Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ

Հազուադէպ չէ ընկերութեան մէջ հանդիպիլ մարդերու, որոնք բոլոր վայելքներու ստեղնաշարը աւարտած, մի սին ու հոգիին բոլոր ախորժակները լիացուցած՝ օրին մէկը, այլեւս յուսավրէպ կեանքէն ու անոր ոսկի բաժակէն, զայն կը նետեն ժայռերու արհամարհանքին կամ կը թաղեն անդունդներուն անթափանց խռովքին մէջ։

Մարդերու այս դասակարգը երբեմն բաւական սրտաշարժ ու նոյնիսկ վսեմ միամտութիւնը կ՚ունենայ հաւատալու այս շարժումի արժէքին։ Եթէ կամովին հրաժարման այս մղումը երկնային եսասիրութիւն մը չունի իրեն իբր զսպանակ, ինչպէս է իրականին մէջ կրօնական ասէթիզմ ին մօտ, եթէ ստոյիկեանները յաջողեցան տառապանքէն վեր մնալ, խստաշունչ վարդապետութեան մը սարուածովը պաշտպանելով իրենց եսին խոցելի մերկութիւնը, ու եթէ նոր ժամանակներու ուրացողները ինքնատպութեան մարզանքներ չըրին միայն իրենց կործանումներուն մէջ, հարկ է հաւատալ ուրեմն անկեղծութեանը այդ մարդերուն։

Ու անոնք նոր չեն: Մենք կը հանդիպինք անոնց բոլոր դարերուն ալ վրայ։ Ուրացումը տարակարգ ու շքեղ ամպ հովանիի մը նման կը տաղաւարէ այդ խստադեմ, յաճախ բարի ու պարտուած աստուածները, որոնք կռնակնին դարձուցած վայելքներու աշխարհին, իրենց սիրտը կալանած՝ մեծ ու պզտիկ բոլոր այցելուներու հրապոյրին դէմ, դէպի մահ են գացած զմայլելի ասպետականութեամբ մը։

Միմիայն նոր դարերէն անուններ կը բաւեն լուսաւորելու համար վարկածին արժէքը: Լէոփարդիի գալարուն տրտմութիւնը կ՚արդարանայ կեանքով մը, որուն մէջ հսկայ տառապանք մը աներեւոյթ, բայց ուրուացեալ անգղի մը նման սաւառնեցաւ անոր օրերուն վրայ ու անոր անկողինը նոր օրերու Տանտաղոսի մը վերածեց:

Պայրըն մարդերուն արհամարհանքը կը սորվի շատ պզտիկէն ու ջուրերու անբաւութիւնն անգամ քիչ կը տեսնէ թաղելու համար ատելութիւնը, զոր ամբարած էր իր մէջ անգլիական ազնուականութեան ունայն ու սողունակ լրբութիւնը։ Մռայլ ու եզական Ա. տը Վինեէին ապրեցաւ իր գիրքերուն տրտմութիւնը իր իսկ կեանքին մէջ ու փրկեց յոռետես բանաստեղծի իր դիրքին ամբողջ ծանրութիւնը։ Այս ցանկը շատ երկար է ինքնին։ Բայց պէտք չէ դուրս ձգել Շոփէնհաուէրն ու Նիցչէն, Պօտլէռն ու Էտկար Ալէն Փոն, անուններ որոնց ամէն մէկը հեգնեց մեր շատ դիւրին գոհացումները, տառապեցաւ ռամկութեան հետզհետէ խոշորցող հեղեղէն, անմոռանալի գործերուն մէջ դրաւ իր հոգեկան խռովքներուն եւ տուայտանքին մէկ տեսակ անդրադարձը, առարկայացնելով այդպէսով վիճակ մը, որ իր անկեղծութեանը եւ իրականութեանը համար մեր արցունքին ու մեր չսակարկող հիացումին կ՚արժանանայ։

Մասնաւորելով մեր գրականութեան մէջ երեւոյթը, կը հաստատենք նոյն աղերսը, որ գրագէտը կը շաղկապէ անոր կեանքին։ Հակառակ արուեստին դէմ այնքան մեղանչումներուն, Եղիան կը մնայ մեր մէջ, կը դիմանայ իր կեանքին հնդիկ այլուրութեամբը եւ իր յիշատակին կախաղանովը։ Մեծարենցի այնքան ազնուական թախիծը ու Դուրեանի այնքան սրտաճմլիկ ողբը կու գան խորաններէն, որոնց մէջ օրէ օր կը նուազի կեանքին վարդը եւ անդունդին բույրը կը բխի վարէն, շատ խորերէն, կախելով անոնց նայուածքին դէմ աշխարհի իրերուն դժնդակ վարագոյրը։ Անկարելի է դարձեալ առանց յուզումի կարդալ Տէրեանի այնքան անկատար, այնքան չաշխատուած քերթուածները, որոնց աղքատութիւնը կը փրկուի կարմիր այն տենդեն, որ այդ տղուն գիշերները անշառայլ հրաբուխի մը պէս բռնկցուց ու անոր ցերեկներուն հագցուց դեղին պատանքը մահուան լոյսերուն:

Պ. Իսահակեանի մօտ կեանքը ինչ չափով միջամտած է, անոր ժխտումները արդարացնելու համար: Անձնապէս չեմ ճանչնար զինքը: Բայց ինծի պատմած են անոր բարեկամները երազուն ու նոյնքան ալ նիւթատիպ մարդու մը վրայ, որ մշտական մտահոգութեամբը տուայտած է կեանքին վրայ հեծնելու:

Իսկական նաւաբեկութեան եղերե՞րգ մըն է « Աբու Լալա Մահարի »ն, հսկայ նզո՞վք մը ժամանակակից այնքան ճղճիմ հաճոյապաշտութեան դէմ, որ մարդերը գործիքը կը դարձնէ անորակելի կիրքերու, որ կինը՝ նոյնիսկ զմռսուած ազնուականութեամբ ասպետուհին՝ կը հանէ իր առագաստէն ու իր մարդուն թեւերէն, զայն նետելու համար խոհանոցի մը ճենճ հոտող ու խաւարչուտ խշտիքին։

Ի՜նչ են զգայութեանց այն շեմա ները, որոնք Պ. Իսահակեանի մօտ բարդ յաճախումով մը սեւեռուն գաղափարի մը պարտաւոր էին փոխուիլ:

Ասոնք մութ էջեր են ինծի համար, վասնզի գրողը կ՚ապրի տակաւին ու անոր կեանքին բոլոր երեսները, ու անկիւններն ու հեռանկիւնները լոյսի չեն ինկած։ Վերլուծողին համար իմաստասիրութիւնը անոր կեանքէն հանելու այս տեսակ փորձ մը, առաջին իսկ քայլին, կը բախի անկարելիին ու ինչպէս ըսուեցաւ արդէն ասկէ առաջ, գրական յղացումի մը անպատասխանատու ազատութեան հետ հարկ է բանակցել:

Ու հո՜դ, ճիշդ հո՜դ, այդ հնչեղ, այդ դիւրավազ օրօրուն քարոզը կը դադրի այլեւս մեր համակրանքը իրեն հետ ունենալէ։

Յոռետեսութիւնը, ուրացումը ամէնէն աւելի ներողամտութեան կը հանդիպին մտածողական մարզանքներու ու մարզարաններու մէջ։ Իմաստասէրները արտօնուած են իրենց ժխտումները քարոզելու լեզուի ու բառերու այլապէս լայն, թոյլատու պայմաններու օգնութեամբը եւ արտայայտութեան կորովն ու ճշդութիւնը մեծ կշիռ մը չունին մտածումին թաւալին վրայ, որ գործին սկիզբէն կ՚առնէ իր մղումը ու կը հետեւի իր ճակատագրին, անվրէպ ու անսայթաք գնացքի մը բոլոր ուժովը ինքզինքը պարտադրելով մեր ուղեղին ։

Բայց բանաստեղծները ամէնէն առաջ գործ ունին մեր սրտին հետ ու սոսկական մտածում մը անբաւական է՝ դիմաւորելու համար մտքին ու սրտին կրկնակ պահանջները: Ու ճիշդ ատոր համար զմայլանքի ու խանդաղատանքի անհաշիւ արտայայտութիւն մը չպակսեցաւ բոլոր անոնց, որ մռայլ իրենց մտածումը հանելով տիալաքտիք ին նրբութիւններէն, հագուեցուցին պատկերուն ու դաշնաւոր կաղապարովը ձեւական գեղեցկութիւններուն:

Ու պարապ տեղն է, որ հարց կու տամ ինծի՝ ո՞ւր է այս քարոզին իմաստասիրական խորքը եւ ո՞ւր է մա՛նաւանդ անոր համապատասխան ձեւին շքեղութիւնը։

Ժխտումը, մա՛նաւանդ ռուս անիշխանական ահաւոր գրականութենէն վերջը, ամէնէն հասարակ զառիթափն է որոնող մտքի մը համար։

Անշուշտ տեսակ մը լայնք կայ մտածումի այն ամբողջութեան մէջ, որ մեր բոլոր օրէնքները կը սրբէ արժէքներու տախտակին վրայէն ու բազուկը կը կորացնէ հոն՝ նորեր արձանագրելու համար։ Պիտի կարդացուի « Զարադուստրա »ն, վասնզի ուրացումը չի պատգամեր միայն, վասնզի ստեղծագործողը երբեք տեսարանէն չի հեռանար հոն։

Եւ ո՞ւր է մա՛նաւանդ բանաստեղծականութիւնը մտածման մը, որ կեանքին աղբիւրին դէմն իսկ կ՚ելլէ ինք զինքը արդարացնելու իր ճակատագրին վախճանական տեսակէտէն։

Ի՛նչ անբնական, անմարդկային, անիրական է, որեւէ ձեւով, ուղտերու քամակին, արեւուն վրայ խոյանալու այդ ծիծաղելի ու հասարակ տոնքիշոտութիւնը:

Անապատի այդ քարոզին մէջ, հարազատ ու հզօր քանի մը տող միայն կը ձեւակերպեն մտածումն ու զգացումը ներդաշնակ պատկերացումով մը։ Ու հոդ դժուար ալ չէ գաղտնիքին վրայ մատ դնելը։ Ապրած մարդու, գիրկ ու բարձ փոխած մարդու գարշանքն է ան, նետուած կիներու երեսին, շնականութեամբ մը, որ իր խորունկ անկեղծութեամբը կը դիմանայ իր ժեսթին թատերականութեանը:

Ուրիշ ամէն տեղ այդ մտածումին չէ ընկերացած զգայութիւններու տառապագին, վիրալից ու ահարկու հէնքը։ Ուրիշ ամէն տեղ, ուռուցիկ, ունայնօրէն փքուն հռետորութիւն մը քարոզը փաթթած է իր մշուշին մէջ: Ուրիշ ամէն տեղ հասարակ տեղիքը իր պատկառելի հանդարտութեանը մէջ անվրդով՝ թող կու տայ պարբերութիւնները, որպէսզի անոնք կարաւանի զանգակներուն հետ զրընգ զրընգ օրօրեն գիւղացիներուն երջանիկ միամտութիւնը։

Ի՞նչ հարկ երկարելու այս վերլուծումը։

Քարոզն անգամ իր ինքնատպութիւնը ունի։

Ու մենք չէ, որ պիտի հանդուրժենք բեմերու հասարակ հռետորութեան այս շրջուած երեսին։

* * *

Ծիծաղելիութիւնը առաքինութիւն մըն է։

Յոռետեսները, երբ բարձրօրէն չեն տանիր իրենց դագաղը իրենց ուսերուն, կը նմանին այն մարդոց, որոնք դպրոցականները կը բռնեն անոնց խաղերուն ժամանակ ու անոնց կը պատմեն, արցունքով, թէ գերեզման կայ: Ու կու լան։

Միշտ ալ չէ պատահած, որ տղաքը իրենց խաղը ձգեն ու նստին լան այդ առաքինի յուղարկաւորին հետ:

* * *

Ու ինչ տարօրինակ է երբեմն գիրքերուն ալ բախտը։

1920