Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԴՈՑ ՔՈՎՆ Ի ՎԵՐ

Րաֆֆիի մօտ գրական աշխարհի բացառիկ ընդարձակութիւնը նոր օրերու մեր հոգեբանութիւնը խոշորագոյն կողմերով շահագրգռելէ զատ (այդ հարցերը մեր գոյութեան բարձրակէտը կը գտնեն գրեթէ ամէն ուղղութեամբ, Րաֆֆին ընելու համար իր ժամանակին ամէնէն յատկանշական ընդունարանը), քննադատին աչքերուն կը պարզէ նոյնքան կարեւոր ուրիշ երեւոյթներ, այս անգամ ձեւի, արտայայտութեան պարունակէն։ Հոս արտայայտութեան որ նկատի ունիմ, վասնզի գրական մեծ իրացումները քիչիկ մը անկախ են գրքունակ սահմանադրումներէ: Մեր նոր գրականութիւնը, երկու թեւերուն մէջ ալ, զարգացած է վարժարաններու հակադիր ուղղութիւններով։

Մօտենալ, Րաֆֆիի մէջ, գրական այս յեղաշրջումին, պիտի նշանակէր արեւելահայ արձակին զարգացման processusը վերլուծել դասական մեթոտներով, երեւան բերելու համար, թէ ինչպէս տասնհինգ քսան տարիներու ընթացքին « Վերք Հայաստանի »ի նախնական, կոշտ, անկազմակերպ, թէեւ տարօրէն կենդանի, թելադրիչ ու երանգառատ լեզուն պիտի քաղցրանար, լրջանար, կոկուէր, վերածուելու համար « Ջալալետտինի արշաւանքը » պատկերացնող հարուստ, կանոնաւոր, դաշն ու գրաւիչ գործիքին, որուն առջեւ մարդ կը զգայ գրականութեան մը իրական գոյութիւնը։ Այս աշխատանքը թէեւ շահեկան, կարելի չէ սա նշմարներու ճամբով։ Բաւ է միայն յայտարարել, թէ այդ արձակին գործարանաւորութեան (ներքին) վրայ ամէնէն աւելի տիրական է կնիքը Րաֆֆիի: Ու տակաւին ըսել, թէ գեղեցկութեան, կատարելութեան, յառաջահայեաց առաքինութեանց խնդիրներ չէ, որ կը յուզուին այս առիթով, սա տողերուն մէջ։ Ու աւելցնել, այս անգամ տրտմօրէն, թէ այսօրուան կայանակառոյց ձայնասփռումներուն լեզուն ինչ մուրացիկ պատմուճան մըն է, բաղդատուած « Սամուէլ »ի շքեղ հանդերձանքին։ Յիսուն տարի, այսինքն՝ ուղիղ երկու սերունդ ետք, նոր է, որ կը սպառի Րաֆֆիին ժառանգութիւնը։ Կարդացեք օժտուած գրող Ստ. Զօրեանի վիպակները ու դուք կը գիտակցիք գործադրուած աւերին։ Ժողովուրդին երթալ, մուրացկանի ցնցոտիներով։ Կ՚անցնիմ։

Թերեւս աւելորդ չէ դիտել տալ, թէ արեւելեան մեր նոր գրականութիւնը կ՚ընթանայ իւրայատուկ ճամբաներէ, ու նաեւ՝ իւրայատուկ տեմպով, ինչպէս կախորդին արտայայտել հոգեկան զարկերը շինարարութեան մեր նոր դիւցազներգուները, այլամերժ իրենց կեցուածքին վրայ (ընկերա-քաղաքական) բարդելով նաեւ իմացական արհամարհանքը ամէն այն բաներուն դէմ, որոնք հոսհոսական ծագում ունին։ Ու հետեւաբար խոտելի, անպէտ։ Մինչ, արեւմտեան իր թեւին վրայ, մեր գրականութիւնը երեւան կը բերէ այնքան բացառիկ, յուզիչ կողմերը [1] արեւելեան թեւը կը քալէ ուրիշ պայմաններու, ուրիշ ազդեցութեանց ենթակայ: Արժէքի հարց չեմ յուզեր։ Ոչ ալ կ՚ուզեմ ինք զինքս խաբել արդիւնքներու առջեւ, որոնց կշիռը դուրս է տարակոյսէ: Դժուար է որոշ, հաստատ զանազանութիւն, յաւակնոտ բառով մը՝ յառաջատուական տարրեր երեւան բերել Աղասիի . Աբովեան) երգերուն եւ « Ձայն տուր, ո՜վ ծովակ » (Րաֆֆի) քերթուածիկին միջեւ, արտայայտութեան ու թերեւս խորքի ալ պարունակէ։ Մարդեր կան, որոնք մոգական հարուածով մը գաւառաբարբառէ մը ոստանիկ լեզու մը կը ստեղծեն։ Րաֆֆիին կնիքը այդ բարբառին վրայ գեղագիտական (esthétique) ըլլալէ աւելի, գրեթէ ընկերային երեւոյթ մըն է։ Ասկէ զատ, նոյն տարբերութիւնը՝ նոյնութեամբ տիրական է մինչեւ նորագոյնները։ Չարենցի կամ Մահարիի երգերը կրնային ստորագրուիլ նոյնիսկ Նալբանդեանէն։ Ուրե՞մն…։ Բայց սա յեղաշրջումը ընդլայնել, ինչպէս ըսի՝ զիս հեռուները պիտի տանէր։ Ինչ որ գրական է, սակայն, ատիկա՝ այդ գրականութեան հայեցիութիւնն է, զոր աւելորդ է վէճի ենթարկել: Հոս է վարկը արեւելահայ գրական ճիգին:

Սխալ պիտի չըլլար սա բարեբաստ արդիւնքին մէջ գեղեցկագոյն բաժին մը հանել Րաֆֆիին, որուն գործը որքան հոգեկան տագնապներու յիշատակարան, արժէք ունի դարձեալ իբր լեզուական զարգացման հաստատ, որոշ փաստ։ Անիկա այդ գրականութեան զարգացման շատ լուսաւոր մէկ շրջանը կը յատկանշէ։ Ու հոս է տարօրինակութիւնը։ Իրեն յաջորդ սերունդին մէջ մարդիկ կը գրեն լեզուով մը, որ ոչինչով աւելի է Րաֆֆիի դարբնած գործիքէն։ Նար-Դոս, Շիրվանզադէ, յանուն անհորիզոն իրապաշտութեան մը, Րաֆֆիի լեզուն պարզած են, զայն անհանդուրժելի աղքատութեան մը վերածելու աստիճան (Շիրվանզադէի « Նամուսը »): Դերենիկ Դեմիրճեան, զերծ չէ նոյն մեղադրանքէն, այս անգամ եւրոպականացման տեսակէտէ մը դիտուած։ Իր քերթողականը վրիպանք մըն է տարօրէն յատկանշական:

*

Գրագէտ մը արտայայտութիւն մըն է:

Ու շատ՝ երեսները, որոնցմով ան կը հեղու ինքզինքը եւ իր վրայով, իր ալ շրջանը։ Վերլուծել զանոնք մէկիկ-մէկիկ, պիտի նշանակէր չափազանց ընդլայնել սահմանը սա մասնակի աշխատանքին։

Մնալու համար կարեւորագոյն տուրքերու ուսումնասիրութեան առջեւ, կ՚ենթադրեմ, թէ բաւ է զբաղիլ Րաֆֆիի արտայայտութեան շատ բացորոշ քանի մը կողմերովը, որոնք իր անունէն անբաժան, իր վարկը արդարացնող ու իր դերը լուսաւորող շնորհներն եղան իր տաղանդին։ Մէկը՝ որուն տաղերը պատգամի պէս ինկան հազարներու հոգիէն ներս, այդ առաքինութիւններուն հաշիւը ունի տալիք, մանաւանդ մահէն ետքը։ Այս տեսակէտէն դիտուած, այդ շնորհները կը վերածուին հասարակաց այն քանի մը յատկութիւններուն, որոնք ընդհանուր գրականութեան ջոջ անունները կ՚եղբայրացնեն իրարու: Բնականութիւն, շունչ, ուժ, հաղորդականութիւն, տարազներ են, որոնք Րաֆֆիի ոճը լիովին կ՚ընդգրկեն, ինչպէս կ՚ընէ ամէն ժամանակներու մեծ արուեստագէտներու գործն ալ։ Ասոնք վիճելի առաքինութիւններ չեն Րաֆֆիի անունին հետ։ Ու տակաւին՝ քանի մը մայր մտահոգութիւններ, որոնք արեւելահայ թեւին մէջ առաջին գիծի կուգան, ռուսերէն ներարկուած լայն ախորժանքը զանգուածները սիրելու, անոնց օգտակար դառնալու, ժողովրդական կեցուածքը, որոնք այդ գրականութիւնը տարբեր արտայայտութիւնը ըրին ժամանակակից հայ ապրումին, մա՛նաւանդ անոր այն ձեւին, որ ոճ պիտի կազմէր արեւմտեան թեւին մէջ։ Տէրեան մը կէս դարով ուշ է Դուրեանէն։ Ու այս յապաղանքը անգիտակից արդարացումն է այդ ոգիին, ինչպէս որ Քամառ-Քաթիպան նոյնքան ժամանակով կը կանխէ Սիամանթոն։ Ու աւելի՛ն։ Չեմ կարծել, որ որեւէ սերունդ, արեւելահայոց մէջ, հանդուրժէ Չրաքեանը:

*

Ուրեմն պետք է խօսիլ Րաֆֆիի ոճին բնականութեան մասին։

Օգտակար է յիշեցնել, որ այս յատկութիւնը հիմնովին կը տարբերի հռետորական դասագիրքերուն մէջ այն քան միամիտ կերպով փառաբանուած օրէնքէն, որ քաջածանօթ է գրոց-բրոցներուն, պատուելիներուն, գրաբարի ախոյեաններուն, թարգմանիչներուն, լրագրողներուն, քերթող-դաստիարակներուն ու, վերածելի՝ աւելի պարզ բանաձեւի մը յստակութեան, պարզութեան, հասկնալի ըլլալու սրբազան պահանջին։ Վէճը աւելորդ է ամէն տեղ, ըսեր են։ Բայց անիմաստ է ու տխուր, ամէնէն շատ արուեստի գետնին վրայ։ Մեծ գրողները այդ տարազներուն սպասարկողը եղան, առանց իրենց միտքէն անցընելու, որ գոհացում կու տային անծանօթ օրինագիրքի մը յօդուածներուն։ Րաֆֆին՝ ամէնէն շատ: Կ՚ենթադրեմ, թէ անիկա շատ քիչ անգամ այցուեցաւ ոճին փորձութենէն, որ իրական է միւս փորձութեանց նման, ու գրեց, անսալով իր զգայութիւններուն, շրջապատէն իրեն երկարող անդրադարձումներուն, ու ամէնէն աւելի՝ իր իսկ դերին, առաքելական իր հոգիին մղումներուն։ Ասկէ՝ իր գործին տարօրինակ դաշնութիւնը իր աշխարհներուն հետ, անցեալին ու ներկային վրայով։ Գիրքերէն սորվըւած քիչ բան կայ Րաֆֆիի ոճին ճարտարապետութեան մէջ, եթէ երբեք կար: Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի Ալիշանէն ու Բագրատունին Նար-Պէյ մը, Թերզեան մը, Պէրպէրեան մը, իբր խորք՝ ինչպէս ձեւ, օտար չեն գար այսօր մեր ընդհանրացման աշխատանքին։ Որմէ՞ կը սերի « Սամուէլ »ին պերճ, բայց պարզուկ ոճը։ Փնտռեցէք ու պիտի չգտնէք: :

