Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎՐԹԱՆԷՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԵՒ ԻՐ «ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ ԹԻՒՐՔԱՀԱՅԵՐԻ ԿԵԱՆՔԻՑ»Ը

Յուլիսեան յեղափոխութիւնը մեր մտաւորական կեանքին համար կարեւոր երեւոյթներու ծնունդ տուաւ։ Ամէնէն կարկառուն երեւոյթն է ռուսահայ մտքին հոսանքը մեր մէջ։

Ի՞նչ եղած է այդ հոսանքը գրական տեսակէտով. որ աստիճան մեր երակներուն մէջ ներգործութիւն ունեցաւ ան փնտռողներու, նրբաճաշակներու համար անոր վերլուծումը զուրկ չէ շահեկանութենէ։

Ես նկատողութեան չեմ առներ յեղափոխական կուսակցութիւններու թելադրած ոգեւորութիւնը, յուզած խանդը ամբոխի հոգիին մէջ ճառերու, երգերու, ծափերու թրթռումին մէջ ամէնէն անհաղորդ միտքն ալ ստիպուած է ապրիլ այդ պահը, դարաւոր թմբիրին թուլութեան մէջ դեռ անորոշ ու երազուն:

Տեւական, խորապէս մեր սիրտին մէջ տեղաւորուող, մեր միասին մէջ իւրացուելիք ի՞նչ առինք ռուսահայերէն, այդ դեռ ես չեմ գիտեր, ապահովաբար ապագան պիտի յայտնէ զայն:

* * *

Հայ գրականութեան երկու մեծ հատուածները միաժամանակ սկսելով գործի՝ քալած են իրենց ճամբան տարբեր, ճակատագրական ուղղութիւնով մը:

Պոլսահայ գրականութիւնը իրեն խնամակալ ունենալով Մխիթարեաններու մշուշով, խունկով, անցեալով տոգորուն դասականութիւնը, ոչ մէկ մասնայատուկ, ազգային ոգիով բաբախուն բխում չէ տուած մեզի։ Չէ փորձած ընդլայնել շրջապատը, ուր դնել ուզած են շնորհոգի հայրերը. տղու մը պէս հնազանդ, մինչեւ նոր շրջանները շարունակած է պահել պաշտպանեալի դերը։ Վարանոտ, աննպատակ թափառած է պահ մը, վեղարաւորներու ստուերոտ ու սեւ հսկողութենէն ազատելէն ետքն ալ։

Կովկասի գրականութիւնը վանքերու տրտում մենութենէն չառներ իր աղբիւրը: Աբովեան իր Վէրք ով կը դնէ մեզ ցաւին առջեւ, այնքան հոյակապօրէն զգացուած ու ապրուած տառապանքին առջեւ։

Ու այդ վէրքերն են, որ պիտի խորունկնան, այդ ցաւերու ըմբոստացնող թրթռումներն են, որ պիտի երկննան ցոլալու յաջորդ սերունդներուն մէջ. լեզուն զգացումներու բարբարոս թարգմանը պիտի ըլլայ, բառերը՝ ուղղակի կեանքէն առնուած՝ կոշտ ու պակասաւոր՝ վայրենի շունչով մը պիտի թաւալին, յաջորդաբար զտուելու, մաքրուելու, աղուորնալու պայմանով։ Զգայնութեանց շատութիւնն ու մեծութիւնը, յուզմունքին ծայրագոյն սաստկութիւնը գրողը պիտի տանին ատեն տալու անոր, աղուորը, բարակը, խուսափուկը սեւեռելու համար։ Գրականութիւնը ուրեմն հոն ապրող, կեանքին պէս չարչարանքով թաց պիտի ըլլայ:

Ասղին՝ մեղկ, հեշտ կենաք մը՝ պոլսեցիները պաշտողը պիտի ընէ լամարթինեան քնարականութեան։ Տեսնելու, փնտռելու համար գրողը պիտի չիջնէ հանրութեան մէջ, ամբոխի կեանքը անտարբեր պիտի թողու զինքը. իր հոգին պիտի ընտրէ, ու անձնական գրականութիւնը եւրոպական խմորով հետզհետէ պիտի բարակնայ, խորունկնալու տեղ պիտի անգայտանայ. ու կեանքին պակասը լրացնելու համար պիտի դիմէ արուեստ ին։

Եւ ահա պիտի ունենանք նուրբ, սառած գրականութիւնը։

Անիրաւութիւն պիտի ըլլար չխոստովանիլ, որ գիտակից երիտասարդութիւն մը՝ վտանգէն սարսափահար՝ ուժեղ հակազդեցութիւն մը փորձեց դէպի կեանքը դառնալու, բայց հոդ ալ Համիտեան ռէեժիմը կիստեց անոր ուժը:

Հակազդեցութեան գրողները Պոլսոյ մէջ պահ մը սիրեցին գրականութիւնը ժողովուրդին դարձնել. աչքերը ուղղուեցան ամբոխի ցաւաբեկ խաւերուն: Գաւառը՝ մոռցուած ու վշտահար՝ իր անհունապէս ճոխ գոյներէն սկսաւ նոթեր տալ: Բայց որչա՞փ նեղ էր շրջանակը։ Ու նորէն այդ օգտակար, առողջ շարժումն ալ մարեցաւ Պոլսոյ այլասերած կեանքի տաղտակալի պատկերացումներուն մէջ։

* * *

Համիտեան ռեժիմէն հայերուն վրայ ծնրացող խժդժութեանց նկարագրութիւնը վիճակուեցաւ ռուսահայերուն։ Անոնք աւելի մօտ էին գաւառին, քան Պոլիսը, ցաւը աւելի շուտ կը ճառագայթէր Կովկաս, քան հոս. ու սիրտերը մանաւանդ տրամադիր էին ցնցուելու, զգայուն, կոտտացող։

Վրթանէս Փափազեան իր Պատմուածք ներով մեզ կը տանի մեծ նահատակութեան նաւակատիքը եղող զուլումի շրջաններուն:

Հարկ չկայ մանրամասնութեանց մէջ խորասուզուիլ ճանչնալու համար դարաւոր, յառաջադէմ մարտիրոսութեան այն հովիտը, որ Հայաստան կը կոչուի՝ աշխարհի վրայ ոչ մէկ տեղ զրկանքը, չարչարանքը, արիւնը, մեռնիլն իսկ այնքան ահաւոր չեն եղած, որքան հոդ։ Ոչ մէկ ազգ անիրաւօրէն, անխնայօրէն, բարբարոսօրէն չէ մորթուած իր իսկ ծոցէն ելած ճիւաղներու ձեռքով. պատմութեան վերաբերող ցեղերուն ոչ մէկին հոգեվարքը այնքան սրտակեղեք տեւողութիւն մը ունեցած է։

Փափազեան իր պատկերած տեղերուն մէջ օտար մը չէ: մանկութիւնը ու թերեւս հասունութեան մէկ կտորը անցուցած է այդ «հաւար»ով լեցուն երկինքին տակ, տեսած է կեղեքումը ամէն հագուստի տակ, իր ամէնէն ճիւաղային ճիւղաւորումներուն մէջ։

Հայ գեղջուկի կեանքին մէկ մասը ամէնէն կսկծալին կը բանայ մեր առջեւ ներկայ հատորով, « Պատմուածքներ թիւրքահայերի կյանքից »։

*

Բարի մարդ. տիպարները չափազանց իրական են, Հաջի Մանուկ աղաները հազարներով կը համրուին դեռ մեր մէջ։ Անամոթ կեղծաւորութեան, անխիղճ ընչաքաղցութեան մուշտակասքող այդ dépotները պիտի վերլուծուին շարունակաբար։ Փափազեան կրցած է այդ սողացող, ստոր, «թուքը անձրեւ» համարող հաճի աղաներուն ներքինը պարզել։

ՋԷլէբ. Անթերի է։ հեղինակը լաւ սերտած է տիպարները. պոլսեցիները չեն հասկնար այն խշխշցնող հոգին կտրող ցաւը, նուաստութիւնը, որով կը տառապի գաւառի հայութիւնը հարկահաններու երեսէն, չեն գիտեր, թէ որչափ դառն է աղքատին համար զապթիէին տալկալերէն մուրացուած ճանկուկ մը բանը. ծեծի, անարգանքի խայտառակութեան տակ, ու աւելին...

Աւազակները բռնւում են. Յատկանշական պատմուածք մըն է. բոլորովին հայկական։ Հազար անգամ, հազար ձեւերով կրկնուած, փորձուած հիւքիւմէթ ի արդարասիրութիւնը, սպաննուելու եւ ատոր համար իսկ պատժուելու ահարկու համակերպութիւնը ներելո՜ւ, կառավարական պաշտօնեաներու կամքը յարգելու, աստուածացնելու ամենաթոյլ ստրկամտութիւնը նոթուած են սահուն գործողութեան մը յուզիչ դրուագներուն մէջ։

Շահնա ։— Միւլթէզիմն է, որ քէօչէկ կը խաղցնէ ժամուն մօտիկ. մինչ անդին ցորենի դէզերը կնքուած՝ շաբաթներով կը սպասեն կալին մէջ իր հրամանին։ Ամիս մը տեւող գինարբուք մը, որ գեղացիին կռնակէն է հանուած, պատճառ կ՚ըլլայ, որ ժողովուրդը ջուրին տայ իր ցորենը իր հոգին անձրեւները կանուխ կը սկսին, գետակները վրէժխնդիր են։ Յաջորդ տարին 100 տուն հայէն 40 տուն կը գտնէք։

Կըշլան, Ծովի վրան, Ոչխարներ, Լաշոն Այս բոլորին մէջ ալ նոյն երգը կը թրթռալ: աւելի կամ նուազ արցունքոտ, բուռ կամ նուաղուն կատաղութեամբ մը։

Հայ իրականութիւնը, որ ցաւէն զատ ուրիշ բան չէ, ամբողջ գիրքը կը լեցնէ։ Այդ ցաւերը շօշափելի ընելու համար հեղինակը պէտք չունի հոգեբանօրէն կնճռոտ գործանաւորութեան մը մէջ մխրճուելու։ Ոչ պարզ կեանքի մը վրայ դեղնող պալարներու, զգետնող, պոռացող ախտերու, մահացնող վէրքերու ուղղած է դիտակը:

Այս իրականութիւնը Վրթանես Փափազեան գծագրած է պարզապէս։ Իր գործիքը սեւ մատիտն է, որ կ՚իյնայ թուղթին վրայ՝ դրուագներու յստակ, բարակ ու ճիշդ գիծերով: Պատմած ատենը կը զգաս, կը ճանչնաս տեղը։ Իրապաշտ հեղինակի իր վարպետութիւնը պոլսահայ գրականութեան մէջ իսկ իր նմանը հազիւ թէ ունի. կարդացեք Արդար դատաստան ին առաջին երեսներու ուրուագրումները. ի՛նչ արագ, բայց միեւնոյն ատեն ինչ իսկական գիծերով պատկերը կ՚ամբողջանայ, կը մարմնանայ առջիդ։ Գծելու տարօրինակ դիւրութիւն մը ունի, ամպի կտոր մը, լոյսի երակ մը, թռչունի թեւ մը, նոյնիսկ մուխի ծուէն մը յարմար ատենին դիտուած՝ իր քով կը բաւեն ընդարձակ գործողութեան հարկադրած բարդ միջավայրը տրամադրելու։

Գծագրեց ըսի, հարկ կը տեսնեմ կենալ այդ բառին վրայ:

Նկարներ կան, դանդաղ վրձինէ ծնած, թոյլ գոյներով, որոնց վրայ հոգին թեւ չունի։ Արուեստը չէ յաջողած փրկել հեղինակին տեսնելու տկարութիւնը:

Գծագրութիւններ կան բարակ, ճապուկ թելերով, որոնց վրայէն կարծես կը տեսնէք կեանքին քալելը. հոգին իր տաքութիւնը դրեր է գիծերուն վրայ. գոյնը միայն կը պակսի անոնց՝ արիւնը, որ այդ հիանալի մեքենականութիւնները ապրելու, թռչելու պիտի տանէր։

Ապահովաբար այդ գծագրիչներէն է Փափազեան։ Իրապաշտ, յաջող, համեստ արուեստն է իրենը, որ զերծ է Պոլիսի décorateurներուն հիւանդոտ նրբութիւններէն։

Արուեստագէտը կատարեալ կը տեսնեմ իր մէջ։ Ճշմարտապէս իրապաշտ՝ առանց մտածման խազերու, առանց գոյնի անտեղի խորութիւններու, առանց շեղելու կը գրէ իր տեսածները, անուշիկ, ցաւով տաքուկ տրտմութիւն մը դնելով դէմքերուն եւ իրերուն վրայ, այն տրտմութիւնը, որ ամբողջ թրքահայերուն վրայ նստեր է սեւ շոգիի պէս։

Չունի Ահարոնեանին romantique կրակը, ոչ ալ Զօհրապին ամբարիշտ հեգնութիւնը, իրողութիւնները կ՚արտայայտէ առանց անոնց թելին դպչելու. աղուորցնելու, շպարելու, բոցավառելու, նրբացնելու տրամադիր չէ բնաւ։

Արուեստը՝ իրաւ է թէ կ՚ընտրէ, իրաւ է, թէ եղելութիւնները նկարագրի մը մէջէն կը թորէ, բայց ժուժկալութիւնը՝ նոյնիսկ մեծ ազատութիւններու մէջ` զանցառելի առաւելութիւն մը չէ եղած։ Բնութեան մօտենալով միշտ կը մօտենանք մեծին ու գեղեցիկին ։

* * *

Այս հատորը չի պարունակեր յեղափոխական դիւցազներգութեան նուիրուած կտորներ։

Խերանը, յոյսի ծաղիկի մը պէս տժգոյն՝ կանջատուի տիրող դակացնող մթնոլորտէն. ազգային արժանապատուութեան ապաւէն մըն է, զոր կ՚ընծայէ հեղինակը կարծես գիտնալով։

Աբազայի դաշտում ը նոյն ոգիով գրուած է։ Արեան բծերուն մէջ Փափազեան խանդաղատանք կ՚ազդէ Ահարոնեանին չափ։

Կ՚երեւակայեմ, թէ նորագույն գրականութեան մը կերտումին մէջ` որուն կ՚ուզէի, որ ձգտէին երկու հատուածներու առողջ, գիտակից տրամադրութիւնները, որքա՜ն զգլխող, յուսադրիչ ու փրկարար պիտի ըլլար հայ ցեղին գերագոյն երկունքին, Յեղափոխութեան շքեղ դէմքերուն յուշարձանը կանգնել վէպիկներով, ցուցնելու համար մեզի ճամբան, ուրկէ դիւցազնութիւնը եկաւ զանոնք գրկելու:

* * *

Փափազեան տարբեր առանձնայատկութիւն մըն ալ ունի։

Ժողովուրդի բոլոր խաւերուն սրտէն կը խօսի։ Պատմուածքները մէկու մը տուած էի։

Շաբաթ մը ետքը ընթերցողը քովս եկաւ բարկացած ու գիրքը երեսիս նետեց։

Ի՞նչ եղար, հարցուցի զարմանքով:

Աղբար, շիտակը կուզե՞ս, ա՛լ ես հայ չեմ ըլլար ։

Ժողովուրդի զաւկի մը բացատրութիւնը այնքան խորունկ է, որ շատ մը գրական վերլուծումներէ վեր կը դասեմ ես զայն: