեան) գեղեցիկ յիշատակ մըն է 1895–էն, թէեւ գրուած ըլլայ տասը տարի ետքը այդ թուականէն, ու կը պահէ իրաւ ոճին տեւական բարիքը, զատուելով միւսներէն, որոնք այդ գիրքին մէջ կերեւին դարձեալ Կարօտներ » եւայլն)։ 1900–էն ետք Տ. Արփիարեանի եւ Ե. Արմէնի « Մասիս »ներուն մէջ լոյս տեսած պատմուածքները կը հպատակին ուրիշ ճաշակի, ախորժակներու։ Ենովք Արմէնի « Կինը » հարազատ նմոյշ մըն է այս աղաւաղման։ « Միամիտի մը արկածները »՝ տարբեր մէկ երակէն կու գայ այս ճաշակին։ Այս ողորմելի պատմումին բախտը փառքէն վեր, աստուածացում մը /30/ գրեթէ կը յիշեցնէ Իսահակեանի համբաւը։ « Աբուլալա Մահարի »ն հզօր քերթուած մը հռչակող ոգին տարբեր ծագում մը չունի։

 

Կապ մը կա՞յ, Սեւակի պատմումին եւ « Միամիտի մը արկածները » փառքի առաջնորդող գրական ախորժակներուն միջեւ։ Չեմ կասկածիր։ Եւրոպա մեզի համար տարաշխարհն էր անշուշտ։ Ու լրագրական գրականութեան մը համար (ամբողջ 1900–ը մինչեւ տասը տարի) հետաքրքրութիւնը, անեկդոտը, դիւրին պարագրկուելիք էնթրիկը կը մնան առաջնակարգ թեմաներ։ Բայց ահա տարբերութիւն մը։ Սուրէն Պարթեւեան ալ իր մէկ գիրքին աշխարհը առած էր այդ Եւրոպայէն։ Զարհուրելի գիրք մըն է « Քայքայում »ը, ուր անջինջ ճշգրտութեամբ մը սեւեռուած են, այս դարու սկիզբը Եւրոպա նետուած մեր իմացական ընտրանին, մեր քաղքենին, մեր կործանումը օգտագործող տէր–պապաները, խաչագողները։ Տէքորի սա օտարութիւնը չէ վնասած սակայն գործին խորունկ հայեցիութեան, որ մենաշնորհը չէ անշուշտ արեւելահայերուն կամ ոչ–պոլսեցի, գաւառացի գրողներուն միայն։ Շողարձակ ու ծանրօրէն զարդարուած ոճը Պարթեւեանի, այդ գիրքին մէջ կը մնայ անազդեցիկ։ Ուրե՞մն։ Սեւակ, իր պատմումին մէջ, կը կրկնէ, անգիտակցաբար, « Միամիտի մը արկածները » հասարակ պատմումէն կրած, կազմած ախորժակները։

Արդարեւ, « Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր »ը, առաջին իր նմոյշներուն մէջ, ունի նորութեան մը, մեր մէջ դեռ չփորձուած նիւթի մը հրապոյրը։ Կը կարդանք զանոնք, իբր առաջին բխում (Սեւակ մօտ տասը տարի իր ոտանաւորին մէջ պիտի ջանայ սպառել իր խակութիւնները, սկսնակներուն հասարակաց թերութիւնները), ու կը տպաւորուինք մէկէ աւելի բարիքները նպաստէն։ Ըսի, թէ նորութիւն մըն էր իր նիւթը։ Ըսի, թէ տարաշխարհիկ շրջանակը ուրիշ նորութիւն մը։ Կ՚աւելցնեմ, այդ նիւթն ու աշխարհը տալու իր կերպին մէջ, իր միջին պարզութիւնը, ուր մեր իրապաշտութեան մերկ ու տմոյն արտայայտութեան եղանակը բարերար չափով մը ամոքուած, բարեխառնուած է արուեստագէտ սերունդին առաջին խնամքներովը։ Յետոյ, ուրիշ ալ դիտողութիւն։ Քիչեր միայն գիտեն Ֆլոպէռի պահանջը գրագէտէ մը։ Ռուանցի մեծ ոճաբանը, ամէն մեծ գրագէտի համար, մասամբ մը պայման կը դնէր բժշկական պատրաստութիւն մը։ Դիւրին է հասկանալ տարօրինակութիւնը սա պահանջին։ ԺԷ. դարուն գրագէտները կը կազմուէին սափրիչներու խանութներուն մէջ (Մոլիէռ իր տիպարները կ՚ըսեն, թէ պարտական է այդ դարուն /31/ սրճարաններու տեղը բռնող սափրիչի խանութներուն, ուր կու գային իրենց ժամանցը ընել փոքր քաղաքներու, աւաններու պատուական տիպարները), մեծ եկեղեցիներու խոստովանարաններուն մէջ (Պոսիւէ)։ Մեր դարուն փաստաբանին գրասենեակը տեղն է անցած սափրիչին հանդիսարանին։ Բայց մանաւանդ մեր ընկերութեան ամբողջ ողբերգութիւնը պղտոր ալիքներով կը հոսի, կը լճանայ գարշ ու գորշ այն հաստատութեանց մէջ, որոնք կը կոչուին հիւանդանոց։ Մեր քաղաքակրթութեան ամենէն տիպարային յիշատակարանները կը կազմեն բանտերը եւ հիւանդանոցները։ Ու բժիշկը մարդն է, որ մեր կեանքի գերագոյն յուզումին, մահուան բազկերակը ունի ամէն րոպէ իր մատներուն տակ։ Ուրիշ ահաւոր տագնա՛պ ճամբան, այսինքն դէպի մահ տանող այն բիւրաւոր քովնտի անցքերը, հիւանդութենէն առաջ, զայն պարտադրող խուլ ու խոր ազդակները, արիւնէն, միսէն, ուղեղէն ներսէն ու դուրսէն, որոնք բոլորը մէկ կը կազմեն աղէտը, իր վերջին վարագոյրին համար դիմելու ստիպուած դէպի ցաւին տունը։ Սեւակի մօտ այս տարիքը լայնօրէն կը հակակշռէ գրագէտին անբաւարարութիւնը։

