Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տիկին Զապել Եսայեանին



Ո՞վ ինձ կուտար ամանորի հրճուանքն հին,

Նաւասարդի մարգարտավառ ջինջ առտուն,

Սոյրն եղջերուաց, վագելն՝ ազատ եզներուն,

Ո՞վ ինձ կուտար հանդարտ ծուխը ծըխանին։

 

Գինով հոգիս՝ անլուռ բամբիռ՝ ցընծագին

Կը հագներգէ յուշքն հինօրեայ տօներուն,

Եւ կը փորձէ հընչել քընարն իմ թրթռուն՝

Վաղընչուց փառքն Աստուածուհւոյն ոսկեծին։

 

Ըզգաստութեան, իմաստութեան Մա՜յր, թոյլ տո՜ւր

Ոգել պարծանքդ՝ հոգւոյս խանդովն երկնատուր,

Եւ քընարիս բիւր լարերը թող թընդա՜ն։

 

Յետամընաց վիպասանն եմ շըւարուն…։

Իցի՜ւ շունչըս ձուլուի երկնից հովերուն,

Եւ յաւիտեա՜ն հընչէ նոր երգն այս գողթան։