Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

I

Արեւմտահայ քննադատութիւնը տեսակ մը անտարբերութեամբ, չըսելու համար կանխակալ արհամարհանքով սիրած է մօտենալ արեւելահայ բանաստեղծութեան ամէն անգամ, որ առիթը տրուած է իրեն՝ զբաղելու անով։ Միւս կողմէն՝ արեւելահայերը, այս անգամ բիրտ ուրացումով, դատապարտած են առհասարակ Արեւմտահայ գրականութիւնը եւ առանձնապէս ասոր բանաստեղծութիւնը նոյնիսկ իր ամէնէն տաղանդաւոր ներկայացուցիչներուն մօտ։

Աւելորդ է հոս նոր պատճառներ որոնել այս յարաբերութիւնը արդարացնելու կամ դատափետելու համար։ Բաւական է միայն, անոնց մեծագոյն բանաստեղծին ուսումնասիրութեանը մուտքին յիշել, թէ երկու հատուածներուն մէջ արուեստի ըմբռնումը կը տարբերի մէկ քանի սեռերու ու մասնաւորաբար բանաստեղծութեան համար։

Յետադարձ ակնարկ մը սակայն դիւրաւ պիտի տեսնէր կէտը, մէկը բաւական մօտ, ուրկէ մեկնած օրերուն մեր նոր գրականութիւնը ցոյց կու տար խորքի ու ձեւի զգալի նոյնութիւն։

Սկսողներուն սերունդը, իր ոտքին իբր կռուան, կը փնտռէր պատմութիւնն ու իր փառքը: Ու հակառակ բարբառներու տարբերութեան, գրողներուն մէջ մէկ ու միամիտ է հաւատքը։ Անոնք կը վախնան քայլ փորձել անհատական զգայութեանց դաշտերէն։ Ու մեր երգահանները ու մեր քարոզիչ քերթողները, Պոլիս կամ Թիֆլիս, կարծես անխուսափելի պարտականութիւնը ունին մեր գրեթէ անսփոփ ցաւը ամոքելու, մեր գերութեան դառնութիւնը տանելի ընելու, ու յոյսին կանթեղը պտտցնելու մեր դարաւոր գիշերին խորը:

Պաշտօնական այս կոչումը ծնունդ կու տայ, երկու հատուածներուն մէջ միամիտ, քիչ մը պոռոտ, անցեալին հակած մտայնութեան մը, որ, իրաւ է այդ գիտակցութեան անդրանիկ երեւոյթ, բայց անընդունակ է գեղարուեստական ստեղծագործութեան։ Եթէ Աբովեան կ՚ազատի մեղադրանքէն ու Դուրեան չընկճուիր անոր տակը, պատճառը անոնց տաղանդին անհամեմատ մեծութեան մէջ պէտք է դնել:

Բայց այս ու դեռ քանի մը անուններ անբաւական պիտի մնային հոսանքը տեղափոխելու (մնաց որ, անոնք արդէն ընտանի կը զգան զիրենք այդ ջուրերուն վրայ)։ Ու Մոսկուայէն կամ Վենետիկէն մեզի եկած է նոյն պատգամը, երանգի պզտիկ տարբերութեամբ մը։

Յաջորդող սերունդը, կրելով հանդերձ նոյն ճնշումը, նոյնիսկ տառապելով անկէ, փորձած է ինքզինքը ազատագրել, կրցածին չափ։ Ու տարուելով ազդեցութիւններէ, որոնք մասով մը քաղաքական էին, մեր նոր գրականութիւնը քիչ-քիչ կռնակ է դարձուցած մայր աւազանին։ Ու մարմին է առած անբնական երեւոյթը, ափ մը ժողովուրդի համար կրկնակ գրականութեան մը մեղքը։

* * *

Ու երկուքն ալ ըրին իրենց ճամբան,

Նիւթէն դուրս է այդ գնացքին հետեւիլ Արեւմտահայ գրականութեան համար:

Արեւելեանը ծանրութեան տակն էր իր աւանդութիւններուն։ Անիկա չուզեց աչքէ հեռու պահել ժողովուրդը ու չկրնալով զայն իրեն քաշել, ինք գնաց դէպի ան։ Այս շարժումը նոյնութեամբ կը կրկնէր նախորդներուն ընդհանուր նկարագիրը, ու փոփոխութիւնը երեւան եկաւ միայն լեզուին վրայ։ 80 թ. սերունդը, հակազդեցութեան իր ճիգին մէջ, յաջողեցաւ անցեալը նետել քիչ մը աւելի ետ, այս աղօտումը փոխարինելով ներկային մոլեռանդ պաշտումովը։ Ուրիշ խօսքով՝ արուեստագէտը պիտի զոհէ շատ բան իր սրբութիւններէն, մնալ կարենալու համար ամբոխին հասողութեանը մէջ, ինչպէս նոր կրօնքներու առաքեալները կ՚ընեն, լքելով իրենց ամէնէն նուիրական հարստութիւնները ու կը նետուին ծոցը ժողովուրդին, հագնելու համար անոր հոգիին բոլոր ճառագայթումը։

Յովհաննէս Թումանեան յայտարարուած օգտապաշտներուն յաջորդ սերունդէն է եւ անոր ամէնէն կարկառուն դեմքը։

* * *

Անկնճիռ ու համակրելի դիմագծութիւն մը, պարզ ու դիւրահաղորդ, որ գրեթէ առաջին անգամ ազատ արուեստի մը ըմբռնումին է եղած ու անոր հպատակած, անշուշտ վարանքով։

Իրմով կը սկսի անձնական, կամ գիրքերու որակումով՝ քնարերգական բանաստեղծութիւնը արեւելահայոց մէջ։

Դարձեալ իր շունչին տակ կը կազմուի մեզի համար նոր, բայց հարազատ սեռ մը, որ հակառակ իր անկատարութեան, պիտի բաւէր իր մաքուր փառքին համար։ Անիկա գրեթէ ստեղծած է դիւցազնավէպը։

Ու անփոխարինելի բան, ան ստեղծած է նորէն մանուկներու գրականութիւնը, այսինքն՝ ամէնէն դժուարամատչելի բարձունքը նախնական գրականութեան մը մէջ:

Ու քնարերգակ, ու դիւցազներգակ, ու դասական այս քերթողին հետ արդար կարենալ ըլլալու համար, հարկ է անջատել մասերը ու իւրաքանչիւրին մօտենալ մասնաւոր տրամադրութեամբ: