Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. [ԼՐԱԳՐՈՂԸ, ԽՄԲԱԳԻՐԸ, ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ]

/246/Մեր 1900–ը, ուրիշ պիտակով մը՝ արուեստագէտ սերունդը գրական տեսակէտով մեզի կը ներկայանայ այսօր բառական անյարիր, աւատարը։ Հոն կան անուններ, որոնք կը զանցեն դասաւորման ամէն փորձ։ Ինչպէ՞ս հաշտեցնել Թլկատինցին եւ Ինտրան, որոնք այդ սերունդին տիրական դէմքերը կը նկատուին այսօր, բայց ոչինչ ունին իրարու հասարակաց խորքէ, ձեւէ, ձգտումներէ եւ արդիւնքէ։ Ինչպէ՞ս արժեւորել Մշոյ Գեղամը եւ Խարբերդու Զարդարեանը, գրեթէ նոյն պայմաններէ ծնած, բայց գրական հասկացողութեան, ինչպէս իրագործումներու տեսակէտէն, իրարու գլխովին հակադիր։ Ու այս ճամբով՝ ի՞նչ միջոցներ գործածել, որպէսզի Տիկին Եսայեանի եւ Սուրէն Պարթեւեանի զգայնութիւնները, առաւելապէս եւրոպական իւրացումներու մէջ ինքնացած, ըսան այնքան տարբեր, այնքան իրար քիչ յիշեցնող, սերունդէ սերունդ անխուսափելի խրամատի մը տպաւորութիւնը թելադրող այլուրութեամբ մը՝ արուեստի զգայարանքէն։

Արամ Անտոնեան չի կրնար ձգուիլ խումբի մը մէջ, ուր կան արուեստագէտ սերունդին հզօր, անխորտակելի փառքերը։ « Համապատկեր »ը այդ փառքերէն իւրաքանչիւրին նուիրած է համեմատական ուշադիր վերաբերում։ Ընդարձակ մենագրութիւններու պատճառ եղած են անոնք, այս աշխատութեան ընթացքին։ Միմիայն մէկուն համար ես դրած եմ մեր ժողովուրդին հոգեխառնութենէն համապատասխան խաւեր։ Արամ Անտոնեան շատ մօտիկէն կապեր ունի այն մարդոց հետ, որոնք կ՚անուանուին Յովհաննէս Ասպետ, Յակոբ Տէր Յակոբեան, Զարուհի Գալէմքեարեան, Անայիս, Եդուարդ Գօլանճեան, Միհրան Իսպիրեան, Մ. Ուղուրլեան, Ս. Նուրեան, Գ. Մալխաս, Լեւոն Քիրիշճեան, Մուշեղ վարդապետ, Մերուժան Պարսամեան, Ժագ Սայապալեան, Գ. Խանճեան, Հրանդ Նազարեանց, Ենովք Արմէն, Տիգրան Սիւրմէյեան (ապագայ Արտաւազդ Սրբազան) եւ տակաւին տասնեակ մը ուրիշներ, շրջանին մէջ իրենց աղ/247/մուկովը, յաւակնութիւններովը, փառասիրութիւններովը իրարու ներքնապէս հաշտ անուններ, որոնցմէ մեր գրականութիւնը ժառանգած է գիրքեր, բայց անբաւարար հարազատութեամբ, անբաւարար արուեստով ու անբաւարար գործադրութեամբ։ Վրիպած գիրք է անշուշտ « Լքուած քնար »ը (Արտաշէս Յարութիւնեան), բայց կը քաւէ իր վրիպանքը զինքը հեղինակողին այլապէս լուրջ ցանկութիւններուն փառքովը։ Կը մոռնանք, մեծ հանդարտութեամբ, այդ տաղարանը, բայց կը կենանք, եթէ ոչ յարգանքով, գէթ որոշ խանդաղատանքով հեղինակին փաստին վրայ, իր ժողովուրդին բարիքը, անոր գրականութեան ազատագրումը հետապնդող հոգեբանութեան մը ծնունդ։ Բայց նոյն զգացումները չեն արթննար իմ մէջ երբ կը կարդամ « Խաչուած երազներ »ը, այս ալ բանաստեղծութեանց հատոր մը, գործ երիտասարդի մը, որ Արտաշէս Յարութիւնեանի չափ կիրքով փարած է գրականութեան, բայց իր անձը, իր եսը արժեւորելու տրտում փառասիրութեամբ մը։ Հրանդ Նազարեանց, գէշ քերթուածներու հեղինակ, մեր գրականութեան մէջ անունի մը բախտն ալ չերաշխաւորեց, վասնզի դրեց սուտ, կեղծ, թիթեղի փայլով շողշողուն տողեր։

Կան տակաւին « Ծփանքներ »ը, Սեւակի, Մալէզեանի, Գեղամ Բարսեղեանի, Վահրամ Թաթուլի ոտանաւոր եւ արձակ էջերը, բոլորն ալ որոշ շահեկանութեամբ, որոշ շնորհներով, բայց որոնց ամբողջութիւնը անբաւական կը մնայ այդ անունները բարձրացնելու իսկական փառքին, զոր չենք սակարկեր Մեծարենցի, Թէքէեանի, Զարդարեանի, Վարուժանի յիշատակներուն հետ։ Ու կը զգանք անշուշտ այս տողերուն ետին տրտում շուքը մտատանջութեան մը։ Ո՞ւր է տեղի Արամ Անտոնեանի։ Այս հարցումը իր նոյն տագնապովը կը տրուի նաեւ Միքայէլ Կիւրճեանի հետ, որ արժանաւոր վաստակ ունի այս գրականութեան uպաuին մէջ, բայց չէ պաշտպանած այդ վաստակը այն տկլոր տարիքով, որուն ճանաչումը ընենք անվերապահ, Թլկատինցիի մը, Վարուժանի մը, Զապէլ Եսայեանի մը գործերուն հետ։

Արամ Անտոնեան իր ժամանակին ամենէն կենդանի հրապարակագիրներէն մէկն է, չըսելու համար ամենէն տիպարայինը։ Հանդէս, օրաթերթ, գիրք իր գոյութեան ամենէն հզօր կիրքերը եղան։ Բայց, որովհետեւ մեր մէջ այդ կիրքերը զուգորդ են ծանր, լուրջ, առնուազն բարձրորակ ձգտումներու, փառասիրութեանց ու համապատասխան վարկի, Անտոնեանի մօտ անոնց պարզած թեթեւ, անլուրջ, սովորական փափաքներու, անփառասէր աշխատանքի հանդէսը այսօր մեզ կը մատնէ շփոթութեան։ Ունէր Արփիարեանի չափ /248/ հանրային իրողութեան զգայարանքը։ Ունէր այդ իրողութիւնը հանրութեան մատուցանելու արարքին մէջ ինքնութիւն մը, ինքնատպութիւն մը, որ կը զատէ զինք օրաթերթի հասարակ, անտաղանդ խմբագրականին ասպետներէն, ինչպէս docte, ծանրաշուք վարժապետին բարոյամոլ քարոզէն։ Կը կարդային մարդիկ իր խմբագրականները, կանխապէս զիջելով այդ ընթերցումին պահանջած ո՛չ թէ տաղտուկը երբեք չէ ձանձրացուցած այլ հաւանական, քիչիկ մը անուղիղ, փարատոքսալ վարանումը։ Օրուան մեծ հարցերուն վրայ ան կը բերէր սուր, գրեթէ նոր տեսակէտներ, հոգ չէ թէ մեծ մասով խնդրական, բայց միշտ կողմով մը, մասով մը՝ հետաքրքրական եթէ ո՛չ ուշագրաւ։ Յետոյ, մարդն էր, որ կը թուէր ինքզինքը engage ըրած, իր պաշտպանած կամ հարուածած սկզբունքներուն խորերը մինչեւ, ջերմութեամբ, միշտ կիրքով, իրաւ ըսողի շատ բնական կերպ պարանքով մը, բայց ու հոս է եղերականը։ Այս տպաւորութիւնը թելադրող գրագէտը, հաւասար անկեղծութեամբ, ջերմութեամբ, միշտ կիրքով, քանի մը շաբաթ, երբեմն ամիս, երբեմն տարի ետքը կ՚անցնէր հակառակ կրկէսը, հոն պաշտպանելու համար իր մօտիկ անցեալը հիմնովին հերքող ուրիշ տեսակէտներ։ Ու երբ կը փորձէք թափանցել այս վկայուածին իմաստը, դուք կ՚այցուիք տրտում յուզումէ մը։ Արփիարեան ալ մեզի կը ձգէ անոր մօտիկ տպաւորութիւն մը։ Բայց անոր հարցերուն տպաւորութիւնը երբեք չէ բաղդատելի 1900–ի մարդոց տագնապներուն, որոնք կը բխին շատ տարբեր հոգերէ։ Այս մարդոց հոգին կ՚ապրի ջարդերուն շատ նսեմ, շատ ստորնացուցիչ կսկիծը։ Այս մարդոց տնտեսականը մանաւանդ գաւառներուն մէջ հովին դէմ բռնուած առագաստի կը նմանի, րոպէէ րոպէ պատռելու, շրջելու սպառնալիքին տակ։ Այս մարդոց ներքին աշխարհը յաճախուած է իրարմէ նուաստ խղճախայթերով։ Կը զգան իրենց շուրջը, վրան, մօտն ու հեռուն թուրքը, ասոր ամենէն արդիացած կերպարանքը, որուն հետ բաղդատուած մեծ բարբարոսը կ՚աղարտի։ Պոլսոյ մէջ հրաշք մըն է սակայն իմացական հաւասարակշռութիւն մը, որուն միացուցիչ տարրերը կը հայթայթուին ազգին ընտրանիէն։ Խմբագիրը 1890–ին ուժ մըն էր, ո՛չ միայն ազգային շրջանակէն ներս, այլեւ պետութեան իսկ ուշադրութեան առարկայ։ Արփիարեան ի զօրու էր երկու–երեք սիւնակ տաք խօսքերով երկու–երեք հազար մարդեր մղել ժանտ, կործանիչ արարքներու: Տասը տարի ետք, ան ստահակ մըն է, շատ–շատ, եթէ երբեք ազգին բարձր խաւերուն մէջ չէ ճարած իրեն պատուոյ աթոռ մը, առնուազն տիտղոս: Օրուան պատրիարքը միայն վարժապետներուն յոբելեան /249/ չի սարքեր, այլ կը հովանաւորէ խմբագիրները։ « Արեւելք »էն տպուող Բիւզանդ Քէչեանը տէրն է սեպհական օրաթերթի մը ու ազգային քաղաքականութեան ամուր, վստահելի, հաւատարիմ առաջնորդը։ Տրտում անուններ են « Մանզումէ », « Արեւելք », « Սուրհանդակ », « Բիւզանդիոն », « Ճերիտէի շարգիյէ », իրենց տէր եւ տնօրէններուն առաւել կամ նուազ վատահամբաւ, խորհրդաւոր, միշտ կասկածելի շքախումբովը։ Այդ օրաթերթերը ձեռնարկներ են, որոնց լարերը կը հասնին Պապը Ալիի, Ոստիկանութեան մութ դահլիճները մինչեւ։ Թերթի մը արտօնատէրը, միշտ 1900–ին, գործնական, գործունեայ, débrouillard անձնաւորութիւն մըն, որուն ամենէն տկար կողմը իր գործին համար իր հիմնական անպատրաստութիւնը, անյարմարութիւնն է։ Ու կը հասկցուի, որ հինգ օրաթերթի պահանջն ունենան երկոտասանեակ մը ասպարէզէն խմբագիրներու, այսինքն մարդոց, որոնք շէնք–շնորհք գրիչ առնել մը կարենան, բայց ունենան մանաւանդ զգայարանքը գրաքննիչ ըսուած կենդանիին հետ հաշտ երթալու, սպասարկեն թերթին, մանաւանդ ասոր խոհանոցը ընեն մեծ ճարտարութեամբ, խօսին քաղաքականութենէ, բայց խլուրդէ մը աւելի օրինակելի մնան իրենց ժողովուրդին ցաւերը պատմելու տարրական արարքին մէջ։ Ու միշտ այդ 1900–ը այն չարաշուք շրջանն է, ուր մեր բնաջնջումը կը դրուի գործադրութեան։ Ի՞նչ խոշոր յուզումներ են մեր գիւղերուն սոթտուիլը իրենց պարտէզներէն, արտերէն, երիտասարդներէն։ Ի՞նչ նուաստացում է, որուն տակ իր գերութիւնը պարտաւոր է ոսկեզօծել մեր միջին դասակարգը, արհեստաւորն ու առեւտրականը։ Ի՜նչ աճպարարութիւն է, որուն մէջ իր ուժերուն լաւագոյնը ստիպուած է սպառել մեր բարձր առեւտրականը։ Ու ազգին մեծ մարմինէն դէպի գլուխ՝ մեր մտաւորականութիւնը, հոգեւորականն ու աշխարհիկը որքա՛ն դժուար, դիւրաբեկ միջոցներու կը մնայ տէր, քաշքշելու համար հզօր մղձաւանջը իր ժողովուրդին հոգեվարքը հանդիսատեսելու, բայց այդ մասին ո՛չ միայն լուռ ըլլալու, այլեւ պարզելու գրեթէ զուարթ երես մը։ Մեր գրականութեան համար արգիլուած գօտի է մեր ծով ցաւը։ Ու մեր խմբագիրները Պոլիս, ամէն օր, 5-6 բեմերէ, շնորհը կը գտնեն, կը ճարեն, բան մը ըսելու։ Արամ Անտոնեան այս մունետիկներուն մէջ ամենէն ճպուռ, ամենէն թեթեւ, ամենէն հասուն իր դերին համար անձնաւորութիւններէն մէկն է։

