Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քընար, գիտե՞ս տրտմութեանըդ ժըպտալիր

Անկեղծութեան չեն հաւատար, ինձ ըսին։

Ինչո՞ւ, զի դուն երբէ՛ք, օ՜ր մը, չուզեցիր

Նըւաստանալ թաց աչքերուն ցոյցով սին։

 

Առտուներուն ցընծութեան մէջ՝ թրթըռա՛ դուն

Մելամաղձոտ հրճուանքներըդ խաբուսիկ,

Եւ մեղմագին՝ հըծծէ՛, երբ գայ իրիկունն,

Խորհըրդապահ ըստուերի մը ծոցն հեզիկ։

 

Ու թո՛ղ ըզքեզ ա՜լ չը լըսեն. ի՜նչ օգուտ

Դառնալ մարդոց գընահատման նըշաւակ.

Գիտե՜ս, աշխարհ իր փառքերով բազմասուտ

Չարժեր խորհուրդն անկեան խորշի մ՚ամրափակ։