Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կուգայ ձիւնը առատութեամբ հեշտագին,

Իրիկուան մէջ՝ անհունօրէն ձանձրահար,

Ձի՜ւնը, անվե՜րջ, դեռ կը տեղայ հողմավար…

Կը քանդըւին բիւր պալատներն երկինքին։

 

Բուռն հեշտանքով կը պարուրէ ամէն ինչ,

Համագըրաւ ու յաղթապանծ ուրուականն,

Ու սանձարձակ մոլուցքն հովին խօլական

Կը խըռովէ երազներուս հանդարտ նինջ։

 

Սպիտակին հեշտաւէտ սուգն՝ օձանման

Կը թափանցէ յուշիկ հոգւոյս լըռանիստ,

Եւ իրիկունն եղերօրէն անհանգիստ,

Ինձ կը բերէ անձուկն անվերջ գիշերուան։

 

Դեռ կը դիտեմ ձիւնը, կուգա՜յ վերըստին.

Լերդ ծիծաղ մը կ՚ամոքէ սիրտս անըզգած.

Չունիմ այլեւս անձուկ, թախիծ կամ կասկած,

Երբ կը ժըպտիմ ձիւնամոլոր իմ բախտին։