Այս հաստատումը զիս կ՚արտօնէ ըլլալու մէկ անգամէն կարճ, ու այդ անունին ետին չփնտռելու զարթօնքի սերունդին, իրապաշտներուն մօտ այնքան յարգուած, պատկառելի տիպարը հրապարակա/250/գրին։ Երուանդ Տէր Անդրէասեան մը, Արշակ Ալպօյաճեան մը, Աբիկ Մուպահաճեան մը, Արամ Անտոնեան մը իրաւ կ՚արժեն անշուշտ իբրեւ խմբագիր։ Բայց կը զատուին իրարմէ իրենց դերը գործադրելու մէջ իրենց ցոյց տուած արժանաւորութեամբ մը։ Այս է պատճառը, որ պաշտօնական, այսինքն թերթի մը տիտղոսաւոր խմբագրապետէն վատ, պատահական յօդուածագիրն ալ, այդ թերթին մէջ, պարզ պաշտօնականին, հանգամանաւոր լրագրողին մեղքերն ու բարեմասնութիւնները։ Տիգրան Արփիարեան մը, Միքայէլ Շամտանճեան մը, Ենովք Արմէն մը, Հայկանոյշ Մառք մը, հանդէսներու մէջ, կը կրկնեն օրաթերթի մունետիկներուն փառասիրութիւնները։ Իրարու վրայ յարձակիլը ոչ միայն պարտք է, այլեւ հաճոյք: Իրար աւելի համով, աւելի վճռական, աւելի կատաղի նախատելը, կործանելը ո՛չ միայն փաստ է տաղանդի, այլեւ նկարագրի։ Օրաթերթն ու հանդէսը մէյ-մէկ ամրոցներ են, ուր դիրք բռնած մարդեր իրար կը հարուածեն անասելի լրջութեամբ մը։ Երբեմն խմբագրական էջերը անբաւական կու գան թոյնը թափելու։ Երբեմն հանդէսներու ներսը, լուրջ ու բարեկիրթ սկիզբ մը սանկ տանելի բանավէճ մը կը թելադրէ։ Բայց պէտք չէ խաբուիլ։ Այդ բանտարկութիւնը պիտի վերածուի անօգուտ որքան անսրբագրելի կատաղութեան մը։ Մարդիկ պիտի ստեղծեն առիթ, այդ իսկ սկիզբներէն ետք, յետգրութեամբ մը, իրենց յարձակողականը արձակելու, առանց անդրադառնալու, որ յօդուածին մարմինը հիմնովին ուրիշ գործէ կու գայ։ Բոլորն ալ իրարու կոկորդին փաթթուած մարտիկներ կը թուին այսօր։ Ու Արամ Անտոնեան այդ կագուկռուի կրկէսին վրայ տիրական մարտիկ մըն է։ Արեւմտահայ գրականութիւնը քննադատներէն տկարութիւն, տրտմութիւն միայն ժառանգեց, վասնզի հանրային, ընկերային, ազգային գետնի վրայ գործադրուած դրութիւնը իրար բզկտելու երբ կը տարուի գրական գետինին, կը դառնայ այդ օրերու քննադատութիւնը։ Ասոր համար է, որ բոլոր խմբագիրները նոյն ատեն քննադատներ են։ Տարօրինակ չէ՞ փաստը, որ մեր գրականութեան ամենէն արժանաւոր մէկ բանաստեղծը, Միսաք Մեծարենց կարօտ մնայ Արամ Անտոնեանին Ծիածան »ի յառաջաբանը), կերպով մը, չափով մը հասկնալի է, բայց նոյն ատեն Բիւզանդ Քէչեան ին, որ բանաստեղծութեան վրայ տեսութիւն պարզելու չափ առաջ կ՚երթայ նորահաս քերթողը… lancer ընելու գրեթէ անըմբռնելի պայծառատեսութեամբ մը։ Կը յիշեմ, « Մանզումէ »ն, իր Երուանդ Տէր Անդրէասեանով, որ « Ծիածան »ի հեղինակին նուիրեց սրտոտ, որքան արդար ջատագովական մը։ Արդ, երկու խմբագիրներն ալ այնքան կը հաս/251/կնային բանաստեղծութենէն, որքան այս տողերուն հեղինակը… աստուածաբանութենէն։ Կը յիշեմ այս մանրամասնութիւնները, տուած ըլլալու համար պատկերը իմացական կեանքի մը, ուր հիմնականը այն ու այս խածնելը կամ վառարանելը կը մնայ։