Այսպէս բացատրուած, Սեւակի վիպակները դժուար պիտի մտնէին արուեստի սրբարանէն ներս։ Թերթօնը, դէպքերու ընդոծին շահեկանութիւնը, մեր ամենէն անյագուրդ ախորժակներէն մէկուն՝ հետաքրքրութեան յագուրդ ճարող սա մասնայատուկ նկարագիրը նիւթին, արդարեւ արհամարհելի արժանիք մը չէ։ Ամենէն միջակ միտքն իսկ, երբ մեզի կը պատմէ մեր միջին զգայութիւնները զանցող եղելութիւններ, մեզ գրաւելու բախտն ունի գրեթէ միշտ։ Ճակատամարտ մը, ներկայացուած հասարակ տասնապետէ մը, արուեստի մօտեցող հրապոյր մը կը ստանայ ինքնաբերաբար։ Սեւակի բոլոր պատմումները կ՚իյնան սա բնական շահեկանութեան շրջանակին։ Բայց պէտք չէ թերի գնահատել գրողին ալ խառնուածքը, որ տաք է ու դիւրագրգիռ։ Այս խառնուածքին միջամտութիւնն է, որ մասամբ կը հակակշռէ ախտաբանական որով եւ զուտ գիտական տարրին ճնշումը։ Փօլ Պուրժէ, իր բարեկամ մեծ բժիշկներուն խոշոր գիրքերը ուսումնասիրելը, հիւանդութեանց ախտանիշներուն մանրակրկիտ ճանաչողութիւնը, մանաւանդ այդ հիւանդութեանց գնացքը (գիտական ճշդութեան սպասն ալ դեր ունի անշուշտ սա միամիտ յաւակնութեանց մէջ) փորձած է պարտադրել իր հոգեբանական վէպերուն կառոյցին ու գտած, այսպիսով, որոշ շահեկանութիւն։ Ժամանակը շատ արագ սպառեց այս դիւրին փառքը սակայն։ Սեւակի /32/ մօտ զգոյշ չափերու վրայ կը մնան զուտ ախտաբանական դիտողութիւնները։ Արդէն չորս–հինգ էջնոց վիպակին տարողութիւնը անկարելի կ՚ընծայէր այդ ուղղութեամբ գրական զառածում մը։

 

