Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

III
ԴԻՒՑԱԶՆԵՐԳԱԿԸ

  Արեւելահայ բանաստեղծները մասնաւոր գուրգուրանքով մը մշակած են գրական սեռ մը, որ մեր մէջ ծանօթ է դիւցազնավէպ անունով ու հոն կը կրէ պոեմա օտար վերտառութիւնը:

Շատ մը առիթներով եւ արտայայտուեր եմ սեռին ընդհանուր նկարագրին ու արժէքին վրայ: Կրկնութեան մը վախը զիս զգուշաւոր կ՚ընէ հոս։

Անմիջապէս պէտք է աւելցնել, թէ արեւելահայերու մօտ սեռը կը տարբերի միջազգային գրականութեան սովորական տարազէն ու կ՚ըլլայ անոնց յատուկ, հոն միայն կարելի արուեստի ձեւ մը։ Այս տեսակէտով շահեկան է, որ ինքն իր մէջ ուսումնասիրուի ան։

* * *  

Նշանակալից է, որ Արեւելահայ գրականութիւնը կը սկսի կէս-դիւցազներգական վէպով մը։ Լեզու, յղացում, գործադրութիւն կը միանան՝ Աբովեանի գործին տալու համար բացառիկ արժէք, սկիզբի մը յաղթանակը։

Անկէ մինչեւ Թումանեանի սերունդը ցանցառ են այն գիրքերը, որոնք սկզբնական մղումը գիտակից շարժումի մը ձեւով հրապարակ տանէին ու տարերային, ու բուռն, ու պղտոր արուեստին մէջէն երեւան բերէին յստակ, չըսելու համար բիւրեղացած գործեր։

Անշուշտ աշխատանքը չէ դադրած։ Բայց տարօրինակ հակասութեամբ մը բոլոր կամքերը ուղղուած են խորքի նոյն նպատակին, անտեսելով տարազը, արհամարհելով դժուարահաճները։

Մատենադարանի պակասը, այս հեռաւոր անկիւնէն, ինծի համար անկարելի կը դարձնէ մօտէն երեւան բերելու յեղաշրջումին գլխաւոր ֆազերը։ Բայց արդիւնքը այն եղած է, որ երբ վէպը ինքզինքը կը գտնէ եւ հրապարակագրութիւնը կը կազմակերպուի, բանաստեղծութիւնը ամէնէն աւելի կը մխուի այդ ծանծաղուտէն ներս։

Ու դիւցազնավէպը չ՚ազատիր այս բախտէն։ Ես լռութեամբ կ՚անցնիմ թելադրուած դիւցազներգութեան մը վրայէն, ուր բանաստեղծութենէ դուրս ամէն բան կրնաս գտնել։

Բայց ցանկութիւնը աւելի քան երբեք կենդանի է երկու հատուածներուն ալ մէջը։ Արեւմտահայերը փորձը փորձին կը կապեն, գրաբարէն մինչեւ գաւառաբարբառ, վարդապետներէն մինչեւ արդիացած մտայնութեամբ երիտասարդութիւնը, մէջտեղ հանելու գործ մը, ուր քիչ կամ շատ կարելի ըլլար հաստատել մեր ցեղային յատկութիւններէն մէկ քանին։ Արդիւնքը գիտենք։

Արեւելահայերը մենէ աւելի նպաստաւորուած էին։ Անոնց մտաւոր կեդրոնը իր ճառագայթումին մէջ կրնար պարփակել երկիրը, ուրկէ պիտի բխէր նուիրական ներշնչումը։ (Մեզի համար Պոլիսը Արեւմուտք կ՚իյնար քիչ մը շատ)։ Ու գրականութեան մը պահպանումին համար գալիք նպաստը, տաղանդներուն դէպի վառարան խուժումը, արիւնին պատուաստը ամէն օր կարելի էր հոն:

Շատ մասնաւոր պարագայ մը հոս իր ազդեցութիւնը զգալի կ՚ընէ, տալու համար շարժումին բոլորովին տարբեր ուղղութիւն։ Արեւելահայ սերունդը բարձրագոյն մշակոյթին համար Արեւմուտքէն աւելի հիւսիս կը դիմէ։ Հոդ Հայ արուեստագէտը փրցուած չէ այն դաշտէն, ուր կը բաբախէ ցեղին դարաւոր հոգին:

Ատկէ դուրս՝ ռուս բանաստեղծութիւնը մինչեւ իրապաշտ-հոգեբաններուն սերունդը եղած է մա՛նաւանդ ռոմանթիք։ Ու անոնց ռոմանթիզմը բաւական տարբեր է արեւմտեանէն։ Եթէ Շաթօպրիանը, Հիւկոն միջին դարը վերագտնելու համար պարտաւոր էին փնտռելու, տառապելու, Լերմոնտոֆ, Պուշքին արդէն իսկ միջնադարը կ՚ապրէին իրենց ոտքերուն տակ։ Ու զրոյցներն ու հեքիաթները, որոնց բիւրեղացումը իրագործեցին, շատ անգամ կազմուած էին իրենցմէ քիչ առաջ: Պատահած է անոնց իրենց հերոսները կարենալ տեսնել իրենց իսկ աչքերով։ Նոյնիսկ իրադարձութիւնը գաղտնի չէ մնացած անոնց աչքերուն կամ ականջին։ Ու այդ բանաստեղծութիւնը, որուն տրամը կու գար ամբոխին մէջ ապրող կամ անոր վրայ սաւառնող դիւցազնէ մը, որ իր շրջանակը կ՚առնէր դեռ իր կուսութիւնը անաղարտ պահած անհուն գետիններէ, որուն բարբառը դեռ թաթաւուն էր ժողովրդական տարրերով, անոր կեանքովը վերջապէս, ստեղծեց շարք մը գործեր, աղուոր՝ ինչպէս կ՚ըլլան նախնական աղուորութիւնները, պարզ՝ ինչպէս է արդէն միջավայրը, ուրկէ փրցուեցան՝ արուեստին երթալու համար։

Պայմանները նոյնութեամբ կարելի է հաստատել արեւելահայերուն համար։ Անոնք հոգիով ու լեզուով աւելի մօտ են մեր անցեալին ու անոնք կ՚ապրին մեր երկիրը։ Ես կը խորհիմ, թէ քաղաքակրթութիւնները ժողովուրդ ներուն վրայէն կը սահին, ուրիշ խօսքով՝ կը թափին, բայց գմբէթ մը աւելի հաւատարիմ է պատմութեան մը համար, քան գիրք մը կամ նոյնիսկ ապրող խմոր մը մարդերու։ Ու կը խորհիմ նորէն, թէ մեր բարեշրջումը շատ դանդաղ կը քալէ։ Եթէ դժբախտ պատմութիւն մը մեր հոգեկան մեծութիւնն ու հպարտութիւնները խաթարած է հիմնովին, ու հալածանքը՝ խախտած մեր հոգեբանութեան բոլոր ազնուական հիմքերը, բայց հայ հոգիին աւերակը կը մնայ, կործանուած սիւներուն ճերմակ սուգին տակ։ Ու եթէ պայքարի, հերոսութեան տարրերը տարտամ ընձիւղներով կ՚արձակեն զիրենք խորտակուած պարիսպներուն ճեղքերէն, դարձեալ մեր դժբախտ հոգիին մանիշակները կը ծաղկին կիսաքանդ աղբիւրներուն հալածական ջուրերուն քովէն։ Ու մեր դիւցազնավէպը քաղցր է, ինչպէս կլան շուքին ապրող ծաղիկները, ինչպէս պէտք է ըլլան ոգիները, որոնք գետնամած տաճարներուն խորանները կը պահպանեն տակաւին, երբ աստուածները մեռած են գուցէ շատոնցը:

Ու աւանդութիւնը կը պտտի դարձեալ մարդերուն մէջ, որոնք երկրին նման կը մնան խոնարհ՝ բայց սիրաւէտ, զրկուած՝ բայց զեղուն երազով։ Ու այդ ժողովուրդը կը պահպանէ իր հեքիաթները՝ ինչպէս իր ժամերը, հերիք է, որ իր հորիզոնը չփոխեն։ Հերիք է, որ տէրն ըլլայ իր մեռելներուն ու իր հիւղակէն չպակսին պառաւն ու հանին, որոնք նախնիքներն ու հայրենիքը խորհրդանշէին ու գիտնային պատմել ու օրհնել։

