Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մուսա՜յ, նորէն երազներուն գիրկն անկետն

Դուն կ՚անցընես տագնապալից ժամ մ՚երկար.

Նայուածքդ ինչո՚ւ թախիծն ունի դիւթական

Ազնիւ ու լուրջ հոգիներուն սըգահար։

 

Կը տագնապե՞ն քեզ յուշքն ոսկի երազոց,

Որք հեռացան քենէ մեղմիւ՝ այլ անդարձ.

Սիրտըդ ունի ծածուկ, աւա՜ղ, այլ սուր խո՞ց

Հին սէրերուդ ուրուականէն հալածուած։

 

Կ՚անդրադառնա՞ս քու անհամար իղձերուն,

Որոնց մոխիրն հիմա ունիս սըրտիդ մէջ,

Կամ երգերո՞ւն որք մարեցան հուսկ հեռուն,

Վերջալոյսին ծոցն՝ օրուան մը վաղաշէջ։

 

Բուրմունքնե՞րն են, ցոլքե՞ր, ձայնե՞րն անցեալին

Որ կը յուզեն յիշողութեանցդ հորիզոնն.

Ու կ՚երազե՞ս թէ մոմերը կը հալին

Պաշտամունքի նըւիրական անկեան խորն։

 

Դուն չես ըսեր սակայն ոչի՛նչ ոչ ոքի՛

Արկածներէն՝ հըպարտ հոգւոյդ մենասէր,

Եւ անտարբեր՝ ըստգըտանքին աշխարհքի,

Կ՚ուզես ապրիլ անկախութիւնդ անըստուեր։

 

Այս իրիկուն, ո՜վ քոյրն հոգւոյս մըտերիմ,

Կը տագնապես զիս՝ տըրտմութեամբդ անսովոր,

Ու չեմ գիտեր ես ալ արդեօք ի՞նչ ունիմ,

Որ արցունքներ կ՚ուռին, անձայն, սըրտիս խոր։