Կը հետեւի, թէ վիպողը պիտի զբաղի նախասիրաբար բարոյական երեւոյթներով, որոնց զսպանակները դրուած ըլլան հիւանդութիւններու ակունքին։ Յետոյ, կայ տակաւին գրագէտին ալ մտադրութիւնը։ Այդ վիպակները գրուած են լրագրին համար։ Ունին օգտապաշտ զօրաւոր նկարագիր։ Անոնք գրողին խղճմտութիւնը, փառասիրութիւնը, խուլ ու անորակելի ձգտումները փորձի ենթարկելէ աւելի, պայմանաւոր են զանգուածները լուսաւորելու առաքելութեամբ։ Ստեղծել բուռն սարսափ մը, մանաւանդ այն քանի մը հիւանդութեանց հասցէին, որոնք խուսափելի են մեծ մասով, բայց որոնց գործած աւերը կը հանդիսանայ ամենէն ընդարձակը։ « Մանչերու գերեզմանը », որ դասական նիւթն ունի պատանիները զարնող, բոլորովին ձրի, բռնի ճարուած հիւանդութիւնը, գեղեցիկ նմոյշ մըն է Սեւակի օգտապաշտ ձգտումներէն։ Շրջանակ, տիպարներ, տրամա հոս կը մնան իրենց իրաւունքներուն տէրը, ու կը կառուցանեն վիպակը։ Ուրիշ չէ « Կէս խենթը »։ Շքեղ էջ մըն է « Կռունկը », ուր ցաւերուն ամենէն երիտասարդը կը զարնէ, տարիներով դարանակալ սպասելէ ետք, իր ուսումը աւարտած ու հայրենիք վերադառնալու պատրաստուող համալսարանականը։ Հազիւ քանի մը գոյն, զարհուրանքի այդ հիւանդութիւնը թելադրելու համար անհրաժե՛շտ, սակայն։ Մնացածը հոգին է այդ երիտասարդին, անոր արեան աննահանջ ձայները, անոր ողբերգական քայքայումը։ Չեմ պատմեր վիպակը, բայց կը ղրկեմ ընթերցողը այդ քանի մը էջը չանցնող գլուխ–գործոցին, որուն մէջ, ամբողջ ժողովուրդի մը դարաւոր փորձառութիւնը, անցնող թռչունէն սպասելու ինչ որ գետինը պիտի չտայ իր աչքերը գոցելու հարկադրուած պանդուխտին, քովիկը՝ սա նոր փորձառութեան, որ մեր գրականութեան ամենէն մեծ քանի մը անունները արիւնատիպ պարտադրեց մեր հիացման ու սիրոյն, կը գտնեն իրենց ամենէն յուզիչ կերպարանքը։ Սեւակ գրագէտ մըն է հոն։ Նոյնքան իրաւ, սրտի էջ մըն է « Փոխան հարսանիքի » վերնագրուած կտորը, հովուերգական ու խորունկ, ուր երկու սեռերու յաւիտենական հեքիաթը կը նորոգուի այնքան ինքնատիպ բնականութեամբ եւ զայն կազմելու, յօրինելու ատեն Ռ. Սեւակ այնքան ամուր փորձութիւններու գիտցած է դիմադրել, այն աժան բանաստեղծութեան չարիքին, որուն հեշտագին սպասն էր ըրած այնքան տարի/33/ներ, երգելու համար պարզ բան մը, այնքան աղմկոտ, գայթակղութիւն փնտռող շեշտով եւ այն միւս չարիքին, որ սուղ բանաստեղծութիւնն է այս անգամ, պոլսեցիներուն մօտ այնքան ընտանի ու թանկ նոյն ատեն։ Սեւակ, մինչեւ ոսկորներուն ծուծը գրագէտ, ըսել կ՚ուզեմ՝ կեանքի ամէն երեւոյթները արուեստի բարձրացնելու հետամուտ, այդ կտորին մէջ եղած է քիչ գրագէտ։ Այդ յօդուածը ինծի կը թելադրէ ուրիշ ալ մտածումներ։ Հոն պատմումը մնացած է զերծ բոլոր հովուերգութեանց մօտ թաքուն եսակեդրոնութենէն։ « Փոխան հարսանիքի »ն, վերջին վերլուծումով, սեղան մըն է, զոր պիտի ուզեն առանձին, իրենց համար միայն։ Սեւակ իր խառնուածքին կշիռը կու տայ, երբ այդքան անձնական պատահար մը չի վստահիր իր տիրական եղանակին, շեշտին վերածել, որ ազնուական մտադրութիւնն է ցաւը, դժբախտութիւնը նուաճելու։ Այդ պատմուածքը ունի իրեն համար նիւթական շրջանակ Լոզանն ու Փարիզը։ Մեծ քաղաքներու եսապաշտ օտարութիւնը մեր ժողովուրդը կը պատկերէ « Մսող սիրտ »ով։ Ամուսնութեան, իր ամենէն տաղտկալի ձեւակերպութիւններն իսկ պատրուակ են Սեւակի համար խոր ու իրաւ դիտելու ։ Ու ինչպէս որ « Քայքայում »ին մէջ . Պարթեւեան), արագ-արագ քաշուած քանի մը գիծեր կը բաւեն ընդմիշտ մեր ներսը սեւեռելու, եթէ ոչ լման դասակարգեր, գէթ կը յաջողին մարդոց անկորուստ պատկերներ կախել մեր փորձառութիւնները տարօրէն կերպագրող, նոյնպէս, այդ պատմուածքը, անշուշտ նուազ խտութեամբ, բայց աւելի պարկեշտ, հայեցի, մեզի համար նոյնիսկ հաճելի մարդկայնութեամբ մը կը սեւեռէ մեր մտքին մէջ նկարագիրներ, հոգիի պահեր, երբեմն աւելի ընդարձակօրէն՝ յուզումներ, այսինքն գրագէտով մը նուաճելի ազնուական արարքներ։ Հայ թէ օտար, Սեւակի մարդերը կը պահեն տառապանքին սրտառուչ կնիքը։ Յորդ զգայնութիւնը գրագէտին, անոր գորովով թրթռուն սիրտը տեսակ մը պահպանակ իբրեւ կը միջամտեն մարդոց դժբախտութեան եւ ընթերցողին տրամադրութեան ընդմէջ։ Ճակատագրին այդ զոհերը, Սեւակի հիւանդները, մեզ կը հետաքրքրեն իրենց ցաւին հետ, ասկէ անդին անցնող իմաստովը իրենց դժբախտութեան եւ Պարթեւեանի տէրտէրները Քայքայում »), երէցները, վարդապետները չարագին յօրինումներ են, ըսել կ՚ուզեմ հեղինակը զանոնք թաթխած է իր մաղձին, իր հոգիին անջնջելի շարաւին մէջ։ Սեւակի մօտ այս հոգեկան դառնութիւնը հազիւ կը զգաք։ Ու իր տէրտէրը, այդ պատմուածքին մէջ Փոխան հարսանիքի », «ԲԺԻՇԿԻՆ ԳԻՐՔԷՆ ՓՐՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ») մեզ կը գրաւէ։ Զուր տեղը չէ, որ մեր գրական մուտքը կ՚ընենք քեր/34/թուածով, պատմումով, դատումով, նկարագրումով։ Սեւակ բանաստեղծ մըն է։ Ու ահա ինչո՛ւ իր ամենէն դառնաթաւալ պատմումները կը քաղցրանան, վասնզի գրողին սկզբնական բախումը բանաստեղծութիւն կախարդական իսկութիւն մը կը թափէ այդ մղձաւանջային տեսարաններուն ծոցը։

