Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՄԱՐ ԽԱՅԵԱՄ

Եկո՜ւր, քը՛նար, սեւ օրերուս ընկերդ իմ,

Մատներուս տակ մոռացութեամբ ոճրագործ,

Եւ յագեցուր կարօտները մըտերիմ

Զըւարճասէր յիմար սըրտիս իմ անփորձ։

 

Եկո՜ւր, քընա՜ր, տո՛ւր ինձ կուրծքըդ, գրկե՛մ քեզ,

Մոռացութեան ապաշաւով զըղջահար,

Եւ յոյզերուն կոհակները դէզ առ դէզ՝

Թո՛ղ կուտակուին սըրտիս վըրայ, խօլ ժամհար։

 

Պատրանքներու թիթեռներուն հոյլն յետին՝

Կը խուսափի հորիզոնին շուքին մէջ,

Ու ցաւագին վանկերն աղու երգի մ՚հին

Հոգւոյս խորը կ՚առնեն յուշիկ ելեւէջ։

 

Ժողվե՛նք հետըդ փունջը ցրուուն վանկերուն,

Ու հոն փնտռենք մըխիթարանքն ապահով.

Ցոլքեր, կայծեր կը մարին մեր շուրջն, հեռուն,

Ու կը փըչէ միայնութեան ցըրտին հով։

 

Վաղ քեզ մոռցայ, լըքուած քընա՛րս իմ տըխուր։

Անփութութեան ճամբաներուն մէջ մոլար,

Ու վերադարձն հոգւոյս՝ լի է գերասուր,

Տագնապներով եւ հոգերով խըղճահար։

Մի՛ անգոսներ դըժբաղտ այս սէրն յետամնաց,

Թո՛ղ թըրթըռման նորէն ինձմով քու լարեր,

Եւ սըրբազան պահարանին դըռնէն բաց

Նոր սաղմոսներ թող թեւ առնեն դէպի վեր։

 

Եւ թող ըլլայ երգն այս նորոգ՝ երգ մ՚անանց,

Փառաբանանք՝ անուրջներու աշխարհին,

Ու թաղծաբեկ սըրտեր իբըր թող ժամանց՝

Մըխիթարեն անով իրենց վիշտերն հին։

 

Եկո՛ւր, քընա՛ր, միակ դուն ինձ բարեկամ,

Պատմե՛նք յուշիկ մեր երազներն իրարու,

Մեր ցաւին մէջ մինակ, հըպարտ այս անգամ,

Եւ հեգնանքէն մարդոց իսպառ մենք հեռու։