Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Նոյեմբերի վերջն, իրիկուն մ՚երբ տըխուր

Վերելակել կ՚ուգաս գիւղիս իմ բըլուր,

Շրթունքներըս քաղցր հեգնութեամբ ժըպտագին,

Մըռա՜յլ ձըմեռ, քեզ կ՚ողջունեմ վերըստին։

 

Կը գտնես զիս նորէն՝ ճամբուն եզրը լայն,

Անձուկին մէջ եկւորի մը ըսպասման.

Սիրտս այս տարի ա՜լ աւելի է շըփոթ,

Հոգիս՝ հոգեր ունի, ճակատս՝ ամպ եւ փոթ։

 

Չոր տերեւ մը թըթենիի կիսամեռ

Քայլերուս տակ հեծկըլտանք մը կ՚ապրի դեռ.

Եւ, հոն, վարը տերեւաթափ իմ այգին՝

Սուգը կ՚ողբայ դաբնեկորոյս իր փառքին։

 

Ես՝ խոկալէն վերադառնամ դէպի տուն

Ու յամրաքայլ՝ իմ ետեւէս եկուր դուն,

Եւ աշխարհէն ու մարդերէն ալ հեռու,

Հարիւր գիշեր մեր վիշտն հծծենք իրարու։

 

Այս իրիկուն երբ, ո՜վ ձըմեռ, վերըստին

Վերելակել կուգաս բըլրակն իմ գիւղին,

Կը գտնես զիս նորէն ճամբուն մէջ երկար,

Ուր կ՚ըսպասեմ եկւորին որ դեռ չի՜ գար։