 

Ողբերգութի՞ւնը ։ Հարցումը պիտի ըլլար աւելորդ, քանի որ բժիշկը մեր քաղաքակրթութեան մէջ վիշտին քահանայապետն է դարձած։ Ան, բժիշկը, կանխող քաղաքակրթութեանց մէջ տօնական անձնաւորութիւն մըն էր, մեծերու պալատներուն փնտռուած արարողապետը, շատ–շատ, հասարակ խաւերու մօտ, անհասկանալի կախարդը, խոտերու եւ ջուրերու տեսակ մը ալշիմիսթ ։ Մեր օրերուն, ան կեանքին եթէ ոչ բաշխիչը, գէթ ցաւին դիմակալող կիսաստուածն է։ Ու իբր այդ, մեր ողբերգութիւններուն ամենժամեայ հանդիսատեսը։ Սեւակի բոլոր վիպակները բնական է, որ ըլլային նստած խորը այդ ողբերգութեան։ Ու ահա՛ տարօրինակը։ Պարզ վիպակի մը մօտ այդ ողբերգութիւնը կը հպատակի կառուցման ծանր պրոցեսի մը։ Լայն ու խոր վերլուծումներ են հարկաւոր, մինչեւ որ այդ վիպողին լաստակերտած տրաման մեզի համար ըլլայ հասկնալի։ Հոս, այդ դժուար գործողութիւնները չունին գոյութիւն։ Տրաման արդէն կազմակերպուած, ամբողջ, անդառնալի կերպով կատարեալ կը ներկայանայ քլինիք, հիւանդանոց կոչուած նոր օրերու հսկայական բեմին վրայ, ուր կը սպասէ, մահուան պաշտօնատարին նման, իր գործիքներով, դանակներով եւ թոյներով սպառազէն, ճերմակ շապիկին մէջ իր սարսափը մեղմել աշխատող վհուկը, օրէնսդիրը, ճակատագիրը ի՛նքը, ձեւն առած մարդու։ Այնպէս, որ կեանքին ամենէն անուշ կտորներն անգամ (ու ասոնք կան Սեւակի գործին մէջ։ « Մանչերուն գերեզմանը », հովուերգական տեսարաններու քաղցրութեանը վերէն, կը քալէ դէպի մահուան փոսը։ « Հարսերուն գաղտնիքը » կեանքի անուշիկ պատկեր մը իբրեւ կը սկսի։ « Ահաւոր տարակոյսը » ցաւին գեղեցկութիւնն է, որ իրեն զսպանակ ունի) Սեւակի մօտ հարկադրաբար կը զգենուն սա ճակատագրական, պիտի ըսէի՝ մահապարտի շապիկը, երբ կը փռուին գործողութեան սեղանին, կամ հիւանդանոցի մը անըմբռնելի կերպով ահաւոր մահիճին մէջ, ուր քովը արդէն մահը առած է մէկը իր ճիրանին մէջ ու կտոր-կտոր կը խղդէ. ինչ որ քանի մը շաբաթ, նոյնիսկ օր առաջ անկարելի կը թուէր քեզի, ինչպէս հոգին տալու ստիպուողին, ու քեզի կը մղեն ապրելու քու ալ կարգիդ սարսափը, վարագոյրէ՜ն առաջ։ Բացի « Հրաշալի բժշկութիւն » /35/ զուտ լրագրական ու սովորական յօդուածէն ու « Նաբոլէոնի մահը » վերնագրուած պարսաւաշունչ տեղեկագրէն (խօսեցայ արդէն « Փոխան հարսանիքի » կտորին տարողութեան մասին), մնացեալ կտորները անխառն, որքան անդարման ողբերգութիւններ են ու մեզ կը յուզեն, գրողին բոլոր կարելի թերացումներուն հակադրօրէն։ Սեւակ պատմելու շատ տարրական զգայարանք մը ունի։ Ի ծնէ գրագէտը եւ կեանքին մէջ կազմուածը վերջ ի վերջոյ կը նոյնանան անշուշտ. բայց երեսունէն վար մարդիկ կը մնան առհասարակ հպատակ իրենց հետ բերածին ։ Ըսի, թէ մահուընէն քանի մը տարի առաջ միայն պիտի մտածէր արձակին: Բայց քսանամենի՝ ան քերթող մըն էր։ Տարիները անոր սա սկզբնական հակումը պիտի չսրբագրէին։ Սեւակ պիտի աճի։ Ամեն երիտասարդի նման, որ մեզի պէս ժողովուրդէ մը կու գայ, ան պիտի աճի ընկերային, ազգային, յեղափոխական խռովքներու, խմորումներու ընդմէջէն։ Ու պիտի իւրացնէ համոզումներ, առաքելատիպ կարծիքներ, մարգարէի շեշտ ու խստութիւն, ու ասոնք արտայայտելու մէջ պիտի չվարանի յոխորտ, միամիտ, կտրուկ ալ վճիռներու գործածումին պարագայ, որ առնուազն կը վիրաւորէ պատմումին գնացքը, եթէ չի կործաներ։ Լրագրի մէջ ու համար յօրինուած այս կտորները պարտքեր ունին, հեղինակէն անկախաբար։ Ասոնցմէ մէկն է անշուշտ դասը, խրատը, բարոյականը, որ պահանջն է միջին ընթերցողին։ Ու ատոնցմէ միւսն է գրականութիւնը ընելու պատրանքը։ Ընկերային հարցերը այդ երիտասարդութեան տիրական հետաքրքրութիւնը կը կազմէին Եւրոպայի մէջ, առաջին մեծ պատերազմէն անմիջապէս առաջ։ Ու ձգտումով գրականութիւնը, արեւելահայերուն ազդեցութեամբը, 1910–էն ետք մեր մէջ շահած էր քաղաքացիի իրաւունք։ Բախտ է, որ կարենամ ըսել հոս, թէ երիտասարդութիւնը, որ մարմինին չափ հոգիինն ալ է, ջերմութեան դերը, առաքելութիւնը ըմբռնելու համոզումին մէջ, քիչիկ մը հռետորութիւն, որ հրապարակին բարեխառնութիւնն է այդ օրերուն, ուր յուզումը, կիրքը, հառաչքը դեռ չեն խրամատուած, այսինքն ենթարկուած մեծ պատերազմին անհուն կործանումին, պզտիկ բարիքներ չեն, որպէսզի ընթերցողին կողմէ կատարուի զիջումը այդ կասկածելի պատմումին հանդէպ։ Կ՚ըսեմ՝ այսպէս, վասնզի 1910–ին մեր նորավէպը տիրական կնիքն էր առած Զօհրապեան պատմումին, ուրկէ դուրս ամէն նոր փորձ հազիւ կեանքի սկսած, կը կործանէր ինք իրեն։ Տիգրան Չէօկիւրեան, Երուխան (այս վերջինը գոնէ իրապաշտ թեքնիքին սպասն էր ըրեր տարիներով) այդ թուականներուն կը հրատարակեն պատմուածքներ, որոնք /36/ չեն կարդացուիր։ Տիկին Եսայեանի վիպակներուն ուրիշ չեղաւ բախտը։ Հրանդ դեռ կը յամառէր պատմել ու կը մնար առանց ընթերցողի։ Սեւակի պատմումին գտած ընդունելութիւնը, եթէ երբեք որոշ չափով կը մնայ ենթակայ նորութեան, նորոյթին, բայց հաւանաբար կը հետաքրքրէ այդ օրերուն մասնակի մէկ ընկալչութիւնը։ Ազգայնական վիպակը . Ահարոնեան) Սահմանադրութեան հռչակումովը (1908) Պոլսոյ հրապարակը կ՚ողողէր ու նման ամեն չափազանցութեան կը յոգնեցնէր։ Շիրվանզատէի հասարակ պատմումը, որոշ մեղրալուսնէ մը ետք, կը դառնար իր թերթօնային արժէքին։ Այս խուժումներուն դերը պիտի ըլլար մէկ կողմէն յոգնեցնել, միւս կողմէն նորութեան պահանջը զօրացնել։ Տեսէք ի՛նչ կ՚ըսէ մարդուկ մը Սեւակի ոճին համար. «…Զգացումներու փափկազգաց նկարիչ մը, լեզուի ciseleur մը եւ բառին ամբողջ ուժովը՝ հաճելի գրագէտ մը։ Գրական նոր ճիւղ մը կը ստեղծէք, որուն վրայ հիացողներէն մէկը ներեցէք որ ես ըլլամ»։ Եթէ Իզմիրի մէջ շատ գրող հտպիտի մը . Արփիար) սա, տողերը կը գտնէք ծիծաղելի, ահա՛ ձեզի ուրիշ ալ վկայութիւն։ «…Շնորհաւորութիւններս այն զմայլելի ձեւին համար, որով կը գրէք ձեր բժիշկի էջերը: Չէք կարող երեւակայել, թէ որպիսի՛ խանդավառ ընդունելութիւն գտած են անոնք ընթերցող հասարակութեան մէջ, թէ՛ հոս, թէ՛ արտասահման։ Ասիկա նախ կ՚ապացուցանէ այն անտարակուսելի գրական ճարտարութիւնը, որով կը գրէք ձեր յօդուածները, քերթուածի մը չափ թրթռուն, երկրորդ՝ մանկավարժական այն մեթոտը, որով հիւանդութեանց սարսափն ու գարշանքը կը ներշնչէք, առանց խրատի ու քարոզութեան հին պանալ մեթոտին, եւ երրորդ՝ այն որ, ափսո՜ս, այնքան տառապանք կայ մեր հասարակութեան ծոցն ալ, ու ա՜յնքան հիւանդ, ա՜յնքան վիրաւոր»։ Այս տողերը ելած են գրչէն Ռուբէն Զարդարեանի, որ այդ ընթերցող հասարակութեան միջին դատումը ունենալէն զատ, ունի նաեւ գրողներուն ալ հասկացողութիւնը։ Արդ, ինչ որ ամենէն աւելի վիրաւոր էր, ու այսօր մեզի կը ներկայանայ այնքան անդարման, ատիկա ճիշդ այդ զմայլելի որակուած ձեւն է ահա։ Սեւակի արձակին այս նուազումները կու գան բազմատեսակ պատճառներէ։ Ասոնցմէ ոմանք վերը ինկան ուշադրութեան։ Ահա՛ ատոնցմէ ուրիշներ։ Ան գրած է լրագրին համար ու ահաւոր աճապարանքով։ Ան գրած է թաքուն ճնշումին տակը օգտապաշտ հանգանակին։ Ան գրած է քիչիկ մը ընդառաջելու համար զինքը պարուրող հիացումը։ Կարճ՝ արեւմտահայ գրականութեան մէջ տիրական կերպին անձնատուր, Ռուբէն Սեւակ, ուրիշ կենսական զբաղումներու հետ, ասոնց ներած չափովը, /37/ նաեւ չէ վախցած սպասարկելէ արեւմտահայ գրականութեան [3] ։ Ու նոր չէ, որ երկուութիւնը վտանգ մը կը կազմէ, քիչ մը ամէն ճակտի վրայ։

Մասնաւոր պարագայ մը, որուն չէինք անդրադարձած, երբ Սեւակի վիպակները շաբաթներու կամ ամսուան մը ընդհատով կերեւային «Ազատամարտ»ի մէջ։ Ստոյգն ան է, որ անոնք չէին վերածուած սպասման (այս մանրամասնութիւնը չեմ ուզեր շահագործել։ Ախորժակն ալ կարող է բնաւորութեան վերածուիլ)։ Ընդհանուր տենդին մէջ, որ այդ վիպակներուն հրատարակութեան տարին կը զատէ մեր նսեմ, արիւնոտ տարիներէն, իր խոստումներովը, մարդու պէս ապրիլ կրնալու այնքան հեռացած իրողութեանց մեզի մատչելի դառնալու գրեթէ ապահով փաստերովը, մենք գուրգուրանքն ունէինք մեր հին արժէքներուն ու բարձր կ՚ուզէ ինք գնահատել մեր նոր ուժերը։ 1941–ի վերջերը գրուած սա ուսումնասիրութիւնը իմ մէջ ու/38/րիշ աշխարհի մը լոյսէն կ՚առնէ իր գիծերը։ Հատորը, կազմուած այդ վիպակներէն, իմ մէջ կը թելադրէ ուրիշ զգայութիւններ։ Մտայ անոր ընթերցումին մէջ, առանց վախի, հաւանաբար պաշտպանութեանը տակ քառորդ դար առաջուան հոգեվիճակին։ Մեծ էր իմ ուրախութիւնը։ Առաջին քանի մը վիպակները ճառագայթող նորութիւն, գեղեցկութիւն էին, ինչպէս եղած էին ատենին։ Անոնք նուաճեցին իմ մէջ ամէն անհանգստութիւն։ Մէկ շունչով կարդալը անշուշտ ընթերցողի առաքինութիւն մըն է, բայց թերեւս է նաեւ առաքինութիւնը ինքզինք կարդացնող գրողին։ Հատորին կէսը չհասած, մենք ընտելացած ենք գրողին նորութեան: Ձեզ կը ղրկեմ, հոս ընդհատելով սա մտածողութեան գնացքը, Զօհրապի « Խղճմտանքի ձայներ » հատորին։ Պիտի կարդաք թերեւս գաղջ տրամադրութեամբ, բայց պիտի չայցուիք յոգնութեան այն զօրաւոր զգացումէն, որ կը ծանրանայ ձեր աչքերէն ներս, ձեր հոգիին վրայ։ « Խղճմտանքի ձայներ »ը իրենց խորքի զանազանութեան չեն պարտիր իրենց բախտը։ Զայն կազմող կտորները գրուած են գրողին կարելի խղճմտութեամբը, պայծառ մտատեսութեամբ եւ որոշ պատասխանատուութեամբ։ Սեւակի վիպակները զուրկ են սա թեթեւ բայց այնքան ալ բախտորոշ առաքինութիւններէն։ Ու անխուսափելին կ՚ունենայ տեղի։ Դէպքերուն ահաւորութիւնը՝ նո՛յն, տրամին խռովքը՝ նո՛յն, պատմումին թեքնիքը՝ նո՛յնը մնալուն հակառակ, « Ցաւի Միսը », « Մեռցնելու իրաւունքը », « Տէլիրիում թրէմէնս », յիշելու համար քանի մը նմոյշ, մեզ կը ձգեն գրեթէ անտարբեր։ Առեղծուածին դժուար չէ լուծումը։ Նորութեան պաշտպանութիւնը աւելի չարժեր քան որեւէ պաշտպանութիւն։ Ամէն արուեստագէտ ամէն բանէ առաջ պատասխանատու է արուեստին, որ հեքիաթային, բնազանցօրէն խոշորցուած բան մը չէ սա տողերուն վրայ, այլ պարզագոյն բան մը, ամէնուս ծանօթ խղճմտանքը։ Ու այս խղճմտանքն է, որ աղօտած, թուլցած է այդ պատմումներուն ներսը։

 

« Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր »ը, ընդհանուր ըսուածքով մը, կը տառապի նաեւ արտայայտութեան անփութութենէն։ Հոն քիչ է թիւը բացարձակ էջերուն Մանչերուն գերեզմանը »ին մէջ որոշ էջեր, «Կռունկը»՝ ամբողջ), որոնք իսկապէս յարգանք պարտադրէին։ Քառորդ դարը բաւած է հատորին սրութիւնը (արտայայտման) մեղմելու։ Իր մեծ մասին մէջ, այսօր անիկա ցաւը կ՚առթէ լրագրականով արատաւոր, ընկերաբանականով սպառազէն, ձգտումով ծանրաբեռն վիպումին։ Կը յիշեմ աւելի լուրջ կորանքներ։ Մեր լաւագոյն վիպա/39/սանին, Երուխանի վիպակներուն հաւաքածոն Կեանքին մէջ »), Չէօկիւրեանի « Հայրենի ձայներ »ը անկարող եղան իրենց հեղինակները լրջօրէն վտանգելու սակայն։ Մէկը իր յիշատակին կոթողը ունի՝ « Ամիրային աղջիկը »։ Միւսը՝ « Վանքը », որ բաւ է անոր անունը փրկելու։ Սեւակի համար, քննադատը չունի ուրիշ պատեհութիւն եթէ ոչ անոր քերթողութիւնը արժեւորել, ազատելու համար այնքան գեղեցիկ առաքինութիւններով օժտուած դէմք մը անարգ կորուստէ մը։

 


 



[1]     Իբր հատոր ունի հրատարակած «Կարմիր գիրքը» (1910), Կիլիկեան եղեռնէն ներշնչուած։ Յետ մահու հրատարակութիւն մըն է «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»ը, հաւաքումը այն պատմուածքներուն, որոնք գրուած են Լոզան ու լոյս տեսած Պոլիս, «Ազատամարտ» օրաթերթին մէջ (1913-1914)։ Կ՚ըսուի, թէ ունի անտիպներ՝ «Քաոսը», «Վերջին Հայեր», «Սիրոյ գիրքը» (որմէ լոյս տեսած են բազմաթիւ կտորներ, քերթուած բոլորն ալ) եւ ուրիշ պատմուածքներ, յետ մահու հաւաքուածներուն սեռէն։ Աշխատակցած է գրեթե բոլոր արեւմտահայ հանդէսներուն («Մասիս, ուր 1905–ին նոր մուտք կ՚ընէ մեր գրականութենէն ներս, «Լոյս», «Արեւելեան մամուլ», «Սուրհանդակ», «Ազդակ», «Շանթ», «Հայ գրականութիւն», «Գեղունի», «Բազմավէպ», «Արագած») ու տարեցոյցներուն (Թէոդիկ, «Նաւասարդ»)։ Իր մասին Միքայէլ Շամտանճեան ունի վկայութիւններ («Յուշարձան Ապրիլ 11–ի»), «Չանղըրըին վերյիշումներ» յօդուածին մէջ՝ իր մահուան զարհուրանքը։ Արմէն Սեւան, «Նահատակ գրողներ» անունին տակ, նուիրած է կենսագրական եւ վերլուծական փոքրիկ հատոր մը։

