Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԴՈՑ ՔՈՎՆ Ի ՎԵՐ (ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՄԷՋԷՆ) [1]

Կէս դար կը բաժնէ մեզ այն օրերին, երբ մեր արդի մատենագրութեան (այս բառին մէջ կ՚ուզեմ զետեղուած տեսնել իմացական մեր նորագոյն վաստակը, անբնական թէեւ ա՛լ ընտանի կրկնատարազ յորջորջում մը սրբագրելու փորձ մը ընելով՝ ամէնէն բացառիկ մէկ մշակը հող իջաւ, նոյնքան բացառիկ յոյսերու արշալոյսի մը մէջէն: Գրողներն անշուշտ մարդերն են իրենց ժամանակներուն։ Այս տարազը շատ քիչերու համար բացարձակ է այնքան, որ քան Րաֆֆիին։ Ազգային մեր գիտակցութեան համատարած փաստը, որ անոր գործերուն ժողովրդականութիւնը ունի իբր յայտարար, Րաֆֆիին վրայով հասած է վճռական իր արժէքին։ Կէս դար առաջ ըմբռնելի չեն այն մարդերը, որոնք անոր գործը կը դատեն այսօր, ետքէն սորվուած պատգամներու լոյսով։ Մեր ժողովուրդը կարդացած է անոր գործերը միակտուր հիացումով ու խանդով, առանց հերձուածի։

Գաղտնի՞քը այս հրաշքին։

Անշուշտ շատ տարրեր կը միջամտեն ատոր լուծումին։ Արտահանել այդ տարրերը մէկիկ-մէկիկ, զիս պիտի հեռացնէր զուտ գրական գետինէն, ուր մտադրած եմ կենալ։ Ատիկա պիտի նշանակէր վերլուծումը ընել մեր հաւաքական հոգեբանութեան, վասնզի, քիչ անգամ պատահական բախտով մը՝ գրական այդ գործը համադրութիւնն է ժողովուրդի մը ամբողջ զգացումներուն ու ճակատագրին։ Ու ժողովուրդ բառը, այս տողերուն վրայ, ըմբռնելի ու դիւրին սերունդը չէ, որ գրողի մը վարկը կը յօրինէ կամ՝ անոր գործին հորիզոնը կու տայ, այլ՝ դարերու երկար շարան մը, որ մարդոց արիւններուն մէջէն կը քալէ ու կու գայ, մեռնողները ապրեցնելով անընդմէջ տեւողութեամբ մը։ Ինչ որ գտեր էին Րաֆֆիի աչքերը մեր ցեղին խորա գոյն, անդրագոյն ալքերէն ու, գրեթէ, մեր բոլորին մէջ կանգուն պարտադիր իմաստութեամբ մը, հեռազգածութեամբ մը, նաեւ՝ իր օրերէն ալ ասդին, անլուր իրողութեանց այլապէս անորակելի ժապաւէնը, կը կազմեն վաւերական յիշատակարաններ մեր հաւաքական ճակատագիրը պարզաբանող։

Գերուած իր գերեզմանէն մինչեւ նսեմ կամարները Սփիւռքի այլատարազ, բայց խորքին մէջ նոյն մեր նոր գերութեան, հակառակ մեծ ճիգով հերքումներու, ու նորանուաճ երջանկութեանց չեմ ըսեր առասպելին, այլ կամաւոր կերպով մը ոսկեզօծ համապատկերին, մեր հոգիները այսօր չունին դարձեալ ուրիշ անուն մը դուք ըսէք պատրանք մը–, որ տիրաբար խորհրդանշէր, տարազէր ինչ որ, նոր ժամանակներու սեմին, կազմեց մեր երջանիկ, բայց այնքան ապաբախտ զարթօնքը։

Րաֆֆիի գործը համադրութիւն մըն է շատ ընդարձակ իրադարձութիւններու։ Յանգո՜ւմ մը անիկա՝ դարաւոր յղացքներու, ինչպէս նոյն ատեն սկիզբ մը, կարմիր ցայգալոյս մը՝ ուրիշ նոր պատգամներու։ Կէս դար ետքը, երբ մեր ակնարկը վերստին կը փորձէ չեմ ըսեր վերագնահատել, այլ գոնէ հասկնալ այդ գործը, կը շուարի, գրողին պարզ ու համեստ տուրքերուն, բայց անով իրագործուած անհուն յեղաշրջումներուն հակապատկերին դիմաց։ Բան մը դուրս է սակայն կասկածէ։ Ու ատիկա արժեքը՝ իրմով ալ պատմութեան անցած խորհրդանշանին: Անարդար, որ քան անկարելի պիտի ըլլար այդ խորհրդանշանը դարբնելու ու զանգուածներուն վրայ սաւառնաթեւ նետելու փաստը կապել միմիայն իր անունին։ Ինք մինակ չէ եղերական այդ դաշտին վրայ, իր ժողովուրդին կործանած շէնքը ոտքի հանելու հերոսական վաստակին մէջ, խենթեցած ու վսեմ։ Ու ճիշդ է դարձեալ, որ մեր պատմական հայրենիքին խուլ անկիւններէն մինչեւ պերճ ոստանները Արեւմուտքի մշակոյթին, մեր ցեղին բոլոր արի ու արդար կարողութիւնները կրկէս են իջած սրբագրելու համար դարերու աղէտը: Պատմութիւն պիտի չընեմ։ Բայց իր օրերու մեր մեծ, բարձրարժէք մտաւորականներէն, ու նոյնքան լայնամիտ հոգեւորականներէն ու հանճարեղ գրողներէն ոչ մէկը կրցած է մեր այդ ձգտումը աչքի բախող կարկառներով կերպի տակ դնել, նուաճել, որքան Րաֆֆին։ Իմ սերունդը չի կրնար մոռնալ, թէ որքան բարձր ու գեղեցիկ խռովքներ, որքան կորովի երազներ, իր էջերով մատուցուեցան մտաւորականներուն ու նոյնքան ու աւելի, մա՛նաւանդ՝ զանգուածներուն արբշռանքին։ Ֆրանսական ռոմանթիք վէպերու թարգմանութիւնները պահ մը տեղի տուին այդ գեղջուկ գրողին ուժգին հմայքին: Ու կը սիրեմ հաւատալ, թէ մեր գրականութեան արեւմտեան թեւը այսօր ուրիշ պատկեր պիտի ընծայէր մեր գուրգուրանքին ու թերեւս հիացումին, եթէ Րաֆֆիով մուտք ըրած գրական ուղղութիւնը արգելքին չհանդիպէր բռնապետական գրաքննութեան։

Դժուար, սա սեղմ էջերուն մէջ, նուաճել փորձել այդ շրջանը, ուր մեր միտքը վերստին ձեռք առաւ մեր պատմութեան շքեղագոյն երազներէն մէկը, թերեւս ամէնէն սրտառուչը որքան, անիրաւ՝ մեր տապալումին մէջ, նոխազներ փնտռողի մեր փոքրոգութեան զոհ ընել անհուն խանդի այդ արշալոյսը ու յարակից գեղեցկութիւնը, որոնցմով լուսապսակուած է մեր նորագոյն Զարթօնք ը։ Միշտ մնալով մեր մատենագրութեան քառուղիներուն վրայ, Րաֆֆի անունին հետ զուգորդաբար կ՚այցելեն ինծի Մեսրոպի դարն ու Շնորհալիի օրերը իբր մեծ ստեղծումի ու լայնածաւալ խանդավառութեան շրջաններ, որոնք դարձեալ կնիքին տակ են այդ մեծ անձնաւորութեանց: Պատմութիւնը չի ծանրանար հզօր աղէտներուն, որոնք այս երկու մեծ անուններուն գործունէութեան հետ կապուած եղան։ Առաջինին վաստակը պիտի թաղուի Արշակունիներու թագին մոխրացումին ներքեւ։ Շնորհալիին ստեղծագործութիւնը պիտի թաթխուի արիւնի ու կոտորածի այն շառայլին մէջ, որ Կիլիկեան մեր Հարստութեան այնքան տարօրինակ կեանքը պիտի չլքէ մինչեւ վերջնական տախտապարումը արի այդ արքաներուն։ Րաֆֆիին գերեզմանը հասած ըլլալու են աւելի աղեկտուր ձայներ։ Ողբը աւելորդ է պատմութեան մէջ։ Ու եթէ ցեղը, անցեալին մէջ, ինչպէս այսօր, հաւաքական գործաւորն է իր պատրանքին, մեր ժամանակներուն, սխալ պիտի չըլլար թերեւս նորոգ ճարտարապետ մը նկատել Րաֆֆին, նոր միջոցներու մարդ մը։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի մեր պատմական հոլովոյթը այսօր կ՚ընթանայ ուրիշ ազդակները խթանով։ Գրագէտը դադրած է իր դերէն, տակաւին ԺԴրդ դարու մուտքերուն: Ու ահա ինչու իմ համակրանքը կը զօրանայ մարդու մը դէմ, որ առանց մեծ եկեղեցական մը, զօրավար մը, պետական աւագ պաշտօնատար մը, նոյնիսկ զօրաւոր թերթի մը տէրը ըլլալու կը հասկցուի, թէ մեր միտքին ղեկավարները որոնցմէ կ՚ընտրենք– միս-մինակը տիրապետեց իր օրերուն, մեր իրերահալած ձգտումները չէզոքացնելով՝ առնել տանելու համար մտաւորականը՝ ինչպէս միջին զանգուածը, դէպի ակօսը ցեղին գերագոյն երազին:

Այսօր, երբ այնքան նուազած է գիրին կշիռը մեր հալածական կեանքին գրեթէ ամէն մարզերուն մէջ, մեր միտքը դժուարութիւն կը կրէ ճշդիւ ըմբռնելու համար բացառիկ այն հմայքը, որով «վարժապետի կտոր մը», ինչպէս կը սիրենք յեղյեղել այնքան յաճախ մեր իմաստութիւնը իր քաղքենի մուշտակաւոր պարապութեան բարձրացնելով, մէկ օրէն միւսը ճամբայ կը հարթէ, մոգական խոփովը իր գրչին, դէպի լքուած, բայց յաւիտենական արգանդը մեր ցեղային խորհուրդին, զանգուածները, անմշակները, պարզերը իրարու անհաղորդ, նոյնիսկ հակադիր սիրտերը կապելու համար լայնօրէն ընդգրկուած, ամրօրէն սեւեռուած մեր մեծ Երազին։ Ու, բացառիկ պարագայ այդ մեծ վաստակը՝ գրական միջոցներով: Կ՚ենթադրեմ, թէ մեր ժողովուրդը թրթռագին զգայնութեամբ մը կրնայ դիմաւորած ըլլալ մեր հայրապետներուն սխրագին զեղումները, ստեղծումները հոգեւոր «անդաստանին» վրայ։ Նոյնպէս կարելի է հաւատալ այդ կարգի յուզումները իրականութեան, երբ այդ ժողովուրդի ականջներուն հնչեցին կախարդ շեշտերը Շնորհալիի քերթողութեան: Թերեւս ազգային մեր երգերը այն ակունքներէն կու գան։ Բայց մեր օրերուն սխալ չէ յայտարարել, թէ ոչ ոքի վիճակուեցաւ խօսքին ու գիրին ուժը գործածել այն տիրականութեամբ, ծաւալողական այն յառաջատուութեամբ ու անակնկալ արդիւնքներով, որոնք Րաֆֆիի գործերուն յատկանիշները եղան: Այս անկիւնէն դիտուած, Րաֆֆին մեր գրականութեան առաջին, միակ ու տակաւին չգերազանցուած վարպետն է։

Ուրկէ՞ կու գայ այս արտակարգ ուժը մարդու մը մօտ, որ խմբագրատան մը չոր պատերէն անդին հորիզոն չունեցաւ, իր գործունէութեան ամէնէն յորդ տարիներուն իսկ։ Ինչպէ՞ս հասկնալ այդ արտակարգ վարկը դարձեալ, մարդու մը համար, որուն միտքը ըսել կ՚ուզեմ ուղեղը– իր շրջապատին ընթացիկ միջինէն հազիւ կը զատուի իբր պատրաստութիւն (զուրկ եղաւ Աբովեանին, Նալպանտեանին, Նազարեանցին ու Շահազիզին բախտերէն՝ համալսարանական խորք մը ճարելու համար իր մտածողութեան)` եւ պատեհութիւն չունեցաւ բարձրագոյն մշակումի մը ենթարկելու իմացական իր միջոցները։ Որ, կարճ ըլլալու համար, Վենետիկի պարզապաշտ ազգայնականութիւնը եւ Իզմիրի ռոմանթիք թարգմանութիւններն ու թերթօնները գործածած է՝ կազմելու համար իմացական մարտկոցները (Րաֆֆին պատշաճ կերպով հասկնալու համար, այս մայր ազդակներէն վեր, անհրաժեշտ է լայն փարակրաֆ մը բանալ վաթսունական թուականներու ռուս գրական ու մտաւոր-քաղաքական հոսանքներուն ուսումնասիրութեան։ Ինչո՞ւ Տիւմա եւ Հիւկօ` իր վարպետները պիտի ըլլային, երբ կ՚ապրէին Տոստոեւսկին ու Թոլսթոն։ (Այս սուղ էջերը չեն արտօներ ինծի այդ շատ շահեկան ձեռնարկը)։

*

Անկախաբար այն ընդհանուր, մեզի համար այլապէս շահեկան հարցերէն, որոնք մեր գրագէտներու գործունէութիւնը կ՚որոշադրեն, զայն ընելու աստիճան տարբեր, գրեթէ հերոսական երեւոյթ մը կրկնակ գերութեանց մէջ տախտապարուած մեր գոյութեան դաշտերուն վրայ, եւ այն շատ մասնակի, ուրիշ անգամ չհանդիպուած պայմաններէն, որոնք Րաֆֆիի պատանութեան եւ հասունութեան շրջանը կընեն նոյնքան հերոսական, հեքիաթունակ ու գրեթէ մեզի համար այսօր անհասկնալի, Րաֆֆիի «համբաւ»էն, իմաստէն ներս թափանցում մը փորձելու համար, ինծի կու գայ, թէ սխալ պիտի չըլլար ամփոփել վերլուծման ծրագիրը, ու ծանրանալ քանի մը տիրական ազդակներու, հոգեկան քանի մը բացարձակ վիճակներու ճշդումին։ Երբ գրող մը յանգում մը եւ սկիզբ մը կը ներկայէ միաժամանակ, ատով իսկ կարելիութիւններ կ՚առաջարկէ դատողներուն։ հատորներ քիչ պիտի գային իր հարիւրամեակին կապուած միջոցը պատշաճ խորութեամբ մը սեւեռելու աշխատանքին։  

Այդ վիճակներէն մէկը՝ Րաֆֆիի գործերով նուաճուած աշխարհն է։ Միւսը՝ այդ աշխարհը նուաճելու համար գրագէտէն գործադրուած եղանակ ը, ըսել կ՚ուզեմ՝ արտայայտութեան իր գործիքը։

*

Րաֆֆիի աշխարհը բացառիկ ընդարձակութեամբ երեւոյթ մըն է ամբողջ հայ գրականութեան մէջ։

Այս վարկածը նկատի չունի միմիայն ծաւալը, որ կրնայ տեղի տալ Մխիթարեաններու ստուար շեղջերուն դիմաց։ Ալիշանի հատորները ջախջախիչ մեծութիւններու փաստեր են: Բայց իմ տեսակէտը կը շեղի էջերով պայմանաւոր վաստակին կշիռէն, ծանրանալու համար ստեղծագործական արդիւնքներու։ Ուրիշ բան է արձանագրութիւններ ընդօրինակել ու այս առիթով քանի մը բացագանչութիւններ կամ կրկնայիշումներ կցել բնագիրներուն, ուրիշ բան՝ քրոնիկի մը միակ էջէն ամբողջ չէնք մը ոտքի հանել, հոգ չէ թէ պակասաւոր, երբեմն սխալ գոյներով Սամուէլ »)։

Րաֆֆիի աշխարհին հեռաւոր սահմանները կ՚երկարին մինչեւ չորրորդ դարը մեր պատմութեան, կեդրոն ունենալով նոյն ատեն իր ժամանակը, տարօրէն ծանր ու արիւնոտ եղելութեանց գուպարածը, որ կը բռնագրաւէ ԺԹրդ դարու երկրորդ կէսը։ Իր գործերուն մէջ իբր թատր կամ ոգի գործածուած վայրերը, անձերը, մտայնութիւնները չեն, որ կ՚որոշադրեն իմ վերագրումը։ Այլ՝ այդ հազար հինգ հարիւր տարիներու հոլովոյթը նոյն լոյսին մէջէն տեսնելու, նոյն զարկով զգալու իր տրամադրութիւնն է, որ աշխարհ մը կը դառնայ իր մօտ։ ՝

- Այս ընդարձակութեամբ գետնի մը վրայ է, որ Րաֆֆիի տաղանդը շփումի կու գայ մեր ամէնէն պայծառագոյն շրջաններուն, ուրիշ խօսքով՝ մեր ժողովուրդը զգալու իր կերպը կը նոյնանայ բոլոր մեր յատկանշական գրողներուն ցոյց տուած հոգեբանութեան։ Դուք մի տարուիք ներկայի պատկերէն, ուր այնքան շատ է թիւը այսպէս որակուած գրագէտներուն։ Քանի՞ անուն ասոնցմէ բախտը ունի դիմաւորելու քանի մը դարու կեանք մը գոնէ։ Այդպէս չէ պարագան անոնց, որ Եղիշէ, Փարպեցի, Խորենացի, Շնորհալի կը կոչուին։ Ու մէկ են այս մարդերը, ըսել կ՚ուզեմ՝ նոյնն է կերպը, որով այդ անուններով մեզի մատուցուած զգայութիւնները կը բիւրեղանան մենէ ներս։ Րաֆֆին մեր դարերը տեսնելու իր կերպին մէջ անշուշտ չէ հասած բացառիկ այն կատարելութեան, որով արուեստի գործ մը կ՚արհամարհէ ժամանակին աւերներ գործած անվերածելի, վճռական սեւեռումներ ոչ բարքերի, քաղաքային տենչերէ, ոչ ալ տիպարներէ, ասոնց հարազատ, այսինքն՝ պատմական հոգեբանութիւնը կերպադրող։ Ի՞նչ փոյթ։ Անոր էջերը մեզի կը բանան կախարդական կամարները մեծ այդ շիրմաuտանին իրենց դամբարաններէն դուրս հոսելու համար հին այդ հերոսները, դժբախտ, այլապէս տպաւորիչ գեղեցկութեամբը իրենց իսկ վրիպանքին։ Այս ոգեկոչումը, թերեւս չափով մը ենթակայ « Յուշիկ »ներու եղանակին, կը տարբերի անկէ ոգիով՝ ինչպէս առաջադրութեամբ։ Յետոյ, դարերու վրայ սա թափառումը, սա խուզարկումը երբեմն կանգ կ՚առնէ այնպիսի պատկերներու առջեւ, որոնք վէպին ու պատմութեան տեսակ մը իրարու վերածումը կը ցուցադրեն, ինչպէս չէ դադրած ըլլալէ կեանքը ինքնին, այդ դժբախտ հողամասերուն վրայ: Հարցուցած ունի՞ք դուք ձեզի գինը այս ժողովուրդին դարերուն, որոնք այնքան տարբեր գնացք մը կ՚առնեն, երբ տափաստաններէն կը բարձրանան դէպի Հայկական սարահարթը: Ինչպէ՞ս չեն մեռած մեր հոգիները (չեմ ըսեր մեր մարմինները) այդքան խիստ բռնուած պայքարներու շառաչին դէմ։ Մտածելն իսկ գլխու պտոյտ կու տայ սա հեղեղներուն: Ու գրագէտը, որ յայտնատեսութիւնն ունի այդ հրաշքին, զարհուրած կընկրկի տեսարանին անպարագրելի մեծութեան ու դժոխքին առջեւ։ Ասկէ՝ թերեւս վրիպանքը Րաֆֆիի պատմական այն վէպերուն, որոնց գործողութեան [2] դաշտը շատ խորերը, հեռուները կ՚երկարաձգուի։ Բայց եթէ « Սամուէլ »ը չորրորդ դարու մեր հոգեբանութիւնը նուաճելու ճիգ մը իբրեւ արժէք մը կը ներկայէ միայն, ան խուսափելի վրիպանքը գործին, իմ կարծիքով, արդիւնքն է, այդ դարերուն մեզի համար անկարելի իրենց կառոյցին։ Մենք այժմու մեր միջոցներով չենք կրնար տեսնել ինչ որ եռացած է իբր սրբազան իսկութիւն խորը այդ ընդունարաններուն, որոնք ժամանակին աւազներն են մեր ետին։ Կը հաւատամ, թէ կու գայ օրը, երբ մեզի կը տրուի պատեհութիւն հոգեբանական ընդծովեաներով խորաչափումը ընել այդ անդունդներուն։ Այս զուգորդութեամբ, խօսիլ « Խամսայի մելիքութիւնները » եւ « Դաւիթ Բէկ » գործերէն՝ պիտի նշանակէր մեր միջնադարը երկարաձգել մինչեւ նոր ժամանակներու դուռները, վասնզի այդ վէպերը պատմական անձնաւորութեանց կնիքովը շեշտօրէն իրական, իրենց աշխարհին ու պարունակած հոգեկան վիճակներուն համապատկերովը կը զատուին հաւասարապէս թէ վէպէն, որ ստեղծագործութիւն մըն է ու կ՚ապրի իր ներգոյակ արժէքովը, թէ պատմութենէն, որ նախ գիտութիւնն է, ըլլալու համար երկրորդաբար ստեղծում եւ կ՚ապրի իր առարկայական արժէքովը։ Կարդացեք Դրասխանակերտցի կաթողիկոսին քրոնիկները, Լաստիվերտցին, Դարանաղցիին այն քան տարօրինակ փշրանքները՝ հասկնալու համար, թէ այդ էջերէն մեզի մատուցուածը վէ՞պ է, թէ մեր իրականութիւնը։ Պատմական վէպը, այնպէս՝ ինչպէս փորձուած է անիկա մա՛նաւանդ անգլիական գրականութեան մէջ (սքոթեան դպրոց) զուր տեղը չէ, որ կը նկատուի դժուարագոյն ճիգ մը խղճամիտ ամէն արուեստագէտի համար:

Բայց Րաֆֆիի վարկը կապ է առաւելազանց չափով մը ժամանակակից աշխարհին: ,

Ու հոս է հարցին եղերականութիւնը։

ԺԹրդ դարու երկրորդ կէսը բոլորովին տարբեր ժողովուրդ մը կը հանէ նայուածքին դէմ ամէն անոնց, որոնք մեր պատմիչներուն վրայով յոյսն են հետապնդած այդ ժողովուրդին սրտազարկը գտնելու ու զայն հաշտեցնելու ինքնիրեն։ Սփիւռքի մեր եղբայրները, այսօր այլեւս պարզուած հոգեբանութեամբ մը կրնան դիմաւորել իրենց շրջապատին բիւրաւոր հակազդեցութիւնները, հասկնալ ու սիրել զանոնք, պարպուիլ բոլորովին դարերուն նուէրը կազմող պապենական իրենց հարստութիւններէն ու Րաֆֆիի յուզած հարցերուն մէջ ռոմանթիք, միլոտրամաթիք ու, աւա՜ղ, նաեւ էկզոթիք թեմաներ հաստատել, ու ասիկա՝ առանց տառապելու։ Միւս կողմէ՝ մեր հայրենիքին մեծիմաստ դարբնողները կրնան երջանկօրէն մակաղուիլ իրենց մտահոգութեանց արդար, պարզ, ամենահաս պարունակին մէջ, իրենց փարախի մուտքին դնելով նոր ցուցատախտակներ, ու մեր ժողովուրդին գերագոյն տագնապը վերածելով այսպէս ճարուած խոտի, ոչխարային հանգիստի հարցի մը, իրենցմէ դուրս, ուրանալով հարիւր հազարներու հասնող բազմութիւններու ողբերգութիւնը։

Այսպէս չէին սակայն անոնք, որոնք 1850էն մինչեւ 1915 նոյն այդ տագնապը տագնապեցան, ու ինկան, սրբազան դարմանին ի խնդիր, իրենց ճամբաներուն վրայ։ Հոս դադար կու տամ այս վերլուծումին, զայն չվերածելու համար աժան՝ ինչպէս տխուր ու փոքրոգի գիտութեան, որ Աղէտէն վերջ դիւրին, աղմկող մարգարէութեան հետ կը շփոթուի ու գաղութներուն արդէն քամուած հոգին աւելորդ ու անիրաւ զրկանքներու կ՚առաջնորդէ։ Ի պատիւ Րաֆֆիին, կ՚աւելցնեմ սակայն, անիկա չստեղծեց մեր ողբերգութիւնը։ Զայն հասկնալու, զայն դիմաւորելու, դարմանելու իր կե՞րպը: Կեղծաւորներ են անոնք, որ կէս դար առաջ դարբնուած այդ հոգեբանութենէն օտար կը դաւանին զիրենք։ Ու Րաֆֆիի գրական իմաստը այս համայնական զգացումին խորը ունի իր բանալին։ Մեր ճակատագրին մղձաւանջը մեր պատրիարքներուն, կաթողիկոսներուն, գրագէտներուն պատկանելուն չափ, աւելիով սեփականութիւնն էր ամենապարզ հոգիներուն, ղարիպին՝ ինչպէս ասոր թշուառ մօրը կամ կնոջը: Ու ան՝ որ կը խօսէր այդ կսկծոտ սիրտերուն, հասկնալի էր պարզ իր պատգամին սփոփանքովը: « Կայծեր », « Խենթը », « Ջալալետտինի արշաւանքը » չեն կարդացուած, այլ՝ լափուած։ Ու այս հոգեկան վիճակը մոռնալու չեն բոլոր անոնք, որոնք մեր պատմութեան այս վերջին շրջանին դիմաց կը յաւակնին դաս տալ մեզի, մանաւանդ նոր ուսումներու տախտակներէն։ Ազգային դատին հետ նոյնացող այդ գրականութիւնը կրնայ վիրաւոր ըլլալ բոլոր դատերուն համար անխուսափելի այժմէականութեան եւ ասոր յարակից մոռացումին մեղքերովը։ Կը կրկնեմ, մեր մեղադրանքը Րաֆֆիէն առաջ ուղղելու ենք մեր հոգիներուն:

Ազգային հարցին այսքան խոր, տիրական ձգողութեանը քով, Րաֆֆի լայն է բացած իր տաղանդին ճամբաները դէպի ժամանակակից ուրիշ երեւոյթները, որոնք ժողովուրդի մը բարոյական դիմագիծը կը յօրինեն։ Մեր բարքերը [3], մեր Ասիան, բառին տալով առնուազն տասնհինգ դարերու բորբոս ու քարացում. մեր ինտելիգենցիան ՝ իր այնքան տրտում, այնքան իրաւ գիծերուն մէջ տիրաբար նուաճուած [4], մեր վաշխառուները, իրենց ամբողջ շքախումբովը եւ անփոխարինելի կարկառներով ու զարտուղի վիպային միւս տիպարները, որոնք թերթօններէ ճարուած ըլլալնուն հակառակ, գիտեն այնքան հարազատ ու հաւատարիմ մնալ համայնական կեանքին։ Մուրատները, Արսլանները, Քաւոր Պետրոսները մարդեր չեն միայն վիպային գործողութեան մը գահաւորակ ծառայող, այլ՝ այն բախտաւոր արարածներէն, որոնք գիրքերէն առած իրենց կեանքը կը փոխանցեն ողջ իրականութիւններու, ասոնցմէ աւելի կատարեալ կեանքով մը, երբեմն ապրելով քանի մը դար։ Տիպարի (գրական) յաւիտենական հարցը մեր մէջ ամէնէն առաջ դիմաւորող հեղինակը Րաֆֆին է։ Ու այս մարդոց քովն ի վեր մեր գեղջուկ աշխարհը իր վճռական գիծերով։ Բոլոր ասոնք ոճի կ՚իյնան նախնական, բայց տարօրէն վարակիչ արուեստի մը վրայով, որ հասկնալի կ՚ըլլայ նոյնիսկ նախաւոր, գիրէն առաջ գրականութեանց վարկածը կրկնելով մեր օրերուն։

