Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեռնող տարւոյն սեմին վըրայ ձիւնեղէն,

Տագնապահար ես կ՚ըսպասեմ առանձին,

Դեկտեմբերի ձըմեռնաշունչ երախէն

Դեռ կը լըսուին վայրագ երգերը հովին։

 

Կարմիր տարւոյն սեմին վըրայ մինակուկ,

Ինչպէս տան մը՝ ուր ոճիրներ կը մըխան,

Կըռնակս անոր ես դարձուցած անաղմուկ

Մոռնալ կ՚ուզեմ թէ հոն յոյսեր խաչուեցան։

 

Կասկածելի տունին դուռը խարխըլած

Կ՚ուզեմ փակել մոռացումով մ՚աննըկուն,

Ու թողուլ հոն տառապանքի հեծն ու լաց

Անյուսութեան լուռ գիշերի մը անքուն։

 

Գիշերուան մէջ՝ արեան բոյրովը մոլի,

Ուր տակաւին տարակոյսներ կը հեւան,

Ես կ՚ըսպասեմ դեռ՝ անձկոտ սիրտս՝ յոյսով լի,

Ժըպիտներուն բոսոր՝ նորոգ առտըւան։