[2]     1900–էն ետք մեր տղաքը կը տեսնենք քաշկռտուած դէպի տրտմութիւնները արձակ քերթողութեան, հիմնովին բառ ու սեթեւեթ, դէպի էջեր գրաւող նկարագրութիւններուն սնոտիքը ու պոռնկագրական հաստութիւնները։ Մեծատաղանդ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենց (որուն արձակները Թորոս Ազատեան հաւաքած է «Ոսկէ արիշին տակ» անունով հատորի մը մէջ) տաժանելի նմոյշ մըն է այդ ահաւոր բառախտին, ինչպէս Արտաշէս Յարութիւնեանի «Թեգուկը» (հեքիաթ մը) նկարագրելու հիւանդութեան, Տիկին Եսայեանի առաջին արձակները («Եաշմաքը», «Աշուղը», մեծ մասը «Սկիւտարի վերջալոյսներ»ուն) ու ինչ որ կիներու հեշտալից «Ծուլութեան պահեր»ը ու նման զառանցանքները բերին մեր գրականութեան, լայնօրէն կը պարզեն վիճակը այս զառածումին։ Աւելի հետաքրքրական է պարագան Տիկին Սիպիլի։ Կարդացէ՛ք իր «Կնոջ Հոգիներ»ը, որոնք պատերազմէն շատ ետք հատորի մտան, բայց որոնք կազմող նորավէպերը շատ յստակ կերպով մը մեզի կը ցոլացնեն այդ հոգեբանութիւնը։ Այդ հատորին մէջ յաջող են այն պատմուածքները, որոնք գրուած են մեր իրապաշտութեան հերոսական օրերուն (ընդհանրապէս Գրիգոր Զօհրապի եւ Հրանդ Ասատուրի կողմէ խմբագրուած «Մասիս»ին մէջ (1892—1897) ու տկար միւսները, որոնք կ՚իյնան 1900–էն ասդին։ Տիկին Զարուհի Գալէմքեարեան 1930–էն ետք «Թոռնիկիս» անունով հատոր մը հրատարակած է, ուր դժբախտ սեթեւեթը աւելի քան ի զօրու կը թուի 1900-ին ստացուած վարժութիւններուն։ Տիկին Եսայեանի նորավէպը բոլորովին տարբեր բան մըն է իր վէպէն, թէեւ ասոր առաջին նմոյշը՝ «Շնորհքով մարդիկ», հազիւ կ՚ազատի հիւանդութեան խարանէն, յորդ իր զգայնութեան բարիքովը։ 1930–ին, երբ նոյն այդ Տիկինը պիտի պատմէ իր աղջկնութեան յիշատակները («Սիլիհտարի պարտէզները», լոյս տեսած Երեւան, պիտի գտնէ հրաշալի պարզութիւնը իր վէպին («Հոգիս աքսորեալ», «Վերջին բաժակը», «Անձկութեան Ժամեր»)։ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանն իսկ չէ կրցած զերծ պահել իր գրիչը այս դժբախտ վարակումէն: Իր գործին ամենէն տկար մասը կը կազմեն իր տպաւորապաշտ էջերը («Ա. Բ. Գ. ի դասը» եւ այլն)։ «Ուր խեցիներ ժողովեցի» . Տ. Յակոբեան) այդ ուրիշ վիպումին կը պատկանի։ Քիչ մը աւելի տաղանդ դրէք այս ամէնուն ետին ու դուք կ՚ունենաք «Ներաշխարհ»ը, որուն մեծագոյն մեղքը այդ արձակէն կը բխի։ «Ցայգալոյս»ի մէջ տկար են այսօր այն կտորները, որոնք ամենէն աւելի խօսեցուցած են իրենք զիրենք, այսինքն արձակ քերթուածները։ Կ՚ընեմ այս ճշդումները, թելադրելու համար ո՛չ թէ Սեւակի մօտ ձեւապաշտութիւն մը, սեթեւեթ մը (որոնք անոր ոտանաւորը կը վիրաւորեն, բայց ատեն չունին երեւան գալու անոր արձակին մէջ), այլ կառուցման հանդէպ անոր հիմնական անփութութիւնը, կեանքը նուաճելու սրբազան պարտքին մէջ իր աճապարանքը, նիւթին նպաստ մուրալու իր զիջումը, որոնք կը նոյնանան 1900–ի մարդոց տագնապին` բառէն, արկածէն, սեռային գէջ հետաքրքրութիւններէն սպասելու, ինչ որ իրապաշտները կ՚առնէին կեանքին պարզ յաղթահարումէն։

[3]     Ասիկա հին ցաւն է մեր զոյգ գրականութեանց։ Հայ գրագէտը շքեղ, անվերածելի սիրող մըն է, ֆրանսացիներուն amateur-ը։ Թէ ինչո՞ւ. պարզ է պատճառը։ Բայց Սեւակի համար ներկայացողը տարբեր տագնապ մըն է։ Ասպարէզին համար ու անոր մէջ իր աչքերը գոցող գրագէտ շատ քիչ ենք ունեցած։ Բայց սիրողներու կը պարտինք, շատ ցանցառ բացառութեամբ, ինչ որ կը կազմէ մեր գրականութեան ամենէն մաքուր փառքերը։ Սեւակը պիտի չարժանանար ուրիշ ճակատագրի։ Բայց ահա յիսուն տարի ետք մենք մեր երախտագիտութիւնը չենք սակարկեր մեր գրողներուն մեզի ձգած վաստակին հանդէպ։ Որքան ալ անբաւարար, մեր այսօրուան պահանջումները գոհացնելու, մեր վաւերական գրագէտներուն գործը կ՚արժեւորենք նախ իրենց շրջանին համար, երկրորդաբար կ՚ըլլանք խանդավառ նաեւ այն վայելքով, որ մեզի կու գայ անոնցմէ, այս անգամ ցեղին տեւական արժէքներուն իրենց բերած նպաստին համար։ Անուններ չեմ տար (պէտք պիտի ըլլար յիշել բոլոր նուիրական դէմքերը մեր երեք սերունդներուն)։ Միակ օրինակ մը պիտի ճշդէր իմ մտածումին տարողութիւնը: «Պանդուխտի կեանքէն» պիտակուած էջերը իրենց երկնումին, գործադրումին, մատուցումին համար քառորդ դարու անջրպետով մը, կը պարզեն գրեթէ նոյն պայմանները, որոնք կ՚իշխեն «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»ուն համար։ Անկախաբար երկու քրոնիկներուն ցեղային այլապէս բարձր իսկութեան քանակին, որ պարտի ըլլալ խտացած ամէն արուեստի գործի մէջ, Սեւակի հատորը կը տկարանայ նաեւ արտայայտութեան զանցումներով, մինչ անոր ցեղային տարրը այնքան քիչ է բաղդատուած «Պանդուխտի կեանքէն» հատորին պարունակած անմահ հայեցիութեան: Սեւակ, ապրելով իր ժողովուրդէն հեռու, զրկուած էր անոր սուրբերուն պաշտպանութենէն։