Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վայելեցի հըրապոյրը խիստ ու լուրջ

Խաղաղաւէտ դամբաններուդ նուիրական,

Նոճիներուդ միստիկ խորհուրդն հինաւուրց,

Ոսկեզօծուած՝ իրիկուան մէջ մոգական։

 

Ու Չամլըճան, վե՜հ բարձրութիւն, կազդուրիչ

Իմ գետնաքարշ նըւաստութեանս չըքոտի,

Բլուր երջանիկ՝ ուր մըտածումն է թըռիչ,

Ուր խընկաբոյր կըռընկենին կը փըթթի։

 

Տեսայ հեռուն օձագալար ուղին լայն,

Տեսիլն հրափայլ՝ կարաւանին ուխտաւոր,

Որ իրիկուան մէջ կ՚անհետի լըռելեայն,

Խորն երազուն բըլուրներուն լուսաւոր։

 

Ես՝ տենչահար ու շուարուն այցելու,

Ձեզի՜ բերի հոգւոյս անմեռ իղձերն հին,

Եւ նախընծայ ուխտին յուշերն օդաչու

Դեռ կը մըխան խորը թաղծոտ իմ մըտքին։