Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«Գեղեցիկը, ճըշմարիտըն ու բարի՜ն…»

Կը ճառէր ան աշխարհի չորս հովերուն.

Կ՚ուսուցանէր անկեղծ շեշտով մը թրթռուն,

Ինկած մարդոց ուղեկորոյս արջառին։

 

Մարեցաւ ինք, այլ իր մըտքին՝ կը վառին

Իտէալով լուցուած մոմերը ցընծուն,

Ու կը հնչէ դեռ սըրտաբուխ ալէլուն

Իր մաքրափայլ ոսկեղինիկ բարբառին։

 

Այս լաւատես անուրջին՝ լի հեշտանքով,

Տըքնեցաւ ան, արի՜ դարբինն, յուզմանց բով.

Նոր մարդկութիւնն կըռել, կոփել կ՚երազէ՜ր։

 

Ո՜վ կամաւոր անմահութեան հաւատքին,

Ինկա՜ր, անմեռ մընաց մէջ քու հոգին.

Յիշատակիդ՝ մաքուր հալուէ, խունկ ու սէ՜ր։