Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քրոջս՝ Վերգինէին


Անհո՜ւնօրէն խաղաղ գիշերն ամառուան

Կը բաբախէ խորհուրդի մը մէջ վսեմ.

Խորն այն լազուարթ միայնութեանց՝ կը հեւան

Ոսկի աչքեր, ծիր-կաթինը ձիւնեղէն։

 

Մայրագորով բընութիւնը յոգնաբեկ

Հանգիստ կ՚առնէ գիշերուան մէջ փառաւոր,

Եւ լուսընկան իր քաղցրափայլ ժըպտով շէկ

Կ՚ոսկեզօծէ վայրանըկարն հեռաւոր։

 

Պարտէզին մէջ՝ շուշանները ձիւնալանջ

Իրենց նըրբին կը մըխան բոյրն ըզգըլխիչ.

Հոն՝ ըսփոփել իր վէս հոգին նըրբատանջ

Թոյլատրեցէ՛ք երազողին դառնախիղճ։

 

Կայծոռիկ մը կ՚ուրուագըծէ մութին մէջ

Ըստուգութեան նրբուղի մը լուսեղէն,

Իտէալի ճամբան՝ յանդուգն ելեւէջ,

Զոր գիշերուան ալիքները կը թաղեն։

 

Դեռ մըրմունջներ, հեւքեր կ՚երգեն քըրմանման

Ծառերուն տակ, ծաղկանց մէջէն ցընծալիր,

Եւ բընութիւնն իր գորովով մայրական՝

Կ՚ապրեցընէ ամէն մասնիկ, ամէն իր։

 

Ընկողմանած յունապիին խընկահոտ

Ճիւղերուն տակ, բանաստեղծը յուլաբար

Կը թերթատէ իր խոհերը վարանոտ,

Ճարակ՝ յուզմանց իր քընարին բազմալար։

Եւ կ՚օրհներգէ յուզումնավառ շըրթներով

Անասելի գեղեցկութիւնը կեանքին,

Մինչ ոսկեբիբ աչքեր՝ վերէն՝ անվըրդով՝

Բանաստեղծին կը բարեւեն ժըպտագին։

 

1912