Ներեցէք ինծի, որ աւելի չերկարեմ այս վերլուծումը, իջնելու համար լեզուին, որ կը կրկնէ մարդերն ու անոնց նախնականութիւնը, որ չի կրնար շուտ քալել, բայց գերազանցապէս կը յարմարի իր աւանդավէպին: Երբ ասդին, Պոլիս, բանաստեղծութիւնը շատ արագ կտրեց-անցաւ նախնականութեան շրջանը, բայց վրայ տալով պատեհութիւնը ազգային դրոշմով ստեղծում մը բեւեռելու, անդին դեռ մինչեւ այսօր լեզուն կը հպատակի անդրանիկ, ժողովրդական մղումին։ Արտաքին, շարժումներով հարուստ այդ բարբառը, պատմելու ընդունակ, բայց վերլուծման մէջ տկար, գծագրող, բայց գունազուրկ կարելի գործիքն էր նախնական սեռի մը նախնական կոշտութիւնն ու կենդանութիւնը յայտնաբերելու համար։

Այսպէս՝

Երկիր մը, ուր հեքիաթը դեռ շօշափելի ձեւեր կը կախէ իր ետեւէն, իբր իր ստուերը։

Ժողովուրդ մը, որ կը պահէ նախնական հորիզոնի մը խատուտիկ մաքրութիւնը։

Լեզու մը, որուն երակները դեռ գիրքերուն չորութեան չեն գնդասեղուած։

Ազդեցութիւններ, որոնք յաջող կերպով կը զարգացնեն սկզբնական տարրերը:

Արուեստ մը, որուն առաջին ու լաւագոյն փորձերը մանուկներու հաճոյքին են գացած։

Ահա գլխաւոր տուեալները, որոնց վրայ պէտք է կենալ՝ բացատրելու, հասկնալու եւ սիրելու համար Յովհաննէս Թումանեանի պոեմաները:

Եւ որովհետեւ այդ գործը քառորդ դարու կեանքէ մը կու գայ, ատենը յարմար է, կը կարծեմ, զայն վերջնական գնահատումին մերձեցնելու։ Ու ինծի կը թուի, թէ պէտք է զայն դիմաւորել, առարկայօրէն, անկախ բոլոր գովեստներուն ծանրութենէն, առնելով զայն ինքն իր մէջ, քննելու համար անոր խարիսխները եւ դիմադրութեան ուժը։ Այսպէսով խնայած պիտի ըլլանք մէկէ աւելի պատրանքներ, մանաւանդ ուրիշներու:

* * *

Հարկ չեմ տեսներ պատմելու « Սասունցի Դաւիթ »ը։ Բայց պէտք է աչքէ անցընել

Ա) Շրջանակը,

Բ) Տիպարները,

Գ) Գործողութիւնը,

Դ) Կառուցումը։

Ոչի՛նչ՝ վարդապետական այս ստորաբաժանումներուն մէջ. նիւթին ընդարձակութեան հանդէպ օգտակար միջոց մըն է ասիկա:

Շրջանակը: Թումանեանի ամբողջ գործին մէջ, գոյնի աղքատութեան քովէն, կայքերու (site) խելքութիւն մը ուշագրաւ կը դառնայ: Եթէ քնարերգական քերթուածները չեն կրնար ծանրաբեռնուիլ իրենց տարողութենէն անդին, եւ եթէ կմախքներն ալ կշիռ ունին, դիւցազներգական քերթուածները անհամեմատ աւելի լայն բաժին կը տրամադրեն շրջանակին, մա՛նաւանդ գրականացած դիւցազներգութիւնները:

Արդիական քերթուած մը, ինչպէս է հոս պարագան, պարտքին տակն է մեզի տալու վայել գետին մը, որուն մէջ, առանց նեղուելու, պիտի դառնայ գործողութիւնը։

Ու « Սասունցի Դաւիթ »ին մէջ այդ գետինին ուրուագրութիւնն անգամ չկար։ Լեռներ, բառերով շինուած, որոնց մէկ ճիւղի կատարին կը կռթնի անառիկ բերդը, այն՝ որ մեր պատմութեան բոլոր կործանումներուն դիմաց, մինչեւ երէկ, անկախութեան երազը մարմնաւորեց: Ու մենք կը սպասենք անոնց, այսպէս ըսելու համար, ծնունդին: Կը սպասենք, որ կտոր-կտոր, բլուր-բլուր, գագաթ-գագաթ բարձրանայ վեհափառ շղթան, դիզուելով հորիզոնն ի վեր, ու բոյնի մը պէս ամպերուն երկարէ հինաւուրց դղեակը, իր աշտարակներուն անկանոն սլաքներովը եւ պարիսպներուն խղդուած օղակներովը։ Մենք կարօտն ունինք բոլոր այն տեղերուն, ուրկէ մեր հաւատքը լոյս կը վազեցնէ, բոլոր կործանուած տաճարներուն, որոնք սերունդներուն բազուկին կը սպասեն։ Մի ըսէք, թէ քերթուածին տարողութիւնը տեղադրութիւն չի կրնար ըլլալ։ Ուրիշներ չեն վախցած էջեր տալու երկինքներու դժնդակ պատկերացումին։

Հոս զիս առաջնորդողը նկարչական տեսակէտը չէ մինակ։ Մարդերը ապրեցնել, գետնէն անջատելով զանոնք, շատ աւելի դժուար աշխատութիւն է, քան ուսումնասիրել զանոնք՝ հաստատուն հողի վրայ։ Հոս բախտը կ՚ունենանք աչքին նպաստն ալ վայելելու։ Ու ասիկա պզտիկ թեթեւացում չէ մէկու մը համար, որ իր մարդերը պարտաւորուած է մշտամշուշ ոլորտի մը մէջ պտտցնելու, բայց այնպէս մը, որ ասոնք ամպ ու ծուխ չդառնան, որ պարտաւորուած է նորէն անոնց տիրապետումին համար՝ անոնց հոգիներուն բոլոր թելերը արտակարգ պրկումով մը դէպի իրեն քաշելու, որ վերջապէս իր մարդերը պատմութենէն, անցեալէն, մեռելներէն ու ողջերէն ազատելու շքեղ տառապանքի պահուն՝ պիտի կրնար նստիլ քիչ մը։ Հարցուցէք, թէ ո՞ւր:

Ո՞ւր. Ա՛յն գետերուն ափին, որոնց սաւանները քանի մը քաղաքակրթութիւններ ցոլացուցին։ Այն լիճերուն եզերքը, ուր թագուհիներ լուացուեցան։ Այն հովիտներուն մէջ, ուր շուքերն անգամ արիւնիլ գիտեն եւ ուր արեւը ոսկի եւ արծաթի զանակներու պէս կը տարտղնի ինքզինքը։ Ու բերդերու կուշտին, որոնց պատերէն փառքն ու պարտութիւնը բաղեղներուն հետ կախուած մնացին։ Ու բարձունքներու վրայ, ու անդունդներուն սիրտը ու բոլոր անկիւնները ու բոլոր անձաւները։ Այո՛։ Այդ ամէնը կը սպասեն սրբազան ոգիին, դիւցազնաչունչ քերթողին այցելութեան։

Ու ատկէ անդին կայ տակաւին։ Դիւցազներգուները բոլորն ալ սիրեցին արքայութիւնն ու դժոխքները։ Սիրեցին մեռելները եւ ողջերուն վրայէն անոնք արտաբերելու զօրութիւնը գրեթէ չպակսեցաւ իրենց։

Ու մենք գիտենք, թէ մարդերը զաւակներն են միջավայրին։ Ու տիպարներուն ամբողջական ըմբռնումը անկարելի է առանց անոնց կոխոտած գետինին։ Եթե նախնական մարդերուն մերժենք տալ մեր զգայնութեան բազմատեսակ աղբիւրները եւ ասոնց հոսած տպաւորութիւնները, ու բնութեան ներգործութիւնը ուրանանք մեր արարքներուն թաքուն զսպանակներուն վրայ (որովհետեւ նախնական դիւցազներգութիւն կը գրենք) չենք կրնար սակայն չէզոքացնել, մէկդի դնել այն հսկայ գեղեցկութիւնը, որ արտաքին աշխարհ կը կոչուի, որ, հակառակ մեր կամքին, կ՚անցնի մեր մերժումէն անդին ու մեր զգայարանքները կը լարէ դէպի անծանօթ, բռնի, խենթեցնող վայելքները։ Ու ասիկա ճիշդ է հաւասար չափով ռամիկին՝ ինչպէս արուեստագէտին համար:

Կը հասկցուի, թէ ստիպուած ենք Թումանեանի մօտ հրաժարելու արուեստին ընձեռած մեծագոյն վայելքներուն մէկէն։ ԺԹրդ դարու ամէնէն սրտագրաւ յաղթանակը տարագրուած բնութեան վերագիւտը եղաւ։ Ու « Սասունցի Դաւիթ »ը այս տեսակէտով ժամանակավրէպ մըն է։

 

Տիպարները ։ Ժուժկալութիւնը եթէ յաճախ առաքինութիւն է, երբեմն կը հաւասարի աղքատութեան, մա՛նաւանդ՝ երբ դիւցազուններու աշխարհն է, որ պիտի ներկայացնենք:

Այսպէս աւանդավէպին ամէնէն քաղցր ու ընդունակ դէմքը՝ Առիւծ Մհերը, Թումանեանի գրչին տակ վերածուած է չոր, թզուկ մարդու մը։ Ի՜նչ աւելի բանաստեղծական, քան ծերունի դիւցազունին «Մտքերի ծով իյնալ»ը, երբ կեանքի վերջալոյսին, իր փառքի գահոյքէն գերեզմանին կը նայի մելամաղձոտ իշխանը եւ անմխիթար կը տառապի իր արիւնին վերջնական նուազումին դիմաց։ Որքա՞ն մարդկային ու սրտառուչ է անոր պաղատանքը, ուշացող զաւկի մը պարգեւին ու ինչ հեքիաթունակ՝ տեսիլքը, որ մահուան գնով խոստում կը բերէ։ Դաւիթին ծնունդը միայն դիւցազներգութիւն մըն է արդէն, գրեթէ ամբողջ ինքն իր մէջ։ Տարիք, փառք, տառապանք, ծնունդ եւ մահ, մարդկային գործողութեանց ամէնէն ուժգին զսպանակները։ Ու հրաշալի մը, որ իր պարզութեան մէջ կը մօտենայ իրականին եւ մաքրութեամբ՝ կրօնական հաւատալիքներուն։ Հրեշտակներ, որոնք զաւակ կը բերեն։ Այս ամէնուն համար 15-20 տող։ Կարճ չէ՞ք գտներ։

Ատկէ դուրս, Մհերը, իբր շտեմարանը հարստութեան մը առաքինութեանց, շատ աւելի լոյսի կը կարօտի, որպէսզի կարենանք տեսնել անոր հոգեկան աշխարհը։ Մենք չենք կրնար բարացուցական տեսակէտէն նայիլ հպարտութեամբ այդ «ծուռ» Դաւիթին, որ բիրտ ուժին եւ անխելք բարութեան մարմնացումն է հեքիաթին մէջ։ Ու նորէն հոն չենք հանդիպիր ուրիշ մէկու մը, որ թելադրէր մեզի իմաստութիւնը այն բառին, որ մեր պատմութեան ամէնէն յաճախուած անունը եղաւ։ Մենք մինչեւ այսօր չենք ճանչնար հայ իշխան ասութեան նշանակութիւնը։ Մհերը միակ դէմքն է, որ պիտի կրնար յայտնաբերել փափաքուած ստորոգելիներուն իմաստութիւնը:

Յովհաննէս Թումանեան աճապարած է հողը դնելու Մհերն ու իր կինը, զոհելով այսպէս լաւագոյն պատեհութիւնը դիւցազնական նկարագիրներ դուրս բերելու։ Իր նախասիրութիւնը կ՚երթայ Ծուռ Դաւիթին:

Բայց Դաւիթը, չեմ գիտեր ո՛ր դարու եւ ո՛ր ժողովուրդին աւանդութեանցը մէջ կարելի ըլլայ զետեղել իբր ազգային հերոս:

Անիկա «ծուռ» է ամէնէն առաջ. Ու մեր ժողովուրդը, եթէ սիրած է ծուռերը եւ վախցած անոնցմէ, իր ճակատագրին ու պատմութեան խորհուրդն ալ՝ յիմարներու չասեմ, թանձրագլուխներու չէ յանձնած։ Ո՞վ է այս կէս խենթը, որ հրեշտակներով աշխարհ կու գայ, սպաննելով իր ծնողքը՝ աչքերը բացած-չբացած։

Եթէ ժողովրդական աւանդավէպը նկարագիրներու հանդէպ անտարբեր է, արուեստագէտին կը մնայ տեսնել հակասութիւնները, զգալ անհարազատը, զատել ազգային իրական գիծերը եւ հեքիաթը ընել այնպէս, որ անիկա զուարճալի դէպքերու շարք մը չդառնայ միայն: Վասնզի դէպքերն ու իրադարձութիւնը միջոցներ են, որոնցմով պիտի յայտնաբերուի ցեղին հոգեկան աշխարհը, այս անգամ բառը գործածելով լաւագոյն առումով։

Ոչինչ կայ անոր մասին խօսելու, եթէ նկատի չառնենք մարտական առաքինութիւն մը, որ թէեւ նուաղկոտ, բայց ամէնէն՝ կարկառուն գիծն է դարձեալ հերոսին։ Ես հեղինակին հաշուոյն կը նետեմ յետամնաց իմաստութիւնը, որով կռուի դաշտէն կ՚արձակէ թշնամի զինուորները, անոնց պետին գլուխովը միայն գոհացնելով յաղթական դիւցազնը։

Մնացեալները արագ ուրուագրութիւններ են՝ մարդեր ըլլալէ աւելի։ Անոնք արդէն պզտիկ անիւներ են գործողութիւնը քալեցնելու պաշտօնով ու անոնք գոնէ հակասական ու անխելք չեն, ինչպէս է հերոսը, դժբախտաբար։ Երբեմն հրաշալին, փայլակի մը մէջէն, կը լուսաւորէ անոնց տմոյն դէմքերը եւ այն ատեն կը պայծառանան, բայց շուտով կը սուզուին իրենց պղտոր մթութեանը մէջ։

Բոլորը միասին, անոնք կը ներկայանան տարտամ ու տժգոյն, քիչ ունենալով այն գիծերը, որոնք ցեղերուն ծնունդէն կու գան։ Անոնք շատ թեթեւ են ու փախստեայ յօրինումով՝ դիւցազնական զգեստաւորումին համար։ Ու անբախտ են նորէն բարքերու տեսակէտով։ Չենք տեսներ, թէ ինչպէս կ՚ապրին։ Ոչ մէկ տուն, իր ներքինովը, կեանքին պատկերովը։

Եթէ արտաքին յարաբերութիւնը, միջավայրի եւ ցեղային պայմանները այդ մարդերուն շրջանակովը մեզի անթափանց կը մնան ու չեն լուսաւորեր մեր ժողովուրդին մէկ պահը, մեր քաղաքակակրթութեան մէկ աստիճանը, միւս կողմէն՝ ներքին արժէքով ալ հեռու կը մնան տիպարային ստորոգելիներէն։

Բացի Մսրայ Մելիքէն եւ Դաւիթէն՝ միւսները սովորական մարդոց կարաւանէն կու գան։ Ու եթէ երբեմն արագ հրաշալի մը կը մեծցնէ անոնց հասակը կամ ձայնը, միշտ գործողութեան ի նպաստ տեղի կունենայ միջամտութիւնը։ Ուրիշ խօսքով՝ անձերէն ոչինչ կրնայ բխիլ, որ մեծութեան առաջնորդէր զանոնք:

Չեմ գիտեր, անիրա՞ւ եմ արդեօք, պահանջելով ատոնցմէ շարժումներու եւ կերտուածքի մեծութիւն, յատկանշական առաքինութիւններ, ցեղային բնազդներու եւ գիծերու գերադրուած խտացումը: Պէ՞տք է գոհանալ անոնց դիւրին, քիչ մը շուտ սահող մարդկայնութեամբը ու, մանաւանդ նախնական զրոյցներու մէջ այնքան դիւրատար իրենց հաճելիութեամբը։

 

Գործողութիւն ։ Թումանեանի ամէնէն հաւատարիմ առաքինութիւնը գործողութեան իր բնազդն է։ Ու վիպական տաղանդին դէմ շարժուն տարրերուն այս յաղթահարումը թերեւս երջանիկ պատճառն է, որով կը տանինք « Սասունցի Դաւիթ »ը:

Ստոյգ է, որ հակառակ գետնի պակասին ու թերեւս ճիշդ ատոր համար՝ տիպարները պարտաւոր են չարժելու: Անոնք խելք չունին, որ մտածեն։ Անոնց զգայնութիւնը շատ նախնական է ու անընդունակ մեծ խորացումներու կամ սուզումներու, ուրիշ խօսքով՝ ինքնավերլուծման: Արդէն չեն ախորժիր գոյներէն։ Ու իրենց ուրիշ բան չի մնար, եթէ ոչ քալել, վազել, ձի հեծնել կամ ծեծկուիլ։

Հոս տարրերը ամբողջովին կը հպատակին հեղինակի կամքին։ Անոր բնազդը ապահով է՝ վէպը շարժուն եւ կենդանի ընծայելու աշխատանքին համար: Բայց պետք է աւելցնել, որ շարժումին զսպանակները ամփոփ են։ Ուրիշ խօսքով՝ արարքները ենթակայ են միայն արտաքին պայմաններու ճնշումին։ Կը հետեւի հոգեբանութեան պարապը։ Ու այս զանցառութիւնը քերթուածը կը զրկէ մեծ ցնցումներուն, երկար լարումներուն առաձիգ ու ցաւոտ ուզականութենէն։ Նոյնիսկ կիրքերը դիւցազուններուն խմորը կը նմանին նետերը, որոնք չպրկուած աղեղներէ թեւ կը բանան ու ատոր համար ալ կիյնան շուտ։ Պատահարները իրարու կը յաջորդեն, բայց իրար չեն պատրաստեր, բայց իրարմէ չեն բխիր, երկունքով, տագնապով, ու զրկուած կը մնան այն ահաւոր քաղցրութենէն, զոր վտանգը կը կախէ արժէքի մը կուշտին։

Ներքին գործողութեան այս պակասը, կացութիւններու հանդէպ միօրինակ տպաւորուելու այս եղանակը թերեւս արդարանան միայն ու միայն ժողովրդական հիւսքով զրոյցներու մէջ։ Ու Յովհաննէս Թումանեան կը քաւէ մեղքը, քանի որ իր գործը կը գտնուի նախնական ու մշակուած սեռերուն ճիշդ մէջտեղը։

 

Կառուցում ։ Ասոր համար է, որ գրեթէ չէ նեղուած դիւցազնավէպը կառուցուած պահուն: Անիկա քայլ առ քայլ հետեւած է հեքիաթին։ Բաւական խղճամիտ է ու շատ ալ պարկեշտ ֆոլքլորը շահագործած ատեն։ Ասով խուսափած է վտանգէն, որ կը զգետնէ ռամիկ պատմողները, երբ ասոնք անիրական ու անկարելի տարրերով հեքիաթ կը թխեն։

* * *

Այս ամէնէն կը հետեւի, թէ « Սասունցի Դաւիթ »ը կարելի չէ ընդհանուր գրականութեան մէջ իր որոշ կաղապարը ունեցող գործերուն քով դնել ու բաղդատական եզրակացութիւններու իջնալ:

Ինքն իր մէջ առնուած, անիկա հաճելի, արագ, ոստոստուն, մանկունակ արուեստի էջ մըն է, արժէքաւոր մանաւանդ անով, որ մեզի յատուկ գեղեցկութիւններ կը պարունակէ, եթէ ոչ տիպարներուն ու շրջանակին, գոնէ գործողութեան ու գործադրութեան մէջ: Դարձեալ այս քերթուածը միջին կէտն է, ուր կը խառնուին իրարու նախնական արուեստն ու արդի մշակոյթը, գրեթէ քիչ վնասով։

Ու քիչ բան չէ ասիկա: