Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յանդուգն՝ ինչպէս միստիկ ֆաքիր մ՚ընծայաւոր,

Խօլ թեկնածու՝ վերանցական ճշմարտութեան,

Յար կը փորձէր ան փեռեկել քօղն իսիսեան,

Խարխափելով իր մըտածման նշդրակն անզօր։

 

Ու զինաթափ՝ յիմար փորձէն հանդիսաւոր,

Մորմոքելով մոնազն անոք խորն իր անկեան,

Ա՜լ կ՚ընկըրկէր սեւ անդոհէն անեզրութեան,

Անկարելի ուխտի մ՚անբախտ իբր ուխտաւոր։

 

Ու մոլորո՜ւն, ցընորաբե՜կ եզրը վիհին,

Հիմա կ՚ըմպէ մոռացութեան լեղի գինին,

—Բարի՜ դեղթափ իր մարդկային բիւր ցաւերուն։

 

Մինչ՝ հեգնալից գեղեցկութեանց հանդիսավայր,

Մըշտանորոգ պատրանքներու հինաւուրց մայր,

Դուն վաղեմի մեծ ըսփինքսն ես, ո՜վ բընութիւն։