Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Օր մը զիս մարդիկ շատ շըռայլ գըտան

Սըրտիս բոցաթեւ խոյանքներուն մէջ,

Խոյանքներ յախուռն, ճախրանք բազմատենջ՝

Յանդուգն իղձերու թեւերուն վըրան։

 

Ու պատշաճութեան համար ես՝ լըռին՝

Մարեցի բոցոտ կանթեղն աչքերուս,

Եւ ալ կարծեցին թէ ցուրտ ու անյոյզ,

Մարեր է մաքուր խունկը բուրվառին։

 

Այսօր՝ ես քուրմն եմ դէմքով սառնորակ,

Որ իր եսութեան խորանին վըրայ

Դըժնէ աղօթք մը դեռ կը մըրմըռայ,

Իր սիրտն ընելով այնտեղ պատարագ։

 

Եւ յօժարակամ՝ այլ տառապագին,

Կ՚ըստուգէ թէ իր հոգին ամպարիշտ

Կը խոշտանգէ մերթ անսահման մէկ վիշտ,

—Զըղջո՞ւմը լըքման աշխարհիկ կեանքին։