Դ.
ԳԱՂԱՓԱՐԱՅԻՆ
ՇԵՆՔ
Այս
աշխատութեան
առաջին
մասին
մէջ
ես
ցոյց
տուի
իրապաշտ
թատրոնին
ուժն
ու
տկարութիւնը
նոյն
ատեն։
Օտարները
ատիկա
մասամբ
դարմանելու
ջանքն
են
ըրած
չոր
տիալոկին
տակը
թաղելով
մտածման
բեկորներ,
երբեմն
ամբողջ
դրութիւն
մը,
բան
մը,
որ
կարելի
է
անոնց
մօտ։
Բայց
պզտիկ
ու
հարեւանցի
նայուածք
մը
պիտի
բաւէր
մեզ
կանչելու
մռայլ
միջակութեան
մը
համակերպումին։
Մեզի
պէս
հասարակութիւն
մը,
որուն
բնաշրջումը
շատ
հեռու
է
ուրուագծուած
իսկ
ըլլալէ
մտաւորական
տեսակէտով,
մեր
արուեստագէտներուն
կը
ներկայացնէր
միշտ
ու
միշտ
թերի
արժէքներ։
Ամբողջական
մարդերու
հանդիպելու
համար
հարկ
էր
իջնալ
գիւղը
(որով
զբաղվելուն
վտանգը
ամէնէն
եռանդունները
անգամ
վհատեցուցած
է),
կամ
իյնալ
մեր
պուրժուա,
այսինքն՝
խանութպան
հասարակութեան
վրայ:
Ու
նորէն
դժբախտութիւն
է,
որ
մեր
պուրժուազին
իր
բաղկացուցիչ
տարրերուն
մէջ
ներկայանայ
շատ
նկար,
շատ
սմսեղուկ,
որ
իր
խանութին
ու
պզտիկ
շահերուն
յաւիտենական
մտահոգութեամբը
իր
օրերը
անցընէ
իր
շուկային
մէջ
ու
իր
տունէն
ներս
դարձեալ
սմսեղուկ,
դարձեալ
խեղճ
գիշերներ
ապրի,
առանց
երազի,
առանց
տառապանքի,
ինքնիրմով
բաւական։
Ահա
միակ
կարեւոր
շրջանակը,
ուրկէ
արուեստագէտը
դատապարտուած
է
իր
տիպարները
ընտրելու:
Եկեղեցական
դասակարգը
դեռ
սրբազան
է
մեր
մէջ
ու
ինտելիգենտները
իրենց
իսկ
ձեռքով
ծաղրելի
դարձած։
Մեծ
վաճառականը
այնքան
նոր
է,
որ
արուեստագէտին
սեւեռումէն
դիւրաւ
կը
խուսափի։
Անդրէաս
Էլիզպարով
իբր
մեծահարուստ
ու
նոր
իմաստով
վաճառական
ձախողած
պիտի
ըլլար։
Չենք
ունեցած
ազնուականութիւն
ու,
մա՛նաւանդ՝
զինուորական
առաքինութիւններ):
Ամէն
ոք,
մանաւանդ
շատ
չզատուելով
շուկային
մեր
մակարդակին,
պիտի
կրնայ
հաշուեկշիռը
պատրաստել
շատ
դիւրութեամբ,
բոլոր
այն
գաղափարներուն,
որոնք
տարտամ
կամ
զօրաւոր,
հինէն
եկած
կամ
նոր
պատուաստուած,
կը
շարունակեն
մեր
մեծամասնութեան
մտքին
կեանքը
բաղկացնել։
Ու
ահաւոր
է
պարապը։
Ու
ահաւոր
է
միջակութիւնը,
որ
մեր
ուղեղները
կը
փաթթէ,
գործի
աշխարհէն
մինչեւ
մեր
մտաւորականութիւնը։
Ու
մեր
արուեստը
ոչ
մէկ
ձեւով
մտահոգուած
է
այդ
դժբախտութեամբ։
Ընդհակառակն,
մեղաւոր
թուլութեամբ
մը
դիմաւորած
է
ամբոխին
այդ
հոգեվիճակը
եւ
հեշտանքով
տեղաւորուած
անոր
կեդրոնը։
Աչքէ
անցուցէք
երկու
հատուածներուն
մէջ
վէպերն
ու
անոնց
հերոսները,
բոլոր
այն
անձնաւորութիւնները,
որոնք
մեր
ցեղին
energieն
անկորուստ
գործերու
վրայ
պահելու
սահմանուած
էին:
Դուք
պիտի
համոզուիք
անոնց
տժգունութեան,
անոնց
խեղճութեան:
Մեր
պզտիկութիւնը,
կեանքի
պայմանները,
մեր
բացառիկ
հոգեբանութիւնը
մէջտեղ
քշողները
չեն
կրնար
բան
մը
փոխել
այս
դատապարտութենէն։
Մենք
որոնումին,
անտիպին
ուխտաւորը
չենք
եղած,
ու
ներհակօրէն
արհամարհած
ենք
մեր
միջակութենէն
դուրս
երկնցող
նայուածքի
ամէն
փորձ։
Ու
մեր
ֆիզիքական
ստրկութիւնը
վերածած
ենք
այսպէս
հոգեկան
ստրկութեան։
Ու
երջանիկ
ենք
կոյրերուն
պէս,
որոնք
իրենց
երազներուն
վրայ
ծալապատիկ
կը
նստին:
Ու
մեր
արուեստագէտները,
դիւրին
փառքերու
գործաւորներ,
չեն
իսկ
կասկածած
այս
դժբախտութիւնը
ու
գովեստներուն
ու
խունկերուն
մէջ
մակաղած,
ատենը
հեղ
մը
քիչ
մը
բան
են
նետած
շրջապատի
պանդոյրներուն,
որոնք
խանդավառ
ծափերով
փոխարինած
են
այս
արարչագործ
երկունքը:
Եթէ
մեր
լրագրութիւնը,
մեր
միջակ
մտաւորականութիւնը,
մեր
դիւրահաւան
հասարակութիւնը
դաւանած
են
մեր
արուեստին,
ասոնց
ամէնէն
աւելին
ըրին
մեր
արուեստագէտները,
իրենց
կարգին,
իրենց
ինքնախաբութեամբը,
միամտութեամբը,
երբեմն
տգիտութեամբ։
Եւ
ունեցանք
մեր
վէպը,
որ
Երկրէն
ասդին,
Պոլսոյ
մէջ,
անիմաստ
ու
Ժորժ
Սանական
իւթոփի
ներ
պատգամեց
(Տիւսաբ),
կամ
դիւրին
սանդիմանթալիզմ
մը
արուեստին
կանչեց,
եւ
կամ
հոն
քարոզ
խօսեցաւ
ու
պուրժուաները
զուարճացուց,
անոնց
հաճելի
մարսողութեան
պահեր
կարապետելով։
Եւ
ունեցանք
մեր
թատրոնը,
որ
կերպով
մը
մեր
վէպը
կրկնեց
ու
ամբոխին
առջեւ
նանիր
ու
փցուն
պատկերներ
շարժեց,
կամ
ձգելով
հոգին,
տեսիլքներ
ու
feerieներ
հետապնդեց
միշտ
ու
միշտ
տպաւորութեան,
անոնց
բառովը՝
էֆեկտ
ի
ետեւէն
վազելով:
*
*
*
Ի՞նչ
է
այն
կազմածը,
որ
Շիրվանզադէի
փիեսները
պիտի
պաշտպանէր
ժամանակին
ու
անոր
աւերին
դէմ։
Ի՞նչ
է
այն
ներքին
շունչը,
որ
անոր
բեմին
պիտի
բերէր
տեսնուած
կեանքէն
դուրս
հեռաւոր,
բայց
տրոփուն
այն
աւիւնովը,
որով
գործերը
կը
կենսաւորուին
ու
կը
դիմանան
իրենց
ճակատագրէն
աւելի։
Ի՞նչ
է
վերջապէս
իմաստը
այդ
թատրոնին,
ուր
միջակ
ու
հասարակ
տիպարներ
կը
վխտան,
բայց
չեն
գիտեր
նշանակութիւնը
իրենց
կեանքին,
չեն
գիտեր,
թէ
ինչու
հաւաքուած
են
ու
ի՛նչ
ունին
ըսելիք։
Կեանքի
պարզ
պատկե՞ր
մը։–
Ատոր
համար
մենք
պէտք
չունինք
թատրոն
երթալու։
Մենք
շատ
հարսանիք
ենք
տեսեր,
շատ
ալ
անիծող
կնիկներ
կամ
ճառախօս
սիրահարներ։
Բոլոր
այս
մարդերուն
կը
պակսի
թատերական
անկեղծութիւն,
ուրիշ
խօսքով՝
սովորական
կեանքին
վրայ
կարելի
այդ
մարդերը
արուեստին
գացած
են
առանց
կասկածելու,
թէ
նոր
ու
անսովոր
աչխարէ
մը
կը
մտնէին,
ուր
իրենց
շարժումներուն
ու
կենցաղին
համար
շրջապատը
բարենպաստ
չէր
կրնար
ըլլալ։
Ու
չեղաւ
ալ։
Աչքերու
համար
մարդեր
խաղցնելու
փառասիրութի՞ւն։
Ես
կը
յարգեմ
Շիրվանզադէի
տաղանդը՝
այդքան
սնոտի
սակաւապէտութիւն
մը
վերագրելու
համար
իրեն։
Ու
ամբոխէն
դուրս,
ու
մտաւորական
ամբոխէն
ալ
դուրս,
արժէքներու,
տեւական
ու
մաքուր
արժէքներու
խուզարկուներ
պարապ
տեղը
հարց
կու
տան
իրենք
իրենց։
–
Ո՞ւր
է
արդարացումը
այս
թատրոնին։
Ի՞նչ
կը
մնայ
անկէ։
*
*
*
Գիտեմ,
թէ
Շիրվանզադէի
կողմէն
ու
իրենց
կողմէն
պատրաստ
է
լեգէոնը
հասկցողներուն,
որոնք
մեծ
գիւտ
մը
ընելու
նման
պիտի
պոռան
երեսիս.
–
Բայց
ցաւալի
մէկն
էք
դուք:
Դուք
կամաւոր
կոյր
մըն
էք,
որ
չեք
ուզեր
տեսնալ:
Կեանքը,
իրակա՛ն,
իրական
կեանքը։
Ա՛յդ
է
թատրոնը։
Ու
դուք
գաղափարը
չունիք
ատոր,
ու
դուք
չեք
ճանչնար
զայն։
Չեմ
գիտեր
ո՞վ
պիտի
սորվեցնէ
ատոնց,
թէ
իրականութիւնը
ոչ
մէկ
ատեն,
պատմութենէն
դուրս,
արուեստի
բացարձակ
հորիզոն
է
ընդունուած,
թէ՝
1850Էն
ասդին
տարածուող
իրապաշտութիւնը
շատ
կարճ
շրջան
մըն
է
մտքին
պատմութեան
մէջ
ու
անկէ
ալ
նորէն
թիփիկ
գործերը
չեն,
որ
դիմացան։
Թէ՝
արուեստը
ինքնին
առանձին
աշխարհ
մըն
է,
ուր
իրականութիւնը
չի
բաւեր
ու
չէ
բաւած
գործ
մը
վաղանցուկ
փառքէ
մը
ետք,
գոնէ
քանի
մը
սերունդի
համար
փրկելու։
Թէ՝
թատրոնին
մէջ
մա՛նաւանդ
ծիծաղելի,
տղայական
ու
չեփուած
խեցիի
պէս
փխրուն
են
իրական
տիպարները,
որքան
ատեն,
որ
անոնց
ներսը
արուեստին,
երազին,
այսինքն՝
մտքի
արիւնին
կրակը
չի
թաւալիր։
Չեմ
գիտեր
ո՞վ
պիտի
սորվեցնէր
ատոնց,
թէ
ամէնէն
սիրուն
անակնկալները,
ամէնէն
վարպետ
դարձուածքները,
ամէնէն
խայթող
ու
հաճելի
սրամտութիւնները
ու
նոյնիսկ
ամէնէն
բուռն
գործողութիւնը
գիշեր
մը
կ՚ապրին
միայն,
եթէ
այդ
ամենը
բեմ
կու
գան
անմիջական
ու
անհորիզոն
իրականութեան
մը
մէջ։
Թող
ատոնք
աչքէ
անցընեն
օտարներու
մէջ
յաջողած
փիեսները,
որոնք
«ուրիշ
առաքինութիւն
չունեցան,
բայց
եթէ
քանի
մը
հարիւր
անգամ
լեցուն
սրահներ
բերել
հեղինակներուն»
ու
հարցնեն
իրենք
իրենց։
«Ի՞նչ
կը
մնայ
այդ
ամէնէն»:
Ու
ծիծաղելին
հոն
է,
որ
կեանքի
այս
բոլոր
ասպետները,
որոնք
երջանիկ
միամտութեան
մը
քով
մեծ
բաներ
խօսած
ըլլալու
գոհունակութիւնը
կը
բերեն,
օր
մը
տակաւին
աժան
այդ
գրականութեան
փորձն
ալ
չրրին։
Անոնցմէ
շատեր
դեռ
բառ
ու
քարոզ,
յօդուած
ու
տեսութիւն
միայն
կրնան
ստորագրել
ու
սարսափով
կը
նային
ուրիշներու,
որոնք
մարդերուն
հետ,
մտքի
ստեղծումը
ու
կեանքին
reliefը
եղող
մարդերուն
հետ
ինկան
ու
ելան։
Անդին
ոճիր
ու
արկածներ
պատմող
մը
ինքզինքը
կեանքի
հերոս
մը
կարծելու
չափ
դիւրախաբ
եղաւ:
Ու
դեռ
խօսքը
չեմ
ըներ
ուրիշներու,
տիտղոսաւոր
այս
անգամ,
որոնք
տափակ
վերլուծումին
մաղը
նետած
իրենց
ճաղատ
ուղեղին
վրայ,
պիտի
կրնան
գիրքեր
լեցնել
երկու
տող
նոր
բան
չըսելու
պայմանով,
որոնք
մեզ
պիտի
շշմեցնեն
անսպառ
իրենց
շտեմարանէն՝
հասարակ
տեղիքը
մեծ
հանդարտութեամբ
մը
տեղալով
մեր
գլխուն։
*
*
*
Շիրվանզադէի
թատրոնին
կը
պակսի
բանաստեղծութիւն։
Այսինքն՝
ա՛յն
երկրորդ
ու
խորհրդաւոր
կեանքը,
որուն
գաղտնիքը
հաւասարապէս
դուրս
է
բառերին
ու
պատկերներէն
եւ
որուն
անհաղորդ
մնացին
ճաճանչաւոր
բանաստեղծներուն
չափ
հանդարտ
մեթոտով
հաւաքողները,
եւ
առանց
որուն
ոչ
մէկ
արուեստի
գործ
կանգուն
մնաց։
(Բառերով
կերտուած
բանաստեղծութիւնը
նոյնչափ
անհարազատ
է
հոս,
որքան
բառերով
ճարտարապետուած
իրականութիւն
մը։
Այս
գետինին
վրայ
Հիւկոն
ու
Կոնքուռները
իրար
արժեցին)։
Այն
բանաստեղծութիւնը,
որ
հեռաւոր
ու
ոսկի
ամպի
մը
պէս
պէտք
է
պաշտպանէր
իրական
կեանքին
գռեհկութիւնը,
որ
տիպարներուն
միջակ
ու
սովորական
անձնաւորութենէն
ներս
երկնային
բան
մը
պիտի
նետէր,
որ
անոնց
ազազուն
ու
հասարակ
անհատականութիւնները
պիտի
կրնար
tremper
ընել
նոր
գուպարներու
ու
նոր
ճակատագիրներու
համար:
Այն
բանաստեղծութիւնը,
որ
մեր
մարմիններուն
ցեխին
վրայ
քիչ
մը
ճառագայթ,
մեր
կիրքերուն
շարաւին
դէմ՝
քիչ
մը
լուսնի
պաստառ
կամ
բոցի
բեհեզ,
մեր
եղկելի,
մեր
չքացած
եսին
վրայ՝
մշուշոտ
կամ
բռնկած
կամարներ
պիտի
չարժէր...
Այն
բանաստեղծութիւնը
վերջապէս,
որ
մեր
պզտիկ
լոյսերուն
ու
խենթ
ու
հիւանդ
ակնկալութիւններուն
քովիկը
պիտի
գար
իր
բարի
ու
տաք
կենդանութիւնը,
աւիւնը,
թռիչքն
ու
գեղեցկութիւնը
դնելու:
Ու
մեր
ներսէն,
շատ
խորերէն,
հեքիաթի
որսորդին
պէս
պիտի
հանէր
հազուագիւտ,
երբեմն
բոլորովին
նոր
մարգարիտներ,
ու
մեր
յուզումներուն,
սարսուռներուն
ցանցէն
ոսկի
անձրեւի
մը
պէս
իր
մխիթարանքը
պիտի
թափէր
մեր
դժբախտ,
մեր
ամայի,
մեր
իրական
կեանքին
վրայ:
Ու
այս
պակասը
վճռական
է։
Եթէ
գիրքերը
դատող
մարդերը,
պաշտօնէ
քննադատները
հեռու
մնացին
այս
հասկացողութենէն
ու
անմիջական
հաճոյքը
բաւ
կարծեցին
արժէքներ
լինելու
համար,
անոնք
ամէն
դարու
ալ
ունին
իրենց
մեծ
չքմեղանքը:
Անոնք
ինքնակոչ
քարոզներ
(héraut)
են
եղած
միշտ
ու
անոնց
մայր
մտահոգութիւնն
է
միշտ
ու
միշտ
գործերուն
կռնակէն
քիչ
մը
շարժում
եւ
ուշադրութիւն
քաշել
իրենց
մակաբոյծ
կենցաղին
վրայ:
Անոնց
փոյթը
չէ,
թէ
վաղը
հիմնովին
ներհակ
արժէքներ
պիտի
բուսնին
ու
իրենց
բառերու
պալատը
աւերակներու
կոյտ
մը
պիտի
դառնայ։
Բայց
դժբախտութիւն
է,
երբ
արուեստագէտը,
իր
կարգին,
դաշնակցի
այդ
բանակին
կամ
ընկճուի
անոնց
աղմուկէն։
Շիրվանզադէի
քննադատները
կա՛մ
գովեցին
զինքը,
կամ
յիմարութիւնը
ունեցան
անոր
ուշադրութիւնը
կանչելու
բոլորովին
երկրորդական
մանրամասնութեանց
լրացումին,
որոնք
տիպարներուն
այսինչ
կամ
այնինչ
պահը,
արարքն
ու
քայլերը
չեմ
գիտեր
որ
գերմանական
համալսարանէն
սորվըուած
հոգեբանութեան
մը
օրէնքներուն
համեմատ
դատեցին
ու
դատափետեցին։
Ու
մէկը
չըսաւ
անոր,
թէ
արուեստի
գործ
մը
կրնայ
բոլոր
այդ
օրենքներէն
անկախաբար
դիմանալ,
եթէ
անիկա
ունի
ներքին
բանաստեղծութիւն,
թե՛ւ՝
որ
կ՚առնէ–կը
տանի
մեր
բոլոր
զգուշութիւնները
ճիշդ
մեր
հովերուն
պէս,
առանց
ատեն
տալու,
որ
մենք
անդրադառնանք
ու
հակակշռենք
մեր
տպաւորութիւնները։
*
*
*
Խորքի
այս
կարեւոր
թերութեան
մօտիկ,
Շիրվանզադէ
ունի
ուրիշ
ոչ-նուազ
հիմնական
տկարութիւն
մը։
Անիկա
գրել
չի
գիտեր։
Իր
տիպարներուն
բերնին
մէջ
իր
լեզուն,
պարտադրուած
միջակութեամբ
մը
կը
տառապի։
Իրապաշտութիւնը
մա՛նաւանդ
թատերական
գրականութեան
մէջ
անխուսափելի
խարակն
է
ոճին
համար։
Տեղական
գոյնի
ու
բարբառի
հարազատութիւնը
շատ
անգամ
արուեստին
տեղը
կը
բռնէ
այդ
փիեսներուն
մէջ։
Բայց
ինչ
որ
ապրեցուց
բոլոր
գրականութեանց
մեծ
թատրոնները,
գործողութեան
չափ,
լեզուի
այն
կատարելութիւնն
ու
զօրութիւնն
է,
որով
գրուեցան
անոնք։
Անշուշտ
հռետորութիւն,
դիւրին
բանաստեղծականութիւն,
նոյնիսկ
չափուած
բարբառը
չեն
գար
իմ
առջեւ։
Ու
ես
կը
նայիմ
աւելի
խորը,
մարդերուն
ճակատումէն
բխող
լռին
գեղեցկութեան,
որ
ինքզինքը
թարգմանէր
վայել
շքեղութեամբ,
վայել
թրթռումով
ու
անկեղծութեամբ։
Վասնզի,
քառորդ
դար
ետքը,
երբ
ուրիշ
սերունդ
մը
դարձեալ
ձեռք
առնէ
Շիրվանզադէի
թատրոնը,
պիտի
մեղքնայ
ապահովաբար
մեր
խեղճութեանը
վրայ,
ինչպէս
կ՚ընենք
մենք
հիմա
մեր
ռոմանթիք
թատերգութեան
համար,
ու
պիտի
փնտռէ
այն
քանի
մը
էջերը,
որոնք
բախտը
ունենային
փորձին,
ժամանակի
փորձին
դիմանալու:
Ու
պիտի
չգտնէ։
Այո՛։
Պիտի
չգտնէ
անիկա
գոնէ
երկու
տեսարան,
ուր
ոճ
ու
հոգի
ինքնացած՝
անջատուէին
գետնաքարշ
այդ
գրականութենէն,
որոնց
գեղեցկութիւնը
հարազատ
ու
բիւրեղացած,
անվերծանելի
(irreductible)
արժեքի
մը
պէս
կարենար
ինքզինքը
պահել
տարիներուն
մաշումէն:
Ու
գործողութիւն
ու
տիպարներու
ճշդութիւն
ու
հիւսք
ու
թեքնիք
ու
բոլոր
սակառը
թատերական
քննադատութեան
տարազներուն
պիտի
քնանան
յաւիտենական
քունին
տակ,
որ
կը
սպասէ
մեր
գործին
ու
փառասիրութեան։
Վասնզի,
«քաղաքը
կը
մեռնի
ու
անոր
աւերակներուն
վրայ
արձանը
կը
կանգնի»:
Վասնզի
ձեւը
կապրի,
երբ
մարմինը
չկայ
արդէն։
Անոր
համար
այս
տողերը,
որովհետեւ
մեր
թատերական
գրականութիւնը
սպառնալիքին
տակն
է
իրապաշտու
թեան։
Անկէ
խուսափելու
փորձերը
դեռ
անպտուղ
մնացին
եւ
մեր
արուեստագէտները
կը
քալեն
մութին
մէջէն։
Անոր
համար
այս
տողերը,
որովհետեւ
ամբոխին
չափ
մեր
քննադատութիւնը
կը
սիրէ
իր
միջակութիւնը
չվիրաւորող
գործերը
եւ
կ՚արհամարհէ
արուեստը,
իբր
մասնաւորներու
ընկերացող,
անկարեւոր
պերճանք
մը։
Որովհետեւ
ամէն
մարդ
քիչ
մը
անպատճառ
կը
հասկնայ
թատրոնէն,
հոգ
չէ
թէ
Գերմանիա
գացած
ըլլայ
կամ
ոչ,
ու
կը
յաւակնի
մարդերու
հոգին
այս
ու
այն
զօրութենէն
շարժել,
առանց
կասկածելու,
թէ
հոգիներու
թափանցումը
գիրքէն
ու
օրէնքներէն
դուրս
կը
մնայ,
թէ՝
արուեստագէտը
միայն
իրաւունք
ունի
խօսելու
հոգիներուն
յօրինուածքին
վրայ,
վասնզի
ուրիշներ
իրենց
սորվածները
վաւերացնել
միայն
կ՚աշխատին,
մինչդեռ
անիկա
իր
intuitionովը
կեանքը
կը
տեսնէ
մռայլութեան
ծոցը
ու
կը
ստեղծէ
իր
ձեւերը,
դարձեալ
«մութին
ծոցէն»,
նման
Աստուծոյ
մը,
որ
կը
տառապի
նոր
աշխարհ
մը
երկնելու
համար։