Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իրիկուն է. խաղաղութիւնն անսահման

Կը սաւառնի դաշտին վըրայ տըրտմագին,

Եւ համբոյրէն զեփիւռներուն ցուրտ աշնան

Կը սարսըռայ մըսկոտ սընդուսն երկինքին։

 

Հորիզոնին մօտ՝ գաղտակուրն ամպերուն

Վերջալոյսին բոցերուն մէջ կը լողայ,

Եւ ջինջ արիւնը մահամերձ արեւուն

Կ՚երփնազօծէ օրուան փառքը փախըստեայ։

 

Հեռուն՝ հըսկայ լեռնաշըղթան կը պառկի.

Մառախուղէ ծովն՝ իր կաթէ անկողին,

Եւ գետակին լոյծ ժապաւէնն հեշտակի

Բըլուրներուն կը փաթթուի լուրթ կողին։

 

Կիրամուտք է, օրհներգութեանց պահն անդոյր.

Կը ձայնարկեն կոչնակները սըխրագին,

Եւ տուներէն թըռչող խունկը քաղցրաբոյր

Կ՚արբեցնէ մթնոլորտը գիւղակին։

 

Մինչ կը ցընծայ յիշատակըն անոնց որ

Անհետացան անել ճամբուն մէջ մըթին,

Եւ արցունքոտ քաղցըր յուզում մ՚անսովոր,

Կը համակէ սըգատխուր մեր հոգին։

 

Մայր բընութեան մըրմունջները բիւրաւոր

Կը դաշնակուին նուիրական այս ժամուն,

Ու կը հիւսեն մեծ մեղեդին փառաւոր

Ձօնուած կեանքի սկըզբունքին սըրբանուն։

 

Համայնական ծընրադրութեան խորհուրդին

Կը մասնակցի նաեւ քերթողն անանուն.

Ո՜վ բընութիւն, ընդունէ՜ իր սըրտագին

Պաշտամունքին հըծծիւնները շըւարուն։