Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գարնան գիշերուան երկինքն է պայծառ

Լուսնով ոսկեզօծ մառախուղին մէջ։

Կապոյտին աչքերն հեշտանքով անճառ

Կը քթթեն քընա՜տ ու երազատենջ։

 

Ի՜նչ քաղցր է նստիլ պատուհանիս քով

Եւ այս խընջոյքին հոգիս անձնատուր

Ծըծել երազը դառն ըսփոփանքով,

Մեծ մոռացման մը վայրկեանին մէջ լուռ։

 

Հոն կ՚անդորրի թափն հոգւոյս ծըփանքին,

Որ խաղաղաւէտ լըճի մը նըման

Կ՚անըրջէ անշարժ եւ ըզմայլագին,

Եւ ուր կապոյտէն՝ ջահեր կը ցոլան։

 

Կը հանգչի սիրտս ալ, հրավառ խընկաման,

Յուշիկ թմրութեամբն իր կըսկիծներուն,

Եւ կըրօնաշունչ պահը գիշերուան

Անվերջ վայրկեան մ՚է վայելքով լեցուն։

 

Գարնան գիշերուան լուսնին տակ պայծառ

Հեշտ է ինձ այսպէս փարիլ անուրջին,

Ըզգալ ներսս ուժգին կեանքը մըշտավառ

Եւ սըրբել հոգիս իր ցաւերէն հին։