Ահա թե ինչու չեմ զարմանար, երբ մեր ժողովուրդը, բազմապատիկ ճակատներու վերածուած իր անհասկացողութիւնները, կիրքերը, թշուառ ու թշուառական հաշիւները մէկդի կը դնէ, անսովոր վարկ մը բանալու համար իր գրողներէն մէկուն, ու տօնելու ծննդեան հարիւրամեակ մը, երբ նոյն այդ ժողովուրդը այնքան վայելուչ, հարազատ անգթութեամբ մը առհաւական ազդմունքներու թերեւս ուղիով, չէ վարանած անօթի թաղելու գրեթէ բոլոր անխառն վաստակաւորները իր միտքին։ Անցողակի դիտել կու տամ, որ իր ողջուցը Րաֆֆին ալ զերծ չէ մնացած այս ճակատագրէն։ Ահագին այն աշխատանքը, որ անոր ստեղծագործ տարիքին կը զուգադիպի, առնուազն սպաննող գերութիւնն է գրասեղան կոչուած նոր օրերու Մողոքին: Անիկա մարդն եղաւ, որ իր խուցէն դուրս աշխարհ չճանչցաւ ու երբ դուրս ելաւ անկէ, ատիկա ըրաւ երթալու համար յաւիտենապէս չբացուող խուցին։

Րաֆֆիի աշխարհին պարտ ու պատշաճ պարագրկումը դժուար է ընդառաջել սա սուղ սիւնակներուն հաշիւով։ Մարդեր կան, որոնց անունը անհուն համադրութիւն մըն է, այնքան անոնք կեդրոնը կազմած են իրենց շրջաններուն։ Պարզ արտասանում մը բաւ է մեզի թելադրել ընդարձակ, շատ խոր իրողութիւններ։ Պետրոս Դուրեան մը, հակառակ իր հանճարային մեծութեան, իր կեանքին մէկ տխուր կողմին վրայ անջինջ քանդակուած գերեզման մըն է ու այդքան։ Րաֆֆին՝ դար մը ողբերգութիւն: Կը բաւականանամ միայն հաստատելով, որ անոր աշխարհին սա տարապայման ընդարձակութիւնը յուզիչ, որքան անսովոր երեւոյթ է ժամանակակից հայ գրականութեան մէջ։ Անոր հաստատ, մշտայժմէ, ողբերգական ենթամասը զոր ուրանալու չափ անզգամ կալանք հետզհետէ–, պատմութիւնն է հայոց աշխարհին։ Միայն այս թափանցումը բաւ էր անոր անունը յարգանքի անմեռ լուսապսակով մը պատուելու։ Մեր անցեալը տեսնել, իր առաջադրութեա՛մբ, իր մօտ չի նշանակեր անիմաստ անցելապաշտութիւն (passéisme), զոր արդի հզօր ժողովուրդները անգամ չեն յաջողած սրբել արժէքներու տախտակէն, այլ՝ մեր հոգիներուն յանձնել հզօրագոյն զգացումը մեր դժբախտութեան։ Քանի մը արհեստ, դրամատուն, ելեկտրակայան ու ջրանցք կրնան մեզ պատրել։ Բայց չկայ բան մը մեր հոգին այնքան դղրդող, որքան մեր պատմութեան կսկիծը։ Րաֆֆի այդ անցեալին մէջէն հետեւած է ցաւի մեծ ակօսին, որ իր օրերուն պիտի կազմէր առաջին ծովը մեր նոր ողբերգութեան:

Րաֆֆի աշխարհին երկրորդ ու նոյնքան արժէքաւոր կիսագունդը ժամանակակից կեանքն է, որ կու տայ: Հոդ անոր տաղանդը յաջողած է գերագոյն կարկառներ նուաճելու կազմել իր մարգարէաշունչ խանդին մէջ ամբողջ սերունդ մը։ Մեր հոգիին ցցունքները, գործածելու համար հարազատ պատկեր մը գէշ կերպով տաղաւարող տարազ մը, ոչ ոքի մօտ գտաւ այն կատարելութիւնը, յիշատակարանային փարթամ ոճը, դարեր դիմացող այն կառոյցը, որոնք Րաֆֆիի գործին այդ մասովը անմահ տարրերն են մեր հոգեկան հարստութեան։ Չշփոթենք մեծութիւնը, խորութիւնը՝ յատկանշական տուրքերու այլապէս արժէքաւոր հարցերուն հետ։ Կրնանք այսօր կռնակ դարձնել իրեն, իրմով կանգնուած հոգեկան աշխարհին։ Չենք կրնար զայն կործանել իր իսկ ժամանակին սլաքովը։ Ան ըսած է իր օրերուն շրջան ընող շարժուն Հայաստանին, իր ժողովուրդի հոգիին հիմնական կարգախօսը։

 


 



[1]        Այս յօդուածը իր ներկայ ձեւին մէջ մաս կը կազմէր այն նոթերուն, որոնց վրայ չկրցաւ աշխատիլ հեղինակը՝ իր հիւանդութեան պատճառով:

[2]        Արուեստի զգայարանքին հետ զոյգ ընթացող ու անոր հաստատ խարիստ ընծայող պատմական զգայարանքը Րաֆֆիին մօտ կը տառապի գրեթէ մէկ ու նոյն նուաղումներով, զինքը կանխող սերունդներուն հետ նոյնացնելով պատմական իր հասկացողութիւնը։ Չունի՝ ինչպէս չունին հիներն ալ, անխուսափելի պատրաստութիւնը իր օրերուն ալ անհրաժեշտ տարրերուն: Տարօրէն տկար է գիտունը մեծ այս տեսանողին մօտ, ինչպէս տկար են, միշտ այդ մարզին վրայ, թէ « Հիւսիսափայլ »ի մարդերը, թէ Վենետիկի եւ Վիեննայի վաստակաւոր պենետիքտեանները, որոնց վերջինները մա՛նաւանդ տառերու ու նշաններու գիտութիւնը գիտակցաբար կը նախադասեն հոգիներու թափանցումին այլապէս էական ջանքին: Մեր օրերու քննադատական կեցուածքն ալ մեր պատմութեան իմաստին դէմ զուրկ է արուեստին կրակէն: Սխալ չհասկցուելու համար պարտք կը սեպեմ աւելցնել, որ անգլիական եւ ֆրանսական դպրոցները պատմութեան զգացողութիւնը նորոգած են հիմնովին, դեռ անցեալ դարու կէսերէն: Ո՛չ չոր, թուարկու, բաղդատող մանր մեթոտը հաւաքողներուն, ոչ ալ թեւարձակ, բարոյախօս, բանաստեղծ հռետորութիւնը գրագէտներուն: Այլ՝ երկուքին իրարու վերածումով կանգուն գո՛րծ, ուր արուեստն ու գիտութիւնը իրարու թիկունք դառնային։ Փա՞ստ» Ֆլոպէռի «Սալամպօ»ն, յիշելու համար արուեստի գործ մը:

[3]        Բարքերու պատկերացման տեսակէտով Րաֆֆի դպրոց է կազմած: « Ոսկի աքաղաղ »ը իր կորիզ կը խտացնէ ինչ որ Շիրվանզադէի գործին ամբողջական ու միակ առաքինութիւնը պիտի ըլլար: Այդ ոգին է դարձեալ որ անոր նայուածքը պատրաստ պահեց նոյնիսկ յեղափոխաշունչ ու թերթօնատիպ գիրքերու մէջ սեւեռելու բարքերու մնայուն գիծեր, ու ասիկա՝ մինչեւ իսկ օտարներուն համար: « Կայծեր »ուն Քիւրտերը եւ « Խաչագող »ին պարսիկները դիտուած են պատիւ բերող թափանցումով:

[4]        Նալպանտեանէն արմատ առնող այս յղացքին մէջ աւելի վերջը երեւան եկած չարափոխումը պէտք չէ զմեզ անարդար ընէ սկզբնական տիպարին այնքան մաքուր ու խանդավառ պատկերին առջեւ: Պարոնեան սպաննեց « Բանաստեղծը » (իր մուսաներովը եւ յարակից զրահանքներովը): Արփիարեան նոյնը ըրաւ ինտելիգենտին համար: Անշուշտ դէպի « Փանջունի »ն ճամբայ ունեցող այս բառին մեղքը դուրս է իրմէ: Րաֆֆիին « Խենթը » Փանջունի մը չէ, այնքան մօտիկը կենալով հանդերձ տիպարին: