Գ.
ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՈՒ
ԹԵՔՆԻՔ
Հակառակ
անոր,
որ
արեւելահայերը
ենթարկուած
են,
մենէ
անհամեմատ
աւելի,
հիւսիսի
գրականութիւններուն
ու,
մա՛նաւանդ՝
ռուսականին,
դարձեալ
մեզի
չափ,
եթէ
ոչ
աւելի,
համակրութիւն
կը
պահեն
թատերական
այն
գրականութեան,
որ
առաւելապէս
հարաւի
ցեղերուն
կը
պատշաճի,
եւ
որ
կարծես
չուրանալու
համար
դասական
իր
ծագումը,
բեմին
վրայ
գրեթէ
միշտ
կը
պահանջէ
զարգացումն
ալիքը՝
վերէն
վար
ուժով
բռնուած
գործողութեան
մը։
Անշո՛ւշտ։
Առանց
գործողութեան
անկարելի
է
ըմբռնել
թատրոն
մը։
Բայց
ԺԶ.
րդ
դարու
մեծ
ողբերգակները
(անգլիական
դպրոց)
արիւնի
եւ
թոյնի
հեղեղին
մօտիկ,
որոնց
մէջէն
անձնաւորութիւնները
կը
վազեն
իրենք
զիրենք
խորտակելու,
գիտցան
գրեթե
միշտ
դնել
քիչ
մը
երազ
ամառ
գիշերներէն
։
Անոնք
միայն
դաշոյն
ու
բաժակ
չխաղցուցին։
Ու
ինչ
զուսպ,
գրեթէ
ձգտուած
է
անիկա
ֆրանսական
ողբերգակներուն
մօտ,
որոնք
զգուշացան
թարմատար
նպաստներուն
տաղտուկէն
եւ
խնայեցին
իրենց
գործողութեանը՝
մուրացուած
ուժեր։
Պէտք
պիտի
ըլլար
մինչեւ
Աղեքսանդր
Տիւմա
հասնիլ՝
գտնելու
համար
այլամերժօրէն
բուռն
ու
միմիայն
այս
եղող
գործողութիւն
մը,
որ
իր
վայրագութեանը
մէջ
կը
պրկէ
քեզ,
ու
յուզելու
տեղ՝
կ՚ահաբեկէ։
Հոսումը
կառավարելու
տարօրինակ
բնազդ
մը
բաւեց
այս
մարդուն,
որպէսզի
իր
խաղերը
երջանիկ
խանդավառութիւններ
արթնցնեն
ու
դիմանան
միայն
անոր
համար,
որ
մարդերուն
երամակը
կը
նմանի
միշտ
ինքզինքին,
ամէն
երկրի
մէջ
ու
միշտ
պիտի
չպակսի
ընկերութեան
մը
մէջ
տղայ
տարրին
մեծամասնութիւնը։
Չես
գիտեր
ինչո՞ւ
Շիրվանզադէ
իր
խաղերուն
կէսին
համար
ընտրած
ըլլայ
այս
ռոմանթիք
գործողութիւնը։
Իբրեւ
արեւելքցի,
հետեւաբար
նախնական
ու
բնազդներու
ժողովուրդ,
մեր
կեանքին
մէջ
կիրքերու
սաստկութիւն
մը
ու
նոյնիսկ
չափով
մըն
ալ
կատաղութիւն
մենք
կը
հասկնանք
անտարակոյս։
Բայց
այդ
բուռն
փոթորիկներէն
ետքը
մեր
հոգիները
կը
բացուին
մեծ
ու
բարի
խաղաղու
թիւններու
վրայ
ու,
մա՛նաւանդ՝
դարձեալ
իբր
արեւելքցի
մենք
կը
սիրենք
լքումի
մեծ
զգայնութիւնները,
որոնք
արեւելեան
ցեղերու
արուեստը
կը
յատկանշեն
առհասարակ
ու
իրենց
խորութեամբը,
իրենց
քաղցրութիւնովը,
իրենց
դանդաղ,
բայց
անդադար
յառաջացող
եղերականութեամբը
հիմնովին
կը
տարբերին
արեւմտեան
զգայնութենէն
(sensibilité):
Ու
մեր
ըմբռնած
գործողութիւնը
պէտք
է
հաւասար
խանդաղատանքով
մօտենայ
մեր
հոգիի
այս
կրկին
արտայայտութեանը:
«
Չար
ոգի
»ն
իր
ծիծաղելի
կախարդովը,
«
Նամուս
»ը
իր
փողոտումի
վերջաբանովը
կ՚ապաստանին
այս
ռոմանթիք
գործողութեան։
Բայց
միւսները։