Միւս կողմէ՝ արժանիք մը աւելի, Րաֆֆիին համար, գիտնալն է ատիկա զանազանել այդ գրականութիւնը հետեւակ, պարտադրուած, անխուսափելի պարզութենէն, որով իր օրերու աշխարհաբարը այնքան գոհունակ կերպով զգեստաւորուած է թէ Վենետիկ, Պոլիս, թէ՝ Թիֆլիս։ Յիսունական, վաթսունական թուականներուն այդ մայր մտահոգութիւնը, որ զառածելու աստիճան բուռն եղաւ երկու կողմի համալսարանական սերունդներու մօտ, Րաֆֆիին համար չունեցաւ աղէտալի հետեւանքներ, ինչպէս ունեցեր էր Նալբանդեանին, Նազարեանին, Նար-Պէյին, Ռուսինեանին, նոյնիսկ Գ. Օտեանին համար։ Զարթօնքի գրականութեանց նկարագիրը սովորութիւն է, որ երկարաձգուի քանի մը սերունդ, նոյնիսկ դար։ Ռապըլէէն մինչեւ Լաֆոնթէն պէտք կայ հարիւրէ աւելի տարիներու սահելուն, որպէսզի արուեստի անառարկելի արժէքներ հրապարակ գան։ Ու տիրակա՛ն հարց, Թիֆլիսը Փարիզ չէ երբեք։

Լրագրական հասարակութենէ ու քարոզչական տափակութենէն, որոնք Րաֆֆիի պատանութեան ատեն արուեստի յղացքը կը փոխանորդեն այնքան յոխորտ, որքան տգէտ միամտութեամբ, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայ գրաբարեան դպրոցին քերականական սեթեւեթէն յաջողապէս զերծ իր լեզուով, Րաֆֆին սկիզբը կ՚ընէ շատ պարզ, բայց նոյնքան ալ դժուար բանի մը, անշուշտ անգիտակից ներքնատեսութեամբ, առանց անդրադառնալու։ Ու այդ սկիզբը գրական զգայարանքին զարթօնքն է։ Չեմ կրնար կործանել « Վերք Հայաստանի »ն, բայց կրնամ վճռապէս դատել զայն հեղինակողին հասկացողութիւնը, որ Րաֆֆիէն շատ աւելի նախնական հորիզոն մը ունի իր հանճարն իբր մթնոլորտ։ Այնպէս որ, գրականութիւն մը սկսողի փառքը, արեւելահայոց մէջ, Րաֆֆին չի զիջիր զինքը կանխողներուն։ Անշուշտ « Սօս եւ Վարդիթեր »ը կը կանխէ « Կայծեր »ը: Բայց թուականները չեն, որ գրականութիւն կը սկսին։ Ինչ որ Րաֆֆիով մուտք ունեցաւ արեւելահայ ճաշակէն ու զգացումներէն ներս, ատիկա ահաւասիկ գրական այն վայելքն է, որ կը զատուի Դուրեանին եւ... Սիմոն Ֆէլէկեանին տաղարաններէն, իրարու ժամանակակից մարդեր, բայց այն քան ներհակ բախտով։

Վայելչութիւն, պարզ, արագ, կենդանի գնացք, ներքին անբացատրելի ուժով մը թեւաւոր, որոնք հասարակաց յատկութիւններ են գրականութեանց դասական վարպետներուն։ Հակառակ դարերու, միջավայերու ահագին անջրպետին, Հոմերոս մը, Վիրգիլիոս մը, Տակիտոս մը, Տանթէ մը, Շէյքսփիր մը, Սերվանթէս մը, Մոլիէռ մը իրարու կ՚եղբայրական սա ընդհանուր շնորհին մէջ։ Այս մեծ անունները թող օտար չթուին սա տողերուն վրայ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շրջանին վրայ արձակեց նոյն ճառագայթումը, որքան Րաֆֆին՝ իր օրերուն։ Ուրիշ խնդիր մեծ ու փոքր ժողովուրդներու բաղդատութիւնը, զոր կատարած ատեն պէտք չէ աչքէ հեռու պահենք մեր ուժերուն ստոյգ տարողութիւնը:

Զարտուղի հակումներու, սանձակոծ խոյանքի, սրարշաւ պատկերակերտութեան քիչ կամ բնաւ հետամուտ (ինչպէս էին արեւմտահայ ռոմանթիքները) ու լեզուական նրբութեանց, քերականական խաղերու երբեք ուշադիր, Րաֆֆիի հաստատ ու պարկեշտ բնականութիւնը բարեբաստ դիպուածով մըն ալ զերծ մնաց հակադիր վտանգէն, որ փնտռուած, հալածուած բնականութեան կը հետեւի ամէն անգամ, երբ թեքնիքը փոխարինել յաւակնի ազատ ստեղծագործումը: Կարդացէք Պռօշեանցի, մանաւանդ Աղայեանցի վէպերը, համոզուելու համար, թէ ինչ կը նշանակէ բռնի բնականութիւն։ Կ՚ըսեմ՝ այսպէս, թերեւս աւելորդ անգամ մըն ալ ծանրանալու համար վտանգին վրայ, որ մշտապէս կրկնեց (talonner) բոլոր պարզապաշտները, ժողովուրդին մօտիկ կենալու համար անոր բառարանը միայն ընդօրինակողները, անոր բերնին վրայ ապրելու (երգուելու) փառքը արուեստի իբր գերագոյն նպատակ հետապնդողները։ Ու աւա՜ղ, լեգէոն կը կազմեն անոնք Կովկաս։ Ու մենք տրտմօրէն կ՚ոգեկոչենք օրերը, սանկ վաթսունական-եօթանասունական թուականի պոլսական մեծ քերթողներուն, որոնց տաղերը, երգերը, ուղերձ-տառերը քաղաքի քաղաք կը թեւածէին, չըսելու համար երկրէ երկիր (Վենետիկ Պոլիս), ստեղծելով կարելի արբշռանքը զանգուածներուն, բայց նոյն ատեն մահուան տարրով մը վիրաւոր։ Այսօր գրականութեան պատմութիւնը չեմ յուսար, որ քանի մը տող զիջի այդ հսկայ բանաստեղծութեանց հեղինակներուն։

Րաֆֆիի ոճը տարօրէն հաշտ է իր տիպարներուն հետ: Անշուշտ բնականութեան մէկ տարբերակն է այս տարազը: Բայց ահա աւելին։ Իր շրջապատէն վերցուած մարդոց վրայ սեւեռման, յօրինման սա դիւրութիւնը Րաֆֆիին հաւատարիմ մնաց նաեւ այն մարդոց համար, որոնք արդիւնքն են իր տաղանդին, անմիջական իրականութեան չպատկանող այն բացառիկ էակները, որոնց կեանքը այնքան տարօրինակ կ՚ըլլայ երբեմն, զանգուածնները տանելու համար իրենց ծիրին մէջէն դէպի հսկայ բախումները հոգեբանութեանց, հոգեկան միգամածային դրութեանց։ Ուրիշ բան չեն ժողովուրդներու կեանքին մէջ երեւան եկած յանկարծական բռնկումները։ Երբեմն երգ մը, երբեմն վէպ մը ըրած են այնքան ուժով փոփոխութիւն սա մեր կեանքին մէջ, որքան չեն ըրած միլիոնները բանակներուն։

Անհաւասարելի բնականութեամբ մը Րաֆֆիի կը յաջողի վաճառականի մը մտայնութիւնը, իր այնքան ծփուն, բազմերանգ կողմերով բառի կապել, ինչպէս նուաճել նոյն ճարտարութեամբ, տաքութեամբ երազները նոր օրերու մեր խենթերուն, երազներ՝ տարօրէն անգայտ, անկարելի ըսելու չափ վերերէն թեւածող, բայց որոնց կրկներեւոյթը մեր հողերուն վրայ՝ կը շփոթուի անվերածելի իրականութեան հետ։ Այդ խենթերը այդքան բնական ընծայող պատրանքը գրագէտին, որքան զանգուածին մէջ, դուրս է կասկածէ։ Ահա թե ինչու Րաֆֆիի ռոմանթիք հերոսները այնքան արագ վերածուեցան գործօն արարածներու: Անոնք հոգեկան միգամածին մէջ արդէն իրենց ձեւերը ստացող իրականութիւններ էին։ Գրագէտին դերը եղաւ զանոնք բնական փոխադրումով ղրկել արտաքին աշխարհին կայանները, ուր կը սպասուէին անոնք ով գիտէ քանի՜ դարերէ ի վեր:

Այս բնականութի՛ւնը դարձեալ, երբ Րաֆֆի կը փորձէ մեր հինաւուրց եւ կամ մեզամօտ հերոսները կեանքի կանչել, մեր օրերու հոգեբանութեամբ մը զանոնք տոգորելու անհաւասար ճիգին մէջ երբեմն իրագործելով ճշգրիտ սեւեռումներ։ Եթէ վերցնէք « Դաւիթ Բէկ »էն միջնադարեան տեքորասիոնը, մնացեալը մեր պատմութեան արդար տիպարներուն կը մօտենայ կարելի կարկառով [2] ։ Ու փոխադրելով զննութիւնը տարերկրիկ կայաններում, մենք կը զարմանանք Քաւոր Պետոսի մը ու շքախումին արտակարգ բնականութեան առջեւ։

Ու, յատկանշական պարագայ, սա մոգական շնորհը անկէ պիտի չբաժնուի նոյնիսկ ամէնէն պարզ յօրինումներուն մէջ։ Անոր ամբողջ գործը մթնոլորտով սա պայմանն է թերեւս, որ զինքը ըրաւ ամէնէն շատ կարդացուած հեղինակը։ Գիրքերով զբաղողներու համար գաղտնիք չէ, թէ մեծ գրագէտները մոգական այս շնորհով է, որ կը տիրեն սիրտերուն։ Մտքի մեծերուն գործերը որոշ չափով մատչելի են նախնական ուղեղներու։ Բարդ հոգիներուն այդ գործերով խանդավառուիլը կարօտ չէ բացատրութեան։ Այս տարազները մեր մէջ արդարացնող գրագէտի միակ դէմքը սխալ չէ Րաֆֆիին մէջ հաստատել:

*

Ու պէտք է խօսիլ Րաֆֆիի շունչէն, զոր պէտք չէ շփոթել, նոյնացնելու աստիճան, աշխատանքի ուժին հետ։ Կան հեղինակները, որոնց մօտ երկու եզրերը իրար կը բացատրեն։ Պալզաքի մը աշխատանքին հսկայ dynamismeն չենք կրնար զատել անոր ստեղծագործ ուժէն։ Հատորներ, աշխարհ, երեսնամեայ միակտուր թիապարտութիւն մը գրասեղան կոչուած նոր օրերու դժոխքին՝ իրարու կ՚աւելնան, որպէսզի ֆրանսական գրականութիւնը օժտուի իր ամէնէն կոթողական փառքերէն մէկովը։ Այսպէս նաեւ Տոստոեւսկիի, Տիքընզի, Սքոթի (Վալթըր) համար։ Բայց կայ միւս երեսը մետալին։ Ու ատիկա՝ անկնիք, մեթոտիկ, անստեղծագործ, բայց նոյն ատեն իբրեւ քանակ հսկայ այն աշխատանքն է, զոր մեր մէջ տիրական կերպով մը ունեցան առաւելապէս վանական դպրոցներ։ Անունները աւելորդ են:

