Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՒԵՏԻՍ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Բանաստեղծներ կան, որոնք շատ նուրբ, շատ խորունկ կապերով կը պատկանին իրենց ժամանակին։ Անոնք հանդարտ ու երջանիկ զարգացումով մը կը մեծնան այն բարդ ու արգաւանդ կալուածին մէջ, որ շրջապատի հոգեբանութիւն կը կոչուի։ Անոնք կը կրեն այդ ոլորտին ամէնէն բարակ երանգաւորումները, կը տպաւորուին հաւատարմաբար այն բոլոր երեւոյթներէն, որոնք շրջանի մը նկարագիրը կը յատկանշեն։

Յաճախ գեղեցիկ են անոնք, եղակի ծաղիկներուն պէս քնքուշ, բայց շատ ալ դիւրաբեկ, կը վախնան մթնոլորտային պայմաններուն զարտուղութիւններէն, անակնկալ տապերէն ու անսպասելի եղեամներէն։ Համեստ հոտով, հաճելի գոյներով այդ ծաղիկները կ՚ապրին գարուն մը միայն։

Ապահովաբար այդ բանաստեղծներէն է Աւետիս Իսահակեան։

* * *

Աւետիս Իսահակեան Կովկասի ամէնէն բնիկ (originaire) բանաստեղծներէն մէկն է։

Ռուսահայ գրականութենէն Շիրվանզադէն, Թումանեանը, Ահարոնեանը շեշտապէս ունենալով հանդերձ զիրենք ստեղծող միջավայրին ընդհանուր դրոշմն ու նկարագիրը, կրնան Պոլիս ալ transplanté ըլլալ՝ առանց տուժելու իրենց է՛ն զաղփաղփուն հրապոյրէն իսկ։ Ասոնք ունին իրենց մէջ համադրած ցեղին ամէն հատուածներուն հոգիէն մասեր, ու իրենց խօսքը սիրելի է ամէն անկիւն ցրուած հայերուն։

Յանցանք չէ անշուշտ, որ Աւետիս Իսահակեան այդ շառաւիղէն չըլլայ:

Ու կը խորհիմ, որ թրքահայերուն կողմէ իր տաղանդին հանդէպ պատուած հանդարտութիւնը կը փոխարինուի հոն՝ իր բնիկ հողին վրայ խանդաղատանքով լեցուն հիացումով մը։ Իր երգերուն մէկ մասը գտած է ժողովուրդին շրթունքը։

Անարդարութիւն պիտի ըլլա՞ր արդեօք իր մասին գործածել թրքահայ քննադատութեան քիչ մը նրբացած ու յաւակնոտ վերլուծումը, քանի որ չենք ճանչնար մթնոլորտը, ուր այդ Երգեր ը թեւ են զարկած, քանի որ անոնց յօրինուածքի ոգին, զանոնք թրթռացնող շունչը զգալու համար մեր ջիղերը շատ բարակցած են։ Ո՞ր պոլսեցի գրագէտը յաւակնութիւնն ունի Կովկասը գիտնալու:

Եւ սակայն կան գիրքեր, ուրկէ վար երկու հատուածներուն տեղեկագրութիւնը կարելի կ՚ըլլայ որոշ չափով մը։ Մեծ կարկառներուն, հողի կանանչ ալիքներուն, ջուրի կապոյտ ու կաթի գոյն ժապաւէններուն մանրամասնութիւնը տարտամօրէն կարելի կ՚ըլլայ սեւեռել:

Այդ հետազօտութեանց արդիւնքն է ահա արուեստի մասին երկու հատուածներուն մէջ ըմբռնումի բաւական բաց տարբերութիւնը։

Ռուսահայ գրականութիւնը, սկիզբէն ի վեր, իր անդրանիկ մշակներուն ներարկած ոգիէն տարուելով կը ձգտի առաւելապէս օգտակարին (utile)։ Հոն գրականութեան պարտականութիւնն է խանդավառել սերունդները հանդէպ մեծ դատերու, փութացնել զարթօնքը ազգային գիտակցութեան։ Իմաստասիրական դրութիւնները մեր մէջ փորձուելէ առաջ արդէն Կովկասի մէջ արմատ նետած կ՚ըլլան։ Գրագէտներուն մեծ մասը հոն ունի բարոյախօսի ծանր ծիրանին ու անոնց ըրած գրականութիւնը հաւատքի, յոյսի հետապնդումն է։

Արուեստի մտահոգութիւն, փափուկ ու նրբակերտ գեղեցկութիւնը լաւ շինուած ֆրազներուն, աղանդաւորութեան մօտեցող նուիրումը Արուեստը արուեստին համար ի մեր մոլեռանդ ասպետներուն բնականաբար զիրենք պարտադրելու չափ ուժ չէին կրնար ունենալ այդ մանկավարժ-հոգեբան համալսարանականներուն մօտ։ Անոնց համբաւի հասած քննադատն անգամ գրականութեան պատմութիւն է գրած ու բարոյախօսի իր թանձր ու անգլիկան ակնոցովը միայն բարեհաճած է նկատի առնել գործերուն արժէքը (Լէo)։

Ճիշդ է, որ մեծ դէմքերը, անոնք՝ որոնց ճառագայթը կ՚անցնի Կովկասի սահմաններէն, չափով մը ազդուելով հանդերձ այդ բռնաւոր հոսանքէն՝ կրցած են անշահախնդիր (désinteresse), մաքուր գեղեցկութիւն մը ստեղծել իրենց էջերուն մէջ։

Թրքահայ գրականութեան մէջ այդ օգտապաշտ ձգտումը շուտ վերջ կը գտնէ։ Դուրեանի ոտանաւորները մեկնումի կէտն են նոր ոգիին։ Իրաւ է, թէ մինչեւ մօտաւոր շրջան մը այդ ոգին դեռ ղեկավարած է մեր բանաստեղծներուն կարեւոր մէկ հատուածը, բայց Արփիարէն ասդին մեր գրականութիւնը իր բոլոր սեռերուն մէջ կրցածին չափ թօթափած է բարոյականին լուծը ու աշխատած շարունակ նրբանալու, ճկուննալու, արտայայտել կարենալու համար հոգեբանութիւն մը՝ հիւանդագին ըսուելու չափ անգայտացած ու ամայի։

Երկու հատուածներն ալ ունեցան իրենց չափազանցումները: Եկաւ ատեն մը ու շատ մօտ է ան, ուր ռուսահայ ոտանաւորները հասարակ տաղաչափութեամբ traité de moraleներ դարձան։ Եղան օրեր, ուր թրքահայ քերթուածը ապակիի պէս բարակ, սառած մեռել մը եղաւ:

Թրքահայերուն մէջ հակազդեցութիւնը զօրաւոր եղաւ։ Ունեցանք բանաստեղծներ, որոնք մեծ յաջողութեամբ կրցան Պոլիսի ոտանաւորին այնքան զարդարուն, փրթելու չափ բարակցած մետաքսով հիւսուած տարազին մէջ կայտառ միսը լողացնել գեղացի աղջիկներուն։

Ռուսահայ գրականութեան մէջ Աւետիս Իսահակեան այն բանաստեղծներէն է, որոնք թողուցին գրքունակ ոգին ու մօտեցան ժողովուրդի սիրտին, անոր լեզուին ու արտայայտութեան եղանակներուն:

* * *

Աւետիս Իսահակեան նոր ժամանակներու աշուղ մըն է։

Գրականութեանց մէջ այդ կարգի կամաւոր զգեստաւորումներ շատ քիչերուն համար բարեբախտ եղած են սակայն։ Ժան Մօրէասի փորձը գիտենք։

Կարելի չէ անշուշտ ուրանալ Իսահակեանի մէջ աշուղի հոգիի կանանչ խորք մը։

Այդ կտոր մը տեղը իր վրայ ունի վիշտէն անուշցած, միամիտ երկինք մը, հայկական աստղեր, Մասիսի ամպեր։ Հոն իրարու գիրկ կ՚իյնան բոլոր սէրերուն ցաւերը, բոլոր համով սուգերը։ Այս է պատճառը անշուշտ, որ իր ոտանաւորներուն մէջ տարածուող մելամաղձութիւնը կը ներենք իրեն ու նոյնիսկ կը սիրենք։

Այդ տխրութիւնը լալկան ու մուրացող կոտրածութիւնը չունի բոլոր ռոմանթիք ու կամաւոր սուգերուն։ Անիկա երեւակայական աւերակներէ, ջարդի ու թալանէ չի գար։ Հաճոյքին հետ կը տեսնենք զանի երկու քոյր ալիքներու պէս, որոնք փոխնիփոխ կը թաւալին այդ էջերուն վրայ մերթ հանդարտ, ծանր, թախիծով գեղեցկացած, մերթ ոստոստող, թեթեւ, լոյս թեւերով թռելով։

Գեղացիի տրտմութի՜ւն, կիրակմուտքի, խունկի համովութի՜ւն, ղարիպութեան սգաւոր մեռելութի՜ւն։ Ու ասոնց հետ եարին ետեւէն հոգիին անքուն սպասումը օրեր ու ամիսներ, պատերու տակ կծկտած մայրերուն տարիներ տեւող արեւելումը փոշոտ ճամբաներու դէմքին։ Ասոնք բնական են ու ասոնք մեր սիրտը կը գտնեն։

Իսահակեանի տաղանդին ձեւն ալ մասնաւոր յարմարութիւն մը ունի այդ կէս շեշտով հեծկլտումներուն քաղցրութիւնը զգալի ընելու։ Իր գրչէն ելած բոլոր վշտի տպաւորութիւնները հետզհետէ մաքրուած, փափկացած արտայայտութիւն են գտած։

Այդ երգերուն մէջ Իսահակեանի տաղանդին ամէնէն կարկառուն կողմը rythmeի զգացումն է։ Այդ երակով ան կը միանայ բուն աշուղներուն ու ժողովրդական երգերուն նկարէն երաժշտութեան։

Կարճ, իրարու ետեւէ թապլվող պզտիկ ալիքներուն նման կլոր երաժշտութիւն մը ականջներդ կ՚անուշցնէ։ Ձայներուն պատրանքը յաճախ միջոց կըլլայ նոր, բայց անիմաստ բառեր կերտելու, ինչպէս կ՚ընէ ամէն օր ժողովուրդը նմանաձայնութեան յաւիտենական օրէնքին հպատակելով։ Իր բոլոր յաջողած ոտանաւորներուն մէջ կարելի է ափերով փրցնել այն վառ գոյնով, կոտորուող նրբութեամբ թրթռուն բառերէն, որոնք ոտանաւորը կը հագուեցնեն Արեւելքի ծիրանիով...

Յանկարծ տեսարանը կը փոխուի։

Աղջիկի, պիւլպիւլի ու ծաղիկի շնորհներուն նուիրուած ու զանոնք երգելը սիրած այդ գեղաչուի նայեադը իր հոլանի միսերուն վրայ կը նետէ իմաստասէրներուն այծէ մորթէ ձեւուած վերարկուն, մազերը կը ծածկէ դժգոհութեան, ոչնչապաշտութեան պաղ ու երկաթէ փուշերով սպառազէն պսակին տակ, կը նետէ իր ձեռքէն երկթելեան անուշիկ սազը ու կատղած, նոր Պրոմեթեւոսի մը դաժան դէմքովը կը սկսի որոտալ երկինքներն ի վեր։

Այդ տարազին տակ հին աղուոր աղջիկէն հազիւ ողջ կը մնան իր աչքերը:

Քմահաճոյք մը չէ սակայն այս փոփոխութեան պատճառը:

Իսահակեանի երգերուն մէջ քիչ էջեր կան, ուր միամիտ քաղցրութիւնը, թեթեւ ու հաղորդուն երաժշտութիւնը մեզի պատրանքը տան հին, բարի օրերու հերարձակ աշուղներուն:

Իսահակեան քսաներորդ դարու միտք մըն է։ Անիկա գիտէ։ Ու գիտութիւնը, երբ հաւատք մը չէ, երբ կործանուած կրօնքի մը տեղի չի բռներ, միշտ ժխտական է ամէն միտքի մէջ։

Իրաւ, որքան տարբերութիւն բարեպաշտ ու հաւատացեալ աշուղին ու այս ուրացող եւ ամբարիշտ herautին մէջտեղ, որ աշխարհի երեսին կը պոռայ անոր ապականութիւնը, որ աստուածները կը խարանէ իրենց պորտաբոյծ ոչնչութեանց մէջ, որ մարդերուն աղտերը, արուած ընկերութեան մը մեղապարտ սարուածը եւ անամօթ կեղծիքը մատը կը փաթթէ։ Աշուղները երկինք կը նային՝ խաչ հանելու համար, Իսահակեան աթոռներ կը կործանէ հոն. արքայութիւնը կը փլէ բիւրեղէ պալատներուն։ Աշուղները յաճախ ժամու եւ պատարագի նուիրուածներ են, Իսահակեան եկեղեցիներն ու ծէսերը, կրօնքներն ու յայտնութիւնները կը հարուածէ ամբարտաւան եսասիրութեան մը նոպային մէջ:

Ահա տարբերութիւն մը։ Մի կարծէք, թէ անկարեւոր է ան։ Մի կարծէք, թէ հաւատալ չկրնալը թեթեւ նորաձեւութիւն մըն է։

Աշուղի եւ գիտունի խառնուրդ՝ Իսահակեան ինծի համար կ՚արժէ աւելի իր սիրային, եար ի ու տարտ ի պարզուկ մաքրութեամբը, քան իր փարատոքսալ, խոժոռադէմ գիտունի ուրացող տաղաչափութեամբը:

Հետաքրքրական է տեղեակ ըլլալ, թէ ինչ եղանակով Արեւմուտքի մտածումները կը փոխադրուին մեր մէջ։

Արեւմտեան մտածումի ամէն պատուաստ մեր մէջ պատահած է նոր առաքեալներու միամիտ զոհողութիւններով։

Մեզի եկող այդ toutes-faites գաղափարները յաճախ հրապոյրէ ու նորութենէ ինկած հասարակ տեղիքներ են, որոնք, պահ մը հողին տակ մգլելէ վերջը, յանկարծ յոգնող բախտախնդիրի մը կռնակը նետուած կը փոխադրուին Արեւելք։

Օր մը միայն արհամարհանքով կը նայինք մենք այդ տարերկրեայ ապրանքին։ Շուտ մը զայն կը հագուեցնենք, գոյնի, զարդի, ճոխ կեանքի արեւելեան յղփանքին մէջ կը պարուրենք զայն, ոսկիի ու ադամանդի փայլին տակ կը լոգցնենք զայն ու կը թարմացնենք։ Ու անոնց քուրմերը, հաւատքի մարդեր, կը մոռնան, թե իրենց ցաւատանջ կռնակին վրայ բերած են զանոնք, ամբոխին հետ իրենք ալ կը սկսին հաւատալ այդ հրաշագործ ուժերուն գերբնական ծագումին։ Չզարմանանք սակայն։ Բնազանցութիւնը այնքան բնական է մարդուն ներսը ու զանի քակելու երդում ըրած մեծանուն իմաստասէրներ առանց գիտնալու նոր շինած կ՚ըլլան անոր աւերակներուն վրայ։ Քանթը չէ՞, որ Critique de la Raison pureը գրելէ վերջ, զարհուրած իր առջեւ բացուած պարապէն՝ աճապարած է Critique de la Raison pratiqueի մը բարեպաշտ ու գոթական տաճարը կերտելու:

Ընդհանրացումը կրնանք ընել բոլոր հոսանքներուն վրայ ալ հաւասարապէս: ,

Ա. Իսահակեան միջին դարու կրօնականներուն վայլող եռանդով մը կը շեփորէ անկումներուն, քայքայումներուն internationaleը, արժէքներու տախտակներուն (tables des valeurs) վրայէն իր անողոք ու ահարկու քերիչը վազեցնելով։ Իրեն համար աշխարհը ամայի է ու չար, ամայի հոգիէն ու սիրտէն:

Ես կը պահեմ իմ հանդարտութիւնս բոլոր այդ ժխտումներուն հանդէպ։ Մինակ կը տարակուսիմ քիչ մը, որ հայկական շէն ու գինով աշուղը հարկ եղած ճկունութիւնը չունենայ, երբ կ՚այցելէ մռայլ, այլամերժ ու մինակութեանը մէջ հոյակապ բանաստեղծ-փիլիսոփայի մը ճգնարանը, ուր աւանդական Տիրամոր պատկերին տեղ Ֆաուսթին ուրուականը կը թանձրանայ, ու մոմերուն ու խաչերուն տեղ espritի եւ հեգնութեան սրուակները շարք կը բռնեն:

* * *

Իսահակեանի մէջ արտայայտութեան գործիքը հասարակ սազ մըն է։

Այդ պարզուկ թելերը շատ անգամ հաճելի, յուզիչ շեշտ մը կը թափեն իրենց վրայէն երբ, մանաւանդ՝ իրենց աղերսը ըլլան աղջիկն ու բնութիւնը: Քարոզներու, անէծքներու, սպառնալիքներու տարափին համար այդ թելերը շատ նիհար են։

Առհասարակ ռուսահայ ոտանաւորը անտաշ, անարուեստ ոճ մը կը ներկայացնէ։ Յանգերուն հասարակութիւնը, ազգապղծութիւնը նկատի չեն առնուիր հոն։ Սահունութիւնը, ծաւալուն ampleurը հայկական չափին անոնց մէջ կը փոխուի արձակունակ վանկաչափութեան մը (եթէ բառը կը ներուի)։

Անոնց, ռուսահայերուն լաւագոյն բանաստեղծը, Աւետիս Ահարոնեան, երբ կը թողու իր արձակը՝ ոտանաւոր գրելու համար, անճանաչելի յանգախօս մը, տժգոյն ու հասարակ տաղաչափ մը կ՚ըլլայ։

Ժողովրդական մոթիֆներու վրայ Իսահակեանի ոտանաւորները իրենց թեթեւ շնորհին մէջ կը վարագուրեն արուեստին, թեքնիք ին բոլոր թերութիւնները: Պոլսահայ ոտանաւորները դեռ չունին այն յօրինուածքով կտորներ, ուր verbale արժանիք մը հաստատէինք։

Verbale արժէքը յատկանիշն է գաւառի եւ ռուսահայ բանաստեղծութեան։

Այդ արժէքը գոյութիւն կ՚առնէ կարգ մը աննշմարելի ըլլալու չափ թեթեւ, անզգալի ըսուելու չափ անգայտ ու մեր հոգիին հետ շաղուըւած զգայութիւններէ, ճիչերէ, գոյներէ, գիծերէ, որոնք քերթուած մը մեհենադրոշմուած հոգեբանութիւն մը կ՚ընեն:

Բառերուն շարքը, կշռոյթին (rythme) ծփանքը, գոյներու ծիածանում մը, կարգ մը շեշտերու եւ խաղերու (ton) հանճարեղ յաճախումը, պարբերութեանց կորացումն ու բեկբեկումը գլխաւոր տարրերն են այդ առաքինութեան։

Անբացատրելի, անթարգմանելի ըլլալու չափ նուրբ ու սակայն նոյնքան ալ խորապէս տպաւորող ու գեղեցիկ են։ Այս է պատճառը, որ անկարելի է զանոնք լեզուների ուրիշ լեզու փոխադրել։

Աւետիս Իսահակեան այդ արժեքով բաւական կտորներ ունի։ Բայց այդ յաջողութիւնը արուեստագէտի խղճմտութեան արդիւնք չէ իր մօտ: Իր քնարին վրայ անձնական ու ինքնատիպ շեշտը պատահական է։

Իր չափը յաճախ կաղ է, յանգերը թոյլ են, միշտ թերի: Եթէ Պէրպէրեան ու Գուրգէն ողջ ըլլային՝ ապահովաբար պիտի բանադրէին solonnellement իր յանգերը, այնքան տափակ ու մեղապարտ (vicieux) են անոնք:

* * *

Այս ամէնէն վերջ կարճ համադրումի մը մէջ հարկ է կարելի արդարութիւնը ցոյց տալ Ա. Իսահակեանի հանդէպ:

Անիկա transplanté բանաստեղծ մըն է մեր մէջ։

Ծնած ու մեծցած դասական ու դրապաշտօրէն բարոյամոլ ոլորտի մը մէջ, կրելով ասոր անխուսափելի ազդեցութիւնը իր պատանութեան ու, մա՛նաւանդ՝ երիտասարդութեան ատեն, հոսանքին է հետեւած պահ մը իր նախագոյն արտադրութիւններուն մէջ։ Յետոյ, ով գիտէ ինչ ուժերէ թելադրուած՝ ուզած է նետել Հայկին ու Արամին նուիրուած նորակերտ, բայց արդէն մգլած բամբիռը, զոր շատ ծանր կը գտնէր իր մատներուն։

Ու օր մը հրապարակ եկաւ պզտիկ, երկայն կոթ սազ մը ուսին։ Յետադարձը յուզիչ էր՝ ծաղրելի ըլլալէ առաջ։ Իր փէշերով տարազը, իր շեշտը, բառերը, եղանակովը շատ անուշիկ անցեալի մը թովքը կը կաթէին զինքը մտիկ ընողներուն վրայ։

Խանդավառութեամբ ընդունեց զինքը քաղքցին, հոգիի տեսակ մը սփոփ, թեթեւնալու աժան պէտք մը հայթայթելով անոր երգերէն։ Արցունքով դիմեց իրենց գեղացին՝ իր արօրին, արտին, օճախին, եարին, աղբիւրին ու ծաղկըներուն գովասանքէն խենթենալու չափ սիրտ ելած։

Լաւ էր անշուշտ այս ամէնը:

Բայց այս աշուղը դժբախտութիւնն ունէր շուտ ձանձրանալու ու, մանաւանդ՝ ունենալու հոգի մը, զոր մտածումի մեծ ուրուականները իրենց բռնաւոր-իշխանութեան տակ ձգած էին:

Իր իմացականութիւնը շուտ գրաւեց իր զգայութեան պալատը։

Բոլոր բանաստեղծներուն ու գրագէտներուն մօտ շատ կարեւոր պատահար մըն է այս criseը։ Այն օրէն, երբ բանաստեղծը իր երգերուն արժէքին վրայ կ՚ունենայ փոքրիկ տարակոյս մը, երբ սկեպտիկութիւնը կու գայ պաղեցնել իր խանդավառութեան ծաղիկները, այդ օրէն բանաստեղծին մէջ կը մեռնի կուսութիւնը:

Այսպէս ալ եղաւ Իսահակեանին համար։ Գիտակցութիւնը իր մէջէն վանեց երազին, աննիւթականին բոլոր կարմիր ու կապոյտ հրեշտակները։ Իր զգայութեանց պալատէն վռնտեց շղարշէ միսերով այդ անուշիկ հուրիները։ Ու այդ մաքուր ու հարուստ պալատը պաշարուեցաւ հրէշային գլուխներու, դժխեմ դէմքերու, տգեղ մարմիններու սեւազգեստ թափօրէ մը։ Անոնք գիտութեան, ճեղքած սիրտով տարակոյսին ոգիներն էին:

Իր սազը չդիմացաւ այդ գլուխներուն ճնշող բեռին տակ ու բանաստեղծը մեղմով վար առաւ զանոնք։

Այս ամէնէն վերջը Աւետիս Իսահակեան մինակ երկինքի ու երկրի մէջտեղ իր գլուխը մաքրած բոլոր երազներէն ու բոլոր տարակոյսներէն, Արեւմուտքի մտածումին բոլոր արտակեդրոն ուրուականներով զրահուած՝ նոր դիւցազներգութիւնն ըրաւ անիշխանութեան:

Զինքը մտիկ ընողներէն միամիտները հիացան անոր կրակոտ շարժումներուն լայնքին ու խորութեան վրայ։ Իր եղանակը անոնց համար անհունապէս տպաւորող էր։ Եւ « Աբու-Լալա Մահարի »ն նկատուեցաւ արուեստի առաջնակարգ գործ մը։

Զինքը մտիկ ընողներէն շատ քիչեր, անոնք՝ որ այդ նոր ուրուականներուն գերեզմանները թափուր գտած էին, ու Իսահակեանէն առաջ ճանչցեր էին անոնց պահեստը, որոնք Նիցչէները, Բրիտոնները, Սթերնէրները, Սթանտալները սերեր էին խանդով, յետոյ բարեկամ միայն մնալով անոնց, անոնք կը մեղքնային մեռա՜ծ աշուղին վրայ։