Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԻՐՎԱՆԶԱԴԷ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐ

Իրապաշտները, Տիգրան Կամսարականի առաջնորդութեամբ, հռչակաւոր գիրքով մը Շիրվանզադէ եւ իր գործը ») իրենց անվերապահ հիացումը բերած են գործի մը համար, որ իր որակովը եւ մտադրութեան լայնքովը ժամանակակից գրականութեան կրկին հատուածներուն մէջ կը հագնի առանձին կարեւորութիւն:

Մենէ առջի սերունդը, ա՛ն՝ որ մեր վէպը եւ նորավէպը հիմնեց, իր այդ գնահատութեան մէջ առաջնորդուեցաւ ամէնէն աւելի իրապաշտ ըմբռնումէն։ Թէեւ գործը ներկայացնելու կանչուածներուն մէջ կային ուրիշներ ալ, որոնց օտար էր վարդապետութիւնը, բայց բոլորն ալ հրաւիրուած էին յարգանքի հարկի մը՝ հանդեպ «մեծ» վարպետին:

Մեր խանդավառութեանց մէջ այս բացարձակութիւնը նոր չէ մեզի համար։ Չեմ ուզեր կասկածի տակ առնել անկեղծութիւնը անոնց, որոնք այդքան միակողմանի եւ վճռական արժեւորում մը ներելի համարեցին տակաւին չհանդարտած գործի մը համար, այն միակ պատճառով, որ անիկա համարումի առաջին փորձ մըն էր, անշուշտ համակրելի իր յաւակնութեան հորիզոնովը եւ խտացուցած շունչին զօրութեամբը։ Բայց մտադրութիւն եւ քանակ չեն բաւած փրկելու գործին խոցելի մասերը։ Ու ինծի համար Շիրվանզադէի դէմ ցոյց տրուած այս առատաձեռն տարփողանքը մա՛նաւանդ՝ յետադարձ երգ մըն է, որով հրապարակէն կը քաշուէր մեր իրապաշտութիւնը, զինքը յատկանշող ամէնէն կորովի տաղանդին փառաբանութեանը մէջ իր գոհացումը գտած ըլալ կարծելով։

Այսօր, մենք, ուրիշ սերունդի մարդերս, կը մօտենանք Շիրվանզադէի գործին աւելի անկախ տեսակէտներով, որոնք ազատ են դպրոցին ու անոր պարտադրութեանցը բեռէն, բայց դարձեալ անկեղծութեամբ մը, որմէ տառապելու պատճառներ չեմ ուզեր, որ նորերը, որոնք սովորական ճամբաներուն լայնքն ու ազատութիւնը սիրած են նախընտրել այն ամենն ավար։