«ԱԲՈՒ-ԼԱԼԱ-ՄԱՀԱՐԻ»
Բախտաւոր
գրքոյկ
մը։
Ատոր
ապացոյց՝
թիւն
է
տպագրութեանց,
որուն
արժանացած
է
անիկա
եւ
որ
մեր
աղքատիկ
գրականութեան
մէջ
անսովոր
է
քիչ
մը։
Պիտի
չուզէի
զբաղիլ
երեւոյթին
այդ
անբացատրելի
ու
քիչ
մըն
ալ
ռամիկ
երեսովը,
եթէ
երբեք
այդ
քերթուածը
անսահման
վարկ
մը
գտած
չըլլար
նոյնիսկ
անոնց
մօտ,
որոնց
տաղանդէն
տարակոյս
չեմ
ունեցած։
Հարկ
է
ուրեմն
պատռել
պատրանքը
ու
ցոյց
տալ
գիրքը
իր
կազմին
բոլոր
մասերուն
մէջ,
վերջ
դնելու
համար
անիրաւ
համբաւումներու:
*
*
*
«
Աբու-Լալա
Մահարի
»
Ա.
Իսահակեանի
փիլիսոփայական
մէկ
քերթուածին
տիտղոս
ըլլալէ
առաջ
ու
շատ
առաջ,
անունն
է
արաբ
շատ
նշանաւոր
բանաստեղծի
մը,
որ
ապրեցաւ
ԺԱ
դարուն:
Ան
չորս
տարեկանին
կորսնցուց,
ծաղիկէն՝
մէկ
աչքը։
Պատանութեան
առաջին
շրջանին
խաւարեցաւ
միւս
աչքն
ալ:
Տղեկը
մնաց
իր
գրագէտ
հօրը
խնամքին
տակ
ու
անկէ
լրացուց
զարգացումի
իր
թերին:
Պատմութիւնը
զայն
կը
ղրկէ
անգամ
մը
Պաղտատ,
որ
չի
կրնար
հրապուրել
երիտասարդ
բանաստեղծը։
Զինքը
կը
տեսնենք
նորէն
Մաարի,
իր
ծննդավայրը,
որուն
ձգողութիւնը
անդիմադրելի
է
բոլոր
իսկական
բանաստեղծներուն
համար:
Բայց
գիտնալու
ծարաւը
թերեւս
բռնաւոր
է
նոյն
չափով։
Ու
յաջորդ
տարին
ճամբայ
կ՚իյնայ
դարձեալ
բանաստեղծը
խալիֆայութեան
շքեղագոյն
մայրաքաղաքներէն՝
Պաղտատի
համար։
Հոն
կը
ճանչնայ
ազատ
խորհողներու
ակումբ
մը,
ուր
նիւթապաշտ
ու
բնապաշտ
ձգտումներ
իրարու
մօտիկ,
առանց
իրար
նեղելու՝
իրենց
ընթացքը
կ՚ընեն
մտածումի
մարզանքներուն
ընդմէջէն
եւ
որոնցմէ
խորապէս
կը
տպաւորուի
աչազուրկ
երիտասարդը։
Իր
գրական
գործը
բաւական
ընդարձակ
է
եղած.
երգած
է
համեստութեան
իմաստութիւնը,
աշխարհի
անկայուն
փառքը
եւ
անոր
շիջանուտ
գեղեցկութիւնը։
Խորքին
մէջ
բարոյախօսական
այդ
բանաստեղծութիւնը
կը
ցոլացնէ
տարօրինակ
լայնութիւն
մը
հորիզոնի,
որ
անմեկնելի
կը
մնայ
իսլամական
մտայնութեան
չափազանց
անձուկ
ու
այլամերժ
երկինքին
համար։
Պ.
Ստեփան
Կուրտիկեան,
որուն
դիմած
Էի՝
Աբու-Լալային
քիչ
մը
ծանօթանալու
համար,
անոր
ոգիին
կազմութեան
մէջ
կը
կարծէ
տեսնել
զինտկ
ներու
աղանդին
ազդեցութիւնը։
Չծանրաբեռնելու
համար
այս
պզտիկ
ուսումնասիրութիւնը,
ես
կը
բաւականանամ
հոս
արտագրելու
մէկ
քանին
այն
բանաստեղծութիւններէն,
որոնց
թարգմանութիւնը
բարի
եղաւ
ինծի
տալու
բազմահմուտ
ուսուցիչը։
Ահա
այդ
հատուկտորները։—
«
Մահագոյժի
ձայնը,
եթէ
բաղդատուի,
ամէն
տեսակ
ձայներու
մէջ՝
աւետաբեր
ձայնին
կը
նմանի։
«
Տեսէք
սա
աղաւնին .
Կ՚երգէ՞,
թէ
կու
լայ
իր
դողդոջուն
տունկին
ճիւղին
վրայ։
Ընկեր,
ընդարձակ
տարածութիւնը
լեցնող
սա
գերեզմանները
մերիններն
են:
Ո՞ւր
են
Ատի
(ամենահին
ժողովուրդ
մը,
ըստ
Գուրանի)
դարէն
սկսեալ
փորուած
գերեզմանները։
Ոտքդ
թեթեւ
կոխէ.
ես
կը
կարծեմ,
թէ
երկրիս
կեղեւը
այդ
դիակներէն
միայն
կազմուած
է։
Եթէ
կրնաս,
օդին
մէջ
քալէ
յամրարար
եւ
մարդոց
աճիւններուն
վրայ
մի
շրջիր
ամբարտաւանութեամբ։
«
Որչա՞փ
գերեզմաններ
կան,
որ
քանի՜
անգամներ
փորուած
ու
զանազան
մարդոց
գերեզմանները
եղած
են,
որոնք
կը
ծիծաղին՝
հակամարտ
դասակարգերու
իրարու
վրայ
խռնուելէն,
ուրիշներու
աճիւններուն
վրայ
թաղուածներ՝
երկար
ժամանակներու
եւ
յաւիտենականութեան
ընթացքին
մէջ։
«
Մահուան
ժամուն
տխրութիւնը
ծնունդի
ժամուն
ուրախութեան
քանի
մը
պատիկն
է։
Մահուան
նինջը
քունի
մէկ
տեսակն
է,
որով
մարմինը
կը
հանգստանալ,
իսկ
կյանքը
արթնութեան
վիճակն
է։
«
Հանդերձեալին
մէջ
քեզի
կաթ
եւ
գինի
խոստանալուն
համար՝
այս
աշխարհին
մէջ
անապակ
գինիէ
կը
հրաժարի՞ս։
Կ՚ըսեն,
թէ
կեանքէն
ետքը
մահ,
մահէն
ետքն
ալ
յարութիւն
կայ.
առասպել
է
ատիկա,
ով
Ամրին
մայրը
»։
Խորունկ
ու
զուսպ
այս
արուեստը,
որ
հակառակ
իր
դարաւոր
տարիքին
ոչինչ
է
կորուսած
իր
երիտասարդութենէն,
յատկանիշն
է
իսկական
կատարելութեան
մը։
Պ.
Կուրտիկեան
դարձեալ
կը
հաւաստէ,
թէ
Աբու-Լալան
տաղաչափած
է
Գուրան
մը,
որ
եթէ
նախատիպին
ներդաշնակութեանը
չէ
հասած,
բայց
կը
մնայ
արաբական
լեզուի
ամէնէն
վճիտ
հրաշակերտներէն
մէկը։
Ուրեմն,
կը
գտնուինք
պատմական,
միսով
ու
ոսկորով
անձնաւորութեան
մը
դէմ։
Ասկէ
վերջն
է,
որ
կը
ծագի
հարցը։
Պ.
Իսահակեան
դիմած
է
բանաստեղծի
անունին՝
ու
կամ
իսկական
ոգեկոչումի
մտադրութեամբ.
կա՛մ
գրական
fictionէ
մը
արտօնուած,
բայց
շատ
աւելի
ծանրակշիռ
ազատութեան
մը
գնով։
Առաջին
վարկածը
գետին
չի
շահիր,
քանի
որ
Իսահակեանի
քերթուածին
մէջ
չէ
ճշդուած,
մեծ
բանաստեղծին
յատկանշական
գիծերէն
եւ
ոչ
մէկը։
Հոն
չենք
տեսներ
մենք
իսկական
մարդ
մը,
իր
գոյնովը
եւ
արիւնովը,
որ
բառերուն
ջրվէժէն
կամաց-կամաց
անջատուի
ու
իր
անձին
պատկառանքը
կամ
զմայլանքը
արձանացնէ։
Ատոր
փոխարէն
անոր
դէմքին
կեդրոնական
նկարագիրն
անգամ
չէ
յարգուած
ու
կոյր
բանաստեղծը
անիրաւ
տեղը
կը
կանչուի
տեսնելու
վերջալոյսեր,
քաղաքներ
ու
ճամբէք,
որոնց
վրայ
անկարող
է
անդրադառնալու
իրապէս
աչազուրկ
քերթողը:
Ստիպուած
կ՚ընդունինք
երկրորդը:
Ու
այդ
վարկածը
ահաւոր
պատասխանատուութեամբ
մը
պէտք
է
ճնշէ
մեր
բոլոր
արուեստի
աշխատաւորները։
Անիկա
գերազանցապէս
վտանգաւոր
եղանակ
մըն
է,
որ
օտար
գրականութեանց
մեծ
վարպետներուն
մօտն
անգամ
քիչ
է
յաջողած։
*
*
*
Ու
ոեւէ
տաղաչափ,
որ
տարիներ
շարունակ
իր
սովորական,
պզտիկ,
բայց
քաղցր
երգն
է
ունեցած,
համեստ
գործիքի
մը
վրայէն
–
ինչպէս
է
պարագան
Պ.
Աւետիս
Իսահակեանին
–
օրին
մէկը,
չես
գիտեր
ինչու,
փորձը
կ՚ընէ
բաց
(large)
արուեստին
ու
ընթերցումներու,
գրադարաններու
մթնոլորտէն
իւրացուած
տարտամ
յուզում
մը
բաւական
կը
կարծէ
գործադրելու
(exécution)
համար
հոյակապ
յղացում
մը,
որպիսին
է
«
Աբու-Լալա
Մահարի
»ն:
Բոլոր
պայմանները
աննպաստ
կը
ներկայանային
Պ.
Իսահակեանի
համար։
Պ.
Իսահակեան
պարզուկ,
գրեթէ
գեղջուկ
երգիչ
մըն
է,
որ
իր
շեշտին
քաղցրութիւնը
կը
պարտի
նոյնիսկ
իր
գործիքին,
իր
ոճին։
Անոր
տաղանդը
կազմուած
է
չափազանց
մասնական
երանգներէ
այն
տարտամ,
քմայքոտ,
բայց
նկարուն
գիծերէն,
որոնք
գեղի
աղջիկներուն
գեղեցկութիւնը
կը
յօրինեն,
որոնք
միմիայն
կենդանի
կը
մնան
իրենց
ընտանի
մարզին
վրայ
ու
կը
դադրին
ապրելէ,
երբ
փոխադրուին
ուրիշ
վայրեր։
Նոյնիսկ
արտայայտութեան
ձեւը,
որ
աստիճան
մը
անկախութիւնը
կը
պահէ
ուրիշներու,
ինչպէս
Թումանեանի
մօտ,
չափազանց
անձնական,
ծփուն
ու
դիւրաբեկ
կը
ներկայանայ
Պ.
Իսահակեանի
մէջ։
Ասկէ՝
կարգ
մը
առաւելութիւններ,
որոնք
բանաստեղծի
արժանաւոր
անուն
մը
բերած
են
իրեն։
Բայց
դարձեալ
ասկէ՝
վտանգներ,
որոնց
վազած
է
Պ.
Իսահակեան
ամէն
անգամ,
որ
իր
տաղերուն
տարողութիւնը
չէ
տնտեսած,
իր
ոտանաւորին
հագցնելու
համար
մտածողական
զգայակերպ
մը,
չէ
կասկածած
իր
բառերուն
ուժին
վրայ,
երբ
ասոնք
քսաներորդ
դարու
ժխտական
մտածողութեան
սառույցին
տակ
կը
ձգուին
ու
կը
խորտակուին,
պարապութեան
մէջ
ճաթած
իրերուն
նման,
այդ
անուշիկ,
այդ
գունագեղ,
այդ
մարալ
բառերը,
որոնք
եարը,
գինին,
սէրը,
ծովը,
մարմանդը,
սարը
պատկերած
ատեննին
կը
քալեն
մանկական
հրապոյրով
մը,
առուգութեամբ
մը
եւ
որոնք
անիմաստ
ու
քիչ
մըն
ալ
ծիծաղելի
կը
դառնան,
երբ
ոչնչապաշտական
դրութիւն
մը
առարկայացնելու
տաժանելի
դերին
կը
յատկացուին։
Ու
այդ
դժնդակ
փորձն
է
ահա
ներկայ
գրքոյկը։
*
Քարաւանը
ճամբայ
կ՚իյնայ:
«
Հնչուն
զանգերի
անուշ
ղօղանջով
»։
Ան
կը
չափէ
«ոլոր
ու
մոլոր»
ճամբաները,
երբ
անդին՝
Բաղդատն
էր
նիրհում,
ջեննաթի
շքեղ,
վառ
երազներով,
Գիւլիստաններում
բլբուլն
էր
երգում
գազելներն
անուշ՝
սիրոյ
արցունքով:
«Շատրուաններ»ը
կը
քրքջան
«
պայծառ
»
«
ադամանդեղէն
»
ծիծաղներով
ու
չորս
կողմ
խալիֆաներու
«
քէօշկից
բիւրեղէն
»
բոյր
ու
համբոյր
կը
խնկարկուին։
Քարաւանը
բանաստեղծը
առած
կը
տանի։
Աբու-Լալան
կը
փախչի
մարդերէն։
Ան
ա՛լ
չի
սիրեր
տունն
ու
մայրենի
օրրանը։
Իր
սէրը
հիմա
«թունոտ
իժ»
է
դարձած։
Ան
մարդու
հոգուն
մէջ՝
«
Հազար
նողկանք
ու
գարշանք՝
զազիր
ու
նանիր
»
կը
տեսնէ
հիմա
ու
կը
փախչի
հազար
եւ
մէկերորդէն,
Կեղծիքէն։
Անապատը
ապահով
է,
հոն
կարելի
է
նույնիսկ
վրան
խփել՝
Օձ-կարիճների
բների
վրայ
։
Ու
բանաստեղծը՝
Ջերմ
շրթունքներով
համբուրեց
ուղտի
աչքերը
վճիտ,
Եւ
թարթիչներից
նրա
կախուեցին
անզուսպ
արցունքի
երկու
այրող
շիթ
։
Ու
քարաւանը
կ՚երթայ: :
Առաջին
Սուրրա
ն
աւարտած
է
եւ
երկրորդին
մէջ
բանաստեղծը
իր
սրտին
հետ
կը
խօսի
եւ
կը
հաստատէ,
թէ
իր
ետին
ոչինչ
կը
թողու։
Կը
թողու
միայն՝
Շղթայ
ու
կապանք.
կեղծիք
ու
պատրանք
…
Ան
կ՚ատէ
սէրը։
Յաւիտեան
խոցող,
յաւիտեան
այրող
ովկիանը
կրքի,
Այն
քաղցր
թոյնը,
որով
արբոսը
ստրուկ
է
դառնում
եւ
կամ
բռնակալ
։
Ու
հարկ
կայ
հարցնելու,
թէ
ի՞նչ
է
Կինը։
Խորամանկ,
խաբող,
արիւնարբու
սարդ,
–
յաւիտեան
նանիր.
Որ
հացդ
է
սիրում,
համբոյրի
մէջ
թոյն
եւ
քո
գրկի
մէջ
ուրիշին
ծախւում։
Աւելի
դիւրին
է
խարխուլ
մակոյկով
յանձնուիլ
ծովուն,
քան
հաւատալ
կնոջ
երդումին
։
-
192
-
Երկրորդ
Սուրրա
ն՝
որ
գիրքին
ամէնէն
յաջողած
մասն
է,
նուիրուած
է
կնոջ
ու
սէրին։
Սրիկայ
է
նա,
ով
հայր
է
լինում,
ով
երջանկաւէտ
ոչնչութիւնից
Գոյութեան
կոչւում
թշուառ
հիւլէին
եւ
գլխին
վառում
Գեհենը
կեանքի
՝
Կ՚աղաղակէ
բանաստեղծը
ու
կը
յօժարի
վայրի
տատասկը
գգուելու,
քան
թէ
կարօտնալու
կնոջ
թովչանքին:
Երրորդ
Սուրրա
յին
մէջ
աշխարհի
հեքիաթը
մտիկ
կ՚ընէ
ան
ու
կը
նախատէ
մարդերը,
որ
անկարող
ադ
«ոսկի
երկաթը»
լսելու,
իրարու
կոկորդէն
կը
հանեն
պատառները
եւ
իրար
գերեզման
կը
հրեն:
Չորրորդին
մէջ
ան
ընկերութեան
դէմ
իր
զայրոյթը
կը
պոռթկայ.
Վա՜յ
նրան,
ով
որ
տուն
ու
տեղ
ունի,
ու
կապուած
է
շան
պէս
իրեն
տան
շեմքին
։
Կը
հրաւիրէ
հովերը,
որ
երթան
աւերեն
իր
Հօրը
տունը։
Հիմա
անոր
հայրենիքը
մինակութիւնն
է
ու
անոր
տունն
ալ
քարաւանը։
Ան
կը
փախչի,
փախաւ
մա՛նաւանդ
իր
ընկերներէն,
որոնք
անոր
ազնիւ
ծոցին
մէջ
սնած
օձերու
կը
նմանին,
որոնք
անոր
մահիճը
կը
պղծեն։
Ծանօթ
շները
չեն
հաջում
վրադ
Բայց
ծանօթ
մարդի՜րը:
Ու
վերագրումներու
այս
ձեւը
հայրենիքի
գաղափարին,
արդարութեան
ու
իշխանութեան
դէմ,
ու
պժգալի
է
պատկերը:
Տար
ինձ,
քարաւան,
իժերին
յանձնի՛ր...
Տար
ինձ,
ազատիր
իշխանութիւնից...
նրա
հովանուց
վայրագ…
Կը
պոռայ
քերթողը,
երբ
մրրիկները
կը
մռնչեն
ու
քարաւանը
կերթայ:
Հինգերորդը
կը
կրկնէ,
տեղ-տեղ
ընդլայնելով,
նախորդ
Սուրրա
ներու
գաղափարները
ու
կաշխատի
մանաւանդ
գծել
կենդանագիրը
մարդուն։
Առանց
դժուարութեան
դուք
կրնաք
ճանչնալ
այդ
պատկերը,
որ
աւելի
աղտոտ
է,
քան
աշխարհի
բոլոր
աղտերը
միասին։
Ու
անապա՜տը։
Ու
Արե՜ւը։
Ու
գինովութի՜ւնը։
Վեցերորդ
Սուրրա
ն
է,
որ
կը
բերէ
ասոնք։
Եօթներորդով
բանաստեղծը
կը
սլանայ
դէպի
արեւը
եւ
քերթուածը
կը
հատնի։
Ես
բանաստեղծ
մը
չեմ,
բայց
անպատմելի
խռովքով
մը
մտքիս
մէջ
ոտքի
կը
հանեմ
պատկերը
մեծափառ
բանաստեղծի
մը,
որ
առտու
մը
կամ
իրիկուն
մը,
իր
քարաւանին
գլուխը
կ՚անցնի
դէպի
արեւը
երթալու
համար։
Ու
տեսարանը
տեղի
կ՚ունենայ
Արեւելքի
մէջ,
այսինքն՝
անանկ
վայր
մը,
ուր
ամէնէն
տժգոյն
մարդերն
անգամ
լոյսի
ու
ոսկիի
մէջ
կը
թաթխուին,
ուր
լռութիւնն
անգամ
անսահման
դաշնակութեան
մը
նման
կը
բխի
վերէն
ու
վարէն:
Աւելի
մասնաւորեցէք
այս
նկարը։
Ու
ոսկի
ժապաւէնի
մը
պէս
աւազներուն
տրտմութիւնը
ժանեկող
գետի
մը
ափերէն,
դուք
ճամբայ
հանեցէք
քարաւանը։
Ձեր
ետին,
քաղաքներուն
քաղաքը,
այն՝
որ
քանի
անգամ
ճանչցաւ
փառքին
աստուածութիւնը
ու
աւազներուն
անխոստովանելի
լքումը,
ա՛յն՝
որ
պղնձագոյն
երկնքի
մը
վրայ
հսկայ
սաղաւարտներու
նման
կը
շարէ
իր
մզկիթներուն
գմբէթները
ու
պղտոր
միջոցին
մէջ
կը
մխէ
ճերմակ
սլաքը
իր
մինարէներուն։
Պաղտա՜տը։
Ու
խալիֆաներուն
Պաղտատը։
Պ.
Իսահակեանի
քաղաքը
ոչ
իսկ
հեռուէն
կը
մօտենայ
այն
երազին,
որ
կը
բացուի
հիմա
իմ
երեւակայութեանս
մէջ։
Անոր
Պաղտատը՝
շատրուան
ներով,
ճէննէթ
ով
ու
քէօշկերով
կառուցուած
ու
գիրքերու
մէջ
տեսնուած
արեւելեան
քաղաք
մըն
է։
Զայն
մասնաւորող,
տեղականացնող
(localiser)
գիծ
չկայ
այն
քանի
մը
տողերուն
մէջ,
որոնք
նուիրուած
են
շքեղ
ոստանը
նկարելու:
Մեզի
համար
քաղցր
է
անշուշտ
սուզուիլ
դարերուն
մշուշին
մէջ
ու
տեսնել
հսկայ
համապատկերը,
որ
Պաղտատինը
եղաւ։
Մեզի
համար
տպաւորիչ
էր
անշուշտ
աղմուկի
անընդունակ,
իրենց
լռութիւնը
մտիկ
ընելէն
գինովցած
ու
վերէն
վար,
մետաքսին
դեղնաւուն
ճերմակութեանը
յանձնուած
մարդերուն
կարաւանը,
որ
սպիտակ
երազներու
նման
հազար
ճամբաներով
քաղաք
կը
հոսէր
ու
քաղաքէն
կը
հոսէր։
Մեզի
համար
զմայլանք
ու
հեշտութիւն
կար՝
լուսառատ
ու
ոսկի
միջոցին
մէջ,
իրենց
գլուխները
իրարու
տուած
արմաւենիներուն
անընդհատ
երկարումին
դիմաց,
երբ
անոնց
խարտեաշ
ստուերին
մէջէն,
իր
դարուն
ամէնէն
մեծ
քերթողը,
Աբու-Լալա
Մահարին,
հրաշքի
մը
գացող
մարդերուն
նման,
գտած
իր
աչքերուն
աղբիւրը,
օրուելէն
օրուելէն,
գոցէր
իր
ետին
մեծ
կախարդութիւնը
քաղաքներուն
ամէնէն
մեծին,
ուր
իմաստութեան
ու
հեշտանքի,
հպարտութեան
ու
զոհաբերումի,
ձեւերու
եւ
հծծիւններու
անպատմելի
երազ
մը
ապրեցաւ,
դարերու
շրթունքին
գամուած
ծաղիկի
մը
նման
եւ
ուրկէ
ինք
խոյս
կու
տար,
ինք՝
նուաճուածը,
ինք՝
պատրանաթափը,
ինք՝
վերջապէս
աշխարհին
վրայ
բռնի
վարսուած,
գերեվար
անուրջ
մը՝
սիրոյ,
գթութեան
ու
համակերպումի։
*
*
*
Ու
քիչ
անդին
Անապա՛տը:
Պ.
Իսահակեանի
անապատը
գիրքի
անապատ
մըն
է
նորէն,
նկարուած
բառերովը
մարդու
մը,
որ
բախտը
չէ
ունեցած
բարկ,
ասեղի
պէս
խածնող
արեւի
մը
տակ
կենալու
գոնէ
քանի
մը
վայրկեան։
Տեղական
գոյնի
հոգի
տուող
արուեստագէտը,
որ
«
Երգեր
ու
վէրքեր
»ուն
յաջողակ
հատուածներուն
մէջ
իրականացուցած
է
շատ
հոսանուտ
ինքնատպութիւն,
յոռի
տեղումով
մը
կը
տեսնէ
երկինք
մը,
որ
«բոսոր
բոցերով
կը
ծփայ»։
ժայռեր
կան
անշուշտ
«ոսկի»
ու
աջիդ
հեռաւորութիւն
մը,
զոր
մկրտելու
համար
տարտամ,
բայց
հնչուն
բառեր
չեն
պակսիր։
Ու
պատկերը
ամբողջացնելու
համար
պետք
է
անուանել
այդ
տարածութիւնը՝
«միայնութեան
ոսկեղէն
աշխարհ»։
Անապատը
միմիայն
աւազ
չէ,
հոն
հովեր
ալ
կը
փչեն
ու
անոնք
«անարատ»
են։
Ես
կը
յիշեմ
կարդացած
ըլլալ
երկրորդական
հեղինակներու
մէջ,
ինչպէս
են
Լոթին
ու
Մօփասանը,
աւազներու
պատմութիւններ։
Անոնք,
վիպասաններ,
փոյթ
են
ունեցեր
գրելէ
առաջ
տեսնելու
փոշիի
այդ
դաշտերուն
անպարագիծ
տրտմութիւնը
ու
տակաւին
իմ
աչքերուս
առջեւ
անհորիզոն
այդ
տարածութեանց
շրջանակը
կը
մնայ
անաղարտ։
Դարձեալ
Ֆլոպէռի
մէջ
կարդացեր
եմ
ափրիկեան
դաշտանկարներ,
ադլասեան
խորքով,
որոնք
իրենց
դիմագծութիւնը
կը
ճշդեն
անխորտակելի
յստակութեամբ
մը։
Ու
դեռ
կան
ոգեկոչուողներուն
հրաշքները,
Շաթօպրիանի,
Ա.
տը
Վինեէի,
Լը
Քոնթ
տը
Լիլի
մարմարակերտ
կառոյցները,
որոնք
աւազներուն
հեղանուտ
ու
անփայլ
կրակը
կարծես
կ՚արտաշնչեն
իրենց
էջերէն։
Ինծի
թող
չառարկեն,
թէ
անիրաւութիւն
է
գրագէտ
մը
դատել
իրմէն
դուրս։
Գրական
քննադատութեան
փորձերուս
մէջ
ինծի
բացարձակ
մտահոգութիւն
է
եղած
մեր
գրականութեան
գործերը
մօտեցնել
ընդհանուր
գրականութեանց
մեծ
սրբարանին։
Տժգոյն
ու
տխուր
է
այն
արուեստը,
զոր
կը
վախնան
ցուցադրելու
ուրիշներուն։
Տկար,
միջակ,
կորստական
է
այն
արուեստագէտը,
որուն
գեղեցկագիտութիւնը՝
իբր
հորիզոն՝
կ՚ունենայ
միայն
ու
միայն
պզտիկ
երկինք
մը՝
դասակարգի
մը
սահմանափակ
կալուածէն
տեսնուած։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
օտարին
մօտեցնողները
տարուեցան
այդ
մտահոգութենէն
նոյն
չափով։
Ու
Բաշալեանի,
Կիւրճեանի,
Զօհրապի,
Շաքլեանի
էջերէն
շատեր
կը
հանդուրժեն
այդ
ճակատումը,
առանց
ամչնալու։
Մեր
Վարուժանն
ու
Մեծարենցը
չեն
վախնար
ամէնէն
խստադատ
ճաշակներէն։
Ու
անմոռանալի
հեշտանքով
է,
որ
դեռ
կը
յիշեմ
զմայլանքը,
զոր
տուին
ինծի
Էլօայի
(Ա.
տը
Վինեէի)
երկինքները
ու
անոնցմէ
ներս
թեւ
զարնող
քաղցրագին
հրեշտակի
մը
այնքան
դժուարին
երանգաւորումը:
Անապատը
թերեւս
աւելի
գեղեցիկ
է,
քան
կապոյտներուն
անյատակ
այդ
երկարումը
միջոցներէն
անդին:
Ու
ներեցէք
ինծի,
որ
սպասեմ
ես
նման
յուզումներ,
երբ
բանաստեղծ
մը
ահաւոր
ծանրութեամբ
անունի
մը
ծիրանին
կը
նետէ
իր
ուսին
ու
կ՚իջնէ
կրկէս
իր
քարոզը
պատգամելու:
Ու
բանաստեղծ
են
բոլոր
անոնք,
որոնք
Պ.