Թերեւս
ոչ
մեկին
մէջ
(բացի
«
Պատուոյ
համար
»էն)
Շիրվանզադէ
կը
յաջողի
տէրը
մնալ
գործողութեան։
Այսինքն՝
ոչ
մէկ
ատեն
պայքար
մը
օրէնքին
ներած
պայմաններուն
մէջէն,
կը
քալէ,
հետզհետէ
կը
սաստկանալ,
վերջընթեր
արարուածին
վրայ
կարկուտի
ասպի
մը
պէս
կը
սեւնայ,
ու
վերջինին
մէջ
կը
խորտակուի
այնպէս՝
ինչպէս
վարժուած
ենք
տեսնել
արեւմտեան
փիեսներու
մէկ
մասին
մէջ։ :
(Ես
չեմ,
որ
դասական
որեւէ
տարազով
պիտի
մօտենայի
Շիրվանզադէի
գործողութեան։
Բեմին
համար,
ըմբռնումներու
տարբերութիւնը
կրնայ
ի
վերջոյ
պատճառ
դառնալ
նոր
նուաճումներու:
Փոփոխութիւնը
թէեւ
դանդաղ՝
կայ
սակայն
թատրոնին
մէջն
ալ։
Բայց
գրականութեան
այս
սեռին
համար
կենսական
նշանակութիւն
ունի
գործողութիւնը,
ան
առա՛նցքն
իսկ
է
բոլոր
ձգտումներուն,
որոնց
կապուած
է՝
յայտնաբերելու,
ու
ատով՝
չի
կրնար
ինքզինքը
ուրանալ՝
վերածուելու
համար
տարտամ
թելի
մը
(«
Արմենուհի
»)
կամ
սաստկանալ,
անբնականօրէն,
դիւրին
շեշտերուն
ու
ժեսթերուն
միջնորդութեամբ)։
Շիրվանզադէի
համար՝
գործողութիւնը
–
սեղմ,
ազնիւ,
հպարտ
ու
հոգեբանական
գործողութիւնը
–
երկրորդական
ազդակ
մըն
է,
որուն
կարեւորութիւնը
մերթ
կամաւ
ու
մերթ
ակամայ
կը
վրիպի
իր
ուշադրութենէն։
Տարուած
ըլլալով
միշտ
ու
միշտ
միւս
մեծ
մտահոգութենէն
–
մարդերուն
գրեթէ
բնախօսական
կեանքին
հետաքրքրութենէն
–անիկա
ատեն
չի
ունեցած
անդրադառնալու
միւս
մեծ
ու
այս
անգամ
անյետաձգելի
մտահոգութեան,
–
մարմիններէն
ներս,
արտաքնապէս
գրեթէ
ատոնցմէ
անկախ
այն
գործողութեան,
որ
անցնող
ձեւերուն
ու
մեռնող
տիեզերքին
տակը
կը
թաւալի
ու
մեր
սահմանափակ,
մեր
խեղճուկ,
գրեթէ
բուսային
կեանքին
խորը
կը
նետէ
զուտ
մը
յաւերժութիւն։
Աւելորդ
ու
անտեղի
չէ
այդ
պահանջը,
մա՛նաւանդ
թատերական
գրականութեան
հանդէպ,
որ
դարէ
դար
ու
ժողովուրդէ
ժողովուրդ՝
հոգիներու
շարժումը,
անոնց
տարաբախտ
ու
երջանիկ
սլացքն
ու
ընկրկումները,
սովորական
շրջապատէն
անդին
ճակատագրին
մեծ
խորհուրդը
ու
անոր
անդրադարձը
մեր
վրայ
նպատակ
է
ունեցած
բացատրելու,
որ
մանաւանդ
այս
տագնապումները
ջանք
է
ունեցած
փոխադրելու
զանգուածներուն
պղտոր
հոգիէն
ներս,
անոնց
տափակութիւնը
կէտէ
մը
խորտակելով
տանելու
համար
հոն
խորունկ
ցաւերէն
քիչ
մը
բան,
քիչ
մը
երկինք՝
կաւին
ծոցը,
քանի
մը
թել
սարսուռ՝
ամբոխներուն
ապառաժէ
սրտէն
ներս։
*
*
*
Շիրվանզադէի
գործողութիւնը
շատ
ճարտար
խնամքներու
հազիւ
կառավարուող
ազազուն
տղեկ
մըն
է։
Անոր
արիւնի
թարմութիւնը
պարտկելու
համար
թատերագիրը
գիտէ
յարմար
պահերուն
ներարկումներ
ալ
ընել։
Երբեմն
անձեր
ու
տեսարաններ
կը
յայտարարուին
անոր
պզտիկ
ու
կոտրտած
ոտքերուն
համեմատ,
խնայելու
համար
ճիգերուն
տենդը,
որ
վտանգաւոր
կը
դառնայ:
Դարձեալ,
շարունակելու
համար
նմանութիւնը,
տղեկը
պարտաւոր
է
համակերպելու
այդ
հսկողութեան
ու
եթէ
երբեք
քանի
մը
խաղերու
մէջ
(«
Չար
ոգի
»
եւ
«
Նամուս
»)
ամէն
վտանգ
աչք
առած,
ան
կը
փորձէ
մեծ
քայլերուն
յանդգնութիւնը,
ատիկա
միշտ
վնասով
մը
տեղի
կ՚ունենայ։
Ու
հոս
ոչինչ
կայ
զարմանալի:
Վասնզի՝
Գործողութիւնը
կա՛մ
առանձին
բնազդի
մը
հետ
կապուած
է
հեղինակէն
ներս,
կա՛մ
ետքէն
սորված
վարժութիւններու
կը
հպատակի։
Առաջին
պարագան
չի
պատշաճիր
Շիրվանզադէի,
որ
վերլուծող
վիպասան
մըն
է,
որ
կեանքը
պատմելու
համար
կը
նայի
չորս
դին
ուրիշ
փափաքներով
եւ
նպատակներով,
որուն
վէպերուն
մէջ
տիալոկը
երբեմն
քարոզ,
աւելի
շատ
սրամտութիւն
է,
բայց
երբեք
ու
երբեք
հոգեբանութիւն։
Ու
մենք
կ՚ունենանք
հանդարտ,
հաճոյքով
խառն
մթնոլորտ
մը,
որ
կը
բաւէ
վէպին
եւ
շատ
տկար
կը
մնայ
բեմին
համար։
Երկրո՞րդ
պարագան։
Այո՛։
Ու
այն
ատեն
մենք
այլեւս
գործ
ունինք
աշխատանքի,
մեթոտի,
ուշադիր
հետաքրքրութեան,
քուլիսներու
փոշիին,
դերասաններու
թելադրանքին,
երբեմն
սուր
հոտառութեան,
բայց
գրեթէ
շատ
քիչ՝
տաղանդին:
Այս
է
պատճառը,
որ
ռոմանթիք
շարժումին
ամէնէն
տկար
հեղինակը,
Տիւմա,
հակառակ
իր
սահմանափակ,
միջակուկ
կարողութեան,
տուաւ
խաղեր,
որոնց
մէջ
գրագէտէն
զատ
ամէն
բան
կայ,
բայց
որոնք
նոյն
ատեն
ունին
առաջնակարգ
արժանիք
մը
–
ժամանակին
մէջ
դնելով
գործը
–
շարժուն
եւ
բուռն
ըլլալու
արժանիքը:
Տիւմա
գործողութեան
բնազդը
ունէր
շատ
աւելի
բանաստեղծ
Հիւկոյէն
եւ
կրնամ
ըսել
նոյնիսկ
մեծ
Վիներէն,
որ
մեկ
անգամ
բախտաւոր
եղաւ
(
Չէթըրթըն
)։
Այս
է
պատճառը,
որ
Սգրիպի
պէս
մարդուկ
մը
գրեթէ
կէս
դար
տիրապետեց
թատրոնին
ու
Սարտուները
լաւագոյն
ռազմավարներու
նման
գիտցան
տանիլ
տեսարաններն
ու
արարուածները:
Աշխատանքի
ու
մեթոտի
արդիւնք։
Շիրվանզադէի
մէջ
այս
ձեւով
ստացուած
գործողութիւն
մը
կայ
անշուշտ։
Բայց
անոր
տարողութիւնը
չենք
կրնար
փորձել
մեծ
կառուցումներու
համար։
Եթէ
անձերուն
վրայէն
վերցնենք
յատկանշական
ժեսթերուն,
պզտիկ
ու
համով
չարութիւններուն
աղն
ու
անակնկալը,
եթէ
արարուածքի
ընթացքին
արգիլենք
օտար
ջուրերուն
մուտքը
ու
մարդերը
մինակ
ձգենք
կեդրոնական
հոսանքին
հետ,
պիտի
տեսնենք,
որ
մեր
հոսանք
կարծածը
ջուրի
նիհար
թել
մըն
է,
որ
պզտիկ
փրփուրներ
պիտի
տայ
տիպարներուն
տապլտուկին
տակը,
բայց
անկարող
պիտի
ըլլայ
զանոնք
քայլ
մը
առաջ
տա
նելու:
*
*
*
Եւ
հաւատք
չունիմ
թեքնիքին
վրայ,
որ
արդեն
որոշ
իմաստ
չի
բերեր
առաջին
աչքին
եւ
ամբողջացում
մը
ծածկելու
կը
ծառայէ։