VI
Դիւրին
պիտի
ըլլար
տակաւին
զբաղիլ
ուրիշ
երեսներով,
հայրենասէր
բանաստեղծով,
քանի
որ
մեր
օրերուն
ամէն
մարդ
քիչ
մը
տառապած
է
անպատճառ,
փիլիսոփայ
բանաստեղծով,
քանի
որ
քառեակներու
ու
բարոյախօսութեան
դասական
կեդրոնը
Արեւելքն
էր
մինչեւ
երէկ:
Իմ
մասիս,
ազգայնական
լարը
դժնդակ
երգ
մըն
է
առհասարակ
մեր
քերթողութեան
համար,
ու
բախտաւոր՝
շատ
քիչերու:
Թումանեան
բացառութիւն
չի
կազմեր
այն
շատերին,
որոնք
մեր
տառապանքը
տեսան
թուղթերուն
օգնութեամբը
եւ
բառեր
գրեցին։
Աղէտը
իր
ընդարձակութեամբը
պիտի
խուսափէր
անոր
սեւեռումէն։
Աղքատ
իր
երեւակայութիւնը
անկարող
եղաւ
մտքով
տեսնելու
նոր
օրերու
մեր
տարտարոսը։
Աղէտին
ճառագայթումէն
հեռու
մնացող
իր
զգայնութիւնը
անկարող
պիտի
ըլլար
դարձեալ
ճիշդ,
ապրուած
սարսուռը
կամ
յուզումը
վերարտադրելու
թուղթին
վրայ։
Դարձեալ
մտածողական
բանաստեղծութեան
իր
փորձերը
դժնդակ
միջակութեամբ
մը
կը
բանաձեւեն
մեր
հաւաքական
իմաստութիւնը,
այսինքն՝
նախնական,
մանաւանդ
հետեւակ
խելքը,
որ
Արեւելքի
ժողովուրդներուն
հասարակաց
է
եղած։
Պատկերի
ու
առաւելապէս
գործողութեան
բանաստեղծ՝
Յովհաննէս
Թումանեան
պիտի
չկրնար
իր
ուղեղէն
հանել,
եթէ
ոչ
ինքնատիպ,
գոնէ
տանելի
իմաստութեան
մը
տարրերը։
«
Դէպի
անհուն
»ը
կտաւն
է,
որ
ճարուած
էր
այդ
երազին
համար,
եւ
հիւսքին՝
տարօրինակ
ցանցառութեամբը
մէջտեղ
ձգեց
անոր
սաւառնումը։
Քերթուածը
կը
կարդացուի
զգացական
խորքին
համար,
մահուան
հեռաւոր
մեղեդին
արտածորող
երաժշտութեանը
համար։
Ատոնցմէ
դուրս,
կը
ծանրանայ,
ան
տանելի
կը
դառնայ,
երբ
ամէնուս
ծանօթ
յաւիտենական
ճշմարտութիւններուն
հետ
կը
խաղայ:
Նոյն
վերապահումը
քառեակներուն
համար
ալ։
Երազի,
ներքին
ապրումի,
արեւելեան
միսթիսիզմ
ի
ու
ինքնասոյզ
մտածումի
ընդունակ
միտքն
էր,
որ
բախտը
պիտի
ունենար
հանդիպելու
անտիպ
իմաստութեան
գոհարներուն։
Յովհաննէս
Թումանեանի
ամբողջ
կարողութիւնը
շարժումի
իր
դիւրութեան
մէջն
է
սակայն:
Այսինքն՝
անիկա
մարդերէն
կը
տեսնայ
անոնց
ձեւերուն
վազքը
միայն։
Ասիկա
մարդերուն
կը
հետեւի
շատ
հեռուէն,
ինչ
որ
կ՚ամբարէ
անոնցմէ
իբր
տպաւորութիւն,
շարժումի
այդ
թրթռումն
է
միայն։
Բայց
մտածումը
ձեւին
շեղումն
է
դուրսին
համար,
ու
անոր
բռնկումը՝
ներսին
համար։
Ան՝
որ
երկու
մարզերուն
ալ
կը
հասնի,
անիկա
է
մտածող
բանաստեղծը:
Մեր
օրերուն
Նիցչէն
մէկ
օրինակն
է
ատոր։
*
*
*
Բոլոր
այս
վերապահումները
պատճառ
չեն,
որ
Յովհաննէս
Թումանեան
դադրի
ժամանակակից
գրականութեան
ամէնէն
հարազատ
բանաստեղծը
ըլլալէ։