Աշնանային
խաղաղ
գիշերն՝
ուրուանման
Կը
սըպըրդի
մենութեան
մէջ
սենեակիս.
Շըփոթ
հոգը
տարտամ
յոյսի
մ՚ըսպասման՝
Կը
խըռովէ
լուռ,
ինքնամփոփ
իմ
հոգիս։
Կ՚ըմպեմ
նեկտարն
առանձնութեան
ումպ
առ
ումպ,
Սիրտըս՝
ըզգաստ
եւ
քաղցրօրէն
ըսկեպտիկ,
Եւ
հինաւուրց
երազներուս
յետնեալ
խումբ,
Այցելութեան
կուգայ
նորէն
ինձ
յուշիկ։
Աշնանային
գիշերն
է
լուռ,
անվե՜րջ
լուռ.
Զեփիւռ
մը
ցուրտ՝
կը
գգուէ
հուրքն
այս
ճակտին,
Եւ
աստղերուն
նայուածքները
ոսկեհուռ
Երազաւէտ
ժըպտով
մ՚ինծի
կը
ժըպտին։
Ոսկի
շողեր՝
սիրտս
երկինքի
իրերուն
Կը
լըծորդեն,
ու
բաղձանքներս
իմ
թեւատ
Կ՚առնեն
թըռիչ,
—
պար
թիթեռանց
շըւարուն
Գիշերային
տարտամին
մէջ՝
յուսահատ։
Առընչութեանց
վարմն՝
էութիւնս
իմ
համակ
Տիեզերքի
հիւլէներուն
անհամար
Կը
շաղկապէ,
եւ
յոյզն
ունիմ
անպարփակ
Նըւիրական
հաղորդութեան
այս
անճառ։
Սենեակս
է
լուռ՝
ու
պատուհանս
է
մըթին.
Կըրթընած
եմ
անոր
առջեւ
սըրտաբեկ,
Ու
խորն
անտես՝
հոգւոյս
անխոյզ
անդունդին
Կը
կայլակեն
լուսնին
ցոլքերը
բեկբեկ։
Կըրօնագեղ
գիշերն
է
լուռ,
որքա՜ն
լուռ.
Խիստ
զեփիւռ
մը
կը
զարնըւի
իմ
ճակտին,
Եւ
երկինքին
քընատ
աչքերն
ոսկեհուռ՝
Ինձ
կը
նային
քաղցրիկ
ժըպտով
մ՚ըտերիմ։