Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՅԻՇԱՏԱԿ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Ձեռքեր, դէմքեր, նայուածքներ՝ կեանքիս մշշոտ խորերէն.

Լոյսեր, թուփեր ընդծովեայ՝ որոնք կ’անցնին յուսաբեկ.

Մերթ կը փորձեն խօսիլ ինձ. կը մօտենան յամրօրէն,

Ու կը դողան, կը հալին, կ’այլակերպին մէկ առ մէկ։

 

Արնոտ տօներ, անձրեւ, ձիւն, ցեխոտ դիեր. ռումբերէն

Լուսաւորուած քաղաքներ… Մղձաւանջներ կը կռուին

Հոսանքին դէմ, մերթ վըրաս յամառօրէն կը խուժեն,

Բզկտելով իրար, լուռ՝ կը յանձնըւին խաւարին։

 

Աչքերս ի զուր կը նային. անհունութիւնն է մահուան.

Ամայութիւն։ - Ոչ ծընունդ, ոչ մանկութիւն, այլ անծայր,

Անյիշատակ գոյութիւն։ Ոչ հայրենիք, ոչ հայր, մայր

Այլ անջրպետ մը լըռին, ուր լոկ շուքեր կը ծըփան։

 

Ո՛չ, անցեալի մը չեղան խարիսխ յուշերըս երբեք։

Որ պիտի յոյս տային ինձ, իմաստութիւն. այլ աղօտ՝

Կը զգացընեն անոնք միշտ, թէ կեանքը վիհ է ու մէգ,

Եւ ամուլ է ամէն վիշտ, ամէն վայելք ու կարօտ։