Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իրիկուն է. հոգիս կ՚երթայ վերըստին

Գիւղէն հեռու, դաշտերուն մէջ, աշնան մօտ,

Եւ գեղամոլ վըկայ անդարձ կորուստին՝

Ըսփոփել իր երկբայանքները շըփոթ։

 

Դեռ անձկագին՝ իրիկունը կ՚երազէ

Մայրամուտի խորհուրդին մէջ հոգեխռով.

Հորիզոնը բոցակարմիր սընդուսէ

Կը բըռընկի իր ծիրանի վէրքերով։

 

Խորն երկինքին՝ բիւր երանգներ կը թռչտին.

Դաշտերուն մէջ կը պըլպըլան մեղմ ցոլքեր.

Գունատախտակն աստուածային արուեստին

Այս պանծալի իրիկուան մէջ է թափեր։

 

Արեան անձրեւ մը կը նըժայ ամպերէն,

Որ կը սուզին ոսկի ծովուն մէջ պայծառ,

Եւ կըրակէ ծըփուն գետ մը, ուղխօրէն

Կը լըզուըռտէ հորիզոնը բոցավառ։

 

Արեւն անբոց, արիւնոտ աչք սեւեռուն,

Ինձ կը նայի ուշադրութեամբ մոլեգին,

Ու կը դիւթէ մենութիւնը դաշտերուն

Պակուցիչ փայլն իր վիրաւոր նայուածքին։

 

Հերոսական կարմիր մա՜հն է արեւին.

Պատանքն ամբողջ՝ արիւնլըւայ կը փըռուի,

Եւ իրիկունն եղերական տըռամին

Գիշերուան մօտ անհունօրէն կը տըրտմի։

 

Եւ կը սահի՜, կ՚անցնի՜ պահը դիւթական.

Մայրամուտի խորհուրդին մէջ գուժաւոր,

Ու կը դիտեմ հորիզոնըս գիւղական

Ուր ա՜լ աւեր ու մոխիր կայ սըգաւոր։