Արամ Անտոնեան բախում է ունեցած բոլորին հետ։ Տիրան Չրաքեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Յովհաննէս Ասպետ, Ենովք Արմէն, Տիգրան Արփիարեան, Մերուժան Պարսամեան, Եդուարդ Գօլանճեան, կիները, որոնց շուրջը դարձող սիրերգակները, բոլոր ջոջ խմբագրապետները մինչեւ 1908–ը։ Ու անկէ ետք ալ բոլոր յեղափոխական լիտրները, աքլորները։ Չունիմ ո՛չ մէկ գովեստի խօսք Անտոնեանի այս յորդ խանդին համար, վասնզի այդ խանդը վատնուած է միշտ… անօգուտ նպատակներու, փառասիրութեանց գոհացումին։ Ան կը հասկնայ շատերուն չափ ու քիչ մը աւելի նոյնիսկ գրականութենէ իր բոլոր սեռերուն մէջ, որոնք կը փորձուին շրջանին, Պոլսոյ մէջ բայց նման Միքայէլ Կիւրճեանի, խոր, անդարման արհամարհանք մըն ալ իրմէն դուրս իր հեղումը կ՚ընէ, պզտիկցնելով, չըսելու համար լղրճելով ամէն գործ։ Սուրէն Պարթեւեան, շատ աւելի կատարելութեամբ դիւային տաղանդ մը, իր մէկ գրքոյկով « Խարազան » հեքիաթ մը կործանեց։ 1900–էն ասդին Արշակ Չօպանեան իր Արամազդի գահոյքէն ընկեցիկ, դարձած է իրաւ, գրական աշխատաւոր մը։ Այս հրաշքը գինն էր « Խարազան »ին։ Արամ Անտոնեան անդուլ ու անխնայ հարուածած է Չրաքեանը, բայց լիովին հակառակ արդիւնքի մը հասնելով։ Մարդիկ կը կարդային Անտոնեանի լուտանքները ու կը խնդային հոն վատնուած կիրքին, սրամտութեան հաշւոյն, բայց կը ճօճէին, լուրջ ու խորհրդաւոր, իրենց գլուխները, Չրաքեանի գրականութեան ետին ենթադրուած գանձերէն, առասպելէն աւելի ամուր նախապաշարուած։ Այսպէս է, որ այդ ողջամիտ տղան, Արամ Անտոնեան, անգիտակցաբար ծառացած է Չրաքեանի հեքիաթին ամրապնդումին։ Արեւմտահայ գրականութիւնը Անտոնեանի ելոյթներէն, փիլիպպեաններէն ո՛չ մէկ շահ արձանագրած է ո՛չ իր, ո՛չ ալ անոնց հեղինակին հաշւոյն։

Հրապարակագիրը, ընկերային հարցերու շուրջ, միշտ խորհրդաւոր ուժ մըն էր։ Մինչեւ 1908, այսինքն գրաքննութեան ջնջումը, մեր հրապարակը կը մնար ծանրածանր ճնշումին տակը թրքական բռնութեան։ Ո՛չ մէկ իրաւ, ազգին լուրջ ցաւերէն բխած խնդիր, որուն վրայ ներելի ըլլար խօսիլ, մատչելի չէ այլ մամուլին։ Թաւշանճեան մը գումար մը կը խոստանայ ալքոլին դէմ լաւագոյն կտոր մը վարձատրելու։ Վաստակաւոր ուսուցչի մը յոբելեանը կը պաշտ/252/պանուի ազգային պատրիարքարանէն։ Հիւանդանոցի բացը գոցելու համար պարահանդէսներ, հանգանակութիւններ կը սարքուին։ Պատմութիւնը եւ գեղեցկութիւնը ինչպէս իրարու հետ կը հաշտուին, վէպի մը թարգմանութիւնը, գրական յարձակողական մը, վանքեր, կրօնականներու գրականութիւնը, Արմաշականները ի՛նչ գիտնամ։ Բոլոր այս խնդիրները Անտոնեանը ունին իրենց ներսը, անյարիր ինչպէս անըմբռնելի։ 1908–էն ետք ան, անձնատուր իր բնազդներուն, կը հիմնէ « Խարազան »ը, որ իբրեւ ծաղրանկար ինքն է գծագրիչը, ինքն է յօդուածին հեղինակը, ինքն է տետրակը լեցնողը ամբողջութեամբ արեւմտահայ գրականութեան մէջ կը մնայ անգերազանցելի։ Դուք գիտէք ատիկա։ Ու թելադրեցի « Կռուի արձաններ » սաթիրին ալ գեղեցկութիւնը, չար, սպաննող գեղեցկութիւնը։ Թերթերը 1910–էն ետք կը կազմակերպուին, ըսել կ՚ուզեմ՝ կը կռթնին ընթերցողներու որոշ խաղերու։ Հակայեղափոխական պայքարը ո՛չ միայն կը հիմնաւորէ այդ բաժանումը, այլեւ կը ստեղծէ շերտաւորումներ։ Բոլոր պահպանողականները։ Անշո՛ւշտ։ Բայց նոյն ատեն բոլոր ազատականները (Հնչակեան, դաշնակ, վերակազմեալ, սոցիալ–դեմոկրատ)։ Արամ Անտոնեա՞ն։ Ան չունի Օտեանի ճկունութիւնը, յարատեւութիւնը։ Փակ են Պոլսոյ թերթերը իր երեսին։ Կան գաղութները։ Կը հիմնէ գրավաճառանոց, թարգմանութեանց յատուկ, տպագրական ձեռնարկներ։ Տարօրինակ կերպով առօրեան oգտագործել գիտցող, 1909–ի պետական յեղաշրջումը կը վերածէ տպագրական յաջողուածքի մը, գրելով անոր պատմութիւնը։ Գաւառին հետ յարաբերութեանց վերսկսումը (երբ 1909–ին բաց են ճամբաները դէպի Պոլիս, բոլոր հայերուն ալ մտնել արգիլուած եղան հոն 1896–էն ետք), ազատութիւնը, որ հոս կը նշանակէ գրաքննութեան բարձում, որ, իր կարգին, կը վերածուի տպագրական խար ու դարմանին անհամեմատ արժեւորման, Արամ Անտոնեան, կեանքին մէջ վարժարան չտեսնող մարդ մը, կը ձեռնարկէ դասագիրքերու շարքի մը։ 1912-ին Պալքանեան պատերազմ ։ Արամ Անտոնեան անոր կը նուիրէ ընդարձակ հատոր մը։ Կու տամ խօսքին թելը իրեն։

 

« Միջոց մըն ալ արհեստի հետեւած եմ, գանի քանդակագործութեան, Ճեզայիրլեանի քով, եւ իբր գործաւոր աշխատած եմ Բերա Բալասի մէջ։ Անկում մը շէնքին կատարէն՝ փոխանակ կեանքիս վերջ տալու վերջ տուաւ ասպարէզին, ուրկէ իբր յիշատակ խոշոր սպի մը՝ միայն կը մնայ ձախ քունքիս կատարը։ Վերջէն՝ ուրիշ անկում մըն ալ, այս անգամ հայ լրագրութեան մէջ: Կրնաս վստահ ըլլալ, որ այս /253/ վերջինը աւելի աղետալի եղած է քան առաջինը։ Եւ ահա ամէն բան ըսած եղայ արդէն »։

Այս ինքնակենսագրականը ուղղուած է Թէոդիկի (16 Նոյեմբեր 1911)։

 

« Չեմ կրնար միակ ճիւղի մը կամ գործի մը փարիլ մշտապէս։ Միշտ նոր զբաղում մը զիս պիտի յանկուցանէ, եւ միշտ անոր պիտի յանձնուիմ, մինչեւ որ ուրիշ զբաղում մը զիս անկէ հեռացնէ։ Եւ հազուադէպ բան է, որ անգամ մը թողածիս նորէն վերադառնամ: Բաւական տարիներ առաջ découpage–ն ու քանդակագործութիւնն էին։ 2 տարի առաջ՝ ծաղրանկարն էր: Այս տարի՝ ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերու հին կազմերուն վերանորոգութեան արուեստն է։ Եւ դեռ տասնեակներով կան, զորս չեմ յիշեր։ Գալ տարի անշուշտ ուրիշ բան մը պիտի ըլլայ։ Կ՚ուզես գիտնալ նաեւ, թէ ի՞նչ գործեր կան ձեռքս։ Ըսեմ երկու տողով։ Նախ խոշոր հատոր մը Ամսթերտամի եւ միջնադարեան հայ վաճառականութեան մասին. յետոյ երկու մենագրութիւն` մէկը Աւետիք Պատրիարքի եւ միւսը Սուլթան Մահմուտի շրջանին ազգային անցքերուն նկատմամբ վէպ մը, հայ գրականութեան պատմութիւն մը, Օսմանեան պատմութիւն մը, եւ 4 կտոր դասագիրք: Իսկ որ ե՞րբ կ՚աւարտին, շիտակը ես ալ չեմ գիտեր, որովհետեւ շատ դանդաղ կ՚աշխատիմ եւ յետոյ, ժամանակիս մէկ կարեւոր մասը կը խլէ արտասահմանեան օրաթերթի մը թղթակցի պաշտօնս: Արդէն հսկայ մատենադարանը, զոր կազմած եմ 15 տարուան պրկումներով եւ որուն մէջ հայութեան պատկանող այնքան թանկագին ու բացարձակապէս անծանօթ գործեր խոշոր թիւ մը կը կազմեն, աւելի կարդալու քան գրելու ժամանակ կը թողու ինծի » (Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», 1912, էջ 367)։

Այս նօթերէն մեր մտքին մէջ մարմին առնող տիպարը ապահովաբար չի նմանիր դասական լրագրողին։

 

Արամ Անտոնեան մինչեւ տարագրութիւն Պոլսոյ գրական շրջանակներուն մէջ վաւերական պոհեմ մըն էր։ Խօսեցայ հրապարակագրութեան ստացած կերպարանքէն։ Ո՛չ մէկ զբաղումի վերջնապէս վարելու իր անկարողութիւնը զինք մղած է իր նախասահմանադրական դիրքերէն՝ թերթերու եւ հանդէսներու մէջ։ Ինքնակենսագրականին խոստացած գիրքերը, բացի դասագիրքերէն, չեն լոյս տեսած, հաւանաբար գրուած չըլլալուն։ Իր գրավաճառի expertise–ը անձ/254/նապէս կը հաստատեմ։ Առանց իր գնահատման Պոլսոյ մէջ գրադարան չէր ծախուեր 1912–ին։ Այս մանրամասնութիւններուն հետապնդած բարիքը անշուշտ յեղյեղուկ, իր ըրածին վրայ ծիծաղող գրչի աքլոր մը կերպարանել չէ։ Արամ Անտոնեան հեղինակն է « Այն սեւ Օրերուն » հատորին։ Ու եղած է այդ փառքին հեղինակը դարձեալ… անկումով մը, այս անգամ շէնքի փոխարէն կառքէ մը, որ զինքը մահուան կ՚առաջնորդէր։ Պոլսէն 1915–ի տարագրուածներուն մէկ խումբին մէջն էր ան, սահմանուած մորթուելու։ Կառքէն իր անկումը կը կոտրէ իր ոտքը։ Անտոնեան կը մնայ հոն, մինչ կառքը, իր պարունակութեամբը, կ՚երթայ իր ճակատագրին։

Ձեզի կը ձգեմ մտապատկերել ահաւոր թուականը, ահաւոր ամայքը, ահաւոր մարդերը։ Ձեզի կը ձգեմ հետեւիլ այս ոտակորոյս տարագրին անպատմելի ոդիսականին, կայքէ կայք, դժոխքէ դժոխք։ Ձեզի կը ձգեմ մտնել անոր հոգեբանութեան մէջ, այդ ճամբուն վրայ, թուրքին ու տարրերուն վայրենութեանը ներքեւ, քարշ տալով իր կոտրած ոտքը, մեղքի բայց փրկութեան սիւնի մը նման։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր շատ իրաւ մէկ գիրքը՝ « Աւերակներուն մէջ » (Տիկին Եսայեան) պարտական էր պատահականութեան մը քմայքին։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր շատ իրաւ մէկ ուրիշ գիրքը պարտական է կառքի արկածի մը, որ ճամբուն վրայ լքած է խլեակ մը ու նորարած մահուան իր պարունակութեան միւս մասը։

«Համապատկեր»ը չէր կրնար այս նօթերը զլանալ իրաւ գործի մը հեղինակին։