ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆՈՆՑ
ՄԷՋ
«ԳԱՐՈՒՆ»
ԱԼՄԱՆԱԽ.
-
Բ.
(ՄՈՍԿՈՒԱ.
1912)
Ռուսահայ
քննադատներէն
Պ.
Ենգիբարեան
տարիներ
առաջ,
անկախաբար
Լեոյէն,
աշխատած
է
լաւագոյն
ուղղութեան
մը
վրայ:
Իր
մեթոտին
հետեւող
մըն
է
Պ.
Ցոլակ
Խանզատեան,
որ
Աւետիս
Ահարոնեանի
գործը
ձեռք
առած
է՝
կենալով
նոյն
հայեցակէտին
վրայ:
Դէմքերուն
անխնամութիւնը,
դէպքերուն
անտեղութիւնը
հաստատել,
վէպին
հիւսքին՝
գործողութեան
ընթացքին
մէջ
յայտնուող
թուլութիւնն
ու
տկարութիւնը
երեւան
հանել,
ահա
մեթոտին
դրական
կողմը,
որ
շատ
շուտ
կրնայ
այլափոխուիլ,
կրնայ
նոյնիսկ
տարափոխուիլ,
երբ
կ՚իյնայ
կանխապատրաստ
մտայնութեամբ
ճամբայ
ինկող
մարդերուն
ձեռքը:
Աւետիս
Ահարոնեան
ունի
իր
թերութիւնները,
տիրական
թերութիւններ,
որոնք
անկարելի
է
թերեւս
ծածկել։
Անոր
հերոսներուն
հոգեբանութիւնը
յաճախ
թերի
կը
ցուցադրուի,
ճշմարտազանց
ոլորտի
մը
մէջ։
Բանաստեղծ
մըն
է
Ահարոնեան
եւ
ամէնէն
խորունկներէն,
որ
դժբախտաբար
չէ
յաջողած
իր
զգայնութիւնը
արտադրել
ներդաշնակութեամբ։
Իր
նայուածքը
ներքին
կրակէ
մը
շարունակ
կարմիր
չէ
կրցած
իրերն
ու
աշխարհը
տեսնել
իրենց
մերկութեան
ու
յստակութեան
մէջ,
ու
ամբողջովին
յոյզ
ու
քնարերգութիւն
եղող
իր
տաղանդը
վատնած
է
անանկ
մարդերու
վրայ,
ուր
ամէնէն
աւելի
հարկաւոր
են
անզգածութիւն,
անանձնականութիւն։
Բայց
իր
արտայայտութեան
այդ
ձախողած
ձեւին
մէջ
իսկ
Ահարոնեան
կը
ներկայացնէ
Ռուսահայ
գրականութեան
լաւագոյն
փառքերէն
մէկը։
Ու
այդ
փառքը
տարտամ,
ընդհանուր
տիտղոս
մը
կամ
շնորհ
մը
չէ,
որ
իրեն
կ՚ընենք։
Հակառակ
իր
բոլոր
պակասութիւններուն,
Ահարոնեան
մեծագոյն
առաքինութիւնն
ունի
կարդացուելու:
Հեղինակի
մը
կենդանութեան,
կատարելութեանը
չափը
մենք
չէ,
որ
հոդ
պիտի
փնտռէինք։
Բայց
Ահարոնեանի
գրականութեան
մէջ
կան
էջեր,
որոնք
ձեւի
վայելչութեամբը,
ոճի
անզուգական
հրապոյրովը,
շատ
թրթռուն
յուզականութեամբը
կրնան
հակակշռել
անզգած
ճշդախուզութեամբ
գրուած
հատորներ:
Ու
յետոյ,
կը
հարցնեմ.
ո՜վ
իրաւունք
տուած
է
այդ
խոժոռ
աստուածութեան
կամքին
հպատակ
ընել
ամէն
բան։
Ճշմարտութեան
մերկ
ըմբռնումը
պիտի
գերազանցէ՞ր
արդեօք
գեղեցկութեան
ծփուն,
թերի
ու
մշուշային
նկարագիրը։
Տակաւ
ընդհանրացող
տեսութեան
մը
համեմատ
գեղեցկութիւնը
միակ
ու
վերջնական
պայմանն
է
արդեն,
որ
տանելի
կը
դարձնէ
մեզի
սա
անօգուտ
աշխարհին
անհանդուրժելի
տաղտուկը:
Երբ
մարդ
տոքթրինէր
(վարդապետամոլ)
չէ,
երբ
կանխակալ
համոզումի
մը
խստութիւնը
կամ
ատելութեան
մը
սառը
իր
հետ
չի
բերեր
ուսումնասիրած
էջերուն
վրայ,
ապահովաբար
պիտի
սիրէ
Ահարոնեանի
այնքան
ինքնատիպ
ու
սակայն
այնքան
անհաւասարակշիռ
գրականութիւնը։
Ռուսահայ
լեզուին
բառերը
ոչ
մէկուն
գրչին
տակ
այնքան
յուզում
ու
սարսուռ,
այնքան
գոյն
ու
աղուորութիւն
հագան։
Ո՛չ
մէկը
անոնցմէ՝
մեզ
գինովցուց
այնքան
անգիտակից
պատրանքի
մը
մէջ։
Իրաւունքը
որո՞ւնն
է
արդեօք։
Անո՞ր՝
որ
վայրկեաններու
նկարագիրը,
շրջաններու
հոգեբանութիւնը
թուղթերուն
կը
յանձնէ
ճշմարտութեան
երկիւղած
մտահոգութեամբը,
թէ
անոր,
որ
նոյն
բաները
կ՚ընէ
առանց
այդ
վախին,
այդ
զգուշաւորութեան,
անփոյթ
պչրանքի
մը
շնորհին
ընդմէջէն։
Այս
դատին
դատաւոր՝
ես
կը
փափաքէի
տեսնել
Թրքահայ
գրականութեան
քննադատներէն,
այլապէս
հասարակամոլ
ու
յաւակնոտ
ռուսահայերը
պիտի
փութա
յին
իրենց
ամենագէտի
հաստատակամ
վճռականութեամբը
մէկ
հարուածով
գոցել
խնդիրը:
Մինչդեռ
ես
պիտի
սիրէի,
որ
բաց
մնար
հասկացողութեան
այս
տարբերութիւնը:
Եթէ
բոլոր
ռուսահայ
վիպագիրները
Շիրվանզադէ
ըլլային,
պիտի
նեղուէինք
միօրինակութենէն,
պիտի
փնտռէինք
երազը,
տակաւ
խանդավառ
երգը,
որ
մեզի
պիտի
բերէր
ուրիշ
զգայութիւններու
ուրիշ
ջրդեղ։
*
*
*
Ալմանախին
մէջ
ուսումնասիրուած
են
ուրիշ
երեք
բանաստեղծներ
ալ,
Յովհաննէս
Յովհաննիսեան,
Ալեքսանդր
Ծատուրեան
եւ
Աւետիս
Իսահակեան։
Պէտք
չէ
զարմանալ
անշուշտ,
թէ
ի՛նչ
տեղ
կրնան
ունենալ
Յովհաննիսեանի
եւ
Ծատուրեանի
նման
բանաստեղծներ
հաւաքածոյի
մը
մէջ,
ուր
գէթ
պատկառելի
հեղինակութիւններու
հետ
գտնուելու
վստահութիւնը
ունի
մարդ։
Փարատոքսալ
է,
ինչպէս
ըսի
քիչ
առաջ,
թեզը,
որուն
համեմատ
Ծատուրեանի
քնարը
նկատի
կ՚առնուի
այն
աղերսով,
զոր
ցոյց
տուած
է
ան
հասարակական
խմբերգին
հետ։
Թերեւս
Պ.
քննադատը
նմանիլ
ուզեր
է
Թէնին,
որ
Նափոլէոն
Պոնափարթի
վրայ
հատորներ
գրած
է՝
առանց
յիշելու
անոր
մէջ
զօրավարը,
պատերազմի
հանճարը:
Ու
մանաւանդ
ի՛նչ
մտայնութիւն
է,
որով
ամէնէն
աւելի
անձնական,
ամէնէն
աւելի
ինքնիրմով
զբաղիլ
սիրող
մարդ
մը,
լիրիք
բանաստեղծ
մը
բռնի
կ՚ուզուի
փոխադրել
ընկերաբանական
ուսումներուն
չոր
դաշտը,
տալ
անոր
ափը
գռեհիկ
մականը
խաշնարածներուն
կամ
պարտադրել
հասարակ
հոգեբանութիւնը
օգտապաշտ
փիլիսոփաներուն։
Ասիկա
ալ
չենք
հասկնար։
Յետոյ
սիրտս
հանդարտ
ունենալու
համար
պարտք
կը
զգամ
աւելցնելու,
որ
Պ.
Ալեքսանդր
Ծատուրեանը
ոչ
մէկ
նկարագիր
ունի
մեծ
բանաստեղծի:
Իր
մէջ
կը
պակսի
այն
անհրաժեշտ
զգայնութիւնը,
որ
բանաստեղծին
ջիղը
կը
տարորոշէ
զինքը
շրջապատող
միլիոններու
տժգոյն
ու
հասարակ
եսէն,
գոյնի
եւ
շարժումի
տարրեր,
որոնք
զգայնութիւնը
կ՚արտագրեն
իւրայատուկ
հատուածի
մը
ընդմէջէն։
Կը
պակսին
Պ.
Ծատուրեանի
յուզում
ու
նրբութիւն,
ինքնատպութիւն
ու
բառ։
Այս
ժխտումներէն
ետքը
կը
մնայ
Պ.
Ծատուրեանի
մօտ
երանելի
սազերգու
մը,
ճիշդ
ու
ճիշդ
երկրորդ
մէկ
վարիանթ
ը
մեր
Աղեքսանդր
Փանոսեանին։
Երկուքն
ալ
դիւրութիւն
ունին
հասարակ
տեղիքներու
վրայ
իրենց
արհեստին
պայմանները
կիրարկելու,
երկուքն
ալ
ոտանաւոր
կը
գրեն
զարմանալի
առատութիւնով,
երկուքն
ալ
առողջ,
ինքնագոհ
երջանիկ
արհեստաւորներ
են
գեղեցիկ
դպրութեանց
կալուածներուն
մէջ,
ձեռքերնին
որմնադիրի
խոշոր
ուրագը,
ցանկապատին,
միայն
ցանկապատին
բոլորտիքը
դեգերելու
արտօնուած:
Երբեմն
կը
փորձուին
պատերուն
շուքէն
դուրս
ելել,
առաջանալ
ծառուղիներէն
ներս
հոյակապ
յիշատակարաններու
մօտերը
թափառիլ։
Հիացումով
կը
դիտեն
միակտուր
սիւներուն
գլուխները
խոյացող
նրբարուեստ
զարդարանքը,
միտքերնուն
կորեկ
կ՚ուտեն,
ու
ետ
կը
քաշուին
տեղերնին:
Այս
յօրինուածքով,
այս
կերպով
բանաստեղծ
մը
երբեք,
ոչ
մէկ
ատեն
ժամանակներու,
շրջաններու
հոգիին
վրայ
բաներ
մը
կրնայ
ըսել։
Ու
աւելորդ
յոգնութիւն
մ՚է
դարձեալ
Պ.
Ծատուրեանի
մէջ
փնտռել
հասարակական
կարգերու
յեղաշրջումը
բացատրող,
լուսաւորող
գիծեր։
Այս
հետեւանքը
մեղմացած
ձեւով
մը
կարելի
է
ընդհանրացնել
նաեւ
Պ.
Յովհաննէս
Յովհաննիսեանի
մասին։
*
*
*
Պ.
Մակինցեանի
երկարաշունչ
–
ո՞րը
չէ
արդեօք
–
ուսումնասիրութիւն
մը
Աւետիս
Իսահակեանի
վրայ
կը
գոցէ
ալմանախը:
Աւետիս
Իսահակեանը
քնքուշ,
փափուկ
հոգիով
բանաստեղծ
մըն
է,
որ
դժբախտաբար
կու
գայ
քսաներորդ
դարուն
սեմին
վրայ։
Մինչդեռ
Յովհաննէս
Թումանեան
դարերուն
որոշադրականութենէն
վեր
կը
սաւառնի
իր
պոեմաները
ստեղծելով
առանց
խորապէս
ազդուելու
ժամանակի
կնիքէն,
Աւետիս
Իսահակեան
իր
հոգիին
կէսովը
կը
պատկանի
այս
դարուն,
այս
ժխտումի,
կործանումի,
յեղափոխութեան
դարուն:
Բախտ
մըն
է,
որ
անոր
հոգիին
երկու
հատուածները
յաճախ
ապրեր
են
իրարու
մօտ
բարի
դրացիներու
նման,
փոխն
ի
փոխ
երեւնալով
անոր
երգերուն
մէջ:
Բայց
ստիպուած
ենք
տխրութեամբ
ստուգելու,
որ
այդ
մասերէն
մէկը
տակաւ
շատցուցած
է
իր
յաւակնութիւնը
միւսներուն
լաւագոյնին
վնասովը:
Իսահակեանի
մէջ
անպայման
կը
համակրինք
գեղջուկ
երգիչին,
մաքուր
ու
միամիտ
աշուղին,
որ
իր
ցաւերը
կ՚եղերերգէ
մեզի
տաքուկ
ու
սիրտէ
եկած
շեշտով
մը.
կը
խանդաղատինք
այն
զուտ
հայկական
թոնին,
որ
այդ
քերթուածներուն
կու
տայ
ժողովրդական
թրթռում,
վառ
անուշութիւն։
Իրենց
արտաքնապէս
անխնամ
յարդարանքին
մէջ
աշուղի
այդ
երգերը
Իսահակեանի
մօտ
կը
մատնանշեն
նրբացած
ճաշակ
մը,
իւրայատուկ
ու
յաջողակ
ըմբռնում
մը
բառերու
դերին,
պարբերութեանց
դաշնակութեան
գաղտնիքին։
Թումանեանէն
վերջ՝
իր
ոտանաւորները
ունին
վերպալ
արժանիք,
ձեռք
բերուած
այն
անիմանալի,
անտեսանելի
յարդարումէն,
որ
յատկանիշը
կը
մնայ
հայկական
ժողովրդային
բանաստեղծութեան,
փոխադրեցէք
այդ
երգերը
օտար
լեզուներու
մէջ՝
պիտի
փշրէք
անոնց
գեղեցկութիւնը։
Ահա
դրական
կողմը
Իսահակեանի
տաղանդին։
Կայ
երկրորդ
երեսը,
մտածումի
մարդուն
խոժոռ,
թթու
երեսը:
Հոս
ես
կը
զարտուղիմ
հասարակաց
հիացումէն։
Իսահակեանի
երգերը
կը
նմանցնեմ
նրբարուեստ
յօրինուածքով
ծաղիկներու:
Անոնք
իրենց
տրամադրելի
շնորհը
կը
բուրեն,
երբ
Մասիսի
ձիւներէն
մաքրուած
հովիկ
մը
կու
գայ
խաղալ
անոնց
թերթերուն
հետ։
Ու
անոնք
կ՚օրուին
ու
կը
խնդան։
Հայկական
աստղերուն
տակ՝
այդ
ծաղիկներուն
պորտը
ինկող
ադամանդները
զանոնք
կը
վառեն
զգլխիչ
գոյներով:
Բայց
երբ
հովը
կու
գայ
Արեւմուտքէն,
մտածումի
ամայութեանց
մէջ
պաղած
ու
դաժանցած,
երբ
երկինքներուն
բարձրերը
ամպէ
ամպ
նետուելով
ցօղի
կաթիլներուն
տեղ
մտածումին
կարկուտները
գան
այցելել
այդ
ծաղիկներուն,
ամէն
բան
կը
փոխուի.
գեղեցիկ
թերթերը
կը
փետտուին
ու
անոնց
հոտը
կը
թռի
ու
կոչնչանալ։
Ճաթած
երգեր
են
Իսահակեանի
մտածում
պարունակող
բոլոր
քերթուածները:
Կը
ծիծաղինք
միամտութեանց
վրայ
անոնց,
որ
այդ
ահարկու
պոռոտախօսութեանց,
անիմաստ
սոփեստութեանց
մէջ
կ՚ուզեն
Նիցչէի
մը
շուքը
տեսնել։
*
*
*
Ալմանախի
քննադատները
կը
տարբերին
Ռուսահայ
քննադատութեան
հին
ուղղութենէն
շատ
որոշ
եղանակով
մը:
Անոնք
հրաժարած
են
միմիայն
օգտապաշտ
նկարագիրով
հետաքրքրուելու
աւանդական
ու
ծթռած
նեղմտութենէն
–
թէեւ
երբեք
չեն
կրնար
ցանկալի
լայնութիւն
գտնել
–
անոնք
աշխատած
ալ
են
քննադատութեան
մէջ
մտցնել
քիչ
մը
գիտական
խորունկութիւն
ու
ձախով
արեւելումով
անոնք
ինկած
են
ուրիշ
անպատեհութիւններու
մէջ։
Անոնք
կը
հաւատան
տակաւին
տեթերմինիսթ
վարդապետութեան
գլխաւոր
տուիքներուն՝
գրական
գործերը
ընդունելով
իբր
անմիջական
արդիւնք
ժողովուրդներու
հոգեկան
վիճակին։
Փաթթուած
նշանաւոր
տարազի
մը
(ցեղ,
միջավայր
եւ
վայրկեան)
դիւրին
ամենակարողութեան՝
անոնք
աշխատած
են
հայկական
հոգեբանութիւնը
վերագտնել,
վերաշինել
նախորդ
դարուն,
դիմելով
մեծ
գրագէտներու
ստեղծագործութեանց։
Ոչինչ
այնքան
կամայական
է,
որքան
խուզարկութեան
այս
դրութիւնը։
Ժամանակները,
շրջանները
մեծ
գրագէտներու
գործին
մէջ
շատ
թեթեւ
արձագանգներ
կ՚ունենան։
Մեծամասնութիւնը,
զանգուածը,
որ
ներկայացուցիչն
է
ազգութիւններուն,
շատ
անգամ
բացակայ
կ՚իյնայ
հանճարներուն
հայեցողութենէն։
Կարելի
չէ
«
Վերք
Հայաստանի
»ով
Աբովեանի
շրջանը
ոգեկոչել,
ոչ
ալ
Թումանեանի
պոեմաներուն
մաքուր
դիւցազներգութիւնը
տարածել
ժամանակակից
հայ
գեղի
բարքերուն
վրայ։
Այս
դիտողութիւնները
բացարձակութեան
հովով
մը
չէ,
որ
մէջ
կը
բերեմ։
Զգոյշ
ըլլանք:
Ալմանախի
քննադատները
այս
վաղածանօթ
մեթոտին
կցած
են
աշխատութեան,
վարդապետութեան
նոր
սիստեմ
մը։
Անոնցմէ
մէկ
քանիները
հաւատաւոր
քարոզիչներու
տպաւորութիւնը
կը
թողուն
իմ
վրաս։
Ընկերային
արուեստի
տարտամ
ըմբռնումը
կ՚ուզեն
կիրարկել
իրենց
ուսումնասիրութեանց
մէջ։
Արեւմուտքի
մէջ
արուեստի
այս
ձեւափոխութիւնը
դեռ
իր
ուրուագիծին
մէջն
է։
Նորագոյն
սերունդը
կը
յաւակնի
ամէն
յարաբերականութենէ,
ամէն
կապերէ
ազատել
արուեստի
հասկացողութիւնը։
Ընդհանուր
մշուշի
մը
մէջ
հոգիները
կը
փնտռեն
բարձունքները
փայլակող
գերագոյն
լոյսը։
Մենք
կ՚ապրինք
անստուգութեան,
մառախուղի
այս
ճգնաժամը։
Ուժով
միտքերէն
որոշ
քանակ
մը
տակաւ
կը
մօտենայ
բարձունքին։
Խումբին
մէջ
են
բոլոր
անհատապաշտ,
կորովի
ուղեղները։
Երկրորդ
բանակ
մը
անհամեմատ
կերպով
հոծ,
այլերանգ
ու
համակարգ,
ձեռքը
բռնած
գալիք
կարգերուն
դրոշմը՝
կը
ձգտի
նոյն
բարձունքին։
Առաջինները
միս-մինակ,
իրենց
ուժին
ապահովութեանը
մէջ
կը
քալեն
մռայլ
պայծառութեամբը
շեշտ
ինքնատպութիւններուն.
անոնք
իրենց
ճամբուն
վրայ
չեն
դանդաղիր
ու
թուլանար
պատահական
անհարթութիւններէ,
տարապարհակներէ
ու
հոգեհանգիստներէ,
որոնք
երկրորդ
բանակին
ընթացքը
այնքան
դժնդակօրէն
կը
դժուարացնեն։
Ու
գէշ
աղէկ,
ասոնք
ալ
կը
քալեն։
Ու
հաւատքի
հզօր
շունչ
մը
կ՚ոգեւորէ
այս
արիասիրտ
մարդերը։
Ընկերային
արուեստին
զինուորներն
են
ասոնք:
Ընկերային
արուեստի
նմուշներ
են
«
Գարուն
»
ալմանախի
քննադատականները։
Մենք
վճռապէս
ոչինչ
կրնանք
գուշակել
այդ
փորձերուն
արդիւնքին
ու
բախտին
վրայ:
Մինակ
կը
հաստատենք,
որ
գրականութիւնները
ոչինչ
կը
պարտին
զանգուածներուն
իրենց
մեծ
գեղեցկութեան
տեսակէտէն,
անոնք
կ՚ապրին
ցեղերուն
ընտրեալ
մասովը,
անոնք
կը
զարգանան
այդ
խմբակին
տիրական
ազդեցութեանը
տակ:
Հասարակական
ձգտումներով
գրականութիւն
մը
երբեք
պիտի
չազատի
միջակութեան
մակարդակէն,
քանի
որ
հաւասարապաշտութիւնը
զարտուղութիւն
չի
հանդուրժեր։
Ու
մենք
գիտենք
դարձեալ,
որ
հանճարներուն
յատկացոյցը
(caractéristique)
իրենց
տեղում
է
հասարակաց
ճամբէն:
Ահա
թէ
ինչու
պիտի
սիրէինք
որ
«
Գարուն
»ի
360
Էջերուն
մէջ
մեզի
անհատականութիւններ
վերլուծուէին,
փոխանակ
հասարակութիւններու
սենթեզ
ին,
ահա
թէ
ինչու
պիտի
փափաքէինք,
որ
քննադատներու
մտահոգութիւնը
կեդրոնանար
առաւելապէս
հասարակաց
մակարդակէն
զարտուղիօրէն
ամբարձիկ
մեծութիւններուն,
անոնց
շեղումներուն
արժանավայել
տարփողանքին:
1912