Րաֆֆիին համար շունչի տարազը նորէն անգերազանցելի փառք մըն է։ Իբրեւ քանակ Շիրվանզադէի գործը վար չի մնար Րաֆֆիի արդիւնքէն։ Բայց երբ առաջին հեղինակը ամէն գիրքի վերջին էջերուն վրայ ակներեւ կերպով սպառման մը նշանները կը մատնէ (զուր տեղը չէ, որ խուսափած է մեծ վէպէն), Րաֆֆիին դիրքերը բռնի, հեղինակին միջամտութեամբը միայն կը վերջանան, այնքան էջերը սկսող ու լարող շունչը զօրաւոր է ներսէն։ Կը թաւալին անոնք, էջերը, ու գործողութիւնը փոխանակ տկարանալու, հետզհետէ կ՚ամրանայ, կը խորանայ: 6-700 մեծազանգուած էջերու կրկէսին վրայ մարդերը բռնել, կեցնել, ասոնց կիրքերուն ստեղնաշարը մշտապէս տակը պահել իր մատներուն, արտաքին ու ներքին աշխարհներու ամբողջական ճակատում մը լարուած դնել, գիրքին ամէն մէկ անկիւնէն տեսանելի հսկայական երկերեսեան հայելիներու նման, ահա թէ ինչ է որ կը զատէ Րաֆֆիի շունչը մեր նոր գրականութեան բոլոր գործերէն։ Կը հասկցուի, թէ այս կարողութիւնը որքան խոր աղերս ունի իր տաղանդին ամբողջական գնահատման մեջ, այնքան կը բացատրէ անոր գործերուն թափանցական նկարագիրը։

Բացէք ո՛ր էջը որ կ՚ուզէք իր գործերուն։ Միշտ պիտի զգաք զայն, այդ ուժը, շունչը, երբեմն հեղեղատիպ, արագ, կրակող թափով մը, երբ տիպարներու խօսքերէն կը մրրկի անիկա կամ անոնց բախումներուն խորը կը թրթռալ: Ու բազմադիմի են ձեւերը, որոնցմով կը զգեստաւորուի։ Անի կա երբեմն թիփիկ, վճռական նկարագիրներու թափօր մըն է, մանր դիտուած, կատարեալ, անվերծանելի փշրանքներով դրուագուն, որ ամրօրէն կը կերպադրէ, կը կաղապարէ մարդերը, վայրերը, մտայնութիւնները, այլեւս մտքի չելլելու, չաղօտելու երջանիկ ճակատագրով մը։ Որքան շատ բան տեսած է այդ պարզուկ ճանապարհորդը, իր ձիուն կռնակէն, երբ անցեր է Տաճկահայաստանէն։ Այսպէս կ՚ըսեն անոնք, որ « Կայծեր » կ՚աւարտեն, բայց չեն գիտեր, թէ իրենց այդ բացագանչութեան մէջ արդարութիւն մը կ՚ընեն Րաֆֆիին շունչին մեծութեան։ Զի՝ տեսնելու, զգալու, արտայայտելու արարքները կը բխին նոյն յատակէն, որ խառնարանն է անոր հոգեկան ուժերուն։ Դէպի հռետորութի՞ւն։– Անշուշտ, քանի որ ուժը մէկ ուրիշ երեսն է սա երեւոյթին։ Բայց հարստութիւնը երբեմն կը միջամտէ բարեբախտ ձեւով մը, որպէսզի գիրքերը փրկուին փչուած կառոյցներ ըլլալէ։ Րաֆֆիի մօտ հռետորութիւնը իր ակօսները նախասիրած է ունենալ մարդոց խօսքերուն դաշտերէն։ Նախնական հոգեբանութիւնը, մանաւանդ օգտաշատ ձգտումը, կրնան զօրաւոր կերպով մը արդարացնել շունչի սա զառածումը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Րաֆֆի կը գրէր անմիջական ներկային սլաքներուն ներքեւ։

Ի պատիւ իրեն բաւ է յայտարարել, որ այդ զառածումը կը սանձուի ապահով ճաշակէն ամէն անգամ, որ գրա գէտը կը զգայ ինքզինքը լպրծուն գետինին վրայ նկարագ րդող շնորհներուն։ Նոյնիսկ ամէնէն ռոմանթիք կառոյցներուն մէջ Ջալալետտին », « Խաչագողի յիշատակարանը », « Դաւիթ Բէկ »), ուր հռետորութիւնը կրնար ծաղրանկարային դժբախտութեանց առաջնորդել իր պատկերացումները, Րաֆֆի պահած է ճշգրիտ նայուածքին բարիքը։ Կարդացէք Պարթեւեանի « Սայքօ »ն ու պիտի հասկնաք, թէ ինչ կը նշանակէ հռետորութիւնը նկարագրութեան մէջ։ Նման նուաղումներ, հաստատ մարդոց աշխարհէն, հանդիպելի չեն Րաֆֆիի մօտ։ Նկարագրող տուրքերը խիստ օրէնքներու ենթարկող սա ճաշակն է, որ Արեւելահայ գրականութեան մէջ այդքան կանուխէն դպրոց է կազմած։ Ու ատոր մէջ Րաֆֆիին բաժինը վարպետի բաժին մըն է։ « Ոսկի աքաղաղ »ը [3] կոթող մըն է այդ ուղղութեամբ։:

