Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա՜լ կ՚ուզէի զզուանքի մը մէջ խորին

Կընքել դըռնակն իմ շըրթներուս շաղակրատ,

Ականջներըս խըցած դուրսի ժըխորին,

Անձայն խոկմանց հըսկել անկիւնն անարատ։

 

Ու տիրանալ հոն՝ լըռութեան գանձերուն,

Ստըրջանքովն հին, անօգուտ խօսողի,

Մինչեւ հոգւոյս վերջին կընճիռը սարսռուն

Ռոշնութեան մը անդորրին մէջ խաղաղի՜։