Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իրիկունը կ՚առաջանայ յամրաքայլ,

Եւ կը թողում ձանձրոյթն՝ եզրը գիւղակին.

Կը դեգերիմ երազելէն, հոգեզմայլ…

Հոս՝ ցորենի արտեր, հեռուն իմ այգին։

 

Կարեկցութեամբ լի է սիրտըս տըրտմաբեկ,

Ահա՛ գիւղըս, անշուք օրրանն իմ հոգւոյն.

Կ՚ուրուագըծուի տանիքներուն շարանն հէգ,

Տերեւախիտ ծառերուն մէջ լըրթագոյն։

 

Հոն կը ցցուի զանգակատունը խարխուլ

Հընամենի եկեղեցւոյն, ա՜լ թափուր,

Եւ կոչնակին կըշռոյթը մերթ ջինջ մերթ խուլ՝

Կ՚ալեծըփի խորն երկինքին գաղտակուր։

 

Հոս՝ կիսաւեր հողմաղացը կ՚երազէ

Իր ջախջախուած բազուկներուն պարծանքն հին,

Մինչ կը խաղան մեռնող ցոլքեր տըպազէ՝

Իր որմերուն ծերպերուն մէջ, հեգնա՜նք սին։

 

Վերջին կայծեր՝ կ՚ոսկեզօծեն լայն ճամբուն

Յոգնած փոշին, հետքեր բոպիկ ոտքերու.

Անծանօթին ծոցէն կ՚ողբայ դըժնէ բուն,

Եւ ծըղրիթներն ալ կը ձայնեն իրարու։

 

Կը խաղաղի իրիկունը մոգական,

Ծիրանագեղ թաղծութեան մէջ երազուն.

Մինչ անուշ բեռն իմ կենցաղիս գիւղական

Անհունօրէն կ՚ընկճէ զիս այս իրիկուն։