Իսահակեանի
նման,
ուժգին
մտածման
մը
խթանին
տակ,
կամ
խորունկ
ու
մռայլօրէն
բազմարձագանգ
զգայնութեան
մը
սարուածին
ընդմէջէն,
իրենց
տպաւորութիւնները
պատմելու
դիւրութիւնն
են
ունեցած,
աւելի
կամ
պակաս
կատարեալ
արուեստ
մը
գործածելով,
իբր
միջոց,
իրենց
յուզումները
առարկայացնելու:
Ու
բարձրագույն
բանաստեղծներ
են
բոլոր
անոնք,
որոնց
զգալու
եւ
խորհելու
ձեւերը
շատ
անգամ
կը
կանխեն
իրենց
շրջանները
ու
կ՚երկննան
ապառնիին։
Անոնք
գիտեն
անցեալին
ալ
դառնալ
ու
հինին
մէջէն
նոր
դուրս
գալու
մոգութիւնը
չի
զատուիր
անոնցմէ։
Երկու
պարագաներուն
ալ,
անոնք
դուրս
կը
մնան
պայմաններու
այն
շղթայէն,
որ
հետեւակները,
խելօքները,
միջակները
կարգապահութեան,
կոկիկութեան
ու
յարգանքի
մէջ
կը
պահԷ։
Գրեթէ
միշտ
մեծ
բանաստեղծները
բախտն
են
դիմաւորած
ամբոխներէն
ու
անոնց
հաճոյակատար
տիրացուներէն
չհասկցուելու։
Այս
քիչ
մը
շատ
ընդհանուր
հայեցողութիւններէն
ետքը,
Պ.
Իսահակեանի
քերթուածը՝
պարտաւորուած՝
կը
մօտենայ
բարձրագոյն
յղացումներու
կալուածին։
Ինձմէ
առաջ
արդէն
անոր
մէջ
ողջունած
են
ուրիշներ
արուեստի
մեծատաղանդ
գործ
մը,
որ
դարագլուխ
մը
կը
բանայ
Արեւելահայ
գրականութեան
մէջ։
Ու
ճիշդ
հոդ
է,
որ
ես
դէմ
կ՚երթամ
հասարակաց
հիացումին։
*
*
*
«
Աբու-Լալա
Մահարի
»ին
մէջ
բանաստեղծական
մասը
անխնամ
Է։
Անոր
նկարագրութիւնները
չտեսնուած,
չշօշափուած,
չապրուած
ու
ատոնց
համար
տպաւորութիւն
չձգող
տարտամ
պատկերացումներ
են:
Բանաստեղծին
պակսած
է
ուժը՝
ուրուագրումներէն,
հասարակ
ու
գունատ
սեւագրութիւններէն
դուրս
բերելու
հզօր
ու
ջղուտ
ու
կենդանի
նկար
մը,
որ
դիմացէն
քեզի
կը
պոռայ
իր
գոյութիւնը
ու
յարգանքի
կը
հրաւիրէ։
Պ.
Իսահակեանի
մէջ,
երեւակայութիւնը
դաւած
է
ամէն
անգամ,
որ
նոր
մտապատկերացումներու
հետ
սկսած
է
շփում
ունենալ։
Ճակատագրականօրէն
դատապարտուած
իր
պզտիկ
ածուին
ու
թերեւս
այգիին
ու
առուին,
ան,
այդ
երեւակայութիւնը
զգուշացած
է
հետեւելու
բանաստեղծին,
երբ
աւազներուն
գորշ
սաւանը,
սարսափի
պատանդի
մը
նման
փռուած
է
իր
թեւերուն
առաջ
ու
արիւնոտ
երկինքի
մը
վրայ
պղինձԷ
հսկայ
տախտակներ
անիրական
ու
հսկայ
ճարտարապետում
մը
կը
սկսին։
Պ.
Իսահակեանը
զոհած
է
գոյնը,
զոհած
է
plastiqueը,
զոհած
է
կատարելութեան
դժնդակ
երազը։
Նոյնիսկ
պարբերութիւնը
վտանգուած
է
շատ
անգամ,
չկրնալով
լեցուիլ
յուզումէն
կամ
մտածումէն:
Այն
ատեն
է,
որ
անիկա
լրացնելու
կը
վազեն
դժբախտ
ածականներ,
վխտալու
չափ
առատ
ամէն
մէկ
բառի
կռնակին։
Ածականը
հացկատակն
է
միշտ
ու
Պ.
Իսահակեան
առանց
խղճահարութեան
բացած
է
իր
պարբերութեան
դուռները
անոր
խուժումին։
Ու
ածականներու
ամբոխումը
տեսակ
մը
շնորհազարկում
կը
բերէ
անոր
օրօրուն
ոտանաւորին։
Մենք՝
որ
գոյականը
կը
սիրենք
խօսքի
մէջ,
իբր
ամէնէն
արու
մասը
ֆրազ
ին,
մենք՝
որ
բայերուն
կրնանք
հանդուրժել,
անոնց
գործողութիւնը
մա՛նաւանդ
փնտռելով,
չենք
տանիր
այդ
աւելորդ,
այդ
ինքնակոչ,
այդ
աղմկոտ
ու
երկկենցաղ
մակաբոյծները
ու
վա՜յ
այն
քերթողին,
որուն
կապարճէն
նետը
կը
պակսի՝
անոնց
հալածանքին:
Ամփոփ
վերլուծումի
մը
մէջ
ես
վերցուցի
յաջողած
նախադասութիւններուն
մեծ
մասը։
Ցոյց
տուի
դարձեալ
բացատրութեան
ձեւերը,
որոնք
արտայայտութեան
շնորհն
ունէին
իրենց
մէջ:
Իսահակեանի
ոտանաւորին
անբաժան
առաքինութիւնը
կշռոյթի
չխաբող
ներկայութիւնն
է։
Բոլոր
տողերուն
մէջ
բառերը
իրարու
կ՚երկննան
ինքնաբուխ
աղերսով
մը
ու
ասիկա
պզտիկ
բան
մը
չէ
արեւելահայ
բանաստեղծի
մը
համար,
որ
այդքանն
ալ
շատ
կը
տեսնէ
ոտանաւորին,
միայն
ու
միայն
տարուած
ըլլալով
խորքի
հոգերէն։
Անոնք
գրած
են
մեր
լեզուին
է՛ն
խուժդուժ
քերթուածները,
ինչպէս
գործածած
են
է՛ն
հասարակ
երանգները,
ու
բանաստեղծութիւն
ըրած
ատեննին
պատրանքը
կու
տան
«հասարակագիտութիւն»
գրելու:
Ատկէ
դուրս՝
դժուար
պիտի
ըլլար
անկաշառ
ու
աննկատ
ուսումնասիրողի
մը
համար
գտնել
«
Աբու-Լալա
Մահարի
»ի
մէջ
խանդավառուելիք
գեղեցկութիւններ։
Ընդհակառակն,
տխրութիւնով
է,
որ
կը
հաստատենք
տեքորի
պակասը
նոյն
էջերուն
վրայ,
երբ
մէկ
ծայրէն
միայն
վերցուած
վարագոյր
մը
մեզի
շքեղ
խոստումներ
կը
թելադրէ
ու
մեր
աչքերը
կը
յոգնի՜ն
սպասելէն։
Մենք
կ՚ուզենք,
որ
նոյն
կախարդ
մատները
ծալեն
ամբողջովին
վարագոյրը
ու
տեսարանը
իր
լրութեամբը
դրուի
մեր
առջին։
Գիրքին
մէջ
ոչ
մէկ
տեղ
այս
քաղցր
գոհացումը
կը
շնորհուի
մեզի։
Սկսուած
լուզումը
կը
մնայ
ճամբան,
ու
պատկերներէն
կը
բաժնուինք
ու
գիրքը
կը
գոցենք
նման
մէկու
մը,
որ
պալատ
մը
մտած
ըլլալը
կը
լսէ
եւ
զոր
շուտ
մը
դուրս
կը
հանեն
առանց
ատեն
թողելու,
որ
քիչ
մը
կշտանայ
գոյնին
ու
ձեւին
վայելքներէն։
Ու
գեղարուեստական
յուզումը
երբ
կատարեալ,
բացարձակ
եւ
ողողող
չէ,
քիչ
բան
կ՚արժէ։
Դարձեալ
Պ.
Իսահակեան
զանցառու
է
գտնուած
ընդլայնումի
տեսութիւններուն
հանդէպ:
Ան
գրքոյկը
կը
սկսի
տարտամ
պատրաստութեամբ
մը,
ու
առաջին
իսկ
տողերէն
կը
պարպէ
իր
ամբողջ
կապարճը։
Քերթուած
մը
կատարեալ
ու
ճակատագրական
է,
ինչպէս
ճարտարապետական
որեւէ
կառուցում։
Չենք
կրնար
տանիքէն
սկսիլ,
ինչպէս
չենք
կրնար
հիմերուն
խորութիւնը
եւ
լայնութիւնը
փոխարինել
հասարակ
որմերուն
քիչ
մը
ակնահաճոյ
ու
դիւրաբեկ
նրբութեամբը։
Տաճարներուն
պարիսպը
յատկանշական
եւ
ժողովուրդներու
հաւատքին:
Ու
Պ.
Իսահակեանի
գիրքին
մէջ
մտածումը
չի
զարգանար,
բնական
կիրքի
մը
բոլոր
պայմաններուն
հպատակելով։
Անոր
ընթացքը
անհաստատ
ու
խարխափուն
է
շատ
անգամ։
Զայն
բեւեռելու
կանչուած
առարկայացումները
չեն
պահեր
մասերու
համեմատութիւն
ու
չեն
բանտարկեր
վայել
շահեկանութիւն։
Առաջին
իսկ
Սուրրա
յին
քարոզին
ամբողջ
անակնկալը
կը
դրուի
մեր
առջին
ու
մենք
կը
պատրաստուինք
աւելիին:
Այդ
աւելին
կ՚ուշանայ,
վասնզի
ան
կարելին
է
արդէն
ու
անոր
տեղ
քարոզը
կը
կրկնէ
ինքզինքը
յաջորդող
էջերուն
մէջ։
Ասկէ՝
յառաջատուութեան
եւ
գեղարուեստական
յուզումը
կառավարելու
հարկին
դէմ
չներուող
անփթութիւն
մը,
որ
շատ
բան
է
քաղցրացուցած,
ջրոտած
պիտի
ըսէի,
Պ.
Իսահակեանի
գեղեցիկ
յղացումէն:
Յաջորդով
ես
կը
մօտենամ
գործին
ամէնէն
խորունկ
կարծուած
կողմին,
ժխտումի
եւ
արհամարհանքի
մեծ
Քարոզին։