Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

I

Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, «Նաիրի»ի «մուժոտ» ու մշուշոտ երկրին մէջ համբաւի եկած է երիտասարդ բանաստեղծ մը, որ, ըսելու ու, մա՛նաւանդ՝ «չափաբերելու» իր դիւրութեամբն ու առատութեամբը կը գերազանցէ մեզի ծանօթ կարեւոր «պոետ»ները։ Նոր շարժումներու ատեն, բոլոր արմատական յառաջապաhներուն նման, ան ալ քերթելու իր եռանդին կը միացնէ անպատասխանատու յանդգնութեան մը կարգ մը հրապոյրները:

Բայց ատկէ դէպի համբաւը, մա՛նաւանդ պաշտօնական համբաւը ճամբան զարտուղի կը քալէ։ Ու եթէ ոչ շահեկան, գոնէ հետաքրքրական պիտի ըլլար մօտենալ քիչ մը համբաւ կերտելու այս աշխատութեան, հոն՝ երկրին մէջ, ուր պարզ, գուցէ պատահական մարդեր միջոցը կը գտնեն տաղանդաւոր, մեծ, ու աւելի անակնկալօրէն, ինչպէս Եղիշէ Չարենցին համար, «անհուն» պոետ ըլալու: Գետինը, ուր տեղի կ՚ունենան այս քիչ մը արտակարգ երեւոյթները, նպաստաւոր է ամէն տեսակէ mystificationներու։ Կարելիութեանց, բոլոր կարելիութեանց աշխարհն է ան, ուր ամէն օր բան մը պէտք է թաղելու, բայց աւելի ճիշդ՝ ծնունդ մը պէտք է ողջունելու համար։ Քիչ մը մութ է սակայն գործողութեան նկարագիրը երկրէն դուրս, գաղութներու կարեւոր կեդրոններուն մէջ, ուր կ՚երեւի, թէ ձեւերը չեն, որ կը պակսին այդ աշխատանքը բեղմնաւոր ընելու։ Ես կը կենամ հոս, չուզելով իջնալ աւելի վար։

Ինչ որ ալ ըլլայ տաղանդին կամ աճպարարութեան, անբաւական հասկացողութեան կամ հաշուըւած հաճոյակատարութեան չափը այս ամէնուն մէջ, ներկայ ուսումնասիրութիւնը նպատակ չունի պարապելու այս քիչ մը շատ հասարակ երեւոյթներով, որոնք երբեմն կ՚ընկերանան գրողներու շեփորուած փառքերուն՝ կեղծ, շրջմոլիկ հուրիներուն (feu follet) նման, բայց չեն բաւեր ազատելու անոնց դէմքերը եղերական տմոյնութենէն։ Ստեղծումները պաշտպանողը ու անոնց կեանքը անկիզելի պահողը ներքին կրակն է եղած, նուիրական բոցը, որ կը վառէ մորենիները, բայց չի սպառեր զանոնք։

Ու ես մինակ կը ձգեմ, իր շքախումբին հետ, երիտասարդ, բայց «անհուն» պոետը իր համբաւին կարմիր ու երջանիկ հովերուն առջեւ ու կ՚աշխատիմ հասկնալ անոր գործը, որ ձգտումին ու յանդգնութեանց նորութեամբը, բայց մա՛նաւանդ իրացուցած (réaliser) գեղեցկութեանց կարգ մը կողմերովը արժանի է անկեղծ հետաքրքրութեան։

Ա

Եղիշէ Չարենց՝

շատ մը պատուակալ մակդիրներով, բայց մա՛նաւանդ յատկանշական բացայայտիչով մը

Դարերից եկա՜ծ

անհո՜ւն մի պոետ

Հեղինակը՝

անաւարտ վէպի մը, որուն առաջին ու ամէնէն դժբախտ մասը բա՜խտը ունեցաւ տաքը տաքին «Հոյակապ» պատուանիշով մը պսակուելու Փարիզէն, արդէն իսկ պատուանդանին վրայ է երկու մեծադիր ու ծաւալուն հատորներու՝ « Երկերի ժողովածու » [1] ու կրկնատիպ կարմիր գիրքի մը, « Պոեմներ » [2], որ ընտրեալ էջերու քաղուած մըն է անշուշտ անոր մեծազանգուած քերթողութենէն։

 

Պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ բոլոր այդ քերթուածները շատ համեստ պայմաններու տակ սկսած էին իրենց «անհո՜ւն» կեանքը։ Բանաստեղծը ատոնք երկնելէ վերջ, բաւական արի էր եղած նոյն մատներով ալ, մինակուկ, անոնց գիրը շարելու մետաղեայ տախտակին վրայ։ Այս կորովը ինքնին գրաւական մըն էր շատ մը յատկութիւններու:

Չեմ գիտեր ո՞վ է յանցաւորը, երբ կարելիութիւններով հարուստ, աշխատանքէն չվախցող ու առաջին փորձերէն իսկ լայն ու գեղեցիկ ընդունակութիւններ ունեցող բանաստեղծ մը կը հեռացուի յամառ ու արդիւնաւէտ վաստակի դաշտերէն, ուր իր անդրանիկ քերթուածները աւելի քան խանդավառ յոյսերու ծնունդ էին տուած ու կը տարուի, մէկէն, փառքի ու անմահութեան այս անգամ իրապէս «անհուն» դերբուկներուն առջեւ։

Եղիշե Չարենց հիմա դժբախտ ուղեւորն է բարձունքներու այդ ապերախտ ճանապարհին։

* * *

Մտնելէ առաջ անոր գործին վերլուծմանը մէջ, ես հարկ կը տեսնեմ ամփոփ գիծերով ընթերցողին տալ ընդհանուր նկարագիրը այն գետինին, ուրկէ կը մեկնի այս բազմաձեւ, բազմաղաղակ, ապերասան ու ինքնատիպ բանաստեղծը։

Արեւելահայ քնարերգութիւնը առհասարակ տժգոյն կ՚երեւի, երբ բաղդատենք զայն անոնց գրականութեան միւս ճիւղերուն հետ:

Ո՛չ միայն տժգոյն։ Դեռ անիկա ուրուագրուած իսկ կարելի չէ նկատել, երբ արուեստի միջակ խստապահանջութիւն մը կիրարկենք անոր արտայայտութիւններուն։ Նախնական, չըսելու համար՝ տարրական այս վիճակը հետեւանքը կը մնայ կարգ մը պատճառները, որոնցմով ոչ միայն ժխտօրէն չզբաղեցաւ, այլեւ տարօրինակ տափակութեան մը մէջ խարսխուած, երջանիկ գոհունակութեամբ մը փառաբանեց այդ հասարակ արդիւնքը, այն քննադատութիւնը, որ պաշտօն ունէր գործերը չափելու. աղկաղկ ու հասարակ վերլուծումի այդ մարդերը, պաշտօնական քննադատները սիրեցին ու գովաբանեցին մանկունակ այդ արուեստը: Ու չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ նորերը, այսինքն՝ նորագոյնները, հանգանակ հրատարակելու չափ երբ առաջ կ՚երթան, կը մոռնան մա՛նաւանդ իր ճիշդ արժէքին ետ բերել այդ գրեթէ տաղաչափութեան վերածուած քերթողութիւնը:

Շատ են անշուշտ պատճառները, որոնք տիրապետող կը մնան այս արդիւնքին մէջ։ Անոնց պրպտումը, լայն չափի վրայ, կանցնի այս ուսումնասիրութեան սահմանէն։ Բայց ինծի կու գայ, թէ անոնց ամէնէն պզտիկը, նոյն ատեն ամէնէն անմեղը, ապահովաբար ազգային ու ժողովրդական մնալու պարտադիր սովորութիւնն է, իրենց բառովը՝ րուտին ը (routine), որ առնուազն անդարմանելի աղքատութեան հոմանիշը կը դառնայ. կամ չափուած արձակի կը վերածուի, երբ իսկական ներշնչումը կամ ինքնատիպ արուեստը բացակային գրողին մօտ։ Ու դառնութիւն է ինծի համար չկարենալ ծիծաղիլ անոնց խանդավառութեան ու բորբոքումներուն դիմաց, երբ արժէք կը տեսնեն հասարակ տեղիքներու այն պատկառելի դէզին մէջ, որ անոնց բանաստեղծութիւնն է եղած կէս դարէ ի վեր։ Ու դառնութիւն է նորէն, որ չկարենամ թուղթերու այդ խառնակոյտէն դուրս բերել արժէքներ, որոնց վաւերականութիւնը առարկելի չըլլար ցեղին ամբողջ մտաւորական գանձարանին համար։

Ու դարձեալ, գտնելու համար քաւութեան նոխազ մը, ինծի կու գայ, թէ պատճառներուն ամէնէն կարեւորներէն մէկը, գուցէ ծագումին, անդրանիկ բխումին դեռ չպաղած մղումն է, որ, ատեն մը ցեղին ընդհանուր զգայնութեանը տիրանալէ ու քանի մը բանաստեղծ փառքի տանելէ ետքը, գրողներու ծուլութեամբը, մա՛նաւանդ քննադատութեան apathieովը քիչ-քիչ բանաւոր բարեխառնութիւն մը կը դառնայ, Քէնթոնէն բանաձեւուած ու Կուռմոնէն (ՐԷմի տը) մտքի երեւոյթներուն պատշաճեցուած կայունութեան օրէնքով մը հասկնալի։

Ազատագրումի ճիգերը այնքան քիչ են ու անբովանդակ, որ անհատական երգին ստեղծումն անգամ անզօր կը մնայ մայր հոսանքին դէմ։ Ասիկա կը քալէ խելօք իր գնացքը, լայն իր աւազանէն, հսկուած ու օրհնուած քարոզ ին ու բարոյախօսութեան կամ աժան բառերով կառուցուող ազգասիրութեան մը աւետարաններէն։ Որ կը զարգանալ ու կը տարածուի՝ պատրաստելու համար ընդարձակ ծանծաղուտը, ուրկէ պիտի բուսնին հերարձակ աշուղները նոր օրերուն ու վսեմ երգիչները համամարդկային «իտէալներուն» ու ցաւերուն։

Անոնք, որ քիչ մը զարտուղութիւն պիտի բերէին այս ամրապէս կազմակերպուած տափակութենէն ներս, չեն ունեցած հարկաւոր կորովը խորտակումներ գործադրելու հո՛ն՝ ուր պահպանակը կը մնար ամուր ամէնէն աւելի ու ընդդիմադիր նորոգումի ջանքերուն։ Եթէ արձակագիրները յարձակած են լեզուին վրայ, կաղապարներու փականքներ չեն, որ խորտակած են։ Անոնք կը հպատակէին դարձեալ նոյն ոգիին, օգտապաշտ մղումին։ Ու գեղեցկութեան ստուերն իսկ կարելի չէ հաստատել այս ձգտումին մէջ, ուր օտարոտի բառերուն հեղեղը արտօնեց լեզուէն ներս։

Կորովի պակասէն զատ, անոնք, զարտուղողները, ճնշումին տակն են սովորութեանց ու աւանդութեանց։ Եթէ անոնք նիւթերու տեսակէտէն շեղումներ կը փորձեն ու կը տարածուին քիչ մը դէպի բացերը, բայց չեն կրնար պատշաճ հանդերձաւորումը պարտադրել իրենց ստեղծումներուն։ Թումանեաններուն լեզուն քիչով կը տարբերի ոսկեզօծ, բայց մաշած բարբառէն, որով գրուեցան աւագ սերունդին ըղձանքները երկու հատուածներուն մէջ։

Բայց արեւմտահայերը ունեցան շատ կանուխէն Պետրոս Դուրեան մը, որ արիւնոտ կոթողի մը պէս կը զատուի ազգային երգահաններու ու Մխիթարեան բանաստեղծներու միամիտ փաղանգէն ու իր տխուր ու դալկաբար փառքին մէջ կը սպասէ, որ անցնին տիրացուներն ու տաղաչափները, պսակաւորները ու մեծ տիտղոսուածները։ Ու հանճարեղ պատանին չխաբուեցաւ:

Արեւելահայերուն մէջ, անշահախնդիր ու շեշտօրէն անհատացած ներշնչումներու հանդիպելու համար, պէտք է իջնել շատ մօտիկ թուականները, ուր իսկապէս արուեստագէտ սերունդ մը, անկախ՝ համբաւներէն ու անոնց հմայքէն, բծախնդիր ու դժուարահաճ՝ իր համակրութեանցը մէջ, պատգամած է դատումներ ու նախասիրութիւններ եւ, արժէքներ ճշդելու պահուն, եթէ չէ կրցած ուրանալ անցեալը, չէ վարանած իր խանդավառութիւնը տարածել անմիջական նորերուն ու ասոնց կարգին արեւմտահայ բանաստեղծներուն ալ վրայ։

Այս շնորհը, չըսելու համար՝ արգահատող այս զիջու մը, երեւոյթ մըն է արեւելահայ մտաւորականութեան նոր ձգտումներուն տեսակէտէն։ Մեզի ծանօթ է անոնց այլամերժ ինքնաբաւութիւնը, ու նոյնքան թանձր երջանկութիւնը։ Հեռու չէ այն օրը, երբ անոնց կողմէն « Ցեղին սիրտը » եւ « Հեթանոս երգեր »ը արտադրող բանաստեղծը «մի ոմն պոռնկագիր» կ՚որակուէր։

Այն սերունդը, որ Վահան Տէրեանի գիւտը ըրաւ, եթէ այսօր պաշտօնական ու կարմիր քերթողութիւն մը կը փառաբանէ, ապահովաբար շատ աւելի կը հասկնայ արուեստէն, քան այդ «աւագ» ըսուած մարդերու խորհրդաժողովը, որոնց ամբողջ աշխարհը տափակ կամ տանելի նկարագրութիւնը չ՚անցնիր։ Որոնց համար բանաստեղծութիւնը գարնան գոյներու ու մարմա՜նդ հովերու մէջէն երկարող միամիտ ու միօրինակ բարբաջանք մըն է, եթէ հասարակ տեղիքով խամաճիկօրէն սպառազէն բողոք մը չէ կեանքին կամ երկինքին դէմ։

Ու յոգնած դիւցազներգակներու, գունաթափ երգիչներու ու պոռոտախօս անիծողներու ոսկեզօծ ձանձրոյթին մէջ, մխիթարական եւ վերջապէս հաստատել երեւումը մար դերու, որոնք այս ինքնագոհ ու չկասկածող արուեստին ցանկերը կոտրտելու, արհամարուած ու անայց անկիւններուն գեղեցկութիւնները խուզարկելու եւ լոյսին հանելու համար կռնակ կը դարձնեն մեծերուն։ Անոնք չտառապեցան միայն խորքի մտահոգութիւններով։ Անոնք կը գիտակցէին սրբազան պարտքին, որ կը թելադրէր խնամել ձեւին յուսահատուն թափթփածութիւնը, կոշտութիւնը կամ ռամկութիւնը։ Ու տեսանք քերթուածներ, որոնք հասարակ մտածում մը հասարակ տարազով մը հագուեցնելու պաշտօնը չէին արդարացներ միայն։

Ահագին կարեւորութիւն ունի այս բարեշրջումը արեւելահայ ոտանաւորին պատմութեան մէջ։ Անոնց պաշտօնական քննադատութիւնը դեռ չ՚ուզեր անդրադառնալ երեւոյթին հիմնական նշանակութեան ու կ՚աշխատի հին կաղապարով բացատրել թեքնիքին ու խորքին այս փոփոխութիւնը։ Ան չի գիտեր, թէ երկու ինքնատիպ բանաստեղծ, տասնեակ մը տարիներու մէջ հիմնովին յեղաշրջած են այդ լեզուն ու գիւղացիի այդ բարբառը ճկած, նրբացուցած են՝ անոր արտայայտել տալու չափ ամենարդի զգայութիւններ։

Անոնցէ մէկը Վահան Տէրեանն է, որ բացառիկ արժէքով ու կարեւորութեամբ դէմք մըն է մասնաւորաբար արեւելահայ քնարերգութեան նոր երանգաւորումին ու հակումներուն տեսակէտէն։ Անոնց յապաղած Դուրեանը, որ չունի բռնկած ու վերաշինող երեւակայութիւնը Սկիւտարի պատանիին, բայց ունի խառնուածք մը, ուր առաջին անգամ ըլլալով (անոնց մէջ) կարելի Է հաստատել ճշմարիտ բանաստեղծին գիծերը։ Անիկա՝ պատմական ողբին կամ հանգիստ քարոզին, աղմկոտ մռնչումին ու շինծու արցունքին դէմ, որուն վերածուած է բանաստեղծութիւնը իր շրջանին, կը բերէ իսկապէս անկեղծ ու արիւնած եսի մը անկեղծ ու արիւնոտ երգը։ Խորքով նոր քերթուածները, որոնք փրցուած էին ուղղակի հոգիէն, եւ որոնց միջոցով քիչ մը արիւն ու տարաշխարհի յուզում կը մտնէր մանկօրէն ազգայնական, վարպետօրէն նկարագրական կամ կեղծօրէն ժողովրդական քերթողութեան մը մէջ, անխուսափելի անդրադարձ մըն ալ ունեցան ձեւին վրայ։ Ու կը ստեղծուէր բաբախուն կամ նուաղուն, ծփուն կամ մշուշոտ, զգայնութեան թրթռումին վրայ դաշնաւորուած եւ զայն թարգմանող երաժիշտ երգը:

Վահան Տէրեան իր յուզումին անորոշ, տկար, բայց համակող խազերովը, իր թեքնիքին փորձ ու ճկուն բազմակերպութեամբը՝ տանելի, նոյնիսկ մասով մը յաջող ձեւը կը գտնէր այն խեղճուկ բարբառին մէջ, որ մինչեւ իր օրը հասարակ իմաստութիւն կամ նախնական զգայութիւններ միայն կրցած էր պատմել։

Տէրեան կու գայ Արեւմուտքէն։ Բայց ոչ հարիւրամեայ ու շատոնց պատմական ու թաղուած Արեւմուտքէ մը։ Արդի արուեստին բոլոր տագնապանքը տագնապած, որոնող ու դժգոհ Արեւմուտքէն։ Այսպիսով, արտայայտութեան ձեւին հետ, որ շահած էր այդ շփումէն, անիկա կը բերէր գրեթէ նոր ըմբռնում մը արուեստի, առանց աղմուկի ու պատգամի, առանց յաւակնութեան, բայց համոզումով ու լրջութեամբ, ա՛յն մարդերուն մէջ, որոնք ժողովրդական պատկերուն բացատրութեամբ մը, իրենց սենեակը աւլած ու աւելի պատէն կախած էին ա՛լ։

Անիկա չունեցաւ պայքարի խառնուածքը։ Բայց կրցաւ անտարբեր մնալ ուրացումին ու հայհոյանքին դիմաց։ Բայց առանց ցոյցի շեղեցաւ մեծերուն սիրելի աւանդութիւններէն ու իր փխրուն գեղեցկութիւններովն ու մշուշովը պտտեցաւ արեւելահայերուն դեռ անծանօթ մրմունջներուն եւ մեղեդիներու մէջէն բացաստանները իր երազին երկինքներուն։ Անոր տեղ ու նոյն սկզբունքներուն համար աղմկալից կռիւ պիտի յայտարարէին բոլորովին նորերը։

Կոստան Զարեան ու Եղիշէ Չարենց, տարբեր ճամբաներով, բայց նոյն նպատակներով, առաջապահներն են այն սերունդին։

* * *

Արեւմտահայերը բաւական կը ճանչնան Զարեանի արուեստը:

Բայց մի՞ւսը։

Բանաստե՞ղծ ապերասան, անփոյթ, ոչ-ճարտարապետ այս տղան:

Ապահովաբար՝ այո՛։

Այս հաստատումը տարօրինակ է անշուշտ արեւելահայերէն համար, որոնց մէջ ոտանաւորին սահմանադիր սկզբունքները նախագծուած են ու վաւերացուած՝ պատկառելի աւանդութիւններով ու դասականացած գործերով:

Այս հաստատումը համարձակ է քիչ մը, եթէ շողոքորթ չէ արեւմտահայ քնարերգութեան համար, ուր ոտանաւորը կառուցում մըն է անպատճառ, տափակ կամ հազուագիւտ, անկենդան կամ թրթռուն տարրերով, հոգ չէ, բայց կառուցում մը, այսինքն՝ ամբողջ մը, ուր սկսող, զարգացող ու վախճանող բան մը կայ միշտն ու ասիկա համաձայն մտքի յաւիտենական ու սրբազան օրէնքներուն։

Ըսեմ անմիջապէս, որ Եղիշե Չարենց խառնուածքով քարոզիչ մը չէ։ Իր գործին անդրանիկ, սակայն հարազատ մասը իր նիւթերը կը հանէ շատ անձնական, հասարակութեան համար անշահեկան աշխարհէ մը, իր եսին ներքնագաւառէն։ (Յեղափոխաշունչ երգը, կարմիր ու պոռոտ, քիչ անգամ կը նոյնանայ անոր խառնուածքին հետ)։

Ըսեմ անմիջապէս, որ Եղիշէ Չարենց շինել, կառուցանել չի գիտեր։ Իր քերթուածները շատ քիչ կը հպատակին երեւակայութեան, մտածման կամ զգայնութեան թելադրանքին։ Անոնց մէջ մշտապէս արհամարհուած են շինող ու հոգածու բնազդը, օրէնքին կամ կարգին պահանջումները, մանաւանդ ընդլայնող թեքնիքին բարերար ու անհրաժեշտ նպաստը։

Ու վերջացնելու համար՝ պէտք է խոստովանիլ, թէ նոր ձեւեր փորձելու իր միամիտ եռանդին մէջ, անիկա գրեթէ յաճախ կ՚իյնայ տկարութեան, տափակութեան կամ սանձակոծ հռետորութեան մը մէջ, որոնք իր ոտանաւորը արձակէն աւելի անտանելի կը դարձնեն։

Բայց հակառակ այս ամէնուն, անիկա բանաստեղծ մըն է։

Ամէնէն առաջ՝

Իր երեւակայութեամբը, ուրիշ խօսքով՝ իր ընդգրկած նիւթերուն աշխարհովը։

Յետոյ՝

Իր զգայնութեամբը, այսինքն՝ այդ նիւթերը մշակելու, արուեստին տանելու իր եղանակովը:

Բ

Չարենցի աշխարհը ընդարձակ է ու արեւելահայերուն համար անսովոր ըսուելու չափ բազմագոյն։

Սկսեալ անձնական ապրումներուն խիտ պահերէն, մինչեւ կարմիր գալիքներու պրոնզէ թեւերուն շաչումը, անհատական թախծոտ յուզումներէն մինչեւ աշխարհի զանազան անկիւնները բարձրացող ռատիոկայանները, տխուր Նայիրին ու Ցինկափուրը, Սոման ու «լուսէ» Աստղիկ Ղոնտախչեանը, ու ջարդն ու պատերազմը, ու գոյներուն՝ ինչպէս ողջակիզուող կրակներուն գիրքը, ու «Վnճաւորում»ները Սայեաթ-Նովայի, ու Չարենցնամէն, ու թատրոն ու «էպիքական հսկայ պոեմա»ներ, որոնց համար արեւելահայերուն բերնէն ջուր կը վազէ։ Կարճ խօսքով՝ տարածուած, այսինքն՝ Նայիրիէն–Նիւ Եորք երկնցող մարդկային համակրութիւն, որ կը դադրի զգացում ըլլալէ։ Թեթեւ՝ քանի որ իր կարողութիւնները չեն զօրեր այդքան ընդարձակ միջոցները ընդգրկելու, ունենալու համար ատոնցմէ իրական ու հարազատ տպաւորութիւններ։ Ուռուցիկ՝ վասնզի մարդեր միշտ պէտք է ըրած ըլլալու պատրանք մը պահեն իրենց ներսը ու ատիկա համոզումի կը փոխուի՝ գործի փոխարէն բառ սպառելով։ Բայց կարգ մը տեղերու մէջ բանաստեղծը կը հասնի սահմանափակ յաղթանակներու։

Այս վերլուծումի ընթացքին ես կը վերցնեմ միայն ու միայն յաջողած կտորները:

Առաջին գործերուն մէջ բանաստեղծը դեռ մեծութեան յիմարութիւնը չունի: Պարզ խուզարկու մըն է, որուն նախասիրութիւնները կ՚երթան առաւելապէս տարտամ, անշրջագիծ ու մշուշամած երկիրներու, հոգեկան աշխարհներու պատկերացումին:

Անմիջապէս կը զգանք սակայն, թէ խորհուրդի այս աշխարհները, հակառակ իրենց անորոշութեան, նոր գոյներու, բանաստեղծին յատուկ լոյսերու ռեժիմի մը տակ՝ կը դիմանան, իրենց կեանքը ապահովելու համար չեն ստրկանար, ու եթէ Տէրեանին ենթակայ են միշտ, բայց Յովհաննիսեանի ու Իսահակեանի մաշած, բռնի արցունքին կաթիլովը գոյն առնող ծովն ալ չեն։ :

Աշխարհներ, լայն, հեռաստաններով, բացատներով, կապոյտ շղթաներով, ուր մշտական մշուշի մը մէջ կը պտտին մարդեր։ Բայց ո՛չ վարդապետ ու փրոպականտիստ, ոչ ալ աշուղ կամ ազգայնական, այլ՝ մարդեր, որոնց դէմքերը չենք տեսներ կամ այնքան անշահեկան են, որ չենք նայիր իսկ։ Բայց ստուերէ մարդեր, որոնք իմաստ կը հագնին այդ բացառիկ հոգեբանական յօրինումներու ատեն միայն.

 

Մի հին դղեակում ապրում էին գոց
երեքը նրանք. դղեակում այդ հին:
Երկուսն էլ նրանք այդ երազ–կնոջ
ասպետներն էին։
Ու ապրում էին փակուած ու մենակ,
աշխարհից հեռու, դղեակի միգում։
Ու հին դղեակի կամարների տակից
հոսում էր նրանց կյանքը անանուն։
Ի՛նչ էին անում այդ երեքը միշտ,
այդ հին դղեակում ի՞նչ էին անում:
Կեանքը դղեակում երա՞զ էր, թէ վիշտ–
ոչ ոք չգիտէր ու չէր իմանում։
Որպէս մի հեքիաթ, որպէս հինաւուրց
մը դարերում ապրած լեգենդի կտոր–
կեանքը դղեակում դարձել էր անուրջ:
Ապրեցին անձայն ու անցան մի օր։–

 

Ահա աշխարհ մը ու անոր մշուշէ բնակիչները։ Կ՚ուզէ՞ք հետաքրքրուիլ անոնց կեանքովը։ Բայց աս է ամբողջը։ Եթէ քերթուածը կը շարունակուի ու տարրական գործողութիւն մը կը միջամտէ երբեմն, բայց ձեր տեսնելիքը ասկէ աւելի չէ։ Ապրիլ մը, բայց միսերէն բաժնուած։ հոգիներու շառաւիղումը, որ բարեբախտաբար այլաբանական կառուցում մը չէ։

Եթէ Տէրեանը հոգեկան այս դաշտանկարը տեսած էր մասնաւոր ախորժով մը, մտքէն անցուցած չէր սակայն խորհուրդը (symbole) այսքան ընդարձակ գետիններու վերեւ ոսկի մշուշի մը պէս կամարելու կամ փռելու։ Անձնական ու անմիջական զգայութիւններ էին անոր քերթուածները, որոնք այդպէս դէպի խորհուրդը կը մղուէին։ Ու ընթերցողը կրնար հետեւիլ, մշուշին ու մեղեդիին տակէն, արիւնի երակին, որ, կապոյտ գիծի մը պէս, երազին ու խորհուրդին մարմարին վրայ իր բաբախումը կը հեւար։ Ու կ՚ըլլար ատով իսկ տաք, հանդարտ, մարդկային։

Մինչդեռ Չարենցի մէջ զգայութիւն դարձող տարրը մշուշէն, այսինքն՝ ներսէն կու գայ։ Այս պարագան կը վտանգէ անոր հեղինակութիւնը այդ աշխարհներուն վրայ։ Իրաւ ալ Չարենցի մէջ այս աշխարհը գրեթե բոլորովին դուրս է իրականութեան հասողութենէն։ Ու բանաստեղծը պարտաւոր է թանձրութիւն ու կարկառ նետել այս միգամածին խորը, որպէսզի կարենանք կապել զանոնք մեր աչքի գունդերուն։ Ասիկա հակառակ գործողութիւն մըն է, բայց նոյն արդիւնքով։

Անշուշտ այս աշխատանքը աւելի դժուար է, քան առաջինը։ Վասնզի ամէն վայրկեան վտանգին հետ կը քալենք։ Վասնզի մշուշին աղբիւրները, անգամ մը բացուելէ վերջ, կրնան չհպատակիլ մեր մատներուն ու կրնան թանձրանալ, ծանրանալ՝ խեղդելու աստիճան թեթեւ ու փխրուն գիծերուն ոստայնը, որ կեանքը կը ներկայացնէ այդ ամայութեանց ներսը։ Եթէ կարգ մը տեղեր, ինչպէս « Ծիածան »ին որոշ քերթուածները, ու գրեթէ ամբողջութեամբ « Ողջակիզուող կրակը » կը տարուին, կը կորսուին, պատճառը հարկ է փնտռել այս անկարողութեան մէջ։ Երբեմն ալ բանաստեղծը կը յաջողի սանձել պարապին տարրերը ու օդին մէջ առկախ այդ պալատներէն ներս կեանքի նմանող բան մը կը ճարէ։

Ինչ որ ալ ըլլայ յաջողութեան չափը, սա ստոյգ է, որ խորհրդապաշտական այդ աշխարհներուն տիրապետումը, մասով մը գոնէ, անկարելի կը դառնայ առանց բանաստեղծական որոշ ընդունակութիւններու: Մնաց որ, քիչ են այդ կտրուածքէ քերթուածները:

Անոր յատուկ են մա՛նաւանդ ուրիշ խառնուածքով քերթուածներ։ Առաջին հատորին մէջ կարելի է հանդիպել աշխարհիկ կտորները, որոնց կմախքները՝ հեռուներէն երեւցող խորտուբորտ գիծերու պէս, տարօրինակ իրականութիւն մը կը ճարեն ոտանաւորին, ոչ առարկայական, ոչ գծագրական կամ նկարչական, բայց իրականութիւն մը, ուր կարելի կ՚ըլլայ ոտքիդ դիմացող տարրեր հաստատել։ Բայց որուն հողն ու քարերը երբեմն կակուղ, խմորի պէս բան մը կը դառնան, կամ գործողութեան ճնշումին տակ առաձիգ յատկութիւններ կը ստանան ու կը լայննան, կը նեղնան, կը կարծրանան ու կը քաղցրանան բանաստեղծին կամքին համաձայն։ Թերութի՞ւն։– Անշո՛ւշտ, երբ խորհրդապաշտ քերթուածները մեր խառնուածքին տիրապետող արտայայտութիւնը չեն։ Ու մի մոռնաք, որ Չարենցի աշխարհին ամէնէն կարեւոր գաւառները յեղափոխութեան գօտիին մէջ կ՚իյնան։

Այս է պատճառը, որ իր նկարները, ինչպէս կիները, երկինքները, ինչպէս աղջիկները, երբ տեսարան կու գան՝ ազատ խորհրդապաշտ զգեստաւորումէն, չեն նմանիր նորէն կեանքին ու աշխարհի իրական օրինակներուն։ Հազացող կիներ, կառքի մը օրօրին մէջ, մերկացող աղջիկներ, պաղ անկողիններու վրայ, փողոցի կիներ, որոնք անկիւններուն բացուածքին կը կենան տրտում, վշտոտ ու փտած միսէ հարցումի մը պէս, փնտռելով հացն ու աղտոտութիւնը նոյն նայուածքին մէջ։

Այս դէմքերն ու այս բեկոր երկիրները միշտ մասով մը ընկղմած կը մնան ստուերին քաղցրութեան մէջ ու պատկանելով հանդերձ անմիջական իրականութեան, կ՚երկարին, կը հեռանան, մինչեւ որ պայծառութիւն իյնայ անոնց իրական մոյնքին վրայ: Ահա օրինակներ.

Լուսամփոփի պէս աղջիկ, Աստուածամօր աչքերով,
թոքախտաւոր, թափանցիկ, մարմինի՜ պէս երազի,
կապոյտ աղջիկ, ակատի ու կաթի պէս հոգեթով,
լուսամփոփի պէս աղջիկ... :

Աղջիկ մը, բարակ, բարակ, որուն միսերը լոյս տային։ Մերկացուցէք անիկա տրտում սենեակի մը մէջ, ձգելով անոր մարմինը խոշոր լամպի մը կեդրոնին դիմաց։ Ու «թափանցիկ» այդ մարմինը ինքնին տեսանելի դարձած երազ մըն է բանաստեղծին համար։ Ու թող նայի անիկա, թոքախտաւոր աղջիկը խոշոր նայուածքը բարութեան, որ տառապանքին եղերական բիւրեղացումն է, ելած նայելու անոր աչքերուն գունդերէն, սրբելով մարդկային միջակութիւնը ու «Աստուածամօր» խորութիւնը բանալով անոնցմէ ներս։ Մի դպիք սակայն անոր միսերուն։ Պէտք է որ կապոյտ մշուշներ փաթթեն անոր մերկութիւնը, պէտք է որ բան մը լեցնէ կողերուն չոր ակօսները ու չերեւան անոր ստինքներուն վախկոտ, կծկուն, գլխահակ ու ճաթան հաւկիթները։ Որպէսզի ըլլայ անիկա թովիչ, ինչպէս են «կաթն ու ակատը», ու ըլլայ անիկա լոյսի ու կապոյտի մէջ բռնկած, բայց չայրող Լուսամփոփի պէս աղջիկը ։

Վերադիրները, հակառակ իրենց վերացեալ նկարագրին, կը սեւեռեն հոս այդ աղջիկը։ Ան կու գայ, կ՚երթայ, ինչպէս պիտի ընէր մեր երազին պարիկը, զոր կը կանչենք, երբ աշխարհը ցաւ ըլլայ, որ կը քաշուի, երբ աշխարհը ըլլայ բարի...

Դու մօտեցար որպէս քոյր ու հեռանում ես հիմա։
աղօթք դարձած, խնկաբույր, դու հեռանում ես ահա:
Ինչո՞ւ եկար, եւ ինչո՞ւ անրջացար ու չկաս.
հրաժեշտի մի համբոյր ու հեռանում ես ահա...

 

Գուցէ սո՜ւտ է սէրը այս հրաժեշտի մի երազ,
քո՛յր, յո՛ւշ դարձած հեռաւոր, դու հեռանում ես ահա...

 

Ո՞ւր ինք։ Բայց քաղցր բան է այդքան քիչ տարածութեան մը վրայ կանչել աղջիկը։ Ան թող մօտենայ ու... հեռանայ, առանց բառի համբոյրի մը վրայ աղօթք դառնալով։ Այս աղջիկները մեր կեանքին մէջ յաճախ չենք իսկ նշմարեր։ Անոնք աղօթք են, ու խունկի մը գալարին նման կը փախչին ու կ՚անհետանան մեր շրթներուն իսկ հովէն։ Բայց անոնց ստուերը կը դիմանայ թերեւս աւելի շատ, քան մարմինները կիներուն, որոնք մեր սրտին վրայ կրակ ու գարշանք նետեցին, որոնք իրենց միսերուն ու իրենց հոգիին խռովքը, պապակը բազմապատկուած ուժգնութեամբ մը բացին մեր աչքերուն ու մեր ռունգերուն ու համբուրած ատեննին մեր ամբողջ ջիղերը քանդելու, քայքայելու երազը չկրցան սքողել իրենց գալարուն շրթունքներուն արիւնոտ թրթռումներէն:

Ու քաղցրութիւն, ու գինովութիւն է մտքիդ առջեւ կեցնել այն աղջիկը, որ օրին մէկը նայեցաւ քեզի, որ քաշուեցաւ քու աչքերուդ հովէն, որ դողահար մօտեցաւ գիրկիդ ու ինկաւ շրթունքներուդ ու գնաց, գնաց ա՛լ չգալու համար։ Օր մը միայն։ Այո՛։ Բայց որ կեանք մը կը լեցնէ։

Ահա ձեզի ուրիշ քերթուած մը, որ հակառակ ուրիշ գիրքէ մը վերցուած ըլլալուն, տարօրինակ կերպով շարունակութիւնը կը թուի վերի ոտանաւորին.

 

Իրիկնային քո՛յր իմ հեզ, մեռելի՜ պէս դու անցիր,
թող զանգերը օրհներգեն ու օրհնեն քեզ,
դու անցի՛ր:

Վարդե՜ր թափեմ արծաթէ, արծաթէ աստղեր՝
դիակառքիդ, հոգո՜ւդ մէջ, դագաղիդ մէջ,
դու անցի՛ր…
Մահատեսիլ ու անդարձ, օրերիս պէս մի՜ֆ դարձած,
անվերադա՜րձ, յամրընթա՜ց, սըգահանդէ՜ս
դու անցիր...

 

Դուք տարա՞ծ էք ատանկ աղջիկ մը, իրիկուան ճամբաներէն, դէպի գերեզման։ Բայց ի՛նչ հարկ: Օրը, որ կ՚անցնի, միշտ գերեզման մըն է։ Ու իրականութեան ու հեքիաթին այս ճարտար միախառնումն է, որ մթնոլորտ կը ճարէ բանաստեղծին ձեւերուն։ Անոր պաշտպանութեամբն է, որ այս քոյրերը կը կանչուին, կը համբուրուին, կը զրկուին, անա՛նկ, որ գործողութիւնները զարգանան զգայարանքներու օրէնքներով ու իրականին սարսուռը, դառն, բայց հանգչեցնող համը տեսանելի ըլլայ տողերուն վրայ: Միւս կողմէն՝ այս շարժումները չեն ձգուած ինքնագլուխ, անսանձ մղումներու խաղին դէմ, միս-մինակ։ Եթէ գիտակցութիւնը չի միջամտեր անոնց ամէն մէկ հանգոյցին կամ շեղումներուն, բայց զանոնք ուրացած ալ չէ։ Ու գոյութիւն ունի դիւրաբեկ գիծը, որ կ՚անցնի այդ ամբողջ վիճակներէն, առանց ամրապէս կապելու։ Որ կ՚երեւի ու կեդրոն կ՚ըլայ անջատ կացութեանց մէջ, բայց ոչ շղթայ մը՝ գործերուն կռնակէն:

Բայց խորհուրդով փրկուող այս էակները չեն մինակ, որ Չարենցի զգայնութեան գահաւորակներն ըլլային զգացական (affectif) գետինին վրայ։ Կան ուրիշներ, որոնք, օդէ աղջիկներու այս կարաւանին դէմ, կը պտտին անոր տողերուն մէջ անփութութեամբ մը, պարզութեամբ մը, բնականով մը, որ արձակին կը մօտենայ։ Երբեմն փափկութիւն ու ապրումին նկարագիրը կը լեցնեն այդ կիները։ Երբեմն թանձր գռեհկութիւն մը կ՚աշխատի անոնց հաշուոյն։

« Էմալե պրոֆիլը ձեր », ամբողջ գիրք մը կը պատմէ մեզի գրեթէ կէս զգայութիւններ, կիսադէմքի մը շուքին տակէն։

Դուք այնպէս մե՜ղմ էք խօսում։ Երբ դուք կարդում է, տիկին,
Ձեր շրթունքները գունատ նմանւում են յասմիկի։
Եւ Ձեր աչքերը, գիտէ՞ք, առանց ներքին կրակի,
լուսաշող են՝ Ձեր կրծքի քարերի պէս թանկագին։

 

Իսկ երբ ականջ եմ դնում եմ Ձեր թեթեւ քայլերին,
թւում է ինձ, թէ նոքա տրիոլետներ են երգում
եւ այդ երգով հըմայուած՝ սիրտըս տխրում է լըռին:

 

Եւ դուք գիտե՞ք, որ սիրուց հիւանդացած իմ հոգում
Ես միշտ լսում եմ թեթեւ, թաւ թրթիռներ ջութակի–

երբ համբուրում եմ ես ձեր բարակ մատներն ապակի։

 

Ահա ձեզի թեթեւ, առանց ճիգի ըսուած տողեր։ Բայց անոնք ընդունակ են խորունկնալու։ Անոնց հոսումը այնքան բնական է, որ առաջին իսկ ընթերցումով կը տեղաւորուին քու մէջդ՝ առանց որ ատեն ունենաս մտածել արուեստին։ Բայց պզտիկ ուշադրութիւն մը բաւական է, զգալու համար, որ դիւրին sentimentalism մը չէ ասիկա։ Պարզութեան տակ նպաստը կայ անձնական, դանդաղ, երկար ապրումին։ Առէք ապակի մատները ձեր դողացող ափին մէջ, բացէք ձեր շրթունքները անոնց չորութեանը վրայ ու հարցուցէք, անձայն ու փակաչք, այդ սառոյցէ մատներուն, թէ կարելի՞ է իրենց վրայով ճամբորդել դէպի հոգիները, դէպի հոգին այդ կնոջ, որ կը կենայ, ափը տուած, նայուածքը ով գիտէ ո՛ւր, գուցէ՝ բոլորովին անտարբեր, հակած դէպի խոնարհող հոգին։ Ու անկեղծ է բանաստեղծը, երբ այդ բարակ ոսկորներուն ներսը, ջութակ, թաւ ու թրթռուն կը կարծէ, թէ կ՚երգեն։ Այս դիտողութիւնները թանկագին են հոս ու գեղեցկութիւն ու ապրումի բիւրեղացում կը դառնան.

Երբ ես տեսնում եմ Ձեզ–
անդարձ անցած մի սէր
սկսում է իր հեզ
հեքիաթները հիւսել։
Յիշում եմ ես յանկարծ
կապոյտ լամպեր գազի,
որոնք վաղո՜ւց հանգած
սպասում են լոյսի։
Յիշում եմ ջինջ, մաքուր
ապակիներ կորած,
կապոյտ ծովի փրփուր՝
փխրուն գիպսից փորած:
Ինչ-որ մի տեղ գնած
ֆոլիանտի թերթեր–

ու թիթեղից շինած
դիակառքի վարդեր։

Բոլորովին սովորական տարրերով այս տողերը նորութիւն են մեր քնարերգութեան մէջ։ Այս կամաւոր պարզութիւնը, չփնտռուած ընտանութիւնը, ընթացիկ կեանքի մանր ծուէններով կամ ներքին կեանքի աննշան բեկորներով դիմագիծ ու հոգի լինելու այս արուեստն է, որ համակրելի կ՚ընէ Չարենցի գործը։ Նիւթին նուիրապետութեան այս գործնական խորտակումը, մեր հոգին իրերուն կապելու, անոնցմէ իրենց հոգին, այսինքն՝ մերը կրկին ետ ուզելու այս միամիտ խաղը մանկուցիչ է հոս.

Երբ ես տեսնում եմ դէմքը Ձեր
եւ Ձեր մատները ապակի,
եւ Ձեր դէմքին լուսէ գիծեր
ինչ–որ հեռու արեգակի–

սիրտս զգում է ցաւը նուրբ
Ձեր ուսերին նիրհող շալի,
մետաքսի վիշտը անսփոփ,
անբաւ թախիծը ռոյալի,
ու բաժակում նիրհող թէյի
անմահ ձանձրոյթը յօրանջող–
ու ջահազարդ սենեակների
մարմանդ մորմոքը մեզ տանջող։

 

Ասիկա մանր ու դատապարտելի իրապաշտութիւնը չէ, որ առարկաներ կը համարէ ու գոյներ կ՚անուանէ միայն։ Բոլոր իրերը տեսնուած են հոգեկան լուսաւորման մը անկիւնէն ու բոլորին վրայ ալ կարելի է հաստատել հոգեւորող վերադիրը, որ իրերը փոխանակ գամելու կամ դասակարգելու, կը գունաւորէ ներքին կրակով: Ու առանց յաւակնութեան, ու առանց ռոմանթիզմի այս տողերը թերեւս կ՚արժեն այնքան, որքան կ՚արժեն արեւելահայ մեծ-մե՛ծ բանաստեղծներուն արտասուահեղձ սիրերգները, եարով, մանեակով, ալ ու ալուանով ընդելուզուած թեթեւ ու պարապ երգեր, որոնք ուրիշները հռչակի բերին.  

 

Կարդում էիք Դուք թաւ ձայնով
տարօրինակ ու կանացի։
երգերը Ձեր մարմանդ ու մով։

 

Երբ բարձրացայ ու գնացի–
լռել էր ձայնը Ձեր երգուն,
բայց իմ սրտում, իմ որբ հոգում
թաջութակներ էին երգում։

 

Այսպէս է, որ կը քալէ ամբողջ գիրքը։ Ու կիտուածի վրայ փորագրուած կամ տպագրուած երեւցող այս կիսադէմքը բանաստեղծին հոգիին մէջ կ՚ունենայ յաջորդական արտայայտութիւններ, միշտ մասնաւոր առարկայի մը կամ տեղի մը կնիքովը, որոնք համակրելի կը մնան իրենց զուսպ գիծերուն բարակ ու երգեցիկ շնորհներովը։

Ու պէտք է անմիջապէս աւելցնել, թէ բանաստեղծը խորապէս անկեղծ է իր պատկերին հետ։ Ու դժուար չէ վեր ստեղծել այս գալանտ երգերուն պզտիկ լոյսերովը ամբողջ ներքին աշխարհը, որուն եզերքին կը կենան քնացող թէյին բաժակները, պատին՝ իրենց կապոյտ ծփանքը օրող քողերը (բանաստեղծը վոյւալ կը գրէ) ու իրարմէ քաշուած երկու սրտերուն անխոստովան մեղեդին, որ սէրը չէ, բայց աւելի քաղցր յուզումներ կը թելադրէ։ Ով որ կնոջ մը հետ ունեցած է այդ պահերէն, ուր աչքերը արտօնուած են իրարու շրջելու անգիտակից սարսուռներ, ուր իրարու վազող երկու զգայնութեանց ջերմութիւնը կրակէ կամար մը կը նետէ պահի պարապին վրայ, ուր, վերջապէս, կնոջ մը երեսին չափ համ ու արժէք կը հագնին անոր հովահարը, ձեռնոցը, սեղանին սպասող սրուակները, կամ կռնակին ինկած գիրքի մը նշան եղած էջը, պիտի սիրէ այս անհաւասար, միամիտ, մեղմ, բայց անկեղծ ու ապրուած երգերը։ Չարենց քիչ անգամ պիտի յաջողի, այդ գիրքէն դուրս, այս փափկութեամբ, այս հարազատութեամբ էջեր ստեղծել: « Էմալե պրոֆիլը ձեր »ը Չարենցի սիրային երգերուն լաւագոյնները կը պարունակէ։

Հակառակ անոր, որ ուրիշ անուններ, իր գործին շատ մը տեղերէն, երբեմն մանրամասնութեանց հանդէսով մը, երբեմն ռոմանթիկ յարդարումներով կ՚աշխատին մեր ուշադրութիւնը կանչել իրենց սրտին, ցաւին, սիրոյն վրայ, բայց չեն կրնար հարկաւոր համակրանքը արթնցնել։ Ասոնք միշտ անուններ են, յանկարծական, որոնք կը բուսնին գիշերուան մէջ ծագող փայլակին պէս, բայց կը սրբուին նոյնքան արագ։ Անոնք բանաստեղծին վրայ ազդելու համար պահանջուած նկարագիրները չունին։ Մենք չենք կրնար այդ աղջիկները տեսնել, տողերուն ետին, այնպէս իրական ու պարզ, ինչպէս կը պատահի ատիկա կիտուածէ կիսադէմքով կնոջը մօտ։ Բանաստեղծը անոնց հետ կը գործածէ կիրքերուն մեծ ու բացագանչող լեզուն, որ ի վերջոյ բառ կը դառնայ միայն։ Ու բարձրաղաղակ ու պոռալով սկսող այդ սէրերը կը մարին յաճախ փողոցէ գտնուած աղջկան մը կուրծքին.

Կապոյտ իրիկունն էր իջնում–
ելնում էի փողոց։
Գալիս էիր միշտ դու՝
լուռ, յոգնաբեկ, անխօս։
Աչքերիդ մէջ միշտ մի
մեղքի փայլ էր լինում,
ու շորերըդ–
խամրած
ու թըթուած բոյր գինու։
Ոչ խօսք պէտք էր, ոչ վէճ,
ոչ ակնարկներ զգոյշ.

շըրջում էինք անվերջ
փողոցներում մըշուշ։
Իսկ յոգնելիս–
էժան
հիւրանոցում մի մութ
քընում էինք մէկտեղ,
որպէս եղբայր ու քոյր:
Մոռացե՞լ ես արդեօք
գիշերները այն մեր...
Ես քեզ յիշում եմ միշտ։
Ես քեզ սիրում եմ դեռ:

 

Ոչ մէկ տղայ կը մոռնայ այդ գիշերները: Կրնաք վստահ ըլլալ, պարոն բանաստեղծ։ Վասնզի դուք բնական վիճակին մէջն էք տղուն, որ նշանակուած ծառին տակ կը սպասէ: Կու գայ: Կ՚երթաք։ Կ՚ելլէք ու կ՚իջնաք։ Այսքան։ Միւսները, որոնց անունները պոռացած էք մեզի, որոնք ձեր գիրքերուն պատմութեան մէջ կու գան՝ ինչպէս տպուող երկի մը ծանուցումը, չեն իսկ տպաւորած ձեզ վերի փողոցի աղջիկին չափ։ Մեղադրանք մը չէ ասիկա։ Իրողութիւն մը միայն, որուն պէտք ունէի՝ ցոյց տալու համար ձեր տիպարը, որ անհաստատ, անկում է անկում թաւալիլը սիրող, բայց ոչ մէկ խոր զգացումի հաւատալ կրցող գուցէ գինովն էք մշտապէս:

Ու խառնուածքի այս պարտադիր ճնշումը կը միջամըտէ ամէն անգամ, որ բանաստեղծը իր սիրտին հետ ուզէ ըլլալ:

Անոր մէջ գուլ է սիրոյ զգայութիւնը։ Մէկն է, որ ուղղակի նպատակին վազած է։ Ու պատրանքը պատրաստող, զայն ցանկալի ընծայող բոլոր դեգերումները, զայն իրական ընող հոգեբանական բոլոր գրգիռները զոհ գացած են այս թանձր ու դրապաշտ խառնուածքին։  

Եթէ չունի կին մը, որուն վրայ իր աչքը ինկած ըլլայ երազի մը արեւին պէս, ողողուն ու ոսկի, եթէ չունի աղջիկ մը, որուն բերնին իր շրթները երկարած ըլլան տեսանելի ու կարմիր սարսուռով մը, ունի սակայն կիներ, որոնք պատահական լոյսով մը քալած են իր առջեւէն՝ ուրիշ շատ բաներու հետ ու քովէն։

« Փողոցային պչրուհին » գրքոյկ մըն է, ուր այս տեսակ զգայութիւններ պիտի ստեղծեն ուրիշ շրջանակ մը։

Մտերմիկ երկասացութեանց քաղցրութենէն վերջը, հոս բանաստեղծը կը գտնէ իր շեշտութիւնը։ Նուաղում, կոտրտուք, ինքն իր մէջ երկարում, լարում ու յաճախ պարապ ժամավաճառութիւն, ահա ինչ կ՚արժէ անձնական բանաստեղծութեան փորձ մը։ Հոս, սակայն, դիտողութիւններ, լաւ մանրամասնուած, որոնք դանդաղ ու փցուն չըլլան։ Հոս, սակայն, փորձառութիւն ու յաճախում, վասնզի հոգիներու վրայ չէ աշխատութիւնը։

Կեանքին երեսներէն մէկը։ փողոցներու վրայ մերկացող տառապանքը ծախուող կիներուն։

Վարսավիրի մօտ հիմա նա լուռ նըստել է էլի.
դէմը փայլում է հըսկայ, արծաթափայլ հայելին։

 

Դէմը նստել է մի կին ու աչքերով մեռելի
նայում է պաղ աչքերին՝ անվերջ, էլի ու էլի։

 

.....................................................................
Այնպէս օտա՜ր է, այնպէս անսիրելի ու հեռու.
ի՞նչ են գտել նրա մէջ գուրգուրելու, սիրելու:

 

Տխո՜ւր, տխո՜ւր, որպէս մահ ակնարկում է հայելին:
սանտրւում է սակայն նա. դէմքը ժպտուն է էլի։
Ու կանգնել է իրեն մօտ–
մօտի՜կ, մօտի՜կ, որպէս սէր–
մի բարեկամ անծանօթ, հրաշագործ մի ընկեր:

 

Դէմքին՝ տաղտուկ մի ժպիտ, ձեռքին սրուակ ու փոշի՝
թափում է նո՛ւրբ հմայքներ, ծախուող բոյրեր ուրիշի։

 

Ու պատին ժամացոյցը։ Ու մկրատին շրնդունը: Չենք յոգնիր այս արագ իրապաշտութենէն, որ թեթեւ կ՚իյնայ։ Աւարտած է պատրանքը.

 

... Ու էլ դէմքով դիւթական՝ ահա ելնում է նա վեր:

Ո՞ւմ ինչ, որ նա էլ հիմա ինքն իրեն չի ճանաչի–
ու ժպիտով ակամայ պիտի գերի ու խաչի։

 

Քիչ բան կը զատէ այս պատկերը արձակ տեսիլէն։ Բայց այդ քիչ բանը կայ։ Այս խնամոտ իրապաշտութիւնը, որ գիծեր միայն կը վարէ ու չ՚երերար տեղին վրայ, այս տրտում, եղերական զարդաւորումը, որ կիները փողոց պիտի նետէ, անոնց մարմինը (լուսէ սուտի» մը վերածելով, ասիկա կեանքն է, դիտուած, ապրուած կեանք, երբ ծունկիդ նստող կնիկէ մը՝ մաս-մաս կը փրցնես այդ բոլոր յաւելումները։ Ու անզգած բանաստեղծը չի կրնար իր պղտորուիլը պարտակել։ Տեսակ մը լաց կայ տողերուն տակը, ոչ անշուշտ բարոյախօսական կամ ընկերաբանական հիմունքներէ առաջացած, այլ ուղղակի կեանքէն եկած արցունքոտ համակրութիւն մը, որ կ՚արթննայ աշխարհին մէջ, ամէն անգամ, որ ծերութիւնը, փտութիւնը, աւերը այդպէս կը ներկուին ու «դիմանա՜լ» կ՚երազեն։ Ու այդ համակրութիւնը խորունկ, խորունկ ցաւ մը կ՚ըլլայ, երբ կիներն են, որ իրենց միսերը պարտաւոր կ՚ըլլան կրկնելու, երկարելու, այս անգամ դիմանալէն աւելի ահաւոր հոգէ մը ծեծուած։

« Վարսավիրի հմայքներ »ուն պէտք է մօտեցնել « Շամիրամ » վերտառութեամբ քերթուած մը, որ տարբեր է « Փողոցային պչրուհին »ին մէջ նոյնատիտղոս կտորէն.

- 233 -

Իրիկնային փողոցում ես տեսայ նըրան։
Նա
ներկուած պչրուհի, գուցէ-Շամիրամ։

Եւ ինձ տուեց հինաւուրց յուռութները նա
երկու համբոյր փողոցում, մայթերի վրայ։

 

Եւ հմայեց ու տարաւ նա դղեակը հին:
Լապտերները ժպտելով ճանապարհ դրին։

 

Եւ, չնայած որ անթիւ դարեր են անցել՝
Նոյնն է երազը նրա, լոկ մարմինն է ծեր:

 

Նո՛յնն է խօսքը, կարծես նոր տրուող աղջկայ–
միայն մարած աչքերում էլ հրդեհ չկայ։

 

Պատկերը նոյնն է։ Ու մեր փնտռած քիչ բանը նորէն կը փրկէ քերթուածը։

Կարելի էր հոս արտագրելուրիշ քերթուած մը, որ « Շամիրամ » վերնագիրը ունի, ցոյց տալու համար իրական կեանքին դէմ երազով մօտենալու կարողութիւնը, որ այս տղուն առաջին արժանիքն է ապահովաբար։ Բայց ես կը կարծեմ, թէ բաւական են այս մէջբերումները, բոլորն ալ « Ժողովածու »ին Ա. հատորէն:

Ասոնք լաւագոյն նմոյշներն են արուեստի մը, որ մեր համակրութեան կ՚արժանանայ, մա՛նաւանդ իր հարազատութեամբը, պայմանադրական նկատումներուն հանդէպ իր անտարբերութեամբը, գուցէ արհամարհանքովը։ Այս հանդարտ շնականութիւնը, մա՛նաւանդ սիրոյ մէջ, երբ մենք վարժուած ենք մեր անկումները տանիքներով ծածկելու, ու մարդկօրէն տանելի անկեղծութեան մը թոթովանքը (որ անբարբառ սիրերգութիւն մը կը դառնայ կիտուածի պէս պաղ ու փայլուն դէմքերուն առջեւ) անակնկալներ էին արեւելահայ բանաստեղծութեան համար։

Այս յաջողակ կտորներէն դուրս, « Ժողովածու »ին առաջին հատորը կը պարունակէ տակաւին խոշոր երկիր մը, հազիւ տեսանելի՝ սանձակոծ սենպոլիզմի մը ստուերներուն տակ։

Գիրքեր կան հոն, «տաք ու արիւնամած» խորհուրդով, ուր կրակներ կը մորթուին Ողջակիզուող կրակ »), ու արեւը արիւնէ վէրքի մը պէս մայրամուտէն կարմիր թարախ կը ծորէ եւ ուր ամէն էջի վրայ կու գայ խորհրդաւոր ոգումը, մեր օրերուն ամէնէն աւելի պոռնկացած բառը քո՜յր ։ Մարդերը իգացնող այս հնչումը, մա՛նաւանդ Չարենցի մօտ՝ անկարող է յուզում բերելու իր ետեւէն։ Ու մենք կը մնանք հանդարտ։ Ու հանդարտ է մեզի հետ բանաստեղծը, որ բառը կ՚արտաբերէ շրթունքները միայն բանալով, վասնզի օդի խազ մըն է ան, որ լեզուին վրայ կը կազմուի ու իր թելը, արիւնոտ ու կենդանի լարը չունի մինչեւ սիրտը։ Վասնզի իր թեթեւութեանը համար բանաստեղծը ախորժը չունի հանդարտ ու ծաւալուն յուզումներուն։ Վասնզի ան թերեւս տեսած է մարմինը, միայն այդ «քոյրերուն» առանց հասնելու այն գրեթէ կրօնական յափշտակումին, որ անոնց լուռ կամ թրթռուն ճառագայթումը կ՚ըլլայ հոգիի ճամբաներուն վրայ, եւ որով մենք կը մեծցնենք, կը ծանրացնենք, եղերական բանի մը կը տանինք բերնէ բերան կոչակուող համբոյրին համը։ Ու ան երգած է այդ « քուրերգութեանց » մէջ ոչ թէ անոնց իրականութիւնը, այլ՝ անոնց ստուերը։ Նոյնիսկ միւս երգերուն մէջ, որոնք փողոցին վրայ պտտող միսերէն կը զարգանան, բանաստեղծը հեռաւոր կամ թաքուն նպատակը ունի անոնց հաշիւին ուրիշ բաներ երգելու։

Իր ամբողջ գործին մէջ չենք կրնար վերցնել քերթուած մը, ուր դրած ըլար կատարեալ դատողութիւնը իր հոգիին։ Ուր մենք կարենայինք կարդալ քսան տարու պատանիի մը բիւրեղ, բայց բռնկած սրտին խռովքը: Կամ` բռնկած խորանը անոր հոգիին, ուր աղջիկներուն միսերը աստուածային արձաններու նման պատուանդանի երթային, հաւատքին մշուշովը, խունկովը զարդարելով ու պղտորելով ու խորհուրդին տանելով իրենց սովորական մերկութիւնները: Ասոր տեղ` լոյսերու հրախաղութիւններ հոն՝ ուր մենք միսերը ծակող աչքերէն կրակ ու սարսուռ կը սպասէինք: Մուժ ու մշուշ հո՛ն՝ ուր մենք կը սպասէինք իսկապէս ահաւոր ու անըմբռնելի հրաշքը միսը միասին նետող ուժերուն, նայուածքէ նայուածք, պզտիկ տիեզերք մը ստեղծող ու տեսանելի եղող իրական հրաշքը, սա անցաւոր աշխարհին վրայ ծաղկած այդ անհուն, բայց եղերապէս կարճ վայրկեանը, որ խոտերը կը ծռէ դէպի խոտերը ու ով գիտէ աստղերն ալ կը խոնարհէ աստղերուն:

Չեմ կրնար հոս կեցնել այս վերլուծումը, առանց մօտենալու ուրիշ երկրամասի մը:

Չարենց՝ կիները տեսնալ փորձած է նաեւ ուրիշ դարերու եւ ուրիշ քաղաքակրթութեանց մէջ։ « Տաղարան »ով ան ոգեկոչած է Սայեաթ-Նովայի Գոզալը եւ « Ասպետական » [3] ին մէջ միջնադարեան դղեակներու խորերէն լուսցող մարմինները:

Ոչ մէկ տեղ այնքան յայտնի կ՚ըլլայ Չարենցի հիմնական անընդունակութիւնը կիները տեսնելու, զգալու եւ զգալի ընելու, որքան այս խոշոր քերթուածին մէջ, որ ասպետական զարդաւորումին ու պատմական հեռանկարին բոլոր նպաստն ու առաւելութիւնները պիտի բերէր խղճամիտ բանաստեղծին։

Անիկա ասպետն է, որ մուտք կը գտնէ դղեակի մը մէջ։ Անոր դիմաւորումին կու գան՝

... Երկու գեղանի,
աղջիկներ հուր ու հրեղէն:

Ժամանակէն դուրս այս աղջիկները կը բարեւեն զայն ու կ՚երթան։ Բայց անոնք՝

Երկու լոյս էին վառ նրանք...
երկու բոց՝ սպիտակ ու սեւ,
երկու խօլ արեւ ալուան,
Երկու հուր հրաշքներ լուսէ...
Մէկի բոյը սէգ մինարէթ.
միւսինը –սեւ մի սօսի.
մէկը վառ, պայծառ մի արեւ,
մէկը կաթ, արծաթ մի լուսին։

Հարկաւ դիտեցիք, թէ տողերը տողերուն կը կապուին իմաստէն, գոնէն դուրս ամէն բանի թելադրութեամբը, բայց մանաւանդ բառերուն թելադրութեամբը։ Ասիկա ամէնէն դժբախտ թերութիւնն է բանաստեղծին։ Մի հարցնէք, թէ ինչու գոյնը կը հակադրուի գոյնին, երբ արդէն լոյս մը երկու աղջիկներն ալ կը հովանաւորէ: Ալ մի հարցնէք, թէ սեւ սօսի որակուող աղջիկ մը տող մը վարը կաթէ լուսին պիտի անուանուի։ Ասոնք մեզի պէս խեղճ գրականագէտներու աբսիւրտ ռուտին ովը մեկնուելիք բաներ չեն արուեստին մէջ։ Բայց շարունակենք։

Բեդուինի խարոյկներ էին խօլ
սեւամած աչքերը մէկի,
միւսի աչքերը տըխուր
միրաժներ էին անմեկին։
Մէկի կուրծքը մզկիթ էր սպիտակ,
միւսինը սէգ մի տաճար։
մէկը բիլ գազել էր կապուտաչ,
մէկը հուր նժոյգ սեւաչեայ։

Ամբողջ քերթուածը մանկունակ ու խեղճ յօրինում մըն է։ Անոր գործադրութիւնը նոյնքան ծիծաղելի։ Անկէ կը վերցնեմ միայն կիները տեսնելու այն ձեւը, որ աչքերուն, պարզ աչքերունն է եղած ամէն ժամանակ ու ամէն գրականութեան մէջ։ Բայց այդքան միայն։ Չարենցի մէջ ուրիշ տեղեր արտաքին աշխարհ մը, որոշ պահեր ու անձնական փորձառութիւններ նպաստած էին, որպէսզի իր պատկերները սառած ներկեր չըլլային։ Հոս անիկա մինակ է, իր աչքերուն հետ, որ այդ ձեւերուն հետ կը խաղայ, դժբախտ ու անվերջ խաղը բառերու հրթիռին։ Անիկա չի ճանչնար դարերը։ Չի յոգնիր մտապատկերներու ջանքով մը: Հոս, երբ հզօր ճիգ էր հարկաւոր, կիները այդպէս, դղեակներուն ներսը, իրական կեանքին պատրանքովը կեցնելու կամ շարժելու, բանաստեղծը կ՚անճրկի բոլորովին: Իրեն թող ըլլան իր ահաւոր բացագանչութիւները, իր մռայլ կոծումները, նախանձի պոռչտուքները։ Չեմ իսկ տեսներ իր գալարումները ու պրկումով պոռալները ու աչքին սեւնալները, որոնք քերթուածին մէջ իբր թէ հոգեբանական բարեխառնութիւն ու փոփոխութիւն մտցնելու համար նոթուած են այնքան ուռուցիկ ու ճչուն ոճով մը։ Ու ցոյց տալու համար վերջապէս, թէ ինչ կրնայ տեսնել մէկը ու արտայայտել, մէկը, որ կը խուսափի կենդանի ու արգաւանդ ճիգէն, ու կը յարձակի, ամէնէն դիւրին պատկերի վերածուող զգայութեանց տախտակներուն՝ կ՚արտագրեմ երկուութեան ալ։

Հեղինակը, չես գիտեր ինչու, բաղնիք կը ղրկէ այդ հուր հրեղէն աղջիկները։ Անոնց ետեւէն դղեակին տէր ծերունի, գրեթէ հարիւրամեայ Ալֆոնս Անտոնը: Քիչ ետքը բանաստեղծը, որ կը հասնի՝ սա պատկերը վայելելու.

Ու փարուել էր Ալֆոնս Անտոն
գալարուն ու տօթ կոյսերին,
ու խմում էր անյագ եռանդով
քրտինքները նրանց ուսերի։
Քրտնքոտ ծնկերին էր փարում,
ձեռքերով մարում էր երկու բոց,
գրկում էր մէջքերը գալարուն,
փարւում էր՝ չար ու անթով։

Հիմա կը հասկնանք գաղտնիքը: Պէտք է կիները տեսնել այս անգամ ուրիշ տարազի մը տակ։ Ու խեղճ այս պէտքին համար ստեղծուած է ամբողջ քերթուածը։ Ահա թե ինչ կ՚երեւակայէ քսանամեայ պատանին։ Բայց ասիկա արուեստ կարծելու համար, մարդ պետք է միամիտ ըլլայ աւելի, քան տղան։ Ու առանց զգալու, թէ յանդգնութիւն, արուեստ չէ որ կընէ, այլ՝ բան մը, որուն անունը չունի տակաւին գրելու արուեստը, կը շարունակէ թուքերը կուլ տալով`

Նա ծծում էր ստինքները նրանց,
ու շոյում էր կոնքերն հրեղէն,
գալարուն զիստերն հուրհրան
նա քսում էր իր դէմքին հողէ։
Ծծում էր նրանց լեզուն,
շըրթունքները նրանց ալուան–

ու լիզում էր յետոյ, որպէս շուն,
կուսութիւնը նրանց ալ–կրակ...

 

Արուեստին առջեւ, արուեստին հետ ոչ մէկ յանդգնութիւն զիս անակնկալի կը բերէ։ Դուք նկատի մի ունենաք պահ մը սովորականութիւնը, թանձր գռեհկութիւնը այս պատկերներուն։ Այս տեսիլներուն սոսկական պատմութիւնը, ամէնէն հասարակ մարդու մը բերնէն, պիտի բերէր նոյն տպաւորութիւնը, որ կ՚ունենանք այս մշակուած, կրթուած, արուեստով խօսող երիտասարդին ոտանաւորէն։ Ո՞ւր է տարբերութիւնը: Ի՞նչ է վերջապէս արուեստ ըսուած բանը։ Ու հարցուցէք, թէ ի՞նչ կը շահի բանաստեղծը այս ամէնը այդպէս ցուցադրելով։

Իմ մասին, ես շատ ալ փափկասիրտ կամ նրբակիրթ չեմ՝ ազդուելու համար վայնասունէն, որ գրելու այս ձեւը պիտի ստեղծէր ընթերցողներուն բազմութեան մէջ։ Բայց գիտեմ, թէ արուեստը չէ զբաղած ոչ մէկ ատեն այս թանձրութիւններով։ Յեղափոխութեան տուած բոլոր իրաւունքներուն մէջ չեմ կարծեր, թէ գտնուի սկզբունք մը, որ գռեհկութիւնը պաշտպանէր։

Գրեթէ բռնի մեզ զարմացնելու, գայթակղեցնելու այս ապերասանութիւնը ամէնէն աւելի հեղինակին կը վնասէ։ Վասնզի ես չէ, որ պիտի ուրանայի տգեղութեան գեղեցկութիւնը։ Աւելի աղտոտ կտոր մը « Նրբակիրթ Լ-ին » . Հատոր, էջ 138) կը փրկէ իր գռեկութիւնը բանով մը, որ ազնիւ կը մնայ այդ աղբերուն մէջ:

Նրբակիրթ օրիորդի մըն է, որ կը հարցնէ բնական բանաստեղծը՝

 

Ձեր հոգին նուրբ, օսլայած
..........................................................
Կարո՞ղ է արդեօք փողոցում,
ուր անգամ արգիլուած է ծեծուել
առաջին հանդիպած շան հետ,
միանալ, այսինքն –կցուել։

 

Ու թւումը... Բայց վերջաբա՞նը.

 

Պոռնիկներ ինձ քոյր կը դառնան,
շները եղբայրներ անգին–
բայց ափսոս որ օտար կը մնայ
ձեր մաքուր, օսլայած հոգին...

 

Այս յիշատակութիւնը բաւական է՝ ցոյց տալու համար տեսակետը, ուր կը մնամ դատապարտելու համար աւելորդ ու, մա՛նաւանդ՝ անտաղանդ յանդգնութիւնը, որ բարոյամոլները զայրացնելու ու միամիտները տպաւորելու կը ծառայէ։ Ազնիւ, ինքնավստահ արուեստագէտը պէտք չունի այդ գաւառներէն հաւաքումներ ընելու։ Երբեմն ցուցմունք մը, բարքերու պատկեր մը, հոգեբանական խորունկ տագնապի մը պսակումին համար յանդգնութիւն մը, նոյնիսկ ձեւին յստակ, վճռական, մարմարեայ ու շլացուցիչ հմայքը բացատրելի կ՚ընեն չափով մը, այդ ձեւի գրականութիւն մը։ Բայց հո՞ս։ Եղիշե Չարենց պոռնկագիր ը լլալու շնորհն ալ չունի: Արուեստագէտը երբեք չէ խօսած իր մէջ։ Անիկա կրնար անսովոր, նոր, կայծկլտուն քերթուած մը հանել այդ նիւթէն։ Միւսէ ներած է իր տաղանդին գրել էջ մը, ուր կ՚ըսեն թէ պատմուած է, բայց զմայլելի արուեստով մը, շատ աւելի յանդուգն բան մը։ Եղիշէ Չարենց արտօնուած էր աւելին ընելու հիմա, մանաւանդ հիմա, մանաւանդ յեղափոխուած երկրի մը մէջ։ Բայց, ինչ հարկ ավելի ծանրանալու, տաղանդը դաւաճանած է իրեն: Ահա թէ ուր կ՚ուզէի գալ։

Տաղանդը դաւաճանած է դարձեալ ուրիշ մարզի մը վրայ, ուր յաջողութիւնը աւելի դժուար պայմաններու հպատակ կը մնայ։ Անցեալին դառնալու ընդունակութիւնն է որ կը պակսի առհասարակ մենէ շատերուն ։ Անշուշտ ես նկատի չունիմ անոնք, որոնք անցեալը կ՚ապրին իրենց ներկային մէջ։ Բոլոր հետեւակ հոգիներուն առաքինութիւնն է ատիկա։ Պէտք է անցեալին իջնալ, բայց շքանալ ներկայէն : Պէտք է անցեալին իջնալ, բայց անոր երիկամունքը խորանալ։ Ահա թէ ինչ ըսել է Սայեաթ-Նովան երազի կանչել ու անոր Գօզալ ին խօսիլ ու խօսեցնել։

Երկերի ժողովածու ին մէջ կայ մաս մը Տաղարան անունով . Հատոր), ուր Եղիշէ Չարենց կը մոռնայ բոլորովին իր ուժերուն տարողութիւնը ու եղերական անփութութեամբ մը կը նետուի աշխատանքի մը, որուն ահաւորութիւնը զգալու համար, մարդ պէտք է ամենէն առաջ արեւելահայ, յետոյ կարմիր պօէտ ըլլայ։

Ո՞վ է սակայն խորքին մէջ հասարակ, ձեւին յանդգնութեամբը միայն իր գոյնը տարորոշելու յաջողած այս տղան, որ կիներուն քսուելու փոքրիկ շնորհը ունի, երբեմն ալ անոնց հայհոյելուն լիրբ գեղեցկութիւնը, բայց որ չէ դողացած յաւիտենական կրակին դիմաց: Ո՞վ է այս չոր ու ամայի երեւակայութեամբ տղան , որ իր հոգին բաւական մեծ ու ատակ, պիտի ընծայէր ուրիշ ժամանակներու հոգիները իր մէջ ընդունելու, առանց որ ինք կամ անոնք խեղդուէին։ Գիտէ՝ թէ ինչ ըսել է ժողովրդական զգայնութիւն։ Գիտէ՞ թէ ժողովրդական բանաստեղծը բառեր չէ որ կը կոտրտէ կամ ըսելիք պուտ մը բանը գրքերու վրայ շոգիի պէս կը ցանէ: Ապահովաբար ոչ։

Հոս իր մեղքը կը թեթեւնայ։ Վասնզի իրմէն առաջ ամբողջ սերունդներ տարուեցան այդ պատրանքէն։ Սկսելով Ալիշանէն մինչեւ տխուր ասպետները նոր ժամանակներու մարդիկ չեն պակսած որ կը հաւատան ժողովրդական բանաստեղծութիւն ըրած ըլլալու երազին , երբ ժողովուրդին մօթիֆներն են, որ օրինակուեցան միայն:

Արդ, ոչինչ աւելի ապերախտ է, քան այս հետեւողութիւնը: Մարդիկ այնքան դժուար կրնան լսել իրենց անձը , նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով մը, որ տարիներու մարզանք է հարկաւոր մոռնալու համար ինչ որ մանկութիւնն ու դպրոցը սորվեցուցած են մեզի: Հրաժարիլ իր անձէն ու ժամանակէն, ազատիլ անոր հոգեբանական ճնշումէն, նշանն է արդէն հերոսական աշխատանքի: Բայց ատիկա չի բաւեր։ Ուրիշ ժամանակներու ոգիին մէջ մտնելու համար, պէտք է ըլլալ մեծ ու բացառիկ իմացականութիւն մը, որ արագ ներհայեցութեամբ մը (intuition) վերստին կարենայ տեսնել զգալու եւ ըլլալու ալ մարած ձեւերը, ու կարենայ կարդալ տակաւին ա՛լ մոխրացած հոգեբանութիւնը , թուղթին վրայ դիմացող գրերուն նման։ Բայց այս խմորով մարդերը դարերուն պարգեւներն են մեզի, ոչ՝ Չարենցի պէս ինքզինքը՝ բռնի՝

«դարերից» պոկած
«մի անհո՜ւն պօէտ»։

Ու ամբողջ կարաւա՜ն մը, որ աշուղական ըլլալու երազով տառապեցաւ անհարկի տառապանք մը: Որ փոխանակ հոգին տալու, կապկեց ձեւը, թեւ դնելով երգերում, որոնք, իրաւ է թէ կրցան մինչեւ ժողովուրդին բերանը բարձրանալ, բայց օտար մնացին գրականութեան։ Ինչպէս չէր կրցած գրականութեան սեփականութիւն դառնալ անհուն երգահանութիւնը , որ 1800–էն կը սկսի հասնելու համար մինչեւ մեր օրերը ։

Վասնզի, ինչ որ ժողովուրդը ըրած է ու կ՚ընէ ամէն օր, ատիկա գերագոյն ընտրութիւնն է, չըսելու համար ընտրելագոյն արուեստը: Վասնզի, այն կնոջ մէջ, որ ծունկի իր զաւակին գլխուն, կը գոցէ անոր թարթիչները վերջին անգամին համար, ու կը զգայ, թէ ինչ թաղեցին իր մատները դալուկ այդ պատանքին տակ, այդ կնոջ մէջ չկայ գրագէտ մը , այսինքն՝ գիրքերու արհեստին ճարտարուն պաշտօնեան, որ այդ իսկապէս անասելի պահը, զարդարէր, լեցնէր, էջերու նիւթ դարձնելու համար։ Այդ կինը պիտի ըսէ այդ գերագոյն յուզումը շատ շատ երկու տողով։ Բայց այդ երկու տողը կ՚ըլլայ բացարձակ։ Վասնզի, այն տղան որ իր բազուկներուն վրայ աղջնակի մը միսը կ՚երազէ, երբ ալ հասած է զգալու կեանքին ալիքը, ու անոր արժէքը , պիտի ըլլայ բաւական անկեղծ, նոյնիսկ անոր մտապատկերովը , տալու գերագոյն տարազը զգացումին։ Անիկա պիտի ուզէ իր հետ ունենալ իր սիրածը նոյնիսկ

«չոր գետնի, քարին վրայ».

բայց գիտէ թէ ի՛նչ կ՚ըսէ։ Անիկա կ՚ապրի ու կ՚ապրեցնէ իր երազը։ Ու անոր արտայայտութիւնը կատարեալ է, ինչպէս զգացումը՝ բացարձակ էր եղած, քանի որ սիրային քերթուած մը գրելու համար քանի մը աղջիկ հոտուըտալու պտտող սիրերգակ բանաստեղծը չէ ան մեր նոր գրականութեան։

Հոս է որ խաբուեցան եւ տակաւին կը խաբուին մանաւանդ արեւելահայ քերթողները։ Արեւմտահայերուն մէջ փորձը կանուխ է եղած։ Բայց արդիւնքին տժգունութիւնը շուտով անկարելի դարձուց շարունակութիւնը։

Եթէ կարգ մը բանաստեղծներ, անոնց մէջ, Յովհաննէս Յովհաննէսեան եւ Աւետիք Իսահակեան հասան մօթիֆին ու կրկնեցին պատկերն ու երաժշտութիւնը, վրիպեցան սակայն ոգիին առջեւ։ Անոնց աշխատանքը քալեց բառերուն վրայէն: Բայց ժողովուրդը ամենէն ուշ կը մտածէ բառերուն։ Անոր համար մշտապէս կարեւորը զգացումն է։ Ու հոս հարկ է կրկնել թէ ամէն ուժգին զգացում, որ գրականութեան մէջ հաւասար է արուեստագէտ զգայնութեան, անվրէպ կը գտնէ ձեւ դառնալու իր լաւագոյն տարազը, ինքնիրեն , առանց ճիգի ։

Ուրիշներուն նման, բայց անփութութեամբ մը, որ յեղափոխութեամբ միայն կ՚արդարանայ, Չարենցն ալ կը տարուի ընտանի զառիթափին։ Քմահաճոյք, անշուշտ, ինչպէս իր միւս փորձերը։ Բայց մեղաւոր ու դատապարտելի։

Ու, երբ հարազատ ու մեծ Սայեաթ Նովային մօտ զգացում եւ արուեստ իրար կը լրացնեն, հետեւակ Չարենցին մէջ արուեստը կը տառապի հասնելու համար զգայնութեան մը խաղին , սեւեռելու համար գիծերը մեծ զգացումի մը որ չի կայ:

 


 



[1]        « Երկերի ժողովածու » (Եղիշե Չարենց) 1922, Մոսկուա: Պետական հրատարակութիւն. ութածալ 610 էջ: Երկու հատոր։

[2]        « Պոեմներ » (քաղուածներ) Յեղիշէ Չարենց, խմբագրութեյամբ Պ. Մակինցեանի. Կ. Պոլիս, 1923 . Մակինցեան կարճ յառաջաբանով մը կը ներկայացնէ բանաստեղծը ու անոր «խոշոր ու յուսատու» դէմքը կը գծէ յեղափոխութեան ֆոնին վրայ)։

[3]        « Ասպետական » Նորք », գրական հանդէս, 1923, Բ. թիւ)։