Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Մեզի, արեւմտեան հայերուս համար, բաւական դժուար է արդարութեամբ մօտենալ Արեւելահայ գրականութեան, նոյնիսկ անոնց յատկանշական դէմքերուն, քանի որ անոնց ստեղծագործութիւնը մենէ դուրս, մեզի գրեթէ օտար ու անծանօթ պայմաններու կը հպատակի։ .

Եթէ երբեք այդ գրականութիւնը իր նորագոյն արտայայտութեանցը մէջ նմանութեան գիծեր ցուցադրեց մերինին հետ, ատիկա արդիւնք էր աւելի ձեւին, քան խորքին վրայ յայտնուող ձգտումներու նոյնութեան ու շատ քիչ է արդէն թիւը անոնց, որոնք այդ մտահոգութիւնները մտցուցին անոնց մէջ։

Այսպէս, ինծի համար դժնդակ բան է, որ չկարենամ փնտռել Պ. Թումանեանի գործին մէջ այն երկրորդ աշխարհը, այսպէս ըսելու համար՝ ենթահողը, ուր արմատ նետեց իր տաղանդին անդրանիկ ընձիւղը: Մենք տարտամ ծանօթութիւններ միայն ունինք ռուս գրականութեան վրայ։ Եւ ինչ որ կարդացած ենք թարգմանածոյ, հեռու է մեզի իրաւունք տալէ՝ դատումներ բանաձեւելու։

Նման աշխատանք մը Արեւմտահայ գրականութեան համար, պիտի տանէր շահեկան մերձեցումներու։ Քննադատը որոշապէս պիտի տեսնէր հոսանքներ, որոնք օտար մարզերէ եկած էին մերինին մէջ ու կը պահէին իրենց երանգին կարգ մը նրբութիւնները: Դարձեալ դիւրին է մեզի համար այդ նպատակը մօտիկէն ճանչնալ, դատել ու հաստատել ինչ որ մեր արուեստագէտներուն իսկատիպ ստեղծումը եղաւ:

Նման աշխատանք անկարելի Է Պ. Թումանեանի գործին հանդէպ: Ու պարտաւորուած կը դիմենք անձնական տպաւորութեան ցուցմունքին:

* * *

Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծական գործը աչքառու եւ որոշ պարզութեան մը պատկերը կը բերէ առաջին ակնարկին։

Փոքրիկ, քնարերգական հատուածներ, թիւով քիչ եւ որակով նոյն խմորէն, որ բանաստեղծին մեծ անձնաւորութիւնը կը լինէ, ժամանցի բաժին մը կը ճշդեն կեանքին մէջ մարդու, որ տարիներու երկար շարքի մը վրայ հետապնդած է մեծ երազ մը:

Երկրորդ ու կարեւորագույն մասը այդ գործունէութեան նուիրուած է ինքնատիպ աշխատանքի մը, ուրկէ կու գայ արդէն բանաստեղծին համբաւը եւ արժանաւոր տեղը այս անգամ ընդհանուր հայ գրականութեան մէջ։ Poèmeներու հեղինակն է Պ. Թովհաննես Թումանեան։ Պէտք պիտի չրլար թերեւս հոս խօսիլ թարգմանողին ալ մասին, եթէ այդ գետինին վրայ ալ հեղինակը իր ընդհանուր դիմագծութեան անդրադարձը նետած չրլլար:

Ամփոփ վերլուծումը երգերուն պիտի փորձեմ անոր համար, որ իր գործին այդ մասին մէջ բանաստեղծը գրած է քանի մը իսկապէս գեղեցիկ քերթուածներ, որոնք կը փրկեն մնացեալներուն տժգունութիւնը եւ կը փոխարինեն վատնուած աշխատանքը։

Թումանեանի երգերուն ընդհանուր նկարագիրը կարելի է ամփոփել քանի մը պարզ գիծերու մէջ։

Ամէնէն առաջ յաճախուող շեշտը բնութեան զգացում մըն է, ոչինչով մասնաւոր սակայն։ Այդ լեռներն ու սարերը ընդհանուր գոյնի մը մէջ չեն յաջողիր պահել իրենց անհատականութիւնը ու սովորական կը դառնան, նմանելու համար ոտանաւորներու շեղջակոյտերուն, որոնցմով հարուստ են բոլոր գրականութիւնները: Արեւելահայ բանաստեղծութիւնը չէ զարգացուցած տեսնելու զգայարանքը ու հակառակ անոր, որ տեսողութեան ամէնէն նկարչական պատկերները տրամադրուած են իրեն, չէ ունեցած արուեստագէտ մը, որ ոտանաւորին մէջ փոխադրէր իրերուն դիմագծութիւնը, իրենց արտաքին շառաւիղումով ու անոնց հոգին՝ իրենց արիւնին սարսուռովը:

Նախնական ըսուելու չափ միամիտ այս երանգաւորումը ես կը յիշեմ՝ հանդիպած ըլալ գերման դասականներուն մօտ։ Ուլանտ եւ Պիւրկէր կը բաւականան միապաղաղ այդ tonalitéով, որ տարածուն մշուշի մը պէս կը փաթթէ առարկաները, վախնալով անշուշտ, առնելով ինչ որ ունին գիծերը օտար ու անձնական. Գոյնը արդէն աւելորդ տարր մըն է անոնց համար։ Բայց Կէօթէ եւ Շիլլէր արդէն ճիշդ երանգը կը փնտռեն։ Անոր համար կը յիշեմ այս անունները, որովհետեւ կը կարծեմ, որ Յ. Թումանեան, ինչպէս նաեւ արեւելահայ ուրիշ շատ մը բանաստեղծներ մասնաւոր տկարութիւն են ցոյց տուած գերմանական գրականութեան։

Այս ընդհանուր տարտամութեան մէջ Պ. Թումանեան կը յաջողի սակայն զետեղել բան մը, որ անձնական է այս անգամ, կտոր մը այն կայծէն, որով պիտի լուսաւորուին իր պոեմաները եւ քանի մը լէժանտ ները: Այդ ճառագայթը եթէ չի փրկեր քերթուածին միջակութիւնը, բայց իր իսկ պայծառութեամբը կը դառնայ համակրելի, հոգ չէ թէ ռամիկ ու սովորական բաժակի մը վրա։ Օրինակ մը պիտի բաւէր.

 

ՍԱՐԵՐՈՒՄ

Մութը եկաւ, գետինն առաւ
Քոշաքարայ սարերում,
Գագաթների տեսքն կորաւ
Ու խոր թաղուեց խաւարում։

 

Ահա՛ պատկեր մը։ Հակառակ յատուկ անունին, որ նկարին դիմացկունութիւն ու խարիսխ ճարելու համար կապուած կը թուի հոս, ոչ մէկ բան որոշ կը տեսնենք։ Գագաթները իրենք ալ չեն կորսուիր, որպէսզի անմիջական տեսիլը կարենանք սեւեռել: Անոնց «տեսքը» պիտի սուզուի։ Ահա առանց կարկառի, ողորկ վերջալոյս մը։

Ու բանաստեղծը կը շարունակէ տեսնել երկինքը «ամպամած», որ «միալար» կու լայ։ Ու

Հեռու, հեռու, լերան ետեւ
Խաղում՝ փայլակն անդադար։

 

Անշուշտ գետ մը պէտք է հոս, որպէսզի սարի տակէն վազէ պղտոր։ Յետոյ՝ հովիւը, յետոյ՝ փայլակէն ծնած երկու կերպարանք։ Ամպը կը տրաքէ եւ շունը կը նետուի։

Առանց եղերական այդ վերջին, ուր դիւցազնական շունչին նպաստը կը յայտնուի, քերթուածը պիտի մնար մանկունակ բան մը, զոր տղաքը պիտի սիրեն ու մոռնան, երբ մեծեր դառնան:

Թումանեանի քնարերգական կարողութիւնը իր երգերուն մէջ սահմանափակ է։ Ու տեղը չէ հոս զբաղիլ պզտիկ մանրամասնութիւններով, երբ անդին պատկառելի յիշատակարանը կայ, որ իր գեղեցկութիւնը կը նետէ՝ մեր գրականութեան մէջ զատելով իր տեղը։ Հոս կ՚արտագրեմ քերթուած մը, որ մինակը կը բաւէ՝ փոխարինելու երգերու մասին ընթերցումը։

ԵԹԷ ՄԻ ՕՐ

Եթէ մի օր, անո՛ւշ ընկեր,
Գաս այցելու իմ շիրմին
Ու նորաբոյս վառ ծաղիկներ
Ձիւներ փըռուած չորս կողմին,

 

Դու չըկարծես թէ հասարակ
Ծաղիկներ են nտքիդ տակ,
Կամ թէ գարունն է այն բերել,
Իմ նոր տունը զարդարել։

 

Նրանք չերգած իմ երգերն են,
Որ սըրտումըս ետ տարայ
Նըրանք սիրոյ այն խօսքերն են,
Որ դեռ չասած ես մեռայ։

 

Նըրանք իմ ջերմ համբոյրներ են,
Այն աշխարքից ուղարկուած,
Որի ճամբէն քո առջեւ
Գերեզմանով է փակուած…

 

Անմիջապէս աչքի կը զարնէ ինքնատպութիւնը այս քերթուածին եւ անիկա Թումանեանի տաղանդին վրայ շատ բան կը պատմէ մեզի: Ինծի կու գայ, թէ իր քերթուածները երկար մտածումների, գրեթէ անգիտակից թափառումներէ ետքը կը կաղապարուին մտքին մէջ, ու ատկէ՝ հրապոյր մը, որ յղկումը, մշակումը եւ յարդարումը կու տան իրերուն, ինչպէս նաեւ պատկերներուն, բայց դարձեալ ատկէ՝ տարտամութիւնը, պակասը շեշտի եւ ինքնութեան, որ առաջին ու անմիջական շփումէն կը գծագրուին մեր մէջ, երբ կը գտնուինք իրերուն կամ պատկերներուն դիմաց։ Ու հոս, ինքնատպութիւնը կ՚ապահովուի տարրերովը մեծ արուեստի մը, որ պիտի ընկերանայ բանաստեղծին ուրիշ գետիններու վրայ: