Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

IV
ՏԱՂԱՉԱՓԸ

Այս դժբախտ տիտղոսին տակ հարկ է զետեղել մեծ մասը այն անուններուն, որոնք մեր նոր գրականութեան մէջ բանաստեղծութիւն ընելու պատրանքէն տարուեցան, առանց կասկածելու մայր ճշմարտութենէն, որ ստեղծողներուն աներեւոյթ աւիշը կը մնայ եւ առանց որուն, հակառակ բոլոր փառքերուն ու բոլոր համբաւներուն, գործերը կը խորտակուին իրենք իրենց։

Արեւմտահայերուն մէջ մա՛նաւանդ գոյութիւն ունեցաւ առաւելապէս գրելու այդ ձեւը, որ իրաւ է, թէ այսօր հիմնովին ծիծաղելի, շրջանի մը ճաշակն ու գիտակցութիւնը կը համադրէր ատենին։ Անիկա կու գայ Վենետիկէն, խուցերուն ու գիրքերուն ամբողջ ծանր հոտովը եւ մագաղաթի դեղնութեամբը, կը նրբանայ պոլսեցիներուն գրիչին տակ, կը խառնուի առօրեայ կեանքի առասպելներուն ու թելադրութեանց, կը տիրապետէ հանդէսներէն ներս, մինչեւ որ նորերը երեւան բերեն անոր մուրացուած արդուզարդին կեղծիքը եւ խորքին դարձեալ մուրացկան անհարազատութիւնը։ Նար-Պէյէն Սիպիլ, Չօպանեանէն Լեւոն Սեղբոսեան, չյիշելու համար տխուր կարաւանը ֆանթեզիստ ներուն եւ սիրերգուներուն, այդ ոտանաւոր պատմութիւնները պտտեցան թերթէ թերթ, երբեմն վիրաւորիչ յանդգնութեամբ, երբեմն ալ ովսաննայով, վերջնական մոռացումին երթալէ առաջ։ Անոնք իրենց մահուան տարրը միասին կը կրէին: Կեղծ էին ամէն բանէ առաջ։ Ու ընթացիկ հոսանքներէն փառքի գացած այդ պատմուածքները այսօր տաղաչափութեան հասարակ փորձերու կշիռը ունին գրականութեան պատմութեան համար։

Պարագան տարբեր էր արեւելահայերուն համար։ Հոն ինքնատիպ ու նախաձեռնող սերունդէն ետքը, եթէ ուրիշ մը դասական կեղծիքներով արատաւորեց ոտանաւոր այդ պատմութեանց ներքին գեղեցկութիւնը եւ ազգայնական միամտութեան մէջէն հաւատաց արուեստ ըրած ըլլալուն, յաջորդող սերունդը շուտով զգաց երակին չորութիւնը եւ դժուարաւ ու ճիգով իր զգայնութիւնը փոխադրեց ուրիշ մարզերու: Անիկա փնտռեց մանաւանդ այն կալուածը, ուր ժողովուրդի մը հոգին ամէնէն դիւրին կերպով գիտէ թանձրանալ, տեսանելի դառնալ: Այս շրջումը հոն նպաստաւորուեցաւ տեղական հանգամանքներով: Միջավայր, բարքեր, քաղաքակրթական ազդակներ, իր աւանդութեանց ու հողին խորապէս հաւատարիմ զանգուած մը, պատմութիւնն ու ստեղծած հաւաքական հոգեբանութիւնը տարբեր էին, որոնք կրնային մուտ գտնել գոհունակ ներշնչումին տեղ՝ հոգիներէն ներս ու լեցնել պարապը։

Անշուշտ արուեստագէտը լոյսին մէջ չէր բոլորովին։ Անիկա կը տառապէր՝ թէ նիւթովը ու թէ գործիքովը։ Անիկա վախկոտ էր ուժգին հակազդեցութեան մը համարձակելու համար ու առխարխափ կը քալէր ստեղծումի մարզերէն, միշտ զգուշաւոր՝ աչքի չփախցնելու համար հորիզոնը, ուրկէ մեկներ էր, ու միշտ ալ վերապահ այն արդիւնքի մասին, որուն յաջողած էր հասնելու իր ուժերով։ Բայց զարտուղի ճամբորդի հրապոյրը քիչերը խանդավառեց նորէն։ Թովհաննես Թումանեան այդ քիչերէն եղաւ:

Իր գործին որոշ մէկ քանակովը ան կը գրաւէ շրջանին ճիշդ մէջտեղը։ Այսպէս է, որ գրի կ՚առնուի, հին հերոսներուն փոխարէն, ժամանակակից լեռներու մարդ մը, « Լոռեցի Սաքոն », որ պատրուակ մըն է անոր համար, պարզելու ընթերցողի աչքերուն՝ ծալքերը ամէնէն նկարչագեղ տեսարաններուն, որոնք դժբախտ ճակատագիրով մը կը տժգունին, քանի որ վրձինը, աղքատ ու վախկոտ, չի կրնար տիրել լեռներուն ու հոգեբանական խուզարկութիւնը դեռ սահմանափակ՝ կը խուսափի խորունկ ու ստուերամած կնճիռներէն։

Դարձեալ յիշելու համար տանելիները միայն, « Պոետն ու մուսան » ճաշակն է արուեստի մը, որ դարաւոր ու փառքով աւանդութիւններ ունի իր ետին։ Խրատական, կրօնական, բարոյական, երգիծական ու չեմ գիտեր ինչական տարրերով բանաստեղծութիւն մը Արեւելքի պալատներուն եւ ամբոխներուն մէջ դեռ կը պահէ յարգանքի իր պատուանդանը։ Եթէ գերագոյն նրբութիւններ եւ ամենախոր զգայնոտութիւնը մեծերուն միայն նուիրուեցան, բոլոր ուրիշները, այսինքն՝ անոնք, որոնց ջիղերը թրթռալու ընդունակ էին արուեստին համար, ունեցան այն շնորհէն, որ իմաստն ու բառերը պիտի գործածէ բազմութիւններու օգուտին համար։ Բայց դժբախտութիւնը հո՛ն է, որ իմաստութեան այդ ցուցադրումը այլեւս հասարակ է դարձած ու Թումանեան զուրկ է անհրաժեշտ ուժէն՝ անոնց ձեւը թարմացնելու, քանի որ խորքի նորութիւնը պահանջ մըն է անիրաւ մեզի պէս ժողովուրդի մը մտաւորական ընտրանքին համար։ Ու առանց նեղուելու, եռանդուն զեղումով մը որ ամէն ինչ է բանաստեղծութենէ դուրս Թումանեան պիտի շարունակէ մտածել ու փիլիսոփայել ու աւելցնել սովորական քերթուածներու երանելի շտեմարանը։ Այս իմաստութենէն մինչեւ քառեակներու սեղմ, բայց դարձեալ հասարակ շարքը, նայուածքն ու միտքը նոյնը կը մնան։

Տաղաչափուած մտածումներուն տափակութիւնը եւ տաղաչափուած պատմութիւններուն սովորականութիւնը արգելք չեն, որ արուեստագէտը երբեմն իյնայ ճիշդ ճամբուն վրայ։ (Վասնզի մտածումը ներքին տրամ մըն է ու մտաւոր գործողութիւն մը համակրելի՝ ամէն ատեն։ Վասնզի պատմութիւնը դարձեալ տրամ մըն է, եթէ բերանին տեղ դէմքը, ձեռքերը, նայուածքը, ամբողջ մարմինը տեսարան կու գան զրոյցը ապրեցնելու համար)։ Ասոր համար է, որ Թումանեանի պէս բանաստեղծ մը պիտի կրնայ « Սասունցի Դաւիթ »ը, հակառակ իր բոլոր ծանրութեանը, քալեցնել թուղթին վրայէն։ Ասոր համար է, որ անիկա աղջկան պարզ պատմութեան մը մէջ պիտի կրնայ խտացնել նախնական, բայց զօրաւոր գործողութեան մը մղումը, որ թուղթերէն կ՚աւելնայ ու կը համակէ մեզ։

Եթէ « Լոռեցի Սաքոն » վրձինի հում փորձ մըն է միայն ու « Պոետն ու մուսան » սովորական սաթիր մը, « Անոյշ »ը ողբերգութեան շատ մօտիկէն անցնող ու դէպի թատրոն տանող ճիգին անգիտակից արտայայտութիւնն է ապահովաբար:

Անգիտակից՝ այո՛։ Այլապէս արեւելահայերը այսօր կ՚ունենային ազգային իրենց թատերական գրականութիւնը, ճշմարտապէս փնտռուած ու սպասուած այն հարազատ, մեզի յատուկ բանաստեղծութեամբ, որ մնալով հանդերձ արուեստի ազնուական հպարտութեան մէջ, գոհացում տար բազմութեանց փափաքներուն, որ ըլլար բաւական պարզ ու մատչելի շատերու ճաշակին, թափանցելու համար ամբոխներէն ներս, բայց նոյնքան ալ տոհմիկ, պատկառազդու՝ փրկելու համար իր սահմանները գռեհկութեան արշաւէն։

Յովհաննէս Թումանեան մեր բանաստեղծներէն գրեթէ միակն է, որ ապացոյցը տուած ըլլայ այս ձեւ հասկցուած արուեստի մը։ Իր դիւցազնավէպերուն մէջ պատմող տարրը դանդաղ է յաճախ ու ռամիկ. գոյնը գրեթէ կը պակսի՝ թերեւս ակամայ զանցառութենէ մը աւելի, հիմնական անհասկացողութեան մը ենթարկուած ըլլալուն, հոգեբանութիւնը արհամարհուած է, քանի որ հերոսները նախնական ու խոշոր հէնքով էակներ են ու կը բաւեն իրենց տարադիր գիծերովը. եթէ աւելցնէք այս ամէնուն վրայ ուրիշ աւելի կարեւոր, աւելի ընդգրկող ու լայն մտահոգութեանց պակասը, դուք պիտի տխրիք վրիպած այս ճիգին համար։ Բայց այս ամէնուն դէմ բանաստեղծը երեւան կը բերէ գործողութեան զօրաւոր բնազդ մը, որ մինակը կը պարտադրէ ինքզինքը եւ կը հակակշռէ միւս թերութիւններուն բոլորը միասին, քանի որ ամբոխներուն ու տղոցը ուղղուած է ան։ Ու եթէ մեր աչքերը ու, մանաւանդ՝ մեր միտքը կը դատապարտուին խոշոր զրկանքի, միւս կողմէն՝ բոլոր արագութիւններուն ու բոլոր վազքերուն ընկերացող յուզումը, թուղթերուն հետ ու անոնց վրայով, շուտ մը կ՚ազատէ ինքզինքը, քաղցր կամ դժնդակ ալիքի մը պէս կը փոխանցէ մեզի ու մեր ներսէն ուրիշ, մասնաւոր կալուածներ երկար-երկար կը դողան անոր բախումին ներքեւ:

Ասոր համար է, որ քանի մը պզտիկ յարդարումներ բաւական են եղած, որպէսզի պատմուածքը վերածուի յաջողապէս գործողութեան ու « Անոյշ »ին ներքին արժանիքը ի յայտ գայ իր բնական տարազին տակ։

Ու ճիշդ է, որ այս պոեմային մէջ դուք աւելորդ յոգնութեամբ փնտռէիք պիտի գործողութիւնը այն տուեալներուն, որոնք իրապաշտ վարդապետութեան ընդհանուր սկզբունքներէն կու գան ու պատմական նորմալ բանաստեղծութիւն մը կարելի կ՚ընծայեն։ Ատոր համար՝ պէտքը պիտի ունենայինք արուեստի մը, ուր՝ ձեւին ազնուական, խնամուած, երբեմն բոլորովին նոր կտրուած, բայց միշտ անաղարտ գեղեցկութիւնը, տեսիլքին պարզ, բայց բացարձակ ճշդութեամբ ու, մանաւանդ՝ խորքին փայլող գծագրութիւնը, շրջագիծերուն յստակ հէնքը ու ոգեկոչման աստուածային ջերմութիւնը կը փրկեն զուտ պատմող տարրին անխուսափելի դատարկութիւնը կամ շատ ամուր կոխուած ներկերուն վիրաւորող կոշտութիւնն ու չորութիւնը: Դարերուն ամենահզօր բանաստեղծները միայն կրցած են տիրապետել վտանգին ու պատմել ստեղծելով։ Մասնաւորաբար, ժամանակակից կեանքէն վերցուած ոտանաւոր վիպակները (որոնցմէ այնքան առատ տուաւ երանելի Ֆրանսուա Քոփէն) դատապարտուած են հետախաղաղ կորուստին, եթէ գործողութեան միջամտութիւն մը զանոնք չնետէ բեմերու յաղթանակին կամ արուեստի շատ ինքնատիպ բնազդ մը չազատագրէ անոնց ճակատագրական միջակութիւնը՝ թէ՛ ձեւին հասարակութենէն, թէ՛ գործադրութեան աղմուկէն։

Կառուցումէն դուրս, դարձեալ, անձերուն իր շքախումբովը « Անոյշ »ը կը տարբերի միւսներէն, այսինքն՝ այն քերթուածներէն, որոնք տիպարները կը մեծցնեն իմացական տարրերով ու զանոնք կը պտտցնեն իրենց անհուն ցանկութիւններուն զսպանակովը։ Արձակ կամ չափուած՝ այդ բանաստեղծութիւններուն կեդրոնը կը ճառագայթէ միակ դէմք մը, մշտապէս նման ինքնիրեն, բայց ոլորտէ ոլորտ, քաղաքակրթութենէ քաղաքակրթութիւն գունաւորուելով ու փոխուելու պատրանքը տալով։ Նոր օրերու այս կիսաստուածները, կարելի՝ այդ աշխարհներուն եղան արեւելահայ թատրոնին համար։

Համակրելի է « Անոյշ »ը, որովհետեւ հեռու է այդ յաւակնութիւններէն, որուն տիպարները, թող ներուի ինծի այս քիչ մը մեծ բառը հոս, սովորական մարդեր են, ունենալով էական քանի մը գիծեր ու մասնայատուկ նշաններ։ Երբեմն տարտամ փայլ մը ատոնց կը հագցնէ միջավայրի հարազատութիւն, ինչ որ ուրիշներ պիտի բացատրեն տեղական գոյնով։ Բայց այս մասնաւորումը շեշտ ու տեւական չէ։ Ընդհակառակն, քիչ մը նոյնիսկ շատ արագ, որ տենդի պէս մարդերը կը կարմրեցնէ, բայց շուտ ալ կ՚անցնի, ձգելով զանոնք իրենց մոյնքի ընդհանուր դժգոհութեան հետ:

Հեղինակը համեստ է անոնց հետ ու անոնց համար։ Զանոնք քով քովի չէ բերած կեանքի մանրամասն ու շատ ուսումնասիրուած դրուագներ պատմելու, ոչ ալ անոնցմով մեզի պատկերելու պայքարը շատ ուժով ու շատ բարդ հոգիներուն։ Անոնք համակրելի են իրենց պարզութեան, միամտութեան, հարազատութեանը մէջ։ Ճիշդ է, որ ուղեղ չունին, բայց հեռազգածօրէն, բայց նոյնքան ստուգաբար, որքան մտքի մեծ սուզակները կը ճանչնան աշխարհին խոր, աշխարհին անսահման ցաւը, որ կը փաթթէ իրերն ու էակները, որ անոնց ոգորումներուն կը հետեւի երբեմն թոյլատու աղեղով մը, երբեմն ալ բիրտ պրկումով մը կը զգետնէ զանոնք ուզուած ատեն եւ ուզուած տեղին:

Հելլէն թատրոնին վայլող հոգեբանական այս բարեխառնութիւնը բաւական է, մարդերէն վերցնելու համար իրենց արդիականութիւնն ու հետեւանք՝ ծանր կոշտութիւնը։ Անով է, որ կը հալին իրենց արտաքինի բոլոր անհարթութիւնները ու կը մեղմանան ներքնաշխարհի զարտուղի, կնճռոտ սրութիւնները կամ կը մշուշուին վէրքերուն ու պայքարներուն փորած անդունդները։ Ու պաշտպանուած այդ նախնական քաղցրութեամբ, ու պաշտպանուած մա՛նաւանդ հեռաւոր, մեզի համար գրեթէ այլուրային կեանքի մը միամտութեամբը, բայց ընտանի՝ առհաւական կարգ մը գիծերով, բայց սիրելի իրենց հայեցի խոր քովը, մարդերը կը քալեն մեր առջեւէն, մարդեր, որոնք գեղէն նոր կու գան, բայց կը նմանին քանդակների վերցուած դէմքերու, բայց կը բաբախին անդրագոյն քաղաքակրթութեան մը հրապոյրէն թրթռուն, ըլլալու համար հեռանկարին պատրանքովը շարժող պատկերներ, որոնք կը ծփան կամ կը բռնկին, նայելով զիրենք յուզող մղումներուն։ Երբեմն կիրքի մը փոթորիկը կը տարազէ անոնց հանդարտ յօրինուածքը ու գիծերու հրդեհի մը կը վերածէ զանոնք։ Բայց այս պահը ցանցառ է սովորապէս։ Կրակը կ՚անցնի շուտ ու ձեւերը կը դառնան իրենց նախնական հիւսուածքին:

Այս պատմուածքը անզգալաբար մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի հեքիաթը։ Ու այս թանկագին պաշտպանութիւնն է, որ Թումանեանի տաղաչափած վէպիկները կ՚ազատէ ընդհանուր ու գրեթէ պարտադիր տափակութենէն, որով տառապեցան աշխարհի բոլոր ոտանաւոր պատմութիւնները, երբ անոնց խորքին պակսեցաւ ստեղծագործ շունչը:

Հոս, նորէն աւելորդ պիտի ըլլայ ծանրանալ ուրիշ պայմաններու վրայ, որոնք գործողութեան քովն ի վեր պէտք էին կենալ: Ատոնց ամէնէն կարեւորն է շրջանակին աղքատութիւնը։ Եթէ տեքորը զանցառելի է երբեմն, բայց գործողութիւնը ցայտեցնելու, անձերը լուսաւորելու ու դէպքերը սեւեռելու տեսակէտէն՝ անփոխարինելի առաւելութիւններ կը բերէ։

Ու նորէն աւելորդ պիտի ըլլար շատ ճնշել այն թելին, որով արուեստագէտը հոգիները իրարու դէմ կը լարէ։ հոգեբանութեան դերը տակաւին կանխահաս է այս մարդոց համար՝ ա,