Րաֆֆիի շունչը հաւասարապէս ուժեղ է նորէն, երբ գաղափարներու հոսանք մը կը ջանայ ղեկավարել, զայն քշելու համար իր կողմէ պատրաստուած յատակի մը մէջէն: Կրնաս համամիտ չըլլալ այդ գաղափարաբանութեան ներքին արժէքին: Կրնաս նեղուիլ անոր ճշմարտազանցումներէն, երբեմն յայտ անիրաւութենէն: Հեղեղները կործանարար երեւոյթներ են յաճախ։ Ու անոնց անցքը՝ աւեր ու ամայութիւն կ՚ենթադրէ երբեմն։ Ինչ որ իրական է, ատիկա նոյնութիւնն է այդ շունչին մեր պատմութեան ամբողջ դարերուն երկայնքովը։ Ո՞վ է ան, որ պիտի համարձակէր մեր ժողովուրդին հոգեյատակը բաժնել իրարու ներհակ շրջամասերում, նախ՝ անցեալին մէջ, ուր անիկա միապաղաղ ծովն է մեր ճակատագրին, յետոյ՝ նոյնիսկ ներկային մէջ, ուր զինքը դատապարտողներն իսկ չեն կրնար իրենք զիրենք ուրանալ:

Շունչին սա ճառագայթումն է դարձեալ, որ վիպական գործողութիւնները այնքան կենդանի կ՚ընէ, որքան հետաքրքիր։ Ուժ ու շունչ համազօր են կեանքին, ինչպէս արուեստին մէջ։ Ու պետք է փակել այս փարակրաֆը յայտարարելով առանց վարանման, թէ Րաֆֆիի վաստակը իբրեւ շունչ մեծագոյնն է ամբողջ Հայ գրականութեան մէջ:

*

Խօսի՞լ տակաւին գրագէտին միւս շնորհներէն։

Հատորի մը կմախքը պատրաստել պիտի նշանակէր ատիկա։

Պէտք է կարճ կապել։

Ձգելէ առաջ այնքան կողմերով թելադրական սա մարդը, հարկ կը համարիմ քանի մը խօսք՝ անօրինակ հաղորդականութեան մասին անոր ոճին: Վտանգաւոր տարազ, իրաւ որ, ոչ միայն արեւելահայ, այլեւ` արեւմտահայ գրագէտներէն մեծագոյններուն համար իսկ։ Զի՝ այդ յատկութիւնը անմիջական յայտարար մըն է, ուր մուտք ունին շքեղագոյն, որքան գռեհիկ շնորհներ։ Երբեմն բարձրաթռիչ, երբեմն գետնաթաւալ հռետորութիւն մը գրեթէ միշտ գահաւորակ մըն է դէպի զանգուածները։ Սիամանթոյի գո՞րծը։ Անշուշտ, բայց նոյն ատեն գործեր ալ, որոնց անունը առանց խոր ընդվզումի չեմ կրնար արտասանել, ո՛ւր մնաց գրել սա տողերուն միջեւ, որոնք մեր ամէնէն շատ կարդացուած գիրքերը եղան։

Րաֆֆիի մօտ հաղորդականութիւնը գրական յարդարանք մը չէ երբեք, այլ՝ անձնական իր բխումը, նոր բառով մը՝ իր մթնոլորտը, որուն մէջէն անոր արուեստը պիտի ճառագայթէ դէպի զանգուածները եւ որուն վրայով նոյն այդ զանգուածները կը ճամբորդեն դէպի գրագէտին հոգեկան ոլորտները։ Ըսին, թէ անիկա հայրն էր մեր յեղափոխութեան: Անուշտ ըսել կ՚ուզէին, թէ անիկա մարդ մըն էր, որուն արուեստը առաջին, անմիջական, անմիջնորդ շփումով մը կը նոյնանար շրջանի մը հոգեբանութեան, զայն կը գունաւորէր արագ ու միակտուր։ Աղէտէն յետոյ մեր արուեստին սա նուաղումը այսօր մեզ կոյր կ՚ընէ Րաֆֆիի օրերուն անհուն խանդին ու անոր ըմբռնումին մէջ։ Փոխադրեցէք այսօրուան երիտասարդը զինքը կանխողներուն հոգեկան աշխարհին, ու լուծած կըլլաք այն տրտում աւերածը, որուն անունն է հիմակուան Հայ գրականութիւն:

Ոչ-հռետո՛ր քանի որ գիրքերով կտակուած բանաձեւերէ, ցուցմունքների անմասն է ան), ոչ-հետեւակ (այս փաստը տխրօրէն ուժով է Րաֆֆին կապկողներու երջանիկ կարաւանին մէջ, որոնք, մա՛նաւանդ արեւմտահայ թեւին վրայով, նոր օրերու ամէնէն շատ կարդացուող գիրքերը տուին, բայց որոնց անունը, ինչպէս դիտել տուի քիչ վերը, պիտի չարձանագրուի գիրքերու պատմութեան մեր տոմարին), այդ հաղորդականութիւնը կը փորձուիմ մերձեցնել ցեղային բարեխառնութեան մը միջին շնորհին։ Ինծի համար տարադէպ փարատոքս մը չէ մեր ժողովուրդին հիմնատարր քաղցրութիւնը, սիրտբաց զուարթութիւնը, ինչպէս նաեւ խոր մելամաղձոտութիւնը, Րաֆֆիի աշխարհին եւ անոր նուաճման եղանակին մէջ, իրենց մեկին, անջինջ, վճռական եզրերուն վերածել: Հաղորդականութիւնը, այն ծիրով ու խորութեամբ, զորս կը հաստատենք Րաֆֆիի գործերուն մէջ, կը դադրի գրական երեւոյթ մը, անհատական մասնակի արժանիք մը ըլլալէ, դառնալու համար աւելի բարձրիմաստ արտայայտութիւն մը։ Ու, տխրօրէն ճիշդ է, որ յաճախ յաջողութեան սա տարածութիւնը շատ դիւրաւ կը վերածուի հակադիր ալ իմաստին, գձուձ այն պատիժին, զոր մեր նախանձը, վրիպանքը գիտեն այնքան անուշիկ ձեւերով ոսկեզօծել։ Իր մահէն յետոյ Րաֆֆիի հանդէպ հոս ու հոն բարձրացող դժգոհանքը, մանաւանդ ա՛ն՝ որ գրական կրկէսէն ռմբակոծեց մեռնողին փառքը, հասկնալի է, որքան տխուր։ Ըսեր եմ տեղ մը ու կը կրկնեմ, փառքը այն մեղքերէն է, զոր պիտի քաւենք, նոյնիսկ գերեզմանէն անդին:

*

Հարիւրամեակ մը դիւրին պարագրելի միջոց մը չէ, նոյնիսկ բախտաւոր ժողովուրդներու պատմութենէն։ Ու չեմ ծանրանար ահաւոր այն կսկիծին, որով կը պարուրուի մեր նայուածքը ամէն անգամ, որ թարթափինք այդ դարն ի վար։ Բան մը ստոյգ է սակայն: Անոնք՝ որ տասը տարի առաջ են ծնած, ու անոնք՝ որ տասը տարի ետքը պիտի ծնին, երբ դառնան քսանամենի, իրենց պատմութիւնը տեսնելու եւ իրենց ճակատագիրը զգալու կերպերուն մէջ տարբեր բաներ պիտի հաստատեն, ճիշդ՝ ինչպէս ըրեր էինք մենք Րաֆֆիի մահը կանխող ու անոր հետեւեող տասնամեակներուն ընթացքին։ Քառորդ դար մը այնքան բախտորոշ է երբեմն։ Ու չեմ վերլուծեր այդ զգալու եւ տեսնելու եղանակներուն գեղեցկութիւնը կամ դժբախտութիւնը։ Բայց իրական է, որ այս փոփոխութեան, այս զարտուղումին մէջ, հիմա մեր գրականութիւնը ունի իր բաժինը, առաւելագոյն չափով, ինչպէս ունեցաւ անիկա Րաֆֆիի օրերուն։

Գրականութիւնը կախարդութիւն մըն է, ըսեր են: Ոչ ոք մենէ՝ աւելի անվիճելի կերպով իրաւունք ունի այդ տարազին գործաւորը ըլլալու, որքան անզուգական կախարդը, Րաֆֆին, որ ազգային զարթօնքի, գիտակցութեան դժուար առաքելութեան մէջ, այնքան դժբախտ արդիւնքներու յանգող մեր երազին հիւսիսայգը գծեց, այնքան անմոռանալի գեղեցկութեամբ։ Չորրորդէն մինչեւ քսաներորդ դար, մեր ժողովուրդը քիչ անգամ այնքան դժբախտ եղաւ, բայց այնքան ալ միակտուր, յստակագիր տախտակներ գտաւ իր խորագոյն ձգտումներէն տասնաբանուած, որքան անոնք, որոնք ծնան պարզուկ այդ վարժապետին ուղեղէն։

Կրնանք, հասկնալի անգթութեամբ, որքան յիմարութեամբ, տապալել զինքը իբրեւ արուեստագէտ (որովհետեւ խոշոր կը տեսնէր ու աչօք բացօք կ՚երազէր, մինչ իր շուրջը մարդիկ վաճառականի տոմարները կամ նաւթահորերու կրակին խաղերը գծագրելը կը նկատէին արուեստի բարերար գործ)։ Կրնանք զինքը նախատելու չափ առաջանալ, իրմով ոտքի Շարժումին մէջ մեր վրիպանքին նոխազ մը ճարելու մեր վատոգի կորանքը ոսկեզօծելով քաղաքական իրապաշտութեամբ, կամ պատմա-մատերիալիստական տուեալներու ջախջախիչ փաստերով։ Ու կրնանք տակաւին, իր ռոմանթիզմը, իր անբաւարար զարգացումը մատի փաթթել, ինչպէս ըրին, նոյն վատ մեծամտութեամբ, ճպոտ մը թելին զարնել սորված մեր Եւրոպա տեսնող երաժշտագէտները Կոմիտասի գործին դէմ։ Ու կրնանք, վերջացնելու համար, իր ժողովրդականութիւնն անգամ գործածել իրեն դէմ։ Բայց չենք կրնար զինքը զրկել իր ընթերցողներէն, որոնք էին, եղան եւ պիտի ըլլան ասկէ վերջն ալ այնքան հաւատարիմ, որքան ատեն, որ մեր գիրը  խօսի մեր զաւակներուն:

Հարիւր տարին գերեզման մըն է, անշուշտ։ Բայց ինչպէս մեր երգերը կ՚ըսեն, հոգիներ կան, որ հողին տակէն ալ կը շարունակեն էրիլ, մխալ։ Ու կան ուժեր, որոնք հողերէն բուսնիլ գիտեն։ Մեր մէջ այս շնորհը ամէնէն արդար կերպով տիրապետող մարդերէն մէկն է Րաֆֆին։

 


 



