Մեծ
երազէ
մ՚հալածական
Քընաշըրջիկ
մ՚եմ
թափառկոտ,
Փախած
գիշեր՝
մ՚ասպնջական
Ծոցէն
մօրըս
բազմակարօտ։
Ու
կը
քալե՜մ։
Գիշերն
երկայն,
Գիշերն
անհուն՝
դեռ
կ՚երկարի,
Եւ
կ՚ուշանայ
նըւիրական
Արշալոյսին
ցոլքը
բարի։
Անհընարին
մեծ
երազն
այն
Գիշերն
ինձ
հետ
պիտի
մարի՞։
Կը
թանձրանայ
գիշերն
երկայն,
Գիշերն
անհուն՝
մի՛շտ
կ՚երկարի՜։
Սարսափս
է
մեծ
ու
վէրքս
է
խոր,
Պիտի
ընկճի՞մ,
անյո՞յս
եմ
ալ
Ու
չեմ
կըրնար
քայլամոլոր
Մօրս
իսկ
ծոցը
վերադառնալ։