Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բլրին դալար թաւշին վըրայ սիրալիր

Ընկողմանած եմ ծուլութեամբ հեշտագին.

Նայուածքս անվերջ վայելք մըն է խոր, ներքին,

Իրիկուան մէջ՝ ուր կ՚երազէ ամէն իր։

 

Միս մինակ եմ ամայութեան գիրկն անբաւ,

Զոր կը լընու հոգիս՝ անծիր տարածմամբ.

Չունի երկինք կընճիռ, չըկայ ոչ մէկ ամպ,

Խորն ինքնակալ խաղաղութեան այս անդաւ։

 

Կը մըխըրճի աղօթաձոյլ մինարէն

Հոն, կապոյտին վըրայ, սէգ ու բարձրաբերձ,

Մաքուր սըլացք աստուածներու գահին մերձ.

Խորն իրիկուան՝ հըսկայ մոմ մը տարօրէն։

 

Եւ անպատում խաղաղութեան լուռ պահուն

Մինչ կը ձայնէ միւէզզինին երգն, երկա՜ր,

Հոն, շէրիֆէն, աստեղազարդ մանեակ վառ,

Մութէն առկախ կը կայծկլտի շողշողուն։