[1]        Հետաքրքիրներ կարող են բանալ 1841ին սկիզբ առնող « Բազմավէպ » հանդէսը եւ քիչ մը աւելի վերջ Պոլիս հրատարակուող « Հայաստան »ը ու կենալ, խոհուն, որքան հիացիկ, այդ էջերով մեզի մատուցուած աշխարհիկ գրականութեան առաջին նմոյշներուն առջեւ։ Ի՛նչ սրտառուչ հրաշք մըն է, որ կը միջամտէ, որպէսզի, օրինակի համար, Նասրէտտին Հոճան ու իր էշը առակին լեզուն, սանկ քառորդ դարու ընթացքին վերածուի « Տրտունջք »ի շքեղ շողարձակումին: Նոյն ատեն հետաքրքրութիւնը՝ այս անգամ « Հիւսիսափայլ » (Մոսկուա) հանդէսին մէջ, Նալբանդեանցի կամ Նազարեանի ստորագրած գրութեանց վրայ, պիտի յանգէր այլապէս տխուր եզրակացութիւններու, քանի որ այսօրուան « Գրական ուղի » եւ նման հանդէսներու մէջ մեր գտած լեզուն ողորմիս կարդալ կու տայ հիներուն։ Դառնալու համար Արեւմտահայ գրականութեան, նոյն նայուածքով չափեցէք միջոցը, որուն ընթացքին Չրաքեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի բարդ, նրբենի կամ փարթամ գործիքները պիտի «դարբնուին», նոյն այդ երակէն։ Քառորդ ու քիչ մը աւելի դարու տեւողութեան, այդ գրականութիւնը, ազգերու իմացական վաստակներուն մէջ հազուադէպ կերպով արձանագրուած խոյանքով մը, պիտի հասնի արտայայտման ա՛յն լիութեան, պերճանքին ու թելադրիչ շնորհներուն, որոնցմով խանդավառուեցաւ երկու սերունդ, բայց առանց հիւթասպառ ձգելու մայր երակը, ինչպէս ըրին անդին: Թերեւս գտնուին մարդեր, որոնք թերի գնահատում մը ունենան երեւոյթին առջեւ, զայն նկատելով լեզուական, բարբառային յեղաշրջում մը, որուն քիչ մը օտարոտի կողմերն ալ արդար մեղադրանքը կը դիմաւորեն հարազատութեան պաշտպաններուն: Բայց նոյնիսկ քերականութիւն մը մշակոյթ մըն է ինքն իր մէջ ու փաստ մը նոյն ատեն։ Ու ասկէ անկախարար, գեղեցկութինը (բառը կ՚ընդգրկէ արուեստին լիութիւնը), ձրի տարազ մը չէ, ոչ ալ հացի, շահի ենթակայ ասպարէզ: Զայն հասկանալն անգամ առաքինութիւն մըն է բաւական պերճախօս: Ու զայն սիրելը՝ տիրական նկարագիր (առանց այդ սիրոյն հելլէն գրականութիւնը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ): Տեղը նեղ է ինծի, զբաղվելու հարցին կապուած ուրիշ երեւոյթներով, այս անգամ խորքի պարունակէն։ Մեր օրերու խռովքներուն հաղորդ գալու համար մեր միտքը կերտեց իր գործիքը, մեր իրապաշտներուն, բայց մանաւանդ արուեստագէտ սերունդին տարփավառ աշխատանքին ընդմէջէն: Հայեցիութի՛ւն, ազգային հարազատութեան հանգանակնե՛ր, ցեղային ո՛ճ, օտարութի՛ւն, ընդարձակ տարազներ, որոնցմով զբաղիլը հաճելի է այնքան, բայց առանց կործանելու գոհար, նշուլագեղ փափկութիւնը կամ հսկայ, փարթամ պայծառութիւնները Մեծարենցի, Վարուժանի ոճերուն, որոնք քանդակներն են այդ լեզուին։

[2]        Պատմական վէպին մէջ Րաֆֆիի հերոսներուն տժգունութիւնը բացատրելի է գրագէտէն դուրս ազդակներով։ Չի բաւեր տաղանդը, նոյնիսկ հանճարը, որոնց սլաքովը կարենայինք ճեղքել դարերուն պարիսպը մեր եւ անցեալին միջեւ: Հանդարտ զննութիւնը, երկարատեւ ողողուիլ մը միայն մեզ կը մօտեցնեն այդ աւերաստանին ո՛չ թէ լրիւ ոգեկոչումին, գէթ անոր արտաքին պարագրկումին։ Տասներկու տարուան պրպտում, երկու հազար հատոր գիրք եւ քանի մը տարուան հողային շփում պէտք եղան, որպէսզի ոտքի կանգնէր Ֆլոպէռի « Սալամպօ »ն։

[3]        Րաֆֆին իբր վիպասան դատելու սա աշխատանքին մէջ կամովի մէկդի դրած եմ շատ ու շատ պահանջներ, որոնք իր օրերուն գոյութիւն ունէին անշուշտ, բայց մեր գրական հրապարակէն չէին կասկածուած: Անոր դէմ բանաձեւուած ամէնէն զօրաւոր մեղադրանքը հոգեբանական յօրինման ու վերլուծման պակասն էր իր վէպին մէջ մեղադրանք, զոր շատ դիւրութեամբ կրնանք փոխանցել զայն գործածողներուն դէմ: Արդարեւ, մեծ հեղինակը այս անիրաւ ամբաստանութեան, Շիրվանզադէն, այնքան բան կը հասկնայ հոգեբանութենէն, որքան Րաֆֆին: Անոր դէմ բանաձեւուած միւս մեծ վերապահանջը արուեստի պարունակէն կու գայ։ Ծանօթ է տարազը, ըստ որում՝ Րաֆֆի գեղարուեստական գրող չէ: Ոչ Շիրվանզադէ, ո՛չ Վ. Փափազեան եւ ոչ ալ Րաֆֆիի միւս քայքայողները աւելի բան մը կը հասկնան տարազի տարողութենէն: Տափակ, անհորիզոն այն աշխարհը, որ Շիրվանզադէի վէպերունն է, աղերս մը չունի գեղարուեստին հետ, գէթ այն գեղարուեստին հետ, որ ռուսական կամ արեւմտեան մշակոյթը կը յատկանշէ: Գալով Փափազեանի անոճ, անկնիք, աննկարագիր պատմումին, մարդ կը զարմանայ անարդարութեան սա աստիճանին։ Փոքր բաներ պատմելու մէջ առաջնակարգ նայուածք մը ի վերջոյ պիտի վարժուի աշխարհը իր նայուածքին պարունակին վերածելու: Ի վերջոյ Րաֆֆին պարտաւոր էր քաւել իր համբաւը ու քաւեց: Չեմ գիտեր, հարիւրամեակի սա փառքը պիտի ըլլա՞յ բաւական պայծառ, որպէսզի «փարատին ստուերները», «չքանան չարիքները», «սպառին աղջերը», ինչպէս կ՚ըսէ Նարեկացին: